Նոր նուաճում Հայաստանի առողջապահութեան մարզին մէջ. առաջին հեռակայ ռոպոթային վիրահատութիւնը
July 15, 2026
Հայկական առողջապահական համակարգը նոր նուաճում մը արձանագրած է, երբ Երեւանի «ՍլաւՄետ» բժշկական կեդրոնին մէջ յաջողութեամբ կատարուած է Հայաստանի առաջին հեռակայ ռոպոթային վիրահատութիւնը։

Այս աննախադէպ իրագործումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ արդի բժշկութիւնը սահման չի ճանչնար։
STARLINK 56 սարքաւորում եւս կը նուիրէ Հայաստանի
Բարձր արհեստագիտական ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ ամերիկեան Starlink ընկերութեան միջեւ կայացած բանակցութիւններէն ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը ստացած է Starlink-ի կողմէ նուիրուած 56 սարքաւորում՝ ապագայի հաւանական արտակարգ կացութիւններուն հեռանկարով։
Այս սարքաւորումները կարելիութիւն պիտի ընձեռեն ապահովելու վստահելի եւ արագընթաց համացանցային կապ՝ աղէտներու եւ այլ արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին արդիւնաւէտ արձագանգումի համար, կը հաղորդեն Բարձր արհեստագիտական ճարտարարուեստի եւ Ներքին գործոց նախարարութիւնները, որոնց համագործակցութեամբ իրականացուած է այս նախաձեռնութիւնը։
Սարքաւորումները արդէն հասած են Հայաստան, եւ կը նախատեսուի զանոնք յատկացնել Ներքին գործոց նախարարութեան՝ Փրկարար ծառայութեան կարիքներուն։ Անոնք պիտի նպաստեն արտակարգ կացութիւններու մէջ Հայաստանի կապի միջոցներու բազմազանացման ու ամրապնդման, մասնաւորապէս՝ փրկարարական գործողութիւններու, բնական աղէտներու, ճգնաժամային իրավիճակներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ այն պարագաներուն, երբ կապի աւանդական ենթակառոյցները սահմանափակուած, գերծանրաբեռնուած կամ խափանուած են, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Starlink-ի եւ ՀՀ Բարձր արհեստագիտական ճարտարարուեստի նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս, արդէն իսկ 110 Starlink սարքաւորումներ կ՚ապահովեն հազարաւոր աշակերտներու համացանցային կապը Հայաստանի հեռաւոր բնակավայրերու դպրոցներուն մէջ։
SpaceX ընկերութեան Starlink արբանեակային համացանցը Հայաստանի մէջ հասանելի է անցեալ տարուան Մարտի վերջաւորութենէն։
60 կիթառահարներ Երեւանի մէջ հնչեցուցին Խաչատրեանի «Սուսերապար»-ը

1942-ին, «Գայիանէ» պալէին համար Արամ Խաչատրեանի գրած այս ստեղծագործութիւնը կը շարունակէ մնալ դասական երաժշտութեան ամենաշատ ճանչցուած գործերէն, ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային երաժշտական արուեստին մէջ Հայաստանի մեծագոյն ներդրումներէն մէկը։
Վիրթուոզ Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան ICMA-Ի Եզրափակիչ Հասած Է

Ի դէպ, մասնակից երկիրներուն թիւը անցած է 100-ը, իսկ մասնակիցներուն թիւը՝ 3500-ը։ Մարիաննա Գէորգեանը եզրափակիչ փուլ հասած միակ մասնակիցն է, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական դրօշը, հայկական արուեստը եւ ազգային նուագարան քանոնը:
Ան 2025-ին արժանացած է համաշխարհային խորհրդանիշ վիրթուոզ երաժիշտի (Global Icon Awards) տիտղոսին, 2020- ին ստացած է համաշխարհային World Folk Vision մրցոյթի գլխաւոր մրցանակը եւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու առաջին կարգի դափնեկիր է։
Մարիաննա Գէորգեանը «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհին է (գեղարուեստական ղեկավար՝ Ս. Երկանեան):
Քաղուածաբար՝ «Նոր Յառաջ»-էն