Սուրճէ լճակ
May 6, 2024
Սուրճը չեմ սիրեր
Բայց անոր հոտը
Գոլորշիով բարձրացած
Ռունգերուս հետ խաղ կ’ընէ
Եւ նեւրոններ
Ազդեր կ’ուղղեն առ յիշատակարան
Ու կ’արթնցնեն անցեալէն օրեր
Օրը շաբաթ է
Արձակուրդ
Բոլորս տունն ենք
Ափսէին մէջ սուրճէ լճակ կայ
Թաշկինակ կ’ուզուի
Կ’իջնէ լճակին
Գաւաթն ալ թաշկինակին
Մեր սենեակը չէ
Անկողինը լայն է
Մեր մարմինները փոքր
Արձակուրդ է
Օրը շաբաթ
Բոլորս տունն ենք
Սուրճ կը բուրէ։
Թորոնթօ, 5 Մայիս 2024