Հ.Բ.Ը.Մ. – ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

August 17, 2026

Հ.Բ.Ը.Մ. – ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ Մշակութային Հիմնադրամի Գնահատիչ Յանձնախումբը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ հայ հասարակութեան թէ լոյս տեսաւ Հիմնադրամի հրատարակութիւններուն թիւ 12-ը – Արա Զարեանի «ՍԻՒՆԵԱՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԵՐԴԵՐԸ Թ-ԺԱ ԴԱՐԵՐ» աշխատասիրութիւնը:

Հ.Բ.Ը.Մ. – ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ Մշակութային Հիմնադրամը հաստատած է Վահէ- Վահեան, 1982-ին, եւ զայն անձնապէս տնօրինած է մինչեւ իր ալեւոր տարիքը՝ 1994 թուականը: 2015-ին, հիմնադրամը վերսկսած է Նոր Շրջանի իր գործունէութիւնը, եւ կը շարունակէ ներկայիս իր աշխատանքները հոգատարութեամբ վեց հոգիէ բաղկացած Գնահատիչ Յանձնախումբի մը:

ԳՆԱՀԱՏԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ-ի կազմը –
Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան (Պատուոյ Անդամ)
Վիգէն Լեւոն Ադդարեան (Գործադիր Համակարգող – Գանատա)
Ցոլակ Ապտալեան (Օգնական Համակարգող – Աւստրալիա)
Արծուի Բախչինեան (Հայաստան)
Յովիկ Էօրտէքեան (Հայաստան)
Վաչէ Ղազարեան (ԱՄՆ)
Անդրանիկ Տագէսեան (Լիբանան)

Հիմնադրամին կողմէ ցարդ լոյս տեսած են 12 հատորներ –
1. Յակոբ Օշական – Վահան Թէքէեան, խմբագրութիւն՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, 1984
2. Էջեր Արեւմտահայ Մտածումէն, հեղինակ՝ Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան, 1986
3. Գոյապայքար, հեղինակ՝ Ենովա Պետեան, 1987
4. Պատմութիւն Հալէպի Օթել Պարոնի եւ Արմեն Մազլումեանի Պարոն
նամականին, հեղինակ՝ Տոքթ. Թորոս Թորանեան, 1987
5. Արմենիա, Սուբարտու եւ Սումեր, հեղինակ՝ Մարտիրոս Գաւուքճեան, 1988
6. Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը, հեղինակ՝ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան, 1994
7. Վան-Վասպուրականի Ազգային Բնորոշ Երգային նմոյշներ, հեղինակ՝ Պետրոս Ալահայտոյեան, 2015
8. Գրիգոր Նարեկացու Գանձարանը – վերծանութիւն եւ քննութիւն, հեղինակ՝ Հենրիկ Բախչինեան, 2016
9. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր), հեղինակ՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, 2017
10. Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի Նահանգի Հայ Բնակչութեան Թիւը Մեծ Եղեռնի Նախօրեակին, հեղինակ՝ Ռոբերտ Թաթոյեան, 2022
11. Հայ Քրիստոնէական Ճարտարապետութիւնը եւ Նախաքրիստոնէական Մշակոյթի Ներգործութիւնը, հեղինակ՝ Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան, 2023
12. Սիւնեաց Աշխարհի Բերդերը Թ-ԺԴ Դարեր, հեղինակ՝ Արա Զարեան, 2025

Հիմնադրամը իւրաքանչիւր տարի կոչ կ’ուղղէ հետազօտողներու, որ դիմորդները ներկայացնեն անտիպ ուսումնասիրութեան օրինակ մը, որպէսզի Գնահատիչ Յանձնախումբը, յետ քննութեան եւ ընտրութեան՝ յանձնէ հրատարակման:

Դիմումնածրարը պէտք է ուղարկել ելեկտրոնային (word կամ pdf) տարբերակով:

