Darperag21
Ինչո՞ւ սխալ է «արհեստական բանականութիւն» եզրը
Արհեստակա՞ն, թէ՞ արուեստական։ Բանականութի՞ւն, թէ՞ իմացականութիւն։ Արագ գնահատումով, կրնայ պարզապէս բառերու ընտրութեան հարց թուիլ։ Սակայն երբ կը խօսինք մեր ժամանակներու ամենէն ուղագրաւ արհեստագիտական զարգացումներէն մէկուն՝ Artificial Intelligence (AI)-ի մասին, բառերուն ճշգրտութիւնը երկրորդական հարց չի կրնար ըլլալ։
Այսօր հայերու մէջ լայն տարածում գտած է «արհեստական բանականութիւն» եզրը։ Այնքան լայն, որ շատեր զայն կը գործածեն առանց հարցադրելու, թէ արդեօք ճշգրտօրէն կը փոխանցէ անգլերէն եզրին իմաստը։
Անցեալ Մայիսին «Տարբերակ» անդրադարձած էր այս հարցին՝ բացատրելով, թէ ինչո՛ւ որոշած է գործածել «արուեստական իմացականութիւն» եզրը։ Այդ որոշումը ծնունդ առած էր ընթերցողներու եւ մտաւորականներու հետ քննարկումներէն, որոնց ընթացքին ի յայտ եկած էր, որ խնդիրը միայն տարածուած գործածութեան հարց չէ, այլ նաեւ բառերու իմաստին, պատմութեան եւ հայերէնի զարգացման կը վերաբերի։
Այս քննարկումին կարեւոր նպաստ բերաւ մոնթրէալաբնակ Վիգէն Լ. Ադդարեան, որ արուեստական իմացականութեան հարցերու մասնագէտ եւ դասախօս է։ Ան խմբագրութեան ուղղած նամակով մը ուշադրութիւն հրաւիրեց «արհեստական» եւ «արուեստական» բառերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող իմաստային եւ պատմափիլիսոփայական տարբերութեան վրայ։
Անոր դիտարկումները առիթ կու տան հարցը քննելու աւելի լայն տեսանկիւնէ։
Ի՞նչ կը նշանակէ «արհեստական»
Սկսինք բառարանէն։
«Արհեստական» բառին համար հայերէն բառարանը կը ներկայացնէ երկու իմաստ՝ «արհեստի վերաբերող» եւ «ձեռքով շինուած»։ Առաջին սահմանումը բառը ուղղակիօրէն կը կապէ արհեստին, այսինքն՝ մասնագիտացած աշխատանքի, գործնական հմտութեան եւ վարպետութեան։ Երկրորդը կը նկարագրէ պատրաստութեան եղանակ մը՝ ձեռքով շինուած ըլլալը։ Մինչդեռ անգլերէն artificial բառը չի սահմանափակուիր արհեստագործական արտադրութեամբ կամ ձեռքով պատրաստուած առարկաներով։ Ան կը նշանակէ բնական ծագում չունեցող, մարդկային միջոցներով ստեղծուած կամ բնական երեւոյթ մը նմանակող։
Այս իմաստը հայերէնի մէջ կը փոխանցէ «արուեստական» բառը։ Կը խօսինք արուեստական լոյսի, արուեստական շնչառութեան, արուեստական արբանեակներու եւ արուեստական պայմաններու մասին։ Այս բոլոր պարագաներուն էականը պատրաստութեան եղանակը չէ, այլ բնականէն տարբեր ծագումը կամ մարդկային միջամտութիւնը։ Ամէն ձեռքով շինուած առարկայ մարդակերտ է, բայց մարդակերտ ամէն երեւոյթ ձեռքով շինուած չէ։
Հետեւաբար, «արհեստական» եւ «արուեստական» բառերը ինքնաբերաբար նոյնացնելը կը խաթարէ իմաստային տարբերութիւն մը, որուն պահպանումը կարեւոր է ճշգրիտ արտայայտութեան համար։
Բնականը, արուեստը եւ մարդակերտը
Վիգէն Լ. Ադդարեան իր նամակին մէջ այս տարբերութիւնը կը բացատրէ պատմափիլիսոփայական հետաքրքրական դիտանկիւնէ մը։ Ան կը յիշեցնէ, որ կրօնական եւ փիլիսոփայական որոշ աւանդութիւններու մէջ բնութիւնը ընկալուած է իբրեւ աստուածային ստեղծագործութիւն, հետեւաբար՝ կատարեալ կարգ մը։ Մարդկային արուեստը, յատկապէս կերպարուեստը, կը ձգտէր պատկերել կամ նմանակել բնութեան այդ կատարելութիւնը։ Սակայն մարդկային ստեղծագործութիւնը, որքան ալ ճարտար կամ գեղեցիկ ըլլար, կը տարբերուէր բնութենէն իր ծագումով։ Ան մարդուն կողմէ ստեղծուած էր եւ այդ իմաստով՝ ոչ բնական։ Այս տարբերութենէն ալ կը բխի «արուեստական» հասկացողութեան փիլիսոփայական նշանակութիւնը։
Անգլերէն artificial բառը ծագում առած է լատիներէն artificialis բառէն, որուն կազմութեան հիմքը ars՝ արուեստ կամ հմտութիւն, եւ facere՝ ընել, կատարել կամ ստեղծել նշանակող բայն են։
Այստեղ «արուեստ»ը պէտք չէ հասկնալ միայն գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան կամ երաժշտութեան նեղ իմաստով։ Ան կը վերաբերի նաեւ մարդկային հնարքին, ստեղծագործութեան եւ բնականէն տարբեր բան մը ստեղծելու կարողութեան։
Անշուշտ, բառի մը ստուգաբանութիւնը ինքնին չ’որոշեր անոր ժամանակակից թարգմանութիւնը։ Սակայն այս պատմութիւնը կ’օգնէ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ artificial հասկացողութիւնը չի սահմանափակուիր արհեստագործութեամբ։
Ադդարեանի հիմնական դիտարկումն ալ այս է. «արհեստ»ը, անգլերէն craft հասկացողութեան մօտ ըլլալով, չի փոխանցեր իմաստային այն ամբողջ շրջագիփը, ուր ձեւաւորուած է artificial բառը։
Իսկ ինչո՞ւ ոչ «բանականութիւն»
Եթէ առաջին բառին ընտրութիւնը խնդրայարոյց է, երկրորդը՝ «բանականութիւն»ը, նոյնքան կարեւոր հարցեր կը յառաջացնէ։ Բառարանային իմաստով «բանականութիւն»ը աւելի մօտ է անգլերէն reasoning (տրամաբանութիւն, պատճառաբանութիւն), judgement (դատողութիւն) եւ rationality (բանականութիւն, բանական մտածողութիւն) հասկացողութիւններուն, քան intelligence-ին։
Վերջինս աւելի լայն իմաստային ընդգրկում ունի՝ ներառելով սորվելու, ընկալելու, ճանչնալու, տեղեկութիւնները մշակելու, նոր իրավիճակներու յարմարելու եւ խնդիրներ լուծելու կարողութիւնները։ Հետեւաբար, intelligence-ը «բանականութիւն» թարգմանելով՝ կը նեղցնենք անոր իմաստային ընդգրկումը եւ շեշտը կը դնենք տրամաբանական դատողութեան վրայ՝ երկրորդական դիրքի մղելով իմացական միւս կարողութիւնները։
Անշուշտ, բանականութիւնը եւ իմացականութիւնը իրարու հետ առնչութիւն ունին, սակայն ամբողջովին նոյն հասկացողութիւնները չեն։
ԱԻ համակարգերը կրնան լեզու թարգմանել, պատկերներ ճանչնալ, մեծաքանակ տեղեկութիւններ վերլուծել, օրինաչափութիւններ յայտնաբերել եւ նախատեսութիւններ կատարել։ Սակայն այս գործողութիւնները ինքնաբերաբար չեն նշանակեր, թէ համակարգը մարդկային իմաստով կը հասկնայ, կը դատէ կամ գիտակցութիւն ունի։
Այս պատճառով «բանականութիւն» բառը կրնայ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ մեքենան օժտուած է մարդկային բանականութեան համարժէք կարողութեամբ։
«Իմացականութիւն»ը, ընդհակառակը, աւելի լայն իմաստային դաշտ ունի։ Ան կը վերաբերի ընկալելու, ճանչնալու, սորվելու, տեղեկութիւն մշակելու եւ մտային տարբեր գործողութիւններ կատարելու կարողութիւններուն։
Այս առումով, «արուեստական խելացութիւն» եզրն ալ ընդունելի տարբերակ մը կրնար ըլլալ, քանի որ «խելացութիւն»ը նոյնպէս կը փոխանցէ անգլերէն intelligence բառին հիմնական իմաստներէն մէկը։ Սակայն մենք կը նախընտրենք «իմացականութիւն»ը՝ անոր աւելի լայն իմաստային ընդգրկումին եւ գիտական ու փիլիսոփայական հասկացողութիւններ արտայայտելու յարմարութեան պատճառով։
«Իմացականութիւն» եզրը «Տարբերակ»ին առաջարկած էր սփիւռքահայ իմաստասէր, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Մարկ Նշանեանը։
Անոր առաջարկը առիթ տուաւ վերաքննելու intelligence բառին հայերէն համարժէքը եւ անդրադառնալու, որ «իմացականութիւն»ը աւելի համապատասխան կրնայ ըլլալ ժամանակակից թեքնաբանական հասկացողութեան։
Այս ընտրութիւնը չի նշանակեր, թէ ԱԻ համակարգերը մարդկային գիտակցութիւն կամ ինքնագիտակցութիւն ունին։ Ան կը նկարագրէ անոնց գործառնական կարողութիւնները՝ առանց մարդկային մտածողութեան հետ ամբողջական նոյնութիւն ենթադրելու։
Լեզուական սովորութի՞ւն, թէ՞ ճշգրտութիւն
Կարելի է հարց տալ՝ եթէ «արհեստական բանականութիւն» եզրը արդէն լայնօրէն կը գործածուի, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է փոխել զայն։
Որովհետեւ տարածուած գործածութիւնը ինքնին ճշգրտութեան ապացոյց չէ։ Երբ բառ մը կը հաստատուի պետական հաստատութիւններու, համալսարաններու, լրատուամիջոցներու եւ հանրային հաղորդակցութեան մէջ, ան աստիճանաբար կը դառնայ սովորութիւն։ Ժամանակի ընթացքին այդ սովորութիւնը կրնայ այնքան ամրանալ, որ այլընտրանքային ձեւակերպումները սկսին անբնական թուիլ։ Սակայն լեզուն միայն սովորութիւններու ամբողջութիւն մը չէ։ Ան նաեւ մտածողութեան, մշակութային յիշողութեան եւ աշխարհընկալման արտայայտութիւն է։
Հայերէնի պարագային այս հարցը յատկապէս կարեւոր է, որովհետեւ մեր լեզուն ունի հարուստ բառապաշար եւ բառակազմական կարելիութիւններ, որոնց միջոցով կրնայ արտայայտել ժամանակակից գիտական եւ թեքնաբանական հասկացողութիւնները։
Հետեւաբար, անհրաժեշտ չէ ամէն տարածուած եզր ընդունիլ իբրեւ վերջնական լուծում։
Այս քննարկումը նաեւ պէտք չէ վերածել արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հակադրութեան։ Խնդիրը հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկուն գերակայութիւնը չէ, այլ բառերուն ճշգրիտ գործածութիւնը։
Երկու ճիւղերն ալ կրնան հարստանալ նման քննարկումներէն։
Ինչո՞ւ «արուեստական իմացականութիւն»
Անցեալ Մայիսին «Տարբերակ» յայտարարեց, որ այսուհետեւ պիտի գործածէ «արուեստական իմացականութիւն» եզրը, իսկ կրճատ ձեւով՝ «ԱԻ»։ Կայ նաեւ գեղագիտական հանգամանք մը։ «Արուեստական իմացականութիւն» եզրին «ԱԻ» կրճատումը ոչ միայն բարեհունչ է, այլեւ տեսողական նմանութիւն ունի միջազգային «AI» կրճատումին։ Մինչդեռ «արհեստական բանականութիւն» եզրին «ԱԲ» կրճատումը նոյն բարեհնչութիւնը չունի եւ, առնուազն մեր ընկալումով, քիչ մը խորթ կը հնչէ։
Այս որոշումը պարզ բառափոխութիւն մը չէր։ Այս ընտրութեամբ փորձեցինք հայերէնի մէջ ճշգրտօրէն արտայայտել անգլերէն Artificial Intelligence եզրին երկու բաղադրիչներուն իմաստները։
Մեր նպատակը նոր եզր մը պարտադրել չէ, այլ հարցադրել այն բառերը, որոնք սովորութեան ուժով ընդունած ենք՝ առանց անոնց իմաստին մասին բաւարար մտածելու։
Վիգէն Լ. Ադդարեանի եւ Մարկ Նշանեանի դիտարկումները կը յիշեցնեն, որ նման քննարկումները անհրաժեշտ են։ Անոնք կը նպաստեն ոչ միայն թարգմանական ճշգրտութեան, այլեւ հայերէնի գիտակից զարգացման։
Որովհետեւ լեզուն կենդանի կը մնայ ոչ միայն նոր բառեր որդեգրելով, այլեւ արդէն գործածուող բառերուն իմաստը վերաքննելով։
Մեզի համար կարեւորը այն է, որ բառերը ճշգրտօրէն փոխանցեն այն հասկացողութիւնը, որ կ’ուզենք արտայայտել։
AI, «Մեսրo»-ն եւ Մեսրոպեան վարժարանը՝ Կրեկուար Գալուստի հետ
Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI)` նոր կրօնք առանց եկեղեցիի՞
Մարդը միշտ ալ փնտռած է մէկը, որուն կրնայ հարցումներ ուղղել։ Հարցումներ՝ իր կեանքին, ապագային, վախերուն, յոյսերուն եւ գոյութեան իմաստին մասին։ Դարեր շարունակ այդ հարցումներուն պատասխանները փնտռած է կրօնքին, փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Այսօր, սակայն, այդ փնտռտուքին մէջ նոր զրուցակից մը յայտնուած է՝ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ)։
Սկիզբը ան պարզապէս գործիք մըն էր. նամակ գրել, տեղեկութիւն գտնել, խնդիր մը լուծել կամ բնագիր մը թարգմանել։ Բայց կամաց-կամաց հարցումները սկսած են փոխուիլ։ «Ինչպէ՞ս ընեմ»-ին տեղ մարդիկ սկսած են հարց տալ. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ», իսկ երբեմն ալ՝ «ինչո՞ւ կը տառապիմ», «ի՞նչ իմաստ ունի կեանքս», «արդեօք ճի՞շդ ճամբու վրայ եմ»։ Այս փոփոխութիւնը պարզապէս արհեստագիտական զարգացում մը չէ։ Ան կը վերաբերի մարդուն եւ հեղինակութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան։
Միշիկընի պետական համալսարանի կրօնագիտութեան դասախօս Մորկըն Շիփլի, The Conversation-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածով, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ ուշագրաւ երեւոյթի մը վրայ. ԱԻ-ն կրնայ ստանձնել ազդեցիկ հոգեւոր առաջնորդի մը դերը՝ առանց բեմ բարձրանալու, եկեղեցի հիմնելու կամ հետեւորդներու կազմակերպուած համայնք մը ստեղծելու։
Իսկապէս, ի՞նչ կը պատահի, երբ գործիք մը սկսի ոչ միայն պատասխանել մեր հարցումներուն, այլեւ մեկնաբանել մեր ապրումները, բացատրել մեր տառապանքները եւ ուղղութիւն տալ մեր որոշումներուն։
Երբ գործիքը կը դառնայ խորհրդատու
Ամերիկեան Pew Research Center-ի 2026-ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու չափահաս բնակչութեան շուրջ տասը առ հարիւրը ԱԻ-ի զրուցարանները կ’օգտագործէ հոգեկան աջակցութիւն կամ խորհուրդ ստանալու համար։ 18–29 տարեկաններուն պարագային այդ համեմատութիւնը կը հասնի 20 առ հարիւրի։ Այս թիւերը կը յուշեն, թէ ԱԻ-ի գործածութիւնը սկսած է դուրս գալ զուտ գործնական նպատակներու սահմաններէն եւ մուտք գործել մարդկային կեանքի ամենէն անձնական ոլորտները։
ԱԻ-ին միշտ հասանելի է։ Չի յոգնիր, չ’ընդհատեր, չի դատապարտեր։ Առնուազն այդպէս կը թուի։ Մարդը կրնայ անոր պատմել այնպիսի բաներ, զորս պիտի չհամարձակէր խոստովանիլ նոյնիսկ իր ամենէն մտերիմ բարեկամին։ Եւ գործիքը կը պատասխանէ՝ յաճախ այնպիսի համբերութեամբ եւ ըմբռնումով, որ մարդը կրնայ մոռնալ, թէ իր դիմաց մարդկային գիտակցութիւն գոյութիւն չունի։
Եւ հո՛ս կը սկսի խնդիրը։
Որովհետեւ լսուած զգալը եւ իսկապէս հասկցուած ըլլալը նոյն բաները չեն։ Նաեւ՝ համոզիչ պատասխան մը ստանալը չի նշանակեր, թէ ստացած ենք ճշմարտութիւնը։
ԱԻ-ն կրնայ համադրել դարերու փիլիսոփայական մտածողութիւնը, իմաստուն միտքեր ձեւակերպել եւ նոյնիսկ այնպիսի պատասխաններ տալ, որոնք կ՚ազդեն մեր ներաշխարհին։ Սակայն այդ պատասխաններուն համոզիչ ըլլալը ինքնին ապացոյց չէ իմաստութեան կամ բարոյական հեղինակութեան:
Գերմանացի ընկերաբան Մաքս Ուեպըր, շուրջ դար մը առաջ, ներկայացուցած է «քարիզմաթիկ հեղինակութիւն» հասկացութիւնը։ Ըստ անոր, առաջնորդի մը հեղինակութիւնը չի բխիր միայն իր պաշտօնէն կամ դիրքէն, այլ նաեւ հետեւորդներուն այն համոզումէն, թէ ան օժտուած է բացառիկ յատկութիւններով։
ԱԻ-ն, բնականաբար, մարդկային իմաստով քարիզմա չունի։ Ան չունի ապրուած փորձառութիւն, մարդկային զգացումներ կամ անձնական պատմութիւն։ Սակայն կրնայ ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ գործածողը սկսի անոր բացառիկ ըմբռնողութիւն վերագրել։
Պատկերացնենք մարդ մը, որ իր անձնական տագնապին մասին կը զրուցէ ԱԻ-ի հետ։ Համակարգը կը պատասխանէ, կը նշէ նախորդ զրոյցներուն մանրամասնութիւնները, կը համադրէ անոր ապրումները եւ կը ներկայացնէ համոզիչ բացատրութիւններ։ Ժամանակի ընթացքին այդ մարդը կրնայ կարծել, թէ գտած է մէկը, որ զինք բոլորէն աւելի լաւ կը հասկնայ։
Այս երեւոյթը նկարագրելու համար ուսումնասիրողներ կը գործածեն «ստեղծագործական քարիզմա» հասկացողութիւնը:  ԱԻ-ի հեղինակութիւնը կը ձեւաւորուի ոչ թէ հրապարակային ելոյթներով կամ հետեւորդներու հաւաքական հաւատքով, այլ անհատական զրոյցներու ընթացքին։ Եւ այսպէս կը ստեղծուի տարօրինակ երեւոյթ մը. միլիոնաւոր մարդիկ կը զրուցեն նոյն համակարգին հետ, բայց իւրաքանչիւրը կրնայ այն տպաւորութիւնը ունենալ, թէ անիկա անձնապէս իրեն կը պատասխանէ։
Կրօնք՝ առանց եկեղեցիի՞
Կրօնքը երբեք միայն համոզումներու եւ հաւատքի ամբողջութիւն մը չէ եղած։ Ան մարդուն տրամադրած է աշխարհը հասկնալու եղանակ մը, բարոյական կողմնորոշում, պատկանելիութեան զգացում եւ մխիթարութիւն՝ անորոշութեան դիմաց։ Այսօր ԱԻ-ն, թէեւ բոլորովին տարբեր բնոյթով, սկսած է կատարել այդ դերերէն ոմանք։
Արդէն գոյութիւն ունին հոգեւոր առաջնորդութեան համար ստեղծուած ԱԻ համակարգեր։ Օրինակ՝ GitaGPT հարթակը կը գործածէ հնդկական կրօնական աւանդութեան Քրիշնայի կերպարը եւ Պհակաւատ Կիթայի ուսուցումները՝ անհատական խորհուրդներ տրամադրելու համար։ Այլ հարթակներ կը փորձեն հոգեւոր հարցումներուն պատասխանել քրիստոնէական կամ ընդհանրական փիլիսոփայական մօտեցումներով։ Աւելին՝ այս երեւոյթը կը զարգանայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ բազմաթիւ մարդիկ կը հեռանան կազմակերպուած կրօնական հաստատութիւններէ՝ առանց անպայման հրաժարելու հոգեւոր փնտռտուքէն։
Կրօնի ընկերաբաններ Փօլ Հիլաս եւ Լինտա Ուուտհետ ուսումնասիրած են ժամանակակից հասարակութիւններուն մէջ անձնական փորձառութեան եւ ինքնաճանաչման աճող կարեւորութիւնը։ Այս միջավայրին մէջ ԱԻ-ն կը ներկայանայ իբրեւ յարմար զրուցակից մը՝ միշտ մատչելի, անհատական եւ կարծես առանց նախապաշարումներու։
Սակայն արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ ԱԻ-ն նոր կրօնք մըն է։ Ո՛չ անպայման։ ԱԻ-ն չունի միասնական վարդապետութիւն, ծէսեր կամ հաւատացեալներու կազմակերպուած համայնք։ Զայն գործածողներուն մեծամասնութիւնն ալ իրենց փորձառութիւնը կրօնական չի նկատեր։ Բայց հարցը միայն այն չէ, թէ ԱԻ-ն կրօ՞նք է, թէ՞ ոչ։ Աւելի կարեւոր է հասկնալ, թէ մարդիկ ի՛նչ հեղինակութիւն կը վերագրեն անոր եւ ի՛նչ տեղ կը յատկացնեն իրենց կեանքին մէջ։
Հեղինակութիւն՝ առանց պատասխանատուութեան
Աւանդական կրօնական առաջնորդը, որքան ալ ազդեցիկ ըլլայ, կը գործէ մարդկային եւ հաստատութենական միջավայրի մը մէջ։ Անոր կարելի է հարցումներ ուղղել, հակաճառել, անոր ուսուցումները քննարկել եւ, առնուազն սկզբունքով, զինք պատասխանատուութեան կանչել։ ԱԻ-ի պարագային այս յարաբերութիւնը շատ աւելի բարդ է։
Երբ համակարգ մը կրօնական ուսուցում մը կը բացատրէ, ան հիմնականօրէն տեղեկութիւն կը տրամադրէ։ Բայց երբ նոյն համակարգը մարդուն կը թելադրէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրէ, ի՛նչ որոշում պէտք է կայացնէ կամ ինչպէ՛ս պէտք է մեկնաբանէ իր տառապանքը, ան կը մուտք գործէ բարոյական հեղինակութեան ոլորտը։
Ո՞վ պատասխանատու է, երբ ան սխալ խորհուրդ կու տայ։ Ո՞վ կ՚որոշէ, թէ իր առաջարկած բարոյական սկզբունքները ընդունելի՞ են։ Եւ ի՞նչ կը պատահի, երբ գործածողը կը դադրի այդ պատասխանները հարցականի տակ առնելէ։ Աւելին՝ կրօնական եւ փիլիսոփայական աւանդութիւններուն մէջ կասկածը, լռութիւնը եւ անպատասխան մնացած հարցումները յաճախ նոյնքան կարեւոր եղած են, որքան պատասխանները։ Մինչդեռ ԱԻ-ի հետ մեր յարաբերութիւնը կրնայ մեզ վարժեցնել հակառակին՝ ամէն հարցումի համար անմիջական պատասխան ակնկալելու։ Բայց կեանքի բոլոր հարցումները պատասխան չունին։ Իսկ երբեմն մարդուն հասունացումը կը սկսի ճիշդ այն պահուն, երբ ան կը սորվի ապրիլ անորոշութեան հետ։
Ո՞վ պիտի մտածէ մեր փոխարէն
Թերեւս մեր ժամանակներու մեծագոյն հակասութիւններէն մէկը ճիշդ այս է. երբեք այսքան տեղեկութիւն եւ պատասխաններ չենք ունեցած մեր տրամադրութեան տակ, բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ աւելի լաւ գիտենք՝ ինչպէ՛ս ապրիլ։ ԱԻ-ն կրնայ օգտակար խորհրդատու ըլլալ։ Կրնայ օգնել մեզի մեր մտքերը յստակացնելու, տարբեր տեսակէտներ քննելու եւ նոյնիսկ մեր սեփական համոզումները վերատեսութեան ենթարկելու։ Բայց անոր օգտակարութիւնը պէտք չէ շփոթենք անսխալականութեան հետ։ Ի վերջոյ, խնդիրը ԱԻ-ի գոյութիւնը չէ, այլ անոր հետ մեր յարաբերութեան բնոյթը։
Եթէ զայն գործածենք իբրեւ մտածելու միջոց, ան կրնայ ընդարձակել մեր մտահորիզոնը։ Բայց եթէ զայն վերածենք վերջնական ճշմարտութիւններու աղբիւրի, կրնանք կամաց-կամաց հրաժարիլ մեր սեփական դատողութենէն։
Եւ թերեւս իսկական վտանգը այն չէ, որ մեքենան օր մը Աստուծոյ տեղը գրաւէ, այլ այն, որ մարդը, պատասխաններու իր անվերջ փնտռտուքին մէջ, մոռնայ ամենակարեւոր կարողութիւններէն մէկը՝ ինքնուրոյն մտածելու եւ հարցականի տակ առնելու կարողութիւնը։
Որովհետեւ հաւատքն ու մտածողութիւնը կը կորսնցնեն իրենց արժէքը այն պահուն, երբ կը դադրին ազատ ընտրութեան արդիւնք ըլլալէ։
«Տարբերակ21»
Հիմնուած՝ Մորկըն Շիփլիի «Why AI resembles a charismatic religious leader» յօդուածին մէջ քննարկուած գաղափարներուն վրայ, The Conversation, 2026։
«Դող՝ սիրտը գող». Երբ գողը ամենէն պարկեշտ մարդը կը դառնայ
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, բեմ հանելով Տարիօ Ֆոյի մէկ կատակերգութիւնը, հանդիսատեսին պարգեւեց խնդալու հաճոյքը՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ բեմին վրայ զուարճալի թուացող խաբէութիւններն ու կեղծիքները երբեմն շատ աւելի լուրջ ճշմարտութիւններ կը քողարկեն:
Լիբանանի մէջ այսօր խնդալը գրեթէ պերճանք դարձած է։ Առօրեայ հոգերը, տնտեսական անորոշութիւնը եւ երկրին յամեցող տագնապները այնքան տեղ գրաւած են մարդոց կեանքին մէջ, որ անկեղծ ծիծաղի առիթները հետզհետէ կը նուազին։ Ահա թէ ինչո՛ւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ հանդիսատեսին ծիծաղը ինքնին հաճելի երեւոյթ մըն էր։ Եւ երբ այդ ծիծաղը կը շարունակուի ներկայացման ամբողջ տեւողութեան, կարելի է վստահաբար ըսել, որ բեմին վրայ տեղի ունեցածը հասած է իր նպատակին։
Ներկայացումը հիմնուած է իտալացի թատերագիր, դերասան եւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Տարիօ Ֆոյի Non tutti i ladri vengono per nuocere գործին վրայ, որ անգլերէնով ծանօթ է The Virtuous Burglar («Պարկեշտ գողը») անունով։ Զարմանալիօրէն, սակայն, ներկայացման գրքոյկին եւ ընդհանրապէս յայտարարութիւններուն մէջ կը նշուէր Տարիօ Ֆոյի անունը, առանց յստակօրէն ներկայացնելու թատերախաղին վերնագիրը։ Ասիկա փոքր, բայց ոչ անկարեւոր բացթողում մըն է։ Թատերական ստեղծագործութեան մը ինքնութիւնը միայն հեղինակին անունով չի սահմանափակուիր։ Բնագիրին վերնագիրն ալ կարեւոր է, մանաւանդ երբ գործը թարգմանուած կամ տեղայնացուած ձեւով կը ներկայացուի։
Գող մը՝ ստախօսներու աշխարհին մէջ
Պատմութիւնը կրնայ պարզ թուիլ։ Գող մը կը մտնէ հարուստ մարդու մը բնակարանը՝ գողնալու նպատակով։ Սակայն տանտէրը անակնկալօրէն տուն կու գայ՝ իր հետ բերելով սիրուհին։ Գողը ստիպուած կը պահուըտի:
Շուտով կը պարզուի, որ գողը միակ մարդը չէ, որ բան մը կը պահէ ուրիշներէն։ Անոր կինը հեռաձայնով կը փորձէ հասկնալ, թէ ամուսինը ո՛ւր է եւ ի՛նչ կ’ընէ։ Տանտէրը կը փորձէ ծածկել իր արտամուսնական յարաբերութիւնը։ Յետոյ կը վերադառնայ տանտիրուհին, եւ իրավիճակը աւելի կը բարդանայ։ Նոր անձերու յայտնութեամբ սուտերը կը բազմապատկուին, բացատրութիւնները կը հակասեն իրարու, իսկ ճշմարտութիւնը ծածկելու իւրաքանչիւր նոր փորձ, նոր անհեթեթութիւն մը կը ստեղծէ։
Հո՛ս կը կայանայ Տարիօ Ֆոյի կատակերգութեան հիմնական արժանիքներէն մէկը:
Օրէնքի առջեւ գողը մեղապարտ է։ Սակայն որքան պատմութիւնը կը զարգանայ, այնքան կը բացայայտուի, որ տան «պարկեշտ» բնակիչներն ու անոնց շրջապատը բարոյական առումով այնքան ալ տարբեր չեն իրմէ։ Ընդհակառակը՝ անոնք կը խաբեն իրենց ամուսիններն ու կիները, կը ստեն, կը դաւաճանեն եւ ամէն գնով կը փորձեն պահպանել իրենց պատկառելի երեւոյթը։
Այսպէս, հանդիսատեսը աստիճանաբար կը հասնի զաւեշտական եզրակացութեան մը. այն մարդը, որ տուն մտած է գողութիւն ընելու, կրնայ ի վերջոյ ամենէն քիչ անպարկեշտը ըլլալ բոլորին մէջ։
Տարիօ Ֆօ չի բաւարարուիր զուարճալի իրավիճակներ ստեղծելով։ Ծիծաղին ընդմէջէն կը քննադատէ հասարակութեան բարոյական չափանիշները, դասակարգային յաւակնութիւններն ու այն երկերեսանիութիւնը, որուն շնորհիւ մարդիկ կը շարունակեն պարկեշտ երեւիլ՝ նոյնիսկ երբ իրենց վարքը հակառակը կը վկայէ։
Ուստի «Դող՝ սիրտը գող»-ը միայն ամուսնական անհաւատարմութիւններու եւ իրարայաջորդ թիւրիմացութիւններու մասին կատակերգութիւն մը չէ։ Ան նաեւ հարցադրում մըն է. ո՞վ է իսկական գողը, եւ արդեօք գողութիւնը միայն ուրիշին ունեցուածքը իւրացնե՞լն է, թէ կարելի է նաեւ վստահութիւն, հաւատարմութիւն եւ ճշմարտութիւն գողնալ։
Ֆարսին անհրաժեշտ արագութիւնն ու ճշգրտութիւնը
Այսպիսի թատերախաղ մը բեմադրելը այնքան դիւրին չէ, որքան կրնայ թուիլ հանդիսատեսին։ Ֆարսը կը պահանջէ գործողութիւններու ճշգրիտ ժամանակաւորում, արագ հակազդեցութիւններ, դերասաններու միջեւ ներդաշնակութիւն եւ, մանաւանդ, կշռոյթ։ Դուռ մը պէտք է բացուի ճիշդ պահուն, դերասան մը պէտք է յայտնուի այն վայրկեանին, երբ իր ներկայութիւնը առաւելագոյն շփոթը պիտի ստեղծէ, իսկ երկխօսութիւնները պէտք է զարգանան այնպիսի արագութեամբ, որ հանդիսատեսը հազիւ հասցնէ հասկնալ նախորդ սուտը, երբ արդէն նորը կը յայտնուի։
Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան մեծաւ մասամբ յաջողած էր ստեղծել այդ անհրաժեշտ արագութիւնն ու կշռոյթը։ Ներկայացումը ունէր շարժում, աշխուժութիւն եւ իրարայաջորդ զաւեշտական պահեր, որոնք հանդիսատեսին ուշադրութիւնը կը պահէին բեմին վրայ։ Անշուշտ, կային նաեւ կարճ հատուածներ, երբ երկխօսութիւններուն ընթացքին կշռոյթը պահ մը կը դանդաղէր։ Այդ պահերը երկար չէին տեւեր եւ չէին խաթարեր ներկայացման ընդհանուր յաջողութիւնը, սակայն ֆարսին մէջ նոյնիսկ կարճ դադար մը կրնայ զգալի դառնալ։ Այս տեսակի կատակերգութեան ուժը մեծ մասամբ կը բխի իր անընդհատ զարգացող շարժումէն։
Այդուհանդերձ, բեմադրիչը յաջողած էր պահպանել ներկայացման ընդհանուր ներդաշնակութիւնը եւ դերասաններուն տալ անհրաժեշտ ազատութիւնը՝ իրենց կերպարներուն զաւեշտական կարելիութիւնները բացայայտելու համար։
Դերասանները՝ ներկայացման յաջողութեան առանցքը
Թատերական կատակերգութեան մը յաջողութիւնը կարելի չէ վերագրել միայն բեմադրութեան։ Անոր իրական ուժը դերասաններուն մէջ է, մանաւանդ երբ գործ ունինք կերպարներու հետ, որոնք շարունակ ստիպուած են փոխելու իրենց վարմունքը, թաքցնելու իրենց մտադրութիւնները եւ յարմարելու անսպասելի իրավիճակներու։
Ժան Պէքէրէճեան՝ գողի դերով, ներկայացման ամենէն հաճելի ներկայութիւններէն մէկն էր։ Իր կերպարը կը գտնուի ամբողջ խառնաշփոթին կեդրոնը՝ առանց անպայման անոր գլխաւոր պատասխանատուն ըլլալու։ Գողը հետզհետէ կը վերածուի այն մարդուն, որ ստիպուած է դիմագրաւելու ուրիշներու սուտերուն հետեւանքները։ Այս հակասութիւնը կերպարին կու տայ յատուկ զաւեշտական ուժ մը, զոր դերասանը յաջողած էր փոխանցել հանդիսատեսին։
Սարին Պագգալեան, Մարիայի դերով, նոյնպէս հաճելի ներկայութիւն էր։ Գողին եւ անոր կնոջ միջեւ ստեղծուած իրավիճակները կատակերգութեան կարեւոր աղբիւրներէն են, որովհետեւ անոնք կը յիշեցնեն, որ նոյնիսկ գողը ազատ չէ ընտանեկան կասկածներէն ու բացատրութիւն տալու պարտաւորութենէն։
Վարդան Ազնաւուրեան՝ տանտիրոջ դերով, եւ Անի Պարիկեան՝ Ժուլիայի դերով, իրենց կարգին յաջողեցան կենդանութիւն տալ այն ամուսնական յարաբերութեան, որուն արտաքին պատկառելիութեան ետին կը թաքնուին սուտն ու անհաւատարմութիւնը։
Դալար Արսլանեան՝ Աննայի, Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան՝ Անթօնիոյի, եւ Մելիք Պետրոսեան՝ երկրորդ գողին դերերով, ամբողջացուցին դերասանական կազմը՝ նպաստելով ներկայացման ընդհանուր աշխուժութեան։
Թէեւ որոշ կերպարներ բնականաբար աւելի մեծ առիթներ ունին հանդիսատեսը խնդացնելու, այստեղ պէտք է գնահատել ամբողջ դերասանական կազմին աշխատանքը։ Ֆարսը խմբային արուեստ է։ Դերասանի մը յաջողութիւնը յաճախ կախեալ է միւսին հակազդեցութենէն, իսկ զաւեշտական պահ մը կրնայ կորսնցնել իր ուժը, եթէ դերակատարներէն մէկը չպահպանէ անհրաժեշտ կշռոյթը։ Այս առումով ներկայացումը կը ձգէր համախումբ աշխատանքի տպաւորութիւն։
Անգլերէն ենթագխորագիրներ՝ փոքր նախաձեռնութիւն մը, մեծ կարելիութիւններ
Ներկայացման ամենէն ողջունելի նախաձեռնութիւններէն մէկը անգլերէն ենթագխորագիրներու օգտագործումն էր։ Բեմին վերեւի մասին վրայ ցուցադրուող թարգմանութիւնը հնարաւորութիւն կու տար հայերէն չհասկցող հանդիսատեսին հետեւելու երկխօսութիւններուն եւ ըմբռնելու պատմութեան զարգացումը։
Ասիկա պարզապէս թեքնիք յաւելում մը չէ, այլ կրնայ լիբանանահայ թատրոնը մատչելի դարձնել աւելի լայն հանրութեան։ Մեր թատերախումբերը տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւեն հանդիսատեսի շրջանակը ընդարձակելու մարտահրաւէրը։ Հայերէն ներկայացումը բնականաբար կը դիմէ առաջին հերթին հայ հանդիսատեսին, սակայն լեզուական այդ սահմանը պէտք չէ անպայման թատերասրահին դռները փակ պահէ ուրիշներու առջեւ։
Անգլերէն ենթագխորագիրները կրնան նպաստել, որ ներկայացումներուն ներկայ գտնուին նաեւ հայերէն չգիտցող լիբանանցիներ։ Նոյնիսկ այս ներկայացման ընթացքին կարելի էր լսել արաբերէն խօսող հանդիսատեսներ, ինչ որ առնուազն կը վկայէր, թէ սրահին մէջ ներկայութիւնը միայն հայախօս շրջանակով չէր սահմանափակուած։ Այս նախաձեռնութիւնը արժանի է շարունակութեան։ Հայերէն թատրոնը կրնայ պահպանել իր լեզուն եւ մշակութային ինքնութիւնը՝ միաժամանակ աւելի լայն հասարակութեան մը մատչելի դառնալով։
Բեմին ետին աշխատողները
Ներկայացման յաջողութեան մէջ իրենց բաժինը ունին նաեւ բեմին վրայ չերեւցող աշխատակիցները։
Փաթիլ Գուլաճեան ստանձնած էր օգնական բեմադրիչի, բեմավարի եւ թարգմանիչի պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան ընտրութիւնը։ Տեքորի իրագործումը կատարած էր Ասպետ Աւետիքեան, ներկայացման ազդագիրը պատրաստած էր Փաթիլ Զարմէնեան, իսկ ծանուցման եւ հանրային ներկայացման աշխատանքը վստահուած էր Կարօ Պապէթեանին։ Անգլերէն ենթագխորագիրները պատրաստած էր Նանար Անտօնեան։ Այս անունները յիշատակելը պարզ ձեւականութիւն չէ։ Թատերական ներկայացումը հաւաքական ճիգի արդիւնք է, եւ հանդիսատեսին դիտած մէկ կամ մէկուկէս ժամ տեւող ներկայացման ետին սովորաբար կը գտնուի երկարատեւ աշխատանք մը՝ փորձերու, պատրաստութեան, համակարգումի եւ բազմաթիւ այլ մանրամասնութիւններու։
Ծիծաղը՝ որպէս թատրոնի յաջողութիւն եւ անհրաժեշտութիւն
«Դող՝ սիրտը գող» ներկայացումէն դուրս գալով՝ ամենէն աւելի կը մնայ հանդիսատեսին ծիծաղը։
Այդ ծիծաղը, անշուշտ, յաջող կատակերգութեան մը անմիջական գնահատականն է։ Բայց այսօրուան Լիբանանի մէջ ան նաեւ ուրիշ նշանակութիւն ունի։ Մարդիկ եկած էին թատրոն՝ քանի մը ժամով հեռանալու իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն, եւ բեմին վրայ տեսածը կրցած էր զիրենք խնդացնել։
Սակայն Տարիօ Ֆոյի գործին արժէքը կը կայանայ հոն, որ իր ծիծաղը աւելի խորունկ ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ: Կը խնդանք գողին վրայ, որ բռնուելու վախով կը պահուըտի: Կը խնդանք ամուսինին վրայ, որ կը փորձէ պահել իր սիրուհին: Կը խնդանք սուտերուն վրայ, որոնք հետզհետէ աւելի անհեթեթ կը դառնան: Եւ սակայն, այս բոլորին ետին, մենք կը տեսնենք նաեւ մարդկային վարքագիծին շատ ծանօթ մէկ երեսը. մարդիկ յաճախ աւելի կը վախնան իրենց իսկական դէմքը բացայայտելէ, քան թէ սխալ բան մը ընելէ:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը յաջողած էր այս կատակերգութիւնը ներկայացնել աշխոյժ, մատչելի եւ հանդիսատեսին հաճոյք պատճառող ձեւով։
Ի վերջոյ, թատրոնը միայն բեմին վրայ պատմութիւն մը ներկայացնել չէ։ Ան նաեւ հանդիսատեսին հետ կապ ստեղծել է, զայն խնդացնել, երբեմն անհանգստացնել եւ, լաւագոյն պարագային, մտածելու առիթ տալ։
«Դող՝ սիրտը գող»ը յաջողած էր հանդիսատեսին հետ կապ ստեղծել եւ զայն խնդացնել։ Իսկ Տարիօ Ֆոյի թատերախաղը մեզ կը հրաւիրէ նաեւ մտածելու՝ հարց տալով, թէ երբ բոլորը կը ստեն, իսկական գողը ո՞վ է։
Վ.Թէնպէլեան
Արդարութեան նուիրեալ Նաւի Փիլլէյ՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր
2026-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ հարաւափրիկեցի իրաւաբանուհի Նաւանեթեմ «Նաւի» Փիլլէյին՝ միջազգային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ծանրագոյն ոճիրներու հեղինակները պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ անոր տասնամեակներու աշխատանքին համար։
Հայ ընթերցողին համար Փիլլէյի անունը թերեւս այնքան ծանօթ չէ, որքան միջազգային քաղաքականութեան նշանաւոր դէմքերուն անունները։ Սակայն անոր կենսագրութիւնը կը ներկայացնէ մեր ժամանակներու կարեւորագոյն պայքարներէն մէկը՝ օրէնքը իշխանութեան կամայականութեան գործիքէն մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան միջոցի վերածելու պայքարը։
Նաւի Փիլլէյ ծնած է 23 սեպտեմբեր 1941-ին, Հարաւային Ափրիկէի Տըրպըն քաղաքին մէջ, հնդկական ծագումով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան հասակ առած է ափարթհայտի՝ ցեղային խտրականութեան համակարգի պայմաններուն մէջ, երբ բնակչութեան մեծամասնութիւնը զրկուած էր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բազմաթիւ իրաւունքներէ։
Այս միջավայրին մէջ, երիտասարդ Փիլլէյ կ’ընտրէ իրաւաբանութեան ասպարէզը։ 1967-ին ան կը դառնայ Նաթալ նահանգին մէջ սեփական փաստաբանական գրասենեակ հիմնած առաջին կինը։ Ան կը պաշտպանէ քաղաքական հալածանքներու ենթարկուած անձերու իրաւունքները եւ իր մասնագիտական գործունէութիւնը կը կապէ խտրականութեան դէմ պայքարին։
Անոր ասպարէզը հետագային պիտի անցնէր Հարաւային Ափրիկէի սահմաններէն անդին։
1995-ին Փիլլէյ կը նշանակուի Ռուանտայի միջազգային քրէական դատարանի դատաւոր։ Դատարանը ստեղծուած էր 1994-ի ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատելու նպատակով։ Հետագային ան կը ստանձնէ նաեւ դատարանին նախագահութիւնը։
Հոս անոր գործունէութիւնը պատմական նշանակութիւն կը ստանայ։ Փիլլէյ դերակատարութիւն կ’ունենայ միջազգային քրէական իրաւունքի զարգացման այն փուլին, երբ սեռային բռնութիւնները, մասնաւորաբար բռնաբարութիւնը, որոշ պայմաններու մէջ կը ճանչցուին իբրեւ ցեղասպանութեան բաղկացուցիչ արարքներ։ Իրաւական այս զարգացումը կարեւոր քայլ մըն էր պատերազմներու եւ զանգուածային բռնութիւններու զոհերուն արդարութեան ապահովման ուղղութեամբ:
2003-ին ան կը դառնայ նորաստեղծ Միջազգային քրէական դատարանի դատաւորներէն մէկը։ Հինգ տարի ետք՝ 2008-ին, կը ստանձնէ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 2014։ Այդ տարիներուն ան հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները՝ անկախ անոնց աշխարհագրական վայրէն կամ պատասխանատու իշխանութիւններէն։
Փիլլէյի գործունէութիւնը կը շարունակուի նաեւ յաջորդ տարիներուն։ Ան կը նախագահէ ՄԱԿ-ի անկախ միջազգային քննիչ յանձնաժողովին, որ քննեց Իսրայէլի եւ բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները։ Անոր ղեկավարած յանձնաժողովին եզրակացութիւնները միջազգային քաղաքական եւ իրաւական բուռն քննարկումներու առարկայ դարձան։
Հայ ընթերցողին համար Նաւի Փիլլէյի գործունէութիւնը առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ցեղասպանութեան եւ միջազգային արդարադատութեան հարցերուն առնչութեամբ։ Հայ ժողովուրդը, որ իր պատմական յիշողութեան մէջ կը կրէ ցեղասպանութեան հետեւանքները, լաւ գիտէ, թէ ինչ կը նշանակեն անպատժելիութիւնը, արդարութեան պահանջը եւ պատմական պատասխանատուութիւնը։
Փիլլէյի աշխատանքը կը յիշեցնէ, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն պատմական կամ քաղաքական հարց չէ։ Ան նաեւ իրաւական խնդիր է, որ կը պահանջէ փաստերու քննութիւն, պատասխանատուութեան հաստատում եւ միջազգային սկզբունքներու հետեւողական կիրարկում։
Անոր կենսագրութեան ամենէն ուշագրաւ երեսներէն մէկը այն է, որ ան իր ճանապարհը սկսած է հասարակութեան մը մէջ, ուր օրէնքները կը ծառայէին խտրականութեան, իսկ տասնամեակներ ետք ան կը դառնայ միջազգային այն հաստատութիւններուն ղեկավար դէմքերէն մէկը, որոնք կը փորձեն օրէնքը ծառայեցնել մարդու պաշտպանութեան։
2026-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը այս երկարատեւ գործունէութեան միջազգային ճանաչումն է։
Այսօր, երբ միջազգային արդարադատութեան հաստատութիւնները կը դիմագրաւեն քաղաքական ճնշումներ եւ անոնց հեղինակութիւնը յաճախ հարցականի տակ կը դրուի, Նաւի Փիլլէյի կեանքը կը յիշեցնէ պարզ, բայց էական ճշմարտութիւն մը. արդարութիւնը ինքնաբերաբար չի հաստատուիր։ Ան կը պահանջէ մարդիկ, որոնք պատրաստ են տասնամեակներ շարունակ պայքարելու անոր համար։
«Տարբերակ21»
10 Հոկտեմբեր՝ կարդալու ազատութեան օր. ո՞վ կ’որոշէ, թէ ի՛նչ կրնանք կարդալ
Այս տարի 10 հոկտեմբերը կը նշուի իբրեւ Let Freedom Read Day՝ «Կարդալու ազատութեան օր»։ Ան «Արգիլուած գիրքերու շաբաթ»-ուան վերջին օրն է եւ առիթ մը՝ մտածելու եւ հարցադրելու. ո՞վ իրաւունք ունի որոշելու, թէ մենք ի՛նչ կրնանք կարդալ։
Առաջին հայեացքով գրաքննութիւնը կրնայ անցեալին պատկանող երեւոյթ մը թուիլ։ Կը յիշենք ամբողջատիրական վարչակարգերը, արգիլուած հեղինակները եւ հրապարակաւ այրուող գիրքերը։ Բայց այսօր գիրք մը արգիլելու համար զայն այրել անհրաժեշտ չէ։ Բաւարար է զայն հեռացնել գրադարանէն, սահմանափակել անոր հասանելիութիւնը կամ այնպիսի մթնոլորտ ստեղծել, որ ուսուցիչներն ու գրադարանավարները խուսափին որոշ գիրքեր առաջարկելէ։
Ամերիկեան Գրադարանային Ընկերակցութեան (ALA – American Library Association) տուեալներով՝ 2025-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ 4235 տարբեր գիրքեր արգելքի կամ սահմանափակումի թիրախ դարձած են։ Պատճառները բազմազան են՝ սեռային բովանդակութիւն, ցեղապաշտութիւն, ընկերային արդարութիւն, քաղաքական եւ կրօնական տեսակէտներ։
Բնականաբար, ամէն գիրք յարմար չէ ամէն տարիքի։ Ծնողները իրաւունք ունին ուղղելու իրենց երեխաները, իսկ դպրոցները պարտաւոր են նկատի ունենալու աշակերտներուն տարիքն ու հասունութիւնը: Սակայն «չեմ ուզեր, որ իմ զաւակս այս գիրքը կարդայ» ըսելը ուրիշ բան է, «ուրիշներուն զաւակներն ալ թող չկարենան կարդալ զայն» ըսելը բոլորովին ուրիշ բան: Առաջինը անհատական ընտրութիւն է, երկրորդը՝ ուրիշներու ազատութիւնը սահմանափակելու փորձ։
Գիրք մը կարդալը չի նշանակեր համամիտ գտնուիլ անոր հեղինակին հետ։ Կրնանք մեր համոզումներուն անյարիր գաղափարներու մասին կարդալ՝ հասկնալու, թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կը մտածեն։ Կրնանք ուսումնասիրել տեսակէտ մը եւ վերջաւորութեան ամբողջութեամբ մերժել զայն։ Գիրքին արժէքը միշտ այն չէ, որ կը հաստատէ մեր համոզումները։ Երբեմն անոր արժէքը կը կայանայ հոն, որ մեզ կը ստիպէ մտածելու, կասկածելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու մեր կարծիքները։ Եւ եթէ գիրքը կարդալէ ետք ըսենք՝ «ո՛չ, հեղինակը սխալ է», այդ մերժումը աւելի արժէքաւոր է, որովհետեւ հիմնուած է ծանօթութեան եւ դատողութեան վրայ։
Հայերս գիրքին նկատմամբ յատուկ յարգանք ունինք։ Դարերով ձեռագիրներ պահպանած ենք, գիրքեր փրկած, տպարաններ ու գրադարաններ հիմնած։ Գիրքը մեզի համար եղած է լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման միջոց։ Սակայն գիրքը սիրելը ինքնաբերաբար չի նշանակեր կարդալու ազատութիւնը յարգել։ Կրնանք մեծարել գրականութիւնը, բայց անհանգստանալ, երբ հեղինակ մը կը վիճարկէ մեր ազգային, կրօնական, քաղաքական կամ ընկերային համոզումները։ Կրնանք ազատ արտայայտութեան կողմնակից ըլլալ մինչեւ այն պահը, երբ արտայայտուած կարծիքը կը հակասէ մեր սեփական տեսակէտին։
Մեր իրականութեան մէջ գրաքննութիւնը միշտ չէ, որ պաշտօնական արգելքի ձեւ կը ստանայ։ Երբեմն ան կը դրսեւորուի լռութեամբ, քննադատութենէ խուսափելով կամ համայնքային հակազդեցութեան վախով։ Գրող մը կրնայ հրաժարիլ որոշ նիւթէ մը, հրատարակիչ մը՝ վիճայարոյց գիրքէ մը, իսկ ուսուցիչ մը՝ զգայուն հարց մը քննարկելէ։ Այս ինքնագրաքննութիւնը երբեմն աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ անտեսանելի կը մնայ։ Ուստի հարցումը միայն այն չէ, թէ հայկական միջավայրին մէջ արգիլուած գիրքեր կա՞ն։ Աւելի կարեւոր է հարցնել. կա՞ն գաղափարներ, հարցումներ եւ տեսակէտներ, որոնց մասին մարդիկ ազատ չեն զգար գրելու, կարդալու կամ խօսելու։
Կարդալու ազատութիւնը չի նշանակեր, որ պարտաւոր ենք ամէն գիրք կարդալու կամ ընդունելու անոր գաղափարները։ Կրնանք գիրք մը չգնել, չկարդալ, քննադատել կամ մերժել։ Բայց մեր մերժումը պէտք չէ վերածուի ուրիշներուն ընթերցելու իրաւունքը սահմանափակելու պահանջի։
10 Հոկտեմբերը առիթ մըն է յիշելու, որ ժողովրդավար հասարակութեան մէջ կարդալու ազատութիւնը պէտք է պաշտպանուի ոչ միայն այն ատեն, երբ գիրքը մեզի հաճելի բաներ կ’ըսէ, այլեւ երբ կը հարցադրէ մեր համոզումները։ Որովհետեւ կարդալու ազատութեան ամենէն պարզ սահմանումը թերեւս այս է.
