Ծինայնօրէն խմբագրուած խոզի երիկամը նոր յոյս՝ երիկամ լուացողներուն

March 22, 2024
Խոզի երիկամը տուփին մէջ գործողութենէն անմիջապէս առաջ: Նկարը՝ Մասաչուսէցի գլխաւոր հիւանդանոց:

Այն ժամանակամիջոցին, երբ հիւանդները ցաւերու մէջ կարգի կը սպասեն օրկանի մը հասանելիութեան` փոխպատուաստումի յոյսով, գիտնականները ստիպուած եղած են գործնական այլընտրանքներ փնտռել: Օրկաններու փոխանակման միասնական ցանցին (UNOS) տուեալներով` միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ օրական աւելի քան 17 հոգի կը մահանայ սպասելով օրկանի:

Հինգշաբթի 21 Մարտին, Մասաչուսէցի գլխաւոր հիւանդանոցը (MGH) հրապարակեց ծինայնօրէն խմբագրուած խոզի երիկամունքի առաջին եւ աննախընթաց փոխպատուաստումի յաջող գործողութեան լուրը, 62-ամեայ հիւանդի մը՝ որ ախտորոշուած էր երիկամներու վերջնական փուլի հիւանդութեամբ (ESKD):

Մ. Նահանգներու մէջ տարեկան աւելի քան 750.000 հիւանդ եւ շուրջ երկու միլիոն հիւանդ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը տառապին երիկամային հիւանդութենէ: Աւելի քան 100.000 ամերիկացիներ կը գտնուին երիկամներու փոխպատուաստումի ցանկին մէջ, եւ նկատի ունենալով, որ մինչեւ 2030, կը նախատեսուի երիկամներու վերջնական փուլի հիւանդութիւններու աճ մը, սոյն լուրը մեծ ընդունելութեան արժանացաւ:

Խոզի երիկամը սառոյցի մէջ

Չինացի գիտնականներ վերջերս յաջողութեամբ կատարած էին ծինայնօրէն խմբագրուած առաջին խոզի լեարդով փոխարինումը մարդու մը հիւանդ լեարդին:

Այս փորձը խանդավառած էր փորձագէտները աշխարհի տարածքին: Փոխպատուասուած երիկամի պարագային, ան տրամադրուած է Մասաչուսեցի Քէմպրիճ քաղաքի eGenesis դեղագործական ընկերութեան կողմէ, իսկ խոզի երիկամին ծիները խմբագրուած են CRISPR-Cas9 արհեստագիտութեան միջոցով, որպէսզի անոնք աւելի համատեղելի ըլլալն մարդոց հետ:

eGenesis-ի գործադիր տնօրէն Մայք Քըրթիս երախտագիտութիւն յայտնեց հիւանդին ցուցաբերած քաջութեան համար եւ ընդգծեց այս գործողութեան դերը փոխպատուաստումի գիտութեան զարգացնման մէջ: MGH փոխպատուաստումի կդրոնի տնօրէն Եորէն Մատսըն գովաբանեց հիւանդը՝ Ռիչըրտ «Ռիք» Սլեյմանը՝ զայն որակելով իսկական հերոս, նկատի ունենով, որ ան 2018-ին ենթարկուած էր երիկամի այլ փոխպատուաստումի մը, որ դադրած էր գործելէ հինգ տարի ետք, 2023-ին, եւ Սլեյման ստիպուած վերսկսած էր երիկամները լուալու (dialysis):

Չորս ժամ տեւած գործողութիւնը կատարաած են խումբ մը մասնագէտ վիրաբուժներ:

Գործողութենէն ետք, «Նիւ Եորք Թայմզ» յայտնեց, որ փոխպատուաստուած երիկամը սկսած է մեզ արտադրել: Մատսըն նշեց, որ Սլեյմանի խիզախութիւնը կարելի դարձուց այս իրագործումը, որ յոյս կը ներշնչէ երիկամներու հիւանդութենէ տառապող բազմաթիւ անձերու: