Եօթը ամիս՝ ընդդէմ մէկ օրուան
October 15, 2026

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 2025-ի թատերաշրջանին ներկայացուց «Մարդը Աթլանթիսէն»(1) գործը, որ երկու բառով կրնամ նկարագրել՝ խորիմաստ եւ գունեղ։ Ներկայացումը բաւական տարակարծութիւններ յառաջացուց։ Բացասական արտայայտուողներուն հիմնական խնդիրը թատրոնը՝ իր ամբողջութեան մէջ, չէր, այլ այն, որ ներկայացումը կատակերգութիւն չէր։

Լիբանանի շարունակուող ծանր կացութեան մէջ մարդիկ կատակերգութեան կարիքը ունէին։ Իրաւունք ունէին։
Աւելի ուշ, երբ վարչութիւնս պէտք էր ձեռնարկէր յաջորդ թատերական ծրագրին, ներքին քննարկումներէ ետք որոշեցինք, որ յաջորդ գործը կատակերգութիւն մը պիտի ըլլայ։ Եւ շուտով գործի անցանք։
Ապրիլ 2026-ին արդէն իսկ թատերախաղը գտայ եւ անգլերէնէ թարգմանեցի՝ Dario Fo-ի “The Virtuous Burglar”, որուն վերնագիրն ալ ուզեցինք փոխել մինչեւ որ հասանք «Դող՝ սիրտը գող»-ի: Վարչութիւնս հանդիպում մը կազմակերպեց, որուն ընթացքին բեմադրիչը դերասաններուն բաժնեց text-երը՝ առանց դերաբաշխում կատարելու։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը սպասուէր, որ կարդայ գործը, թափանցէ անոր մթնոլորտին մէջ, եւ յաջորդ հանդիպումին պատրաստ ըլլանք որոշելու, թէ ով ինչ դեր պիտի ստանձնէր։
Այդքան ալ դիւրին չեղաւ։ Ապրիլը դարձաւ մայիս, մայիսը՝ յունիս, յունիսը՝ յուլիս, եւ ահա հասանք օգոստոսին։ Թուլութիւն կար, հոգեկան ծանր վիճակ։ Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական կացութիւնը իր ազդեցութիւնը ձգած էր բոլորիս վրայ։ Բայց եւ այնպէս, խմբային որոշումով մը, նպատակ դրինք ներկայացումը բեմ բարձրացնել հոկտեմբեր 9-ին, 10-ին եւ 11-ին։
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ բոլորս անխտիր կը փափաքէինք բեմ բարձրանալ։ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը մեր պոռթկումին տեղն ու առիթն էր։

Օգոստոսին փորձերու(3) լուրջ ու խիտ ծրագիր մը մշակեցինք, սակայն գործը տակաւին դժուարութեամբ յառաջ կ՚ընթանար։ Միշտ բացակայողներ կ՚ըլլային, իսկ ներկայ եղողներն ալ այնքան ալ հանգիստ կամ խանդավառ չէին։ Իւրաքանչիւրին պարագան գիտէի. պէտք էր հասկնալ ու համբերել։ Բայց միւս կողմէ, մեր առջեւ յստակ ժամկէտ մը կար, որմէ անդին չէինք կրնար անցնիլ։

Օգոստոսն ալ որոշ չափով թոյլ անցաւ։ Դերասանները տակաւին լաւ չէին իւրացուցած text-ը, իսկ տեքորի, տարազներու, երաժշտութեան եւ, մանաւանդ, ընկերային ցանցերու միջոցաւ ծանուցման ուղղութեամբ տակաւին քայլ մը իսկ չէր առնուած։
Միայն յայտարարութեան պաստառը(4) պատրաստ էր։ Ատիկա կը պարտինք Փաթիլ Զարմէնեանին, որ առանց վարանելու ընդառաջեց մեր առաջարկին։ Բաւական տարբերակներ փորձելէ եւ քննարկելէ ետք՝ միասնաբար հասանք վերջնական արդիւնքին։

Եկաւ սեպտեմբերը եւ իր հետ որոշ աշխուժութիւն բերաւ։ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց տեքորի նախագիծը։
Գործընթացը արագացնելու նպատակով՝ Կարօ Պապէթեանին(5), որ իբրեւ դերասան միացած էր խումբին, բայց համեմատաբար ուշ մուտք գործած ըլլալուն պատճառով դեր չէր ստանձնած, առաջարկեցի փոխարէնը ստանձնել ընկերային ցանցերու ծանուցումները։ Կարոն ալ առանց վարանելու ընդունեց առաջարկս եւ մեծ խանդավառութեամբ գործի անցաւ։
Նկատի ունենալով նաեւ հայերէն չխօսող հանդիսատեսը՝ որոշեցինք պատրաստել ներկայացումին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ փափաքողները կարենան հետեւիլ խաղարկութեան՝ կարդալով տողատակը։ Այս գործը վստահեցանք Նանար Անտօնեանին(6), որ խումբին միացած էր տարի մը առաջ։

Ինչ կը վերաբերի երաժշտութեան, պրպտումներ կատարելէ եւ բեմադրիչին հաւանութիւնը ստանալէս ետք՝ հասանք վերջնական ընտրութեան։ Տարազներու հարցն ալ համեմատաբար դիւրին լուծում մը ունէր, որովհետեւ անհրաժեշտ տարազներուն մեծ մասը արդէն մեր հաւաքածոյին մէջ ունէինք։
Վերջին շրջանի ներկայացումներուն տեքորի եւ բեմական անհրաժեշտ իրերու (props) պատրաստութեան գործը ստանձնած էի խումբի դերասան եւ վարչական անդամ Ժանոյին հետ։ Այս անգամ, սակայն, անդրադարձանք, որ պատերուն կառուցումը մեր ուժերէն վեր կրնար ըլլալ։ Ի վերջոյ, մասնագէտ արհեստաւորներ չէինք։ Պայմանաւորուեցանք ատաղձագործ Ասպետ Աւետիքեանի(7) հետ, որ շուրջ երկու օրուան մէջ պատրաստեց տան պատերը, դուռն ու պատուհանը։ Բեմադրիչին թելադրանքով՝ ան նաեւ պատի ժամացոյցը վերածեց grandfather clock-ի։

