Հայաստան The New York Times-ի աշխարհի «52 վայրեր, որ պէտք է այցելել 2026-ին» ցանկին մէջ
January 25, 2026
The New York Times-ը, որ աշխարհի ամենաազդեցիկ լրատուամիջոցներէն մէկն է, Հայաստանը ներառած է իր 2026 թուականի ճամբորդական խորհուրդներու ցանկին մէջ՝ զայն դասելով աշխարհի այցելութեան արժանի վայրերու առաջին քսանեակին (20-րդ տեղ)։
«Տեղակայուած ըլլալով Կովկասի խորդուբորդ լեռնաշխարհին մէջ՝ Հայաստան տասնամեակներ շարունակ լռելեայն կերպով կը գրաւէր լեռնագնացներու եւ բնութեան սիրահարներու ուշադրութիւնը։ Սակայն վերջերս զբօսաշրջութեան ցուցանիշները զգալիօրէն աճած են՝ 2025-ի առաջին ութ ամիսներուն արձանագրելով պատմական բարձր թիւ, իսկ Օգոստոսին՝ ամսական այցելութիւններու նոր գագաթ։ Այս պայմաններուն մէջ Concours Mondial de Bruxelles-ը՝ աշխարհի առաջատար գինիի մրցոյթներէն մէկը, Մայիսին պիտի կայանայ մայրաքաղաք Երեւան-ի մէջ», — կը գրէ The New York Times։
«Հայաստան, որ ունի աւելի քան 6,000 տարուան գինեգործական աւանդութիւն, գինիի սիրահարներուն կը ներկայացնէ այցելութեան չորս հիմնական գինեգործական շրջաններ։ Ճամբուն վրայ կարելի է նաեւ այցելել Սեւան լիճ-ը՝ լեռնաշղթաներով շրջապատուած հրաբխային լիճ մը, որուն ափերը զարդարուած են հազարամեայ վանքերով։ Քիչ մը անդին, Դիլիջանի ազգային պարկ-ը կը ներառէ քանի մը լեռնաշղթաներ՝ ալփեան մարգագետիններով, ընդարձակ անտառներով եւ բուժիչ աղբիւրներով, որոնք միացուած են քայլարշաւային ուղիներու ցանցով։ Պարկը կը հիւրընկալէ հազուագիւտ եւ վտանգուած բուսատեսակներ, ինչպէս նաեւ գորշ արջեր, գայլեր եւ եւրոպական վայրի կատուներ», — կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։
«Fitch» Հայաստանի վարկանիշի հեռանկարը դարձուցած է «դրական»

«Fitch Ratings» գործակալութիւնը վերանայած է Հայաստանի վարկանիշի հեռանկարը՝ դարձնելով զայն «դրական» եւ հաստատած է վարկանիշը «BB-» – մակարդակի վրայ։ Վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, որ միջազգային վարկանիշային գործակալութեան այս որոշումը կը ցոլացնէ աճող վստահութիւնը Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան եւ հաստատութենական կայունութեան նկատմամբ։
Հնդկաստան «Փինաքա» հրթիռներ կ՚արտածէ դէպի Հայաստան

«The Times of India» եւ այլ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ռաճնաթ Սինկհ «ճամբած է» «Փինաքա» հրթիռներու խմբաքանակը, որ ի մօտոյ պիտի հասնի Հայաստան։ Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Կիրակի օր։ Այս կառավարուող հրթիռները ճշգրտօրէն կը խոցեն աւելի քան 70 քմ. հե- ռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ։