2025. հայ անուններ՝ միջազգային ֆիլմաշխարհին մէջ
December 22, 2025

Բոլորիս արդէն ծանօթ օսքարակիր «Anora» (2024) ֆիլմի դերասան՝ Կարէն Կառագուլեան(1) դեր պիտի ստանձնէ Brad Pitt-ի կողքին, David Fincher-ի բեմադրութեամբ, Quentin Tarantino-ի գրութեամբ եւ արտադրութեամբ, 2026-ին ցուցադրուելիք «The Adventures of Cliff Booth» ֆիլմին մէջ: Այս ֆիլմը շարունակութիւնը կը սեպուի 2019-ին Quentin Tarantino-ի գրած, բեմադրած եւ արտադրած, դարձեալ օսքարակիր՝ «Once Upon A Time in Hollywood» ֆիլմին:

«Սեւն ու Uncle Nubar-ը՝ նոր հայեր Հոլիուտի մէջ» յօդուածիս մէջ, անդրադարձած էի Սեւ Օհանեանի: Վերջինիս արտադրութեամբ «Sinners»(2) ֆիլմը, այլ մրցանակներու կողքին, 2026-ին կայանալիք Golden Globes մրցանակաբաշխութեան արդէն իսկ ստացած է եօթը թեկնածութիւն եւ մաս կը կազմէ օսքարներու մրցանակաբաշխումի յայտարարուած 12 բաժիններէն եօթին shortlist-ին, այսինքն հաւանականութիւն ունի թեկնածութեան:

Ամերիկահայ բեմադրիչ Քրիսթին Յարութիւնեան(3) այս տարի իր «After Dreaming» («Երազելուց Հետո») ֆիլմով մասնակցեցաւ բազմաթիւ միջազգային փառատօներու, ինչպէս 75-րդ Berlin International Film Festival-ին (Berlinale), «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային 22-րդ կինոփառատօնին եւ այլ փառատօներու Երուսաղէմի, Յունաստանի եւ հարաւային Քորէայի մէջ: Քրիսթին Յարութիւնեանի ունի այլ ֆիլմ մը «Black Star Angel», որուն նկարահանումին համար ան անցեալ սեպտեմբերին հարաւային Քորէայի մէջ կայացած Busan International Film Festival-ի Asian Project Market-ի երկրորդ մրցանակը շահեցաւ՝ 15.000 ամերիկեան տոլար:

Այս տարի, իտալահայ վաւերագրական, մանաւանդ փորձառական, ֆիլմի մասնագէտ Երուանդ Ճանիկեան(4) Վենետիկի ֆիլմի փառատօնին ցուցադրեց իր վերջին փորձառական վաւերագրական ֆիլմը՝ «Il Diari di Angela – Noi due Cineasti. Capitolo Terzo» («Angela’s Diaries. Two Filmmakers. Chapter Three») խորագիրով: Ան ընդհանրապէս աշխատած է իր կեանքի եւ գործի ընկերոջ՝ Angela Ricci Lucchi-ի հետ: Այս վաւերագրականը անոնց միացեալ գործերէն մէկուն երրորդ եւ վերջին բաժինն է, սակայն այս մէկը Անժելայի մահէն ետք է, որ Երուանդ պրպտած է Անժելայի օրագրութիւնները եւ զանոնք վերածած ֆիլմի: Առաջինն ու երկրորդը՝ I diari di Angela – Noi due cineaste (2018) եւ I diari di Angela: Noi due cineasti. Capitolo secondo (2019):

Ինչ կը վերաբերի Թամարա Ստեփանեանին(5), արդէն երկու յօդուածներովս («Թամարա Ստեփանեան՝ վաւերագրականէն fiction» եւ «Թամարա Ստեփանեան. Մեծարանք հայաստանեան սինեմային եւ ուրուական դարձած մեծերուն») անդրադարձայ իր երկու ֆիլմերուն եւ անոնց միջազգային ծաւալումին: Թամարա տակաւին կը շարունակէ իր շրջագայումը իր ֆիլմերը հասցնելով աշխարհի տարբեր շրջաններ:

Թամարա Ստեփանեանի կողքին, լիբանանահայութեան հարազատ մըն ալ կը սեպուի Սիմոն Աբգարեանը(6): Լիբանան ծնած, Լիբանան ապրած, ապա Ֆրանսա մեկնած ու հաստատուած Սիմոն Աբգարեանի նորութիւններէն է երկու մասերէ բաղկացած «La bataille De Gaulle» անունով ֆիլմաշարը, ուր կը մարմնաւորէ Charles De Gaulle-ի կերպարը: Առաջին բաժինը «La bataille de Gaulle: j’écris ton nom» իսկ երկրորդը «La bataille de Gaulle: l’âge de fer», ֆիլմերը կը ներկայացնեն Charles De Gaulle-ի կեանքն ու քաղաքական գործունէութիւնը 1940-էն 1945 թուականներու միջեւ, ինչպէս նաեւ այդ գործունէութեան ազդեցութիւնը իր ապագայ քաղաքական ասպարէզին վրայ:


Շարժադրումի (animation) աշխարհի մէջ առաջին ամերիկահայ կինը՝ Մատըլին Շարաֆեան(7) համահեղինակ եւ համաբեմադրիչ է (co-writer, co-director) երկարատեւ animation ֆիլմին՝ «Elio», որ կ’արժանանայ 2026-ին կայանալիք Golden Globes մրցանակաբաշխութեան թեկնածութեան՝ իբր լաւագոյն animation ֆիլմ: Նոյն ֆիլմին ան նաեւ կ’օգտագործէ իր ձայնը: Մատըլին Շարաֆեան 2021-ին արժանացած է օսքարի թեկնածութեան Best Animated Short բաժինին «Burrow» animation կարճ ֆիլմով: Մատըլին բաւական բեղուն գործունէութիւն կը տանի animation-ի աշխարհին մէջ. հաւանաբար բոլորիս ամենայայտնին «Coco»(8) (2017) ֆիլմն է, որու պատմութեան մշակումին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է:
Կը յուսանք նոր եւ երիտասարդ հայ արուեստագէտներու անունները տեսնել 2026-ին նախատեսուած բոլոր մրցանակաբաշխումներուն: