Մենք ու մերոնք
September 20, 2025
«Ազդակ», 17/9/2025
***Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները (էջ 1):
Երբ երկու երկիրներ կը քննարկեն իրենց յարաբերութիւնը, այդ յարաբերութիւնը չի կրնար երկկողմանի չըլլալ եւ ըլլալ՝ եռակողմանի, քառակողմանի, հնգակողմանի կամ…բազմակողմանի :
Ուրեմն մտքի յաւելեալ, քիչ մըն ալ ծիծաղելի բեռ մըն է երկկողմանի ածականը:
***Բոլոր լիբանանցիներու բարեկամը ըլլալ եւ ոչ թէ մէկ խումբի մը (էջ 1):
Մէկ եւ մը զիրար կը կրկնեն: Երկուքէն մէկը աւելորդ է:
Կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը:
***Ճամբան կը համապատասխանէ բոլոր չափանիշերուն:
Ուրախութեամբ կ’արձանագրեմ չափանիշեր յոգնակին, անցեալի սխալ ձեւի փոխարէն, ուր չափանիշներ կը գրուէր:
Միայն թէ լաւ սովորութիւնները պէտք է պահպանուին:
19/9/2025-ի թիւին մէջ, էջ 8, նոյն ձեռքն ու գրիչը գրած է՝
–«Ֆինանսաւորման պատժամիջոցներու չափանիշներուն»:
***Ուղղակի կերպով կը հաղորդակցինք (էջ 8):
Փորձենք հաղորդակցիլ առանց պոչի՝
—Ուղղակի կը հաղորդակցինք:
***Անոնք պէտք է որոշեն, եթէ կ’ուզեն… ատիկա կատարել կամ ոչ (էջ 8):
Նորէն այս եթէ (si…if…) օտարաբանութիւնը:
—Անոնք պէտք է որոշեն, թէ կ’ուզեն այդ կատարել կամ ոչ:
«Ազդակ», 19/9/2025
***Վրաստան փակած է կնքուած համաձայնագիրի համաձայն պարտքի մնացեալ մասը (էջ1):
—Վրաստան փակած է պարտքի մնացեալ մասը ըստ կնքուած համաձայնագիրի:
***Նասսար գնահատեց Պուլկարիոյ համակարգումի քայլերուն (էջ 2):
Գնահատել ներգործական է եւ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ:
Ուրեմն՝
—Նասսար գնահատեց Պուլկարիոյ համակարգումի քայլերը:
***Բոլորը համոզուած են, թէ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ մեզմէ ասեղ մը անգամ առնել (էջ 2):
Այսքան խոր համոզումը կը վանէ ամէն թէականութիւն, կասկած ու շփոթ. ուրեմն թէ շաղկապը գործ չունի այստեղ: Պէտք է որ կիրարկել:
—Բոլորը համոզուած են, որ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ մեզմէ ասեղ մը անգամ առնել:
***Ժամանակն է անոնց պարգեւատրելու (էջ 8):
—Ժամանակն է զանոնք պարգեւատրելու:
***Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ նախագահին որոշել… (էջ 8):
Պարտաւորեցնել, ինչպէս պարտաւորել եւ ստիպե ներգործական են եւ հայացական հոլով կը պահանջեն եերքն աալ:
Ուրեմն՝
—Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ նախագահը որոշելու…
Արմենակ Եղիայեան