ԿՇԻՌՔ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆ

August 1, 2021

Դուք ալ իրաւ զարմանալի մարդիկ էք…Այս երկու տարին գլուխս արդուկեցիք. մէյ մը` նիհար ես, մէյ մը` գիրցած ես…

Երբ գէր էի, կ’ըսէիք`

-Այս ինչքա՛ն գէր ես…հրէ՞շ ես, ի՛նչ ես….

Իսկ երբ նիհարցայ, ըսիք`

_ Այս ի՛նչ նիհար ես…չըլլայ հիւանդ ես….

Չէ ՜…անկեղծօրէն…եթէ պիտի նիհարնաս՝ հայկական շրջապատէն կրցածիդ չափ պիտի հեռանաս, կամ ալ, հայկական շրջապատին մէջ եթէ պիտի դիմանաս՝ խուլ ու համր պիտի ձեւանաս։

Իսկապէս ռեժիմ ընելը շատ դժուար գործ է, մանաւանդ եթէ շուրջդ հայկական մթնոլորտ է…Այս մթնոլորտին մէջ նիհար մնալը, հաւատացէք, տաժանակիր աշխատանք է… Բոլորին աչքը փորիդ վրան է…

Բայց լուծումը ի՞նչ է…

Արդեօք եթէ պետական բարձր պաշտօն մը ունենաս եւ հայկական այս մթնոլորտին մէջ խուլ ու համր ձեւանաս, ուզածդ ընես, չուզածդ չընես, ուզածդ ուտես….Արդեօք կը գիրնա՞ս…

Ես ինչ գիտնամ…. շուարած եմ…ռեժիմս շարունակե՞մ թէ երթամ բարձր պաշտօն մը ստանձնեմ…

Իսկ երկուքը միասին արդեօք կարելի չէ՞…

Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ մեր ազգին մէջ մէկը բարձր պաշտօն մը ստանձնէ ու միեւնոյն ատեն իր ռեժիմը շարունակէ… հաւատացէք` ոչ խուլ, ոչ ալ համր ձեւանալը պարտադիր է…Ընդհակառակն` աչքերը լաւ բանալով ու ականջները սրելով լաւը գէշէն զատել կարելի է…. Ընդամէնը ախորժակը քիչ մը զսպել պէտք է… Մնացեալը ցանկութեան հարց է. ազգային մթնոլորտէն ազդուելու փոխարէն, այդ մթնոլորտը փոփոխութեան ենթարկել կարելի է։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x