ԱԻ-ի տնօրէն. Նոր պաշտօն մը՝ նոր իրականութեան համար

June 18, 2026

Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) այլեւս միայն արհեստագիտական նորութիւն մը չէ։ Անիկա աստիճանաբար կը վերածուի կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանցքային բաղադրիչներէն մէկուն՝ փոխելով որոշումներու կայացման, արտադրողականութեան, մարդկային ուժերու կառավարման եւ յաճախորդներու հետ հաղորդակցութեան ձեւերը։ Այս փոփոխութիւնը այնքան արագ տեղի կ’ունենայ, որ ընկերութիւնները սկսած են ստեղծել վարչական նոր պաշտօն մը՝ արուեստական իմացականութեան գլխաւոր պատասխանատուի կամ տնօրէնի (Chief AI Officer – CAIO) պաշտօնը։

IBM-ի վերջերս կատարած մէկ հարցախոյզը կը բացայայտէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ, ընկերութիւններուն 67 առ հարիւրը արդէն արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) գլխաւոր պատասխանատու մը նշանակած է ընկերութեան մէջ։ Այս մէկը կը վկայէ, որ ընկերութիւնները այլեւս ԱԻ-ն չեն դիտեր որպէս փորձարական կամ օժանդակ գործիք, այլ որպէս ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ոլորտ մը, որ կը պահանջէ յատուկ ղեկավարութիւն եւ յստակ պատասխանատուութիւն։

IBM Consulting-ի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի բաժինի գործադիր գործընկեր Լուլա Մոհանթիի համաձայն, այս նոր պաշտօնը աւելի խոր փոփոխութեան մը արտայայտութիւնն է։ Կազմակերպութիւնները կը պատրաստուին ապագայի մը, ուր արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի ներթափանցէ գործարար կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերը։

Մոհանթի կը նշէ, որ ԱԻ-ի գլխաւոր պատասխանատուն կոչուած է համակարգելու ոչ միայն ԱԻ-ի ռազմավարութիւնը, այլեւ անոր կառավարումը, ներդրումներու ուղղութիւնը, արժէքի ստեղծումը եւ պատասխանատու կիրարկումը։ Այլ խօսքով, դժուարութիւնը ոչ միայն նոր արհեստագիտութիւններ ձեռք բերելն է, այլեւ զանոնք կազմակերպութեան  ընդհանուր նպատակին եւ արժէքներուն համապատասխան օգտագործելը:

Հարցախոյզը նաեւ կը ցոյց տայ, որ այս պաշտօնը ժամանակաւոր չէ։ Հարցախոյզին մասնակցած բոլոր այն գործադիր տնօրէնները, որոնք արդէն կ’աշխատին արուեստական իմացականութեան գլխաւոր պատասխանատուի մը հետ, համոզուած են, որ մինչեւ 2030 անոր ազդեցութիւնը պիտի աւելնայ։

ԱԻ-ն կը վերաձեւակերպէ ղեկավարութեան կառուցուածքը

Միջին Արեւելքի մէջ հարցուած գործադիր տնօրէններուն տասէն ինն կը յայտնէ, որ ԱԻ-ն արդէն ընդգրկուած է իրենց կազմակերպութիւններու աշխատանքային տարբեր գործընթացներուն մէջ՝ բարձրացնելու արտադրողականութիւնը, արագացնելու որոշումներու կայացումը եւ բարելաւելու գործառնութիւններու արդիւնաւէտութիւնը։

Սակայն, այս պաշտօնը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ։ Տասնամեակներ շարունակ արհեստագիտական ռազմավարութիւնը հիմնականօրէն տեղեկատուական համակարգերու ղեկավարներուն պատասխանատուութիւնն էր։ Այսօր, ԱԻ-ն կ’ազդէ գրեթէ ամէն ոլորտի վրայ՝ սկսեալ պաշտօնեաներու կառավարման գրասենեակէն մինչեւ ֆինանսներ, արտադրութիւն եւ յաճախորդներու սպասարկում:

