ԱԻ-ի առաջին գործարանի բացումը Հայաստանի մէջ

June 9, 2026

Հայաստան պաշտօնապէս բացած է արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) իր առաջին գործարանը։ «Eleveight AI» ընկերութիւնը այս նորագոյն կառոյցը հիմնած է Գեղարքունիքի մարզի Գագարին գիւղին մէջ։ Ներկայիս ան Հարաւային Կովկասի մէջ այն եզակի եւ առաջին գործատունն է, որ կ՚օգտագործէ «NVIDIA Blackwell B300» արհեստագիտութիւնը։

Ծրագրի առաջին հանգրուանին համար ընկերութիւնը կատարած է 70 միլիոն տոլարի ներդրում մը, իսկ մինչեւ 2026-ի աւարտը կը նախատեսէ ներդնել 50 միլիոն տոլար եւս։

Ծրագիրը մշակողները կ՚ակնկալեն, որ այս գերժամանակակից ենթակառոյցը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ գործարար աշխարհին, սթարթափներու, գիտահետազօտական աշխատանքներու եւ կրթութեան համար։

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) այս գործարանը լիովին կը համապատասխանէ «NVIDIA»-ի ճարտարապետական չափանիշերուն (NVIDIA Reference Architecture)։ Այս հանգամանքին շնորհիւ՝ միջազգային արհեստագիտական ընկերութիւններն ու հետազօտական խումբերը կրնան իրենց ծրագրերը փոխադրել Հայաստան եւ կեանքի կոչել զանոնք՝ առանց արհեստագիտական համարկման որեւէ դժուարութեան բախելու։

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ «Eleveight AI» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։

«Արուեստական իմացականութեան այս գործարանը կը դնէ Հայաստանի ապագայ տնտեսութեան հիմնաքարերէն մէկը։ Այս նախագիծով Հայաստան կը դառնայ ոչ միայն զարգացած արհեստագիտութիւններ սպառող եւ օգտագործող, այլեւ համաշխարհային շուկայի համար արտադրող ու մատակարարող»,– յայտարարած է նախարար Մխիթար Հայրապետեան։

Կարեւոր տուեալներ գործարանին մասին

Այս կառոյցը նախատեսուած է արուեստական բանականութեան հաշուարկային լայնածաւալ կարողութիւններ ապահովելու եւ թուային լուծումներ տրամադրելու թէ՛ պետական, թէ՛ սեփական մարզերուն։

Գործարանը ներկայիս կը գործէ 512 GPU-ներով (Graphics Processing Unit)։ Այս փուլին ան կը սպառէ շուրջ 1.2 մէկաուաթ ելեկտրականութիւն։ Ընկերութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ փուլին հզօրութիւնը բարձրացնել մինչեւ 5 մէկաուաթ, ապա՝ վերջնականապէս մինչեւ 35 մէկաուաթ։

Ընկերութեան համաձայն՝ այս ընդլայնումը զգալիօրէն պիտի  աւելցնէ գործարանին հաշուարկային կարողութիւնը, հնարաւորութիւն տայ տեղաւորելու հազարաւոր նոր սերունդի արուեստական իմացականութեան մշակիչներ, ստեղծէ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող արուեստական իմացականութեան ենթակառուցային կեդրոն մը։

Տեղական մարդկային ներուժը խրախուսելու եւ գիտական նորարարութիւնը զարգացնելու նպատակով, Eleveight AI կը նախատեսէ գործարանին ընդհանուր հաշուարկային կարողութեան 20 տոկոսը տրամադրել հայկական համալսարաններու եւ հետազօտական կեդրոններու նախաձեռնութիւններուն։

Ծրագիրը հիմնուած է կայուն եւ կենսոլորտային պատասխանատուութեան սկզբունքներու վրայ։ Ենթակառուցուածքը կը գործէ Zero Chemical Footprint մօտեցումով, այսինքն՝ սառեցման համար կ’օգտագործէ բնական լուծումներ՝ խուսափելով քիմիական համակարգերէ։

Eleveight AI-ը նաեւ սեփական արեւային ելեկտրակայաններու տէր է, որոնք գործարանին կը տրամադրեն բարձր մակարդակի ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն եւ գործառնական անկախութիւն։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x