Քաղցկեղը կարելի պիտի ըլլայ կանուխէն յայտնաբերել՝ արեան քննութեամբ

January 25, 2024

Հետազօտողները ձեւակերպած եւ վաւերացուցած են մեքենայական ուսուցման (բազմաթիւ ալկորիթմներ մէկտեղող software մը կամ program մը) մեթոտ մը, որուն ճամբով անոնք կրնան կանուխէն յայտնաբերել քաղցկեղը` աւելի փոքր արեան նմոշներու միջոցով, կը յայտնէ նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ հրապարակուած է «Science Translational Medicine» ամսաթերթին մէջ, 24 Յունուար 2024-ին:

«Բազմաթիւ փաստեր ցոյց կու տան, որ քաղցկեղը, երբ ուշ յայտնաբերուի, կը սպաննէ մարդը: Այս նոր արհեստագիտութիւնը մեզ աւելի կը մօտեցնէ աշխարհի մը, ուր մարդիկ ամէն տարի արեան քննութիւն կատարելով` քաղցկեղը կանուխէն կրնան յայտնաբերել, այն փուլին՝ երբ ան աւելի դարմանելի եւ աւելի բուժելի կը դառնայ», – կ’ըսէ Քրիսթիան Թոմասեթթի, հետազօտութեան գրառման հեղինակը եւ Յոյսի Քաղաքի (City of Hope) քաղցկեղի կանխարգիլման եւ կանուխ յայտնաբերման կեդրոնի տնօրէնը, մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ:

Ան կը բացատրէ, որ երբ կրծքագեղձի քաղցկեղը կը յայտնաբերուի առաջին փուլին, մարդոց 99 տոկոսը կը գոյատեւէ յաջորդ հինգ տարիներուն, բայց եթէ ան յայտնաբերուի 4-րդ փուլին, երբ այլեւս տարածուած է, գոյատեւումը կը նուազի մինչեւ 31 առ հարիւրով: Անոնք օգտագործած են ալկորիթմ մը, որ կը կոչուի Alu Profile Learning Using Sequencing (A-Plus): Փորձը կատարուած է 5980 հոգիէ առնուած 7657 նմուշներու վրայ, ներառեալ՝ կրծքագեղձի, հաստ աղիքի, ուղիղ աղիքի, խռչափողի, թոքերու, լեարդի, ենթաստամոքսային գեղձի, ձուարաններու եւ ստամոքսի քաղցկեղները:

Անոնց մշակած արհեստագիտութիւնը յաջողած է բացայայտել քաղցկեղի սերտուած 11 տեսակներուն կէսը: Քննութեան արդիւնքները ճշգրիտ էին. իւրաքանչիւր 100 քննութենէն միայն մէկը սխալած է իր դրական պատասխանով: Քաղցկեղի նմուշներուն մեծ մասը առնուած են կանուխ փուլերու մէջ գտնուող հիւանդ անձերէ:

Երբ բջիջները կը մահանան, անոնց DNA-ը կը մտնէ արեան մէջ: Քաղցկեղի ազդանշանները կարելի է գտնել բջիջներէ զերծ այս DNA-ին մէջ (cfDNA): Հետազօտողները կեդրոնացած են քաղցկեղի կրկնուող շրջաններու մասնատման ձեւերուն եւ բնական cfDNA-ի վրայ` զայն դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ քան աւանդական մեթոտները:

Թոմասեթթիի համաձայն, այս մասնատուած մօտեցումը կը պահանջէ շուրջ ութ անգամ նուազ արիւն, քան ամբողջ genome-ի (բջիջին մէջ գտնուող DNA-ի հրահանգներու ամբողջ փաթեթը) յաջորդականութեան ճշդումի ձեւը:

«Մեր թեքնիքը աւելի գործնական է դարմանական կիրարկութիւններու համար, որովհետեւ ան կը պահանջէ արիւնէն առնուած աւելի նուազ քանակութեամբ ժենոմային նիւթ», – կ’ըսէ Քամել Լահուել, հետազօտութեան գրառման օգնական հեղինակը եւ TGen հիմնարկի (Translational Genomics Research Institute) փրոֆէսորներէն մէկը: «Այս մարզին մէջ շարունակուող յաջողութիւնները եւ դարմանական դրական արդիւնքները ճամբան կը հարթեն սովորական քննութիւննու՝ քաղցկեղը իր կանուխ փուլերուն յայտնաբերելու համար»:

Թոմասեթթի եւ իր աշխատակիցնրը 2024-ին կը ծրագրեն դարմանական փորձարկումներ կատարել, որոնց նպատակն է մասնատման մեթոտը (fragmentomics) համեմատել ու համադրել ներկայիս կիրարկուող մեթոտին հետ՝ կեդրոնանալով 65-75 տարեկան անձերու վրայ: Հեռանկարային այս փորձարկումները նպակակ ունին գնահատելու նոր արհեստագիտութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ քաղցկեղը կանուխ փուլերու մէջ բացայայտելու նպատակով:

Հետազօտութիւնը կատարուած է Յոյսի Քաղաքի (City of Hope – քաղցկեղի հետազօտման եւ դարմանումի մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը Մ. Նահանգներու մէջ) եւ TGen հիմնարկի միացեալ ճիգերով:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x