Արդիւնքը այն է, որ արուեստական իմացականութիւնը այլեւս չի կրնար մնալ միայն տեղեկատուական բաժանմունքին պատասխանատուութեան տակ։ Անիկա կը պահանջէ կազմակերպութեան տարբեր բաժիններուն միջեւ համակարգուած ղեկավարութիւն։ Մոհանթիի համաձայն՝ յաջողակ պիտի ըլլան այն կազմակերպութիւնները, որոնք ԱԻ-ն պիտի կարենան դուրս բերել առանձին փորձարկումներու սահմաններէն եւ վերածել վստահելի, չափելի եւ ընդարձակելի կարողութիւններու։

Ամէն տնօրէն պէտք է հասկնայ արհեստագիտութիւնը

 IBM-ի հարցախոյզը կը մատնանշէ նաեւ աւելի խոր փոփոխութիւն մը։ Հարցուած գործադիր տնօրէններուն 86 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ապագային իւրաքանչիւր տնօրէն պէտք է իր պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ նաեւ արհեստագիտական մասնագիտութիւն ունենայ։ Միաժամանակ, 68 առ հարիւրը կը նշէ, որ որոշումներու կայացումը աստիճանաբար ապակեդրոնացուած է՝ կազմակերպութիւնները աւելի ճկուն դարձնելու համար։

Այս միտումը կը նշանակէ, որ ԱԻ-ի կիրառման պատասխանատուութիւնը այլեւս միայն արհեստագիտական խումբերուն ուսերուն չէ։ Ֆինանսի տնօրէնները, գործառնութիւններու ղեկավարները, պաշտօնեաներու գրասենեակին պատասխանատուները եւ առեւտրական բաժիններու ղեկավարները նոյնպէս ստիպուած են հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կը կիրարկուի ԱԻ-ն, ինչպէ՛ս կը վերահսկուի եւ ինչպիսի՛ արդիւնքներ կը ստեղծէ։

Մարդկային կարողութիւններու նոր փորձաքարը

 Հարցախոյզը կը բացայայտէ նաեւ, որ ԱԻ-ի յաջողութիւնը միայն արհեստագիտութեամբ չի սահմանափակուիր։ Միջին Արեւելքի գործադիր տնօրէններուն 85 առ հարիւրը համոզուած է, որ վճռորոշ գործօնը պաշտօնեաներուն ընկալումն ու յարմարումն է։

2026-2028 ժամանակաշրջանին, կազմակերպութիւնները կը նախատեսեն, որ պաշտօնեաներուն 29 առ հարիւրը վերապատրաստութեան կարիք պիտի ունենայ՝ նոր դերեր ստանձնելու համար, մինչդեռ 54 առ հարիւրը պիտի կարօտի լրացուցիչ հմտութիւններու զարգացման, որ աւելի արդիւնաւէտ կատարէ ներկայ աշխատանքը։

Հետեւաբար, պահանջը սկսած է աճիլ ոչ միայն տուեալներու վերլուծութեան, ինքնագործութեան, թուային անվտանգութեան եւ կառավարման ոլորտներուն մէջ, այլեւ մարդկային այնպիսի կարողութիւններու, ինչպիսիք են քննական մտածողութիւնը, յարմարելու կարողութիւնը եւ համագործակցութիւնը։

Նոր պաշտօն մը՝ նոր իրականութեան համար

 ԱԻ-ի գլխաւոր պատասխանատուին ի յայտ գալը պարզապէս նոր պաշտօնի մը ստեղծում չէ։ Ան կը խորհրդանշէ այն խոր փոփոխութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ ժամանակակից կազմակերպութիւններու մէջ։ Երբ արուեստական իմացականութիւնը կը դադրի առանձին ծրագիր մը ըլլալէ եւ կը դառնայ կազմակերպութեան ընդհանուր ռազմավարութեան մէկ մասը, բնական է, որ ան նաեւ իր տեղը գտնէ ղեկավարութեան բարձրագոյն մակարդակներուն վրայ։

Միջին Արեւելքի ընկերութիւններուն համար այս միտումը ցոյց կու տայ, որ ապագայի մրցակցութիւնը միայն արհեստագիտական գործիքներ ունենալու մէջ չէ։ Ան աւելի շատ կը վերաբերի այն հարցին, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս պիտի ղեկավարէ այդ գործիքներու պատասխանատու, վստահելի եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x