Բրիտանիոյ Մարկրեթ իշխանուհիին թոռը կը նշանուի բրիտանահայ արուեստագէտ Էլեանոր Էքսըրճեանի հետ
July 24, 2026
Մեծն Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի անդամ Սամուէլ (Սամ) Չաթո՝ արքայադուստր Մարկրեթ իշխանուհիի թոռը, նշանուած է իր երկարամեայ ընկերուհիին՝ բրիտանահայ նկարիչ եւ ֆիլմարուեստագէտ Էլեանոր Էքսըրճեանի հետ։ Այս լուրը Չաթո ինք կը յայտարարէ իր ընկերային ցանցերու էջերէն՝ նշելով, թէ ամուսնութեան առաջարկը կատարած է ճենապակիէ մատանիով մը, զոր անձամբ պատրաստած էր։ «Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ Էլին եւ ես նշանաուած ենք։ Երջանի՛կ ենք։ Ամուսնութեան առաջարկեցի ճենապակիէ մատանիով մը, զոր ես պատրաստած էի»,– կը գրէ ան։
Ըստ բրիտանական լրատուամիջոցներու, Չարլզ Գ. թագաւորը տեղեկացուած է նշանախօսութեան մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնած է զոյգին։ Անոնք կը նախատեսեն ամուսնանալ յառաջիկայ գարնան։
29-ամեայ Սամ Չաթո կաւագործ արուեստագէտ է եւ ներկայիս կը գրաւէ բրիտանական գահի ժառանգորդութեան շարքին 30-րդ տեղը։ Ան Մարկրեթ իշխանուհիի դստեր՝ Լէյտի Սառա Չաթոյի եւ Դանիէլ Չաթոյի որդին է։ Արուեստը վաղուց մաս կազմած է ընտանիքի կեանքին. մայրը նկարիչ է, հայրը՝ դերասան, իսկ մեծ հայրը՝ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Լորտ Սնոտընը։
Էլեանոր Էքսըրճեան նոյնպէս կը պատկանի արուեստագէտ ընտանիքի մը։ Ան վերացական նկարիչ եւ ֆիլմարուեստագէտ է, որ իր ստեղծագործութիւնները ներկայացուցած է շարք մը անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներու։ Հայրը՝ արուեստաբան Փրոֆ. Տէյվիտ Էքսըրճեան, Լեսթըրի համալսարանի արուեստի եւ ֆիլմի պատմութեան վաստակաւոր դասախօսներէն է, իսկ մայրը՝ Սիւզըն Մուր, Financial Times-ի արուեստի քննադատ։
Էլեանորի հայկական արմատները կը հասնին Օսմանեան կայսրութեան ազդեցիկ հայ ընտանիքներէն մէկուն։ Անոր մեծ հայրը՝ գնդապետ Նուպար Մարտին Էքսըրճեան, երկար տարիներ ղեկավար պաշտօն վարած է Iraq Petroleum Company-ի մէջ, որուն հիմնադիրներէն էր Գալուստ Կիւլպէնկեան։
Սամ Չաթո եւ Էլեանոր Էքսըրճեան զիրար կը ճանչնան 2021-էն ի վեր։ Երկուքն ալ ուսանած են Էտինպըրայի համալսարանին, ապա նաեւ Լոնտոնի Royal Drawing School-ին մէջ։ Իրենց փոխադարձ հետաքրքրութիւնը արուեստի նկատմամբ ժամանակի ընթացքին վերածուած է ստեղծագործական համագործակցութեան։
2022-ին զոյգը կ’այցելէ Հայաստան՝ մասնակցելու «Imagined Landscapes» («Երեւակայուած բնանկարներ») խորագիրով համատեղ ծրագրի մը։ Մօտ մէկ ամիս անոնք կը շրջագային Հայաստանի տարբեր շրջաններ, կ’ուսումնասիրեն պատմամշակութային յուշարձաններն ու բնաշխարհը եւ այդ փորձառութիւններէն ներշնչուած ստեղծագործութիւններ կը պատրաստեն, որոնք հետագային կը ներկայացուցին ցուցահանդէսի մը ընթացքին։
Վերջին տարիներուն Էլեանոր բազմիցս մասնակցած է արքայական ընտանիքի պաշտօնական ձեռնարկներուն՝ ներառեալ Սենտրինկհէմի Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները եւ շարք մը հասարակական միջոցառումներ, ինչ որ արդէն իսկ բրիտանական մամուլին մէջ նշանախօսութեան մասին ենթադրութիւններու տեղիք տուած էր։
Սամ Չաթոն վերջերս նաեւ վերադարձած է Ճափոնէն, ուր մասնագիտական ուսուցում ստացած էր հանրածանօթ կաւագործ Եակի Աքիրայի մօտ։ Իսկ Էլեանոր Էքսըրճեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնուին շարք մը մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ եւ ներկայացուած են տարբեր միջազգային արուեստանոցներու եւ ստեղծագործական կացարաններու ծրագրերուն։
Զոյգին նշանախօսութիւնը լայն արձագանգ գտած է բրիտանական մամուլին մէջ, ոչ միայն արքայական ընտանիքին հետ ունեցած կապին պատճառով, այլ նաեւ որովհետեւ երկու երիտասարդներն ալ կը ներկայացնեն ժամանակակից արուեստի աշխարհը։ Իսկ հայ ընթերցողին համար այս լուրը առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ այն փաստով, որ ապագայ հարսը բրիտանահայ է եւ տարիներ շարունակ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է իր հայկական ժառանգութեան նկատմամբ՝ այդ կապը արտայայտելով նաեւ իր ստեղծագործական գործունէութեան մէջ։