Երբ տարազներու, երաժշտութեան եւ ծանուցումներու հարցերը իրենց ուղիին մէջ մտան, մնաց տեքորը ամբողջացնել։ Բեմադրիչին ցուցմունքներուն հետեւելով՝ Ժանոն եւ ես դարձեալ գործի անցանք։ Բեմը զարդարելու եւ մերկ պատերը papier peint-ով ծածկելու համար մասնագէտի դիմեցինք, իսկ ժամացոյցը իսկական grandfather clock-ի նմանցնելու գործը վստահեցանք արուեստագէտ Մուշեղ Գարավարդանեանին(8), որ մեծ հաճոյքով ընդառաջեց մեր խնդրանքին։
Սեպտեմբերը բաւական լեցուն ու ծանրաբեռնուած ամիս մը եղաւ։ Գրեթէ ամէն օր բեմին վրայ ընելիք գործ մը կար։ Իսկ երբ փորձ չէր ըլլար, կը զբաղէինք բեմի յարդարումով։

Մեր թատերախումբին, եւ վստահաբար նաեւ լիբանանահայ միւս թատերախումբերուն, աշխատանքը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Երկրին քաղաքական ու տնտեսական անկայուն վիճակը կարծես բաւարար չէր. իւրաքանչիւր դերասանի մօտ ալ առողջական կամ անձնական լուրջ խնդիրներ ծագեցան, որոնք աւելի դժուարացուցին ընդհանուր փորձերու կազմակերպումը։ Հետեւաբար, փորձերուն մեծ մասը տեղի ունեցաւ ոչ ամբողջական կազմով։
Ժամանակը կը թռչէր, մտահոգութիւնները կը շատնային։ Պիտի կարենայի՞նք արդեօք մեր ուզած ձեւով բեմ բարձրանալ։
Վերջին շաբաթը ճակատագրական եղաւ։ Բոլորս ներկայ էինք՝ լարուած, միաժամանակ խանդավառ ու մտահոգ։ Ամիսներու աշխատանքը պէտք էր իր արդիւնքը տար։
Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր, ժամը 20։00։ Առաջնախաղ։

Հանդիսատեսին խնդուքի ձայները լսելէ եւ ներկայացման աւարտին ծափահարութիւնները վայելելէ ետք՝ ոգեւորուած տուն գացինք։ Հոկտեմբերի 10-ն ու 11-ն ալ նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, յաջող անցան։
Երեք հրաշալի օր, երեք անմոռանալի փորձառութիւն։ Այսպէս աւարտեցաւ շուրջ եօթը ամիս առաջ սկսած մեր աշխատանքը։
Անշուշտ, կ՚ուզէինք գործը երեքէն աւելի անգամ ներկայացնել, բայց այն պայմանով, որ դահլիճը ամէն անգամ նոյնքան լեցուն ըլլար։
Հանդիսատեսը, մէկ հոգի ըլլայ թէ չորս հարիւր, կը տեսնէ լուսաւորուած բեմը, կը վայելէ ներկայացումը եւ կ՚արտայայտէ իր գնահատանքը՝ ծափահարելով։ Սակայն բեմին վրայ կանգնած դերասաններն ու անոնց ետին աշխատողները ուրիշ բան մըն ալ կ՚ուզեն տեսնել՝ լեցուն սրահ մը։ Որովհետեւ այդ լեցուն սրահը իրենց համար միայն հանդիսատեսի ներկայութիւն չէ. անիկա հաստատումն է, որ ամիսներու աշխատանքը, յոգնութիւնն ու զոհողութիւնները արժեւորուած են։
Երեք օրուան խանդավառութենէն ետք՝ ժամանակը հասաւ էջը դարձնելու։
Դժբախտաբար։
Եօթը ամսուան աշխատանքը մէկ օրուան մէջ աւարտեցաւ։ Քանի մը ժամուան ընթացքին տեքորի պատերը քակուեցան, իսկ մեծ կտորները փոխադրուեցան աշխատանոց։ Մնացին մանր-մունր իրերը, որոնք պէտք էր բեմէն վերցուէին։
Բեմը հապճեպով պարպելէ ետք՝ վերջին անգամ ետ դարձայ աչք մը նետելու՝ վստահ ըլլալու համար, որ բան մը մոռցած չէի։ Առջեւս պարապութիւն էր։ Յուզուեցայ, թուքս կլլեցի եւ կարծէք հարուած մը ստացած ըլլայի զգալով որ թատրոնը որքան ապերախտ է իր բնոյթով․ ամիսներու աշխատանքը քանի մը ժամուան մէջ կ՚աւարտի, եւ բեմին վրայ ոչինչ կը մնայ։
Ճիշդ մէկ տարի առաջ, «Մարդը Աթլանթիսէն» ներկայացման աւարտին, նոյն այս զգացումը ապրած էի։ Կարծէք déjà vu մը ըլլար։ Նոյն դատարկ բեմը, նոյն լռութիւնը, նոյն ներքին պարպուածութիւնը։

Եօթը ամիս՝ ընդդէմ մէկ շաբաթավերջի, ապա՝ մէկ օրուան։ Հակառակ ամէն ինչի, դարձեալ պիտի սկսինք։
Փաթիլ Գուլաճեան