Ես իրաւունք ունիմ գիրքը փակելու։ Բայց այդ իրաւունքը ինծի իրաւունք չի տար ուրիշին գիրքը փակելու։
Վ.Թ.
Սրուակը
Դրուժահալած հոգիս քայքայուած
Կը շրջի յաւէտ ծայրը անհունին.
Կ’որոնէ անդուլ, դիւամոլորած
Ստուերով պատուած ճամբան ակօսին:
Տանջուած է հոգիս մտքով վախազեղ,
Քանզի ամեն բան կը շոգիանայ.
Գտանե՞մ պիտի փնտռածըս լուսեղ,
Գուցէ ակօսն ալ դատարկուն մնայ:
Բայց դուք հրեշտակք, չունի՞ք կենսաջուր,
Որ տայ խմողին կեանք անսահման
Ու զեղուցանէ երազով անհեռ:
Չէ՜ կորսըւած է դիւթաջուրը ձեր՝
Աւար դառնալով ժամին եղծանման.
Ո՜հ փշրըւած է սրուակը ամուր:
Գէորգ Տանայեան
Օրուէլի «1984»-ը եւ Հաքսլիի «Brave New World»-ը. արդեօք այս աշխարհներո՞ւն մէջ սկսած ենք ապրիլ
Երբ այսօր կը խօսինք հսկողութեան, տեղեկատուութեան վերահսկողութեան, քարոզչութեան կամ իրականութեան խեղաթիւրման մասին, գրեթէ ինքնաբերաբար կը յիշենք Ճորճ Օրուէլի 1984-ը։ Իսկ երբ կը խօսինք անվերջ ժամանցի, սպառողականութեան, հաճոյքի եւ մեր ուշադրութիւնը անընդհատ գրաւող թուային աշխարհի մասին, Օլտըս Հաքսլիի Brave New World-ը յանկարծ շատ հեռաւոր ապագայի մը մասին գրուած վէպ չի թուիր։ Օրուէլի «1984» եւ Հաքսլիի «Brave New World» վէպերուն ծանօթ են երկրորդականի եւ համալսարանի ուսանողներէն շատեր: Իսկ ուրիշներ անոնց ծանօթ են ֆիլմերու ճամբով:
Հաքսլիի վէպը լոյս տեսած է 1932-ին, Օրուէլինը՝ 1949-ին։ Երկու հեղինակներն ալ կը պատկերացնեն հասարակութիւններ, ուր անհատին ազատութիւնը խորապէս սահմանափակուած է։ Սակայն բոլորովին տարբեր է այդ սահմանափակումին միջոցը։ Օրուէլի աշխարհին մէջ մարդը կը հնազանդի, որովհետեւ կը վախնայ։ Հաքսլիի աշխարհին մէջ ան կրնայ հնազանդիլ, որովհետեւ գոհ է։ Մէկուն մէջ ազատութիւնը կը խլուի։ Միւսին մէջ մարդը կրնայ այլեւս չզգալ անոր կարիքը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր օրերուն, անոնք միաժամանակ կը դրսեւորեն մտահոգիչ նմանութիւններ:
Նախ ներկայացնենք երկու վէպերը:
Brave New World. երբ երջանկութիւնը կը ծրագրուի
Օլտըս Հաքսլիի Brave New World-ը կը ներկայացնէ ապագայ Համաշխարհային պետութիւն մը, ուր կայունութիւնն ու երջանկութիւնը դարձած են գերագոյն արժէքներ։ Մարդիկ բնական ձեւով չեն ծնիր, այլ կ’աճեցուին յատուկ կեդրոններու մէջ եւ ի սկզբանէ կ’որոշուի անոնց ընկերային դասակարգումը։ Մանկութենէն սկսեալ անոնք հոգեբանական կաղապարումի կ’ենթարկուին, որ ընդունին իրենց տրուած տեղը եւ գոհ ըլլան իրենց կեանքէն։
Ընտանիքը գրեթէ վերացած է, զգացական խոր կապերը չեն քաջալերուիր, իսկ սպառումն ու ժամանցը հասարակութեան հիմնական սովորութիւններէն են։ Եթէ հակառակ այս բոլորին դժգոհութիւն կամ տխրութիւն յայտնուի, կայ «սոմա»-ն՝ պետութեան տրամադրած թմրեցուցիչը, որ մարդը ժամանակաւորապէս կը հեռացնէ անհաճոյ իրականութենէն։ Դժգոհութիւնը դիմագրաւելու փոխարէն՝ կարելի է պարզապէս չզգալ զայն։
Այս աշխարհ կը բերուի Ճոնը՝ Համաշխարհային Պետութենէն դուրս մեծցած երիտասարդ մը, որ չի կրնար ընդունիլ այդ «կատարեալ» հասարակութեան արժէքները։ Ան կ՚ուզէ ազատութիւն, նոյնիսկ եթէ ազատութիւնը կը նշանակէ վտանգ, ցաւ, սխալ եւ դժբախտութիւն։ Հաքսլիի հիմնական հարցումը, ուրեմն, պարզ է եւ միաժամանակ ճնշող. եթէ մեզի առաջարկեն ապահով, հաճելի եւ գրեթէ առանց ցաւի կեանք մը, ի՞նչ չափով պատրաստ պիտի ըլլանք մեր ազատութիւնը զիջելու անոր փոխարէն։
1984. երբ իշխանութիւնը կը պահանջէ նաեւ միտքդ
Ճորճ Օրուէլի 1984-ը կը պատմէ Ուինսթըն Սմիթի մասին, որ կ’ապրի Օվկիանիա կոչուած ամբողջատիրական պետութեան մէջ։ Մեծ Եղբօր եւ Կուսակցութեան իշխանութեան տակ քաղաքացիները մշտական հսկողութեան ենթակայ են։ Ուինսթըն կ’աշխատի Ճշմարտութեան նախարարութեան մէջ, ուր անոր գործերէն մէկը անցեալի փաստաթուղթերը փոխելն է, որ անոնք միշտ համապատասխանեն Կուսակցութեան ներկայ պնդումներուն։ Անցեալը պէտք է միշտ վաւերակէ ներկայի իշխանութիւնը։
Բայց Կուսակցութիւնը չի բաւարարուիր արտաքին հնազանդութեամբ։ Ան կ’ուզէ տիրել նաեւ մարդու մտածումին։ Այս նպատակին կը ծառայէ Newspeak-ը՝ Կուսակցութեան մշակած նոր լեզուն, որուն բառապաշարը դիտումնաւոր կերպով կը սահմանափակուի։ Գաղափարը այն է, որ եթէ որոշ գաղափարներ արտայայտելու բառերն ու լեզուական միջոցները հետզհետէ անհետանան, այդ գաղափարները մտածելն իսկ աւելի դժուար պիտի դառնայ։ Կայ նաեւ doublethink-ը՝ հակասական երկու պնդումներ միաժամանակ ընդունելու եւ երկուքն ալ ճիշդ համարելու կարողութիւնը։
Ուինսթընի պայքարը, հետեւաբար, միայն քաղաքական իշխանութեան դէմ չէ։ Անիկա պայքար է՝ իրականութիւնը սեփական աչքերով տեսնելու եւ մտքի ազատութիւնը պահպանելու համար:
Հետաքրքրական է նաեւ վէպին խորագիրը։ Օրուէլ զայն կ’աւարտէր 1948-ին, եւ լայնօրէն ընդունուած բացատրութեան համաձայն՝ «1984»-ը ստացուած է 1948-ի վերջին երկու թիւերուն տեղերը փոխելով։ Այսպիսով, իր նկարագրած մղձաւանջային աշխարհը ան կը տեղադրէր ոչ թէ շատ հեռաւոր ապագայի մը, այլ իր ժամանակէն ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետք։
Երկու աշխարհ՝ երկու ճամբայ
Երկու վէպերուն տարբերութիւնը այժմ յստակ կը դառնայ։ 1984-ի մարդը գիտէ, որ ազատ չէ։ Brave New World-ի մարդը կրնայ նոյնիսկ չանդրադառնալ, որ ազատ չէ։
Օրուէլի համակարգը կարծես կ’ըսէ. Հնազանդէ՛, այլապէս պիտի պատժուիս։
Հաքսլիինը՝ ինչո՞ւ չհնազանդիս, երբ քեզի այնքան հաճելի կեանք մը տուած ենք։
Մէկուն գործիքը վախն է։ Միւսինը՝ հաճոյքը։
Մէկուն մէջ վտանգաւոր գաղափարը պէտք է ճնշել։ Միւսին մէջ կարելի է այնպիսի մարդ ստեղծել, որ այլեւս այդ գաղափարով չհետաքրքրուի։
Իսկ մենք ո՞ր աշխարհին աւելի մօտ ենք։
Օրուէլի հերոսները կ’ապրին գիտակցութեամբ, որ telescreen-ը կրնայ զիրենք դիտել։ Մենք մեր telescreen-ները մեր ձեռքով կը գնենք։ Զանոնք մեր հետ կը տանինք աշխատանքի, ճաշարան, ինքնաշարժ, օդակայան, արձակուրդ եւ ննջասենեակ։
Մեր առցանց գործունէութիւնը հետքեր կը ձգէ, որոնումները կ’արձանագրեն մեր հետաքրքրութիւնները, իսկ ընկերային ցանցերու վրայ մենք մեր կամքով հսկայական քանակութեամբ տեղեկութիւն կը հրապարակենք մեր կեանքին մասին։ Սակայն այստեղ Օրուէլէն էական տարբերութիւն մը կայ։ Այս բոլորը միշտ չէ, որ մեզի պարտադրուած են։ Մենք ծառայութիւն կը ստանանք անոնց փոխարէն՝ քարտէսներ, որոնում, հաղորդակցութիւն, երաժշտութիւն, տեսանիւթեր, գնումներ, ընկերային ցանցեր։
Ուստի ժամանակակից հսկողութեան մէկ մասը ոչ թէ պարզապէս պարտադրանքի, այլ փոխանակումի վրայ հիմնուած է։
Մենք մեր մասին տեղեկութիւն կը տրամադրենք, որովհետեւ փոխարէնը յարմարութիւն կը ստանանք։ Եւ ճիշդ այստեղ Օրուէլը կը սկսի հանդիպիլ Հաքսլիին ։
Երբ ձանձրանալը դժուար կը դառնայ
Փորձեցէք քանի մը վայրկեան սպասել դարմանատան մը մէջ, օդակայանին կամ ճաշարանի մը մէջ՝ առանց հեռաձայնը հանելու։ Շատերուս համար դժուար դարձած է։ Ոչ ոք մեզ կը ստիպէ հեռաձայնին պաստառը բանալու։ Մենք մեր կամքով կը բանանք զայն։ Լուր մը, հաղորդագրութիւն մը, լուսանկար մը, տեսանիւթ մը, reel մը, ապա ուրիշ մը եւ ուրիշ մը։
Հաքսլիի վէպը, բնականաբար, ընկերային ցանցերու մասին չէ։ 1932-ին նման աշխարհ գոյութիւն չունէր։ Բայց անոր բարձրացուցած հարցումը զարմանալիօրէն այժմէական է. ի՞նչ կը պատահի մարդուն, երբ հաճոյքն ու զբաղումը այնքան առատ դառնան, որ լռութիւնը եւ ձանձրոյթը այլեւս դժուար հանդուրժելի ըլլան։ Երբ իւրաքանչիւր ազատ վայրկեան կրնայ անմիջապէս լեցուիլ, մտածելու համար անհրաժեշտ պարապ տարածքն ալ կրնայ հետզհետէ նուազիլ։
Թուային տնտեսութեան մէջ մեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը տնտեսական արժէք ունին։ Բազմաթիւ առցանց հարթակներ կը հետեւին, թէ ի՛նչ կը դիտենք, ինչի՛ վրայ կը սեղմենք, որքան ժամանակ կը մնանք բովանդակութեան մը վրայ եւ ինչի՛ կը վերադառնանք։ Ալկորիթմը մեզ չի ճանչնար այնպէս, ինչպէս բարեկամ մը կը ճանչնայ։ Բայց կրնայ սորվիլ մեր վարքէն. ի՞նչը մեզ կը զուարճացնէ, ի՞նչը մեզ կը զայրացնէ, ո՞ր նիւթին վրայ կանգ կ’առնենք, ի՞նչը մեզ կը ստիպէ վերադառնալու։
Հոս կը յայտնուի հետաքրքրական կապ մը երկու վէպերուն միջեւ։ Օրուէլ կը պատկերացնէ համակարգ մը, որ կ’ուզէ գիտնալ եւ վերահսկել, թէ մարդը ի՛նչ կ՚ընէ եւ ի՛նչ կը մտածէ։ Հաքսլի կը պատկերացնէ համակարգ մը, որ մարդուն ցանկութիւններն իսկ կը ձեւաւորէ։ Ժամանակակից թուային համակարգերը Օվկիանիան կամ Համաշխարհային պետութիւնը չեն։ Այդ համեմատութիւնը բառացի դարձնելը սխալ պիտի ըլլար։
Բայց երկու հեղինակներուն հարցումները մեզի կ’օգնեն մտածելու, թէ ո՛վ տեղեկութիւն կը հաւաքէ մեր մասին եւ ի՛նչ ուժ ունի այն համակարգը, որ կրնայ ոչ միայն արձանագրել մեր նախասիրութիւնները, այլ նաեւ շարունակաբար առաջարկել այն, ինչ մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։
Իսկ ճշմարտութի՞ւնը
Օրուէլի աշխարհին մէջ ճշմարտութեան վերահսկողութիւնը կեդրոնացած է։ Կուսակցութիւնը կ’որոշէ պաշտօնական իրականութիւնը։ Մեր աշխարհը այդքան պարզ չէ։ Այսօր կառավարութիւններ, քաղաքական ուժեր, լրատուամիջոցներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ, ազդեցիկ անհատներ եւ սովորական օգտագործողներ միաժամանակ տեղեկութիւն կ’արտադրեն եւ կը տարածեն։ ԱԻ-ն ալ այս երեւոյթին նոր շերտ մը աւելցուցած է։ Այժմ շատ աւելի դիւրին է մեծ քանակութեամբ գրութիւն, պատկեր, ձայն եւ տեսանիւթ ստեղծել։ Հետեւաբար մեր ժամանակներու խնդիրը միշտ չէ, որ տեղեկութեան բացակայութիւնն է, երբեմն ճիշդ հակառակը. չափազանց առատ տեղեկութիւն։ Այնքան շատ, որ դժուար կը դառնայ զանազանել կարեւորը՝ անկարեւորէն, փաստը՝ մեկնաբանութենէն, վստահելին՝ կասկածելիէն, իրականը՝ շինծուէն։
Այս կէտին շուրջ Օրուէլ եւ Հաքսլի դարձեալ կը հանդիպին։
Օրուէլ հարց կու տայ, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ ճշմարտութիւնը կը ճնշուի։ Հաքսլիի վէպը ծնունդ կու տայ այլ հարցումի. ի՞նչ կը պատահի, երբ մարդը այնքան գոհ, զբաղած կամ մտացիր է, որ ճշմարտութիւնը փնտռելու պահանջը կը տկարանայ։ Տեղ մը ճշմարտութիւնը կարելի չէ ըսել, այլ տեղ՝ մարդը կրնայ այլեւս չուզել զայն լսել։
Իսկ ԱԻ-ն ո՞ւր կը գտնուի այս պատկերին մէջ
Արուեստական իմացականութիւնը երկու տեսլականներուն միջեւ կապը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ։ ԱԻ համակարգերը կրնան հսկայական քանակութեամբ տուեալներ վերլուծել, օրինաչափութիւններ գտնել եւ անհատականացուած բովանդակութիւն ստեղծել կամ առաջարկել։ Այս կարողութիւնները մեծ օգուտներ ունին բժշկութեան, գիտութեան, կրթութեան, թարգմանութեան եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ։
Բայց նոյն արհեստագիտութիւնը նոր հարցեր կը յառաջացնէ հսկողութեան, համոզումի, անհատականացման եւ տեղեկատուութեան վստահելիութեան մասին։
Նախապէս հարց կը տրուէր. կարելի՞ է մարդուն ստիպել մտածելու այն, ինչ որ իշխանութիւնը կ’ուզէ։ Այսօր հարց պիտի տանք. ի՞նչ կը պատահի, եթէ համակարգը այնքա՛ն լաւ ճանչնայ մեր վարքն ու նախասիրութիւնները, որ կարենայ զանոնք վերլուծել եւ մեր ուշադրութիւնը որոշ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Հոս Հաքսլիի աշխարհը կը հանդիպի Օրուէլի աշխարհին։
Առաջին պարագային կարեւոր է ցանկութեան ձեւաւորումը։ Երկրորդին մէջ՝ կարեւորը անհատին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելը եւ անոր իրականութիւնը ձեւաւորել է։ ԱԻ-ի դարաշրջանին երկու հարցումներն ալ արժանի են ուշադրութեան։
Օրուէ՞լ, թէ՞ Հաքսլի
Թերեւս սխալ է հարց տալ, թէ ո՞վ աւելի ճիշդ կը նախատեսէր մեր աշխարհը։ Ո՛չ 1984-ը, ո՛չ ալ Brave New World-ը մեր ժամանակներու հարազատ նկարագրութիւնն է։ Երկուքն ալ ծայրայեղ պատկերացումներ են, որոնց միջոցով հեղինակները տարբեր հարցումներ կ’ուղղեն ազատութեան մասին։ Օրուէլ կը զգուշացնէ իշխանութենէն, որ կրնայ մեզ ստիպել։ Հաքսլի՝ համակարգէ մը, որ կրնայ մեզ այնպէս ձեւաւորել, որ մեր կամքով ուզենք այն, ինչ որ ան մեզի կու տայ։
Մէկը կը վախնայ աշխարհէ մը, ուր մարդուն մտածելը կ’արգիլեն։ Միւսը մեզ կը մղէ մտածելու աշխարհի մը մասին, ուր մարդը կրնայ հետզհետէ կորսնցնել խորապէս մտածելու պահանջը։ Եւ թերեւս քսանմէկերորդ դարու ամենէն հետաքրքրական իրականութիւնը այն է, որ ստիպուած չենք ընտրելու երկուքին միջեւ։ Հսկողութիւնն ու զուարճանքը կրնան կողք կողքի գոյութիւն ունենալ։ Տուեալներու հաւաքումն ու հաճոյքը՝ նոյնպէս։ Տեղեկատուութեան վերահսկողութիւնն ու տեղեկատուութեան հոսքը՝ նոյն ատեն։ Վախն ու հրապոյրը՝ նոյն հասարակութեան մէջ։
Պայման չէ որ Օրուէլի «Մեծ Եղբայրը» միայն մեզ դիտէ։ Ան նաեւ կրնայ մեզ զուարճացնել։
Իսկ պայման չէ, որ Հաքսլիի հաճոյքի աշխարհը կոյր ըլլայ մեր վարքին նկատմամբ։ Ընդհակառակը՝ որքան աւելի լաւ ճանչնայ մեզ, այնքան աւելի լաւ կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչը պիտի գրաւէ մեր ուշադրութիւնը։
Այդ պատճառով, երկու վէպերը կարդալէ ետք ամենէն հետաքրքրական հարցումը թերեւս այն չէ, թէ Օրուէ՞լը ճիշդ էր, թէ՞ Հաքսլին, այլ՝
ազատութիւնը կը կորսնցնենք միայն այն ատեն, երբ մէկը զայն մեզմէ կը խլէ՞, թէ՞ երբեմն նաեւ այն ատեն, երբ այնքան զբաղած ենք, զուարճացած եւ գոհ, որ այլեւս չենք նկատեր, թէ ի՛նչ կը յանձնենք փոխարէնը։
«ՏԱՐԵԴԱՐՁ»Ս․․․
Խորհուրդներուս աշխարհէն․․․
Տարի մըն ալ լուռ լռութեամբ
առանց տափ ու թմբուկի
ինքնակամ եւ ինքնիշխան
առանց նոյնիսկ անցագրի
գլուխն առաւ ու գնաց
յուշերուս մութ աշխարհի
ծալքերուն մէջ հանգչելու․․․
Աւաղ, այսպէս, կեանքի մէկ երրորդը ակամայ,
կու տանք նինջի մթութեան,
երկու երրորդին մէջ է, որ՝
կը խցկենք ցաւն ու վիշտը
լաւն ու վատը
երջանկութեան պահերը
հոգին կրծող տառապանքը
երազանքն ու կարօտը
անիրական բաղձանքները
յուշն ու մուժը
եւ․․․ կը յանձնենք անորոշի դատումին․․․
Եւ «տ ա ր ե դ ա՜ ր ձ․․․» կը կոչենք․․․
Ի՜նչ հեգնանք․․․
Ո՞վ տեսած է տարին դ ա ռ ն ա՜ յ․․․
Ասուպի պէս անյայտ կ՛երթայ․․․
Ո՜չ, չի՜ «դառնար» այդ խեղճ տարին,
այլ կը մեկնի՜ անվերադարձ
հէք ճամբորդ մ՛է մեր հէ՜ք կեանքին․․․
Օրերուն հետ ան թաւալող
միշտ կը ճախրի
մինչեւ պահը այն մթամած
երբ թռիչքը յոգնած կասի,
յաւէտ դադրի, անէանայ,
դառնայ տարի ․․․ առանց դարձի․․․
Տարեդարձը անհետացող մթադարձ է։
Չորցած կմախք՝
կախուած մինակ
թանգարանի՛մ մութ անկիւն մը
ժամանակի ծալքերուն մէջ․․․։
Ո՛չ ոք անոր պիտ՛ այցելէ
ո՛չ բարեւէ, ո՛չ ալ ժպտի։
Որբի նման հոն պիտ մնայ,
հոն ալ չորնայ․․․ անէանայ․․․
Օրը օ՛ր է ճի՛շտ հո՛ս, հիմա՛։
Պահը անցնի, ան կը կորչի
քամիներուն չդիմացող ամպին նման
Կեանքը այսպէս թնճուկ մըն է․․․
Տարեդա՞րձը,
երազանքի մարած մոմ է
կարկանդակի վրայ դրուած․․․
Պի՛տ դեգերինք
«կեանք»ի մռայլ տիեզերքին մէջ կորսուած
թափառելով կայան-կայան,
մինչեւ օր մը
անորոշի մտերմութեան մէջ
—ակամայ —
անէանանք․․․ անէանանք․․․
Տարեդարձը օր է մռայլ մութ օրոյթով*
խոհ է ցաւոտ ցաւ խոյոյթով*
Տարեդարձը
տրտմաթախիծ ափսոսանքի,
դառնութեամբ լի շարական է ողբի, կոծի,
որ չէ՛ գրուած․․․
ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
9-19-2025/ 10-2-2025 / 10–3-5-2026
*Աստղանշուած բառերը՝ «Մարգարեան բառակազմական համակարգ»էս են։ Բառարաններուն մէջ մի փնտռէք։
Ծնած եմ՝
Գրիգորեան տոմարի՝ Օր՝ 6, ամիս՝ Հոկտեմբեր, տարի՝ 1938-ին:
Հայկեան տոմարի՝ Օր՝ Միհր, ամիս՝ Տրէ, Յամի՝ ՏՆԼ (4430)-ին։
Կերի Կարապետեան. Լիբանանեան շարժապատկերի մոռցուած ռահվիրան
Լիբանանահայ մշակոյթի պատմութիւնը յիշելու ատեն սովորաբար կը խօսինք գրողներու, նկարիչներու, երաժիշտներու, թատերական գործիչներու եւ կրթական մշակներու մասին։ Շարժապատկերը գրեթէ լուսանցքային տեղ կը գրաւէ այդ յիշողութեան մէջ։
Այդ գրեթէ մոռցուած անուններէն մէկն է Կերի Կարապետեանը (1935–1968)՝ բեմադրիչ մը, որ ապրեցաւ միայն 33 տարի, բայց յաջողեցաւ կարեւոր դեր խաղալ լիբանանեան հեռատեսիլի կազմաւորման տարիներուն եւ 1960-ականներուն լիբանանեան շարժապատկերի ձեւաւորման մէջ։
Այսօր Կերի Կարապետեանը յիշելու առիթը կը պարտինք լիբանանահայ «Արարատ» օրաթերթին, որ վերջերս Ն. Ճ. ստորագրութեամբ յօդուած մը նուիրած էր մեծ բեմադրիչին՝ յոյս յայտնելով, որ հայ մամուլը կ՚անդրադառնայ անոր եւ, ինչու չէ, ըստ արժանւոյն ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ։
Կարապետեան նաեւ այն սակաւաթիւ հայերէն էր, որ կանուխէն ջնջեց այն արուեստական սահմանը, որ զինք կը բաժնէր շրջապատող հասարակութենէն։ Անոր ստեղծագործական աշխարհին մէջ իրարու հանդիպեցան հայկական ծագումը, լիբանանեան իրականութիւնը եւ, կեանքի վերջին հանգրուանին՝ պաղեստինեան հարցը։
Պաղտատէն՝ լիբանանեան պատկերասփիւռ
Կարապետեանի կենսագրութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները տակաւին անորոշ կը մնան։ Գոյութիւն ունեցող աղբիւրներուն համաձայն, ան ծնած է Պաղտատ՝ 1935-ին: 1950-ին տեղափոխուած է Լիբանան եւ ուսանած Ալէյի մէջ։ Նոյն աղբիւրները կը նշեն, որ ան շարժապատկեր ուսանած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ ապա Լոնտոնի մէջ։
1959-ին կը միանայ լիբանանեան նորաստեղծ պատկերասփիւռին եւ կը դառնայ անոր առաջին բեմադրիչներէն մէկը։ Անոր անունին հետ կը կապուին «Ապու Մելհեմ», «Քննիչ Համտիի յուշերը» եւ «Շահրազատի ամենագեղեցիկ գիշերները» յայտագիրները։
Այս հանգամանքը կարեւոր է Կարապետեանի տեղը հասկնալու համար։ Ան լիբանանեան մշակութային կեանքի լուսանցքին վրայ գործող հայ արուեստագէտ մը չէր։ Ան մասնակից էր արաբալեզու լիբանանեան զանգուածային մշակոյթի ձեւաւորման առաջին հանգրուաններէն մէկուն։
Շուտով պատկերասփիւռէն կ’անցնի նաեւ շարժապատկեր։
«Կարօ». տեսնել ուրիշ Պէյրութ մը
Կարապետեանի անունը այսօր առաջին հերթին կապուած է «Կարօ» շարժապատկերին։
1960-ականներուն, լիբանանեան շարժապատկերը մեծ վերելք մը կ’ապրէր, բայց արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը կը հետեւէր առեւտրական եւ երաժշտական շարժապատկերի ընդունուած կաղապարներուն։ Կարապետեան կ’ընտրէ ուրիշ ճամբայ մը։
«Կարօ»-ն ոճրագործի մը պատմութիւն էր, բայց անոր ետին կար ընկերային իրականութիւն մը՝ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ մարդուն ճակատագրին վրայ միջավայրին ազդեցութիւնը։ Գլխաւոր դերակատարը Մունիր Մաասրին էր, իսկ աղբիւրները Կարապետեանին կը վերագրեն բեմադրութեան կողքին նաեւ սենարիոյի, մոնթաժի եւ նկարահանման աշխատանքներ։
Աւելի կարեւորը՝ Կարապետեան իր քամերան կ’ուղղէ դէպի այն Պէյրութը, որ այդ տարիներու փայլուն եւ զբօսաշրջային պատկերին մէջ յաճախ անտեսանելի կը մնար։
Շարժապատկերը նկարահանուած էր Մար Մխայէլի, Քարանթինայի եւ Պուրճ Համուտի շրջակայքին մէջ՝ ներկայացնելով քաղաքի նիւթապէս անապահով խաւերը։ AUB-ի ուսանողներէն մէկուն դոկտորական թեզը (Տեսնել այս կապով) ճիշդ այս տարբերութիւնը կը շեշտէ՝ «Կարօ»-ն հակադրելով ժամանակի Լիբանանը գեղեցկացնող շարժապատկերային պատկերացումին։
Իտալական Treccani շարժապատկերային հանրագիտարանը «Կարօ»-ն կը ներկայացնէ որպէս լիբանանեան առաջին նորիրապաշտական (neorealist) շարժապատկերը՝ հայ գաղթականի մը մասին, որ աղքատութեան պատճառով կը մղուի ոճիրի։ Քաննի փառատօնին կողմէ հրապարակուած լիբանանեան շարժապատկերի պատմական ակնարկն ալ զայն կ’առանձնացնէ տասնամեակի գեղարուեստական նշանակութիւն ունեցող գործերուն մէջ (Տեսնել այս կապով)։
Հետեւաբար «Կարօ»-ն կարեւոր չէ միայն այն պատճառով, որ հայ բեմադրիչ մը ստեղծած է զայն։ Ան կարեւոր է լիբանանեան շարժապատկերի պատմութեան մէջ, որովհետեւ կը փորձէ տեսնել իրականութիւն մը, զոր ուրիշներ հազուադէպ կը տեսնէին։
Թերեւս Կարապետեանի ժառանգութեան ամենէն հետաքրքրական երեսը այն է, որ ան հայ էր՝ առանց հայկական սահմաններու մէջ բանտարկուելու։ Ան չէր մոռցած իր հայկական արմատները։ «Կարոյի» աշխարհը նոյնիսկ մասամբ կ’անցնէր  Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերէն։ Բայց անոր ստեղծագործական կեանքը չէր սահմանափակուեր հայ համայնքով։
Ան արաբալեզու պատկերասփիւռի բեմադրիչ էր։ Լիբանանցի եւ արաբ դերասաններու հետ կ’աշխատէր։ Իր նիւթը Պէյրութն էր, աղքատութիւնը, ընկերային անարդարութիւնը, քաղաքին աղքատ թաղամասերը։ Այս իմաստով ան այն լիբանանահայերէն մէկն էր, որոնք իրենց ինքնութիւնը պահպանելով հանդերձ՝ ամբողջութեամբ մաս կը կազմէին իրենց ապրած երկրի մշակութային կեանքին։ Ան ոչ թէ իր հայկականութենէն հրաժարած էր լիբանանցի դառնալու, այլ երկուքը ներդաշնակած էր իրարու։
Իսկ իր վերջին գործով այդ շրջանակը աւելի եւս կ’ընդարձակուէր:
1968-ին Կարապետեան կը պատրաստէր «Մենք բոլորս ֆետայիներ ենք» (Kullunā Fidāʾiyyūn) շարժապատկերը, որ կ’առնչուէր պաղեստինեան դիմադրութեան։
Այս գործը խորհրդանշական տեղ ունէր անոր կարճ ճանապարհին մէջ։
«Կարօ»-ով ան կ’արծարծէր Պէյրութի ընկերային հարցերը։ Իր վերջին շարժապատկերով ան կը մօտենար հարցի մը, որ շուտով պիտի դառնար Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանի պատմութեան առանցքներէն մէկը։ Հոս Կարապետեանի երեք աշխարհները կարծես իրարու կը հանդիպին՝ հայկական ծագումը, լիբանանեան մշակութային պատկանելիութիւնը եւ պաղեստինեան իրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։
Բայց այդ վերջին շարժապատկերը պատճառ պիտի դառնար նաեւ անոր կեանքի ողբերգական վախճանին։
Պէյրութի շրջանին մէջ գտնուող Purgatoire գիշերային վայրին մէջ նկարահանման ընթացքին տեղի ունեցած հրդեհ-պայթումը Կարապետեանի եւ ուրիշներու կեանքը կը խլէ։ Աղէտին ճշգրիտ հանգամանքներուն եւ գործածուած նիւթերուն մասին աղբիւրները հակասական տեղեկութիւններ կու տան, ուստի մանրամասնութիւններուն պէտք է զգուշութեամբ մօտենալ։
Կարապետեան ընդամէնը 33 տարեկան էր։
2023-ին Ալեքսիս Կիյէի Purgatoire (Cinema That Kills) վաւերագրական շարժապատկերը կրկին կ’անդրադառնայ այդ ողբերգութեան՝ ականատեսներու, դերասաններու եւ ընտանիքի անդամներու վկայութիւններուն միջոցով վերակազմելով ոչ միայն պատահարը, այլեւ Կարապետեանի վերջին շարժապատկերին ստեղծման պայմաններն ու զայն շրջապատող քաղաքական միջավայրը։
Կերի Կարապետեանը պարզապէս լիբանանահայ բեմադրիչ կոչելը բաւարար չէ։ Ան Լիբանանի շարժապատկերի պատմութեան մեծ դէմքերէն մէկն էր, որ նաեւ հայ էր: Մենք լիբանանահայ մշակութային ժառանգութիւնը յաճախ կը փնտռենք հոն, ուր յստակօրէն հայկական հաստատութիւն, հայերէն լեզու կամ հայկական թեմայ կայ։ Բայց Սփիւռքի մշակութային ներկայութիւնը միայն այն չէ, զոր հայերը ստեղծած են հայերուն համար։ Ան նաեւ է այն, զոր հայերը ստեղծած են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ եւ ա՛յդ երկիրներուն համար։ Կարապետեան այդպիսի դէմք մըն էր։
Անոր հայկական ինքնութիւնը պատնէշի չէր վերածուեր իր եւ իր նոր հայրենիքին միջեւ. ընդհակառակը՝ ան այդ ինքնութեամբ կը մասնակցէր լիբանանեան մշակութային կեանքին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէր անոր կերտումին։ «Կարօ»-ի միջոցով ան կը դառնար վկան Պէյրութի այն խաւերուն, զորս շատեր չէին տեսներ կամ չէին ուզեր տեսնել, իսկ իր կարապի երգով իր հորիզոնը կ’ընդլայնէր` բացուելով պաղեստինեան դատին։
Թերեւս այս է նաեւ պատճառը, որ այսօր կարեւոր է վերականգնել անոր ժառանգութիւնը։ Ոչ միայն որովհետեւ Կերի Կարապետեան հայ էր։ Ոչ միայն որովհետեւ երիտասարդ մահացաւ։ Ոչ միայն որովհետեւ մեծ բեմադրիչ էր: Այլ որովհետեւ ան մեզի կը յիշեցնէ, որ կարելի է խորապէս հայ ըլլալ՝ առանց միայն հայկական սահմաններու մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու։ Կարելի է սեփական ինքնութիւնը պահել՝ առանց զայն մեկուսացումի վերածելու։
Կարելի է հայ ըլլալ եւ միաժամանակ մասնակցիլ Լիբանանի մշակութային կեանքին, տեսնել անոր ընկերային ցաւերը եւ արձագանգել շրջանի ուրիշ ժողովուրդներու հարցերուն։
Կերի Կարապետեան շատ կարճ կեանք ունեցաւ։ Բայց այդ կարճ ժամանակը բաւարար եղաւ, որ ան իր հետքը ձգէ ոչ միայն լիբանանահայ, այլեւ լիբանանեան շարժապատկերի պատմութեան մէջ։
Եւ թերեւս ժամանակն է, որ մենք ալ հո՛ն յիշենք զինք։
«Կը մեղադրեմ». պատմութեան վէրքը՝ իբրեւ յիշողութիւն
Իր արուեստի գործերուն եւ կազմակերպած ցուցահանդէսներուն ճամբով, Քատէր Աթիէ ի յայտ կը բերէ բանադրանքի ենթարկուած թեմաներ, պատմագրութեան վերաբերող մտահոգութիւններ եւ լուսաբանելի կէտեր։
Անոր անունը կարծես սկսած է դառնալ յետգաղութատիրական խորհրդանիշ մը, որովհետեւ իր գործերուն մեծ մասը հիմնուած է «քաղաքակիրթ» կամ «զարգացած» իշխանութիւններու կիրարկած աղաւաղումներուն, պատմութիւնն ու գաղութատիրութիւնը խեղաթիւրելու եւ զանազան նենգափոխումներու միջոցաւ ոճրագործութիւնները քօղարկելու անոնց ճիգերուն վրայ։
Ան ծնած է Ֆրանսա՝ 1970-ին, ալճերիական ընտանիքի մը մէջ։ Ֆրանսայի գաղութատիրութիւնը Ալճերիոյ մէջ սկսաւ 1830-ին։ Երկու համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին հազարաւոր ալճերիացի եւ ափրիկեցի այլ զինուորներ կռուեցան ֆրանսական բանակին մէջ, սակայն անոնց զոհողութիւնները երկար ժամանակ տեղ չգտան Ֆրանսայի ազգային յիշողութեան մէջ։ Անշուշտ, հոս կ՚արժէ նշել, որ Ֆրանսայի մէջ ալճերիացի ըլլալը կը նշանակէ նաեւ սեփական մորթին վրայ զգալ բացառման ցաւը, ականատես ըլլալ ցեղապաշտութեան հրահրած մշակութային բախումներուն եւ ապրիլ անարդար կեանքի մը սրտաճմլիկ իրականութիւնը։
Անոր միջազգային համբաւը ամրապնդուած է բազմաթիւ տպաւորիչ ցուցահանդէսներով եւ մրցանակներով, որոնցմէ ամենէն նշանակալիցն է 2016-ի Marcel Duchamp մրցանակը։ Այս ճանաչումը առաւել եւս հաստատեց անոր դիրքը՝ իբրեւ աննահանջ արուեստագէտ եւ անառարկելի հեղինակութիւն վայելող մտաւորական։
Քատէր Աթիէի բազմաթիւ գործերուն մէջ ամենէն նշանակալիցներէն մէկը կը նկատեմ «J’accuse» խորագրուած զետեղումը, որ խորունկ բովանդակութեան եւ պատմական խորքի կողքին կը յատկանշուի նաեւ կատարողական բացառիկ վարպետութեամբ՝ իրարու կամրջելով քանդակագործութեան եւ շարժապատկերի աշխարհները։
Ֆրանքֆորթի ժամանակակից արուեստի թանգարան
Այս գործը կարելի է վերլուծել եւ ընկալել ոչ միայն իբրեւ պատերազմի ու արիւնահեղութեան դէմ յայտարարութիւն, այլեւ՝ իբրեւ քննադատութիւն այն պատկերացումներուն ու պատրանքներուն, զորս եւրոպացիները ձեւաւորած են «եւրոպացիին» եւ «Ուրիշին» մասին։ Գործը համառօտ քննարկում մըն է անմարդկայնութեան, մշակութային նորոգման եւ հոգեվերլուծութեան մասին։
Ո՞վ իրաւունք ունի մեկնաբանելու կամ քննելու «Ուրիշը», եւ ո՞վ կրնայ սահմանել կրթութեան ու մշակութային նրբաճաշակութեան չափանիշները։
Սենեկալցի երեք արհեստաւորներու աջակցութեամբ՝ Աթիէ կը պատրաստէ տասնեօթը դիմաքանդակներ, որոնք կը պատկերեն Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած եւ դիմագիծերը խեղուած ֆրանսացի զինուորներ։ Պատերազմի վեթերան գնդապետ Իվ Փիքօ զանոնք կոչած է «les gueules cassées»՝ «խեղուած դէմքերը»։
«Խեղուած դէմքեր»ու պատուիրակութիւնը Վերսայի մէջ, 28 Յունիս 1919
Այս կիսանդրիները քանդակուած են վիրաւորներու լուսանկարներուն հիման վրայ։ Գործերուն ոճն ու ոգին, դիմագիծերու եւ արտայայտութիւններու ներկայացման եղանակը եւ, յատկապէս, իբրեւ նիւթ ափրիկեան թէք (teak) փայտի գործածութիւնը կը յիշեցնեն ափրիկեան դիմակները։
