Ճէյք Լուսարարեանի «Gecko Robotics»-ը 71 միլիոն տոլարի պայմանագիր կը կնքէ Մ. Նահանգներու ծովուժին հետ
April 1, 2026
Հայազգի գործարար Ճէյք Լուսարարեանի համահիմնադրած եւ ղեկավարած արհեստական բանականութեան ու ռոպոթաշինութեան «Gecko Robotics» ընկերութիւնը հսկայական համաձայնագիր մը կնքած է Միացեալ Նահանգներու Ծովուժին եւ Ընդհանուր ծառայութիւններու վարչութեան հետ:
Հնգամեայ այս պայմանագիրը, որուն արժէքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 71 միլիոն տոլարի, կը նախատեսէ արհեստական բանականութեան եւ ռոպոթներու կիրարկումով գնահատել ու սպասարկել ռազմական կառոյցներն ու միջոցները։ Ընկերութիւնը նախ պիտի սկսի աշխատիլ Խաղաղակհան ովկիանոսի ամերիկեան նաւատորմին պատկանող 18 նաւերու վրայ՝ մինչեւ 54 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագրով մը։
Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի օգնելու Ծովուժին՝ նուազեցնելու սպասարկման եւ նորոգութեան յապաղումները։ Նպատակն է, որ մինչեւ 2027 թուականը նաւատորմի մարտական պատրաստութիւնը հասնի 80%-ի։ Gecko-ի ռոպոթները ստուգումները կը կատարեն 10-էն 100 անգամ աւելի արագ, քան մարդկային ստուգումը, ինչ որ թոյլ կու տայ ռազմանաւերուն աւելի շուտ վերադառնալու ծառայութեան։
Ընկերութեան ստեղծած ռոպոթները (ինչպէս նշանաւոր TOKA շարքը) օժտուած են մագնիսական անիւներով, կրնան մագլցիլ մետաղեայ պատերու վրայ։ Անոնք ունին անդրաձայնային (ultrasonic) զգայակներ, որոնք կրնան «տեսնել» մետաղին հաստութեան նուազումը կամ ներքին ճաքերը՝ ստեղծելով կառոյցի ամբողջական «թուային երկուորեակը» (digital twin)։
Այս ռոպոթները կրնան մագլցիլ, սողալ, թռչիլ եւ լողալ՝ հսկայական ծաւալով տուեալներ հաւաքելով ռազմանաւերէն, օդանաւերէն, ելեկտրակայաններէն եւ ուժանիւթի հաստատութիւններէն։ Համակարգերը պիտի տեղակայուին ականակիրներու (destroyers), երկկենցաղ ռազմանաւերու եւ ծովափնեայ մարտական նաւերու (amphibious assault ships) վրայ։
Յաջողութեան Ուղին
Այս պայմանագիրը նոր մեծ նուաճում մըն է «Gecko»-ի համար, զոր Լուսարարեանն ու իր գործընկերը՝ Թրոյ Տեմմըրը (Troy Demmer), հիմնադրած էին 2013-ին՝ իրենց համալսարանական հանրակացարանի սենեակին մէջ։ Ճէյք Լուսարարեանի տեսլականն էր փոխել արդիւնաբերական ստուգումներու հին մեթոտները, որոնք յաճախ վթարներու պատճառ կը դառնային։
Յիշեցնենք, որ 2025-ի Յունիսին ընկերութիւնը ապահոված էր 125 միլիոն տոլարի նոր ֆինանսաւորում մը, որուն շնորհիւ անոր շուկայական արժէքը հասած էր 1.25 միլիառ տոլարի։ Ներդրողներու շարքին են այնպիսի հսկաներ, ինչպիսիք են «Cox Enterprises»-ը, «Founders Fund»-ը (Փիթըր Թիլ) եւ «Y Combinator»-ը։ Մինչ այսօր, ընկերութեան ապահոված ներդրումներուն ընդհանուր գումարը կը հասնի շուրջ 347 միլիոն տոլարի։