Ի՞նչ է անհամասեռութիւնը (8)

September 7, 2025

 

  1. Շարահիւսական անհամասեռութիւն (ա)

Անհամասեռութեան  այս տարբերակը կ’ընդգրկէ բառերէն անդին՝ ամբողջական նախադասութիւններ, ուր կը յառաջանան  խօսքի  կառուցային անմիօրինակութիւններ, աններդաշնակութիւններ, անհամատեղելիութիւններ:

Օրինակ՝

–Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր:

Արկածեալին կրած վնասներէն առաջին երկուքը ունին անուանական բնութագրում՝ «կոտրած անրակ» եւ «ճաթած կողոսկրներ», մինչ երրորդը ունի նկարագրական բնութագրում, որ տրուած է ամբողջ նախադասութեամբ մը՝ «անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր», մինչդեռ ոճական հետեւողականութեան համար կարելի էր այս վերջինին նմանապէս  տալ անուանական բնութագրում եւ ըսել.

–Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ վիրաւոր թոք մը:    

Նաեւ՝         

— Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ թէ ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:

Սա նախորդին մէկ կրկնօրինակն է. բնական երեք նախատեսութիւններուն առաջին երկուքը անուանական են, իսկ երրորդը՝ նկարագրական, ինչ որ կարելի էր սրբագրել այսպէս՝

–Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին  մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ  ալիքներու արտակարգ բարձրացում:

Երրորդը կարելի է բանաձեւել նաեւ այսպէս՝ «եւ արտակարգօրէն բարձր ալիքներ»:                                        

*   *   *

Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ այսպիսիները ստանան հակառակ լուծում մը, որ ահաւասիկ.

–Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին, թէ պիտի փչէ զօրաւոր փոթորիկ մը, պիտի պատահին հեղեղային տեղումներ  եւ (թէ) ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:

Այս կարգի լուծումը ի զօրու է  բերուած բոլոր օրինակներուն համար:

Նաեւ՝

–Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն ու կալանքի տակ առնուիլն էր («Ազգ», 20-11-15):

Ուր համադասուած են  պաշտօնազրկումն (բայանուն) եւ կալանքի տակ առնուիլն (անորոշ դերբայական բառակապակցութիւն):

Սրբագրենք զայն՝

–Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն էր եւ կալանաւորումը»:  

Կամ՝ պաշտօնանկութիւնն ու կալանքը:

Այլ նաեւ՝

–Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկուիլն ու կալանքի տակ առնուիլն էր»:

Որով անհամասեռութիւնը վերցաւ, սակայն կառոյցը ճապաղ, ծանծաղ ու անհրապոյր է: Նկատել մանաւանդ բառակազմական անմիօրինակութիւնը.

պաշտօնազրկուիլ-ը բառային մէկ ամբողջութիւն է, մինչ՝

կալանքի տակ առմուիլը՝ ամբողջ բառակապակցութիւն մը:

Գոնէ  համադասէր սա՛ ձեւով՝

պաշտօնազրկուիլն ու կալանաւորուիլը

                                                          *   *   *

Այլ օրինակներ՝

***Արկածեալը կը տառապէր  կոտրած բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ,  եւ քիթը յարատեւ կ’արիւնէր:

—Արկածեալը կը տառապէր  կոտրած  բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ եւ քիթի  մնայուն (կամ՝ անդադրում) արիւնահոսութենէ:

***Վաճառորդուհին ունէր  համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ  համբերութեամբ կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցումներուն:

—Վաճառորդուհին ունէր  համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ համբերութիւն:

Ուր կատարելապէս համասեռ են՝ համոզիչ շեշտ-ը, կիրթ շարժումներ-ը եւ մեծ համբերութիւն-ը:

***Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝  ֆրանսական պանիրը,  գերմանական նրբերշիկը,  գիրուկ վառեակ մը եւ գինի որ իտալական արտադրութիւն էր:

—Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝ ֆրանսական պանիրը, գերմանական նրբերշիկը, գիրուկ վառեակ մը եւ իտալական գինին:   

***Արտագաղթողները կը դժգոհին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն եւ կը բողոքէին տիրող անարդա-րութեան դէմ:

—Արտագաղթողները կը դժգոհէին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն  եւ տիրող անարդարութենէն:

***Անոնք մեկնեցան  աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու յոյսով եւ պիտի փորձէին նոր  հայրենիք մը կերտել   այդ   ափերուն վրայ:

Անոնք մեկնեցան աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու եւ  նոր հայրենիք մը կերտելու յոյսով:

Համասեռութեան սիրոյն ջնջեցինք «այդ ափերուն վրայ» բառակապակցութիւնը, որ շատ բան չի նշանակեր:

 [email protected]                                                                Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x