Մենք ու մերոնք
October 7, 2025
«Ազդակ», 6/10/2025
***Իսրայէլ այդ ծրագիրը առաջարկեց… Իսրայէլը արդարացնելու համար (էջ 1):
Անդրադարձ դերանունը նման կրկնաբանութենէ խուսափելու համար ստեղծուած է:
Ուրեմն՝
—Իսրայէլ այդ ծրագիրը առաջարկեց… ինքզինք արդարացնելու համար:
***Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրատարակեցին հաղորդա-գրութիւն մը (էջ 8):
Նախարարութիւն-ը հաւաքական անուն է. ան կրնայ բովանդակել բազմաթիւ պաշտօնեաներ՝ մէկ-երկու պիտանի ուտողներ ու անհամար անպէտ ձրիակերներ… սակայն ասոնք բոլորը քերականօրէն եզակի կը նկատուին:
—Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրատարակեց հաղորդգարութիւն մը:
Հաւաքական անուն են նաեւ՝
—աշակերտութիւն –կանաչեղէն
–բանակ –տեսականի
–անձնակազմ –նամականի
–խումբ –ընտանիք
Բազում այլովք հանդերձ:
***Ինչ կը վերաբերի… Համասի ապագային, զինաթափման ու անոր ղեկավարութեան ապագային …(Էջ 8):
—Ինչ կը վերաբերի… Համասի ու անոր ղեկավարութեան ապագային ու զինաթափման… :
***Բանակցութիւններու հիմամբ պիտի իմանանք, եթէ Համասը լո՞ւրջ է, թէ՞ ոչ (էջ 8):
Իսկ ե՞րբ քաղաքական էջիդ հայագէտները պիտի իմանան, որ եթէ-ն (si…if…) օտարաբանութիւն է, որուն հայերէնն է թէ :
—Բանակցութիւններու հիմամբ պիտի իմանանք, թէ Համասը լո՞ւրջ է, թէ՞ ոչ:
* * *
***Շարժումը իր համաձայնութիւնը կը յայտարարէ ազատ արձակելու բռնագրաւումի բոլոր գերիները… նախագահ Թրամփի առաջարկին մէջ նշուած փոխանակման ձեւաչափին հիմամբ եւ գետնի վրայ փոխանակման գործողութեան պայմաններ ապահովելով:
—Շարժումը իր համաձայնութիւնը կը յայտարարէ ազատ արձակելու բռնագրաւումի բոլոր գերիները… նախագահ Թրամփի առաջարկին մէջ նշուած փոխանակման ձեւաչափին հիմամբ եւ գետնի վրայ ապահովելով փոխանակման գործողութեան պայմաններ:
Խոնարհաբար Ձերդ՝
Սրտցաւ ընթերցող մը