ԹՈՒՄՈՅԻ մեծագոյն կեդրոնը կը բացուի Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ

July 12, 2025

3 Յուլիս 2025-ին, Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ բացումը կատարուած է Հարաւային Ամերիկայի Թումոյի առաջին կեդրոնին, ուր ամէն շաբաթ կրնան ուսանիլ 6.000 պատանիներ։

Ծրագիրը իրագործուած է Պուէնոս Այրէսի Կրթութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ։

Թումոն կը գտնուի Լատինամերիկայի ձեւաւորման (design) կեդրոնին մէջ՝ (Centro Metropolitano de Diseño CMD), որ կառուցուած է 2000-ականներու սկիզբը եւ կը տարածուի 14.000 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ՝ նախատեսուած դասընթացներու, ցուցադրութիւններու եւ միջոցառումներու համար։

2026-ին Պուէնոս Այրէսի հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ կը բացուին երկու մեծ Թումօ կեդրոններ եւս, Արժանթինի մայրաքաղաքի պատանիներուն կարելիութիւն ընձեռելով ուսումնասիրել արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորման ոլորտները՝ անկախ իրենց ընկերային կարգավիճակէն։

Պուէնոս Այրէսի Թումո կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են քաղաքապետ Խորխէ Մաքրի, Կրթութեան նախարար Մերսետես Միկել եւ Թումոյի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x