Յստակ է, որ Աթիէ դիտումնաւոր կերպով ուզած է գործածել ափրիկեան գեղարուեստական լեզուն՝ գաղութատիրական բռնութեան եւ վայրագութեան դէմ մարտակոչ բարձրացնելու համար։
Ափրիկեան գեղարուեստական ոճն ու մշակոյթը եւրոպացի կարգ մը գիտնականներու, պատմաբաններու եւ արուեստի քննադատներու կողմէ երբեմն կը նկատուէին իբրեւ անմշակ, միամիտ կամ «նախնական»՝ զանոնք հակադրելով եւրոպական արդիականութեան, գիտական ու ճարտարագիտական յառաջդիմութեան եւ տնտեսական ու ընկերային զարգացման։ Եւրոպակեդրոն եւ գաղութատիրական տեսանկիւնէ՝ ափրիկեան հասարակութիւնները կը ներկայացուէին իբրեւ «յետամնաց», զարգացման նախնական հանգրուանի վրայ գտնուող, նոյնիսկ՝ վայրենի։
Աթիէ կը փոխէ եւ կը շրջէ եւրոպական դիտանկիւնը։ «J’accuse» գործին մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի վիրաւոր զինուորները՝ այսպէս կոչուած «խեղուած դէմքերը», կը դառնան եւրոպական արդիականութեան հակասութիւնները բացայայտող միջոց մը։ Պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ արդի գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ռազմական յառաջդիմութեան բարձրագոյն շրջանին, միաժամանակ կը քանդէր մարդկային մարմինը եւ կը խաթարէր բարոյական արժէքները։
«Նախնական» նկատուած մշակոյթի մը գեղագիտական լեզուն այսպիսով կը վերածուի Եւրոպան եւ անոր հռչակած արդիականութիւնը վերլուծելու ու քննադատելու լաւագոյն միջոցներէն մէկուն։
Աթիէի գործը մտածել կու տայ, թէ գիտական եւ ռազմական յառաջդիմութիւնը անպայման քաղաքակրթական կամ մարդկային յառաջդիմութիւն չի նշանակեր։
Հոս պէտք է անդրադառնալ Աթիէի մտածողութեան եւ անոր արուեստին էութեան հիմնական մէկ կէտին՝ «նորոգում» (repair) հասկացութեան։ Ուսումնասիրելով ափրիկեան նորոգուած արուեստի գործերը՝ ան նկատած է, որ դիմակներու, արձանիկներու եւ այլ արժէքաւոր առարկաներու ճեղքերը յաճախ կը նորոգուին տեսանելի կարերով կամ մետաղեայ կեռերով՝ առանց վնասուածքին հետքերը ծածկելու։
Ցուցադրութեան վայր՝ Արաբական Ժամանակակից Արուեստի Թանգարան, Տոհա։
Աթիէ այս գործելակերպը կը հակադրէ «նորոգում»ի արեւմտեան ըմբռնումին, ըստ որուն՝ առարկան պէտք է վերադարձուի իր սկզբնական տեսքին՝ հնարաւորին չափ անթերի։ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք զարգացած վիրաբուժութեան մէջ, յատկապէս gueules cassées՝ «խեղուած դէմքեր» ունեցող զինուորներու պարագային, նպատակը հետզհետէ դարձաւ վիրաւոր դէմքը հնարաւորինս վերադարձնել իր նախկին ամբողջականութեան՝ զանազան պատուաստումներու եւ դիմակներու միջոցով, այդպիսով ծածկելով պատերազմէն մնացած հետքերը։
Վերակառուցման օրինակ մը՝ Աննա Քոլմըն Լատտի սարքած դիմակով։
Վնասուածքը պահելով՝ իշխանութիւնները իրականութեան մէջ չեն նորոգեր կոտրուածը, այլ կը ծածկեն զայն՝ փորձելով ջնջել վնասուածքին պատմութիւնը՝ բռնութեան յիշողութիւնը։
Աթիէ պատերազմի խեղուած դէմքերը կը դնէ Ապէլ Կանսի հակապատերազմական պատգամ կրող շարժապատկերին դիմաց։
Այսպիսով, Աթիէ եւրոպացին կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու իր իսկ պատմութիւնը՝ կարծես անոր առիթ մը եւս ընծայելով՝ անկեղծօրէն նորոգելու պատմութեան այդ ճեղքերը։
Ինչո՞ւ արուեստը պարտաւոր չէ ինքզինք բացատրելու
Քանի մը օր առաջ միջին տարիքի զոյգ մը պատկերասրահս այցելեց՝ արուեստի գործ մը գնելու մտադրութեամբ։ Կէս ժամ սրահներուն մէջ շրջելէ եւ գործերը դիտելէ ետք, երկուքն ալ կանգ առին մեծադիր, վերացական ու մինիմալիսթական նկարի մը առջեւ։
— Այս մէկը շատ կը սիրեմ,— ըսաւ կինը՝ ուշադիր զննելով նկարը։— Գեղեցիկ է։
Ամուսինը, որ քայլ մը ետեւը կանգնած էր, խորհրդաւոր կերպով գլխով հաւանութիւն յայտնեց։
— Լաւ է։ Շատ լաւ է։ Գոյներն ալ ճիշդ մեր հիւրասենեակին կը յարմարին։
Շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն։ Սովորաբար նման պահու պատրուակ մը կը գտնեմ հեռանալու, որ մարդիկ առանձին քննարկեն գործը, վիճին գինին շուրջ, որոշեն՝ բազմոցին կը յարմարի՞, թէ՞ ոչ, կամ ընեն այն բոլորը, ինչ որ զոյգերը կ’ընեն արուեստի գործ գնելու ատեն։ Բայց հազիւ հեռանալու պատրաստուած էի, երբ կինը զիս կեցուց այն հարցումով, որմէ ամենէն աւելի կը վախնամ։
— Կրնա՞ք այս նկարին մասին քիչ մը աւելին ըսել։
— Երեք տարի առաջ նկարած եմ զայն, եւ առաջին անգամն է, որ կը ցուցադրեմ։ Միւս գործերէս քիչ մը աւելի մեծ է։ Անոր մէջ ամենէն շատ կը սիրեմ ճերմակութիւնը եւ տարածութեան զգացումը, որ որոշ հանդարտութիւն մը կու տայ նկարին։
Արդէն ըսելիքս սպառած էի։ Ինծի զարմանալի կը թուի, որ յիսուն տարիէ ի վեր գործերս կը ցուցադրեմ, բայց տակաւին կը շփոթիմ, երբ մէկը կը խնդրէ, որ բացատրեմ նկարներէս մէկը։
— Ի՞նչ իմաստ ունի,— կրկին հարցուց կինը՝ այս անգամ աւելի յստակ։
— Անկեղծ ըսեմ՝ գաղափար իսկ չունիմ, թէ ի՛նչ իմաստ ունի։ Եթէ կ’ուզէք, կրնամ անհեթեթ պատմութիւն մը հնարել անոր իմաստին եւ զայն նկարելուս պատճառին մասին, բայց ձեզ այնքա՛ն կը յարգեմ, որ չեմ ուզեր այդպէս ընել։
Ամուսինը օգնութեան հասաւ։
— Գիտէ՞ք ես ի՛նչ կը մտածեմ։ Կարծեմ ձախ կողմի կերպարը սաստիկ գլխացաւէ տառապող կին մըն է։ Գլուխը ձեռքերուն մէջ առած է եւ շատ կը ցաւի, իսկ աջ կողմի կերպարը դեղ մը կը հրամցնէ իրեն։
Ան դարձաւ դէպի ինծի՝ սպասելով, որ հաստատեմ իր ըսածը։ Քաղաքավարօրէն ուսերս թօթուեցի եւ իրեն տուի «թերեւս իրաւունք ունիք» ըսող ժպիտս։
Կինը ուշադրութիւն չդարձուց ամուսինին։
— Այո՛, բայց ի՞նչ իմաստ ունի։
— Իմաստ չունի,— ըսի։— Այն է, ինչ որ է։
Պարզ էր, որ ասիկա իր սպասած պատասխանը չէր։ Թերեւս պատմութիւն մը կ’ուզէր լսել։ Եթէ ըսած ըլլայի, թէ նկարը կը ներկայացնէ ժամանակակից մարդուն մեկուսացումը՝ հետզհետէ մասնատուող հասարակութեան մէջ, թերեւս կրկին պիտի նայէր անոր, լրջօրէն գլխով պիտի ընէր եւ յանկարծ պիտի տեսնէր բան մը, որ հինգ վայրկեան առաջ հոն չկար։
Արուեստը բացատրելու հետ ունեցած դժուարութիւնս ճիշդ ասիկա է։
Նկար մը, բանաստեղծութիւն մը կամ երաժշտական ստեղծագործութիւն մը պէտք է կարենայ ինքն իր միջոցով խօսիլ։ Այն պահուն, երբ նկարիս բացատրութիւնը կու տամ ձեզի` պայման չէ, որ օգնեմ զայն տեսնելու։ Կրնայ նոյնիսկ պատահիլ, որ խանգարեմ ձեր տեսողութիւնը։ Գաղափար մը կը դնեմ ձեր մտքին մէջ, եւ այդ պահէն սկսեալ նկարը դիտելու փոխարէն՝ անոր մէջ իմ բացատրութիւնս կը փնտռէք։
Նոյնն է, երբ երաժշտութիւն մը կը լսէք եւ երգահանին կը հարցնէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ։ Մեղեդի մը կրնայ ձեզ անտանելիօրէն տխրեցնել՝ առանց տխրութիւնը իր նիւթը ունենալու։ Որոշ հնչիւններ կրնան յիշեցնել սենեակ մը, ուր քառասուն տարիէ ի վեր չէք մտած, մէկը, զոր ժամանակին սիրած էք, կամ բան մը, որուն անունն իսկ չէք կրնար տալ։ Այդ արձագանգներէն ոչ մէկը բացատրութեան կարիք ունի։
Նկարչութիւնն ալ կրնայ նոյն ձեւով ազդել։
Քանտինսքին ասիկա հասկցած էր աւելի քան դար մը առաջ։ Զինք կը հրապուրէր այն կարելիութիւնը, որ նկարչութիւնը կարենայ ընել այն, ինչ որ երաժշտութիւնը այնքան բնական կերպով կ’ընէր արդէն՝ ազդել մեր վրայ, առանց ճանչնալի բան մը ներկայացնելու։ Ան կը հաւատար, որ գոյնն ու ձեւը կրնան ուղղակի ազդել մեր վրայ՝ առանց նախ ծառի, դէմքի, ձիու կամ պտուղով լեցուն պնակի մը վերածուելու։
Ասիկա զիս առանձնապէս կը հետաքրքրէ, որովհետեւ, երբ մեր ծանօթ յենարանները կը կորսնցնենք, կարծես կը սարսափինք։ Մէկու մը ցոյց տուէք ծառի մը տակ նստած կնոջ մը նկարը, եւ ամէն ինչ կարգին է։ Ահա՛ կինը։ Ահա՛ ծառը։ Թերեւս մէկու մը կը սպասէ։ Թերեւս առանձին կը զգայ։ Անմիջապէս պատմութիւն մը կ’ունենանք եւ ապահով կը զգանք։ Հեռացուցէք կինն ու ծառը, թողէք միայն գոյները, ձեւերը, լարուածութիւնն ու տարածութիւնները, եւ յանկարծ կը խուճապինք։
«Ի՞նչ իմաստ ունի»։
Թերեւս ո՛չ մէկ իմաստ ունի։ Թերեւս հարցումը «ի՞նչ իմաստ ունի»-ն չէ, այլ՝ «ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ ձեր վրայ»։ Ասիկա շատ աւելի հետաքրքրական հարցում մըն է։
Իւրաքանչիւր արուեստագէտ ի վերջոյ իր սեփական լեզուն կը մշակէ։ Արուեստագէտ ըլլալու մեծ հակասութիւններէն մէկն ալ այն է, որ կեանքիդ կէսը կ’անցընես՝ փնտռելով լեզու մը, որ անմիջապէս իբրեւ քուկդ ճանչցուի, իսկ միւս կէսը՝ փորձելով խելքդ չկորսնցնել, երբ ոչ ոք կը հասկնայ զայն։
Այդ լեզուն գնահատելը միշտ անմիջապէս չի պատահիր։ Երբեմն պէտք է տարիներով դիտել։ Երբեմն ալ պարզապէս կապ չես զգար որոշ արուեստագէտի մը գործերուն հետ։ Ատոր մէջ սխալ բան չկայ։ Թանգարաններու մէջ շրջած եմ, բոլորին կողմէ գլուխգործոց համարուող նկարներու առջեւ կանգնած ու բացարձակապէս ոչինչ զգացած։ Նկարը չեմ մեղադրեր։ Կը շարունակեմ ճամբաս։
Փիքասօ ժամանակին գրեթէ նոյն միտքը արտայայտած էր՝ խօսելով անոնց մասին, որոնք կը գանգատէին, թէ քիւպիզմը չեն հասկնար։ Ան ըսած էր, որ ինք ալ անգլերէն կարդալ չի գիտեր, հետեւաբար անգլերէն գիրք մը իրեն համար իմաստ չունի։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անգլերէն լեզուին մէջ սխալ բան մը կայ։
Շատ կը սիրեմ այդ միտքը։ Չէք կանգնիր ձեզի անծանօթ լեզուի մը դիմաց ու չէք պահանջեր, որ ան ինքզինք բացատրէ։
Անձամբ ինծի համար սեփական նկարներս բացատրելը առանձնապէս դժուար է, որովհետեւ անոնք չափազանց շատ տարբեր աշխարհներու համադրութիւններ են։ Տարիներ առաջ, երբ կը փորձէի ստեղծագործական ընթացքս ներկայացնել արուեստագէտի յայտարարութեան մը մէջ, գրեցի. «Ես խառնիչ մեքենայ մըն եմ… կամ թերեւս՝ աղացք մը, որ կը մշակէ ամէն ինչ, որ կը կլանեմ։ Ամէն բան կը մտնէ այդ մեքենային մէջ՝ կարդացած գիրքերս, լսած երաժշտութիւնս, բարեկամներս, վախերս, քաղաքական դիրքորոշումներս, սէրերս… Բոլորը ներս կը մտնեն, եւ ես կը մշակեմ զանոնք։ Իսկ աղացքէն դուրս եկածը մէկ բան չէ, այլ իմ կլանած ամէն ինչին տարբեր համադրութիւնները… եւ, անշուշտ, նաեւ այն բոլորին, որ զիս կլանած է»։
Տակաւին կը կարծեմ, որ այս խօսքերը ամենէն մօտն են այն բացատրութեան, զոր կրնամ տալ իմ նկարած գործերուս մասին։ Ուրեմն յաջորդ անգամ, երբ մէկը կանգնի նկարներէս մէկուն առջեւ եւ հարցնէ, թէ ի՛նչ իմաստ ունի, թերեւս պէտք է դադրիմ խելացի պատասխան մը գտնելու ճիգէն։ Պարզապէս պէտք է հարցնեմ իրեն, թէ ի՛նչ կը տեսնէ։
Եւ եթէ կը տեսնէ սաստիկ գլխացաւէ տառապող կին մը, որուն դեղ կը հրամցնեն, թող այդպէս ըլլայ։ Գոնէ նկարը բան մը կը յարուցէ իր մէջ։
Վահէ Պէրպէրեան
(Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»)
Ալկորիթմները նո՞ր երեւոյթ են, թէ՞ մարդը միշտ ալ ալկորիթմներով ապրած է
Երբ կ’ըսենք, թէ այսօր մեր կեանքը ալկորիթմները կը ղեկավարեն, սովորաբար կը մտածենք Google-ի որոնումներուն, Facebook-ի կամ Instagram-ի լրահոսին, TikTok-ի տեսանիւթերուն կամ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) մասին։ Ալկորիթմը կ’որոշէ, թէ ի՛նչ կը տեսնենք, ի՛նչ կը կարդանք եւ ի՛նչ կ’առաջարկուի մեզի։
Երբ վերջերս այս նիւթը կը քննարկէինք բարեկամներու հետ, ներկաներէն մէկը հարցուց. «Չէ՞ք կարծեր, որ ալկորիթմը այնքան ալ նոր երեւոյթ չէ», ու շարունակեց. «Մարդը հազարամեակներէ ի վեր կ’ապրի համակարգերու մէջ, որոնք իրեն կ’ըսեն՝ այսպէս ըրէ՛, այսպէս մի՛ ըներ, այսպէս պէտք է վարուիս, իսկ եթէ այս սահմանը անցնիս՝ այս հետեւանքը պիտի կրես, եթէ այս պահանջները լրացնես՝ այս իրաւունքը պիտի ստանաս։ Ալկորիթմներ չե՞ն ասոնք»։
Եւ այսպէս ալկորիթմի գաղափարը իր արհեստագիտական սովորական միջավայրէն փոխադրուեցաւ ընկերային եւ հասարակական կեանքի ոլորտ՝ դառնալով այս յօդուածին շարժառիթը։
Ալկորիթմը, իր ամենապարզ իմաստով, կանոններու կամ քայլերու շարք մըն է, որ որոշ պայմաններու տակ որոշ արդիւնքի կը յանգի։ Այս իմաստով՝ մարդկային ընկերութիւնը միշտ ալ ունեցած է իր ալկորիթմային տրամաբանութիւնը։ Օրէնքը պարզ օրինակ մըն է։ Եթէ որոշ եկամուտ ունիս՝ որոշ տուրք կը վճարես։ Եթէ որոշ պայմաններ կը լրացնես՝ որոշ իրաւունք կը ստանաս։ Եթէ օրէնքը խախտես՝ որոշ հետեւանք կը նախատեսուի։
Պայման — կանոն — հետեւանք։
Անշուշտ, օրէնքը բառին համակարգչային իմաստով ալկորիթմ չէ։ Ան մեկնաբանութիւն, դատողութիւն եւ երբեմն բացառութիւն կը պահանջէ։ Բայց անոր կառուցուածքին մէկ մասը ակնյայտօրէն ալկորիթմային է։
Նոյնը կարելի է ըսել կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու, դպրոցներու եւ նոյնիսկ ընտանիքներու մասին։ Բոլորն ալ ունին կանոններ, իրաւունքներ, պարտաւորութիւններ, սահմաններ եւ հետեւանքներ։
Սակայն հոս առկայ է աւելի հետաքրքրական երեւոյթ մը՝ չգրուած ալկորիթմը։
Հաստատութեան մը կանոնագիրը կրնայ ըսել, որ ամէն անդամ իրաւունք ունի մաս կազմելու ղեկավարութեան։ Բայց իրական կեանքի չգրուած ալկորիթմը կրնայ բոլորովին ուրիշ ըլլալ։ Ծանօ՞թ ես ազդեցիկ մարդոց։ Ընդունելի՞ ես ղեկավարութեան համար։ Շատ հարցումներ կ’ուղղե՞ս։ Կը քննադատե՞ս։ Կը հետեւի՞ս ընդունուած գիծին։
Այս պայմանները ոչ մէկ տեղ գրուած են, բայց կազմակերպութեան անդամները ժամանակի ընթացքին կը սորվին զանոնք, եւ անոնք հետզհետէ կը գործեն չգրուած կանոններու կամ «անգիր ալկորիթմներու» նման։
Այս իմաստով՝ հաստատութեան մը իրական ալկորիթմը հասկնալու համար թերեւս պէտք չէ միայն կարդալ անոր կանոնագիրը։ Պէտք է նաեւ դիտել՝ ի՞նչ վարք կը վարձատրէ եւ ի՞նչ վարք կը պատժէ։ Նոյն տրամաբանութիւնը կարելի է տեսնել ամբողջ հասարակութեան մէջ, եկեղեցի, կուսակցութիւն, միութիւն, ամէն տեղ…
Երեխան կը սորվի, թէ ո՛ր վարքը ծնողքին կամ ուսուցիչին հաւանութիւնը կը ստանայ։ Աշխատողը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յառաջանալու համար։ Համայնքի անդամը կը սորվի, թէ ո՛ր հարցումները ընդունելի են եւ ո՛ր սահմանները անցնիլը կրնայ զինք մեկուսացնել։
Եւ երբեմն ամենէն ազդու կանոնները ճիշդ անոնք են, որոնք ոչ ոք գրած է։
Խիստ գիտական իմաստով՝ ասոնք ալկորիթմներ չեն, այլ ընկերային կանոններ, խթաններ եւ վարքի ձեւաւորման եղանակներ։ Բայց անոնց գործունէութեան մէջ կարելի է տեսնել նոյն հիմնական տրամաբանութիւնը՝ որոշ վարք որոշ հետեւանք կը յառաջացնէ, իսկ այդ հետեւանքը կ’ազդէ յաջորդ վարքին վրայ։ Բռնատիրական համակարգը այս երեւոյթին ծայրայեղ օրինակը կը ներկայացնէ։ Հաւատարմութիւնը կրնայ վարձատրուիլ, ընդդիմութիւնը՝ գին ունենալ, հնազանդութիւնը՝ ապահովութիւն բերել, իսկ քննադատութիւնը՝ վտանգ։
Այս ալկորիթմային տրամաբանութիւնը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի։ Անոր համար համակարգիչը անհրաժեշտ չէր։ Բռնատիրական իշխանութիւնները սովորաբար ձգտած են գիտնալու՝ ո՞վ հաւատարիմ է, ո՞վ դժգոհ է, ո՛վ որո՞ւ հետ կը խօսի, ի՞նչ գաղափարներ կը տարածուին եւ ո՞ւր կրնայ ընդդիմութիւն ծնիլ։ Տարբերութիւնը այն է, որ անցեալին այդ բոլորը կատարելու համար կարիքը կար ոստիկաններու, մատնիչներու, գրաքննիչներու եւ վարչական հսկայական մեքենայի։
Այսօր արհեստագիտութիւնը կրնայ այդ աշխատանքին մէկ մասը կատարել անհամեմատ աւելի արագ եւ շատ աւելի մեծ ծաւալով։ Հսկողութիւնը, տեղեկութեան մշակումը եւ մարդոց դասակարգումը այլեւս կրնան մասամբ ինքնաշխատ դառնալ։
Բռնատիրութիւնը նոր չէ։ Ալկորիթմային տրամաբանութիւնն ալ նոր չէ։ Նորը անոնց միացումն է մեքենային արագութեան եւ աննախադէպ ծաւալին հետ։
Ընկերային ցանցերը, անշուշտ, բռնատիրութիւններ չեն։ Բայց անոնց ալկորիթմներուն մէջ նոյն հիմնական սկզբունքներէն մէկը կը գտնենք՝ վարքը հասկնալ եւ ապա ազդել յաջորդ վարքիդ վրայ։
Դուն տեսանիւթ մը կը դիտես։ Համակարգը կը նկատէ եւ նման տեսանիւթ մը կը ցուցադրէ։ Դուն դարձեալ կը դիտես։ Համակարգը կը սկսի քիչ մը աւելի լաւ ճանչնալ նախասիրութիւններդ՝ հետեւեալ շղթայով.
մարդ → վարք → տուեալ → ալկորիթմ → նոր առաջարկ → նոր վարք։
Բայց մարդկային հասարակութիւնները շատոնց ունեցած են նման շրջաններ։ Մեզ կը վարձատրեն որոշ վարքի համար, ու մենք զայն կը կրկնենք։ Մեզ կը մերժեն ուրիշ վարքի համար, ու մենք կը սորվինք խուսափիլ անկէ։ Համակարգիչը չէ ստեղծած այս հիմնական տրամաբանութիւնը։ Ան զայն մեքենայացուցած, արագացուցած եւ անհամեմատ մեծ ծաւալի հասցուցած է։
Ուրեմն թերեւս սխալ հարցում կ’ուղղենք, երբ կը հարցնենք՝ ալկորիթմնե՞րը պիտի ղեկավարեն մեր կեանքը։ Հաւանաբար աւելի հետաքրքրական է հարցնել՝ ո՞վ կը գրէ ալկորիթմը, ի՞նչ նպատակով, ո՞վ կը շահի անկէ, ո՞վ կրնայ փոխել զայն, եւ ի՞նչ կը պատահի, երբ մէկը մերժէ հետեւիլ անոր։
Այս հարցումները կը վերաբերին Facebook-ին եւ ԱԻ-ին, բայց նոյնքան ալ՝ պետութեան, եկեղեցիին, կուսակցութեան, կազմակերպութեան եւ համայնքին։
Եւ թերեւս ամենէն վտանգաւոր ալկորիթմը այն չէ, որ համակարգիչին մէջ գրուած է։
Այլ այն, որ այնքան երկար ատենէ ի վեր կ’ապրի մեր հաստատութիւններուն եւ մտածողութեան մէջ, որ այլեւս չենք իսկ նկատեր անոր գոյութիւնը։
Երբ ուրիշին խաղը կը խաղանք՝ Հայտեկերեան պատրանքներով
2014-ին Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ հրատարակուեցան գերմանացի նշանաւոր փիլիսոփայ Մարթին Հայտեկերի (Martin Heidegger) «Սեւ նամակները», որոնք աննկարագրելի խառնաշփոթ եւ գայթակղութիւն յառաջացուցին գիտական աշխարհին մէջ։ Շատեր խորապէս վրդոված էին, որ Հայտեկերը ոչ միայն կապ ունեցած է նացիներուն հետ, այլ ինքն իսկ նացիական գաղափարներու կողմնակից եղած է։ Մտքերու մեծ խմորում տեղի ունեցաւ, բազմաթիւ բանավէճեր եւ մեծ հիասթափութիւն՝ այն պատճառով, որ ի դերեւ ելան այն պատկերացումները, թէ Հայտեկերի կապը նացիներուն հետ պարտադրուած էր, քանի որ այդ նամակներէն յստակ կը դառնայ, որ Հայտեկերը երբեք չէ հրաժարած նացիական գաղափարախօսութենէն։ Մեծ հաշուով ասիկա պէտք չէր անակնկալ ըլլար, քանի որ իր կենդանութեան օրերուն եւս Հայտեկեր երբեք չէ թաքցուցած իր կապը, իր դրուատանքն ու քննադատութիւնը տարբեր գաղափարախօսութիւններու, այդ կարգին՝ նացիզմի նկատմամբ։
Հարցը այն էր ու տակաւին է, թէ ինչպէ՞ս կրնար Հայտեկերի նման մեծ մտածողը, եւրոպական գոյաբանութեան հիմնադիրը, հանճարեղ փիլիսոփան, առանց որուն պիտի չըլլային Սարթրը, Ֆուքոն եւ ուրիշներ, յանկարծ մտնել նացիզմի պաշտպանութեան եւ ջատագովութեան ոլորտ։ Ինչպէ՞ս կրնար նման մեծ ու լայնախոհ մարդ մը դառնալ Հիթլերի գաղափարակիցն ու պաշտպանը, երբ կը զբաղեցնէր Ֆրայպուրկի համալսարանի վերատեսուչի պաշտօնը։ Այս հարցը, նման ձեւակերպումը, շատ նենգաշարժ կրնայ հնչել, եթէ ան դիտուի այսօրուան՝ 2026-ի կուշտ եւ ապահով ազատականութեան դիրքերէն, մինչդեռ իրականութիւնը շատ աւելի բազմաշերտ ու ցաւալի է։
Հայտեկերը, որ, ի դէպ, աստիճանաբար հիասթափուեցաւ նացիներէն, քննադատեց զանոնք եւ բռնաճնշումներու ենթարկուեցաւ, եւրոպական քաղաքակրթական ճգնաժամի խորհրդանշական մոլորութեան գլխաւոր կերպարներէն էր։ Հայտեկերը այն փիլիսոփան էր, որ ականատես կ’ըլլար եւրոպական քաղաքակրթութեան ինքնաոչնչացման։ Անոր աչքերուն առջեւ Եւրոպան կը կործանէր։ Բոլոր գաղափարներն ու մեթոտները գործնականօրէն անարժէք կը դառնային, ամէն ինչ գլխիվայր կը շրջուէր։
Հայտեկեր նախ իր աչքերով տեսաւ 1914–18-ի համաշխարհային պատերազմն ու սարսափեցաւ՝ տեսնելով, թէ ինչպէս քաղաքակրթութեան օրրան հանդիսացող Եւրոպան խելագարի նման սպանդանոցի վերածուեցաւ, ապա տեղի ունեցաւ չտեսնուածն ու չլսուածը՝ պետութիւններու քայքայում ու կործանում, նաեւ՝ գերմանական կայսրութեան, եւ անշուշտ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնն ու կարմիր Ռուսաստանի յարձակողական ու նուաճողական գրոհը բոլոր ուղղութիւններով։
Հայտեկերի ճանչցած Եւրոպան այլեւս գոյութիւն չունէր։ Այդ բոլորէն բացի, արուեստներով եւ մշակոյթով փառաբանուած Իտալիոյ մէջ գլուխ բարձրացուցած էր ֆաշիզմը, պարտուած Գերմանիոյ Վայմարեան Հանրապետութիւնը ամբողջովին հեղինակազրկուած էր ու պարտուած նացիներէն, Սպանիոյ մէջ եւս ֆաշիսթական կարգեր հաստատուեցան, Փորթուկալի մէջ՝ Սալազարի հեղինակատիրական բռնապետութիւնը։ Ընկերվարականները ձախողեցան բոլոր ճակատներու վրայ։ Այն, ինչ որ կարելի չէր տեսնել նոյնիսկ ամենավատ երազին մէջ, արդէն փաստացի իրականութիւն էր, ընդ որում՝ յաղթող իրականութիւն։
Հայտեկեր Ի՞նչ պէտք էր ընէր այդ իրավիճակին մէջ, երբ կը տեսնէր, թէ իր երազած Եւրոպան արիւնաքամ եղած է, կը տառապի թունաւոր գաղափարախօսութիւններէ եւ ճզմուած է թեքնոքրաթական դրամատիրական Միացեալ Նահանգներու ու բոլշեւիկեան Ռուսաստանի միջեւ։
Հայտեկեր ընտրեց երրորդ՝ ոչ նուազ կործանարար ճանապարհը՝ նացիզմը՝ փորձելով ազգային վերելքին մէջ տեսնել գերմանական առաջնորդութեամբ եւրոպական նոր վերելքը։ Հայտեկեր ըստ էութեան կը փորձէր գերմանական նացիզմին մէջ տեսնել այնպիսի դեր մը, որ իր ժամանակին կատարեց ֆրանսական մեծ յեղափոխութիւնը՝ նոր շունչ տալով Եւրոպային։
Հայտեկեր, անշուշտ, արագ հիասթափուեցաւ նացիներէն, բայց ոչ՝ նացիզմէն։ Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարիմ մնաց իր պատկերացուցած նացիզմին՝ համարելով, որ այդ ազգային-փիլիսոփայական վերելքն է, որ Եւրոպան քաղաքակրթական առումով աւելի ամուր պիտի դարձնէ, մանաւանդ որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւրոպան ամբողջովին ենթարկուեցաւ ամերիկեան դրամագլուխին։ Հայտեկերի մեծութեան կողքին քալող իր նացիստական ստուերին ամենամութ երանգը, անշուշտ, անոր հակասեմականութիւնն էր։
Ի հակադրութիւն Հայտեկերի՝ նոյն տարիներուն Եւրոպացի մէկ այլ մեծ մտածող՝ Եոհան Հայզինկան (Johan Huizinga) խստօրէն դատապարտեց ֆաշիզմն ու նացիզմը, Նետերլանտներու գրաւման ժամանակ բռնաճնշումներու ենթարկուեցաւ եւ մահացաւ աքսորի մէջ՝ պատերազմի աւարտէն քանի մը ամիս առաջ։
Homo Ludens-ի տաղանդաւոր հեղինակը, որ իր գործերուն մէջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը կը համարէր խաղի ծնունդ, ի շարս այլ գաղափարներու կ’առաջադրէր խաղին սրբազան ըլլալու հանգամանքը՝ նշելով, որ մարդկային խաղը բաղկացած է շարունակական խաղերէ։ Ան կը նշէր, որ խաղի ընթացքին կանոններու խախտումը, սխալ խաղալը կը քանդեն ու կ’ոչնչացնեն այդ մեծագոյն ծէսը, կը պղծեն զայն՝ զրկելով իր բարոյական մաքրութենէն եւ հմայքէն ու յանգեցնելով հասարակական եւ մշակութային արժէքներու փլուզման։ Խաղը մարդկային մշակոյթի հիմքն է, եւ սխալ խաղ խաղալը կամ զայն սխալ խաղալը կրնայ մեծագոյն սարսափի առաջնորդել, ինչպէս, օրինակ, համաշխարհային սպանդանոցի բերանը ինկած եւրոպական ողբերգութիւնը։
Իսկ հիմա վերադառնանք Երեւան՝ գաղափարական պարապութեան եւ ինքնաոչնչացման սլացքի կայարանը։
2020–2023-ին հայկական ինքնութիւնը բախած է մեծագոյն մարտահրաւէրներու։ Բոլոր պատկերացումները փուլ եկած են, կորուստները ծանր են, իսկ յուսահատութիւնը՝ կեանքի անբաժան ուղեկիցը։
Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի մէջ, մեծ հաշուով, կան մեկուսացած քանի մը խումբեր, որոնց մէկ մասը կատաղի ազգայնականութիւն կը խաղայ՝ ինքն իրեն հաշիւ չտալով անոր ինքնաոչնչացման ընթացքին մասին, իսկ միւս մասը՝ յարձակողական ազատականութիւն կը քարոզէ՝ մոռնալով ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն էութիւնը։
Մենք այժմ ունինք երկու իրարու հակադիր Հայտեկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միամտօրէն կը փորձէ Հայաստանը փրկել՝ զայն դէպի կործանում առաջնորդելով, որովհետեւ անոնց գաղափարները որքան ալ հրապուրիչ, նոյնքան ալ արկածախնդրական են՝ առաջին հերթին հայ ժողովուրդին համար։
Դժբախտաբադ, մերօրեայ գաղափարական դատարկութեան առաջնորդները չունին Հայտեկերի հանճարը՝ առնուազն հասկնալու իրենց առաջնորդութեան իրական էութիւնը, իսկ ոմանք ալ ցուցադրական հայրենասիրութենէն եւ կենցաղային ազատականութենէն անդին չեն կրնար երթալ։ Դեռ այդքան մտաւոր հիմք չունին։ Չեն աճած։
Հետեւանքը՝ հաւատքը կորսնցուցած եւ, ինչ որ աւելի մտահոգիչ է, անտարբերութեան մատնուած հասարակութիւն մը, որուն գաղափարները մեծ մասամբ պարտուած են, եւ ան այլեւս անհրաժեշտութիւն չի տեսներ գաղափար ընտրելու ու զայն կենսագործելու։
Աւելի՛ն, մենք նոյնիսկ չենք հարցներ, թէ ինչպիսի՞ մարդ ու գաղափար կ’արտադրէ Հայաստանը հիմա։ Իսկ ինչպիսի՞ն պէտք է իրականութեան մէջ։ Որքանո՞վ հեռու են անոնք իրարմէ եւ, առհասարակ, ի՞նչ խաղ պէտք է խաղայ այսօրուան Հայաստանը։
Մենք մոռցած ենք, որ քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ այլն նախ եւ առաջ ազգային արժեհամակարգի վրայ խարսխուած իրականութիւններ են, եւ անոնք կը զարգանան կամ կը ծուլանան գաղափարական հիմքի առկայութեան, բացակայութեան կամ նուազումին հետեւանքով։
Մենք առայժմ կը շարունակենք խորանալ եւ խորացնել այս գաղափարական Սեւ Խոռոչը, որուն մէջ ոչ թէ ազգային, այլ առհասարակ որեւէ գաղափարական երանգ չի նշմարուիր։
Հայաստանը, որ այսօր միաժամանակ երկու կողմ կը քաշեն, յայտնուած է սխալ խաղի մէջ։ Հայաստանը ոչ թէ պէտք է ձգտի աւելի լաւ խաղալու այդ երկու ինքնակործան խաղերէն մէկը, այլ պէտք է ստեղծէ իր խաղը, ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ խաղը, եթէ կ’ուզէք։
Հայաստանը պէտք է ինք խաղայ, ոչ թէ գնդակ դառնայ եւ դեռ հպարտանայ, որ ինք ուրիշին խաղը լաւ կը խաղայ։ Հայաստանին իր սեփական եւ ճիշդ խաղը պէտք է, ու այդ խաղին կանոնները դեռ նոր պէտք է գրուին։ Անոնք պէտք է գրուին Հայաստանի մէջ, հայերու կողմէ, հայերու համար։
Հակառակ պարագային՝ մենք արդէն մեծ պարտութիւններ ունինք, իսկ անոնց շարքը կրնայ անտանելիօրէն երկար ըլլալ։
Հին պատասխանները այլեւս չեն գործեր։
Յ.Գ. Դժբախտաբար, յօդուածին չափը թոյլ չի տար բաւարար խորութեամբ քննարկելու Հայտեկերի եւ Հայզինկայի փիլիսոփայական ենթահողը՝ նիւթին վրայ յաւելեալ լոյս սփռելու։ Ընթերցողը կարելիութիւն ունի կարդալու երկուքն ալ եւ, անշուշտ, աւելի յստակ ու ամբողջական պատկերացում կազմելու առաւելութիւնը։
Արայիկ Մկրտումեան
ԿԱՐՕՏԻ ՇՇՈՒԿԸ
Աշնան զեփիւռին հետ քնքուշ ու մեղմիկ,
Ոսկի տերեւներուն նազանքով գողտրիկ,
Ականջիս կը շշնջայ մեղեդի մը հեռաւոր,
Որ սրտիս դուռը կը թակէ շշուկով մը խորհրդաւոր։
Հոգիս կը խայտայ անմոռանալի յուշերով
Հին օրերու քաղցր բոյրով,
Եւ անմոռաց դէմքերու ժպիտով,
Որ կը փաթթեն հոգիս լուռ թախիծի շղարշով։
Յուշերս կը դառնան կարօտ,
Իսկ կարօտս՝ լուռ աղօթք,
Աշնան տերեւներուն հետ դալուկ,
Պար կուգան անոնք՝ մեղմ ու նուրբ։
Թող գոնէ յուշերս մնան կենդանի ու վառ,
Երբեք չդառնան բեկորներ , չմարին դանդաղաբար,
Ինչպէս աշնան վերջին տերեւը՝ ճիւղին կառչած յամառ,
Միթէ այսօրն ալ օր մը պիտի չդառնա՞յ կարօտի շունչով բոցավառ։
Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան
ԱԻ-ն եւ փոքր լեզուներու ապագան. արեւմտահայերէնի պարագան
Երբ լեզուի մը ապագային մասին կը խօսինք, սովորաբար նոյն հարցումները կ’ուղղենք. քանի՞ հոգի կը խօսի զայն, քանի՞ դպրոց կը դասաւանդէ, քանի՞ գիրք կը հրատարակուի, երիտասարդները տունը կը խօսի՞ն այդ լեզուով, նոր սերունդը կրնա՞յ կարդալ ու գրել։ Այս հարցումները անխուսափելի են։ Բայց արուեստական իմացականութեան զարգացման զուգահեռ նոր հարցում մը աւելցած է անոնց վրայ.
