Մի՛ ըսէք ու գրէք, այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք. Արեւելաբանութիւններ
February 16, 2026
Այսպէս կը կոչենք լեզուական այն տարրերը, որոնք յառաջացած են արեւելահայերէնի մէջ եւ խորթ են արեւելահայուն եւս, բայց կա՛ն զանոնք կիրարկողներ, միւս կողմէ կոյր ընդօրինակումներ կամ հետեւութիւններ են օտար լեզուներէ, յատկապէս՝ ռուսերէնէ: Արեւելահայերէնի հետ մեր շփումներու աճը պատճառ կը դառնայ, որ այսպիսիները ազատօրէն մուտք գործեն նաեւ արեւմտահայ լեզուական բարքերու մէջ:
Ստորեւ կը բերենք անոնց մէկ քանին:
* արգելափակել … կը նշանակէ խուցի մը մէջ դնել ու փակել դուռը, բանտարկել. կ’արգելափակենք գողերը, մարդասպանները, վայրի գազանները, որոնք նիւթական ու մարմնական սպառնալիք կը ներկայացնեն մարդկութեան: Սակայն սովորական արգելքներու համար կը գործածենք՝ արգելակել, խափանել, կասեցնել, խոչընդոտել, սառեցնել, երբ կը վերաբերի մարդկային մերժելի արարքի մը. օրինակ՝ ցոյցի մը, հաւաքի մը, ելոյթի մը, դասախօսութեան մը, քարոզչութեան մը, հրատարակութեան մը եւ այլնի:
* այն մասին …անհանդուրժելի աւելորդաբանութիւն մըն է, երբ կը մտնէ գլխաւոր նախադասութեան եւ ստորադաս նախադասութեան միջեւ ու կ’ապականէ մեր խօսքը. օրինակ՝ «Հիմա պիտի պատմեմ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պատահեցաւ արկածը»: Ջնջե՛նք զայն, եւ ոչինչ պիտի կորսնցնէ մեր խօսքը, ընդհակառակը աւելի պիտի աշխուժանայ ու գեղեցկանայ ան:
Պէտք չէ ըսել նաեւ այն նպատակով եւ այն պատճառով, այլ պէտք է ըսել որպէսզի, որովհետեւ. օրինակ՝
—Անոնք մեզի դիմեցին այն նպատակով, որ կաշառեն մեր շարքերը:
Անոնք մեզի դիմեցին, որպէսզի կաշառեն մեր շարքերը:
—Հիմա ձայնը չի լսուիր այն պատճառով, որ իրեն հաւատացող չմնաց:
Հիմա ձայնը չի լսուիր, որովհետեւ իրեն հաւատացող չմնաց:
* արդիւնքով, իբրեւ արդիւնք, իբրեւ հետեւանք …արեւելահայերէնի արդիւնքում ըսուածն է, որ ռուսերէնէ առնուած է. պէտք է ըսել՝ շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով կամ բերումով:
* կապակցութեամբ … կեղծ, յերիւրածոյ, տափակ ու բռնազբօսիկ յետադրութիւն մըն է, որ ամէն քայլի սկսած ենք կիրարկել. «Այդ հարցի կապակցութեամբ ըսելիք չունիմ»: Պէտք է ըսել՝ առթիւ, մասին, առնչութեամբ. «Այդ հարցի առնչութեամբ ըսելիք չունիմ»:
– «Ողբը գրուած էր Աղուանից իշխանի մահուան կապակցութեամբ»:
«Ողբը գրուած էր Աղուանից իշխանի մահուան առթիւ»:
* կողմէ…
Մի՛ ըսէք. «Յաճախորդին կողմէ պահանջուած գումարը»:
Այլ ըսէք. «Յաճախորդին պահանջած գումարը»:
* վերաբերեալ
* տալ եւ փոխանցել
– Կու տանք, ինչ որ ունինք, օրինակ՝ գիրք մը, դրամ, խելք եւ այլն:
– Կը փոխանցենք, ինչ որ ստացած ենք ուրիշներէ. օրինակ՝ լեզուն, հայրենիքը, իշխանութիւնը, ժառանգ մը, ֆութպոլի գնդակը եւ նման բաներ:
Ուրեմն՝ սխալ է ըսել. «Վեհափառը իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն»,– քանի որ վեհափառը այդ պատգամը ուրիշէն ստացած չէր, այլ ի՛նք յղացած ու շարադրած էր զայն. պատգամը կը յղենք, կու տանք:
Սխալ է նաեւ ըսել. «Հաւատացեալները իրենց շնորհաւորութիւնը փոխանցեցին վեհափառին»,– այլեւ Թորոսին, Մարկոսին կամ ուրիշին. շնորհաւորութիւնը կը յայտնենք, կը ներկայացնենք:
* ցանկացած … փոխանակ ըսելու որեւէ (ցանկացած օր = որեւէ օր):
Իսկական վարակ մըն է այս, որ հասած է գրեթէ ամէն տեղ: