Թոքի քաղցկեղը 20 վայրկեանէն յայտնաբերող նոր գիւտ մը

February 3, 2024
Getty Images

Ամերիկեան MIT համալսարանի արհեստագէտները պատրաստած են ախտորոշիչ մասնիկներ, որոնք ներշնչուելով կրնան ճանչնալ թոքերու քաղցկեղին առնչուած սպիտակուցները: Այս նորարարական միջոցառումը կրնայ յանգիլ թոքերու քաղցկեղի աւելի արագ եւ կանուխ յայտնաբերումին:

Փրոֆ. Սանկիթա Պհաթիա, որ John and Dorothy Wilson անուան Առողջապահական գիտութիւններու եւ արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրական եւ համակարգչային գիտութեանց փրոֆէսոր է MIT-ի մէջ, կը բացատրէ, թէ այս նոր միջոցառումը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ այն շրջաններուն մէջ, ուր թոքերու քաղցկեղին գլխաւոր պատճառները կենսոլորտի ապականութիւնը եւ ծխելը կը հանդիսանան: Այս մեթոտը, որ կ’օգտագործէ նանոզգայակներ (nanosensors), արդիւնքը կու տայ ընդամէնը 20 վայրկեանէն` զայն դարձնելով յարմար այլընտրանք մը գոյութիւն ունեցող ախտորոշման միջոցներուն:

Զգայակները, որոնք կը ղեկավարուին շնչառական ներծծիչներու միջոցով, կրնան ճանչնալ թոքերու քաղցկեղին առնչուած սպիտակուցները: Այս նանոմասնիկները` պատուած «թղթակից» նիւթով մը, կը ներգործեն քաղցկեղային ներխմորներու (enzymes) հետ` կուտակուելով մեզին մէջ: Ապա կ’օգտագործուի պարզ քննութեան թուղթ մը՝ այս նշիչները յայտնաբերելու համար` ապահովելով արագ եւ մատչելի արդիւնքներ:

Ծինայնօրէն թոքային ուռերով փոխուած մուկերու վրայ փորձերու ընթացքին, այս ախտորոշիչ մեթոտը յաջողութեամբ յայտնաբերած է իր վաղ փուլին մէջ գտնուող քաղցկեղը: Յաջորդ քայլերը կ’ընդգրկեն մարդու վրայ հետազօտութիւններ` անոր արդիւնաւէտութիւնը աւելի եւս արժեւորելու համար: Յաջողութեան պարագային, այս արհեստագիտութիւնը կրնայ դիւրացնել թոքերու քաղցկեղին զննումը՝ առիթ ստեղծելով արագ միջամտութեան եւ բարձրացնելով կեանքեր փրկելու հաւանականութիւնը:

Այս նորարարութիւնը մասնաւորաբար օգտակար է մոլի ծխողներուն, որոնք ընդհանրապէս կը մերժեն ընթացիկ CT scan-ի քննութիւններ կատարելու թելադրանքները եւ յաճախ դրական սխալ արդիւնքներ կը ստանան աւանդական CT scan-էն:

Այս նորարարութեան լուրը հրապարակուած է «Science Advances» պարբերականին մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x