«Eurovision» երգի քաղաքականացած մրցոյթին Հայաստան գրաւեց 8-րդ դիրքը
May 13, 2024
11 Մայիսին, Շուէտի Մալմէօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Eurovision» 68-րդ մրցոյթին առաջին հանդիսացաւ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը՝ Նեմօ, իր «The Code» երգով: Հայաստան գրաւեց 8-րդ դիրքը։ Հայաստանը կը ներկայացնէր Լատանիվա խումբը՝ «Jako» երգով։
Որոշ ժամանակէ ի վեր, «Eurovision»ը դարձած է քաղաքական հաշուեյարդարներու թատերաբեմ մը՝ դրսեւորելով աշխարհաքաղաքական լարուածութիւններ ու հակասութիւններ: Վերջին տարիներուն, մրցոյթը դարձած է երկիրներու միջեւ քաղաքական պատգամներ փոխանցելու հարթակ մը՝ ինչպէս բացայայտ, այնպէս ալ քողարկուած ձեւերով` երգերու ընտրութեան, բեմադրութեան եւ քուէարկութեան ընդմէջէն:
2024-ի մրցոյթը բացառութիւն մը չէր, որովհետեւ Իսրայէլի մասնակցոցթիւնը առիթ ստեղծեց զգալի հակասութիւններու եւ բողոքի ցոյցերու՝ Կազայի դէմ շարունակուող ցեղասպանական արշաւանքին պատճառով: Արձակուեցան Իսրայէլի մասնակցութիւնը պոյքոթելու կոչեր եւ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ թէ՛ մրցոյթի սրահին մէջ, թէ՛ դուրսը:
Տակաւին, Հոլանտայի ներկայացուցիչ Եօսթ Քլէյնի վտարումը եւ Նորվեկիոյ ու Ֆինլանտայի նախկին մրցակիցներուն սրահէն քաշուիլը աւելի եւս շեշտեցին «Eurovision»ի շուրջ յառաջացած քաղաքական զգայունութիւնները: Այս միջադէպերը ցոյց կու տան, թէ ինչպէս քաղաքական նկատառումները ո՛չ միայն կ’ազդեն ելոյթներու արդիւնքներուն, այլեւ՝ ընդհանրապէս «Eurovision»ի մթնոլորտին ու կազմակերպչական «խոհանոցին»:
«Eurovision»ի եւ «Abba» խումբի համակիրները ապրեցան նաեւ այլ յուսախաբութիւն մը: Այս տարուան մրցոյթը կը զուգադիպէր Շուէտի եւ աշխարհի ամենէն սիրուած երաժշտական խումբերէն՝ «ABBA»ի՝ «Eurovision»ի յաղթանակի 50-ամեակին. «ABBA» իր “Waterloo” երգով շահած էր «Eurovision»ի 1974-ի մրցոյթը Անգլիոյ Պրայթըն քաղաքին մէջ: Ամէն մարդ կը յուսար, որ 50-ամեակի առիթով «ABBA» անակնկալօրէն ներկայ գտնուէր մրցոյթին, որ սակայն չիրականացաւ: Քառեակին յիսնամեայ յաղթանակը նշուեցաւ տեսագրութեամբ մը…