Մասնակցութեան պայմաններ
Ա) Ներկայացուած նիւթերը պէտք է ունենան հայագիտական բնոյթ, եւ առնչուին հայ իրականութեան բանասիրական, ընկերաբանական, մարդաբանական, հոգեբանական, երաժշտագիտական, կերպարուեստի, գրականութեան, պատմութեան, գաղութներու, Սփիւռքի, ձեռարուեստի եւ նրբարուեստներու
մարզերուն հետ:
Բ) Ներկայացուած նիւթերը կրնան նաեւ առնչուիլ Հայաստանը կամ Սփիւռքը տագնապեցնող հարցերուն՝ լեզու, ժողովրդագրութիւն, քաղաքականութիւն, հայոց ցեղասպանութիւն, հայ-օտարերկրեայ յարաբերութիւններ, հայկական համարկում, ինքնութիւն, եւ այլն:
Գ) Ներկայացուած նիւթերը պարտին ունենալ գիտական հիմնաւորում, վերլուծական եւ տեսաբանական բնոյթ, եւ ըլլալ ամբողջական եւ անտիպ:
Դ) Հրատարակութեան կրնան արժանանալ հայերէն լեզուով աշխատասիրութիւններ: Հիմնադրամի պայմանները բաւարարող մէկէ աւելի գործերու պարագային, ընթացիկ տարուան համար նախապատուութիւնը կրնայ տրուիլ արեւմտահայերէնով ներկայացուած աշխատանքի մը:
Դասական ուղղագրութեան գործածութիւնը նախապայման է: Ի հարկին, Հիմնադրամի իրաւունքն է դասական ուղղագրութեան վերածել ընտրեալ աշխատասիրութեան բնագիրը:
Ե) Մէկէ աւելի արժանի գործերու պարագային՝ Գնահատիչ Յանձնախումբը կրնայ յանձնարարել յաւելեալ գործերու հրատարակումը յաջորդական տարիներու ընթացքին, նոր ստացուած եւ հրատարակման արժանի այլ ձեռագրերու հետ զուգահեռաբար:

Այլ մանրամասնութիւններ –

Ա) Նոր աշխատասիրութիւնները պէտք է ուղարկել [email protected] հասցէին, ամէնէն ուշ՝ մինչեւ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 30ը:
Բ) Նիւթերը պէտք է ներկայացուին համակարգչային շարուածքով, 12 չափի Times New Roman տառատեսակով (size 12 font) եւ կրկնակ տողանջատումով (double space)՝ բաղկացած առնուազն 150 էջէ, ծանօթագրութիւններն ու ցանկերը ներառեալ:
Գ) Գնահատիչ Յանձնախումբը կրնայ մրցանակի արժանացած ուսումնասիրութեան հեղինակին առաջարկել ձեռագիրի բովանդակութեան եւ յաւելեալ խմբագրական աշխատանքի մը նկատմամբ իր շինիչ եւ իրագործելի նկատողութիւնները, որպէսզի հրատարակութիւնէն առաջ պատրաստուի լաւագոյն հրատարակելի օրինակը:
Դ) Մրցանքին արդիւնքը, ըստ Գնահատիչ Յանձնախումբի որոշումին, հրապարակաւ կը յայտարարուի հանրութեան՝ յայտնելով հրատարակութեան արժանացած գիրքին եւ անոր հեղինակին անունը:
Ե) Որպէս պատուագին՝ հրատարակութեան արժանացած հեղինակը, կը ստանայ 100 տպագրեալ օրինակ, որոնցմէ՝ մինչեւ 20-ը, յանձն կ’առնէ ձրիաբար ցրուել իր բնակած
երկրի կարեւոր գիտական եւ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններուն, ինչպէս
նաեւ գրադարաններուն եւ տուեալ մարզի մասնագէտներուն: Վերոյիշեալ (մինչեւ 20)
օրինակները ստացող անձերուն եւ հաստատութիւններուն ցանկը հեղինակը պարտի
գրաւոր կերպով փոխանցել Հիմնադրամի ե-մակի հասցէին:
Զ) Ներկայացուած աշխատասիրութեան հեղինակի իրաւունքը կը պատկանի
նոյնինքն հեղինակին:
Է) Պաշտօնական հրատարակութենէն եւ սփռումէն յետոյ, Հիմնադրամին եւ
Գնահատիչ Յանձնախումբին մնայուն իրաւասութիւնն է, ըստ իր տնօրինման եւ
որոշումին, աշխատասիրութեան վերջնական հրատարակութեան արժանացած
ելեկտրոնային տարբերակը զետեղել (կամ զետեղել տալ) պատշաճ առցանց կայքերու
վրայ որպէսզի ձրիաբար տրամադրելի դառնայ լայն հանրութեան:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x