Ի՞նչ է անծերին կամ կապտածաղիկը (Ageratum houstonianum)

November 5, 2025

. Անծերի

Կը կոչուի նաեւ կապտածաղիկ :

Այս ծաղիկին ակնարկած են մի՛միայն Ակադեմիայի քառահատոր բացատրական բառարանն ու Աշոտ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը:

Լատիներէն գիտական անունն է՝ Ageratum houstonianum.

Ֆրանսերէն՝ agerate, անգլերէն՝ bluemink:

Եղանակային՝ մայիսէն մինչեւ նոյեմբեր ապրող  բոյս  մըն է,  որուն հայրենիքը եղած է Մեքսիկան՝ անկէ տարածուելու համար մասնաւորաբար բարեխառն այլ գօտիներ եւս: Կ’աճի յատկապէս  մարգագետիններու, ինչպէս նաեւ անտառային խոնաւ բացատներու վրայ:

Հայաստան մուտք գործած է 1930-ականներէն սկսեալ, մասնաւորաբար Արարատ-եան դաշտի  տարածքին, ուր անոր սերմերը կը ցանեն նախ ջերմոցներու մէջ, ապա նորահաս ցօղունները  մայիսի կէսերէն սկսեալ կը փոխադրեն ազատ բնութիւն:

Օժտուած է գեղազարդիչ (décoratif) բարձր վարկանիշով:

Ունի բազմաթիւ տեսակներ, ուր կ’իշխէ կապոյտը, սակայն նուազ տարածուած չեն

ծիրանագոյն,  վարդագոյն ու ճերմակ տաբերակները  եւս:

  1. Հետեւեալը կը քաղեմ ընթացիկ յօդուած է մը.

            ***«Իրաւունք բառը գոյութիւն չունի:

            Իրաւունքը զօրաւորին է» («Ազդակ», 11/8/2025, էջ 8):

            Հարցում՝

            -Քանի՞ արեւմտահայ կրնայ յաւակնիլ, թէ ինք կ’անդրադառնայ, թէ այս պարզա-գոյն կառոյցին մէջ, որ կրնար արտասանուիլ մեզմէ որեւէ մէկուն կողմէ, կը  գտնուին լեզուական/տրամաբանական երկու սխալներ:

                                                                               *   *   *

            Առաջինը՝

            Համաձա՞յն էք, որ  իրաւունք բառը գոյութւն չունի:

            Բացէ՛ք Նայիրի-ի 150 բառարանները, պիտի նկատէք, որ բոլորին մէջ ալ կը գտնուի ան, եւ  միշտ գտնուած է հայերէնի, այլեւ… աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ:

            Սակայն հեղինակը իրապէս բա՞ռը ի մտի ունէր, թէ՞ իրաւունք հասկացութիւնը, կամ պարզապէս… իրաւունքը, արդարութիւնը:

            Որ, այո, ընդհանրապէս կը բացակայի:

            Մարդիկ միշտ չէ որ իրաւունք կը գտնեն, իրաւունքը կը ստանան:

            Անիրաւութեան պարագաները շատ աւելի են մեր կեանքին մէջ, քան արդար

իրաւունքի, արդար հատուցումի պարագաները:

            -Իսկ յաջորդ սխալ՞լը,- անհամբեր պիտի հարց  տաք:

            Այդ յաջորդ սխալի պարագան քիչ մը աւելի բարդ է, եւ արդէն զայն նկատի ունենալով է, որ սկսայ այս շարադրութեան, ուր շատ աւելի բան կայ ըսելիք:

                                                                          *   *   *

         Երկրորդը՝

            ***Իրաւունքը զօրաւորին է:

            Զօրաւորին-ը      սեռական  հոլովն է զօրաւոր  ուղղականին, որուն ետեւը  պարզապէս  աւելցած է «ն» որոշիչ  յօդը:

            Արդ, մի՞թէ սեռականը  գոհացուցիչ է:

            Ոչ, գոհացուցիչ չէ: Ուրիշ հոլով պէտք է այստեղ:

            Այդ ուրիշ հոլովին անդրադառնալու համար՝ փոխարինենք զօրաւորին սեռականը  անձնական դերանունի սեռականով, տեսնենք ի՛նչ կը ստացուի.

            Իրաւունքըը իմ է

          Իրաւունքը քու է

          Իրաւունքը իր է

            Հայերէ՞ն է այս, դուք այսպէ՞ս հայերէն կը խօսիք:

            Վստահաբար ո՛չ:

Բոլոր հայերը, նոյնիսկ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը, կ’ըսեն՝

Իրաւունքը իմս է:

Իրաւունքը քուկդ է:

Իրաւունքը իրն է:

Այլ խօսքով՝ անձնական դերանունի սեռականին վրայ կ’աւելցնենք ստացական համապատասխան  յօդերը՝  ս, դ, ն:

Իրաւունքը զօրաւորին է կառոյցին մէջ զօրաւորին սեռականը  դիմորոշ յօդ չունի. անոր ետեւը գտնուողը որոշիչ յօդ է, որ չի բաւեր, պէտք է աւելնայ դիմորոշն  ալ, այլ խօսքով՝

զօրաւորին+ն=զօրաւորինն:

Եւ մեր նախադասութիւնը հնչէ՝

          Իրաւունքը զօրաւորինն է:

  1. Զե՞րծ, թէ՞ զուրկ

Երեւութապէս  շատ սովորական երկու ածականներ են ասոնք, որոնք, սակայն, սխալ գործածութեան ամենամեծ յաճախականութիւնը ներկայացնող զոյգերէն մէկն  են:

Վկայ՝

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի հետեւեալ կիրարկութիւնը.

«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են իր բազմազանութիւնը յարգող, Իրանի, Հըզպալլայի եւ անոր կայունութիւնը ականահարել փորձողներու ազդեցութենէն զուրկ լիբանանեան հզօր պետութեան մը գոյութեան երաշխաւորման» («Ազդակ», 26/9/2025, էջ 1):

Զուրկ-ը ցոյց կու տայ առաւելութեան մը բացակայութիւնը. օրինակ՝

***Թորոսը զուրկ է ամէն շնորհքէ,- այսինքն՝ որեւէ շնորհք  չունի:

Զերծ-ը  ցոյց կու տայ թերութեան մը բացակայութիւնը. օրինակ՝

***Մարկոսը զերծ է ամէն թերութենէ,- այսինքն՝ որեւէ թերութիւն չունի:

            [email protected]                                                                 Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x