Լռութենէն անդին. Պոլսոյ մոռցուած հայերը

July 5, 2025

Բեմադրիչ Հրանդ Երիցկինեան(1) Գանատայէն Երեւան կու գայ իր ուսումը շարունակելու՝ հետեւելով Master of Arts Program in International Relations and Diplomacy (MAIRD) Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Մոսկուայի պետական համալսարանէն վկայեալ, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Արտիոմ Վանեան (2) Մոսկուայէն Երեւան կը փոխադրուի նոյն ծրագիրին հետեւելու նպատակով:

Երկուքն ալ մտադիր են վերջնականապէս հաստատուելու Հայաստան:

2 Արտիոմ Վանեան

Ծրագրի դասանիւթերէն մէկն է Կովկասի տարածաշրջանի քաղաքականութիւնը: Դասընթացքի առաջին բաժինը կ’ընդգրկէ Թուրքիոյ հանրապետութեան ռազմավարութեան ծանօթացում. պարտականութիւնն է հինգ վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմ մը պատրաստել Թուրքիոյ մասին: Արտիոմ, արդէն իսկ ուսումնասիրած ըլլալով Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, եւ Հրանդ, բեմադրիչ՝ կատարեալ գործընկերներ կ’ըլլան. պահանջուած հինգ վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմը կը վերածուի հինգ օրուան ճամբորդութեան դէպի Պոլիս՝ բացայայտելու համար հայութեան առօրեայ իրականութիւնը:

Ինչ որ ուսանողական պարզ ծրագիր մը պիտի ըլլար, կը վերածուի ամբողջական վաւերագրական ֆիլմի մը՝ Beyond the Silence: Armenians in Istanbul. A Glimpse into a Legacy անունով, որ կը ներկայացուի 2025-ի մարտին:

3 Պեզճեան Մայր Վարժարան

Հրանդ Երիցկինեան եւ Արտիոմ Վանեան նկարահանումը կ’ընեն մէկ բջիջային հեռաձայնով (iPhone): Կ’այցելեն հայկական հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Պեզճեան մայր վարժարան (3), հայոց պատրիարքարան, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներ, Արաս հրատարակչատուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (4):

Անմոռանալի պահ մը կ’ըլլայ երբ կը հանդիպին իրենց իջեւանած հիւրանոցի պատասխանատուին, որ ծագումով կէս ազերի է, եւ իրենց կը պատմէ իր մեծ մօրմէն լսած դէպքեր՝ հայ-թուրք բախումներու մասին. ան ամենայն պարզութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէս իր մեծ հայրը հայեր սպանած է, եւ ինք այդպէս դաստիարակուած է, որ հայը թշնամի է, նաեւ կը բացատրէ անցեալէն «ժառանգ» մնացած տեղացիին հակաքրիստոնեայ վարմունքը:

4 Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Պոլսոյ շուկային մէջ կը հանդիպին մէկ այլ երեւոյթի, ուր վաճառականները իրենց քաղաքական ուղղութիւնը եւ ինքնութիւնը կը փոխեն յաճախորդին համեմատ՝ ռուսին հետ կ’ըլլան ռուսամէտ, իսկ երբ հայերէն լսեն՝ կը «խոստովանին» թէ ծագումով հայ են:

Արտիոմի եւ Հրանդի վաւերագրական ֆիլմին առանցքային բաժիններէն մէկը լոյս կը սփռէ երկու «խումբ» հայերու վրայ․ Պոլիս ծնած եւ պաշտօնապէս քաղաքացի հայերու, եւ Հայաստանէն 1990-ական թուականներուն աշխատանքային նպատակներով «գաղթած» հայերու, որոնք հիմնականօրէն առեւտուրով զբաղելու համար հասած են Պոլիս եւ ապօրինի, առանց փաստաթուղթի կ’ապրին Պոլսոյ մէջ։

Գաղթական այս հայերու թիւը դժուար է ճշդել։ Ոմանք կ’ըսեն 20.000, ուրիշներ 100.000։ Թրքական աղբիւրները կը նշեն, որ Պոլսոյ մէջ անպաշտօն ապրող հայերու թիւը 40.000-էն 70.000-ի միջեւ է: Արտիոմ եւ Հրանդ կը պատմեն որ այս գաղթականները միշտ վախի մէջ կ’ապրին: Առանց պաշտօնական փաստաթուղթերու, իրենց զաւակները դպրոց նոյնիսկ չեն կրնար յաճախել կամ վկայական ստանալ. սակայն կը ձեւացնեն ըլլալ ապահով՝ յաճախ կառավարութիւնը գովաբանելով, հաւանաբար հոգեպէս աւելի ապահով զգալու միտումով:

5 Հրանդ Տինքի «23.5» յուշավայր

Արտիոմ եւ Հրանդ նաեւ կ’այցելեն Հրանդ Տինքի «23․5» յուշավայրը (5) եւ կը խօսին այն հիմնադրամին մասին, որուն նպատակն է նպաստել նոր գաղթականներու զաւակներուն դպրոցական կրթութեան եւ պահպանել հայկականութիւնը Թուրքիոյ մէջ։

Այս վաւերագրական ֆիլմին պատրաստութեան ընթացքին, Արտիոմ եւ Հրանդ կը բացայայտեն Պոլսոյ մէջ գտնուող հայերու ապրելաոճի տարբեր կէտեր: Երբ կը տեսնեն հոն ապրելու պայմաններու տարբերութիւնը ծագումով հայ քաղաքացիին եւ գաղթականին միջեւ, կ’որոշեն պատրաստել երկրորդ վաւերագրական ֆիլմ մը, զոր պիտի նկարահանեն 2025-ի յուլիս-օգոստոսին՝ կեդրոնանալով մասնաւորաբար այս գաղթական խաւին վրայ:

6 Beyond the Silence Armenians in Istanbul A Glimpse into a Legacy

Beyond the Silence: Armenians in Istanbul. A Glimpse into a Legacy կը դադրի ուսանողական ծրագիր մը ըլլալէ: Ան կը խօսի ողջ համայնքի մը մասին, որ կ’ապրի վախի մէջ՝ պահպանելով իր պատմութիւնն ու մշակոյթը: Արտիոմի եւ Հրանդի նպատակն է բարձրաձայն ըսել, որ հոն կան գրեթէ անտեսուած ապրողներ, որոնց ձայնը արժանի է լսուելու:

Beyond the Silence: Armenians in Istanbul. A Glimpse into a Legacy (6) վաւերագրական ֆիլմը կարելի է դիտել YouTube-ի վրայ: Այս յօդուածի մէջ նշուած տեղեկութիւնները քաղուած են Արտիոմի եւ Հրանդի mediamax.am-ի տուած հարցազրոյցէն՝ 2025-ի յունիսին:

Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x