Ցանցային գործիքները կը հասկնա՞ն մեր լեզուն։ Կրնա՞նք արեւմտահայերէն հարցում մը ուղղել եւ բնական պատասխան ստանալ։ Գործիքը կրնա՞յ արեւմտահայերէնը տարբերել արեւելահայերէնէն, թարգմանել, սրբագրել, արտասանել, ձայնը գրութեան վերածել, հին մամուլը կարդալ կամ երեխայի մը հետ արեւմտահայերէն զրուցել։ Այս հարցումները այլեւս միայն արհեստագէտներու չեն վերաբերիր։ Անոնք լեզուի գոյատեւման մասին են։
UNESCO-ի տուեալներով՝ աշխարհի մէջ այսօր գործածուող շուրջ 7.000 լեզուներէն միայն շուրջ 1.000-ը ներկայացուած են համացանցին մէջ։ ԱԻ-ի տարածումը կրնայ թուային այս անհաւասարութիւնը վերածել շատ աւելի խոր լեզուական անհաւասարութեան։
Մինչեւ հիմա փոքր լեզուներու մեծ հարցը այն էր, թէ անոնք պիտի գոյատեւե՞ն մեծ լեզուներու կողքին։ Վաղուան հարցը կրնայ ըլլալ՝ անոնք պիտի գոյատեւե՞ն գործիքներուն մէջ։
Երբ հայերէնը կը մնայ թուային կեանքէն դուրս
Պատկերացնենք հայ պատանի մը Փարիզի, Մոնթրէալի կամ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան ԱԻ պիտի գործածէ դասերը պատրաստելու, տեղեկութիւն փնտռելու, գրելու, թարգմանելու, ուսումնասիրելու եւ աշխատելու համար։ Եթէ այս բոլորը կրնայ կատարել անգլերէնով կամ ֆրանսերէնով, բայց ոչ արեւմտահայերէնով, ի՞նչ լեզուով պիտի մտածէ իր թուային կեանքին մէջ։ Հայերէնի անհետացումը մէկ օրէն միւսը տեղի պիտի չունենայ, բայց անիկա կրնայ աստիճանաբար սահմանափակուիլ ընտանիքին, եկեղեցիին, երգին, բանաստեղծութեան եւ անցեալի յիշողութեան մէջ, մինչ երիտասարդը ուրիշ լեզուով կը մտածէ, կը ստեղծագործէ, կը փնտռէ, կ՚աշխատի եւ նոր գիտելիք ձեռք կը բերէ։ Այսինքն՝ լեզուն կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, բայց միաժամանակ դադրիլ արդիական կեանքի լեզու ըլլալէ։
Ժամանակ մը տպագիր գիրքը մտաւոր զարգացման ամենէն ազդու միջոցը կը նկատուէր: Յետոյ՝ յաջորդաբար մամուլը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցն ու ընկերային ցանցերը։ Այսօր այդ թուային միջավայրին վրայ նոր եւ արագ ընդարձակուող շերտ մը աւելցած է՝ ԱԻ-ն, ուր մշակութային հարստութիւնը ինքնին բաւարար չէ։ ԱԻ-ն լեզու չի սորվիր երեխայի մը պէս։ Ան մեծ մայր չունի, որ իրեն պատմութիւն պատմէ, դպրոց չի յաճախեր եւ թաղի ընկերներ ալ չունի։
Անիկա լեզուական օրինաչափութիւնները կը «սորվի» հսկայական քանակութեամբ ուսուցման նիւթերէ՝ գիրքեր, կայքեր, յօդուածներ, փաստաթուղթեր, թարգմանութիւններ եւ, համապատասխան համակարգերու պարագային, ձայնային նիւթեր։ Այստեղ մեծ լեզուները հսկայական առաւելութիւն ունին։
Ըսել չէ թէ արեւմտահայերէնը աղքատ լեզու է։ Ընդհակառակը, ունի Զօհրապ, Օշական, Շանթ, Թէքէեան, Եսայեան, Մեծարենց ու Վարուժան։ Ունի հարուստ մամուլ, բառարաններ, թարգմանութիւններ, յուշագրութիւններ եւ աւելի քան մէկ դարու սփիւռքեան տպագիր արտադրութիւն։ Բայց ԱԻ գործիքին համար մշակութային հարստութիւնը ինքնաբերաբար թուային հարստութիւն չէ։ Հազարաւոր գիրքեր ունենալը բաւարար չէ, եթէ անոնք գործիքին համար ընթեռնելի չեն։ Հարիւր տարուան մամուլ ունենալը բաւարար չէ, եթէ անոր էջերը փակուած են վատորակ PDF-ներու մէջ կամ երբեք չեն թուայնացած։ Բառարանը բաւարար չէ, եթէ համակարգիչը չի կրնար մշակել անոր բառապաշարը։ Ձայնային ժառանգութիւնն ալ բաւարար չէ, եթէ արձանագրուած ու դասակարգուած չէ։
Ուրեմն մեր մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է այնպիսի ձեւով թուայնացնել եւ մշակել, որ համակարգիչն ալ կարենայ զայն կարդալ ու մշակել: Այս ուղղութեամբ արեւմտահայերէնը զերոյէն չի սկսիր։ Ստեղծուած է արեւմտահայերէնի Universal Dependencies Treebank-ը Երեւանի պետական համալսարանի ArmTDP խումբին աշխատանքով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Ան լեզուի քերականական եւ շարահիւսական կառուցուածքը համակարգչային մշակման համար ծանօթագրուած շտեմարանի կը վերածէ։ 2024-ին հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը ստեղծած է նաեւ արեւմտահայերէն–անգլերէն առաջին զուգահեռ շտեմարանը՝ շուրջ 147.000 նախադասութիւններու զոյգերով, ինչպէս նաեւ երկու լեզուներուն միջեւ մեքենական թարգմանութեան առաջին համակարգը։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքն ալ տարիներէ ի վեր կ՚աջակցի արեւմտահայերէնի թուային ենթակառոյցներու ստեղծման՝ բնագիրներու շտեմարաններէ եւ ուղղագրիչներէ մինչեւ առցանց բառարաններ, ուսուցման միջոցներ եւ լեզուական վերլուծութեան գործիքներ։ Այս բոլորը կարեւոր են։ Բայց միայն սկիզբ են։
ԱԻ-ն լեզու չի փրկեր
ԱԻ-ն կրնա՞յ փրկել արեւմտահայերէնը։ Բնականաբար՝ ո՛չ։
Լեզուն կը պահեն ու կը զարգացնեն զայն գործածող մարդիկը։ Եթէ ծնողքը երեխային հետ հայերէն չի խօսի, ԱԻ-ն չի կրնար փոխարինել ծնողքը։ Եթէ հայերէնով նոր գրականութիւն, լրագրութիւն, գիտութիւն եւ մտածողութիւն չեն ստեղծուիր, գործիքը պիտի ունենայ միայն անցեալը վերարտադրելու նիւթ։
Բայց ԱԻ-ն կրնայ տալ գործիքներ, զորս փոքր լեզուները երբեք չեն ունեցած։
Պատկերացնենք արեւմտահայերէն խօսող ԱԻ օգնական մը, որ երեխային հետ բնական զրոյց կ՚ունենայ։ Ուսուցիչ մը, որ վայրկեաններու մէջ աշակերտին մակարդակին համապատասխան ընթերցանութեան նիւթ կը պատրաստէ։ Պէյրութի հարիւրամեայ հայ մամուլը՝ ամբողջութեամբ որոնելի կը դարձնէ։ Կամ համակարգ մը, որ տարեց մարդու մը պատմած ընտանեկան յուշերը անմիջապէս արեւմտահայերէն գրութեան կը վերածէ։
Ասոնք այլեւս գիտաերեւակայութիւն չեն։
Իսկ եթէ գործիքը սխա՞լ հայերէն սորվի: ԱԻ-ն կրնայ նաեւ վնասել փոքր լեզուին։ Եթէ համակարգի ուսուցման նիւթերուն մէջ արեւմտահայերէնը բաւարար ներկայութիւն չունի, իսկ արեւելահայերէնը անհամեմատ աւելի մեծ ներկայութիւն ունի, համակարգը կրնայ երկուքը խառնել։ Արդիւնքը առաջին հայեացքով «հայերէն» կ՚երեւի, բայց աստիճանաբար արեւմտահայերէնի քերականութիւնը, շարահիւսութիւնը, բառապաշարն ու բնական արտայայտութիւնները կրնան նահանջել։
Վտանգը մեծ է, որովհետեւ գործիքը սխալը զանգուածաբար կը բազմապատկէ։ Իսկ նոր սերունդ մը, որ լեզուին ամբողջական վստահութեամբ չի տիրապետեր, կրնայ գործիքին արտադրածը ընդունիլ իբրեւ ճիշդ հայերէն։ Հետեւաբար, արեւմտահայերէնի համար ԱԻ գործիքներու զարգացումը միայն համակարգչային գիտութեան խնդիր չէ։ Անոր շուրջ պէտք է աշխատին նաեւ լեզուաբաններ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, գրողներ եւ թարգմանիչներ։ Գործիքը լեզուն կը սորվի մեր տուած նիւթերէն։ Հայերէն ի՞նչ նիւթեր պէտք է տանք անոր։
Մեր արխիւները՝ ապագայի ենթակառոյցը
ԱԻ-ն նաեւ կը ստիպէ մեզ նոր աչքով նայելու մեր ժառանգութեան։ Հին թերթը այլեւս միայն պատմաբանի աղբիւր չէ. անիկա նաեւ լեզուական տուեալ է։ Վէպը միայն գրական ստեղծագործութիւն չէ. համապատասխան թուայնացումէ, մշակումէ եւ իրաւական պայմաններու ապահովումէն ետք՝ անիկա կրնայ նաեւ լեզուական համակարգերու զարգացման նիւթ դառնալ։ Բառարանը միայն բառ մը փնտռելու միջոց չէ. անիկա լեզուական ենթակառոյց է։ Ձայնագրուած հարցազրոյցը միայն յիշողութիւն չէ. անիկա ապագայ ձայնային համակարգի ուսուցման աղբիւր կրնայ դառնալ։ Սփիւռքի թերթերուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, գրադարաններուն եւ անհատական հաւաքածոներուն մէջ միլիոնաւոր էջեր կան, որոնց մշակութային արժէքը գիտենք, բայց որոնց թուային արժէքը տակաւին ամբողջութեամբ չենք հասկցած։
Խնդիրը այն է, որ այս աշխատանքը համակարգում կը պահանջէ։ Մէկը գիրքեր կը թուայնացնէ, ուրիշ մը բառարան կը պատրաստէ, երրորդ մը ԱԻ նախագիծ մը կը սկսի։ Բայց փոքր լեզուի մը համար ցրուած աշխատանքը բաւարար չէ։ Արեւմտահայերէնը պէտք ունի թուային ամբողջական կենսոլորտի՝ բնագիրներ, մամուլ, բառարաններ, ձայնային նմուշներ, բաց շտեմարաններ, լեզուական չափանիշներ եւ զանոնք օգտագործող գործիքներ։
Ամենէն կարեւոր տուեալը տակաւին մարդն է
Կարելի է միլիոնաւոր էջեր թուայնացնել։ Բայց եթէ նոր էջեր չեն գրուիր, մենք միայն անցեալը կը պահպանենք։ Կարելի է գործիքին սորվեցնել անթերի արեւմտահայերէն։ Բայց եթէ երեխան իր մեծ մօր հետ այլեւս հայերէն չի խօսիր, գործիքին յաջողութիւնը մարդկային ձախողութիւնը փոխարինող չի դառնար։ Ուստի ԱԻ-ն փոքր լեզուներու փրկիչը չէ։ Բայց կրնայ ըլլալ անոնց ամենէն հզօր նոր գործիքներէն մէկը։
Արեւմտահայերէնի ապագան միայն այն չէ, որ, օրինակ, 2050-ին համակարգիչ մը կարենայ Դանիէլ Վարուժան կարդալ։ Ապագան այն է, որ 2050-ին հայ երիտասարդ մը կարենայ այդ նոյն համակարգիչին միջոցով նոր բան ստեղծել արեւմտահայերէնով. հարցում տալ, վիճիլ, գրել, սորվիլ, աշխատիլ, կատակել, սիրել, եւ նոր բառ մը ստեղծել այն աշխարհի համար, որ տակաւին գոյութիւն չունի։
Լեզուի վտանգը չի սկսիր միայն այն օրը, երբ վերջին խօսողը կը լռէ։ Ան շատ աւելի կանուխ կը սկսի՝ երբ կը կազմաւորուի նոր աշխարհ մը, ուր այդ լեզուն այլեւս չի գործածուիր կամ չի ճանչցուիր։
Արուեստական իմացականութեան դարաշրջանին արեւմտահայերէնի մարտահրաւէրը, հետեւաբար, միայն գոյատեւելը չէ։ Անիկա պէտք է կարենայ ապագային հասնիլ։ Եւ այս անգամ ապագային հասնելու համար, մարդուն կողքին՝ գործիքն ալ պէտք է արեւմտահայերէն սորվի։
Վ.Թ.
Արտերկիր բնակող քաղաքացիները եւ ընտրութիւնները. ի՞նչ կ’ընեն մեծ սփիւռք ունեցող երկիրները
Արտերկիր բնակող քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքին շուրջ Հայաստանի մէջ ծաւալած քննարկումները շարժառիթ հանդիսացան լուսարձակի տակ բերելու այս բնագաւառի միջազգային փորձը եւ տեսնելու, թէ Հայաստանի նման՝ իր սահմաններէն դուրս մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող երկիրներ ինչպէ՛ս կարգաւորած են արտերկիր բնակող իրենց քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս նպատակով փորձեցինք կեդրոնանալ յատկապէս այն երկիրներուն վրայ, որոնց արտերկիր բնակող համայնքները, հայրենիքի բնակչութեան համեմատ, բացառիկ մեծ թիւ կը կազմեն՝ որոշ պարագաներու գերազանցելով զայն։ Թիւով ալ շատ չեն ամէն պարագայի: Քանի մը հատ:
Սակայն երկիրներու միջեւ որեւէ համեմատութիւն կատարելէ առաջ անհրաժեշտ է յստակացնել քանի մը հիմնական հասկացութիւններ։ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OECD) եւ Ժողովրդավարութեան եւ ընտրական օժանդակութեան միջազգային հիմնարկի (International IDEA) գործածած սահմանումները ցոյց կու տան, որ «սփիւռք», «արտերկիր բնակող քաղաքացի», «արտերկիր բնակող ընտրող» եւ «արտերկրէն քուէարկող» նոյն խումբերը չեն։ Երկրի մը սփիւռքը կրնայ ներառել նաեւ երկրորդ, երրորդ կամ յաջորդ սերունդներու ներկայացուցիչներ, որոնք տուեալ երկրի քաղաքացի չեն եւ հետեւաբար անոր ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք չունին։ Նոյն ձեւով, արտերկիր բնակող բոլոր քաղաքացիները պարտադիր չէ, որ արձանագրուած ընտրողներ ըլլան կամ փաստօրէն մասնակցին ընտրութիւններուն։
Հետեւաբար, ստորեւ ներկայացուած օրինակները ընտրուած են ոչ միայն անոր համար, որ այդ երկիրները մեծ սփիւռք ունին, այլ որովհետեւ անոնց սահմաններէն դուրս ապրող բնակչութեան թիւը բացառիկ մեծ է՝ երկրին մէջ բնակող բնակչութեան համեմատ։ Նպատակը որեւէ համակարգ գնահատել կամ Հայաստանի համար օրինակ առաջարկել չէ, այլ տեսնել, թէ ժողովրդագրական նման կացութեան առջեւ գտնուող տարբեր երկիրներ ինչպիսի՛ ընտրական կարգաւորումներ որդեգրած են եւ ինչպէ՛ս կը գործեն անոնք։
Այս տարբերութիւնը կարեւոր է նաեւ վիճակագրական առումով։ «Սփիւռք» հասկացութիւնը միջազգային միասնական սահմանում չունի։ OECD-ի համաձայն՝ որոշ սահմանումներ կը ներառեն ոչ միայն արտերկիր բնակող քաղաքացիներն ու արտագաղթած անձերը, այլեւ այլ երկրի քաղաքացիութիւն ստացած գաղթականներն ու անոնց արտերկիր ծնած զաւակները՝ անկախ անոնց քաղաքացիութենէն, եթէ անոնք կապ կը պահպանեն իրենց կամ իրենց ծնողներուն ծագման երկրին հետ։ Հետեւաբար սփիւռքի ընդհանուր թիւը ինքնաբերաբար չի ներկայացներ ո՛չ արտերկիր բնակող քաղաքացիներուն եւ ո՛չ ալ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն թիւը։
Արտերկրէն քուէարկութեան տուեալներու International IDEA-ի շտեմարանը համեմատական տուեալներ կը ներկայացնէ աշխարհի 216 երկիրներու եւ տարածքներու մասին։ Համակարգերը տարբեր են. կան երկիրներ, որոնք արտերկրէն քուէարկութիւն չեն նախատեսեր, իսկ ուրիշներ կը գործածեն անձամբ, փոսթով, լիազօրուած անձի միջոցով կամ ելեկտրոնային քուէարկութեան տարբերակներ։
Քապօ Վերտէ
Քապօ Վերտէ արտագաղթի երկար պատմութիւն ունեցող կղզի պետութիւն մըն է։ International IDEA-ի 2025-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, անոր սփիւռքը կը գնահատուի հայրենիքի բնակչութեան շուրջ երկու անգամը։ Նոյն աղբիւրին համաձայն, արտերկիր բնակող քաղաքացիները 1991-էն ի վեր կը մասնակցին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտերկիր բնակող քաղաքացիները ունին առանձին ներկայացուցչութիւն։ Քապօ Վերտէի Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ, որ ընդհանուր առմամբ վեց երեսփոխան կը ներկայացնեն երկրին սահմաններէն դուրս գտնուող ընտրատարածքները։ Ազգային ժողովը կրնայ ունենալ առաւելագոյնը 72 անդամ։
28 Ապրիլ 2026-ի պաշտօնական տուեալներով՝ երկրին մէջ արձանագրուած էր 347.704 ընտրող, իսկ սփիւռքի ընտրացանկերուն վրայ՝ 72.051։ Ընդհանուր արձանագրուած ընտրողներուն թիւը 419.755 էր։
Ուստի սփիւռքի ընդհանուր բնակչութեան թիւը պէտք չէ շփոթել արտերկիր բնակող արձանագրուած ընտրողներուն թիւին հետ։
Լիբանան
Լիբանանեան մեծ սփիւռքին մասին հրապարակուող գնահատականներուն պարագային եւս անհրաժեշտ է զատել լիբանանեան ծագում ունեցող համաշխարհային բնակչութիւնը Լիբանանի քաղաքացի եւ ընտրելու իրաւունք ունեցող անձերէն։ Սփիւռքի վերոնշեալ լայն սահմանումներուն պատճառով, միայն ծագման վրայ հիմնուած ընդհանուր թիւը ինքնաբերաբար ընտրազանգուածի թիւ չի ներկայացներ։
Լիբանան 2018-ին առաջին անգամ արտերկիր բնակող քաղաքացիներուն կարելիութիւն տուաւ մասնակցելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն` իրենց բնակած երկիրներէն։ Այդ ընտրութեան համար արտերկիր արձանագրուած էր 82.970 քաղաքացի, իսկ քուէարկութիւնը կազմակերպուեցաւ 40 երկիրներու մէջ։
2018-ի եւ 2022-ի ընտրութիւններուն արտերկրի ընտրողներուն քուէները հաշուուեցան Լիբանանի իրենց համապատասխան ընտրաշրջաններուն մէջ։ 2017-ի ընտրական օրէնքի 112-րդ յօդուածը նախատեսած էր նաեւ արտերկրի առանձին ընտրաշրջան՝ վեց երեսփոխաններով, սակայն այդ համակարգը չգործադրուեցաւ։
2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար, մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2025-ի ժամկէտը, արտերկիր բնակող 151.985 լիբանանցիներ արձանագրուած էին։ Ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները յայտնած էին, որ դիմումները այնուհետեւ պիտի ստուգուէին եւ բաղդատուէին ընտրացանկերուն հետ։ Սակայն 9 Մարտ 2026-ին Լիբանանի խորհրդարանը որոշեց ընտրութիւնները երկու տարիով յետաձգել՝ խորհրդարանի ներկայ կազմին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով մինչեւ 2028։
Սամոա
Խաղաղականի Սամոա կղզին եւս ունի արտերկրի մեծ բնակչութիւն։ Միջազգային դրամական ֆոնտի (IMF) 2025-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, մշտական արտագաղթը 1990-ի շուրջ 40 առ հարիւրէն հասած էր աւելի քան 60 առ հարիւրի՝ 2020-ին։ Սամոական մեծ համայնքներ հաստատուած են յատկապէս Նոր Զելանտա, Աւստրալիա եւ Ամերիկեան Սամոա։ IMF-ն միաժամանակ կը զգուշացնէ, որ երկիրներու արտագաղթի վիճակագրութեան ուղղակի բաղդատութիւնը դժուար է, որովհետեւ տարբեր երկիրներ տարբեր սահմանումներ եւ չափանիշներ կը գործածեն։
Սամոան 2025-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտերկրէն քուէարկութեան համակարգ չունէր։ 2021-էն ետք արտերկրէն քուէարկութիւն մտցնելու ծրագիր կար, սակայն համապատասխան օրինագիծը չէր ընդունուած, երբ 2025-ին խորհրդարանը լուծուեցաւ։ Արտերկիր բնակող քաղաքացիները կրնային առցանց սկսիլ արձանագրութեան գործընթացը, սակայն զայն ամբողջացնելու համար պէտք էր Սամոա վերադառնային՝ կենսաչափական տուեալներ տրամադրելու, իսկ քուէարկութիւնը եւս կը կատարուէր Սամոայի մէջ։
Թոնկա
Թոնկա արշիպեղագոսը եւս արտագաղթի շատ բարձր համեմատութիւն ունեցող երկիր մըն է։ IMF-ի 2025-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, Թոնկայի արտագաղթած բնակչութեան թիւը 2024-ին կը համապատասխանէր երկրի բնակչութեան աւելի քան 50 առ հարիւրին, իսկ Թոնկայի սփիւռքը կը գնահատուի երկրին մէջ բնակող թոնկացիներու թիւէն աւելի մեծ։ Արտագաղթի հիմնական ուղղութիւններն են Նոր Զելանտան, Աւստրալիան եւ Միացեալ Նահանգները։
Այս գնահատականը նոր չէ. ՄԱԿ-ին ներկայացուած Թոնկայի պաշտօնական փաստաթուղթ մը եւս կը նշէր, որ կառավարութիւնը ամբողջական ժողովրդագրական տուեալներ չունի սփիւռքին մասին, բայց զայն կը գնահատէր երկրի բնակչութեան չափ կամ անկէ մեծ։
Թոնկայի ընտրական յանձնաժողովին համաձայն՝ ընտրողը պէտք է Թոնկայի քաղաքացի ըլլայ, առնուազն 21 տարեկան եւ իր ընտրաշրջանին մէջ առնուազն երեք ամիս բնակած ըլլայ։ Արձանագրութիւնը կը կատարուի Թոնկայի ընտրական յանձնաժողովին եւ երկրի համապատասխան պետական գրասենեակներուն միջոցաւ։
Թիւերը ի՞նչ կը ներկայացնեն
OECD-ի եւ International IDEA-ի համաձայն, արտերկրի ընտրական մասնակցութիւնը բաղդատելու ժամանակ պէտք է առանձին դիտարկել սփիւռքի ընդհանուր թիւը, արտերկիր բնակող քաղաքացիներուն թիւը, ընտրական իրաւունք ունեցող կամ արձանագրուած քաղաքացիներուն թիւը եւ փաստացի քուէարկողներուն թիւը։
International IDEA-ի ուսումնասիրած ընտրութիւններուն մեծամասնութեան մէջ արտերկրէն տրուած քուէները ընդհանուր քուէներուն 3 առ հարիւրէն պակաս են, յաճախ՝ նոյնիսկ 1 առ հարիւրէն պակաս։ Սակայն պատկերը ամէնուր նոյնը չէ։ International IDEA-ի 2025-ի ուսումնասիրած 210 ընտրութիւններուն մէջ ամենաբարձր բաժինը արձանագրուած էր Մոլտովայի 2024-ի նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին, երբ արտերկրէն տրուած քուէները կազմած էին ընդհանուրին 19,5 առ հարիւրը։
Քապօ Վերտէ, Լիբանան, Սամոա եւ Թոնկա տարբեր համակարգեր ունին։ Քապօ Վերտէ արտերկրի ընտրողներուն համար ունի առանձին խորհրդարանական ներկայացուցչութիւն։ Լիբանան արտերկրէն քուէարկութիւն գործադրած է՝ քուէները հաշուելով երկրի ընտրաշրջաններուն մէջ, մինչ օրէնքը նախատեսած է նաեւ արտերկրի առանձին ներկայացուցչութիւն։ Սամոա 2025-ին արտերկրէն քուէարկութիւն չէր գործադրեր։ Թոնկայի ընտրական արձանագրութիւնը կապուած է ընտրաշրջանին մէջ բնակութեան։
Այս համակարգերու համեմատութեան համար անհրաժեշտ է, հետեւաբար, յստակեցնել ոչ միայն սփիւռքի գնահատուած մեծութիւնը, այլ նաեւ թէ որո՛նք կը մտնեն այդ գնահատականին մէջ, անոնցմէ քանի՛ն համապատասխան երկրի քաղաքացի է, քանի՛ն ընտրելու իրաւունք ունի, քանի՛ն արձանագրուած է եւ ի՛նչ եղանակով կը հաշուուի անոնց քուէն։
Վ.Թ.
«Սասնա Ծռեր» էպոսը՝ նոր սերունդի լեզուով հարցախաղ. UCLA-ի մէջ նորարարական կրթական նախագիծ (PBLL)
«Սասնա Ծռեր» էպոսի ո՞ր հերոսն ես դուն» լեզուամշակութային երկլեզու հարցախաղի նախագիծը Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA) մէջ իրականացուած է որպէս Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning – PBLL) մեթոտաբանութեան հիման վրայ մշակուած փորձառական եւ կիրառական հետազօտական նախաձեռնութիւն։
Ինչպէ՞ս կրնայ ազգային պատմամշակութային ժառանգութիւնը վերաիմաստաւորուիլ ժամանակակից կրթական մօտեցումներու եւ թուային գործիքներու միջոցաւ։ Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning – PBLL) մեթոտաբանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել սփիւռքահայ ուսանողներու լեզուի իւրացման գործընթացին։ Եւ ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ հանրային արդիւնքի (public product) ստեղծումը լեզուական, համագործակցային, ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութեան զարգացման մէջ։
Այս հարցադրումներուն հիման վրայ իրականացուած է սոյն կիրառական հետազօտութիւնը, որ կը ներկայացնէ UCLA-ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին մէջ գործադրուած կրթական նախագիծ մը։ Հետազօտութեան նպատակն էր ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է սփիւռքեան համալսարանական միջավայրի մէջ հայերէնի ուսուցումը դուրս բերել դասագրքային եւ քերականակեդրոն սահմաններէն ու վերածել աւելի գործնական, փորձառական եւ ուսանողակեդրոն գործընթացի։
Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է հեղինակի մագիստրոսական ատենախօսութեան շրջանակին մէջ իրականացուած փորձառական եւ կիրառական հետազօտութեան վրայ։ Ան իրականացուած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի «Հայ մշակոյթ եւ հասարակութիւն» դասընթացքի ծիրէն ներս՝ հայերէնի 106գ (Level 3) մակարդակի ուսանողներու մասնակցութեամբ։ Ուսանողները կը ներկայացնէին բազմազան լեզուամշակութային միջավայր. ոմանք հայերէնին կը տիրապետէին աւելի ազատ, իսկ ուրիշներու համար հայերէնը երկրորդ կամ ժառանգական լեզու էր։ Այս բազմազանութիւնը ստեղծեց հետաքրքրական կրթական դաշտ մը՝ PBLL մեթոտաբանութեան կիրառելիութիւնը ուսումնասիրելու համար։
Սփիւռքահայ կրթական իրականութեան մէջ հայերէնի ուսուցումը յաճախ կը բախի շարք մը մարտահրաւէրներու։ Լեզուի գործածութեան սահմանափակ միջավայրը, ժամանակի սղութիւնը, երիտասարդներու բազմազբաղ առօրեան եւ աւանդական դասաւանդման ձեւերու սահմանափակ ազդեցութիւնը կը դժուարացնեն լեզուի կենդանի եւ բնական իւրացումը։ Այս պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ կը դառնայ այնպիսի մեթոտաբանութիւններու կիրարկումը, որոնք ուսանողը կը դարձնեն ուսուցման գործընթացի գործուն մասնակից, պատասխանատու, հետազօտող, այլ ոչ թէ միայն տեղեկութիւն ստացող։
Նախագծահէն լեզուի ուսուցումը (PBLL) նման մօտեցումներէն մէկն է։ Կը հիմնուի այն գաղափարին վրայ, որ լեզուն աւելի արդիւնաւէտ կը սորվին, երբ ուսանողները կը գործածեն զայն իրական խնդիրներ լուծելու, հետազօտութիւն կատարելու, համագործակցելու, հաղորդակցելու, քննադատական մտածողութեամբ եւ  ստեղծարար մօտեցումով հանրային արդիւնք ստեղծելու նպատակով։ Այս մօտեցումը կը միաւորէ 21-րդ դարու հմտութիւնները՝ լեզուական զարգացումը, քննադատական մտածողութիւնը, ստեղծագործականութիւնը եւ համագործակցային, հաղորդակցական ուսուցումը։
Քանի որ դասընթացքի հիմնական նիւթերէն մէկը «Սասնա Ծռեր» ազգային էպոսն էր, որոշեցինք նախագիծի առանցքը կառուցել այդ ժառանգութեան շուրջ։ Նախնական փուլին իրականացուցի դասարանային դիտարկումներ, քննարկումներ եւ գաղափարներու փոխանակումներ։ Համաձայն PBLL մեթոտաբանութեան, ուսանողները հրաւիրեցի մտածելու, թէ ինչպէս կարելի է էպոսը ներկայացնել ժամանակակից, երիտասարդներուն համար աւելի հասանելի եւ հետաքրքրական ձեւով։ Ուղղորդող օրինակներ տրամադրելով՝ առաջարկեցի խմբային մտագրոհ, որու ընթացքին ուսանողները (բաժնուած խումբերու) առաջարկեցին տարբեր գաղափարներ՝ կերպարային հարցախաղ, սեղանի խաղ, տեսանիւթային շարք եւ այլ նախաձեռնութիւններ։ Քննարկումներէն եւ իրագործելիութեան գնահատումէն ետք (ժամանակ, միջոցներ, հմտութիւններ) դասարանը համատեղ ընտրեց երկլեզու թուային հարցախաղի տարբերակը՝ «Սասնա Ծռեր» էպոսի ո՞ր հերոսն ես դուն» խորագիրով։
Նախագիծի ընտրութիւնը պատահական չէր։ Ան մէկտեղ կը բերէր լեզուի զարգացումը, մշակութային բովանդակութիւնը, ստեղծագործական, քննադատական մտածողութիւնը, հաղորդակցութիւնը, համագործակցութիւնը եւ հանրային կիրառելիութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, հարցախաղի ձեւաչափը համապատասխան էր ուսանողներու ժամանակային եւ արհեստագիտական հնարաւորութիւններուն, կարողութիւններուն եւ կը ստեղծէր արդիւնք մը, որ կրնար օգտագործուիլ նաեւ համալսարանէն դուրս։
PBLL աշխատանոցներու ընթացքին ուսանողները ուսումնասիրեցին էպոսի տարբեր հերոսներու բնաւորութիւնները, արժեհամակարգերը եւ գործողութիւնները։ Անոնք վերլուծեցին Սանասարը, Պաղտասարը, Մհերը, Դաւիթը եւ այլ կերպարներ՝ փորձելով բացայայտել կերպարներու առանձնայատկութիւնները։ Այս ուսումնասիրութեան հիման վրայ կազմուեցան իրավիճակային հարցումներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տային մասնակիցներուն համեմատել սեփական նախասիրութիւններն ու արժէքները էպոսի հերոսներու կերպարներուն հետ։ Հարցումներու ձեւակերպումը դարձաւ լեզուի զարգացման կարեւոր գործիք։ Ուսանողները ոչ միայն կը կարդային եւ կը վերլուծէին էպոսի նիւթերը, այլեւ կը գրէին, կը խմբագրէին, կը քննարկէին, կը վերլուծէին եւ կը վերամշակէին իրենց ստեղծած բովանդակութիւնը։ Այս գործընթացը զգալիօրէն ընդլայնեց անոնց բառապաշարը եւ զարգացուց գրաւոր ու բանաւոր խօսքը, հաղորդակցական, համագործակցային կարողութիւնները։
Նախագիծի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը նաեւ մասնագիտական խորհրդատուութեան ներգրաւումն էր։ Այդ նպատակով կազմակերպեցինք առցանց հանդիպում մը էպոսագէտ եւ գրականագէտ Հայկ Համբարձումեանի հետ։ Ուսանողները հանդիպման ընթացքին  ներկայացուցին իրենց աշխատանքը, ուղղեցին հարցումներ եւ ստացան մասնագիտական ուղղորդում։ Այս փորձառութիւնը օգնեց անոնց հասկնալու, թէ գիտելիքի ստեղծումը եւ գիտական քննարկումը ինչպէս կ’իրականանան ակադեմական միջավայրի մէջ։
Ծրագիրի վերջնական արդիւնքը դարձաւ երկլեզու թուային հարցախաղ (quiz) -կրթական փաթեթ մը, որ տեղադրուեցաւ UCLA-ի հայագիտական դասընթացքներու առցանց հարթակին վրայ (կայքէջը մասնաւորապէս այս նախագիծի ընթացքին  ստեղծած էր համապատասխան հմտութիւններու տիրապետող ուսանող մը)։ Հարցախաղը կը ներառէր էպոսի ութ հիմնական հերոսներուն առնչուող հարցաշարեր, բացատրական յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ ուսուցողական նիւթեր։ Ուսանողները PBLL նախագիծը ներկայացուցին նաեւ «UCLA Undergraduate Research Week»-ի շրջանակին մէջ կազմակերպուած Հայագիտական ուսանողական 9-րդ տարեկան գիտաժողովին՝ որպէս ուսանողական հետազօտութեան եւ նախագծային ստեղծագործ աշխատանքի օրինակ։
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուին, որ PBLL մեթոտաբանութիւնը զգալի դրական ազդեցութիւն ունեցած է ուսանողներու ներգրաւուածութեան եւ լեզուական զարգացման վրայ։ Ինքնաարտացոլման ձեւաթուղթերուն (feedback) եւ հարցումներուն համաձայն՝ մասնակիցները բարձր գնահատեցին համագործակցային աշխատանքը, ստեղծագործական ազատութիւնը եւ լեզուի գործնական կիրառման հնարաւորութիւնը։ Մասնակից ուսանողները նաեւ արձանագրեցին, որ առաջին անգամ գործնականօրէն ծանօթացան Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (PBLL) մեթոտաբանութեան, մասնակցեցան համագործակցային ուսումնական գործընթացի եւ ձեռք բերեցին նոր փորձառութիւններ։ Սոյն նախագիծը, PBLL-ի ճկուն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցման շնորհիւ, օգնեց անոնց աւելի խորապէս հասկնալու «Սասնա Ծռեր» էպոսը եւ վերագտնելու իրենց կապը հայկական մշակութային ժառանգութեան հետ։
Ընդհանուր առմամբ, UCLA-ի մէջ իրականացուած այս փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ Նախագծահէն լեզուի ուսուցումը կրնայ ծառայել որպէս ազդեցիկ կամուրջ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան միջեւ։ «Սասնա Ծռեր» էպոսի վերաիմաստաւորումը ժամանակակից թուային եւ հանրային ձեւաչափով ոչ միայն կը նպաստէ հայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտութեան, այլեւ կը ստեղծէ նոր արդիական ուղիներ՝ ազգային մշակութային ժառանգութիւնը երիտասարդ սերունդներուն փոխանցելու համար։ Այս իմաստով, PBLL-ը սփիւռքեան հայագիտական կրթութեան մէջ կը ներկայանայ ոչ միայն որպէս մանկավարժական նորարարութիւն, այլեւ՝ լեզուամշակութային կենսունակութեան պահպանման եւ զարգացման ռազմավարական միջոց։
Մարիա Մարկոսեան
INALCO IMAS (Paris)
Սեպտեմբեր 5. Յիշատակելի ելոյթ մը Այնճարի մէջ
Յունուար 2026-ի սկիզբը, ի նպաստ Այնճարի Ազգային «Յառաջ» Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարանի ձեռնարկած դրամահաւաքին, խումբ մը երիտասարդներ, յօժարակամ՝ կազմեցին նուագախումբ մը եւ որդեգրելով «Rock»-ը որպէս երաժշտական ոճ, օրին ունեցան իրենց առաջին ելոյթը: Նկատի ունենալով, որ ելոյթը օգտակար եղած էր թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ գիւղի մթնոլորտին, նուագախումբը որոշեց պահել իր աշխոյժ ոգին ու ստեղծագործական խոյանքը։
