Սփիւռքահայ մամուլի ծաղկաքաղ

October 29, 2025

Ժամանակ (26/2/2025)

***Շարժումները անկեղծ կ’ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չ’ունենար անոնց վրայ:
—Շարժումները անկեղծ կ’ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չունենար անոնց վրայ:
***Կը կարծեմ, որ պիտի սիրեմ քեզ:
—Կը կարծեմ, թէ պիտի սիրեմ քեզ:
***Չկրցաւ ստիպել անոր:
—Չկրցաւ ստիպել զայն:
***Երբ Խայյամի քառեակներէն առաջին քառեակը հասկցայ…:
—Երբ Խայյամի քառեակներէն առաջինը հասկցայ
***Աւելի լաւ է քան այն մարդէն, որ երբեք չի՛ զգար:
—Աւելի լաւ է քան այն մարդը, որ երբեք չի՛ զգար
***Տարօրինակ չէ ոմանց ունեցած լաւատես զգացումները:
—Տարօրինակ չեն ոմանց ունեցած լաւատես զգացումները:
Հայրենիք (27/2/2025)
***հաշուըուած
—հաշւուած
***Եւրոպական միութիւն
—Եւրոպական Միութիւն
***Դեգերումներ տիրոջ Այգիին մէջ
—Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ
***փոխ նախարար/փոխնախարար, փոխ նախագահ, 56րդ
—փոխնախարար, փոխնախագահ, 56-րդ
***Պատասխանը դրակա՞ն է թէ ոչ:
—Պատասխանը դրակա՞ն է, թէ՞ ոչ:
***գեր-զգայուն
—գերզգայուն

Հորիզոն (7/3/2025)

***Կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը:
—Կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը:
***Կեցութիւնը անպայմանօրէն պիտի ունենայ… հեռանկար ու նպատակ:
—Կեցութիւնը անպայման պիտի ունենայ… հեռանկար ու նպատակ:
***Հաւաքական կեցութիւնը եւ իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մասնիկ են ազատագրման սեւեռակէտին:
—Հաւաքական կեցութիւնը եւ իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մաս-նիկն են ազատագրման սեւեռակէտին:
***Կեղծ դատավարութիւնը, լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրուած ոտնա-կոխում չէ:
Կեղծ դատավարութիւնը լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրուած ոտնա-կոխում չէ:
***Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ ընտրութիւնները հեզասահ ընթանալու մաղթանքով:
—Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ օրերու ընտրութիւննե-րուն՝ հեզասահ ընթացքի մաղթանքով:
—Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ ընտրութիւննրուն՝ հեզասահ ընթացք մաղթելով անոնց:
***Ամրապնդել Սփիւռքի ոչ-ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը:
—Այս նոյն առիթով շնորհաւորենք «Հորիզոն»-ը ոչ-ինքնանպատակ բառի
ճիշդ՝ միութեան գծիկով գրելուն համար:

Ազատ օր (12/3/2025

***Պայրամով յայտնեց Ղազախստանին՝ բանակցութիւններուն համար հար- թակ տրամադրելուն համար:
—-Պայրամով յայտնեց Ղազախստանին՝ բանակցութիւններուն հարթակ տրամադրելուն համար:
***Երեւան բազմաթիւ անգամներ յայտարարեց:
—Երեւան բազմիցս յայտարարեց:
***Հայաստան 1200 անյայտ կորսուածներու հարցը կը բարձրացնէ:
—Հայաստան 1200 անհետ կորսուածներու հարցը կը բարձրացնէ:
«Արեւմտեան Ատրպէյճան» պատումը հայերու ցեղային զտումները արդա- րացնելու նպատակը կը հետապնդեն:
—պատումը…կը հետապնդէ:
***Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ Ռուսիոյ ճնշումներուն ազդեցութեան տակ։
—Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ Ռուսիոյ ճնշումով:

«Մարմարա» (14/3/2025)

***առընչակից —առնչակից
***Կը զբաղի հայերէն տպագիր ժառանգութեան հետազօտութեամբ եւ անոնց պատմութեան ուսումնասիրութեամբ:
—Կը զբաղի հայերէն տպագիր ժառանգութեան հետազօտութեամբ եւ անոր պատմութեան ուսումնասիրութեամբ:
***Կը ներկայացնեն Գրիգոր Լուսաւորիչը որպէս… մշակութային երկխօ-սութեան վկաներ:
Զարմանալի է. մէկ անձը ինչպէ՞ս վկաներ կրնայ ներկայացուիլ:
—Կը ներկայացնեն Գրիգոր Լուսաւորիչը որպէս… երկխօսութեան վկայ:
***Պատերազմի հետեւանքով Հայաստան եւս հողեր կորսնցուց 2021-ին եւ 2022-ին (27/9/2025):
—Պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հողեր կորսնցուց 2021-ին եւ 2022-ին եւս:

[email protected]                                                             Արմենակ Եղիայեան

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x