Աշխարհի առաջին թափանցիկ laptop-ը եւ ռոպոթ-շուն պատերազմիկը…

March 10, 2024
Աշխարհի առաջին թափանցիկ laptop-ը

Դարաշրջանի մը մէջ, որ կը յատկանշուի արհեստագիտական արագ յառաջդիմութեամբ, գիւտերը կամ նորարարութիւնները կը շարունակեն աննախադէպօրէն ձեւաւորել մեր աշխարհը, եւ՝ շատ արագ: Տարբերակ21 «Լուսատու» սիւնակը յատկացուած է այդ նորարարութիւններու հաղորդումին եւ գիտական այլ հետաքրքրական լուերու փոխանցումին: Ստորեւ՝ հինգ տարբեր ու ամփոփ լուրեր նորարութիւններու մասին:

Աշխարհի առաջին թափանցիկ laptop-ը

Վերջերս Lenovo ներկայացուց աշխարհի առաջին թափանցիկ Laptop-ը` Lenovo ThinkBook Transparent Display Laptop Concept-ը: Այս նորարար համակարգիչը ունի 17,3 մատնաչափ (inch) Micro-LED թափանցիկ պաստառ մը (screen), որ զուրկ է շրջանակէ եւ թափանցիկ է: Ֆիզիքական ստեղներու (keys) փոխարէն ան օժտուած է հարթ զգայականացած ստեղնաշարով (touchscreen keyboard), որ կարելի է նաեւ օգտագործել որպէս յատուկ գրիչով նկարչական տախտակ: Այս նրարար Laptop-ը կ’օգտագործէ արուեստական բանականութեամբ ստեղծուած բովանդակութիւն (AIGC)` թոյլ տալով գործածողներուն իրական աշխարհին հետ հաղորդուելու համար անխափան անցնիլ ստեղնաշարին եւ գծատախտակին միջեւ: Թէեւ տակաւին ան կը գտնուի փորձառական փուլի մէջ եւ դեռ ծախու չէ հանուած, թափանցիկ լափթոփը կը ներկայացնէ թուայնացած եւ ֆիզիքական աշխարհներու միաձուլման ապագայատեսիլ մօտեցում մը:

Թրջուած խելախօսը բրինձին մէջ չդնել, կը յանձնարարէ Apple

Բրինձի մէջ չդնել խելախօսը, կը յանձնարարէ Apple, որ նախազգուշական հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է վերջերս, ուր կը հերքէ թրջուած iPhone-ներու (ընդհանրապէս խելախօսներու) մասին տարածուած այդ առասպելը: Հակառակ երկարատեւ համոզումին, թէ թրջուած iPhone-ը բրինձի տոպրակի մէջ դնելը կրնայ փրկել զայն, Apple կը մերժէ այս գաղափարը՝ զգուշացնով, որ բրինձը կրնայ աւելի վնաս պատճառել, քան օգուտ՝ բջիջայինին մէջ մանր մասնիկներ մտցնելով: Փոխարէնը, Apple կ’առաջարկէ այլ մօտեցում մը. թրջուած iPhone-ները չորցնել մեղմ հպումով եւ բնական օդով:

Դանդաղ լորիսը (Slow loris).

Ճամբորդութիւնը կարեւո՞ր է, թէ՞տեղ հասնիլը

կենդանական վայրի աշխարհին մէջ արագութիւնը ընդհանրապէս գերիշխող է, սակայն գոյութիւն ունի արարածներու խումբ մը, ընդհանրապէս ցամաքային, որ մարտահրաւէր կը կարդայ արագութեան գաղափարին` որդեգրելով կեանքի ամենէն դանդաղ կշռոյթը: Խորհրդանշական  Եռամատ Ծոյլէն (Three-toed sloth) մինչեւ Կալափակոսի հսկայ կրիան` այս կենդանիները տէր են համբերութեան եւ ցոյց կու տան ճկունութեան գեղեցկութիւնը: Անոնց անհապճեպ գոյութիւնը կը յուշէ, որ երբեմն ճամբորդութիւնը ինքնին նոյնքան կարեւոր է, որքան տեղ հասնիլը: Ստորեւ՝ ամենէն դանդաղ կենդանիներու անունները՝ դանդաղութեան շարքով.

  • Դանդաղ լորիսը (Slow loris). մէկ մեթր ճամբան հազիւ 30 երկվայրկեանէն կը կտրէ
  • Խխունջը (Garden snail). մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 20 երկվայրկեանէն
  • Պանանանման խխունջը (Banana slug). մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 12 երկվայրկեանէն
  • Կալափակոսի հսկայ կրիան (Galapagos giant tortoise). 1մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 3,5 երկվայրկեանէն
  • Եռամատ ծոյլը (Three-toed sloth). 1մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 2,5 երկվայրկեանէն վայրկեան
  • Քոալան (Koala). մէկ մեթր ճամբան՝ շուրջ 1,2 երկվայրկեանէն

Օժանդակ ռոպոթներ տարեցներ խնամելու

Փարիզի հիւանդանոցներից մէկուն մէջ տեղի ունեցած վերջին փորձարկումը ցոյց կու տայ ընկերայնօրէն աջակցող ռոպոթներու ներուժը ծերագիտական առողջապահութեան մէջ: Սկովտիոյ մայրաքաղաք Heriot-Watt համալսարանի մշակած այս ռոպոթները կ’աշխատին տարեց հիւանդներու հետ` թեթեւցնելով հիւանդանոցի անձնակազմին ծանրաբեռնուածութիւնը եւ նուազեցնելով բժիշկներու եւ հիւանդներու միջեւ ֆիզիքական շփումը: Խոստմնալից արդիւնքներով հիւանդներու խնամքի այս նորարարական մօտեցումը հսկայական ներուժ կը պարունակէ առողջապահութեան ապագային համար:

Քաղաքային պատերազմի նոր զէնք մը՝ ռոպոթ շունը

 Չինացի հետազօտողներու փորձարկումները ցոյց կու տան, որ գնդացիրներով զինուած ռոպոթ-շուները կրնան մրցիլ մարդկային դիպուկահարութեան հետ՝ քաղաքային պատերազմի միջավայրին մէջ: Մասնագիտացած ամրակներով զինուած այս ռոպոթ-շուները հրացանաձգութեան ատեն ցոյց կու տան տպաւորիչ ճշգրտութիւն եւ կայունութիւն: Վաւերարկուելու պարագային, այս արհեստագիտութիւնը կրնայ յեղափոխել պատերազմական միջավայրը` յառաջացնելով բարելաւուած շարժունակութիւն եւ յարմարուողականութիւն քաղաքային բարդ միջավայրի մէջ:

Այս սիւնակը կը պատրաստէ՝ Վ.Թ.

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x