Վերջերս, երբ Պէյրութ էի, լսեցի որ այս նուագախումբը կրկին համերգ մը պիտի տայ. փութով հասայ Այնճար՝ ներկայ գտնուելու: Ելոյթը տեղի ուեցաւ 5 Սեպտեմբեր 2026-ին Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փակը: Կ’արժէ նշել, որ կազմակերպողները, այսինքն՝ նուագախումբի անդամները, կը յուսային որ հանդիսատեսներու ընդհանուր թիւը հասնի շուրջ 150-ի:
Համերգին ընթացքին, գիւղին բնակիչները՝ նկատելով հանդիսատեսին խանդավառութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող լուսանկարներն ու տեսանիւթերը, արագօրէն միացան բազմութեան։ Քանի որ բոլոր աթոռները գրաւուած էին, ուշացողները ստիպուած եղան նստելու աստիճաններուն վրայ կամ յենելու բեմին շուրջ գտնուող ինքնաշարժներուն եւ պատերուն։ Համերգի աւարտին իմացայ, որ ներկաներուն թիւը հասած էր 260-ի։
Համերգի սկիզբը, Գերյ. Հայր Մեսրոպ Թոփալեանը ողջունեց Հանդիսատեսը, արտայայտեց իր յուզմունքը եւ նեկայացուց խումբին անդամները:
Երաժշտական այս խումբին մաս կը կազմէ Սեւադա Անտոնեան, որ իբրեւ կիթառիսդ  արդէն ծանօթ անուն մըն է լիբանանահայ երաժշտական շրջանակներուն մէջ։ Ան կը նուագէ «Հեքիաթ» խումբին հետ, որ յայտնի է հայկական աւանդական երգերու ժամանակակից մշակումներով։
Խումբին մաս կը կազմէ նաեւ Դանիէլ Գժտրեան, որ Լիբանանի մէջ ճանչցուած է իր կիթառային եւ երաժշտական բարձրորակ հմտութիւններով։ Ան ելոյթ ունեցած է «Casino du Liban»-ի մէջ՝ Յարութ Ֆազլեանի հետ, որ Լիբանանի ազգային նուագախումբին խմբավարն է։ Դանիէլի ելոյթը մասնաւորապէս տպաւորիչ էր,  մանաւանդ իր «Comfortably Numb»-ի կիթառի մենակատարումը, որ ելոյթին յիշատակելի պահերէն մէկը դարձաւ։
Այս կազմին մէջ կային նաեւ Արէն եւ Ալեք Տօներեան եղբայրները, որոնք Այնճարէն չէին, այլ՝ Պէյրութէն։ Երկուքն ալ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի շրջանաւարտներ էին. Արէնը մասնագիտացած էր դաշնամուրի, իսկ Ալեքը՝ ջութակի մէջ։ Եղբայրները նաեւ կշռութային նոր երանգ մը կը բերէին խումբին՝ նուագելով կիթառ եւ պաս կիթառ։ Անոնց ներկայութիւնը ընդլայնեց խումբին երաժշտական դիմագիծը՝ կամուրջ մը ստեղծելով Անճարի տեղական երաժշտական միջավայրին եւ Պէյրութի աւելի լայն երաժշտական շրջանակներուն միջեւ։
Խումբին թմբկահարն էր Ռազմիկ Շաննաքեանը։ Բոլորն ալ հիացումով կը դիտէին ու կը դրուատէին զինք՝ սկսեալ բերանին ծխախոտէն, որ, զարմանալիօրէն, ելոյթին աւարտին տակաւին կը վառէր, մինչեւ իր իւրայատուկ կեցուածքն ու խանդավառ, գրեթէ սանձարձակ ոճը, որով ամբողջ եռանդով կը հարուածէր թմբուկները։
Եւ վերջապէս, խումբին ամէնէն երիտասարդ անդամը՝ Լիլին, ստանձնած էր գլխաւոր երգչուհիի դերը։ Նկատի ունենալով ընտրուած երգերուն կառուցուածքային բարդութիւնը, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսին ակնկալութիւններէն բխող հոգեբանական ճնշումը՝ Լիլին փայլուն ելոյթ ունեցաւ եւ փաստեց, որ բացառիկ տաղանդի է։
Թէեւ ընտրուած երգերը անգլերէնով ծանօթ ռոք երգեր էին՝ ինչպէս Deep Purple-ի «Smoke on the Water»-ը, The Beatles-ի «Come Together»-ը, Pink Floyd-ի «Time»-ը եւ Eagles-ի «Hotel California»-ն, ժողոխուրդը չի դատեց խումբը որպէս օտարասէր: Ընդհակառակը՝ ձեռնարկը ընկալուեցաւ իբրեւ բազմամշակութայնութիւնը արժեւորող եւ գեղարուեստական տաղանդ ի յայտ բերող նախաձեռնութիւն մը։ Հարկ է նշել նաեւ, որ իր կիթառային մենակատարութեան ընթացքին Դանիէլ «Ain’t No Sunshine»-ը ներկայացուց հայկական երաժշտական համադրումով։
Համերգը փակուեցաւ The Beatles-ի «Hey Jude» երգով, զոր հանդիսատեսն ու խումբը միասնաբար երգեցին։
Երիտասարդներու կազմակերպած նշանակալից ձեռնարկ մը, ուր տարբեր սերունդներու արուեստագէտներու գործակցութենէն ծնունդ առած են նոր որակներ։ Նման ձեռնարկները իսկապէս արժանի են մեր ուշադրութեան ու գնահատանքին, մանաւանդ լիբանանահայ համայնքին մէջ, ուր արհեստավարժ երաժիշտները, յաճախ անտեսուած կամ ըստ արժանւոյն չգնահատուած զգալով, հետզհետէ կը հեռանան համայնքէն կամ ընդհանրապէս կը հրաժարին երաժշտութեամբ զբաղելէ։
Կարեւոր է, որ քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլանք, նկատենք մեր շուրջը ծնունդ առնող նախաձեռնութիւնները, խօսինք անոնց մասին եւ, երբ կարելի է, պարզապէս երթանք ու միանանք բազմութեան։
Հրանդ Գալեմքէրեան
Լուսանկարները՝ Նայիրա Ադամեանի
Որո՞ւ համար կը թարգմանենք. Լեզուին եւ ընթերցողին միջեւ
«Թարգմանութիւնը եւ ժամանակակից գաղափարները հայերէնով արտայայտելու հրամայականը» մեր յօդուածին առիթով, սիրելի բարեկամ մը դիտել կու տար հետեւեալը. «ի՞նչ կ’արժէ թարգմանական գործ մը, եթէ անոր լեզուն հասկնալի չէ ընթերթողին»: Այս յօդուածը ծնունդն է այդ նկատողութեան:
կը խօսինք արդի հայերէն թարգմանական գրականութեան բացթողումներուն մասին։ Կը նշենք այն կարեւոր գիրքերը, որոնք տակաւին հայերէնով չկան, այն գաղափարները, որոնք շրջանառութեան մէջ չեն մեր լեզուով, կ’ընդգծենք այն գիտական, փիլիսոփայական, ընկերային կամ արհեստագիտական նոր հասկացողութիւնները, որոնց համար տակաւին պատշաճ բառեր կը փնտռենք։ Եւ իրաւացիօրէն կը պնդենք, որ լեզու մը, որ չի կրնար ժամանակակից աշխարհը իր բառերով արտայայտել, աստիճանաբար կը հեռանայ այդ աշխարհէն։
Բայց թարգմանելը ինքնին բաւարա՞ր է։ Բնականօրէն՝ ո՛չ: Թարգմանուած գիրքը պէտք է նաեւ ընթերցող ունենայ, քննարկուի, գրախօսուի, մտնէ համալսարան, մամուլ, դասարան եւ արժանանայ հրապարակային քննարկման։ Այլապէս կրնանք ունենալ թարգմանուած գիրքերու ցանկ մը, բայց ոչ՝ թարգմանական մշակոյթ։ Կրնանք ունենալ հայերէնի վերածուած բնագիրներ, որոնք կը մնան գրադարաններու մէջ՝ առանց որեւէ նպաստ բերելու մեր մտաւոր կեանքին։ Իսկ որպէսզի թարգմանուած գիրքը կարդացուի, անոր լեզուն պէտք է ընթերցողին հասանելի ըլլայ։ Եւ հոս կը կայանայ մեծագոյն մարտահրաւէրը:
Գաղափարի՞, թէ՞ լեզուի դժուարութիւն
Բոլոր գիրքերը չեն կրնար դիւրընկալելի ըլլալ։ Փիլիսոփայական աշխատութիւն մը, լեզուաբանական տեսութիւն մը կամ գիտական ուսումնասիրութիւն մը երբեմն ընթերցողէն ճիգ պիտի պահանջեն։ Թարգմանիչին պարտականութիւնը չէ բարդ գաղափարը պարզունակ դարձնել կամ հեղինակին մտածողութիւնը աղքատացնել՝ ընթերցումը դիւրացնելու համար։
Բայց պէտք է զանազանել գաղափարին դժուարութիւնը լեզուին ստեղծած դժուարութենէն։
Ընթերցողը կրնայ դժուարութիւն ունենալ գաղափարին հետ, բայց պէտք չէ ստիպուած ըլլայ նախ պայքարելու հայերէնին հետ՝ գաղափարը հասկնալու համար։ Երբ նախադասութիւնը այնքան խճճուած է, որ երկու-երեք անգամ կարդալէ ետք միայն կարելի է հասկնալ անոր կառուցուածքը, երբ օտար լեզուի շարահիւսութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ փոխադրուած է հայերէնի, երբ իւրաքանչիւր էջի վրայ ընթերցողը կը հանդիպի իրեն բոլորովին անծանօթ նորակերտ բառերու, դժուարութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր հեղինակին բարդ մտածումներով։ Թարգմանութեան լեզուն ինք խոչընդոտի վերածուած է։
Այս պարագային թարգմանիչը, ակամայ, ընթերցողին եւ գաղափարին միջեւ կամուրջ կառուցելու փոխարէն՝ նոր պատ մը բարձրացուցած կ’ըլլայ։
Դիւրամատչելի հայերէնը աղքատ հայերէն չէ
Երբ կը խօսինք դիւրամատչելի լեզուի մասին, անմիջապէս կրնայ առարկուիլ. արդեօք պէտք է հայերէնը պարզեցնե՞լ՝ ընթերցողին հաճելի դառնալու համար։ Բնականաբար՝ ո՛չ։
Պարզութիւնը պարզունակութիւն չէ։ Դիւրամատչելիութիւնը լեզուական աղքատութիւն չէ։ Ընդհակառակը՝ յաճախ շատ աւելի խոր լեզուական իմացութիւն կը պահանջուի բարդ գաղափար մը պարզ, ճշգրիտ եւ բնական հայերէնով արտայայտելու, քան օտար նախադասութեան կառոյցը բառ առ բառ հայերէնի փոխադրելու։ Լեզուի հարստութիւնը չի չափուիր անոր դժուարութեամբ։ Բառի մը հայերէն ըլլալն ալ ինքնին չի նշանակեր, որ անիկա անպայման ճիշդ իմաստը կ’արտայայտէ:
Ասիկա յատկապէս կարեւոր է եզրաբանութեան պարագային։ Ժամանակակից գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը եւ ընկերային գիտութիւնները անընդհատ նոր հասկացողութիւններ կը ստեղծեն։ Հայերէնը բնականաբար պէտք է կարենայ զանոնք արտայայտել։ Պէտք է նոր բառեր ստեղծել, հին բառերու նոր իմաստներ տալ, երբեմն ալ ընդունիլ արդէն միջազգային շրջանառութեան մէջ մտած եզրեր։
Բայց նոր եզր ստեղծելը գործին կէսն է։ Միւս կէսը զայն ընթերցողին սեփականութիւնը դարձնելն է։ Նոր բառը պէտք է բացատրուի, գործածուի, կրկնուի, մտնէ յօդուածներու, դասագիրքերու, համալսարանական դասախօսութիւններու եւ հանրային խօսակցութեան մէջ։ Միայն այդ ժամանակ ան բառարանային առաջարկ ըլլալէ կը դադրի եւ կենդանի բառապաշարի մաս կը դառնայ։
Թարգմանիչը միայն հաշուետու չէ հեղինակին
Թարգմանութեան մասին խօսած ատեն յաճախ կը շեշտենք հաւատարմութիւնը հեղինակին բնագրին հանդէպ։ Ճիշդ է։ Թարգմանիչը իրաւունք չունի հեղինակին միտքերը փոխելու, պարզացնելու այն աստիճան, որ անոնք կորսնցնեն իրենց խորքը: Թարգմանիչը իրաւունք չունի նաեւ իր սեփական մեկնաբանութիւնը պարտադրելու։ Բայց թարգմանիչը երկրորդ պատասխանատուութիւն մըն ալ ունի՝ ընթերցողին հանդէպ։
Ի վերջոյ, թարգմանութիւնը երկու լեզուներու միջեւ կատարուող մեքենական գործողութիւն մը չէ։ Անիկա երկխօսութիւն մըն է երկու ընթերցող աշխարհներու միջեւ։ Թարգմանիչը կարդացած է բնագիրը, հասկցած է անոր եզրաբանութիւնը, մտածողութեան հոլովոյթը եւ մշակութային ենթահողը։ Իր պարտականութիւնն է այդ բոլորը հասցնել լեզուական ուրիշ միջավայրի մէջ ապրող ընթերցողին։
Ուստի լաւ թարգմանիչը միայն չի հարցներ. «Արդեօք ճի՞շդ թարգմանեցի այս նախադասութիւնը»։ Ան նաեւ հարց կու տայ. «Այս նախադասութիւնը արդեօք կրնա՞յ հայերէնով շնչել»։
Հասնիլ ընթերցողին՝ եւ զայն քիչ մը յառաջ տանիլ
Սակայն այստեղ հակառակ ծայրայեղութեան վտանգն ալ կայ։ Երբ հայերէնը արդէն ունի օտար բնագիրին գաղափարը ճշգրտօրէն եւ բնականօրէն արտայայտող բառը կամ դարձուածքը, թարգմանիչը պատճառ չունի նորը ստեղծելու։ Թարգմանութեան նպատակը լեզուն արուեստականօրէն բարդացնելը կամ ընթերցողին անծանօթ բառեր պարտադրելը չէ։ Ընդհակառակը՝ եղած հայերէնին ամբողջ հարստութենէն օգտուիլը թարգմանիչին առաջին պարտականութիւններէն մէկն է։
Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ բնագիրը կը ներկայացնէ նոր գաղափար մը, գիտական նոր հասկացողութիւն մը կամ արհեստագիտական նոր իրականութիւն մը, որուն համար հայերէնը տակաւին հաստատուած եզր չունի։ Հոս է, որ թարգմանիչը կ’ունենայ նաեւ բառ ստեղծելու առաքելութիւն։ Ան պիտի փորձէ հայերէնի մէջ գտնել նոր գաղափարին համարժէքը՝ նախ քննելով լեզուական առկայ միջոցները, ապա, անհրաժեշտութեան պարագային, նոր եզր առաջարկելով կամ գոյութիւն ունեցող բառի մը նոր մասնագիտական իմաստ տալով։ Այս առումով է, որ թարգմանութիւնը պէտք չէ միայն յարմարի այսօրուան ընթերցողին։ Անիկա նաեւ պէտք է սատարէ վաղուան ընթերցողին։
Թարգմանիչին պարտականութիւնը, ուրեմն, կրկնակի է. ան պէտք է հասնի ընթերցողին, բայց նաեւ զայն քիչ մը յառաջ տանի՝ ոչ թէ անծանօթ բառեր հնարելու սիրոյն, այլ որովհետեւ երբ աշխարհը նոր գաղափարներ կը ծնի, հայերէնն ալ պէտք է կարենայ զանոնք արտայայտել:
Լաւ թարգմանութիւնը ընթերցողին կրնայ նոր բառ մը սորվեցնել, բայց աւելի կարեւորը՝ նոր հասկացողութեան մը ծանօթացնել հայերէնով։ Երբեմն ընթերցողը կրնայ ստիպուիլ նախադասութիւն մը երկրորդ անգամ կարդալու, որովհետեւ գաղափարը բարդ է կամ նոր։ Բայց ան պէտք չէ ընթերցողին տայ այն զգացումը, թէ իր դիմաց գտնուող հիմնական դժուարութիւնը հայերէնն է։
Այս հարցը շատ աւելի լուրջ է արեւմտահայերէնի պարագային, որովհետեւ մեր ընթերցողական շրջանակը արդէն սահմանափակ է։ Արեւմտահայ ընթերցողին մեծ մասը բազմալեզու է։ Ան կրնայ նոյն գիրքը կարդալ անգլերէնով, ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, արաբերէնով կամ այլ լեզուով։ Եթէ հայերէն թարգմանութիւնը իրեն համար աւելի դժուար է, քան օտար բնագիրը, շատ բնական է, որ ան վերադառնայ իրեն աւելի մատչելի լեզուին։
Հետեւաբար՝
Եթէ արեւմտահայերէնը պաշտպանելու մեր ձեւը զայն այնքան դժուարամատչելի դարձնելն է, որ արեւմտահայ ընթերցողը նախընտրէ նոյն նիւթը անգլերէն կամ ֆրանսերէն կարդալ, ապա ի՞նչ պաշտպանած եղանք։
Լեզու մը միայն իր բառարաններով եւ քերականութեամբ չի պահպանուիր։ Ան կը պահպանուի, երբ մարդիկ զայն կ’ընտրեն՝ կարդալու, գրելու, վիճելու, ուսումնասիրելու եւ մտածելու համար։
Թարգմանել՝ որ գաղափարը ապրի
Ուրեմն թարգմանութեան յաջողութիւնը միայն հրատարակուած հատորներու թիւով պէտք չէ չափել։ Թարգմանուած գիրքը կրնայ մատենագիտական յաջողութիւն ըլլալ։ Բայց երբ ան կը կարդացուի, կը քննարկուի, կը գրախօսուի, համալսարանական դասընթացքի մաս կը դառնայ, լրագրողի մը նոր բառապաշար կու տայ, երիտասարդի մը նոր հարցում ուղղել կու տայ կամ ուրիշ հեղինակ մը կը մղէ հայերէնով նոր բան ստեղծելու՝ այն ատեն ան կը դառնայ մտաւոր նուաճում մը։
Մեր նպատակը միայն այն չէ, որ աշխարհի կարեւոր գիրքերը հայերէն անուններով տեղ ունենան մեր գրադարաններուն մէջ։ Նպատակը այն է, որ անոնց գաղափարները մտնեն հայերէն մտածողութեան մէջ։ Այս պատճառով, թարգմանիչը երկու հաւատարմութիւն ունի՝ հեղինակին եւ ընթերցողին հանդէպ։ Առաջինին հանդէպ անհաւատարմութիւն է միտքը աղաւաղելը։ Երկրորդին հանդէպ անհաւատարմութիւն է այդ միտքը այնպիսի հայերէնով ներկայացնելը, որ զայն հասկնալը դժուար դառնայ:
Լաւ թարգմանութիւնը ընթերցողին ցոյց չի տար, թէ հայերէնը որքան դժուար լեզու է։ Ան ցոյց կու տայ, որ ամենէն դժուար գաղափարներն անգամ կարելի է հայերէնով մտածել ու արտայայտել:
Աշխարհը Փեքինի աչքերով. ի՞նչ աշխարհակարգ կ’ուզէ Շի Ճինփինկ
Չինաստանի մասին շատ բան կը լսենք, բայց շատ քիչ անգամ կը փորձենք աշխարհին նայիլ Չինաստանի աչքերով։ Թայուան, առեւտրական պատերազմ, Ռուսիա, Հարաւային Չինական ծով, «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ», Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութիւն. այս բոլորը մեզի կը հասնին մեծ մասամբ արեւմտեան լրատուամիջոցներու եւ վերլուծական կեդրոններու մեկնաբանութեամբ։
Բայց ինչպէ՞ս կը տեսնէ ինք՝ Չինաստանը աշխարհը։ Ի՞նչ կը կարծէ նախագահ Շի Ճինփինկ ղեկավարութիւնը ներկայ աշխարհակարգին մասին։ Եւ, ամենէն կարեւորը, ի՞նչ աշխարհ կ’ուզէ անոր փոխարէն։
Այս հարցումներուն հետաքրքրական պատասխաններ կու տայ Աւստրալիոյ Lowy Institute-ի Արեւելեան Ասիոյ հարցերու աւագ գիտաշխատող Ռիչըրտ ՄըքԿրեկորի 2025-ին հրատարակած The World According to Xi Jinping ուսումնասիրութիւնը։ ՄըքԿրեկոր երկար տարիներ եղած է Financial Times-ի Փեքինի եւ Ուաշինկթընի թղթակից եւ Չինաստանի քաղաքական համակարգին նուիրուած քանի մը գիրքերու հեղինակ է։
Սակայն հոս կարեւոր է նշել, որ ՄըքԿրեկոր չինական տեսակէտը ներսէն ներկայացնող հեղինակ մը չէ։ Ան Չինաստանը կը դիտէ արտաքին՝ աւստրալիական եւ ընդհանրապէս արեւմտեան ռազմավարական տեսանկիւնէ։ Ուստի, եթէ իսկապէս կ’ուզենք հասկնալ, թէ Չինաստան ինչպէս կը տեսնէ աշխարհը, ՄըքԿրեկորի վերլուծութեան կողքին պէտք է լսենք նաեւ Փեքինի սեփական խօսքը։
Տէնկ Շիաոփինկի (Deng Xiaoping) Չինաստանէն՝ Շի Ճինփինկի (Xi Jinping) Չինաստանը
Ժամանակ մը Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան նշանաբաններէն մէկը կարելի էր ամփոփել Տէնկ Շիաոփինկի վերագրուող մօտեցումով՝ ուժդ ծածուկ պահէ, Շի Ճինփինկի Չինաստանը այլեւս այդ Չինաստանը չէ։
ՄըքԿրեկորի համաձայն՝ Շի չէ ստեղծած Չինաստանի այսօրուան բոլոր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնները։ Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ մերձեցումը արդէն սկսած էին իր նախորդներուն օրով։ Բայց Շի զանոնք զգալիօրէն արագացուցած եւ շատ աւելի բացայայտ դարձուցած է։
Փոփոխութեան հիմքը միայն գաղափարական չէ։ Անոր ետին կայ շատ պարզ իրականութիւն մը՝ ուժը։
Տասնամեակներու տնտեսական աճէն ետք, Չինաստան ունի այնպիսի տնտեսական, արհեստագիտական, դիւանագիտական եւ զինուորական միջոցներ, զորս նախապէս չունէր։ ՄըքԿրեկորի հիմնական փաստարկներէն մէկն ալ այս է. Շիի աւելի ինքնավստահ արտաքին քաղաքականութիւնը կարելի չէր ըլլար առանց Չինաստանի տնտեսական եւ զինուորական հզօրացման։
Այսինքն՝ փոխուած չէ միայն Չինաստանի մտածողութիւնը։ Փոխուած է նաեւ այն, ինչ որ Չինաստան կրնայ ընել։
Ամերիկեան աշխարհակարգը՝ Չինաստանի աչքերով
Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ձեւաւորուած միջազգային համակարգին մէջ Միացեալ Նահանգները դարձան տնտեսական, զինուորական եւ քաղաքական գլխաւոր ուժերէն, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք՝ գերիշխող միակ ուժը։
Չինաստան մեծապէս օգտուեցաւ այդ համակարգէն։ Համաշխարհային առեւտուրը, օտար ներդրումները, արեւմտեան շուկաները եւ արհեստագիտական փոխանցումները վճռական դեր ունեցան անոր տնտեսական վերելքին մէջ։
Բայց օգտուիլ համակարգէ մը չի նշանակեր ընդունիլ անոր գաղափարական հիմքերը։
ՄըքԿրեկորի համաձայն, Չինաստանի համայնավար ղեկավարութիւնը երբեք ամբողջովին չէ ընդունած այն գաղափարը, թէ Միացեալ Նահանգները իրաւունք ունի սահմանելու միջազգային կարգի արժէքները։ Ան այս առումով յատկանշական կը նկատէ 2021-ի Ալասքայի ամերիկեւչինական հանդիպումը, ուր բարձրաստիճան չինացի դիւանագէտ Եանկ Ճիէչէն բացայայտօրէն հակադարձեց ամերիկեան պատուիրակութեան՝ շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգները միայն ինքզինք կը ներկայացնէ եւ ամերիկեան արժէքները ինքնաբերաբար միջազգային արժէքներ չեն։
Այս կէտը կարեւոր է Շիի աշխարհայեացքը հասկնալու համար։
Փեքինի պաշտօնական խօսոյթին մէջ աշխարհը պէտք չէ կազմակերպուի այն ենթադրութեամբ, որ քաղաքական մէկ համակարգ կամ քաղաքակրթական մէկ փորձառութիւն իրաւունք ունի իր չափանիշները պարտադրելու միւսներուն։ Չինաստանի պաշտօնական փաստաթուղթերը փոխարէնը կը շեշտեն պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, քաղաքակրթութիւններու բազմազանութիւնը, երկխօսութիւնը եւ տարբեր զարգացման ուղիներու իրաւունքը։
Արեւմտեան ընթերցողին համար այս լեզուն երբեմն կրնայ հնչել իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերէն խուսափելու միջոց։ Չինական տեսանկիւնէն, սակայն, նոյն հարցը կը ներկայացուի բոլորովին տարբեր՝ ո՞վ որոշած է, որ Արեւմուտքի քաղաքական արժէքները համընդհանուր չափանիշ պէտք է ըլլան։
Այս երկու մեկնաբանութիւններուն միջեւ է, որ այսօրուան գաղափարական պայքարին մէկ կարեւոր մասը տեղի կ՚ունենայ։
Զարգացումը՝ ազատութենէն առա՞ջ
Տարբերութիւնը յատկապէս տեսանելի է զարգացման հարցին մէջ։
Արեւմտեան քաղաքական խօսոյթը յաճախ միջազգային կարգը կը կապէ ժողովրդավարութեան, քաղաքական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու։ Չինական պաշտօնական խօսոյթը շատ աւելի մեծ կշիռ կու տայ տնտեսական զարգացման, աղքատութեան նուազեցման, ենթակառոյցներու, կայունութեան եւ պետութեան զարգացման կարողութեան։
ՄըքԿրեկոր այս մէկը կը մեկնաբանէ որպէս ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու արժէքային առաջնահերթութիւնները ժողովրդավարութենէն դէպի զարգացում տեղափոխելու չինական փորձ։
Փեքին, բնականաբար, նոյն քաղաքականութիւնը այդպէս չի ներկայացներ։ Իր Global Development Initiative-ը՝ Համաշխարհային զարգացման նախաձեռնութիւնը, ան կը ներկայացնէ իբրեւ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներուն օժանդակող եւ զարգացող երկիրներու կարիքները միջազգային օրակարգի կեդրոն վերադարձնող ծրագիր։ 2026-ի Յուլիսին, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտարարեց, որ նախաձեռնութիւնը հինգ տարուան ընթացքին չինական առաջարկէ վերածուած է միջազգային համագործակցութեան գործող հարթակի։
Հոս հարցը այլեւս միայն Չինաստանի մասին չէ։
Ափրիկէի, Ասիոյ, Լատին Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներու համար կամուրջը, նաւահանգիստը, ելեկտրակայանը, երկաթուղին, գործատեղին կամ արհեստագիտական ներդրումը կրնան նոյնքան անմիջական նշանակութիւն ունենալ, որքան քաղաքական համակարգի մասին գաղափարական բանավէճերը։
Չինաստան շատ լաւ հասկցած է այս իրականութիւնը։
Տնտեսութիւնը այլեւս միայն տնտեսութիւն չէ
Սակայն Շիի Չինաստանին մէջ ուրիշ կարեւոր փոփոխութիւն մըն ալ տեղի ունեցած է։
Ժամանակ մը չինացի պաշտօնատարի յաջողութիւնը մեծ չափով կը գնահատուէր իր շրջանին տնտեսական աճով։ ՄըքԿրեկորի բնորոշումով՝ այդ «GDPism»-ը՝ աճ ամէն գնով տրամաբանութիւնը, վերջ գտած է։ Այսօր տնտեսական աճին կողքին, իսկ երբեմն անկէ առաջ, կայ ուրիշ առաջնահերթութիւն մը՝ ազգային անվտանգութիւնը։
Այս պատճառով Շի շարունակ կը շեշտէ տնտեսական եւ արհեստագիտական ինքնաբաւութեան անհրաժեշտութիւնը։
Առաջին հայեացքով հակասութիւն մը կայ։ Չինաստանի վերելքը տեղի ունեցաւ համաշխարհայնացման շնորհիւ, բայց նոյն Չինաստանը այսօր կ՚ուզէ օտար արհեստագիտութենէն եւ ռազմավարական մատակարարումներէն իր կախուածութիւնը նուազեցնել։
Սակայն Շիի ռազմավարական տրամաբանութեան մէջ հակասութիւնը կը նուազի։ Եթէ կիսահաղորդիչներու, ուժանիւթի, սնունդի, հաղորդակցութեան կամ այլ ռազմավարական մարզերու մէջ կախեալ ես մրցակիցէդ, տնտեսական կախուածութիւնը ճգնաժամի ժամանակ կրնայ քաղաքական խոցելիութեան վերածուիլ։
Տնտեսական քաղաքականութիւնը, հետեւաբար, նաեւ ազգային անվտանգութեան քաղաքականութիւն է։
Միաժամանակ պէտք չէ Չինաստանի տնտեսութիւնը ներկայացնել իբրեւ անսահմանափակ աճող ուժ։ ՄըքԿրեկոր ինքն ալ իր եզրակացութեան մէջ հարց կու տայ, թէ տնտեսութիւնը որքան պիտի կարենայ ֆինանսաւորել Շիի զինուորական եւ արտաքին քաղաքական մեծ ձգտումները։ 2025-ին Չինաստանի տնտեսութիւնը, պաշտօնական տուեալներով, աճած է 5 տոկոսով, բայց տարուան ընթացքին եռամսեակային աճը աստիճանաբար դանդաղած է՝ առաջին եռամսեակի 5,4 տոկոսէն մինչեւ չորրորդ եռամսեակի 4,5 տոկոս։
«Համաշխարհային Հարաւ»-ը՝ Չինաստանի մեծ հնարաւորութիւնը
Չինաստանի ռազմավարութեան ամենէն հետաքրքրական կողմերէն մէկը թերեւս այն է, որ ան աշխարհը միայն Ուաշինկթըն–Փեքին մրցակցութեան տեսանկիւնէն չի դիտեր։
Ափրիկէն, Լատին Ամերիկան, Միջին Արեւելքը, Կեդրոնական եւ Հարաւ-արեւելեան Ասիան երկրորդական բեմեր չեն։ Անոնք նոր աշխարհակարգին համար պայքարի կեդրոնական տարածքներ են։
«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը Չինաստանին տնտեսական եւ արհեստագիտական հսկայական ներկայութիւն տուաւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ ՄըքԿրեկոր կը նշէ, որ ծրագիրը այսօր նախկին ծաւալը չունի եւ պարտքերու բարդ խնդիրներ ալ ստեղծած է, բայց իր հիմնական նպատակներէն մէկուն հասած է՝ չինական տնտեսական եւ արհեստագիտական ազդեցութիւնը ամրապնդած է արտասահմանի մէջ։ Սակայն Փեքին այսօր աւելի մեծ բան կ’առաջարկէ, քան ճամբաներ եւ նաւահանգիստներ։
Շիի նախաձեռնութիւնները կը խօսին զարգացման, անվտանգութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ, 2025-էն ի վեր, նաեւ համաշխարհային կառավարման մասին։ Չինաստանի պաշտօնական ձեւակերպումով՝ այս նախաձեռնութիւնները զիրար կ’ամբողջացնեն. զարգացումը կը ստեղծէ բարգաւաճում, անվտանգութիւնը՝ կայունութիւն, քաղաքակրթութիւններու փոխանակումը՝ վստահութիւն, իսկ կառավարման բարեփոխումը՝ աւելի արդար միջազգային համակարգ։
ՄըքԿրեկոր նոյն երեւոյթին մէջ կը տեսնէ նաեւ ուրիշ նպատակ մը՝ զարգացող աշխարհին մէջ առաջնորդ դիրք գրաւել եւ ամերիկեան ղեկավարութեամբ համակարգին կողքին այլընտրանքային ուժային կեդրոններ ստեղծել։
Ոչ անպայմանօրէն այս Երկու մեկնաբանութիւնները ամբողջովին զիրար բացառեն։
Պետութիւնները կրնան միաժամանակ գաղափարներ ունենալ աշխարհի կազմակերպման մասին եւ այդ գաղափարներուն միջոցով հետապնդել իրենց ազգային շահերը։
Չինաստան բացառութիւն չէ։ Միացեալ Նահանգները՝ նոյնպէս։
Աշխարհը փոխե՞լ, թէ՞ ղեկավարել
Եւ հոս կը հասնինք հիմնական հարցումին։
Չինաստան կ’ուզէ՞ փոխարինել Միացեալ Նահանգները եւ ինք դառնալ աշխարհի գերիշխող ուժը։
Փեքինի պաշտօնական պատասխանը՝ ոչ։ Չինական փաստաթուղթերը կը խօսին բազմակողմանիութեան, ինքնիշխանութեան, փոխադարձ շահու, երկխօսութեան եւ «մարդկութեան ընդհանուր ապագայ ունեցող համայնք» կառուցելու մասին։ Համաշխարհային անվտանգութեան նախաձեռնութիւնը, օրինակ, կը մերժէ «խմբակցային առճակատումը» եւ կը շեշտէ, որ մէկ պետութեան անվտանգութիւնը պէտք չէ կառուցուի ուրիշի անապահովութեան վրայ։
ՄըքԿրեկորի ընթերցումը աւելի կասկածամիտ է։ Ան կը տեսնէ Չինաստան մը, որ կ’ուզէ սահմանափակել ամերիկեան գերակայութիւնը, ամրապնդել իր դիրքը Ասիոյ մէջ, զարգացող աշխարհին մէջ առաջնորդ դեր ստանձնել եւ միջազգային հաստատութիւններու արժէքներն ու առաջնահերթութիւնները վերաձեւել։
Ո՞ր մեկնաբանութիւնը ճիշդ է։ Թերեւս սխալ է կարծել, որ միայն մէկը կրնայ ճիշդ ըլլալ։ Չինաստան կրնայ իսկապէս ուզել աւելի բազմաբեւեռ աշխարհ մը եւ միաժամանակ ուզել այդ աշխարհին մէջ շատ աւելի մեծ չինական ազդեցութիւն։ Ան կրնայ իսկապէս պաշտպանել պետական ինքնիշխանութեան սկզբունքը եւ միաժամանակ անոր միջոցով պաշտպանել իր սեփական քաղաքական համակարգը արտաքին քննադատութենէ։ Ան կրնայ իսկապէս զարգացող երկիրներուն տնտեսական կարելիութիւններ առաջարկել եւ միաժամանակ այդ յարաբերութիւններով իր ռազմավարական դիրքը ամրապնդել։
Մեծ պետութիւններու քաղաքականութիւնը հազուադէպօրէն մէկ շարժառիթ ունի։
Թրամփ–Շի հանդիպումը. տեսութենէն՝ իրական աշխարհ
Այս բոլոր հարցումները շատ աւելի շօշափելի պիտի դառնան Ուաշինկթընի մէջ, 24 Սեպտեմբերին, երբ Տոնըլտ Թրամփ եւ Շի Ճինփինկ պիտի հանդիպին այնպիսի պահու մը, երբ ամերիկեւչինական մրցակցութիւնը այլեւս միայն առեւտուրի, մաքսատուրքերու, արհեստագիտութեան կամ Թայուանի շուրջ չէ։ Ամերիկա–Իրան պատերազմը եւ Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան գրեթէ դադրեցումը Միջին Արեւելքը դարձուցած են նաեւ ամերիկեւչինական յարաբերութիւններու անմիջական հարցերէն մէկը։ Ուաշինկթըն կը փորձէ Փեքինի ազդեցութիւնը օգտագործել՝ Թեհրանը բանակցութեան մղելու եւ Հորմուզի վերաբացման նպաստելու համար, մինչ Չինաստան եւս անմիջական տնտեսական շահ ունի նեղուցի վերաբացումին մէջ, որովհետեւ Միջին Արեւելքի ուժանիւթային հոսքերու խափանումը ուղղակիօրէն կը հարուածէ իր տնտեսութեան։ Սակայն Փեքին միաժամանակ կը պահպանէ Իրանի հետ իր ռազմավարական յարաբերութիւնը եւ կը շեշտէ բանակցութեան, ինքնիշխանութեան ու ռազմական բախումի դադրեցման անհրաժեշտութիւնը։
Այս պատճառով Թրամփ–Շի հանդիպումը գրեթէ կենդանի փորձաքար մը պիտի դառնայ այս յօդուածին հիմնական հարցումին։ Երբ աշխարհի երկու մեծագոյն ուժերէն մէկը միւսէն կ’ակնկալէ միջամտել պատերազմի մը դիւանագիտական լուծումին, ապահովել համաշխարհային ուժանիւթային ճանապարհի վերաբացումը եւ իր ազդեցութիւնը գործածել երրորդ պետութեան վրայ, Չինաստան այլեւս պարզապէս ուրիշներու սահմանած աշխարհակարգին յարմարող երկիր մը չէ։ Բայց նոյնքան հետաքրքրական է, թէ Փեքին ի՛նչ պիտի ընէ այդ ազդեցութեամբ. պիտի գործածէ՞ զայն Ուաշինկթընի հետ գործակցելու համար, թէ՞ պիտի շարունակէ գործել իբրեւ առանձին ուժային կեդրոն, որ թէ՛ Թեհրանի եւ թէ՛ Ուաշինկթընի հետ կրնայ խօսիլ՝ առանց ամբողջովին նոյնանալու կողմերէն որեւէ մէկուն հետ։ Այս իմաստով Թրամփ–Շի գերաստիճանը միայն երկու ղեկավարներուն կամ երկու երկիրներուն չի վերաբերիր։ Ան փոքր, բայց նշանակալից պատկեր մըն է այն բազմաբեւեռ աշխարհին, որուն ձեւաւորման մասին այս ամբողջ յօդուածը կը խօսի։
Ինչո՞ւ մեզի պէտք է հետաքրքրէ
Չինաստանի աշխարհայեացքը հասկնալը չի նշանակեր զայն ընդունիլ։ Բայց նոյնքան վտանգաւոր է զայն հասկնալ միայն ուրիշի աչքերով։
Եթէ աշխարհը իսկապէս կ՚ուղղուի դէպի աւելի բազմաբեւեռ համակարգ, ապա փոքր ժողովուրդներն ու պետութիւնները պէտք է կարենան հասկնալ ոչ միայն Ուաշինկթընի, Փարիզի կամ Պրիւքսէլի լեզուն, այլ նաեւ Փեքինի, Տելհիի, Մոսկուայի, Ռիատի եւ ուժային այլ կեդրոններու մտածողութիւնը։
Չինաստանը հասկնալու համար բաւարար չէ հարցնել, թէ ի՞նչ կ’ընէ Չինաստան։ Պէտք է նաեւ հարցնել՝ ինչո՞ւ կը կարծէ, որ իր ըրածը տրամաբանական է։
Թերեւս Շի Ճինփինկի աշխարհայեացքին ամենակարեւոր գաղափարը այն է, որ աշխարհը, ուր Չինաստան պէտք էր յարմարեր ուրիշներու ստեղծած կանոններուն, աստիճանաբար վերջ կը գտնէ։ Անոր փոխարէն Փեքին կ’ուզէ աշխարհ մը, ուր ինք ալ կը մասնակցի կանոններու սահմանումին։
Արեւմուտքը այդ փոփոխութեան մէջ կրնայ տեսնել վտանգ մը իր ստեղծած միջազգային կարգին համար։ Չինաստան զայն կրնայ ներկայացնել իբրեւ պատմական անհաւասարակշռութեան սրբագրութիւն։ Զարգացող երկիրներէն շատեր իրենց կարգին կրնան անոր մէջ տեսնել թէ՛ նոր կարելիութիւններ, թէ՛ նոր կախուածութիւններ։
Իսկ մեզի կը մնայ չորրորդ կարելիութիւնը՝ փորձել հասկնալ երեքն ալ, նախքան կողմերէն մէկուն պատմութիւնը ամբողջ ճշմարտութիւն ընդունիլը։
Հ.Ա.
