Մենք ու մերոնք
November 8, 2025
Վերադառնանք «Ազդակ»-ի լեզուական ուսանելի գոհարներուն:
3/11/2025
***Վարչապետարանը հաղորդեց, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները (էջ 02):
—Սպասենք անոնց երկուքին եռակողմանի քննարկումին…
***Եգիպտական ծրագիրը կը նկատուի բանակցային ուղիի ուղղութեամբ քայլ…(էջ 2):
—Կը մնայ մաղթել, որ ան չշեղի… ուղիի ուղղութենէն:
***Հրթիռը կրնայ արձակուիլ հիւլէական սուզանաւի մը հնոցի մը ուժին համազօր ուժով (էջ 8):
—Հրթիռը կրնայ… սուզանաւի մը հնոցին մը ուժին համազօր ուժով:
4/11/2025
***Ան շեշտեց, որ Համասին պիտի ստիպէ զինաթափուիլ(էջ 1):
Ստիպել-ը ներգործական է եւ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ:
—Ան շեշտեց, որ պիտի ստիպէ Համասը զինաթափուելու:
***Ասիկա այն ժողովուրդն է, որուն ոչ ոք պիտի կարենայ պարտութեան մատնել (էջ 2):
Պարտութեան մատնել ներգործական է եւ հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ:
Այս այն ժողովուրդն է, որ ոչ ոք պիտի կարենայ պարտութեան մատնել:
***Փոխանակ անոնց սխալներուն մասին մտածելը (էջ 8):
—Փոխանակ անոնց սխալներուն մասին մտածելու:
5/11/2025
***Թրամփ կը պնդէ, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը հիւլէական ռումբ փորձարկած են (էջ 1):
—Թրամփ կը պնդէ, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը հիւլէական ռումբ փորձարկած են
***Դուք պարտադիր չէ, որ իմանաք…(էջ 1):
—Պարտադիր չէ,, որ դուք իմանաք:
***Փաստաթուղթը կ’ընդգծէ օժանդակութիւններու ամբողջական վերական–գնման (էջ 2):
—Փաստաթուղթը կ’ընդգծէ … ամբողջական վերականգնումը:
6/11/2025
***Եթէ Նիկերիոյ կառավարութիւնը շարունակէ քրիստոնեաներու սպանու-թիւնները արտօնել (էջ 1):
—Եթէ Նիկերիոյ կառավարութիւնը շարունակէ քրիստոնեաներու սպանու-թիւնը արտօնել:
*** Իմ տենչութեան խայծն էր
Ծորում ամպից ու լուսնից.
Խորզգաց սիրտս խնդրեր
Համբոյր նրա շուրթերից (էջ 3):
—Խնդրել բայը դիմաւոր է, դերբայ չէ: Ուրեմն՝
Խորզգաց սիրտս խնդրէր
Համբոյր նրա շուրթերից:
***Օրը մթնեց…
Իջնում էին խոհուն, խոնարհ
Դեզերի ուսին
Մի կաթնահունց երկնակամար,
Մի ծերատ լուսին… (Համո Սահեան)
Վայելում էր տաք թանապուր,
Լաւաշ ու սամիթ
Աշխարաւոր մի գերդաստան՝
Պարզ ու միամիտ (Համո Սահեան):
***Դեզերի … այսինքն՝ դէզ-դէզեր-դէզերի...
***ծերատ լուսին
Արեւմտահայ ոչ մէկ բառարան ունի ծերատ:
Բառս՝ ծէրատ է: Ծայրատ բառի գաւառական տարբերակը՝ այ > է :
Որ կը նշանակէ ծայը կտրուած, թերի, ոչ-ամբողջական:
Ծէրատ լուսին՝ լուսին որ ամբողջական կամ լիալուսին չէ:
Ծէրատ բառը գոյութիւն չէ ունեցած արեւելահայ բառարաններու մէջ եւս մինչեւ ՍտեփաննոսՄալխասեան՝ ներառեալ (1944):
Ան ծերատ ձեւով նուիրականացաւ ու արեւելահայ նորագոյն բառարան-ներուն մէջ մտաւ Համո Սահեանի կիրարկութենէն ետք միայն:
***աշխարաւոր մի գերդաստան…
—աշխատաւոր մի գերդաստան
7/11/2025
***Մեզի վստահեցուցած են, որ սպառնալիք պիտի չըլլայ (էջ 1):
—Վստահեցնել ներգործական է, ուրեմն՝ մեզ վստահեցուցած են:
***Ատիկա կարեւոր կարելիութիւն է Կովկասի մէջ (էջ 8):
—Հասկցէք ինչ որ կ’ուզէք՝ կարեւոր կարելիութիւն ըսելով:
* * *
Միացեալ Նահանգներու քերականական թիւը՝ այս շաբաթ, ըստ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին փչող հովերուն.
***Միացեալ Նահանգներ վերականգնեց ճնշումը (4/11/2025, էջ 8)… եզակի
***Միացեալ Նահանգներ անոնց պիտի հետեւի (5/5/2025, էջ 1) … եզակի
***Միացեալ Նահանգները պիտի դադրեցնեն (6/11/2025, էջ 1) … յոգնակի
***Միացեալ Նահանգգներ կը պատրաստուին (7/11/2025, էջ 1) … յոգնակի
Խոնարհաբար՝ համեստ ընթերցող մը: