Արեւմտահայերէնի առձեռն ուղեցոյց (2
January 13, 2026
*Մի՛ ըսէք ու գրէք ***Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք
- Աշխարհաբար
*Ակնոցներս դրի (յոգնակի՝ սխալ) ***ակնոցս դրի (ճիշդը՝ եզակի)
*Աղիտաբեր, աղիտալի ***աղէտաբեր, աղէտալի
*Ամարանոց, ձմերանոց ***ամառանոց, ձմեռանոց
*Ամենալաւագոյն ***ամենալաւ, լաւագոյն
*Ամենավատթարագոյն ***վատթարագոյն, ամենէն վատթար
*Ամպագորգոռ, վարվռուն ***ամպագոռգոռ, վառվռուն
*Ամսեկան, օրեկան ***ամսական, օրական
*Այլոք, այլօք ***այլովք
*Այսինչին փոխանցմամբ(ումով)՝ ***Ըստ այսինչին՝
*Այցեգիր ***այցագիր
*Աներհայր, աներմայր ***աներ, զոքանչ
*Անհեդեդ ***անհեթեթ
*Անձիք ***անձինք, անձեր
*Անյայտ կորսուած (կորսուիլ) ***անհետ կորսուած (կորսուիլ)
*Անպատրաստից ***յանպատրաստից
*Ապարանջա ***ապարանջան
*Առանց զէնքերու, սահմաններու ***առանց զէնքի, սահմանի (միշտ եզակի)
*Առընչութիւն, ***առնչութիւն,
ոչընչութիւն ոչնչութիւն
*Ատենուընէ, օրուընէ, մահուընէ ***ատենէ(ն), օրէ(ն), մահէ(ն)
*Ատօք ***ատոք
Նկատել նաեւ՝ բարւոք, նորոգ. այլեւ՝ արդեօք, առօք–փառօք, իրօք, օրօք
*Արարատեան Դաշտ, Սեւ Ծով, Սեւանայ Լիճ ***Արարատեան դաշտ, Սեւ ծով, Սեւանայ լիճ
*Արժանին մատուցել ***արժանին հատուցել
(Շարունակելի)