«Տարբերակ21»
Խնամենք մեր լեզուն իբրեւ ամէնօրեայ պատասխանատուութիւն
Վերոնշեալ տողերը կարդալը կրնայ շուարումի մատնել ընթերցողը՝ ինչպէս ինծի պատահեցաւ։
Դիմատետրի (Facebook) վրայ հանդիպեցայ այս գրառումին, զոր բաժնեկցած էր Միջին Արեւելք ապրող երիտասարդ սփիւռքահայուհի մը։ Զայն կարդալու ընթացքին ինքզինքս գտայ խառն զգացումներու միջեւ՝ անվճռական, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակազդել կամ ի՛նչ իմաստ տալ անոր ետին թաքնուած պատգամին։
Չկրցայ անուն մը տալ այս պարբերութեան: Միտքը կայ, զգացումները եւ արտայայտութիւնները յստակ են, զաւակին մաղթանքները, գուրգուրանքն ու աղօթքը ուղղուած իր սիրելի մօրը`մայրերու օրուան առթիւ, հասկնալի է եւ ընդունելի:
Հարցումը հետեւեալն է: Վստա՞հ այս պարբերութիւնը գրուած է հայերէնով: Այո՝ լեզուն ներկայ է, բայց հայերէնի ո՞ր ճիւղին կը պատկանի, գրաբար, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէնի: Ոճը՝ անհասկնալի, բառերը՝ գործածութեան անյարմար, շարահիւսութիւնը՝ աղաւաղուած, ուղղագրութիւնը՝ խառնիճաղանճ-խեղճուկ:
Բառերը կարծես կը հակասեն զիրար։ Օրինակ՝ «Հայր Աստուած»-ին անմիջապէս կը յաջորդէ «աստուազ» բառը։ Շփոթի եւ աններդաշնակութեան այս զգացումը առկայ է գրեթէ իւրաքանչիւր տողի մէջ։
Սիրելինե՛ր, ես ալ հայագէտ չեմ, բայց նախանձախնդիր եմ հայերէնի պահպանման ու հարազատութեան: Այս տողերը կարդալը ինծի միաժամանակ անհանգստութիւն եւ ինչ-որ տեղ յանցանքի զգացում կը պատճառէ: Իրապէս, տարրական գրութեան մէջ իսկ կարելի է աւելի մեծ խնամք ու պարզութիւն ակնկալել: Երանի՜ քիչ մը աւելի պատասխանատու գտնուէինք՝ մեր միտքերը պարզօրէն շարադրելու եւ պարբերութիւնները աւելի մեծ զգուշութեամբ ու ճշգրտութեամբ կազմակերպելու համար:
Այս օրերուն ամէն ինչ յառաջդիմած եւ դիւրացած է։ Եթէ անցեալին բառարան գտնելը դժուար էր, այսօր իւրաքանչիւր անձ իր ձեռքին մէջ ունի հեռախօս մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ պրպտելու եւ ուսումնասիրելու։ Բազմաթիւ բառարաններ արդէն ներառուած են այս յաւելուածներուն մէջ։ Մեր տրամադրութեան տակ ունինք Google-ը, ChatGPT-ն, նորագոյն նուաճումը՝ արուեստական իմացականութիւնը (AI), ինչպէս նաեւ զանազան նմանօրինակ գործիքներ. բաւարար է միայն քիչ մը ժամանակ յատկացնել փնտռտուքին։
Սիրելինե՛ր, մեր լեզուն յատուկ է․ անիկա առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին մէջ: Մենք՝ հայերս, կը կրենք զայն պահպանելու պատասխանատւութիւնը: Մեզմէ ակնկալուածը ուշադիր ըլլալն է, ժամանակ տրամադրելը եւ զայն ուսումնասիրելն ու պրպտելը: Եկէ՛ք ոչ մէկ ճիգ խնայենք մեր լեզուն կարելի եղածին չափ ճշգրիտ գործածելու, ինչպէս նաեւ՝ աւելիով սորվելու եւ զարգացնելու զայն:
Դիմատետրը (Facebook) միլիոնաւոր մարդիկ կը թերթատեն։ Մենք հայ ենք. եկէ՛ք արժեւորենք եւ պահպանենք մեր լեզուն։ Զայն չաղճատենք ու չխեղաթիւրենք, այլ՝ զտելով օտար բառապաշարէն, աւելի գեղեցկացնենք եւ անոր տանք նոր շունչ, նոր ոգի, նոր ոճ ու նոր բուրմունք։
Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան
Այսպիսի յիմարութիւն չես կրնար յօրինել, բացի երբ կրնա՛ս
Երբեմն-երբեմն կը հանդիպիմ լուրի մը, որ զիս կը ստիպէ կանգ առնելու եւ մտածելու՝ արդեօք մէկը վրաս խա՞ղ կը խաղայ(կոր)։ Խնդիրը այն է, որ վերջին շրջանին իրականութիւնը այնքան անհեթեթ դարձած է, որ հետզհետէ աւելի դժուար է զանազանել իսկական լուրը ընկերային ցանցերու վրայ ձանձրացած մէկու մը հնարած պատմութենէն։
Ուստի հաւաքեցի հինգ պատմութիւն, որոնք վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ոմանք ճիշդ են։ Ոմանք՝ կատարեալ անհեթեթութիւն։ Եւ թերեւս ամենէն մտահոգիչը այն է, որ նախքան ստուգելը՝ ես ալ ամբողջովին վստահ չէի, թէ ո՛րն էր ճիշդը եւ ո՛րը՝ սուտը։
Տղամարդիկ ոչխարի կերպարանք կ’առնեն՝ Սպանիա մտնելու համար
Անշուշտ լսած էք ոչխարի մորթ հագած գայլին մասին, բայց կը կասկածիմ, որ երբեւէ լսած ըլլաք ոչխարի մորթ հագած մարդու մասին։
Ընկերային ցանցերու վրայ շրջան ընող պատմութեան մը համաձայն, երեք տղամարդ ձերբակալուած են Ալճերիոյ մէջ, երբ կը փորձէին Սպանիա անցնիլ՝ ոչխարի կերպարանքով։ Անոնք իբրեւ թէ ոչխարի մորթերով ու լիցքերով ծածկած էին իրենց մարմինները եւ պահուըտած՝ Սպանիա փոխադրուող ոչխարներու հօտին մէջ, մինչեւ որ իշխանութիւնները կասկածեցան երեք ոչխարներէ, որոնց վարքագիծը, ըստ երեւոյթին, բաւարար չափով ոչխարավայել չէր։
Աւելի մօտէն քննելէ ետք՝ իշխանութիւնները յայտնաբերած էին, որ այդ ոչխարները իրականութեան մէջ մարդիկ էին։
Ես շատ կ’ուզէի, որ այս պատմութիւնը ճիշդ ըլլար։ Դժբախտաբար՝ ոչ։ Լուսանկարները կեղծ են, ձերբակալութիւնները տեղի չեն ունեցած, եւ ոչ ոք փորձած է անասունի կերպարանքով Սպանիա գաղթել։
Ըստ երեւոյթին, հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր իրականութիւնն ինքնին այլեւս բաւարար չափով անհեթեթ չէ, հետեւաբար լրացուցիչ անհեթեթութիւններ կը հնարենք՝ մենք մեզ զուարճացնելու համար։
Այդուհանդերձ, պարտաւոր ենք գնահատելու պատմութեան հեղինակը։ Աշխարհի մէկ անկիւնը երեք բոլորովին անմեղ ոչխարներ մեղադրուած են մարդ ձեւանալու յանցանքով։
Հոնկքոնկցի կին մը տասը տարի կը կորսնցնէ իր յիշողութենէն
Ըստ երեւոյթին, ծանր փորկապութիւնը կրնայ ձեզի կորսնցնել տալ ոչ միայն մէկ-երկու քիլօ։ Կրնաք նաեւ տասնամեակ մը կորսնցնել։
2019-ին շրջան ըրած եւ վերջերս դարձեալ երեւան եկած պատմութեան մը համաձայն, Հոնկ Քոնկի մէջ կին մը աւելի քան երկու շաբաթ պնդութենէ տառապած էր։ Երբ վերջապէս արտաքնոց գացած էր եւ այնքան ուժեղ ճիգ գործադրած, անկէ ետք չէր կրցած որեւէ բան յիշել իր կեանքի վերջին տասը տարիներէն։
Ընտանիքը անմիջապէս զինք հիւանդանոց տարած էր, իսկ շուրջ ութ ժամ ետք յիշողութիւնը վերադարձած էր։ Ան կը յիշէր նախորդ տասը տարիները, բայց, տարօրինակօրէն, չէր յիշեր այն ութ ժամերը, որոնց ընթացքին մոռցած էր այդ տասը տարիները։
Հիմա, նախքան այս պատմութիւնը անհեթեթութիւն նկատելը — եւ շատ հաւանական է, որ իսկապէս անհեթեթութիւն ըլլայ — պէտք է ըսել, որ բժշկութեան մէջ իսկապէս գոյութիւն ունի «անցողիկ համընդհանուր յիշողութեան կորուստ» կոչուող վիճակ մը, եւ ուժեղ ճիգը կրնայ անոր դրդապատճառներէն մէկը ըլլալ։
Ուրեմն պատմութեան մէջ որոշ ճշմարտութիւն կրնայ ըլլալ։ Դժբախտաբար, բժիշկները ոչ մէկ երաշխիք կու տան, որ առանձնապէս ուժգին կղկղելը կարելիութիւն պիտի տայ ընտրովի կերպով ջնջելու ձեր կեանքին կարգ մը տարիները։
Ափսոս։
Ես արդէն քանի մը տարի ընտրած էի։
Առեւանգումի մասնագէտը կ’առեւանգուի
Այս մէկը նոր չէ, բայց վերջերս դարձեալ սկսած է շրջան ընել ընկերային ցանցերով, հաւանաբար որովհետեւ համացանցը երբեմն հին պատմութիւն մը կը յայտնաբերէ եւ կ‘որոշէ, որ ան երէկ պատահած է։
2008-ին Ֆելիքս Պաթիսթա՝ ամերիկեան բանակի նախկին հազարապետ եւ Լատի Ամերիկայի առեւանգումի ու փրկագինի հարցերով առաջատար խորհրդատուներէն մէկը, մեկնած էր հիւսիսային Մեքսիքա՝ գործարարներուն խորհուրդներ տալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խուսափիլ առեւանգումէ։
Ըստ հաղորդումներու, ան օգնած էր լուծելու առեւանգումի գրեթէ հարիւր դէպք։ Ուրեմն, եթէ աշխարհի վրայ մէկը գիտէր, թէ ինչպէ՛ս չառեւանգուիլ, այդ մարդը Ֆելիքս Պաթիսթան էր։
10 Դեկտեմբերին, Պաթիսթա Սալթիյոյի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կը գտնուէր, երբ հեռաձայն մը կը ստանյ, դուրս կ’ելլէ…
եւ կ’առեւանգուի։
Այլեւս երբեք զինք չեն տեսներ։
Երբեմն ճակատագրի հեգնանքը մեր օգնութեան պէտք չունի։
Կին մը ծինաբան մը կ’առեւանգէ՝ իր կատուն անմահ դարձնելու համար
Ընկերային ցանցերու մէջ շրջան ընող պատմութեան մը համաձայն, Ֆլորիտայի մէջ կին մը առեւանգած է ծինաբան մը, որովհետեւ համոզուած էր, որ ան կը տիրապետէ կառավարական գաղտնի արհեստագիտութեան մը, որ կրնար իր կատուն՝ պարոն Միթընզը, յաւերժ ապրեցնել։
Ըստ երեւոյթին, կինը չէր կրնար երեւակայել կեանքը առանց պարոն Միթընզի։ Ուստի, փոխանակ ընդունելու այն դժբախտ իրողութիւնը, որ կատուները յաւերժ չեն ապրիր, ան ըրած էր այն, ինչ պիտի ընէր որեւէ ողջամիտ ընտանի կենդանիի տէր՝ առեւանգած էր ծինաբան մը։
Ոստիկանութիւնը իբրեւ թէ անվնաս ազատած էր գիտնականը եւ ձերբակալած՝ կինը։
Միայն մէկ փոքրիկ խնդիր կայ։
Այս բոլորէն ոչ մէկը պատահած է։
Պատմութիւնը, ըստ երեւոյթին, ծնունդ առած է գեղարուեստական պատմուածքէ մը՝ այո՛, Ֆլորիտայի մէջ ապրող կնոջ մը մասին, որ կը փորձէ իր կատուն՝ պարոն Միթընզը, յաւերժ ապրեցնել։ Ճամբան՝ գեղարուեստական պատմութենէն մինչեւ ընկերային ցանցեր, «հնարովի» բառը տեղ մը կորսուած է, եւ մենք ստացած ենք… լուր։
Ինչ որ կարեւոր հարցում մը կը յառաջացնէ. եթէ այսուհետեւ մենք պիտի հնարենք Ֆլորիտայի պատմութիւնները, հապա Ֆլորիտան ի՞նչ պիտի ընէ։
Մարդ մը մահուան հրեշտակի կերպարանքով կը կանգնի հիւանդանոցի տանիքը
Այս մէկը իմ նախասիրածս է։ Եւ աւելի լաւը՝ ըստ երեւոյթին, ճիշդ է։
Յունիսին 26-ամեայ Լէոն Կիլեսփին բարձրացած է Հիւսիսային Ուէյլզի հիւանդանոցներէն մէկուն տանիքը՝ ոտքէն մինչեւ գլուխ սեւ հագած եւ ձեռքին՝ գերանդիի նմանող առարկայ մը։
Ապա գրեթէ մէկ ժամ վերէն նայած է հիւանդներուն, այցելուներուն եւ հիւանդանոցի աշխատակազմին։
Երեւակայեցէք՝ հիւանդանոցի մահճակալին մէջ պառկած էք եւ ձեր քննութիւններուն արդիւնքներուն կը սպասէք։ Պատուհանէն դուրս կը նայիք եւ կը տեսնէք, որ Մահուան Հրեշտակը արդէն հոն է՝ ձեզի կը սպասէ։
Ոստիկաններն ու հրշէջները ի վերջոյ յաջողած են Կիլեսփին վար իջեցնել։ Հետագային ան ընդունած է, որ անհանգստութիւն պատճառած է NHS-ի տարածքին մէջ, եւ տուգանուած է 200 սթերլինով։
Բայց ահաւասիկ իմ ամենէն սիրած բաժինս։
Կիլեսփի պնդած է, որ ինք Մահուան Հրեշտակի կերպարանքով չէր։
Ագռաւի կերպարանքով էր։
Ի՜նչ թեթեւացում։
Պահ մը կարծեցի, թէ մարդը խենթ էր։
Վահէ Պէրպէրեան
Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»
ՍՓԻՒՌՔ
Հայաստանցի չեն նրանք, որպէս պապերն էին սէգ,
Հայ են, սակայն, բոլորը, յանց պապերը նրանց սէգ։
Նոյն լեռն իրենց սրտերում, աչքերում նոյն մուրազը,
Սրտերում ջինջ սիրոյ պէս հոսում է մայր Արազը․․․
Բուռ-բուռ ցրիւ՜ ափէափ, խոր կարօտով պանդուխտի,
Բաժան-բաժան իրարից սահմաններով օտարի,
Արեւի տակ կանգնել են, տարերքային համերգում,
Ու բոլորի հետ ախպէր՝ իրենց սրտերն են կիսում։
Իրենց սրտի խորքերում նրանք ունեն երկու սէր՝
Հայրենի սուրբ սէրը վառ, եւ մայրենի անմար սէր։
Հայրենին՝ հայրենիքն է, Հայաստանն է, հայութիւն․․․
Միւս կէսը՝ մայրենին՝ ողջ աշխարհն է, մարդկութիւն․
Պարսկաստանն է դարաւոր, Մուհամմեդի Արաբիան,
Ռուսաստանի տափերից՝ առ Հոմերի Հելլադան,
Ու դեռ Հինդ ու Լեհաստան, Ամերիկա, Իտալիա,
Շուեցարիայ, Լիբանան, Արժանթին ու Ֆրանսիա․․․
Բազմաթիւ են, աշխարհն են նուիրական մայրենիք,
Իսկ Հայաստանն աշխարհում՝ մի բուռ Մասիս, հայրենիք։
Աշխարհային համերգը սրտերի մէջ նրանց լայն
Հնչում է վեհ, ներդաշնակ, վսեմանքով փառաձայն,
Եւ երգում են նրանք էլ, ձայնակցելով համերգին,
Մինչ սրտերում յորձանուտ՝ հուր մի կարօտ անմեկին․․․
Ու թէեւ յաղթ թեւերով աշխարհ գրկել են բոլոր,
Հայրենիքի գիրկը տաք դեռ մնում է հեռաւոր․․․
Նրանց սէրը անսահման ու կարօտն է յորդ վիտում,
Հայրենիքի մուրազով՝ ճամփորդ են մայրենիքում։
Հայաստանցի չեն նրանք, որպէս պապերն էին սէգ,
Հայ են, սակայն, բոլորը, յանց պապերը նրանց սէգ։
ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
Վաթսուն տարի ետք՝ նոյն հաւասարումը, նո՞յն անյայտները
Յարութիւն Քիւրքճեաճի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին մասին
2024-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» նախաձեռնութիւնը վերստին ուշադրութեան յանձնեց Յարութիւն Քիւրքճեանի՝ 1968-ին գրուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը եւ անոր առանցքային հարցադրումը՝ ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռքահայ ըլլալ փոխուող աշխարհի մը մէջ։
Քիւրքճեանի գրութիւնը կոչ մըն էր Սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը ոչ թէ նահանջելով դէպի մեկուսացում եւ անցելապաշտութիւն, այլ բացուելով «այլ»-ին, նոր պայմաններուն եւ համամարդկային արժէքներուն։ Ան կը փորձէր ցոյց տալ, որ հայկականութիւնը կրնայ պահպանուիլ ոչ միայն ժառանգուածը պաշտպանելով, այլ նաեւ զայն նոր փորձառութիւններով, գաղափարներով ու արժէքներով հարստացնելով։
Գրեթէ վեց տասնամեակ անց, այդ հարցադրումները ոչ միայն չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, այլ թերեւս աւելի հրատապ դարձած են։ Սփիւռքը այսօր ալ կը շարունակէ փնտռել իր տեղը անցեալի ժառանգութեան, ներկայ աշխարհի եւ ապագայի միջեւ։ Ի՞նչ պէտք է պահպանել, ի՞նչ պէտք է վերաիմաստաւորել, եւ ինչպէ՞ս կարելի է հայ մնալ՝ առանց հայութիւնը վերածելու փակ ու անշարժ ինքնութեան։
Այս պատճառով է, որ այսօր վերստին կը հրատարակենք Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին առիթով գրուած մեր անդրադարձը։ 1968-ին գրուած Քիւրքճեանի էջերը կարդալով՝ դժուար է չհարցնել. շուրջ վաթսուն տարի ետք՝ անյայտները փոխուա՞ծ են, թէ՞ մենք տակաւին նոյն հաւասարումը կը փորձենք լուծել։
Քիւրքճեան իր «Հաւասարում» յօդուածը կը սկսի լուսարձակի տակ առնելով հայ ինքնութեան բարդութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ՝ մեկնելով «Գարուն» (1968) ամսագրին մէջ լոյս տեսած հայրենի գրող Վարդգէս Պետրոսեանի գրութենէն, ուր այս վերջինը կ’անդրադառնայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերափոխութեան վերջին 40-50 տարիներուն՝ ընդգծելով հայ ժողովուրդի անցումը գիւղական կեանքէ քաղաքային կեանքի, եւ կը նշէ անոր գիտական ու ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւնը եւ դերը որպէս ժամանակակից աշխարհին մէկ մասը: Պետրոսեան կը շեշտէ, որ հայկական խառնուածքը (ինքնութիւնը) կը զարգանայ ու կը ձեւաւորուի նոր գաղափարներով եւ ազդեցութիւններով եւ պէտք չէ սահմանափակուի անցեալի աւանդոյթներով: Հայրենի գրողները, ներառեալ՝ ինքը, կանգնած են այս բազմաշերտ ինքնութիւնը մեկնաբանելու մարտահրաւէրին առջեւ, որ աւելի կը բարդանայ, երբ կը փոխուի նաեւ աշխարհը:
Քիւրքճեան կը ձայնակցի Պետրոսեանին՝ բաղդատելով Սփիւռքի հայկական ինքնութեան մասին սերունդներու տարբեր ու երբեմն հակասական տեսակէտները: Ան կը պատմէ Փարիզի մէջ իր հայ ընկերոջը՝ Շարլիի հետ ունեցած զրոյցը, ուր անոնք կը քննարկեն սփիւռքի հայկական ինքնութեան իրենց օրերու վիճակը, մասնաւորաբար աւանդապաշտութեան եւ շրջապատին յարմարուելու (ձուլումի) ստեղծած երկուութիւնը: Ի տարբերութիւն նախկին սերունդին, որ շրջապատին բացուիլը կը համարէր օտարացում եւ կորուստ ու զայն կը տեսնէր որպէս ողբերգութիւն, Շարլին եւ անոր ժամանակակիցները իրենց իրավիճակը կը նկատեն շատ աւելի բարդ եւ շերտաւոր: Անոնք կը մերժեն աւանդապաշտութեան եւ ձուլման միջեւ չափազանց պարզեցուած բաժանումը՝ ընդունելով, որ իրենց ինքնութիւնը ազդուած է ժամանակակից կեանքէն: Երիտասարդ ֆրանսահայերու հետ իր զրոյցին մէջ, Քիւրքճեան կը նկատէ, որ շատերը իրենք զիրենք կտրուած կը զգան նախորդ սերունդի հոգերէն, մասնաւորաբար՝ անոնց յոռետեսութենէն, ինչ կը վերաբերի մշակոյթի պահպանումին:
Ըստ էութեան, թէ՛ Վարդգէս Պետրոսեան եւ թէ՛ Յարութիւն Քիւրքճեան կը քննարկեն հայկական ինքնութեան սահմանումի շարունակական գործընթացը տեւաբար փոխուող այս աշխարհին մէջ:
Յարութիւն Քիւրքճեան կը պեղէ հայկական ինքնութեան տարբեր դրսեւորումները՝ կեդրոնանալով հայկական սփիւռքի, մասնաւորապէս «արեւելեան» գաղութներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վրայ՝ մասնաւորաբար ձուլուելու կամ նահանջելու ծանր ճնշումներուն: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ թէ ինչպէ՛ս, օրինակ Պուրճ Համուտի, Թեհրանի եւ Գահիրէի հայերը կը պայքարին իրենց մշակութային ինքնութեան պահպանման համար, ուր խոր արմատներ նետած է 1915-ի ողբերգութեան նման հոգեցնցումը (trauma)՝ առաջնորդելով մեկուսացման եւ պահպանողական միտումներու: Քիւրքճեան այս միտումները կը հակադրէ Փարիզի տարբեր սերունդներու ինքնութեան պայքարին, ուր գոյութենական մարտահրաւէրներ տարբեր կերպով դրսեւորուած են: Քիւրքճեան համամիտ չէ «արեւելեան» գաղութներու պարտուողական այս միտումներուն: Այս գաղութները, ըստ իրեն, կտրուած են ժամանակակից կեանքի իրականութիւններէն՝ փոխարէնը կեդրոնանալով ինքնապահպանման եւ նահանջի շերտերուն վրայ, հետեւաբար սահմանափակելով ժամանակակից ինքնութեան հետ քայլ պահելու իրենց կարողութիւնը:
Ապա Քիւրքճեան կը ներկայացնէ 1950-ականներուն հասակ առած երիտասարդ հայ սերունդին դիմագրաւած զգացական եւ մշակութային բարդ մարտահրաւէրները սփիւռքի տարբեր գաղութներու, մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ: Բազմաթիւ լեզուներու եւ մշակոյթներու ազդեցութեան տակ, անոնք կը պայքարէին իրենց ժառանգած հայկական ինքնութիւնը պատշաճեցնելու ժամանակակից կեանքի իրականութիւններուն: Ներքին տագնապ մը՝ որ աւելի կը խորանար աւանդական արժէքներու պահպանման վրայ կեդրոնացած «ազգային» կրթութեան բերումով՝ ընդհանրապէս հակադրուած այդ իրականութիւններուն: Հետեւանքը՝ ինքնամեկուսացում, անորոշութիւն եւ ներքին տագնապ ազգային արժանապատուութեան եւ շրջապատին բացուելու ճնշումներուն միջեւ: Քիւրքճեան լուսարձակի տակ կ’առնէ այս սերունդին հաւաքական հոգեկան վիճակը, որ կը յատկանշուի «այլուրութեան» զգացումով եւ հեռաւոր անցեալն ու զարգացող ներկան հաշտեցնելու շարունակական ճիգով: Գրական որոշ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս է պարագան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»ին, պարզապէս սրած են այդ տագնապը՝ հակառակ ուղղութեամբ տանելով հոսանքը…
Ան կը քննարկէ այլուրութեան զգացումը, զոր կ’ապրին սփիւռքահայերը՝ օտար մշակոյթներու բացուելու եւ աւանդական հայկական ինքնութիւնը պահպանելու ուղղութիւններուն միջեւ յառաջացած ներքին պայքարին պատճառով: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ, թէ ինչպէ՞ս առօրեայ կեանքին մէջ գերակշռող դարձած են պարզունակութիւնն ու միօրինակութիւնը՝ օտարուած թէ՛ աւանդականէն, եւ թէ՛ ժամանակակից իրականութիւններէն: Քիւրքճեան կը վիճարկէ, օրինակ, որ թէեւ տնտեսական անհատական յաջողութիւնները արմատացած են լիբանանեան առօրեային մէջ, անդին հաւաքական արժէքները կը մնան իրականութենէն կտրուած՝ այս բեւեռները կամրջելու տեսական ըմբռնողութեան մը բացակայութեան լոյսին տակ: Մարդիկ կորսուած են ուծացման եւ պահպանումի առասպելներուն միջեւ:
Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքեան տարբեր փորձառութիւններու, օրինակ՝ հայերը Ֆրանսայի կամ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր անոնք մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն երբ միաժամանակ կը փորձեն թէ՛ իրենց ինքնութիւնը պահպանել եւ թէ՛ օտար մշակոյթներու բացուիլ: Ան հարցականի տակ կ’առնէ ձուլուողներու եւ պահպանութեան ձգտողներու միջեւ ստեղծուած խրամատը՝ կենդանի օրինակներով: Քիւրքճեան կը քննադատէ Սփիւռքի մէջ տարածուած ինքնապահպանման պահպանողական գաղափարախօսութիւնը՝ նշելով, որ ան ձախողած գաղափարախօսութիւն մըն է եւ նկատի չ’առներ ժամանակակից հայկական գոյութեան իրականութիւնները, մասնաւորաբար հայկական պետականութեան եւ հաստատութիւններու բացակայութեան լոյսին տակ:
Քիւրքճեան կը քննադատէ նաեւ սփիւռքեան կեանքի պարզեցուած տրամաբանութիւնը, որ օտար արժէքները կը դիտէ որպէս սպառնալիք, եւ ոչ թէ հարստացման հնարաւորութիւն: Նոր մշակոյթի բացուելու եւ սեփական մշակոյթը պահպանելու միջեւ ընտրութիւն կատարելու անճկուն մտածողութիւնը կը ստեղծէ լճացած եւ իրականութենէն անջատուած ապրելակերպ մը: Հետեւանքը՝ երիտասարդ սերունդները իրենք զիրենք կորսուած ու կտրուած կը զգան իրենց մշակութային արմատներէն՝ պայքարելով գտնելու իրենց ինքնութիւնը շրջագիծի մը մէջ, ուր անոնք բզկտուած են երկու մշակոյթներու միջեւ: Ի վերջոյ, Քիւրքճեան կը թելադրէ հեռու մնալ հին, պարզունակ ստորոգութիւններէ (օրինակ` «ձուլում» ընդդէմ «պահպանում») եւ որդեգրել բարդ եւ յարմարուող՝ հայ ըլլալը սահմանող մտածողութիւն մը, որ կը ճանչնայ եւ կը ներառէ արտաքին ազդեցութիւններն ու իրականութիւնները՝ միաժամանակ անաղարտ պահելով հայկական ինքնութեան կարեւոր երեսները:
Տակաւին, Քիւրքճեան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ առկայ մշակութային օտարումին մասին՝ օրինակ առնելով Պուրճ Համուտը, ուր ցայտուն է հայ ժամանակակից գրականութեան մը բացակայութիւնը, որ կ’արտայայտէ համայնքին ներկայ կեանքն ու անոր հարուստ ու խայտաբղէտ առօրեան: Իսկ եղած գրական գործերը կա՛մ չափազանցօրէն կ’անդրադառնան անցեալին, կա՛մ չեն կարողանար առնչուելու ժամանակակից հարցերու՝ մշակութային զգալի պարապ մը ձգելով:
Ան կը ձաղկէ գրականութեան մէջ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին պայքարները, խօսած լեզուն՝ փողոցինը՝ «արկոն», մշակոյթները եւ իւրայատուկ մթնոլորտը ներկայացնելու այս ձախողութիւնը: Հայկական սփիւռքի անցեալ տասնամեակներու կեանքը՝ իր բոլոր մարտահրաւէրներով, փոփոխութիւններով ու զարգացումներով, փաստօրէն անցած է առանց գրաւոր արձանագրութեան կամ խեղաթիւրուած գրականութեամբ: Գրական այս պարապը, կը վիճարկէ Քիւրքճեան, զրկուածութեան ձեւ մըն է, որ սփիւռքահայ հասարակութիւնը կը հեռացնէ իր սեփական ինքնութենէն եւ կը խզէ ներկայ իրականութիւններէն: Ան կոչ կ’ուղղէ նոր տեսակի գրականութեան մը ստեղծումին, որ հում է, բարդ եւ հաւատարիմ հայկական սփիւռքի ներկային՝ դուրս գալով հնամաշ աւանդութիւններէն եւ ամբողջովին նուիրուած այսօրուայ, թերեւս քաոսային, բայց կենսունակ կեանքին: Նորարարութիւնը աւանդութեան հակադրելու փոխարէն՝ Քիւրքճեան կ’ընդգծէ, թէ ինչպէ՛ս իսկական նորարարութիւնը յաճախ կը յառաջանայ նոյնինքն աւանդութեան խոր ըմբռնումէն: Աւանդութեան ենթադրեալ պաշտպանները, սակայն, կը մերժեն փոփոխութիւնները՝ կրկնելով նոյն սխալները՝ դատապարտելով օտար ազդեցութիւնները՝ միաժամանակ անտեսելով իրենց շրջապատին մէջ զարգացող նոր իրականութիւնները:
Ի՞նչ սփիւռքի մասին է խօսքը, հարց կու տայ ան, երբ մէկ գաղութը չի ճանչնար միւսը։ Հակառակ երբեմն սփիւռքը մշակութային ու ազգային մէկ պարունակի մէջ ընդգրկող խօսոյթներուն, նոյնինքն Պուրճ Համուտի հայութիւնը օտարացած եւ անջատուած է աշխարհի միւս հայ գաղութներէն, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի: Այս օտարումը աւելի կը շեշտուի նոր սերունդի մը բացակայութեամբ, որ ունակ է ընդունելու թէ՛ տեղական իրականութիւնները, եւ թէ՛ բացուելու եւ կապուելու աւելի լայն հայաշխարհին: Նոր սերունդ մը ընկերաբաններու, մտաւորականներու եւ գրողներու, որոնք կ’ուսումնասիրեն սփիւռքի բարդութիւնները՝ ոչ թէ հայկականութիւնը պահպանելու միտումով, այլ ստեղծելու անոր նոր տարբերակը՝ որակայինը: Պէտք է կեդրոնանալ նորարարութեա՛ն, ստեղծագործութեա՛ն վրայ, եւ ոչ թէ՝ պահպանումի:
Ապա, Քիւրքճեան ֆրանսահայ գաղութը կ’առնէ որպէս կենդանի օրինակ, թէ ինչպէ՛ս հայերը կրնան ձուլուիլ՝ առա՛նց կորսնցնելու իրենց ինքնութիւնը։ Հիմնուելով Ֆրանսայի մէջ իր սեփական փորձառութեան վրայ, ան ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսահայը ինչպէ՞ս կրցած է նորաստեղծ ինքնութիւն մը զարգացնել՝ աւանդութիւնը միաձուլելով արդիականութեան: Ֆրանսահայերը յարմարած են իրականութեան եւ պահպանած իրենց մշակութային արմատները՝ հակադրուելով անխուսափելի ձուլման առասպելին: Քիւրքճեան կը հաւատայ, որ ինքնութեան պահպանումը կը կատարուի նորարարութեամբ եւ ստեղծագործական յարմարեցումով, եւ ոչ թէ ինքնանպատակ հայապահպանումով:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ֆրանսահայ Ժոսլինը՝ արեւելեան գիտութիւններու հետեւող ուսանողուհին, որ ներքին տագնապ մը կ’ապրի իր ինքնութեան շուրջ: Ժոսլին ինքզինք կտրուած կը զգայ իր հայկական արմատներէն՝ բռնուած ժառանգուած աւանդութիւններու եւ արդիականութեան միջեւ: Անոր պատմութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքահայերու առջեւ ծառացած աւելի մեծ մարտահրաւէր մը. լարումը վերացական անցեալին եւ մշակութային նորարարութենէ զուրկ ներկային միջեւ: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ սփիւռքի գոյատեւումը ոչ թէ կախեալ է հայկականութեան պահպանումէն, այլ անոր նորաստեղծումէն՝ աւանդութիւնը միաձուլելով ժամանակակից գաղափարներու։
Քիւրքճեանի ֆրանսահայ ընկերները այս կամ այն ձեւով կ’ապրին ինքնութեան, մշակոյթի եւ քաղաքականութեան կապուած տագնապներ: Փօլ միացած է խումբին հայ ընկեր գտնելու յոյսով: Զինք աւելի կը հետաքրքրեն ժամանակակից հարցերը, ապրուած ներկան, քան հնամենի պատմութիւնները, ինչպէս, օրինակ, 1863-ի Ազգային Սահմանադրութիւնը: Փաթրիք կը մերժէ հայկական աւանդական քաղաքական մտահոգութիւնները: Պէտք է կեդրոնանալ այժմէական հարցերու վրայ, քան, օրինակ, մտածել թրքական դեսպանատան մը վրայ ռումբ նետելու մասին: Խումբին միանալէ ետք, ան աստիճանաբար կը սկսի ներգրաւուիլ խումբին քննարկումներով՝ անդրադառնալով, որ ընդհանրական մտահոգութիւններ բաժնելն ալ կարեւոր է: Ժոսլին եւ միւսները, բոլորը յուսախափ են հայկական Սփիւռքի մաշած մտասեւեռումներէն՝ զանոնք նկատելով անջատուած իրենց առօրեայէն:
Վահէն, Ֆրանսահայ անշուշտ, այլ մօտեցում ունի: Ան հայկական ինքնութիւնը կը նկատէ գիտակցօրէն ընտրուած եւ փորձառութեամբ ձեւաւորուած՝ քան ժառանգուած ըմբռնում մը: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ Վահէին ինքնութիւնը կը համատեղէ աւանդականը՝ ֆրանսական ժամանակակից արժէքներու հետ, եւ կը քննադատէ այն նեղ աշխարհայեացքը, որ հայկականութիւնը կը սահմանէ միայն անցեալով:
1968-ին, երբ Փարիզի մէջ կը բռնկի մայիսեան ուսանողական շարժումը, ֆրանսահայ այս երիտասարդները կը սկսին լրջօրէն մտածել իրենց դերին մասին ապագայի կերտումին մէջ, թէ՛ իբրեւ անհատներ, թէ՛ ալ որպէս համայնքի մը պատկանող անդամներ: Այս առիթով, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ժամանակի քաղաքական եւ մտաւորական աշխարհահայեացքը, մասնաւորաբար Սէն-Միշել պողոտայի բողոքի ցոյցի ժամանակ, ուր մեր ուսանողները կը քննարկեն յեղափոխական շարժումները, մարդկային արժէքները եւ քաղաքական յանձնառութիւնը: Քիւրքճեանի Փարիզի ընկերները՝ Ժոսլինը, Փօլը, Փաթրիքը եւ Վահէն, իւրաքանչիւրը տարբեր տեսակէտ ունի յանձնառութեան եւ ինքնութեան մասին: Ժոսլինը կասկածի տակ կ’առնէ քաղաքական նեղ եւ սահմանափակ մօտեցումները, Փօլը մտահոգ է ուսանողական շարժումի քաղաքական շահագործումով, իսկ Փաթրիք համոզուած է, որ գաղափարական հարցերը աւելի կարեւոր են, քան քաղաքականը:
Քննարկման մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ յանձնառութեան սահմանումը ոչ միայն որպէս քաղաքական վարքագիծ, այլ իբրեւ աւելի մեծ պարտաւորութիւն կեանքի՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ: Վահէն կ’ընդգծէ, որ իսկական յանձնառութիւնը կ’ենթադրէ ընդունիլ սեփական գոյութեան բարդութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ազգային ինքնութիւնը: Ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս մարդկային արժէքներու պահպանութեան ի խնդիր ծաւալած մայիսեան շարժումը եւ անոր հանդէպ իր յանձնառութիւնը զինք աւելի կը կապէ իր հայկական ժառանգութեան՝ ընդգծելով սեփական ինքնութեան եւ համամարդկային արժէքներու սերտ առնչութիւնը:
«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»ի եզրափակիչ մասով, Յարութիւն Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու մարտահրաւէրներուն՝ նշելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըմբռնել ու ընդունիլ հայկական ինքնութիւնը՝ միաժամանակ զայն պատշաճեցնելով աւելի ընդհանրական, համամարդկային արժէքներու: Նախապէս տեսանք, թէ Քիւրքճեան որքա՛ն կարեւոր կը նկատէ ֆրանսահայ երիտասարդներու ապրած փորձառութիւնը 1968-ի մայիսեան ուսանողական շարժման ատեն՝ ընդգծելով, որ անոնց յանձնառութիւնը համամարդկային արժէքներու հանդէպ, նպաստեց աւելի նրբերանգ եւ մտածուած հայկական ինքնութեան մը ձեւաւորումին:
Ապա ան կը բաղդատէ Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր «հաւասարումները»՝ մատնանշելով, որ թէեւ անոնք ունին պատմական եւ մշակութային նոյն հիմքերը, սակայն այս երկու հաւասարումները կ’ընթանան տարբեր ուղղութիւններով: Փոխարէնը, իւրաքանչիւրը զարգացուցած է իր անկախ գոյութիւնը՝ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական, մշակութային եւ ընկերային տարբեր հանգամանքներով: Հակառակ իրենց հասարակաց ժառանգութեան, Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր իրականութիւնները առաջնորդած են փոխադարձ թիւրիմացութեան եւ զիրար ճանչնալու դժուարութեան: Այսպիսով, Քիւրքճեան աւելի նպատակայարմար կը նկատէ, որ առայժմ այս երկու հաւասարումները գործեն անջատաբար՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով դիմակալելու առկայ առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Քիւրքճեան չի բաժներ հայկական ինքնութեան մասին նախորդ սերունդի պարզունակ հայեացքները, որոնք կը կեդրոնանան լոկ հայապահպանման եւ նահանջի վրայ: Փոխարէնը, ան կ’առաջադրէ աւելի ճկուն սահմանում մը՝ հիմնուած ներկային վրայ, որ կ’ընդգրկէ թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ համամարդկային մարտահրաւէրները՝ իբրեւ ինքնութիւնը հարստացնող ազդակներ: Քիւրքճեան կ’ընդգծէ իսկական յանձնառութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ հայութիւնը պէտք չէ յամառօրէն սահմանուի միայն աւանդութիւններով, այլ ըլլա՛յ դիւրահաղորդ փոփոխութիւններու եւ բարդութիւններու: Ի վերջոյ, ան կոչ կ’ուղղէ մարդայնական մօտեցում ցուցաբերելու հայկական ինքնութեան նկատմամբ, ուր թէ՛ որպէս հա՛յ եւ թէ՛ որպէս մա՛րդ լիարժէք ապրելու ուղին կը ձեւաւորուի անհատական համոզումով ու ճիգով:
Հուսկ, իր եզրափակիչ բաժնով, Քիւրքճեան կեդրոնական թեման կը կապէ յօդուածին մէջ քննարկուած տարբեր գաղափարներուն ու տեսակէտներուն՝ ինքնութեան հասկացողութիւնը ներկայացնելով որպէս բարդ, անդադար զարգացող «հաւասարում» մը, զոր կարելի չէ լուծել պարզեցուած միջոցներով, այլ յարատեւ յանձնառութեամբ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համամարդկային արժէքներու նկատմամբ:
1968-ին գրուած Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, ինչպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեան օրին կը բնորոշէր, կոչ մըն է ուղղուած հայկական սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը՝ բացուելով աշխարհին, այլ ոչ թէ նահանջելով ու մեկուսանալով «կեթոյին» մէջ:
Յարութիւն Քիւրքճեան, նաեւ իր 68-ի սերնդակիցներուն բերնով, կը պեղէ սփիւռքահայ ինքնութեան ծալքերը եւ կ’ընդգծէ «այլ»-ին բացուելու, նոր պայմաններուն յարմարելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեան հերոսները կը վկայեն, որ աւանդականէն ու աւանդութիւններէն անդին, մարդկային ու համամարդկային նոր արժէքներու միաձուլումը ինքնութեան հետ՝ նոր խորք, երանգ ու թռիչք կու տայ իրենց հայկականութեան:
Քիւրքճեանի այս խորհրդածութիւնները, սակայն, շուրջ 60 տարի ետք, թէեւ շեշտակիօրէն այժմէական, կը մնան անպատասխան ու հայկական սփիւռքը կը շարունակէ տուայտիլ անորոշութեան մէջ, գրեթէ անդիմագիծ ու կորսուած՝ անցելապաշտութեան ու պահպանողականութեան, եւ ոչ թէ ձուլումի, այլ ամբողջական օտարացումի միջեւ. հայը կը գաղթէ իր հայութենէն՝ պահպանողական ու անցելապաշտ իր հայութենէն:
Յո՞ երթաս ինքնութիւն:
Վ. Թէնպէլեան
«Զարմանազան». երբ հայերէնը պարտադրանք չէ, այլ՝ վայելք
Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Արեւմտահայերէնի վերակենդանացումը կը նկատէ իր հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Այս ծիրէն ներս Հիմնարկը կ’աշխատի լեզուի ուսուցման եւ փոխանցման նոր մօտեցումներու մշակման, ուսուցիչներու պատրաստութեան, կրթական նիւթերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ժամանակակից լեզուական եւ թուային գործիքներու ստեղծման ուղղութեամբ։
Այս աշխատանքէն ծնունդ առած է «Զարմանազան»-ը՝ ամառնային ծրագիր մը, որ կը հիմնուի Արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր, ոչ-աւանդական եւ աւելի կենսունակ ու ներգրաւող մօտեցումներու վրայ։ Ծրագիրը ստեղծուած է 2016-ին եւ առաջին անգամ իրականացած 2017-ի ամրան՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի եւ «Mille et un Mondes» ընկերակցութեան համագործակցութեամբ։
Լեզու եւ մշակոյթ շնչաւորող, վերամշակող, ամառնային ճամբարով մը տարբեր երկիրներէ հայ երիտասարդներ, համայնքներ մէկտեղող ծրագիր մըն է Զարմանազանը։ Ճամբարին հիմնական սկզբունքներէն մէկն է լեզուի պահպանումը՝ արեւմտահայերէնով ամէնօրեայ երեւոյթներու, դէպքերու եւ փիլիսոփայական հարցերու շուրջ քննարկումներ ու խորհրդածութիւններ կատարելու միջոցով։
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող երիտասարդներ, որոնք իրենց առօրեային մէջ հազուադէպօրէն արեւմտահայերէն կը խօսին, ինչպէ՛ս ամբողջ ամիս մը իրարու հետ կը հաղորդակցին ու կ՚արտայայտուին հայերէնով։ Կազմակերպիչներէն կամ խումբերու պատասխանատուներէն՝ ճամբարի ընդհանուր մթնոլորտը համակարգող «ուղեկիցներէն», ոչ ոք կը յանդիմանէր մասնակիցները, եթէ անոնք ակամայ օտար լեզուի մը անցնէին։ «Մաքուր» կամ անթերի հայերէն խօսելու ո՛չ պարտադրանք կար, ո՛չ ալ ճնշում։ Հայերէնը պէտք էր խօսուէր ինքնակամ՝ միաժամանակ գիտակցելով Սփիւռքի իրականութեան մէջ զայն պահպանելու եւ զարգացնելու կարեւորութիւնը։
Մասնակիցներու ստեղծագործական գործերէն մէկը
Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ ամբողջ ամիս մը հայերէն խօսելու կամ հայերէնով մտածելու մղիչ ուժը միայն արեւմտահայերէնը կորսնցնելու վտանգը չէր, ոչ ալ ստուերի մէջ մնացած լեզու մը լոյս աշխարհ բերելու ձգտումը, այլ պարզապէս մեր սրտին մօտ  եւ բոլորիս այնքան ծանօթ լեզուի մը տիրապետելու եւ զայն ստեղծագործաբար գործածելու պարզ հաճոյքն ու վայելքն էր։
«Զարմանազան»-ի ընկալումով՝ գաղափարական միօրինակութեան պարտադրանքը, այսինքն՝ նեղ ըմբռնումով «հայեցի» դաստիարակութիւնը, սխալ եւ ժամանակավրէպ մօտեցում է։
Վճռակամ եւ սեփական դատողութեան կարողութեան վստահող երիտասարդները պէտք է համարձակութիւնը ունենան իրե՛նք սահմանելու, թէ ո՞վ է այսօրուան հայը եւ, հետեւաբար, ի՞նչն է «հայավայել»:
«Զարմանազան»-ի մասին լսած էի լիբանանահայ քանի մը ընկերներէ, որոնք նախապէս մասնակցած էին ծրագրին եւ մաս կազմած «Զարմանազան»-ի աշխոյժ եռուզեռին։ Անոնք պատմած էին հոն տիրող հաւասարութեան վրայ հիմնուած ընկերային կեանքին, ինչպէս նաեւ ազատաբարոյ ու լայնախոհ մթնոլորտին մասին, որոնք առաջին հայեացքով թերեւս անսովոր թուէին։
Ուստի, նախքան ճամբար երթալս, արդէն որոշ պատկերացում մը կազմած էի այդ միջավայրին մասին։ Սակայն Լիբանանի ընկերներուս ապրած փորձառութիւնը կիսկատար հասկցած էի։
Ես կ՚երեւակայէի վայր մը, ուր կարելի էր նստիլ խոհեմ մարդու մը հետ, խօսիլ խորունկ կամ անձնական նիւթերու մասին, ժամերով զրուցել եւ թերեւս անսպասելիօրէն խոր կապ մը զգալ աշխարհի միւս ծայրէն եկած անձի մը հետ։ Վայր մը, ուր կարելի էր հանդիպիլ արուեստագէտներու եւ երբեմն նոյնիսկ փափաքիլ ապրիլ այն կեանքը, զոր անոնք կ՚ապրէին։
Սովորական գիշեր մը
Այս էր «Զարմանազան»-ի մասին իմ պատկերացումս՝ տակաւին հոն չհասած։ Բայց երբ վերջապէս հասայ, այդ սկզբնական պատկերացումին կողքին ուրիշ հարց մըն ալ սկսաւ ձեւաւորուիլ մտքիս մէջ. ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէի այս միջավայրին մէջ։ Ինչպէ՞ս պէտք էր խօսէի շրջանակիս հետ։ Որո՞նք էին այն արժէքները, զորս պէտք էր հասկնայի, իւրացնէի եւ թերեւս նոյնիսկ մարմնաւորէի։
Աստիճանաբար սկսայ նկատել, որ այդ մշակոյթին հիմքը փոխադարձ յարգանքն է, ազնուութիւնը, զիրար հասկնալու ճիգը եւ, ամենէն կարեւորը, մարդը կանխակալ պատկերացումներու կամ նեղմիտ մեկնաբանութիւններու մէջ չսահմանափակելու մօտեցումը։ Ճամբարի կանոնները պարտադրուած չէին. մասնակիցները կը հասկնային, թէ ինչո՛ւ որոշ ուղեգիծեր անհրաժեշտ էին։
Հայկական շրջանակ մը՝ միջավայր մը, ուր վերջապէս իւրաքանչիւրը կրնար ներկայանալ այնպէս, ինչպէս ինք կը փափաքէր՝ հեռու համայնքներուն պարտադրած պատշաճութեան քառակուսի չափանիշերէն, բարոյախօսական քարոզներէն, կաշկանդող նայուածքներէն եւ բամբասանքի դատափետող ձայներէն։
Հոն հայկական մշակոյթը, որ նախապէս կարծես կլայեկուած ու հարթեցուած էր, կը վերագտնէ իր հարազատ կերպարանքը՝ իր բնական փայլքը, փափկութիւնն ու խորդուբորդութիւնը։
Հարաւ-արեւելքէն դիտուած — Abondance գիւղը
Հո՛ն օրը կը սկսէր թատրոնի, մարզանքի եւ արուեստի առնչուող խաղերով։ Օրուան ընթացքին կը զարգացնէինք ձեռային եւ մտաւոր հմտութիւններ, իսկ օրը կ՚աւարտէինք երգերով ու խաղերով՝ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Ճամբարի ընթացքին հասկցայ, որ ծրագրին համն ու հոտը միայն «անսպասելի» արուեստագէտի կամ մտաւորականի մը հանդիպիլն ու անկէ ներշնչուիլը չէր, այլ նաեւ՝ տարբեր տարիքի մասնակիցներու հետ թեթեւ զրոյցներ ունենալն էր, ճաշի ընթացքին միամիտ կատակներով լռութիւնը խզելը կամ պարզապէս վայելելը Ապոնտանսի՝ ճամբարը հիւրընկալող գիւղին գեղեցկութիւնը եւ անկէ վերաթարմանալը։
ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՎԱՍՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԻՍ ՀԱՅՈՑ (ՀՀ-ի անկախութեան 35-ամեակին առթիւ)
«Հայաստանդ անուն ցանկալի, ձայն գորովական եւ փարելի, երկնաւոր երգոցն նուագաց ար­ժանի, յորում ամենայն յուշք անցելոյն եւ յուշք ապառնեացն պահին, զոր ոչ կարացին հանել քերել ի շրթանց մերոց մանաւանդ թէեւ ի սրտից բռունք աշխարհիս եւ դիպուածք ժամա­նակաց, հնչեսցէ՜ այժմ ծագաց ի ծագս երկրի, եւ որք ի հեռաստանեայ սահմանս աշխարհի սփռեալ կան նժդեհութեամբ, ամենայն հայկազունք, ի լուր նորա՝ որպէս ամպս թռուցեալս ձագախառն երամովին եկեսցեն առ նա, զի փրկութիւն Տեառն եհաս մեզ»:
«Հայաստանդ՝ անուն ցանկալի, ձայն գորովական ու փարելի, երկնային երգերու նուագին արժանի՛։ Դուն այն սրբազան անունն ես, որուն մէջ անցեալի բոլոր յուշերն ու ապագայի բոլոր տեսիլքները կը հանգչին. յուշեր, զորս աշխարհիս բախտն ու ժամանակներու դառն հարուածները չկրցան արմատախիլ ընել մեր շրթներէն, մանաւանդ՝ մեր սրտերէն։ Թող հի­մա անոր ձայնը հնչէ՛ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, եւ հեռաւոր սահմաններու վրայ սփռուած ու օտարութեան մէջ նժդեհող բոլոր հայկազունք, երբ լսեն անոր կանչը, թող ամպերու պէս թեւ առած, ձագախառն երամի մը նման, գան ու հասնին անոր մօտ, քանզի Տիրոջ փրկու­թիւնը հասած է մեզի»:
Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Գուշակեան
23 օգոստոս 1990 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուր­դը ընդունեց «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրը։ Փաստաթուղթը դար­ձաւ այն քաղաքական եւ իրաւական հիմքը, որուն վրայ յաջորդող ամիսներուն պիտի զարգանար Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման գործընթացը, իսկ 21 սեպտեմբեր 1991 թուականի հանրաքուէով հայ ժողովուրդը պիտի հաստատէր անկախութեան իր կամքը։ Այս տարեթիւերը այսօր արդէն Հայաստանի նորագոյն պատ­­մութեան առանցքային հանգրուանները դարձած են։
Սակայն 1990–1991 թուականներու իրադարձութիւնները ինքնաբուխ եւ պատմական պատահականութեան մէջ ծնած դէպքեր չէին։ Անոնք կը շարունակէին հայ ժողովուրդի պետականութեան վերականգնման աւելի հին ընթացք մը, որ իր նախորդ մեծ հան­գրուանը ունեցած էր 28 մայիս 1918 թուականին՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումով։ Առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ գոյութիւնը, անոր դիմագրաւած պատերազմները, քաղաքական ու տնտեսական ծանր պայմանները եւ 1920-ի վերջա­ւորութեան անկախ պետականութեան կորուստը չվերացուցին անկախ Հայաստանի գաղափարը։ Այդ գաղափարը շարունակեց գոյատեւել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ՝ քաղաքական, մշակութային, գրական եւ եկեղեցական տարբեր դրսեւորումներով։
Այս պատմական միջավայրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Թորգոմ արք. Գու­շակեանի[1] «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց» ստեղ­ծագործութիւնը։ Սոյնը առաջին հերթին հետաքրքրական է իբրեւ եկեղեցական-ծիսա­կան արարողութիւն, սակայն իր պատմական նշանակութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է։ Ան կը վկայէ, թէ Առաջին Հանրապետութեան գոյութիւնը հայ եկեղեցական շրջանակ­երուն մէջ ինչպէ՛ս կ’ընկալուէր եւ ինչպիսի՛ լեզուով կը դրսեւորուէր պետականութեան հանդէպ վերաբերմունքը։
Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Գուշակեան 1874 – 1939
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ գո­հաբանական նման մաղթանք մը Ս. Էջմիածնի մէջ եւս կատար­ուած է երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ 28 մայիս 1919 թուականին՝ Հայաս­տանի Հանրապետութեան միամ­եայ տարեդարձին առթիւ։ Այս առնչութեամբ կարելի է ենթա­դրել, թէ Հանրապետութեան տա­րեդարձը հանդիսաւորապէս նշե­լու կաթողիկոսական տնօրինու­մը նախապէս հաղորդուած ըլլա­լու էր նաեւ Սփիւռքի մէջ գտնուող էջմիածնական թեմերու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Հե­տեւաբար հնարաւոր է, որ այս տնօրինումը եղած ըլլայ այն հիմ­նական դրդապատճառներէն մին, որուն ընդառաջ Թորգոմ արք. Գուշակեան յօրինած է իր «Գո­հաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հա­յոց» ստեղծագործութիւնը։
Ի դէպ, ներկայիս դժուար է ստոյգ պարզել, թէ 1919-ին Ս. Էջմիածնի մէջ Հանրապետութեան տարեդարձին առթիւ ի՞նչ արարողակարգ տեղի ունեցած է եւ ծիսական ինչպիսի՞ բնագիր մը գործածուած է։ Ամէն պարագայի, քիչ հաւանական կը թուի, որ այնտեղ գործածուած ըլլայ Թորգոմ սրբազանի «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց»-ը: Բաց աստի, Ս. Էջմիածնի մէջ ցայսօր կատարուող «Կարգ մաղթանց վասն Հանրապետութեան Հայաստան աշխարհի» արարողակարգը ունի տարբեր կառոյց եւ բովանդակութիւն: Պէտք է ըսել նաեւ, որ ան շատ աւելի համառօտ է՝ քան Թորգոմ արք. Գուշակեանի մշակումը: Այս ուղղութեամբ մեր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր հիմքը կը հանդիսանայ Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսին (1710–1780) մշա­կած «կայսերական» մաղթանքը՝ նուիրուած ռուսաց Եկատերինա կայսրուհիին: Ուս­տի՝ ներկայիս Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուող հանրապետական մաղթանքը պարզապէս 1919-ին ստեղծուած նոր ծիսական բնագիր մը չէ։ Անոր լեզուին եւ կառուցուածքին տակ կը շարունակուի շատ աւելի հին հայկական եկեղեցական աւանդութիւն մը, որուն մէջ Եկեղեցին կ’աղօթէ երկրի, իշխանութեան եւ ժողովուրդի պահպանութեան հա­մար։ Սիմէոն Երեւանցի 10 յուլիս 1771 թուականին առ ի երախտագիտութիւն Կայսե­րական Ռուսիոյ՝ կը հրապարակէ կոնդակ մը, իսկ 5 մայիս 1780 թուականին պաշ­տօնապէս Եկատերինա կայսրուհիին կը մատուցուի իր կազմած «Տօնախմբութեան» տետրակի հայերէն բնագիրը՝ կից ռուսերէն թարգմանութեամբ[2]: Սոյնը Ռուսական Կայսրութեան ձօնուած ծիսական մաղթանք մըն էր՝ գոհաբանութիւն մը, որ կազմուած էր շարք մը սաղմոսներէ, աղօթքներէ, աւետարանական ընթերցումներէ, առաքելական թուղթերէ քաղուածքներէ, ինչպէս նաեւ ԴՁ. շարականի մը հանդիսաւոր երգեցողու­թենէ, որ հեղինակած էր Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը[3]: Այս շարականին առաջին տողը կազմուած էր «Ամենազօր Աստուած եւ թագաւոր յաւիտենից»[4] բառերով: Աղօթ­քին մէջ Աստուծմէ կը խնդրուի պահպանել կայսրուհիին իշխանութիւնը՝ «անսասան եւ անպարտելի»[5]։
Այսօր ալ նոյն «Ամենազօր Աստուած եւ թագաւոր յաւիտենից» ԴՁ. շարականի երգեցո­ղութեամբ կը սկսի «Կարգ մաղթանց վասն Հանրապետութեան Հայաստան աշխարհի» մաղթերգը, սակայն վերամշակուած եւ կայսերական իշխանութիւնը փոխարինուած հանրապետական տարբերակով՝ պահպանելով նոյն աղօթական կաղապարը, որ վերա­ձեւակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար։
Արդարեւ, եկեղեցական այս մաղթանքի լեզուն քաղաքական իշխանութեան փոփոխու­թենէն անդին կը պահպանէ իր հիմնական կառուցուածքը, բայց ամէն պատմական հանգրուանի մէջ զայն կը լրացնէ նոր պետական իրականութեան անունով։ Թագաւո­րութիւնը փոխարինուած է հանրապետութեամբ, սակայն աղօթքին բուն խնդրանքը կը մնայ նոյնը՝ պահպանել հայրենի երկիրը, անսասան դարձնել անոր իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը պաշտպանել վտանգներէ։
Ի տարբերութիւն էջմիածնական աւանդութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի մայրավանքէն, ինչպէս նաեւ թեմական կառոյցներէն ներս, սովորա­բար, կը կատարուի Թորգոմ արք. Գուշակեանի մշակած «Գոհաբանական մաղթանք»-ը, որ միաբան հայրերուն կողմէ թարգմանուած է նաեւ արեւմտահայերէնի եւ կը կրէ «Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար»[6] խորագիրը։
Թորգոմ արք. Գուշակեան, որ այդ տարիներուն Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդն էր, Հայաստանի Հանրապետութեան գաղափարը ներմուծեց եկեղեցական աղօթքի շրջանակէն ներս։ Մաղթանքին մէջ Հանրապետութիւնը, անոր իշխանութիւնը, ժողո­վուրդը եւ զինուորութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային պայքարի նահատակները կը դառ­նան յատուկ յիշատակութեան եւ աղօթքի առարկայ։ Այս հանգամանքը կարեւոր սկզբնաղբիւր է՝ հասկնալու համար Առաջին Հանրապետութեան հանդէպ ցուցա­բերուած սփիւռքահայ եկեղեցական եւ ազգային մտածողութեան երեսակները։
Այս մաղթանքին պատմութիւնը, սակայն, ունի նաեւ իր մատենագիտական անորոշու­թիւնները։ 1968-ին հրատարակուած «Բագին» ամսագրի Հայաստանի Հանրապետու­թեան 50-ամեակին նուիրուած բացառիկ թիւը կը ներկայացնէ Թորգոմ արք. Գուշակ­եանի «Գոհաբանական մաղթանք»-էն քանի մը հատուածներ՝[7] կապելով զայն 1920 թուականի հրատարակութեան հետ։ Միւս կողմէ, հետագայ յիշատակութիւն մը՝ 1980-ին «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ, կը վկայէ, որ Գուշակեան արդէն 1919-ին Գահիրէի մէջ կազմած էր Հայաստանի Հանրապետութեան համար նախատեսուած գոհաբանական աղօթամատեան մը, որու գործածութեան մասին կը հաղորդուի նաեւ Աղեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան առթիւ[8]։ Այս վկայու­թիւնները կը յուշեն, որ մեզի հասած «Հանրապետական մաղթանք»-ը պէտք է դիտար­կել 1919–1920 թուականներու ազգային-եկեղեցական կեանքի աւելի լայն համաթեքս­թին մէջ։
Այս առումով՝ Գուշակեանի յօրինած «Հանրապետական մաղթանք»-ը հետաքրքրական զուգահեռ մը կը ստեղծէ 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագրին հետ։ Մէկուն մէջ հայոց պետականութեան վերականգնումը կը ձեւակերպուի եկեղեցական աղօթքի եւ գոհաբանութեան լեզուով, միւսին մէջ՝ իրաւական ու քաղաքական փաստաթուղթի մը յատուկ բառապաշարով։ Սակայն զոյգ պարագաներուն ալ առանցքային հասկացու­թիւնը նոյնն է՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ինքնիշխան պե­տականութեան հաստատումը։
Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առիթով այս զուգահեռը ուսում­նասիրելը զուտ խորհրդանշական ձեւակերպութիւն մը չէ։ Ան հնարաւորութիւն կու տայ մեզի աւելի երկար պատմական հեռանկարի մը մէջ դիտելու 1990–1991-ի վե­րանկախացման գործընթացը եւ զայն առնչելու 1918–1920 թուականի պետական փոր­ձառութեան հետ։ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Հանրապետական մաղթանք»-ը այդ կապին քիչ ծանօթ, բայց ուշագրաւ վկայութիւններէն մէկն է։
Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ Թորգոմ սրբազան «Հանրապետական մաղթանք»-ը մեծ հա­ւանականութեամբ յօրինած է 1919 թուականին Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեծ խանդավառութեամբ կը նշէր 28 մայիս 1918 թուականին ստեղծուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին տարեդարձը: Այս առնչութեամբ Սմբատ Յոխիկեան «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ հրապա­րակած իր յուշագրութեան մէջ կը վկայէ.
