Բեմի մը պատմութիւնը վարագոյրը բացուելէն առաջ (Ա. Մաս)

March 20, 2025

Յունիս 2024-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հիւրախաղերով երեւանեան մեր այցելութեան ընթացքին, համաձայնութիւն մը գոյացաւ Պէյրութի մէջ նոյեմբերին հիւրընկալելու Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի ներկայացումներէն` Օ. Հենրիի «… եւ Նորից Գարուն»-ը եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդը Ափի մէջ»-ը:

«… եւ Նորից Գարուն»ի բարդ տեքորը 1

«… եւ Նորից Գարուն»ի տեքորի բարդ(1) ըլլալու մտահոգութիւնը փարատեցաւ երբ պետական թատրոնի գեղարուեստական տնօրէն, դերասան եւ հիւրախաղերուն ներկայացուելիք երկու ներկայացումներուն բեմադրիչ՝ Նարինէ Գրիգորեանը յայտնեց, որ իր ամուսինը՝ դերասան, փայտի քանդակագործ, արուեստագէտ Սերգէյ Թովմասեանը եւ իրեն հետ երկար ատեն գործակցող, scénographe Վիկտորիա Ռիեդո-Յովհաննիսեանը կրնան խումբէն առաջ ժամանել Լիբանան տեքորը կառուցելու զերոյէն: Այդ պահուն աչքերս փայլեցան. մանկութենէս երազած եմ աշխատանոց ունենալ, ատաղձագործ ըլլալ: Տրուած ըլլալով որ Սերգէյին եւ Վիկտորիային արդէն ծանօթ եմ, տեղւոյն վրայ առաջարկեցի իրենց օգնականը ըլլալ: Կէս լուրջ կէս կատակ՝ որոշում տուինք եւ այդպէս ալ բաժնուեցանք:

Լիբանանի պատերազմին պատճառով նախատեսուած հիւրախաղերը անորոշ ժամանակով յետաձգուեցան: Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, վարչութիւնս «խենթ» եւ խիզախ որոշումը տուաւ իրագործելու այս ծրագիրը, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ապահովական ծանր վիճակին, եւ թուական հաստատեց 12-15 մարտ 2025-ը:

Տակաւին չտաշուած տախտակները 2

Նախապատրաստական աշխատանքները սկսան արդէն իսկ յունուարի աւարտին(2)՝ քարոզչական, տեքորի շինանիւթ, բեմական իրերը (props, կամ ինչպէս արեւելահայերը կ’ըսեն ռեքվիզիտ (requisite) եւ քանի որ մեծ արտադրութիւն է՝ անշուշտ դրամահաւաք եւ երաշխաւորի կամ նուիրատուի փնտռտուք: Բայց Ժանոյին եւ ինծի համար, ամենէն մտահոգիչ մասը մնաց տեքորը, որ մեր պատասխանատուութիւնն էր. պիտի հասցնէի՞նք ճիշդ ժամանակին թէ՞ ոչ: Այս մտահոգութիւնը միշտ ալ պահեցինք մեր մէջ:

Այդ մէկ ամիսը անցաւ եւ տակաւին շատ բան կար ընելիք:

Ժանոն, Սերգէյը, Վիկտորիան եւ ես 3

Սերգէյն ու Վիկտորիան (Վիտան)(3) հասան ներկայացումէն երեք օր առաջ, կէսօրին: Ժանոն եւ ես դիմաւորեցինք զիրենք, ճամբայ ելանք ուղղուելու դէպի Տէր Մելքոնեան թատերասրահ: Ընթացքին մեր հիւրերը նոյն մեր մտահոգութիւնը յայտնեցին: Քառ լռութիւն տիրեց ինքնաշարժին մէջ: Հասանք սրահ, տեքորին կապուած իրեր պարունակող մեծ

4 ճամբորդական պայուսակներով

պայուսակները հոն ձգեցինք: Մեզի միացաւ Յակոբը եւ միասին ուղղուեցանք հիւրանոց՝ պարզապէս ճամբորդական անձնական պայուսակները դնելու(4), արագ ճաշելու որ իսկոյն անցնէինք գործի:

Կիրակի էր, կէսօրէ վերջ: Բարձրացանք թատերասրահի շէնքին տանիքը, ուր կայ թատերախումբին մթերանոցն ու այս առիթին յատկացուած աշխատանոցը:

5 Տեքորի քարտէզը

Մենք տախտակները նախապէս պատրաստած էինք, Վիտան տեքորի քարտէզը(5) մէջտեղ հանեց, ծրագիրը գծեց ու անցանք գործի: Իրենց հետ աշխատելու սպասումս եւ հետաքրքրութիւնս զիս մղեցին մասնակցելու աշխատանքին, նոյն այդ համարձակութեամբ որ Երեւանի մէջ մեր հանդիպումին համաձայնութեան մը հասած էինք: Փայտերը չափելը, սղոցելը, իրարու միացնելը հասկնալի էին, բայց չէի հասկնար այդ ամէնը ուր պիտի հասնէին: Լաբիւրինթոս կը տեսնէի:

Իսկ թէ ինչու այս տեսակի բարդ տեքոր, որովհետեւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան ուզած է որ դերասանները ուղղահայեաց շարժին բեմին վրայ, եւ Վիտան՝ առաջին մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, պրպտումներ ըրած է ճաբոնական ճարտարպետութեան մասին եւ հասած է այս պատկերին:

6 Երեկոյեան

Ժամը եղաւ ութ(6), հոգնութիւնը զգալի էր: Ըսինք երթանք «հաց ուտենք», թատրոնէն հեռանանք եւ յաջորդ օրը շարունակենք:

7 Սուրճի դադար

Այդպէս ալ եղաւ: Երկուշաբթի առտու ժամը իննէն մինչեւ երեկոյեան ութ, քիչ մըն ալ անց, նոյն ձեւով աշխատանք: Քանի մը անգամ սուրճի դադար(7), բայց սուրճը խմուեցաւ առանց դադարի եւ երբեմն ալ եղածին պէս մնաց գաւաթին մէջ, պաղեցաւ առանց խմուելու: Պատառ մը չուզեցին ուտել թատրոնէն հեռու, որ աւելորդ ժամանակ չկորսուի: Երեկոյեան, տեքորի կտորներու կազմուած բաժինները իջեցուցինք աշխատանոցէն թատերասրահ, կանգնեցնելու համար բեմին վրայ: Կազմուեցաւ ընդհանուր յատակագիծը, կը մնար ամրացնել եւ ընդհանուր կազմուած տեքորի կողքին գտնուող կտորները պատրաստել (սեղան, պահարան):

8 Ընկ. Մարտիկը, Յակոբը, ես ու խումբը

Երեքշաբթի առտու նոյն ձեւով, եկանք բեմի գործը շարունակելու: Կէսօրին «Գասպար Իփէկեան»

9 Ժանոն եւ Սերգէյը

թատերախումբի վարչութենէն՝ ընկ. Մարտիկը, Յակոբը եւ ես գացինք օդակայան խումբը դիմաւորելու(8):

Ժանոն մնաց Սերգէյի եւ Վիտայի կողքին(9): Տեքորը տակաւին ամբողջութեամբ պատրաստ չէր, չէինք գիտեր փորձը երբ պիտի ընէին «նոր տեքորով, տարբեր սրահի մէջ»: Առաջին ներկայացումը չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը ութին էր:

(Վերջ Ա. Բաժինին)

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x