Անոնք հմայեցին
June 29, 2024
Ուրբաթ, 28 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, նախձեռնութեամբ Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դաշնամուրի համերգ մը, որ ակնածանքով ու հպարտութեամբ պարուրեց հանդիսատեսը:
Համերգին բացումը կատարեց երաժշտանոցի նախագահ դոկտ. Հիպա Քաուաս, որ ներկայացնելէ ետք նորաւարտ երեք տաղանդները՝ Էլենա Խուրին, Նանոր Առնելեանն ու Համբիկ Մարտիրոսեանը (Պուժանեան), բեմ հրաւիրեց անոնց ուսուցչուհին՝ փրոֆ. Արմինէ Պասմաճեանը ու դրուատեց անոր ներդրումը երաժշտանոցին մէջ: Նշենք, որ վերջերս այս տաղանդաւոր դաշնակահարները գրաւած էին «Մարկօ Պապիկեան» դաշնակի մրցանքի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը. Համբիկ Մարտիրոսեան՝ առաջին, Էլենա Խուրի՝ երկրորդ, եւ Նանոր Առնելեան՝ երրորդ:
Քաուաս երեք դաշնակահարները անուանեց «ապագան»՝ ընդգծելով անոնց հմտութիւններն ու նուիրուածութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ տաղանդաւոր այս դաշնակահարները կրթաթոշակներ ստանան իրենց բարձրագույն կրթութիւնը արտասահմանի մէջ շարունակելու համար, ի վերջոյ վերադառնալով Լիբանան՝ ոգեշնչելու եւ իրենց կարգին պատրաստելու նոր աշակերտներ:
Յայտագիրը կ’ընդգրկէր խնամքով ընտրուած դասական գլուխգործոցներու փունջ մը՝ ներկայացնելով Պախի, Պեթհովէնի, Շոփենի, Մենտըլսոնի, Պրահմսի, Չայքովսքիի, Աբրահամեանի եւ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները: Իւրաքանչիւր կատարում կը հանդիսանար երեք դաշնակահարներուն թեքնիքի վարպետութեան եւ անոնց խոր երաժշտականութեան վկայութիւնը:

Էլենա Խուրի սկսաւ համերգը՝ նուագելով Ժ.Ս. Պախի «Նախերգանք եւ խուսափերգ թիւ 3»ը (Prelude and Fugue no. 3)՝ քաղուած Well-Tempered Clavier հատորի առաջին գիրքէն՝ դրսեւորելով անոր ճշգրիտ հպումը եւ արտայայտիչ մեկնաբանութիւնը։ Յայտագրի հետագայ բաժինով, Էլենա վերադարձաւ բեմ՝ կատարելու Պեթհովէնի «Դաշնամուրի սոնաթ 27 թիւ 1»ը եւ Շոփենի «Շերցո թիւ 2, օփ. 31» ստեղծագործութիւնները, որոնք երկուքն ալ ցոյց կու տային անոր կարողութիւնը թեքնիքի եւ զգացումներ արտայայտելու տարբեր մակարդակներ:

Նանոր Առնելեան հանդիսատեսը կլանեց Պեթհովէնի «Դաշնամուրի սոնաթ օփ.14 թիւ.2» եւ Շոփենի «Etude օփ. 25 թիւ.2 ‘Bees’» ստեղծագործութիւններով: Ուշագրաւ էին անոր թեքինքի վարպետութիւնն ու արտայայտչականութիւնը։ Մենտըլսընի «Rondo Capriccioso Op. 14»-ի անոր կատարումը նոյնքան գրաւիչ էր՝ լի կայտառութեամբ եւ հմայքով:

Պեթհովէնի «Սոնաթ օփ. 28 թիւ15 D Major ‘Փասթորալ’» եւ Շոփէնի «Etude օփ. 25 թիւ 12 ‘Ocean’» ստեղծագործութիւններուն կատարումով, Համբիկ Մարտիրոսեան (Պուժանեան) ընդգծեց իր տիրապետութիւնը դաշնամուրին վրայ ու իր հզօր արտայայտչականութիւնը՝ դրսեւորելով խոր զգացումներ փոխանցելու եւ բարդ հատուածներ ճշգրտութեամբ կատարելու իր բարձր կարողութիւնը: Համբիկ նաեւ կատարեց Պրահմսի «Rhapsodie օփ.79 թիւ 2 G minor-ով» եւ Աբրահամեանի «Նախերգանք թիւ 19 G# minor» ստեղծագործութիւնները, երկուքն ալ մատուցուած բուռն կիրքով եւ թեքնիքի ճարտարութեամբ։
Հաճելի էր յայտագրի վերջին մասով լսել զուգանուագներ, որոնք աւելի ընդգծեցին երիտասարդ դաշնակահարներուն ճկունութիւնը եւ համագործակցութեան ոգին: Էլենա Խուրի եւ Նանոր Առնելեան կատարեցին Չայքովսքիի «Քնացած իշխանուհիի ծաղիկներու սափորը»` դրսեւորելով ներդաշնակութեան բացառիկ ունակութիւն մը, իսկ Համբիկ Մարտիրոսեանի (Պուժանեան) եւ Նանոր Առնելեանի՝ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պարը» յատկանշուեցաւ հաւասարակշռութեամբ եւ ճշգրտութեամբ: Եզրափակիչ կտորը՝ վալս մը Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»էն, զոր կատարեցին Էլենա Խուրի եւ Համբիկ Մարտիրոսեան՝ ներդաշնակութեան ու նրբագեղութեան անջնջելի տպաւորութեամբ համակեց հանդիսատեսը։

Այս համերգը երիտասարդ տաղանդներու յաղթանակի տօնն էր եւ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի, մասնաւորաբար փրոֆ. Արմինէ Պասմաճեանի բացառիկ դասաւանդութեան: Էլենա Խուրի, Նանոր Առնելեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան, անկասկած, փայլուն ապագայ ունին, եւ այս յիշարժան համերգին անոնց կատարումները բարձր չափանիշներ սահմանեցին բոլոր այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ’ուզեն հետեւիլ իրենց օրինակին:
Վարուժ Թէնպէլեան