«Գահիրէի մէջ ազգային վսեմ հոգիով տոգորուած՝ եգիպտահայոց թեմակալ Սրբազան Առաջնորդ՝ երջանկայիշատակ Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեան, այս առթիւ յօրինեց գոհաբանական աղօթամատեան մը ի նշան գոհունակութեան հայ Ազգին պարգեւուած ազատութեան եւ պետական նոր կեանքին: Գրքոյկ մըն էր, կողքերը շրջանակուած կարմիր կապոյտ նարնջագոյն հայկական նորաօծ դրօշակին գոյներովը […] Առաւօտեան՝ Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին հոգեւորական դասը զգեստաւորուած, ի ձեռին ունենալով Թորգոմ Սրբազանի յօրինած աղօթամատ­եանը, բարձրացաւ Ս. Խորան: Կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգակը. երկիւղած ժո­ղովուրդը հոգեկան մեծ բերկրանքով հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւննե­րուն»[9]:
Եթէ Թորգոմ արք. Գուշակեանի յօրինած սոյն «Գոհաբանական մաղթանք»-ը այդ տա­րի եկեղեցիին մէջ կատարուած էր, ապա շատ հաւանական է, որ արարողութեան կամ մաղթանքին ամբողջ բնագիրը սահմանափակ տպաքանակով տպագրուած ըլլայ թե­մական գրքոյկի մը ձեւով, գուցէ, սակայն, առանց առանձին մատենագիտական գրա­ռում մը ունենալու։ Նոյնը կրկնուած ըլլալու է 1920 թուականին, որմէ, ցաւօք, կարելի չեղաւ գտնել օրինակ մը համապատասխան եզրակացութեան մը յանգելու համար՝ նշե­լով տպագրութեան ճշգրիտ վայրը եւ թուագրութիւնը: Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող ամենահին տարբերակը 16 էջերէ կազմուած եւ 1947-ին Երուսաղէմի մէջ տպագրուած օրինակն[10] է: Ապա ան ունեցած է այլ հրատարակութիւն մը Գահիրէի մէջ 1954 թուականին, որուն կողքը կը նշէ. «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապե­տութեան ազգիս հայոց, կատարելի յեկեղեցիս հայոց վիճակին Եգիպտոսի (պատրաս­տուած 1920-ին, առաջնորդ Թորգոմ արք. Գուշակեանի կողմէ)[11]»: Սոյնը կը հանդիսա­նայ գրքոյկին Բ. տպագրութիւնը՝ յուշելով, որ Ա.-ը հրատարակուած ըլլալու է նմանա­պէս Գահիրէի մէջ՝ հաւանաբար 1920 թուականին: Փոքրածաւալ, բայց նոյնքան կա­րեւոր ձեռնարկ մը հետագայ տարիներուն ունեցած է այլ հրատարակութիւններ, որ թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի[12], որովհետեւ ան տարուէ-տարի Հայաստանի ան­կախութեան տօնին առթիւ հանգամանօրէն հնչած է Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն եւ վարչականօրէն անոնց ենթակայ թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:
Աւելի քան դար մը առաջ ստեղծագործուած Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբա­նա­կան մաղթանք»-ը խորապէս արմատացած է Հայ եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան մէջ։ Ան կազմուած է սաղմոսներէ, շարականներէ, Հին եւ Նոր կտակարաններէն քաղուած ընթերցուածներէ, քարոզներէ, աղօթքներէ ու օրհնութեան բանաձեւերէ համադրուած հատուածներով, որոնք վարպետօրէն միահիւսուելով՝ կը կազմեն Հան­րապետութեան գաղափարին համապատասխանող ամբողջական եւ ներդաշնակ յօրի­նուածք մը։ Ճիշդ է, որ Թորգոմ սրբազան իր նիւթին ատաղձը վերցուցած է Հայ եկե­ղեցւոյ արարողական կեանքին մէջ աւանդուած մատենագրական բնագրերէ՝ «Մաշ­տոց», «Ժամագիրք», «Շարակնոց», «Ճաշոց» եւ այլն, սակայն ան միաժամանակ բե­րած է իր ուրոյն ներդրումը՝ յօրինելով նիւթին համապատասխանող մասնաւոր քարոզ­ներ եւ գոհաբանական աղօթքներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ:
Անդրադառնալով «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հա­յոց»-ի կառոյցին՝ կարելի է զայն բաժնել համառօտ հինգ գլխաւոր հատուածներու.
ա) Հրաւէր՝ միասնական աղօթքի
Արարողութիւնը կը սկսի «Եղբարք սիրեցեալք» դիմումով: Ան ժողովուրդը կը հրաւիրէ «սուրբ սրտիւ եւ հաստատուն հաւատով» միաբան աղօթելու եւ զԱստ­ուած փառաբանելու։
բ)  Գոհութիւն՝ Աստուծոյ այցելութեան եւ հայոց ազատագրութեան համար
Կը յիշատակուի Աստուծոյ ողորմած միջամտութիւնը, որ հայոց ազգը եւ Եկեղե­ցին փրկած է նեղութիւններէ եւ «վերստին շնորհած է զժառանգութիւն Հայրեն­եաց»։ Այսինքն՝ Հանրապետութեան ստեղծումը կը ներկայացուի իբրեւ վերա­գտնուած հայրենիք եւ վերականգնուած ժառանգութիւն։
գ) Աղերս՝ Հանրապետութեան պահպանութեան եւ Եկեղեցւոյ պայծառու­թեան համար
Այստեղ Հանրապետութեան պահպանութեան եւ Եկեղեցւոյ պայծառութեան խնդրանքը կը հնչեն միեւնոյն աղօթական շունչով՝ հայրենիքի պետական գոյու­թեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի բարօրութիւնը ներկայացնելով իբրեւ փոխկապակցուած իրականութիւն։
դ) Աղօթք՝ երկրի ղեկավարներուն, ծառայողներուն եւ հայոց բանակին հա­մար
Կը խնդրուի իմաստութիւն եւ կարողութիւն՝ «գլխաւորաց ազգիս» եւ «ամենայն վաստակաւորաց», որպէսզի հայրենիքը կերտուի։ Ապա կայ յատուկ աղօթք մը զօրավարներուն եւ զինուորներուն համար, որոնց զոհաբերութիւնը կը նկարա­գրուի որպէս պատարագ՝ սրբազան զոհի մը փոխաբերութեամբ։
ե) Բարոյական յորդոր
Վերջապէս, աղօթքը քաղաքական գոյութեան պահպանութենէն կը բարձրանայ դէպի ազգային ու բարոյական պատասխանատւութեան ոլորտ՝ հայ ժողովուր­դին մէջ առաւել եւս զօրացնելու համար «յորդորումն սիրոյ եւ ի գործս բարեաց» խորհուրդներուն իրագործումը։ Այս եզրափակիչ աղերսով Հանրապետութեան կեանքը կը կապուի ոչ միայն պետական հաստատութեան, այլեւ սիրոյ, բարե­գործութեան եւ բարոյական վերանորոգութեան հետ։
«Գոհաբանական մաղթանք»-ին ամենագեղեցիկ եւ տպաւորիչ բաժիններէն մին, ան­տարակոյս, այն քարոզն է, զոր քահանան կամ սարկաւագը եկեղեցւոյ բեմէն կ՚ընթերցէ՝ «Եղբարք սիրեցեալք» բառերով ուղղակի դիմելով հաւատացեալ ժողովուրդին։ Թորգոմ սրբազանի բեղուն գրչին արգասիքը եղող այս գրական գոհարին մէջ խտացած են հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքն ու անդառնալի կորուստներուն ցաւը, երբեմնի իր հզօր պետականութիւններու անկման ողբերգութիւնը եւ այս բոլոր արհաւիրքներուն ընդմէջէն Աստուծոյ շնորհիւ ստացուած մեծագոյն պարգեւը՝ հայրենիքի վերականգ­նումն ու հայոց պետականութեան վերստեղծումը։
Այս իմաստով՝ քարոզը ոչ միայն գոհաբանական աղօթքի մը բաղադրիչն է, այլեւ հայոց պատմական յիշողութեան խտացեալ վկայութիւն՝ տառապանքէն ու կորուստէն դէպի ազգային վերածնունդ եւ պետականութեան վերականգնում։
Արդարեւ, սոյն քարոզը իր ամբողջ իմաստը կը ստանայ այն բարդ ու ճակատագրական պատմական իրադարձութեան խորապատկերին վրայ, որուն մէջ ծնունդ առաւ Հայաս­տանի Հանրապետութիւնը։ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերէն ետք վերականգնուած հայկական պետականութիւնը տակաւին իր գոյութեան առաջին տարիներուն կը դի­մագրաւէր պատերազմներու, գաղթականութեան, սովի եւ տնտեսական ծանր պայ­մաններու, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն ծանր բեռը։ Այս պայմաններուն մէջ Հանրապետութեան գոյութիւնը ինքնին վերջնական ձեռքբերում մը չէր, այլ պահպանման եւ ամրապնդման կարօտ նորանկախ պետականութիւն մը։
Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» արժէքաւոր աշխատութեան մէջ ձեռք բերուած անկախութիւնը փոխաբերական պատկերով մը այսպէս կը ներ­կա­յացնէ.
«… Ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով՝ Հայաստանը կոչւեց անկախ պետական գո­յութիւն: Ցնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չընդունւեց նրա անկախու­թիւնը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր դժբախտութիւն: Հի­ւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս, հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր և շշնջում ականջին. ‘Դու իմ ուրախութիւնն ես, դու՝ դժբախտութիւնը իմ’…»[13]:
Հետեւաբար, Գուշակեանի «Գոհաբանական մաղթանք»-ը պէտք է կարդալ ոչ միայն իբրեւ ծիսական աղօթք, այլեւ իր ժամանակի պատմական փորձառութեան վկայու­թիւն։ «Վերստին շնորհելով մեզ զժառանգութիւն Հայրենեաց մերոց» եւ «դարձեալ հաստատեալ ի նմին զԱթոռ իշխանութեան Հայաստանեայցս» ձեւակերպումները կը մատնանշեն ազգային կեանքի այն խոր գիտակցութիւնը, որ դարերու պետականա­զուրկ գոյութենէն ետք հայրենիքն ու պետականութիւնը դարձեալ իրականութիւն դար­ձած էին։ Իսկ «Զի պահպանեսցէ զՀանրապետութիւն Ազգիս մերոյ» աղերսը կը բացա­յայտէ այդ վերականգնուած պետականութեան փխրունութիւնը եւ անոր պահպանման անհրաժեշտութիւնը։
Այս պատմական ենթահողին վրայ է, որ քարոզին մէջ հայրենիքի գաղափարը կը վե­րածուի ոչ միայն գոհաբանութեան արժանի նիւթի, այլ առաւել եւս՝ ազգային պատաս­խանատւութեան։ Հանրապետութեան պահպանումը, հայրենիքի շինութիւնը, զինուո­րին զոհաբերութիւնը եւ ժողովուրդին բարոյական վերանորոգումը կը ներկայանան իբրեւ նոյն պատմական առաքելութեան տարբեր երեսակները։
«Գոհաբանական մաղթանք»-ին բուն սիրտը կը կազմէ անոր վերջին եւ երկարաշունչ աղօթքը, զոր օրուան արարողապետը կամ եպիսկոպոսը կը բարձրաձայնէ եկեղեցւոյ բեմէն՝ սկսելով հանդիսաւոր սա խօսքերով. «Տէր Աստուած, փառաւորեալ յամենայ­նի…»։ Այս բաժինը պարզապէս ծիսական աղօթքի մը հերթական փուլը չէ, այլ Գու­շակեանի ինքնագիր ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ իր մէջ խտացնող հոգեւոր խորք եւ գրական գեղեցկութիւն, ազգային յիշողութիւն եւ հայրենասիրական շունչ։ Թորգոմ արք. Գուշակեան գրաբարի հմուտ վարպետ մըն էր, լեզուի հնադարեան շքեղութեան եւ ներքին երաժշտութեան խորապէս գիտակից ու անոր գեղեցկութեամբ հիացած նուիրեալ մը։ Անոր գրչին տակ գրաբարը կը դադրի պարզապէս անցեալի մեռած լեզու մը ըլլալէ եւ կը վերածուի կենդանի աղօթական խօսքի, որուն մէջ սրբազանը, հայրե­նասիրականը եւ բանաստեղծականը կը միաձուլուին մէկ ամբողջութեան մէջ։
«Գոհաբանական աղօթք»-ը իր ծիսական կառուցուածքով կը բացուի Աստուծոյ փա­ռաբանութեամբ եւ գոհութեամբ։ «Տէր Աստուած փառաւորեալ յամենայնի» հանդիսա­ւոր բացումը աղօթող համայնքը կը կանգնեցնէ Աստուծոյ մեծութեան, սրբութեան եւ ամենակալութեան առջեւ։ Աստուած կը ներկայացուի իբրեւ «սրբութիւն» եւ «պսակ հաւատացելոց», իսկ ամբողջ արարչութիւնը՝ Իր իշխանութեան եւ փառքին ենթակայ։ Այսպիսով՝ Հանրապետութեան համար կատարուող աղերսը ի սկզբանէ կը զետեղուի աստուածակեդրոն աշխարհայեացքի մը մէջ. պետական իշխանութեան աղբիւրը մար­դը չէ, այլ Աստուած, որուն ձեռքին մէջ են «զօրութիւն եւ հարստութիւն» եւ որուն առ­ջեւ «դողան ամենայն թագաւորք եւ ազգք»։
Թէեւ այս կրօնաբոյր լեզուն բնական է հոգեւորականի մը համար, սակայն Գուշակ­եա­նի գոհաբանական այս աղօթքին մէջ կարելի է տեսնել նաեւ իր ժամանակաշրջանի քա­ղաքական մտածողութեան արտացոլումը։ Աստուծոյ ամենակալութիւնը հաստատող ծիսական բառապաշարին ներքեւ կը զգացուի նորաստեղծ Հանրապետութեան պետա­կան իշխանութեան օրինականացման, ինքնիշխանութեան ամրապնդման եւ կենսու­նակ պետութիւն մը կերտելու հրամայականը։ «Մեծութիւն», «զօրութիւն», «յաղթու­թիւն» եւ «կարողութիւն» հասկացութիւնները, այս իմաստով, կը դառնան ոչ միայն աստուածային ստորոգելիներ, այլեւ այն քաղաքական արժէքներուն գաղափարական շրջանակը, որոնց վրայ պէտք էր խարսխուէր նորաստեղծ հայկական պետութիւնը։ Այսպիսով՝ ծիսական լեզուին տակ Գուշակեանի աղօթքը նաեւ Հանրապետութեան քաղաքական գոյութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան գաղափարական հիմնաւո­րումն է։
Այս տեսանկիւնէն՝ աղօթքին սկզբնամասը միայն աստուածային ամենակալութեան փառաբանութիւնը չէ, այլ ան կը ստեղծէ այն արժեհամակարգը, որուն մէջ Հանրապե­տութիւնը պէտք է գոյատեւէ իբրեւ օրինական իշխանութիւն, ազգային ինքնութեան քաղաքական արտայայտութիւն եւ ժողովուրդի անվտանգութեան ու ապագայի երաշ­խիք։ Աստուծոյ իշխանութեան մասին խօսող ծիսական լեզուին ներքեւ կը զգացուի նո­րաստեղծ պետութեան մը ամրապնդման հրամայականը՝ իշխանութիւն, կարողութիւն, յաղթանակ եւ պատասխանատու կառավարում ունենալու անհրաժեշտութիւնը։
Այս կրօնաշունչ հաստատումէն ետք աղօթքը կը մտնէ իր պատմական յիշողութեան հանգրուանը։ Ժողովուրդը, իբրեւ «ծառայք» եւ «որդիք ծառայիցն», կը ներկայանայ Աստուծոյ առջեւ՝ «յաւուր ցնծութեան եւ յիշատակ ազատութեան Ազգիս Հայոց եւ հաս­տատութեան Աթոռոյ Հանրապետութեան Հայաստանեայց»։ Այստեղ ներկայ տօնա­կան պահը կը կապուի անցեալի տառապանքին ու նահատակութեան հետ։ Հայոց ա­զատութիւնը կը մեկնաբանուի իբրեւ Աստուծոյ ողորմած «այցելութիւն»՝ բազմապա­տիկ նահատակութեանց գնով ձեռք բերուած փրկութիւն։ Հետեւաբար գոհաբանու­թիւնը միայն ուրախութեան արտայայտութիւն չէ, այլ նաեւ նահատակներու յիշատակի եւ Աստուծոյ նախախնամութեան նկատմամբ հաւատքի ծիսական յայտարարութիւն։
Աղօթքին յաջորդ հանգրուանը պատմական յիշողութեան եկեղեցաբանական ընդլայ­նումն է։ Գուշակեան ներկայ Հանրապետութիւնը կը տեղադրէ հայոց սրբազան պատ­մութեան երկար շղթային մէջ՝ յիշատակելով Մակաբայեցիները, առաքեալներու քարո­զութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ներսէսն ու Սահակը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Վարդա­նանցն ու Ղեւոնդեանցը, ապա՝ հայոց թագաւորներն ու իշխանները։ Այս յիշատակա­րանը պատահական անուններու շարան մը չէ, այլ ան կը ստեղծէ պատմական եւ եկե­ղեցական յիշատակի ամբողջութիւն մը, ուր հաւատքը, հայրենիքը, մշակոյթը եւ պե­տականութիւնը կը ներկայանան իբրեւ փոխկապակցուած ժառանգութիւն։
Այս պատմական շարունակականութեան գագաթնակէտին կը դրուի ժամանակակից հերոսութիւնը։ Նախկին սերունդներու սրբազան պայքարին կողքին կը յիշատակուին «արս ընտիրս», որոնք «զեռանդն հաւատոցս ընդ սիրոյ Հայրենեացն միաւորեալ»՝ իրենց կեանքը նուիրած են պատերազմի՝ հայոց ազգի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հա­մար։ Այս ձեւակերպումով՝ հայրենասիրութիւնը պարզ աշխարհիկ զգացում մը չէ, այլ կը միահիւսուի հաւատքին հետ՝ կրելով սրբազան ուխտի մը բնոյթը։
Այնուհետեւ աղօթքը կը վերածուի ուղղակի աղերսի Հանրապետութեան համար։ «զՀանրապետութիւն Ազգիս անսասան պահեա» խնդրանքին կը յաջորդեն երկրի ղե­կավար այրերուն իմաստութեան, զօրավարներուն եւ զօրքերուն՝ «հոգիի արութեան», իսկ ամբողջ ժողովուրդին համար՝ սրբութեան, զգօնութեան, իմաստութեան, խրատի եւ օրինապահութեան խնդրանքները։ Այս կառուցուածքը կարեւոր է, որովհետեւ Գու­շակեանի համար Հանրապետութեան ամրութիւնը միայն զինուորական ուժով կամ իշխանութեան կարողութեամբ պայմանաւորուած չէ. անոր հիմքը նաեւ ժողովուրդի բարոյական եւ հոգեւոր նկարագիրն է։
Աղօթքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ որբերուն եւ անտէրունջ մանուկներուն համար կատարուած աղերսը։ Այստեղ պատմական ողբերգութիւնը կը ստանայ անձ­նական եւ մարդկային դէմք։ «Բիւրք բիւրոց» որբացած մանուկներու յիշատակը կը կապուի Բեթղեհէմի անմեղ մանուկներուն հետ, եւ անոնց ծնողներուն կորուստը կը ներկայացուի իբրեւ ազգային ողբերգութեան սրբազան յիշատակ։ Աղօթքը կը խնդրէ, որ Աստուած անոնց դարձեալ հայրենիք բերէ՝ «ընդ հովանեաւ Խաչի քո սրբոյ»։ Այս­պի­սով՝ հայրենիքի վերականգնումը այստեղ կը ստանայ նաեւ ապաստան, տուն եւ ընտա­նիք վերականգնելու գոյութենական նշանակութիւն։
Յաջորդաբար կը սկսի օրհնութեան ծիսական լայն շրջանակ մը՝ ժողովուրդին, ազգին, Եկեղեցիին, հայրենի աշխարհին եւ անոր բոլոր սրբավայրերուն համար։ Իսկ դրօշի օրհնութիւնը աղօթքին մէջ կը ստեղծէ բացառիկ խորհրդանշական պահ մը։ Գուշակ­եան հայկական դրօշը կը համեմատէ Նոյի օրերու ջրհեղեղէն ետք ամպերուն մէջ երեւ­ցած ծիածանին հետ՝ իբրեւ Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ ուխտի նշան։ Այսպիսով՝ ար­եան «հեղեղներէն» ետք բարձրացած դրօշը կը դառնայ հայ ժողովուրդին եւ Աստուծոյ միջեւ նորոգուած ուխտի խորհրդանիշ։ Դրօշը, հետեւաբար, սոսկ պետական խոր­հրդանիշ չէ, այլ անոր կը հաղորդուի սրբազան ուխտի, յաղթութեան անխորտակելի նշանի եւ անայլայլելի ինքնութեան նշանակութիւն։
Աղօթքին յաջորդող հայրենիքի օրհնութիւնը նոյն խորհրդաբանութիւնը կը շարունակէ։ Հայաստանը կը ներկայացուի որպէս Աստուծոյ կողմէ շնորհուած եւ կրկին ծաղկելու համար սահմանուած երկիր։ Յատկապէս ուշագրաւ է «զկոչումն իւր գլխովին, զանունդ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» արտայայտութիւնը, որուն յաջորդող հանդիսաւոր բացագանչութիւնը՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԴ անուն ցանկալի», աղօթքը կը բարձրացնէ գրեթէ միջնադարեան շա­րականի մը բանաստեղծութեան մակարդակին։ Այստեղ հայրենիքի անունը ինքնին կը դառնայ յիշողութեան, կարօտի, ապագայի եւ ազգային միութեան խորհրդանիշ։
Ի դէպ պէտք չէ մոռնալ, որ աստուածաշնչական աւանդութեան համաձայն՝ Դրախտը կը տեղադրուի հայկական բնաշխարհին հետ առնչուող աշխարհագրական տարածքին մէջ (Ծննդոց Բ. 8–14)։ Հաւանաբար այս հնագոյն ընկալումին արձագանգն է նաեւ այն, որ մեր հայրերը Հայաստանը անուանած են «երկիր դրախտավայր» եւ «մարդկային ցեղին օրրան»՝ առնչելով զայն ջրհեղեղի եւ Արարատ լեռան շնորհիւ Նոյեան տապանի փրկութեան պատմութեան հետ։ Այս սրբազան պատկերացումը իր առանձնակի անդ­րադարձը կը գտնէ Գուշակեան սրբազանի գոհաբանական աղօթքին մէջ, ուր հայրենի երկիրը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ նախնեաց ժառանգութիւն, այլեւ որպէս աս­տուածային օրհնութեան եւ բարութեան վայրը։ Դիմելով առ Աստուած՝ ան կը հայցէ. «Օրհնեա՛, Տէր, եւ զաշխարհ մեր եւ զերկիր հայրենի, զի յորում զառաջինն հաստա­տեցեր զտեղի դրախտին երանութեան […] քառահոլով վտակացն պարարտութեամբ վերստին ծաղկազարդեալ պայծառասցի ի վայելումն ամենայն բարութեանց երկնաւո­րաց եւ երկրաւորաց»։
Աղօթքին վերջին մեծ պատկերներէն մէկը սուրբ Եկեղեցւոյ անձնաւորումն է՝ «Մայրս մեր սուրբ Եկեղեցիդ Հայաստանեայց»։ Եկեղեցին կը ներկայացուի իբրեւ մայր, որ դա­րեր շարունակ իր գիրկը պահած է ժողովուրդը, սնած է «սուրբ Աւետարանին» կաթով եւ պահպանած է նախնեաց յիշատակներն ու ազգային բաղձանքները։ Այժմ անոր կը հրամցուի ցնծալ, սգոյ քօղը վերցնել եւ դուրս գալ ընդառաջ եկած «փեսային»։ Այս հար­սանեկան եւ աւետարանական պատկերներու փոխաբերութեամբ Հանրապետութեան վերականգնումը կը ստանայ ուրախութեան եւ վերածնունդի ծիսական խորհուրդ։
Եւ, վերջապէս, աղօթքը կը դադրի ըլլալու միայն Աստուծոյ ուղղուած աղերս եւ կը վե­րա­ծուի ժողովուրդին ուղղուած հանդիսաւոր կոչի. «Եւ դուք ժողովուրդ Հայոց, որդիք Հայկեայ եւ որդեգրեալք եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, առէք զսպառազինութիւն հաւա­տոյդ… արի՛ք, ընդ առաջ»։ Այս վերջին պատգամով Գուշակեան ժողովուրդը կը վերա­դարձնէ պատմութեան բեմ՝ զինուած ոչ միայն ֆիզիքական զէնքով, այլեւ հաւատքի զրահանդերձով եւ յոյսի սաղաւարտով։ Այսպիսով՝ աղօթքը կը հասնի իր գագաթնա­կէտին՝ գոհաբանութիւնը վերածելով կոչի, իսկ ազատութիւնը՝ պարտաւորութեան։
Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց»-ը կարելի չէ գնահատել միայն իբրեւ իր ժա­մանակին համար յօրինուած ծիսական աղօթք մը։ Ան նաեւ Գուշակեանի հոգեւոր նկա­րագրին, ազգային գիտակցութեան եւ անսահման հայրենասիրութեան կենդանի ար­տայայտութիւնն է։ Անբասիր կրօնաւորի մը կեանքը, որ իր ամբողջ էութեամբ նուիր­ուեցաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, այստեղ կը ներ­կայանայ իբրեւ աղօթքի վերածուած ազգային վկայութիւն։ Գուշակեան այն հոգեւորա­կաններէն էր, որոնց համար Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը չէր սահմանափակուեր միայն խորանին եւ սրբազան արարողութիւններուն մէջ, այլ կ՚ընդգրկէր նաեւ ազգին ցաւը, հայրենիքի ճակատագիրը, ժողովուրդի ապագան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանումը։
Իր յօժարակամ ու անգնահատելի ծառայութիւններով, իր երկարամեայ նուիրումով եւ, մանաւանդ, իր բուռն ու անկեղծ հայրենասիրութեամբ Թորգոմ սրբազան իր անունը կապեց հայ ժողովուրդի այն սերունդին հետ, որ պետականութեան վերականգնումը ընդունեց ոչ իբրեւ քաղաքական պատահական իրադարձութիւն մը, այլ պատմութեան երկարատեւ զրկանքներէն ետք վերստին շնորհուած սրբազան ժառանգութիւն։ «Գո­հաբանական մաղթանք»-ին մէջ անոր ձայնը կը հնչէ այդ խոր համոզումով. հայրենիքը պարգեւ մըն է, Հանրապետութիւնը՝ սրբութեամբ պահպանուելիք ազգային գերագոյն արժէք մը, զինուորին զոհաբերութիւնը՝ սրբազան պարտք մը, իսկ ժողովուրդին սէրն ու բարի գործերը՝ անկախութեան իրական երաշխիքը։
Եւ հոս է, թերեւս, Գուշակեանի ստեղծագործութեան ամէնէն մնայուն պատգամը։ Ան ապրած է Հանրապետութեան մը վերականգնման պատմական պահը, բայց իր խօսքը չի սահմանափակուիր այդ մէկ ժամանակաշրջանով։ Անոր աղօթքը այսօր ալ կը հասնի մեզի՝ որպէս անցեալէն եկող ազգային խղճի ձայն ու սրտի խորքերէն հնչող արեան կանչ։ Այդ ձայնին մէջ կը միանան խոր հաւատքը, անշեղ եկեղեցասիրութիւնը եւ հայ­րենիքի հանդէպ բուռն սէրը՝ կազմելով հոգեւորականի մը այն վեհ կերպարը, որ իր ժո­ղովուրդին ծառայութիւնը ապրեցաւ իբրեւ կոչում, իսկ հայրենիքին հանդէպ իր սէրը՝ իբրեւ սրբազան պարտաւորութիւն։ Ուստի Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբանա­կան մաղթանք»-ը կը մնայ ոչ միայն իր դարաշրջանի պարճախօս վկայութիւնը, այլեւ հայ հոգեւորականութեան ազգային առաքելութեան արժէքաւոր յուշարձաններէն մէկը՝ գրուած աղօթքի լեզուով, բայց ոգեշնչուած հայրենիքի անսպառ սիրով։
Երջանկայիշատակ Թորգոմ արք. Գուշակեանի հեղինակած «Գոհաբանական մաղ­թանք»-ը պատգամ մըն է նաեւ մեզի եւ գալիք հայ սերունդներուն։ Այսօր, հոգեւին եւ արդար հպարտութեամբ, կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեակը՝ գի­տակցելով, որ անկախութիւնը դիւրին ժառանգութիւն մը չէ։ Ինչպէս 1918 թուականի Ա. Հանրապետութիւնը, այնպէս ալ ներկայ Հանրապետութիւնը իր գոյութեան ճանապար­հը անցած է պատերազմներու, զոհողութիւններու եւ մահու-կենաց մաքառումներու ընդմէջէն։ Ուստի առկայ հանրապետական մաղթանքին ու անոր աղօթքներուն ընդ­մէջէն հաղորդուող պատգամը այսօր կը հնչէ առանձնայատուկ ուժգնութեամբ. հայրե­նիքը սիրել՝ կը նշանակէ զայն սիրել «ամենայն սրտէ քումմէ, եւ ամենայն անձնէ քումմէ, եւ ամենայն մտաց քոց» (Մտթ. ԻԲ, 37). որովհետեւ հայրենասիրութիւնը լոկ զգացում մը չէ, այլ՝ ուխտ, յանձնառութիւն եւ պատասխանատւութիւն՝ պահպանելու, շէնցնելու եւ հզօրացնելու այն սրբազան ժառանգութիւնը, որ դարերու տառապանքէն, թափուած ծով արիւնէն եւ միլիոնաւոր հայորդիներու զոհաբերութենէն մեզի հասած է։ Եւ թերեւս հոս է «Գոհաբանական մաղթանք»-ին ամէնէն այժմէական պատգամը՝ անկախութիւնը միայն տօնելի իրողութիւն չէ, այլ հայրենիքին հանդէպ ամէն սերունդի վերանորոգելի ուխտը. երէկուան սերունդներուն արիւնով կերտուած պետականութիւնը այսօրուան եւ վաղուան սերունդներուն կը վստահուի՝ զայն հաւատարմութեամբ պահելու, նոր կեանքով ծաղկեցնելու եւ արժանավայել ձեռքբերումներով ու բարի գործերով անոր խաղաղ յառաջընթացը ապահովելու համար։
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 19 սեպտեմբեր 2026
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին ընդառաջ
[1] Թորգոմ արք. Գուշակեան ծնած է Պարտիզակ 14 սեպտ. 1874 թ.-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ներսէս-Շուշանեան ազգ. վարժարանին մէջ եւ զայն աւարտած 1890-ին: Նոյն տարին ընդուն­ուած է Արմաշի դպրեվանքը, զոր աւարտելէ ետք 1896 թ.-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի: 1906-ին կը նշանակուի լիազօր փոխվանահայր եւ տեսուչ Արմաշի դպրեվանքին՝ յաջորդելով Տ. Եղիշէ արք. Դուրեանի: 1907-ին կ’ընտրուի առաջնորդ Սեբաստիոյ: 19 սեպտ. 1910-ին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի՝ ձեռամբ Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան կաթողիկոսի: 28 յունիս 1914-ին կ’ընտրուի առաջնորդ Եգիպտոսի հայութեան: 6 յունիս 1931-ին կ’ընտրուի Երուսաղէմի պատրիարք. պատասխանատու պաշտօն մը, որ կը վարէ մինչեւ իր մա­հը՝ 10 փետր. 1939 թուականը: Երջանկայիշատակ Տ. Թորգոմ արք. Գուշակեան եղած է մին Հայ եկե­ղեցւոյ արի եւ անվկանդ հովուապետերէն եւ հայ ժողովուրդի ազնուագոյն ու բազմաշնորհ զաւակներէն:
[2] Տե՛ս Հակոբեան, Պիոն, «Էջմիածինը և Արեւելյան Հայաստանի ազատագրումը», «Էջմիածին», 1978, էջ 71:
[3] Տե՛ս «Գիրք աղօթից սակս ըստ արժանւոյն հանդիսիւ Տօնեցելոցն ի մէնջ՝ Տօնից Թագաւորականաց: Կարգաւորեալ և շարադրեալ ի Մեծէ Հոգելոյս Հայրապետէ՝ Տեառն Սիմէօնէ Սրբազնասուրբ Կաթու­ղիկոսէ ամ[ենայն] Հայոց. Սրբոյ և մեծի Աթոռոյն Էջմիածնի: Յամի Տեառն 1771 Յուլիսի 10», Նոր Նա­խիջևան, 1794:
[4] Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 5:
[5] Տե՛ս Եզեանց, Կարապետ, «Ս. Էջմիածնի Մայր աթոռի եւ ռուսաց կառավարութեան յարաբերութիւն­ների ծագումը», «Լումայ», տպ. Ա. Քութաթելաձէի, Թիֆլիս, 1904, էջ 10:
[6] Տե՛ս «Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար», Անթիլիաս, 2020։
[7] Տե՛ս «Բագին, ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի», Է. տարի, թիւ 5-6, Պէյրութ, 1968, էջ 76–77:
[8] Տե՛ս «Հայրենիք, ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ», 28 մայիս 1980, VOL. 82, No. 20338, Պոսթըն, էջ 4:
[9] Տե՛ս Յոխիկեան, Սմբատ, «Պատմական դրուագներ ու յուշեր մեր ազգային կեանքի մօտիկ անցեալէն», «Հայրենիք», 28 մայիս 1980, VOL. 82, No. 20338, էջ 4:
[10] Տե՛ս «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց», տպարան Սրբոց Յակոբ­եանց, Երուսաղէմ, 1947:
[11] Տե՛ս «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց, կատարելի յեկեղեցիս հայոց վիճակին Եգիպտոսի (պատրաստուած 1920-ին, առաջնորդ Թորգոմ արք. Գուշակեանի կողմէ), Բ. տպա­գրութիւն, տպ. Յուսաբեր, Գահիրէ, 1954:
[12] Տե՛ս Թորգոմ արքեպիսկոպոս, «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց», յառաջաբան՝ Մեսրոպ եպս. Աշճեան, Նիւ Եորք, 1987, բնագիրը՝ հայ. եւ անգլ.:
[13] Տե՛ս Վրացեան, Սիմոն, «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Փարիզ, 1928, էջ 155:
ԼՈՅՍԻՑ՝ ԼՈՅՍ
Հայ մշակոյթը հինաւուրց մի գետ է հոսուն,
Որ դարերի ժայռերի միջով հոսում է լուռ,
Նրա ջրում՝ մեր նախնիների երազն է մաքուր,
Եւ վաղուայ մեր սերունդների երդումը՝
Անսասան ու ամուր։
Այն գիր չէ միայն, ոչ քարէ վանք, ոչ երգ,
Ոչ ձեռագիր մատեան՝ մագաղաթի վրայ շողշող,
Այն հոգու կենսագիր է՝ դարերից եկած անեղծ,
Մի շղթայ՝ օղակ առ օղակ, որ չի բեկւում երբեք։
Ժողովուրդը ազգ է դառնում ոչ միայն արեամբ,
Այլ երբ իր ներաշխարհը կերպաւորում է խօսքով,
Երբ իր հաւատը բարձրացնում է երգի թեւերով վեր,
Եւ իր մտածումը թողնում է ժամանակի գրքով։
Քաղաքակրթութիւնը մարդու յաղթանակն է վայրենի,
Մշակոյթը՝ այդ յաղթութեան յիշողութիւնն անթեղուած,
Ուր որ կարող էր աւերել՝ մարդը շինում է սրբօրէն,
Ուր որ բռնութիւնն է գոռում՝ նա խօսում է՝ չլռած։
Ժամանակի անիւը գլորւում է՝ ծանր ու դանդաղ,
Դարիւդարիւ տանում է եւ՛ պալատ, եւ՛ փլուած քաղաք,
Մարդը մի ձեռքով լոյս է բարձրացնում դէպի երկինք,
Միւսով՝ երբեմն իր ստեղծած լոյսն է դարձնում կրակ։
Բայց պատմութեան անդունդից, կործանումից անդին,
