Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու պայմանները կրնան խստացուիլ

September 11, 2026

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու, զայն վերականգնելու եւ դադրեցնելու կարգը կրնայ էական փոփոխութիւններու ենթարկուիլ։ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուցած է օրէնսդրական փաթեթ մը, որ կը նախատեսէ վերանայիլ բնակութեան պայմանները, դիմումներու ընթացակարգը եւ պետական տուրքերու չափերը։

Նախագիծին համաձայն՝ օտարերկրացիներուն համար ընդհանուր հիմունքներով քաղաքացիութիւն ստանալու անհրաժեշտ օրինական բնակութեան ժամկէտը ներկայ երեք տարիէն պիտի բարձրանայ հինգ տարուան։ Այդ ժամանակաշրջանին դիմողը պէտք է փաստացի գտնուած ըլլայ Հայաստանի մէջ տարեկան առնուազն 183 օր, այսինքն՝ հինգ տարուան ընթացքին առնուազն 915 օր։

Հայաստանի քաղաքացի մերձաւոր ազգական ունեցող անձերուն, ինչպէս նաեւ գաշթականներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցողներուն համար կը նախատեսուի երեք տարուան օրինական բնակութիւն, իսկ ազգութեամբ հայերուն համար՝ մէկ տարի։ Նախագիծով կը նախատեսուի նաեւ բարելաւել ազգութեամբ հայ ըլլալու հանգամանքը ստուգելու դրութիւնը՝ այդ նպատակով ստեղծելով մասնագիտացած յանձնաժողով։

Փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ պետական տուրքերու գծով։ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու պետական տուրքը ներկայ 50 հազար դրամէն պիտի բարձրանայ 250 հազար դրամի, այսինքն՝ հինգ անգամ։ Քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու պարագային տուրքը 150 հազար դրամէն պիտի հասնի 1,5 միլիոն դրամի, կամ՝ վեց անգամ աւելի։

Նախագիծը կը նախատեսէ նաեւ քաղաքացիութեան վերականգնման նոր պայմաններ։ Նախապէս Հայաստանի քաղաքացիութիւնը դադրեցուցած անձը պիտի կարենայ զայն վերականգնելու դիմում ներկայացնել դադրեցման հրամանագրի ուժի մէջ մտնելէն առնուազն երեք տարի ետք՝ պայմանով, որ դիմելու պահուն Հայաստանի մէջ ունենայ առնուազն երեք տարուան օրինական բնակութիւն։

Քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին նախագահի հրամանագրին ուժի մէջ մտնելը եւս պիտի կապուի երդման ստորագրութեան հետ։ Կը նախատեսուի, որ երդման արարողութիւնը կատարուի Հայաստանի տարածքին՝ մէկ տարուան ընթացքին։

ՆԳՆ-ի ներկայացուցած հիմնաւորման տուեալներուն համաձայն՝ 1 Յունուար 2021-էն մինչեւ 31 Օգոստոս 2026 Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 110.219 անձ, որոնցմէ 108.002-ը ստացած է «099» ծածկագիրով անձնագիր (անձնագիր առանց Հայաստանի մէջ մշտական հաշուառման)։

Առաջարկուած փոփոխութիւնները տակաւին օրինագիծի փուլին մէջ են եւ ներկայացուած են հանրային քննարկման, հետեւաբար նշուած նոր պայմաններն ու տուրքերը ներկայիս ուժի մէջ մտած չեն։

Աղբիւր՝ ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութիւն / Միգրացիայի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւն

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x