Հայ տաղանդը, կարմիր գորգը եւ քաղաքականացած Օսքարները

March 21, 2026

Այս տարի Academy Awards-ի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան հայերու ներկայութիւնը զգալի էր։ Հայերը ոչ միայն մասնակցեցան մրցանակաբաշխութեան, այլեւ փայլեցան կարմիր գորգին վրայ:

1 Մատլէն Շարաֆեան

Մատլէն Շարաֆեան(1) երկրորդ անգամ արժանացաւ Օսքարի թեկնածութեան՝ «Elio» երկարատեւ animation ֆիլմին համար։ Անոր առաջին թեկնածութիւնը եղած էր 2021-ին՝ «Burrow» կարճ animation ֆիլմով (Best Animated Short Film)։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ Օհանեանը (2), որուն «Sinners» ֆիլմը ստացաւ պատմական 16 թեկնածութիւն։

2 Սեւ Օհանեան եւ կինը Նաթալի Գասապեան

Անոնց կը միանար արմատներով հայ գրող, համադրող (curator), filmmaker, արուեստի պատմութեան դոկտոր եւ ֆիլմի մագիստրոս` Natalie Musteata-ն (3)։ Անոր մասին լայն տեղեկութիւններ չկան, սակայն հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին նշած է, թէ իր ընտանիքը Հայաստանէն գաղթած է Ֆրանսա։ Այլ աղբիւրներ կը նշեն, որ ռումանահայ ծագում ունի, հաստատուած է Ֆրանսա, իսկ յետոյ տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ստացած է բարձրագոյն կրթութիւնը։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, Musteata կը կեդրոնանայ ինքնութեան, մշակոյթի եւ storytelling-ի վրայ։ Իր ամուսինին՝ Alexandre Singh-ի հետ միասին թեկնածու էր «Two People Exchanging Saliva» ֆիլմով՝ լաւագոյն live action short film-ի բաժինին մէջ։

3 Natalie Musteata եւ Alexandre Singh

Թէեւ «Sinners» ֆիլմը իր 16 թեկնածութիւններէն միայն չորս մրցանակ շահեցաւ, Սեւ Օհանեան իբր արտադրիչ մրցանակ չստացաւ։ Մատլէն Շարաֆեան եւս մնաց առանց մրցանակի։ Սակայն Natalie Musteata ստացաւ իր առաջին Օսքարը։

Կարմիր գորգին վրայ, ուր լուսարձակի տակ կ’առնուի նորաձեւութիւնը, Մատլէն Շարաֆեան ընտրած էր հայ ձեւաւորող (designer) Վարդուհի Տոռոզեանի՝ Jocund վաճառանիշի ստեղծագործութիւններէն մէկը։ Յատկանշական էր, որ Մատլէն Շարաֆեանի մրցակից Maïlys Vallade կարմիր գորգին վրայ ներկայացաւ հայ ձեւաւորող Վան Վէմեանի հագուստով եւ Արման Սարգիսեանի գոհարեղէնով։

Իր կարգին, Սեւ Օհանեան Instagram-ի իր էջին վրայ յայտարարեց, որ իր տարազին վրայի brooch-ը յատուկ իրեն համար պատրաստուած էր Tacori-ի կողմէ, որ հիմնուած է ամերիկահայ Հայկ Թագուորեանի եւ կնոջ կողմէ։

 2026-ի Օսքարներուն, նոր աւելցուած «լաւագոյն casting» բաժինին մէջ, «Sinners» ֆիլմով թեկնածու Francine Maisler ընտրած էր հայ ձեւաւորող Լուիզա Պապուրեանի ստեղծագործութիւններէն մէկը. իր գոհարեղէնը եւս կը պատկանէր հայ ձեւաւորողներ Սոնիա Պօյաճեանին եւ Արման Սարգիսեանին։

Նորաձեւութենէն դէպի քաղաքականութիւն անցումը շատոնց արդէն հաստատուած երեւոյթ մըն է Օսքարի բեմին վրայ։ Այս տարի, ամենէն համարձակ ու բարձրաձայն դիրքորոշում արտայայտողը եղաւ Խավյէ Պարտէմը, որուն յաջորդեց Շոն Փէնը։

4 Խավյէ Պարտէմ

Խավյէ Պարտէմ(4) իր տարազին վրայ կրած էր «NO A LA GUERRA» (ոչ պատերազմին) գրութիւնը՝ սեւ շրջանակի մէջ, կարմիր՝ արեան կաթիլի ձեւաւորումով։ Լաւագոյն օտար լեզուով ֆիլմի մրցանակը յայտարարելէ առաջ, բեմէն ուղիղ կոչ ուղղեց՝ ըսելով «No to war and free Palestine» (ոչ պատերազմին եւ ազատութիւն Պաղեստինին)։

5 Շոն Փէն Golden Globe Awards-ի ընթացքին

Շոն Փէն(5), սակայն, բացակայ էր արարողութենէն։ Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ այս բացակայութիւնը կը բխէր իր վերջին տարիներուն որդեգրած յստակ քաղաքական կեցուածքէն՝ Ուքրանիոյ աջակցելու եւ հակա-Ռուսիա իր դիրքորոշումը շեշտելու նպատակով։ Անոր այս վերաբերումը նոր չէր․ ան արդէն իսկ անտարբերութիւն ցուցաբերած էր Golden Globe Awards-ի ընթացքին, ուր փակ սրահի մէջ անտարբեր կը ծխէր(5)։ Penn նաեւ բացակայած էր յաջորդող մրցանակաբաշխութիւններէն՝ Actors Awards եւ BAFTA Awards, որոնց ընթացքին ան դարձեալ շահեցաւ մրցանակներ։

6 Շոն Փէն երկաթուղիի մետաղով պատրաստուած Օսքարի յուշանուէրով

Օսքարներու բաշխումի երեկոյեան, Շոն Փէն կը գտնուէր Ուքրանիա՝ նախագահ Զելենսքիի կողքին։ Իր անունը մրցանակակիր յայտարարուելէն ետք, Զելենսքի անոր նուիրեց պատերազմի ընթացքին վնասուած երկաթուղիի մետաղով պատրաստուած, Օսքարի արձանին նման յուշանուէր(6) մը։

Վերոնշեալ մրցանակաբաշխումներուն, Շոն Փէն երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանի թեկնածութիւն ունէր, «One Battle After Another» ֆիլմին մէջ:

 

7 The Voice of Hind Rajab» ֆիլմի անձնակազմի անդամներ «Artists4Ceasefire» նշանով 7

Քաղաքական այլ կարեւոր դէպք մըն ալ տեղի ունեցաւ, որ սակայն միայն ուշադիր եւ շահագրգռուած շրջանակներու ուշադրութեան արժանացաւ․ «The Voice of Hind Rajab» ֆիլմի գլխաւոր դերակատարին Ամերիկայի միացեալ նահանգներ մուտքի վիզա չէր տրուած՝ իր պաղեստինեան հպատակութեան պատճառով։ Ֆիլմի անձնակազմի միւս անդամները կարմիր գորգին վրայ բարձրաձայնեցին այս հարցը՝ իրենց տարազներուն վրայ կրելով նաեւ «Artists4Ceasefire» նշանը(7)՝ որպէս համերաշխութեան եւ քաղաքական դիրքորոշումի արտայայտութիւն։ Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին բոլոր այն երկիրներուն, ուր պատերազմ կայ՝ ներառեալ Պաղեստինը, Վենեզուելան եւ Իրանը, եւ քննադատեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը՝ մասնաւորաբար ICE-ի հարցով։

Այսպիսով, 2026-ի Օսքարները դարձեալ առանձնացան իրենց քաղաքական շեշտադրումներով՝ միաժամանակ հանդիսանալով հայ տաղանդի եւ ստեղծագործական ներկայութեան տեսանելի հարթակ մը։

Փաթիլ Գուլաճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x