ֆիլմաշխարհի աստղեր եւ…թատերական յաջողութիւններ
June 24, 2025
Ամերիկացի դերասան Terrence Mann-ի կը վերագրուի այս նշանաւոր խօսքը՝ «Movies will make you famous, television will make you rich, but theater will make you good» (Ֆիլմերը ձեզ կը դարձնեն հռչակաւոր, պատկերասփիւռը կը հարստացնէ , բայց թատրոնը՝ լաւ մարդ կը դարձնէ): Կը կարծեմ որ ոչ ոք կրնայ հերքել:
Բոլորս գիտենք համաշխարհային սինեմայի ֆիլմերուն համբաւը. մէկ օրէն միւսը նոր աստղեր կը յայտնաբերուին, միլիոնաւոր գումարներ կը ծախսուին որ (ընդհանրապէս) ալ աւելի շահ ապահովուի: Պատկերասփիւռի ֆիլմաշարերը աւելի հասանելի են հանդիսատեսին, որ տունը նստած, հանգիստ, առանց յաւելեալ ճիգ թափելու կը դիտէ զանոնք: Սակայն բեմը, թատրոնը, բաղդատած միւս երկուքին, «ապերախտ» կը սեպուի, որովհետեւ առաւելագոյն ճիգ ու ժամանակ պէտք է տրամադրուի, նուազագոյն նիւթական շահ եւ ընդհանրապէս սահմանաբակ հռչակ ապահովելու համար:
Վերջին կէտին պարագան կը տարբերի, երբ արդէն ֆիլմաշխարհի մէջ կայացած աստղ դէմք մը բեմ բարձրանայ: Խօսիմ օրինակներով՝ George Clooney, Denzel Washington, Jake Gyllenhaal, Ruth Wilson, Gillian Anderson, Ben Foster եւ անշուշտ շատ ուրիշներ:

2005 թուականին, George Clooney գրեց, բեմադրեց եւ դեր ստանձնեց Good Night, and Good Luck ֆիլմին մէջ: Ֆիլմը թէ յաջողեցաւ նիւթապէս (32 միլիոն տոլար մուտք) եւ թէ արժանացաւ մրցանակներու, ինչպէս նաեւ օսքարներու վեց թեկնածութիւններու, որոնցմէ երկու հատը Clooney-ին՝ լաւագոյն բեմադրիչ եւ գրող: Քսան տարի վերջ, 2025-ին, Clooney նոյն իր գործը, առաջին անգամ ըլլալով Broadway-ի բեմը(1) հանեց այս անգամ իր գլխաւոր դերակատարութեամբ (թղթակից Edward R. Murrow-ի դերով) եւ արտադրութեամբ: Մէկ շաբթուան ընթացքին, չորս միլիոն տոլար մուտք ձեռք ձգեց եւ արժանացաւ Tony Awards-ի հինգ թեկնածութիւններու: Այս գործը առաջին անգամ բեմ բարձրացաւ մարտին եւ վերջին ներկայացումը կայացաւ յունիսին՝ չորս ամսուան ընթացքին 77 անգամ ներկայացուելէ ետք: Ընդհանուր 44 միլիոն տոլար շահէն, Clooney արժանացաւ միայն 6 միլիոնին: Յստակ է որ ան այս գումարին արժանալու համար չէր որ ընդունած էր Broadway-ի բեմը ելլել, այլ բեմի իսկական յատկութեան համար, որ ուրիշ տեղ չի գտնուիր. միլիոնաւոր ժողովուրդի առջեւ ուղղակի խաղալը եւ կենդանի հակազդեցութիւնը զգալը:


Նոյնքան համբաւ ունեցող հոլիուտեան աստղ մըն է Denzel Washington-ը, որ ի տարբերութիւն George Clooney-ի, բեմական բաւական փորձառութիւն ունի թէ՛ Broadwayի մէջ եւ թէ՛ անկէ դուրս: Մէկ այլ տարբերութիւն մը Clooney-էն՝ Denzel Washington Fences գործով նախ բեմ բարձրացած է 2010-ին եւ յետոյ նոյն գործը բեմադրած է իբր ֆիլմ եւ գլխաւոր դերակատարը եղած 2016ին: Ֆիլմը, նոյնպէս, նիւթական հսկայական շահ ապահոված է եւ արժանացած մրցանակներու:

2025-ին Denzel Washington եւ Jake Gyllenhaal միասին բեմ բարձրացան Shakespeare-ի «Othello»(3) պրոտուէյեաններկայացումով՝ Othello-ի եւ Iago-ի դերերով: Jake Gyllenhaal նախապէս Broadway-ի փորձառութիւն ունեցած եւ յաջողած էր 2015ին Ruth Wilson-ի հետ Nick Payne-ի Constellations գործով:
2014-ին, Gillian Anderson Tennessee Williams-ի A Streetcar Named Desire-ը(4) ներկայացուց Ben Foster-ի եւ Vanessa Kirby-ի հետ, բայց Լոնտոնի մէջ, այսինքն off-Broadway: Այնքան յաջողած էր այս գործը, որ the National Theater Live ծրագիրով նկարահանուեցաւ եւ ցուցադրուեցաւ սինեմաներու մէջ:
Օրինակները շատ են: Զանոնք միացնողը՝ ֆիլմաշխարհի մէջ արդէն իսկ կայացած եւ հռչակաւոր աստղ դերասաններ են, որոնք բեմ կը բարձրանան: Որեւէ տեսակի բեմադրական գործի յաջողութիւնը, որքան ալ որակաւոր ըլլայ, կախեալ է հանդիսատեսէն: Այս աստղ դերասաններն են որոնք հանդիսատեսը կը գրաւեն:
Հոս կը մնայ հարցնել, թէ թատրոնի այս մեծ արտադրութիւնները արուե՞ստ կը համարուին թէ առեւտուրի միջոց, մանաւանդ Broadway-ը, ուր տոմսի արժէքը, պաշտօնապէս կը սկսի մօտաւոր 100$-է եւ սեւ շուկայ կը հասնի 1000$-ի, նայած ներկայացումի հերոս դէմքին: Կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կը խաղան որ ստիպեն հանդիսատեսը չփախցնելու առիթը: Հանդիսատեսը նախ պիտի ուզէ յայտնի դէմքը տեսնել, յետոյ դատել թէ գործը լաւ էր կամ ոչ:
Ուրեմն գործի յաջողութիւնը ապահովուած է:
Փաթիլ Գուլաճեան