Խելքի շուկան

July 25, 2021

Այս Կիրակի այս ի՜նչ տաք է…: Վրաս շարժելու ուժ չկայ : Ոչ ուտելու, ոչ խմելու, ոչ խօսելու ախորժակ կայ …ոչ ալ բան մը ընելու տրամադրութիւն կայ …

Ամէն պարագայի, եթէ օդը զով ալ ըլլար` միեւնոյնն էր, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ոչ ուտելիք, ոչ խմելիք, ոչ խօսելիք, ոչ ալ ընելիք կայ…բայց եթէ զով ըլլար` գոնէ մտածելու հնարաւորութիւն կ’ըլլար…: Անկողինին մէջ պառկած, ժամերով կը մտածէինք ու մտածելով ժամանակնիս կ’անցնէինք …ու, չես գիտեր, կրնար ըլլալ ելք մըն ալ գտնէինք  ու սա երկիրը այս վիճակէն դուրս հանէինք կամ թերեւս աշխարհը փրկէի՞նք….

Բայց մտածելու համար ոչ օդը կ’օգնէ, ոչ ջուրը, ոչ ուտելիքը, ոչ ալ նոյնիսկ պենզինը… Մտածելու համար խելք պէտք է, բան մը՝ որ այս օրերուն ոչ միայն  Լիբանանի, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ խիստ նուազած է….

Պատճառը չեմ գիտեր ինչն է. տա՞քն է թէ քորոնան, բայց մէկ բան յստակ է, որ  այս խնդիրին անյապաղ լուծում մը պէտք է…: Մարդկութիւնը ջուրէն, օդէն, ուտելիքէն ու պենզինէն առաջ խելքի աղբիւր մը կ’ուզէ…: Մի ըսէք գիրք կարդալը կ’օգնէ. այս տաքուն միայն ատի պակաս է…

Ի՜նչ գիտնամ…  Քիչ մըն ալ եթէ անկողինին մէջ պառկած մնամ,  կրնայ ըլլալ գիւտ մը ընեմ, գործիք մը հնարեմ եւ արեւին ջերմութիւնը խելքի վերածեմ…: Սպասեցէք, քիչ յետոյ ձեզի լուր մը կ’ընեմ: Նախ գործիքը ես իմ վրաս կը փորձեմ,  կ’ելլեմ արեւին տակ կը կայնիմ եւ մտքովս օդին ջերմաստիճանը կամ լոյսին արագութիւնը կը  չափեմ…: Եթէ յաջողիմ՝ խանութ մը կը բանամ ու խելք կը վաճառեմ…:  Չէ~ , մի խանդավառուիք՝  ձրի բաժնել չկայ: Սպասեցէք՝ նախ պիտի հարստանամ, յետոյ բարեսիրական հաստատութիւն մը կը բանամ եւ ցանկացողին ձրի խելք կու տամ…. Դուք միայն աղօթեցէք՝ կարեւորը ցանկացող ըլլայ…

Մինչ այդ, ոչ դրամով, ոչ ալ ձրի…. խելք ուզող չկայ, միայն տուող կայ…

Ազգային բժիշկ, կարծեմ տաքը գլխուդ զարկած է. ելիր, նայիր եթէ լոյսը եկաւ` «էյ.սի»ն բանեցուր, զովացիր, յետոյ ալ պաղ գարեջուր մը խմէ ու համբերէ…

Համաշխարհային այս տաքը ըստ երեւոյթին դեռ շատ երկար պիտի տեւէ …

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x