(I-ով, J-ով, K-ով եւ L-ով) Անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարան
October 16, 2026
I
INFERENCE — եզրայանգում / արդիւնքի արտադրում
ԱԻ-ի եւ մեքենական ուսուցման մէջ՝ արդէն մարզուած մոտելի մը կողմէ նոր մուտքային տուեալներու հիման վրայ պատասխան, կանխատեսում, դասակարգում կամ այլ արդիւնք արտադրելու գործընթաց։
Օրինակ. Մոտելին մարզումը կրնայ շաբաթներ տեւել, մինչ եզրայանգումի ընթացքին ան քանի մը երկվայրկեանի մէջ պատասխան կու տայ։
Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Եզրայանգում»-ը inference-ի ընդհանուր իմաստին բնական հայերէն համարժէքն է, բայց ԱԻ-ի արհեստագիտական գործածութեան մէջ միշտ չէ, որ ամբողջ գործընթացը կը փոխանցէ։ «Արդիւնքի արտադրում»-ը աւելի բացատրական է, բայց իբրեւ եզր՝ ծանր։ Ուստի վերջնական որոշումը կը թողունք առկախ։
INFORMATION TECHNOLOGY (IT) — տեղեկատուական արհեստագիտութիւն (IT)
Համակարգիչներու, ծրագիրներու, ցանցերու եւ թուային համակարգերու միջոցով տեղեկութիւն ստեղծելու, պահելու, մշակելու, պաշտպանելու եւ փոխանցելու արհեստագիտական բնագաւառ։
Օրինակ. Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը այսօր գրեթէ բոլոր տնտեսական եւ կրթական ոլորտներուն անբաժան մասը դարձած է։
Կարգավիճակ. Քննարկելի՝ յապաւումին առումով։ «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւն»-ը կը պահենք։ Մայր փաստաթուղթը հարց կը բարձրացնէ՝ հայացնե՞լ ՝ յապաւումը՝ «ՏԱ», թէ՞ պահել միջազգային IT-ն։ Մեր նախընտրութիւնս այս փուլին՝ տեղեկատուական արհեստագիտութիւն (IT). արուեստական «ՏԱ» յապաւում ստեղծելու անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ։
INFRASTRUCTURE — ենթակառոյց
Համակարգի, կազմակերպութեան կամ ծառայութեան աշխատանքը կարելի դարձնող հիմնական ֆիզիքական կամ թուային կառոյցներու եւ միջոցներու ամբողջութիւն։
Օրինակ. ԱԻ-ի զարգացումը կը պահանջէ հաշուարկային եւ թուային հզօր ենթակառոյց։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր
INPUT — մուտքային տուեալ / մուտք
Տեղեկութիւն, հրահանգ կամ տուեալ, զոր օգտագործողը կամ այլ համակարգ մը կը փոխանցէ ծրագրին կամ ԱԻ մոտելին՝ մշակման համար։
Օրինակ. ԱԻ համակարգին մուտքային տուեալը կրնայ ըլլալ բնագիր, պատկեր, ձայն կամ տեսանիւթ։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր՝ ըստ քոնթեքսթի։
INTELLECTUAL PROPERTY — մտաւոր սեփականութիւն
Մարդկային ստեղծագործական կամ մտաւոր աշխատանքի արդիւնքներուն՝ գրութիւններու, գիւտերու, պատկերներու, ծրագրերու, վաճառանշաններու եւ այլ ստեղծագործութիւններու վերաբերող իրաւունքներու ընդհանուր դաշտ։
Օրինակ. Ծնող ԱԻ-ի տարածումը մտաւոր սեփականութեան վերաբերող նոր իրաւական հարցեր ստեղծած է։
Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։
INTERFACE — օղակ / միջերես
Այն միջավայրը կամ միջոցը, որ օգտագործողին կարելիութիւն կու տայ ծրագրի, սարքի կամ համակարգի հետ հաղորդակցելու եւ զայն գործածելու։
Օրինակ. Յաւելուածին պարզ օղակը նոր օգտագործողին գործը կը դիւրացնէ։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։
INTERNET — համացանց
Համաշխարհային կապակցուած համակարգչային ցանցերու ամբողջութիւնը, որուն միջոցով սարքեր եւ համակարգեր տեղեկութիւն կը փոխանակեն։
Օրինակ. Համացանցը արմատապէս փոխեց տեղեկութեան ստեղծման եւ տարածման եղանակները։
Կարգավիճակ. ընդունուած եզր։
INTERNET OF THINGS (IoT) — իրերու համացանց
Համացանցին միացած ֆիզիքական սարքերու, մեքենաներու եւ զգայակներու ցանցեր, որոնք կրնան տուեալներ հաւաքել եւ իրարու կամ այլ համակարգերու հետ փոխանակել։
Օրինակ. Իրերու համացանցը կարելիութիւն կու տայ գործարանի մեքենաներուն վիճակը հեռակայ կերպով վերահսկելու։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։
J
Մեր ներկայ հաւաքածոյին մէջ J-ով սկսող առանձին հիմնական եզր չունինք։ Եթէ հետագային անհրաժեշտ եզր մը յայտնուի, իր բնական տեղը պիտի գտնէ այստեղ։
K
Նոյնպէս՝ K-ով սկսող ինքնուրոյն հիմնական եզր արձանագրուած չէ։
L
LARGE LANGUAGE MODEL (LLM) — լեզուական մեծ մոտել
Մեծ քանակութեամբ լեզուական տուեալներով մարզուած ԱԻ մոտելը, որ կրնայ լեզուական օրինաչափութիւններ սորվիլ եւ անոնց հիման վրայ բնագիր հասկնալ, մշակել կամ ստեղծել։
Օրինակ. Լեզուական մեծ մոտելը կրնայ հարցումներու պատասխանել, բնագիր ամփոփել կամ թարգմանութեան տարբերակ առաջարկել։
Կարգավիճակ. Աշխատանքային նախընտրելի եզր։
LINK — յղում
Համացանցային կամ թուային կապ, որ օգտագործողը մէկ էջէ, փաստաթուղթէ կամ աղբիւրէ կ’առաջնորդէ ուրիշ էջի, թղթածրարի կամ առցանց վայրի։
Օրինակ. Յօդուածին վերջաւորութեան տրուած յղումը ընթերցողը կ’առաջնորդէ սկզբնաղբիւրին։
Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։