Ի՞նչ է անհամասեռութիւնը (Դ.)

August 5, 2025
  1. Անուանական անհամասեռութիւն (ա)

Անուանական անհամասեռութիւնը կ’ընդգրկէ  խօսքիմասային ոչ-բայական  շերտը՝ գոյականը, ածականը, թուականը, դերանունը, մակբայը, որեւէ բառ:

Օրինակներ՝

— Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի  հաւասարութեան գործադրումը:

Այս նախադասութեան պայմանը ենթական ունի երեք ստորոգելիներ, որոնց երեքն ալ բայանուն են, բայց ահա ասոնց առաջինը կը կրէ –ութիւն վերջածանցը, միւս երկուքը –ում վերջածանցը, ինչ որ ոճականօրէն խոցելի կը դարձնէ ընդհանուր կառոյցը՝ չհաշուած իմաստային նուրբ անհամապատասխանութիւնը, որ կը յառաջանայ այս երկու տարբեր ածանցներէն:

Պէտք է ունենայինք՝

–Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնումն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի  հաւասարութեան գործադրումը:

            Նաեւ՝

***Վնասուած են 103  ոստիկանութեան  եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:

Ուր ինքնաշարժ գոյականը իբրեւ լրացում ունի նախ՝ սեռական հոլով  գոյական մը, ապա ածական մը:  Սրբագրենք զայն՝

—Վնասուած են 103 ոստիկանական եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:

*** Անոնք հոգացին որբերուն առողջական  եւ սնունդի կարիքները:

—Անոնք հոգացին որբերուն  առողջական  եւ սննդական  կարիքները:

***Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորներու թաղերուն մէջ (Պերճուհի Բարսեղեան, «Խանձուած օրեր», էջ 136):

—Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորական թաղերուն մէջ:

Ծանօթ.- Այս վերջինին սրբագրումը խորքին մէջ ձեւական է, եւ նախադասութեան յղացքը  ոճաբանօրէն կը մնայ խոցելի. ինչո՞ւ:

Որովհետեւ ձկնորս-ը կ’անուանէ ծանօթ արհեստ կիրարկող  մը, մինչդեռ արհեստաւոր-ը որեւէ ծանօթ՝ մասնաւոր արհեստ  կիրակողի  անուն չէ:

Բերուած սխալ օրինակը կարելի է սրբագրել հետեւեալ կառոյցով.

—Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ  արհեստաւորական այլ թաղերու մէջ:

*** Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ունեցողը  ոչ թէ  կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է:

—Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ոնւեցողը ոչ թէ կուսակցական, այլ քաղաքացիական պայքար է:

                                                    *    *    *

Շատ տարածուած է անհամասեռութեան այն տեսակը, ուր բազմակի անդամներէն մէկը  բայանուն է, միւսը անորոշ դերբայ:

Օրինակ՝

***Բախումները առիթ հանդիսացան  վերստին քննարկումի եւ նոր գնահատական ընելու  հանրային կեանքի բոլոր  երեսներուն:

Ուր ունինք քննարկումի բայանունը եւ  ընելու դերբայը:  Միւս կողմէ՝ վերստին մակբայը իբրեւ որոշիչ տրուած է  քննարկումի գոյականին, ինչ որ մերժելի կացութիւն մըն  է:  Այս բոլորը կը սրբագրենք հետեւեալ ձեւով.

—Բախումները առիթ հանդիսացան վերստին քննարկելու հանրային կեանքի բոլոր երեսները եւ ընելու անոնց գնահատականը:

***Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրութիւններու քննադատութիւններուն եւ միջամուխ ըլլալուն:

—Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրոթիւններու քննադատութեան եւ միջամտութեան:

***Թուրքիոյ ձեւական  դիմափոխութիւնը եւ պատերազմ յայտարարելը… ոչ մէկուն կրնայ խաբել:

—Թուրքիոյ ձեւական դիմափոխութիւնն ու պատերազմի յայտարարու-թիւնը  ոչ մէկը կրնայ խաբել:

*** Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը, խաբեպատիր ըլլալը եւ երեսանցութիւնը:

Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը,  խաբեբայութիւնն   ու երեսանցութիւնը:

                                                           *   *   *

Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը հոլովական անմիօրինակութիւնն է.

***Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման եւ լեզուական մաքրա-զըտումի:

—Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման (կամ՝ ինքնամաքրումի) եւ լեզուական մաքրազտման (կամ՝ մաքրազտումի):

*** Մեր դրացիները նպաստած են  բարեկամական կապերու  հաստատման եւ զարգացումին:

—Մեր դրացիները նպաստած են բարեկամական կապերու հաստատման (կամ՝ հաստատումին) եւ զարգացման (կամ՝ զարգացումին):

                                                           *   *   *

Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը լրացումներու այլազանութիւնն է.

*** Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք  կը դառնան աւելի կարեւոր  եւ ուժ ունեցող փաստաթուղթերու: 

—Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք կը դառնան աւելի կարեւոր  եւ ուժեղ փաստաթուղթերու

***Որքա՜ն  լաւ ու խորապէս  կը հասկնամ ձեզ (Վահէ-Վահեան, «Նամականի»,  էջ 391):

—Որքան լաւ ու խոր կը հասկնամ ձեզ:

Ծանծաղ  է ըսել՝ լաւապէս ու խորապէս կը հասկնամ ձեզ…:

[email protected]                                                                 Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x