(E-ով եւ F-ով սկսող բառեր) Անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարան

October 10, 2026

E

EMBEDDING — թուային ներկայացում / վեքթըրային ներկայացում

ԱԻ-ի եւ մեքենական ուսուցման մէջ՝ բառի, նախադասութեան, պատկերի կամ այլ տուեալի թուային ներկայացումը, որ անոր յատկանիշները կը վերածէ թիւերու շարքի՝ համակարգին կարելիութիւն տալով հաշուարկային ձեւով համեմատելու եւ մշակելու զանոնք։

Օրինակ. Լեզուական մոտելը բառերու թուային ներկայացումներուն միջոցով կրնայ որոշ նմանութիւններ հաշուարկել։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ Մեր ներածականին մէջ առաջարկուած էին «ներկառուցում» եւ «թուային ներկայացում»։ «Ներկառուցում»-ը բառացի թարգմանութիւն է եւ կրնայ մոլորեցնել, որովհետեւ embedding-ը այստեղ ուսողական յատուկ հասկացութիւն է։ Առայժմ նախընտրելի է «թուային ներկայացում», իսկ աւելի ճշգրիտ արհեստագիտական քոնթեքսթին մէջ՝ « վեքթըրային ներկայացում»։

ENCRYPTION — գաղտնագրում

Տուեալները յատուկ հաշուարկային եղանակով անընթեռնելի ձեւի վերածելու գործընթացը, որպէսզի զանոնք կարենան կարդալ միայն համապատասխան բանալի կամ արտօնութիւն ունեցող անձերը կամ համակարգերը։

Օրինակ. Գաղտնագրումը կ’օգնէ պաշտպանելու համացանցով փոխանցուող անձնական տուեալները։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։ Մեր սկզբնական ցանկին մէջ եւս ընտրուած էր «գաղտնագրում»-ը, թէեւ ընդլայնուած աշխատանքին մէջ արձանագրուած է նաեւ «ծածկագրում» տարբերակը։

EXPLAINABILITY — բացատրելիութիւն

ԱԻ համակարգի որոշումին, կանխատեսումին կամ պատասխանին հիմքերը մարդուն հասկնալի ձեւով բացատրելու կարելիութիւն կամ յատկութիւն։

Օրինակ. Բժշկական ԱԻ համակարգերուն պարագային բացատրելիութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ բժիշկը պէտք է կարենայ հասկնալ, թէ համակարգը ինչո՛ւ որոշ եզրակացութեան հասած է։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

F

FILE — թղթածրար

Համակարգիչի կամ այլ թուային սարքի մէջ մէկ անունով պահուած տեղեկութեան միաւոր՝ բնագիր, պատկեր, ձայն, տեսանիւթ, աղիւսակ կամ այլ բովանդակութիւն։

Օրինակ. Թղթածրարը պահեցէք համակարգիչին մէջ՝ հետագային կրկին բանալու համար։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

FILE FORMAT — թղթածրարի ձեւաչափ

Թղթածրարին կառուցուածքն ու տեսակը սահմանող ձեւը, որ սովորաբար կը յայտնուի PDF, DOCX, JPG, MP3 եւ նման նշումներով։

Օրինակ. Պատկերը կարելի է պահել JPEG կամ PNG ձեւաչափով։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

FINE-TUNING — Ճշգրտում

Արդէն մարզուած ԱԻ մոտելի մը յաւելեալ մարզումը՝ որոշակի գործառնութեան, ոլորտի կամ տուեալներու հաւաքածոյի համապատասխանեցնելու եւ անոր աշխատանքը ճշգրտելու նպատակով։

Օրինակ. Լեզուական մոտելը կարելի է արեւմտահայերէն բնագրերով ճշգրտել ։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։

FIREWALL — պաշտպանական/ պաշտպանողական պատ / firewall

Համակարգչային անվտանգութեան միջոց մը, որ կը վերահսկէ ցանց մտնող եւ ցանցէն դուրս եկող հաղորդակցութիւնը եւ սահմանուած կանոններու համաձայն` կրնայ արգիլել կասկածելի կամ չարտօնուած կապերը։

Օրինակ. Պաշտպանական պատը կրնայ արգիլել համակարգին ուղղուած որոշ չարտօնուած կապեր։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ Մեր աշխատանքին մէջ առաջարկուած է «պաշտպանական պատ», մինչ Տարբերակ21 արդէն կը նշէ նաեւ անգլերէն firewall ձեւը։ Ընդլայնուած ցանկին մէջ կայ նաեւ «պաշտպանիչ պատ / միջնապատ»։

FOLDER — թղթապանակ

Համակարգիչի մը կամ թուային պահեստի մէջ թղթածրարներ եւ այլ թղթապանակներ կազմակերպելու ու միասին պահելու բաժին։

Օրինակ. Բոլոր պատկերները պահուած են նոյն թղթապանակին մէջ։

Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x