Մի ձայն կայ՝ յամառ, անտես, բայց անպարտելի,
Որ մարդուն դէպի բարին է կանչում կրկին,
Դէպի գիտութիւն,
Ստեղծում, արժանապատուութիւն՝
Դէպի լոյսի բարձունքներ վերելքի։
Հայ ժողովրդի համար մշակոյթը տուն դարձաւ,
Երբ հայրենի հողը բաժանուեց ու ցաւեց,
Երբ սահմանն անցաւ օտարի ձեռքով ու սառեց,
Լեզուն դարձաւ հայրենիք՝
Եւ հայրենիքը չմեռաւ, չանցաւ։
Նա մեզ միացրեց՝ բաժանուած աշխարհների մէջ,
Մեզ անուն տուեց՝ երբ անունը ջնջել էին ուզում,
Եւ ասաց՝ հայրենիքը հող չէ միայն, այլեւ հոգու մէջ
Այն լեզուն, երգն ու աղօթքն են,
Որոնցով ապրում ենք ու հաղորդակցւում։
Ուստի պէտք է իջնել ժամանակների խորքը,
Ուր հողը պահում է հազարամեակների հետքը,
Ուր քաղաքներ են ծնուել, ժողովուրդներ անցել,
Եւ իւրաքանչիւր քար
Մի լուռ վկայութիւն է դարձել։
Պատմութիւնը միայն արքաների սուրը չէ,
Ոչ էլ պատերազմների աղմկոտ արհաւիրքն է,
Այն հողի մշակն է, տան կրակը, հացի հոտը,
Եւ մօր նանիկը, որ երեխային օրօր է երգում։
Բայց եկաւ մի դար՝ աստուածային նշանով,
Երբ հայոց գիշերուայ մէջ ծագեց մի արեգակ,
Եւ Մաշտոցի ձեռքով, լուսաւոր հաւատով,
Հայոց խօսքը գտաւ իր յաւերժական ճամբան։
Նա մեզ տառ չտուեց միայն՝ մի քանի նշան,
Նա մեզ տուեց հայելու նման մի սուրբ զօրութիւն՝
Մեզ տեսնելու, ճանաչելու եւ ասելու՝ «Մենք կանք»,
Եւ խօսքը դարձնելու ազգային գոյութիւն։
Տառը դարձաւ յիշողութիւն, գիրը՝ ժամանակ,
Ժամանակը՝ գիտակցութիւն, գիտակցութիւնը՝ կամք,
Եւ հայերէն բառի մէջ, ինչպէս խորունկ մի տաճար,
Անցեալն ու ապագան միացան՝ ձեռք ձեռքի տուած։
Եւ երբ սուրբ գրքերը հայերէն հնչեցին,
Լեզուն բարձրացաւ մտքի մեծ երկինք,
Օտար իմաստները հայ շուրթերի մէջ ծլեցին,
Ու հայերէնը դարձաւ աշխարհի հետ խօսող մի միտք։
Թարգմանիչը կանգնեց երկու աշխարհների միջեւ,
Մի ձեռքին՝ օտար գրքի հին իմաստն անծայր,
Միւսին՝ հայոց բառի կենդանի հրաշքը շքեղ,
Եւ կամուրջ շինեց՝
Որ անցնի հոգին աշխարհից աշխարհ։
Այդ օրից կրթութիւնը դարձաւ մեր դարբնոցը,
Որտեղ միտքը կոփուեց՝ երկաթի պէս հզօր,
Եւ գիրքը բացեց դէպի աշխարհը իր դուռը,
Բայց արմատը պահեց՝
Հողի խորքում՝ անսասան, զօրաւոր։
Ազգային լինելը փակ դուռ լինել չէ աշխարհին,
Ոչ էլ սեփական պատերի մէջ մենակ մնալ,
Ծառն իր արմատով է կանգուն,
Բայց ճիւղերով՝ երկնքին,
Եւ ով արմատ ունի՝
Կարող է աշխարհի հետ խօսել, ճանաչել։
Հայ լինել եւ մարդ լինել՝
Երբեք իրար հակառակ չեն,
Եթէ սեփական ցաւը
Վերածում ես համամարդկային երգի,
Լեռը կարող է հայկական լինել,
Բայց նրա ստուերում
Իւրաքանչիւր մարդ տեսնել կարող է
Իր կորուստն ու երկինքը։
Խաչքարի լռութեան մէջ
Քարն անգամ խօսում է,
Հայոց երգը լեռներից անցնում՝
Սրտերի խորքն է հասնում,
Եւ մեծ արուեստը սահման չի ճանաչում,
Չի մարում,
Որովհետեւ մարդուն հասնող ճշմարտութիւնն
Ազգից վեր է բարձրանում։
Հինգերորդ դարը միայն գիրք չէր,
Այն հոգու խորքից բարձրացած
Ազատութեան ձայն էր․
Վարդանանց պայքարի մէջ խօսեց մի ժողովուրդ՝
Որ իր հաւատը կորցնելով՝
Իր ինքնութիւնն էր կորցնելու նաեւ։
Այդ ոգին վերադարձաւ
Դարերի տարբեր ճանապարհով,
Նոյն պահանջը՝ տարբեր բառերով,
Տարբեր ժամանակներում,
Որ մարդը չի ապրում լիովին,
Եթէ իր հոգու խորքում
Ուրիշն է տնօրինում իր լեզուն,
Յիշողութիւնն ու կամքը։
Այսօր մշակոյթը թանգարանի լուռ սրահ չէ,
Որտեղ տարին մէկ այցի ենք գալիս․
Եթէ նոր երգ չի ծնւում,
Հին երգն էլ չի փրկի մեզ․
Եթէ նոր խօսք չկայ՝
Հին փառքի ստուերում կը մնանք։
Պէտք է կենդանի լեզու՝ ամենօրեայ շնչի պէս,
Կենդանի գիրք, որ բացուի նոր ձեռքերի մէջ,
Գիտութիւն, որ հարցնի,
Արուեստ, որ նոր ձեւեր հիւսի,
Եւ մարդ, որ ստեղծելով՝
Իր ժամանակին պատասխանի։
Այս նոր աշխարհում
Հեռաւորութիւնը փշրւում է մի ակնթարթում,
Հայոց բառը կարող է հասնել ծովերի միւս ափ,
Բայց եթէ մեր ձայնը խառնենք
Համաշխարհային աղմուկին,
Մեր լոյսը կը դառնայ անանուն կայծ՝
Մարող ու անհետացող։
Ուստի՝ ոչ թէ փակուենք
Աշխարհի առաջ երկիւղած,
Այլ բացուենք՝ մեր իսկ դէմքով,
Մեր անունով, մեր ձայնով,
Թող հայոց խօսքը գնա հեռուներ՝
Ազատ ու համարձակ,
Բայց թող նրա արմատը
Մնա հայրենի հողի ընդերքում խոր։
Հայաստան ու Սփիւռք՝
Երկու ափ, բայց մի գետ,
Տարբեր երգեր, տարբեր շեշտեր՝
Բայց նոյն խոր արմատը,
Թող բազմազանութիւնը դառնայ
Հարստութիւն ու ծաղկունք,
Ոչ թէ բաժանման պատ՝ սառն ու անանց։
Թող նոյն ծառի ճիւղերը
Տարբեր ուղղութեամբ աճեն,
Բայց նոյն հողից իրենց ուժը առնեն ամէն օր,
Թող տարբեր ձայները մի երգի մէջ միաձուլուեն,
Ազգային լոյսը նրանց բոլորի վրայ մնա հսկող։
Սփիւռքի համար հայրենիքը
Թող լինի ոչ միայն յիշատակ,
Այլ կենդանի աղբիւր՝
Ամէն օր հոսող ու կարկաչող,
Իսկ Սփիւռքը թող բերի հայրենիքին
Աշխարհի հարստութիւնը՝
Իր ստեղծած լոյսը, իր փորձը,
Իր հոգու բերքը յուռթի։
Նոր սերունդը
Թող չապրի միայն նախնեաց փառքով,
Ժառանգութիւնը սուրբ է,
Բայց նաեւ՝ ծանր պարտք,
Մաշտոցը մեզ տուեց տառեր՝
Մենք տանք նոր խօսք,
Նրանք տաճարներ շինեցին՝
Մենք կառուցենք նոր հոգեւոր յարկ,
Բարբառ պարգեւենք։
Արարատը լեռ չէ միայն՝
Հեռւում կանգնած անշարժ,
Նա չափանիշ է՝
Դէպի վեր նայելու եւ քայլելու,
Իւրաքանչիւր սերունդ
Ունի իր գագաթը բարձր,
Իր ժամանակի լեռը՝
Սեփական ուժով յաղթելու։
Մեր մշակոյթը մեզ պահեց՝
Երբ փլւում էր աշխարհը,
Այժմ մենք պիտի պահենք նրան՝
Ստեղծելով նոր օր,
Անցեալի լոյսը դարձնենք
Ներկայի կենդանի ուժ,
Եւ վաղուայ խաւարի մէջ վառենք
Նոր, անշէջ հորիզոն։
Դարերը մեզ չեն պահել պատահաբար,
Ոչ,
Լեզուն, գիրը, երգը
Մեզ տարել են փլատակների միջով,
Եւ երբ ամէն ինչ թւում էր կորած,
Մի ձայն ասում էր․
«Մենք կանք, մենք յիշում ենք,
Մենք ստեղծում ենք նորից»։
Այսօր էլ աշխարհը անհանգիստ է,
Ինչպէս հին ժամանակներում,
Մարդու մեծագոյն նուաճումը
Հարեւան է խաւարին,
Ուստի մեր պատգամը
Թող լինի ոչ թէ անցեալի պահպանում,
Այլ նաեւ ապագայի ստեղծում՝
Լոյսը բարձր պահելով աշխարհում։
Թող հայերէնը չլինի միայն
Ժառանգուած անուն,
Այլ ամենօրեայ շունչ՝
Կենդանի, հարազատ, յարատեւ,
Թող գիրքը նորից բացուի երեխայի ձեռքում,
Եւ հայոց արուեստը ծնուի նոր՝
Չկրկնելով անցեալը երբեք։
Թող գիտութիւնը մեր միտքը տանի
Նոր սահմաններ,
Թող երգը աշխարհ հասնի՝
Բայց հայ սրտից ծնուած,
Թող իւրաքանչիւր համայնք իր մէջ պահի
Հայրենիքի լոյսը,
Եւ այդ լոյսով լուսաւորի
Իր ապրած աշխարհը՝ անխոնջ, չմարած։
Որովհետեւ մշակոյթը անցեալ չէ միայն՝
Փակուած դամբարանում,
Ոչ հին արձան է միայն,
Ոչ յիշողութեան սառած քար․
Մշակոյթը ապագան է՝
Ամէն օր գրուող ձեռքով,
Ամէն նոր սրտի բաբախումով՝
Կենդանի, արթուն, յարատեւ։
Եւ քանի դեռ հայերէնը հնչում է՝
Որպէս մայրական օրհնութիւն,
Քանի դեռ հայ մարդը մտածում է,
Ստեղծում ու երգում,
Քանի դեռ ազատութեան
Ու արժանապատուութեան լոյսը
Նրա հոգում չի մարում՝
Հայ մշակոյթը շարունակւում է։
Նա չի աւարտւում։
Դարերի միջով՝
Մարդուց մարդ,
Սրտից սիրտ,
Գրից գիր,
Լոյսից՝ լոյս։
Ո՛վ Աստուած, ո՛վ աշխարհ, ո՛վ բնութիւն․․․
Պահպանի՛ր այն կրակը,
Որ մեզ է հասել խորքից,
Տու՛ր մեզ իմաստութիւն՝
Չմարելու նրա սուրբ բոցը,
Արիութիւն՝ բարձր պահելու,
Եւ ուժ՝ նոր լոյսեր վառելու։
Արարատը կանգնած է յաւէրժ,
Իր լռութեան մէջ՝ բարձր ու վսեմ,
Բարձեալի հետ հաղորդակցութեան մեր թելն է։
Ճանապարհը դեռ բաց է՝
Դէպի չնուաճուած բարձունքներ։
Եւ հայութիւնը դեռ պիտի բարձրանայ՝
Ոչ միայն յիշելով իր լոյսը,
Այլ լոյսը հրավառելով լոյսով։
ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա
Թարգմանութիւնը եւ ժամանակակից գաղափարները հայերէնով արտայայտելու հրամայականը
Աշխարհի մեծ գաղափարները հազուադէպօրէն մնացած են այն լեզուին սահմաններուն մէջ, ուր ծնունդ առած են։ Անոնք ճամբորդած են երկրէ երկիր, մշակոյթէ մշակոյթ եւ դարէ դար։ Իսկ այդ ճամբորդութեան անտեսանելի ուղեկիցները եղած են թարգմանիչները։
Մտածենք պահ մը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար հայ մշակոյթն ու հայ մտաւոր կեանքը, եթէ հինգերորդ դարուն Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոնց աշակերտներուն՝ Թարգմանիչներուն մեծ շարժումը չըլլար։ Աստուածաշունչի թարգմանութենէն մինչեւ ժամանակի աստուածաբանական, փիլիսոփայական եւ պատմագիտական երկերու հայացումը՝ անոնք ոչ միայն օտար գիտելիքը հայերէնի փոխադրեցին, այլ հայերէնը դարձուցին գիտելիք ստեղծելու, մտածելու եւ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը կրելու լեզու։
Դարեր ետք, նոյն երեւոյթին մէկ ուրիշ արտայայտութիւնը կը տեսնենք 19-րդ դարու հայկական զարթօնքի շրջանին, յատկապէս Պոլսոյ մէջ։ Եւրոպական գրականութեան, պատմութեան, գիտութեան, քաղաքական ու հասարակական գաղափարներու թարգմանութիւնը հայ ընթերցողին առջեւ բացաւ ժամանակակից աշխարհի դռները եւ միաժամանակ ստիպեց հայերէնը նորոգուելու՝ նոր բառեր, հասկացողութիւններ եւ արտայայտութեան միջոցներ ստեղծելով։ Թարգմանութիւնը այսպիսով միայն եւրոպական միտքը հայերուն ծանօթացնելու միջոց չեղաւ. ան նաեւ աշխարհաբարի զարգացման, հայ մամուլի ու գրականութեան վերելքին եւ նոր հայկական մտաւորականութեան ձեւաւորման շարժիչ ուժերէն մէկը դարձաւ։
Տակաւին, ի՞նչ պիտի ըլլար Եւրոպական Վերածնունդը, եթէ հին յոյն մտածողներուն գործերը դարեր շարունակ չթարգմանուէին։
5-րդ եւ 19-րդ դարերու Հայոց պատմութեան այս երկու մեծ հանգրուաններուն միջեւ դարեր կան, բայց զանոնք միացնող սկզբունքը նոյնն է. լեզուն կը զարգանայ, երբ կը ստիպուի նոր գիտելիքներ եւ նոր գաղափարներ արտայայտել։ Եւ ասիկա անցեալին չի պատկանիր միայն:
Նոյն գիտակցութեան ժամանակակից արտայայտութիւններէն մէկը կարելի է տեսնել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին նախաձեռնած թարգմանական ծրագրին մէջ։ 2015-ին սկսած «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարը » (Calouste Gulbenkian Translation Series» նպատակ ճշդած է ընկերային եւ մարդկային գիտութիւններու հիմնարար աշխատութիւնները հայերէնի մատչելի դարձնել։ Ֆուքոյէն, Արենտէն, Սայիտէն եւ Հապերմասէն մինչեւ Սփիվաք, Ռոլզ եւ Վենութի՝ խնդիրը պարզապէս կարեւոր գիրքեր հայերէնի թարգմանելը չէ։ Խորքին մէջ փորձը նոյնն է, ինչ որ եղած է մեր պատմութեան ուրիշ հանգրուաններուն՝ հայերէնը դնել նոր գաղափարներ արտայայտելու անհրաժեշտութեան առջեւ եւ այդ անհրաժեշտութեան միջոցով ընդարձակել անոր բառապաշարն ու հասկացողական դաշտը։
Այս իմաստով ուշագրաւ է, որ հիմնարկութիւնը իր թարգմանական ծրագրի նպատակներուն շարքին կը նշէ հայերէնի արդիականացումը՝ նոր բառապաշար ներմուծելով։ Ան նաեւ կը շեշտէ թարգմանուած գիրքերու համալսարաններու մէջ շրջանառութեան եւ ժամանակակից համաշխարհային մտածողութեան հետ հայերէնի կապը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Այսինքն՝ թարգմանութիւնը այստեղ արդիւնք չէ միայն. լեզուաշինութեան եւ մտաւոր զարգացման գիտակցուած միջոց է։ Ոչ մէկ ստեղծագործ մշակոյթ ծաղկած է միայն ինքն իրեն խօսելով։ Ան նախ լսած է ուրիշները, եւ լսելու համար՝ թարգմանած։
Թարգմանութիւնը բառեր փոխադրել չէ
Մենք յաճախ թարգմանութիւնը կը պատկերացնենք որպէս օտար լեզուով գրուած նախադասութիւնը հասկնալ եւ նոյն միտքը հայերէնով արտայայտել։ Բայց իսկական թարգմանութիւնը շատ աւելին է։ Ամէն լաւ թարգմանութիւն նոր մտածողութիւն մը կը բերէ լեզուին մէջ։ Ան մեզի միայն նոր բառեր չի տար. նոր հասկացողութիւններ, նոր հարցադրումներ եւ աշխարհը դիտելու նոր եղանակներ կու տայ։ Որովհետեւ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ։ Լեզուն նաեւ մտածելու միջոց է։
Երբ հայերէնի մէջ կը մտնեն «քննական մտածողութիւն» (critical thinking), «ճանաչողական կողմնակալութիւն» (Cognitive Bias), «համակարգային մտածողութիւն» (Systems thinking), «արուեստական իմացականութիւն» (Artificial intelligence-AI), «վարքագծային տնտեսագիտութիւն» (Behavioral economics) կամ նման նոր հասկացողութիւններ, պարզապէս մեր բառապաշարը չէ, որ կը հարստանայ։ Կ’ընդարձակուի նաեւ հայերէնով այդ գաղափարներուն մասին մտածելու, զանոնք քննարկելու եւ անոնցմէ նոր միտքեր զարգացնելու մեր կարողութիւնը։ Այս է թարգմանութեան ամենէն կարեւոր ուժերէն մէկը։ Լեզուին նոր բաներ ըսելու կարելիութիւն տալով՝ ան մարդուն նաեւ նոր բաներ մտածելու կարելիութիւն կու տայ։
Ի՞նչ կը թարգմանենք այսօր։
Մենք՝ հայերս, արդար հպարտութեամբ կը խօսինք մեր գրականութեան, մատենագրութեան, տպագրութեան պատմութեան եւ մեծ հեղինակներուն մասին։ Բայց քիչ կը պատահի, որ հարցնենք. Ի՞նչ կը թարգմանենք այսօր։ Եւ աւելի կարեւորը՝ ինչո՞ւ ճիշդ այդ գիրքերը կը թարգմանենք։ Հայերէնը, անշուշտ, հարուստ է թարգմանական գրականութեամբ։ Համաշխարհային գրականութեան դասականներն ու ժամանակակից հեղինակները շարունակ կը թարգմանուին, եւ շնորհալի թարգմանիչներ մեծ նուիրումով կը կատարեն այդ աշխատանքը, եւ շնորհակալ աշխատանք կը տանին: Գրականութիւնը կը հարստացնէ լեզուն, կը խորացնէ մարդկային փորձառութեան մեր ընկալումը, կը զարգացնէ երեւակայութիւնը եւ կը յղկէ մեր զգացական ընկալումը։ Բայց ժողովուրդ մը պահանջները չեն սահմանափակուիր զգացական փորձառութեամբ։ Ան նաեւ մտածելու կարիք ունի։
Այսօր աշխարհը աննախընթաց արագութեամբ կը փոխուի։ Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կը վերաձեւէ աշխատանքն ու կրթութիւնը։ Նեարդագիտութիւնը նոր լոյս կը սփռէ մարդկային ուղեղին վրայ։ Ծինագիտութիւնը կը փոխէ բժշկութիւնը։ Տնտեսագիտութիւնը, քաղաքագիտութիւնը եւ ընկերաբանութիւնը նոր գործիքներ կու տան հաւաքականութիւնները հասկնալու համար։ Կլիմայական փոփոխութիւնը մեզ կը ստիպէ վերանայելու զարգացման, տնտեսութեան եւ բնութեան հետ մեր յարաբերութեան մասին բազմաթիւ համոզումներ։
Այս բոլորը որքանո՞վ հասանելի են հայերէնով։ Հարցումը կարեւոր է, որովհետեւ եթէ մեր ժամանակներու հիմնական գաղափարները կարելի չէ հայերէնով կարդալ եւ քննարկել, ժամանակի ընթացքին հայերէնը կրնայ մնալ մեր յիշողութեան, զգացումներուն եւ գրական ստեղծագործութեան լեզուն, բայց աստիճանաբար նուազ կրնայ մասնակցիլ այն մտաւոր զրոյցին, որ կը ձեւաւորէ մեր ներկան եւ ապագան։ Լեզու մը չի կրնար միայն անցեալի լեզուն ըլլալ եւ միաժամանակ կենսունակ մնալ։ Ան պէտք է կարենայ խօսիլ նաեւ ապագային մասին։
Բայց կայ եւ տարբեր հարց մը. թարգմանելը ինքնին բաւարար չէ։ Թարգմանուած գիրքը պէտք է նաեւ ընթերցող ունենայ, քննարկուի, գրախօսուի, մտնէ համալսարան, մամուլ եւ հանրային զրոյց։ Այլապէս նոր գաղափարը հայերէն բառեր կը ստանայ, բայց տակաւին հայ մտաւոր կեանքին մաս չի դառնար։ Թարգմանութեան իսկական յաջողութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ թարգմանուած գաղափարը կը դադրի օտար գիրքի մը գաղափարը ըլլալէ եւ կը սկսի հայերէնով մտածող մարդոց մէջ ապրիլ։ Պատահական չէ, որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան թարգմանական ծրագրին շուրջ կազմակերպուած քննարկումներուն մէջ եւս շեշտուած է թարգմանուած գործերը համալսարանական շրջանառութեան մէջ դնելու եւ զանոնք քննական մտածողութեան զարգացման ծառայեցնելու կարեւորութիւնը։
Թարգմանութիւնը որպէս ընտրութիւն
Ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ թարգմանել աշխարհի մէջ հրատարակուող բոլոր գիրքերը։ Հետեւաբար թարգմանութիւնը միշտ ընտրութիւն կ’ենթադրէ։ Ամէն անգամ, երբ գիրք մը կը թարգմանենք, գիտակցաբար կամ ոչ, որոշում մը կ’առնենք. այս գաղափարը արժանի է մեր լեզուին մէջ ապրելու։ Հետեւաբար հարցը միայն այն չէ, թէ որքան կը թարգմանենք։ Հարցը այն է, թէ ի՛նչ կը թարգմանենք։ Կրնանք հարիւրաւոր վէպեր թարգմանել եւ միաժամանակ հայերէնով գրեթէ չունենալ ժամանակակից տնտեսագիտութեան, հոգեբանութեան, կրթութեան, գիտութեան փիլիսոփայութեան կամ արուեստական իմացականութեան կարեւոր աշխատութիւնները։ Ասիկա գրականութեան դերը նուազեցնել չի նշանակեր։ Ընդհակառակը։
Առանց գրականութեան մշակոյթ մը կը կորսնցնէ իր հոգին։ Բայց առանց ժամանակակից գիտելիքի եւ գաղափարներու՝ ան կրնայ կորսնցնել աշխարհը հասկնալու կարողութիւնը։ Հետեւաբար թարգմանական քաղաքականութեան մը հիմնական հարցումը պէտք չէ ըլլայ միայն՝ «այս գիրքը պիտի վաճառուի՞» կամ «հեղինակը հանրածանօ՞թ է»։ Աւելի կարեւոր է՝ այս գիրքը ի՞նչ նոր բան կը բերէ հայ ընթերցողին։ Կ’ընդարձակէ՞ անոր աշխարհայեացքը։ Կը ստիպէ՞ վերանայելու իր համոզումները։ Նոր հարցադրումներու առիթ կը ստեղծէ՞։ Հայերէնի մէջ կը բերէ՞ գիտելիք մը կամ մտածելակերպ մը, որ տակաւին գոյութիւն չունի։ Որովհետեւ ժողովուրդ մը չի հարստանար միայն իր գրադարանին մէջ աւելի շատ գիրքեր ունենալով։ Ան կը հարստանայ, երբ այդ գիրքերը կը բազմապատկեն իր մտածելու կարողութիւնը։
Թարգմանիչը՝ լուռ մշակութային գործիչ
Այս բոլորէն ետք թարգմանիչին կարեւորութիւնը աւելի պարզ կը դառնայ:  Թարգմանիչը պարզ միջնորդ մը չէ երկու լեզուներու միջեւ։ Երբ ամիսներ, երբեմն տարիներ կը նուիրէ գիրքի մը թարգմանութեան, ան միայն նախադասութիւններ չի փոխադրեր մէկ լեզուէն միւսը։ Ան հայ ընթերցողին առջեւ պատուհան մը կը բանայ դէպի մտածողութեան ուրիշ աշխարհ մը։ Բայց ժամանակակից մտքի թարգմանութիւնը նաեւ եզրաշինութեան աշխատանք է։
Երբ հայերէնը տակաւին պատրաստ համարժէք չունի նոր հասկացողութեան մը համար, թարգմանիչը ստիպուած է ոչ միայն թարգմանելու, այլ երբեմն նաեւ լեզուական լուծում ստեղծելու։ Նոր բառ մը ստեղծելը բաւարար չէ։ Անիկա պէտք է ճշգրիտ եւ հասկնալի ըլլայ, ապա ընդունուի ու գործածութեան մէջ մտնէ։ Այս իմաստով թարգմանիչը երբեմն ոչ միայն երկու լեզուներու միջեւ միջնորդ է, այլ նաեւ հայերէնի ապագայ բառապաշարը կերտողներէն մէկը։
Այս մարտահրաւէրը տեսական չէ միայն։ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան թարգմանական ծրագրի փորձառութեան մէջ եւս թարգմանիչները անդրադարձած են հայերէն համարժէքներ գտնելու եւ նոր կամ անսովոր եզրերը ընթերցողին հասկնալի դարձնելու դժուարութեան։ Հիմնարկութեան ծրագիրը սկզբնապէս նախատեսած էր նաեւ նոր եզրաբանութեան տարածման միջոցներ։
Հետեւաբար, թարգմանիչը պէտք է հասկնալ կարենայ իր ժամանակը, հետեւիլ գաղափարներու շարժումին եւ զատորոշել այն գործերը, որոնք կրնան իսկապէս բան մը աւելցնել իր մշակոյթին։
Հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ այս գիտակցութիւնը նոր չէ։ Մեր մատենագիրները, վարդապետներն ու Մխիթարեան հայրերը ուրիշ ժողովուրդներու իմաստութիւնը հայերէնի փոխադրելը երբեք ազգային ինքնութեան սպառնալիք չնկատեցին։ Ընդհակառակը՝ հասկցան, որ ուրիշին ստեղծածը իւրացնելով եւ հայերէնով վերարտադրելով՝ լեզուն եւ մշակոյթը կը հարստանան։ Այսօր խնդիրը նոյնն է, միայն աշխարհն է անհամեմատ աւելի արագ։ Ամէն օր նոր գաղափարներ կը ծնին։ Նոր գիտելիքներ կը փոխեն մեր պատկերացումը մարդուն, հասարակութեան, կրթութեան, տնտեսութեան եւ նոյնիսկ բանականութեան մասին։ Բոլորը չենք կրնար թարգմանել։ Անհրաժեշտ ալ չէ։ Բայց պէտք է գիտնանք, թէ որո՛նք արժանի են հայերէնով ապրելու։ Եւ թերեւս հոս է մեր ժամանակներու թարգմանութեան մեծագոյն պատասխանատուութիւնը։
Լեզու մը չի պահպանուիր միայն որովհետեւ մարդիկ կը շարունակեն խօսիլ զայն։ Ոչ ալ միայն անցեալի գրականութիւնը վերահրատարակելով։ Լեզու մը իսկապէս կ’ապրի, երբ անով կարելի է մտածել ժամանակակից աշխարհին մասին։ Երբ կարելի է անով խօսիլ ոչ միայն մեր յիշողութեան, այլ նաեւ մեր ապագային մասին։ Երբ նոր սերունդը ստիպուած չէ ուրիշ լեզուի անցնելու ամէն անգամ, երբ կ’ուզէ հանդիպիլ նոր գաղափարի մը։
Արեւմտահայերէնի պարագային այս հրամայականը կրկնակի է։ Լեզու մը, որ արդէն կը պայքարի իր առօրեայ գործածութեան տարածքը պահպանելու համար, չի կրնար ինքն իրեն թոյլ տալ հրաժարելու ժամանակակից գիտելիքի լեզու ըլլալու իր հանգամանքէն։ Այս պատճառով թարգմանութիւնը մշակութային երկրորդական աշխատանք մը չէ։ Անիկա լեզուի ապագան կառուցելու միջոցներէն մէկն է։
Եւ թերեւս ազգի մը մտաւոր հարստութիւնը պէտք չէ չափել միայն այն հարցումով, թէ քանի՛ մեծ գիրք ան արտադրած է։ Պէտք է հարցնել նաեւ՝ համաշխարհային քանի՞ մեծ գաղափարներ ծնունդ առած են իր լեզուով: Որովհետեւ ազգ մը կը մեծնայ ոչ միայն իր գրածներով։
Ան կը մեծնայ նաեւ իր թարգմանածներով։
Վ.Թէնպէլեան
«Նոր Յառաջ»-ի հարցազրոյցը CivilNet-ի Տնօրէն Աբօ Պողիկեանի հետ
Ի՞նչ կը պահանջէ անկախ լրագրութիւնը քաղաքականօրէն բեւեռացած միջավայրի մը մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնան Սփիւռքի փորձառութիւնն ու արեւմտահայերէնը աւելի գործուն ներկայութիւն ունենալ Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ։ Այս հարցերը Աբօ Պողիկեանի համար առօրեայ աշխատանքի եւ անձնական ընտրութիւններու մաս կը կազմեն։
«Ասպարէզ»-ի եւ «Երկիր»-ի նախկին խմբագիր, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ «Երկիր մետիա»-ի հիմնադիր կազմի անդամ Աբօ Պողիկեան այսօր կը ղեկավարէ CivilNet-ը։ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայ խմբագիր-լրագրողին անցած ուղին առիթ կու տայ անդրադառնալու կուսակցական մամուլէն անկախ լրատուամիջոց անցնելու փորձառութեան, խմբագրական ազատութեան եւ արեւմտահայերէնով բովանդակութիւն ստեղծելու դժուարութիւններուն։
«Նոր Յառաջ»-ի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի կատարած այս հարցազրոյցը կ՚ընդգրկէ նաեւ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները, Սփիւռքի չօգտագործուած ներուժը եւ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերու ինքնակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը։ Պողիկեան կը խօսի պետութենէն իր ակնկալութիւններուն, արցախահայերու տեղահանութեան մարդկային ծանր հետեւանքներուն եւ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան մասին՝ շեշտելով երկրի ներքին ամրութիւնն ու ազգային զգայնութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը։
«Տարբերակ21»
«Նոր Յառաջ» – Երկար ժամանակ կուսակցական լրատու միջոցի պատասխանատու եղած ես՝ «Ասպարէզ»-ի խմբագիր, ապա «Երկիր» օրաթերթի խմբագիր՝ Հայաստանի մէջ: Ինչպէ՞ս եղաւ որ որոշեցիր լքել կուսակցական լրատու դաշտը եւ ըլլալ տնօրէնը անկախ լրատու միջոցի մը՝ «ՍիվիլՆեթ»-ի:
Աբօ Պողիկեան – Անցումը դժուար էր եւ, որոշ չափով, կամքէս անկախ։ «Ասպարէզ»-ի խմբագրութենէն ներս ինքզինքս իսկապէս հարազատ միջավայրի մէջ կը զգայի. քաղաքական գաղափարական առումով անիկա իմ տարերքս էր, քանի որ կը հաւատայի Դաշնակցութեան գաղափարներուն։ Սակայն վերջին շրջանին տարակարծութիւններ յառաջացան. կուսակցական թերթի մէջ ըլլալով հանդերձ՝ կը փորձէի իրավիճակին առարկայական գնահատական տալ եւ սխալները սրբագրելու նոր, աւելի ազգային ուղիներ փնտռել՝ յատկապէս պետականութեան հանդէպ ճիշդ  կողմնորոշում ունենալու հարցին մէջ։ Այս մօտեցումը դժուարութիւններ ստեղծեց. Կ’երեւի թէ այլեւս յարմար անձը չէի այդ գործին համար, ուստի զիս, այսպէս ըսած, հեռացուցին։ Զարմանալիօրէն թերթէն չհեռացուցին, հեռացուցին կուսակցութենէն։ Որոշ ատեն մը «Ասպարէզ»-ին խմբագիրն էի, բայց կուսակցական չէի, ատիկա շատ ընդունելի վիճակ մը չէր։
Բարեբախտաբար այդ ընթացքին «CivilNet»-ի տնօրէնի առաջարկութիւն ստացայ, ստանձնեցի այդ պարտականութիւնը քիչ մը տատամսումով, որովհետեւ ես տպագիր մամուլի մէջ աշխատած էի, multimedia-ի մէջ փորձառութիւն չունէի։ Հեռաձայնային հարցազրոյցի ժամանակ ալ ըսի «CivilNet»-ի աշխատակիցին, որ շատ չեմ հասկնար այս գործէն, բայց կան դատողութիւնս, լրագրական փորձառութիւնս. ձեւով մը կը փորձեմ։ Այդ ուղղութեամբ «CivilNet»-ը ինծի հետաքրքրական ասպարէզ բացաւ եւ ես չեմ կրնար բաւարար շնորհակալութիւն յայտնել ղեկավարութեան, որ վստահեցաւ ինծի այդ գործը, նաեւ աշխատողներուն եւ խմբագրական կազմին, որոնք հսկայական փորձառութիւն ունին, որոնց հետ համերաշխօրէն կ՚աշխատինք։
«ՆՅ» – «CivilNet»-ը իւրայատուկ տեղ ունի հայաստանեան լրատու դաշտին մէջ, այն իմաստով որ անոր հիմնադրութիւնը Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան արդիւնք է: Արդեօք տնօրէնին սփիւռքահայ ըլլալուն հանգամա՞նքը կը պահպանէ այդ հաւասարակշռութիւնը:
Ա. Պ. — Գրեթէ օրէն սփիւռքահայ եղած են տնօրէնները։ Սալբի Ղազարեանը հիմնադիրներէն էր եւ մինչեւ հիմա ձեւով մը կը հոգայ, կը հետեւի, կ’ օգնէ, կը տագնապի «CivilNet»-ի հարցերով, բայց լրիւ ազատ ձգելով եւ յարգելով լրատւութեան անկախութիւնը։ Ձեւով մը Սփիւռքի հանդէպ զգայնութիւն մը կայ՝ շնորհիւ սփիւռքահայ տնօրէններուն, այդ զգայնութիւնը կարծիքովս հարստութիւն կը բերէ, բայց ուզածիս չափ չէ հաւանաբար. կ’ուզէի թէ՛ արեւմտահայերէն բաժին, թէ՛ սփիւռքեան լրատւութեան բաժին, քննարկումի բաժին ունենալ, թէեւ որոշ հարցերու մէջ նախաձեռնութիւններ ըրած ենք, ըստ մեր հնարաւորութեան, որ շատ սահմանափակ է։
«ՆՅ» – Իսկ անկախութեան առումով, «CivilNet»-ը Հայաստանի բեւեռացած երկու լրատու դաշտին մէջ ո՞ւր կը տեղաւորուի, որքանո՞վ ֆինանսաւորումը իր անկախութեան երաշխիքն է:
Ա. Պ. — «CivilNet»-ը մի քանի լրատուական գործակալութիւններու կողքին, կը յաւակնի ըլլալ անկախ, այդ բեւեռացումէն հեռաւորութիւն պահելով։ Անկախութիւնը սահմանելու ամենալաւ ձեւը այն է, որ թէ՛ իշխանութիւն, թէ՛ ընդդիմութիւն քեզ կը դիտեն որպէս իրենց հակադրուած, չեն ընդունիր քեզ։ Չափազանց դժուար է, յատկապէս Հայաստանի մէջ եւ մանաւանդ Արցախի կորուստէն ետք։ Թէ՛ ինծի եւ թէ՛ խմբագրական կազմին համար հիմնական որոշ արժէքներու եւ խորհրդանիշերու հանդէպ մեր ունեցած մօտեցումը յաճախ կը դժուարացնէ անաչառութիւն պահպանել իշխանութիւններու քայլերուն նկատմամբ, կամ հաւասարակշռել ընդդիմութեան անկարողութիւնը։ Այս համատարած ընդվզումին մէջ ճիշդ ուղի գտնելը միշտ ալ բարդ եղած է։
Ինչ կը վերաբերի ֆինանսականին՝ այդ ալ իմ կեանքի դժբախտութիւնն է կ’երեւի։ Միշտ այդ ծանր բեռը կայ բոլոր խմբագիրներուն ուսերուն։ «Ասպարէզ»-էն երբ «CivilNet» եկայ, հոս ալ նոյնն էր պարագան. պէտք էր ֆինանսական հարցերու լուծման համար միջոցներ գտնէի։ «Ասպարէզ»-ի մէջ աւելի դժուար էր, որովհետեւ նուիրատուները հոն էին, եւ միշտ կրնային զգայնութիւններ ըլլալ։ Հոս անոնք հեռու են. թէեւ նորէն կրնան զգայնութիւններ ծագիլ, բայց ընդհանրապէս չեն միջամտեր։ Մնացեալ գումարները կը գոյանան դրամաշնորհներէ։ Ամերիկայի USAID-ի խնդիրէն ետք (Խմբ.- Թրամփի՝ իշխանութեան գալէն ետք՝ Միացեալ Նահանգներու պետական նպաստներու կրճատումը) բաւական լուրջ հարցեր ունեցանք, բայց բարեբախտաբար եւրոպական երկիրները՝ Եւրոպական Միութիւնը եւ այլն, կրցան որոշ չափով հատուցել այդ բացը։ Զուգահեռաբար, մեր սթիւտիոյին բաժինով կ՚ ընդունինք արտաքին պատուէրներ եւ ծառայութիւններ կը մատուցենք։ Այս երեքով կը փորձենք գոյատեւել. գրեթէ ամէն ամիս պակասը գոցելու խնդիր ունինք, մշտական է այդ հարցը։
«ՆՅ» — Արեւմտահայերէնի հանդէպ որոշ զգայնութիւն մը ունիս: Ներկայիս սկսար «Ճակատաբաց» հաղորդումներու շարքը: Այս մէկը քու անձնակա՞ն նախաձեռնութիւնն է, կա՞յ զօրակցութիւն նուիրատուներուն կողմէ:
Ա. Պ. — Մենք միշտ ունեցած ենք արեւմտահայերէնի բաժին, ինչպէս «Զարկերակ»-ը, ես ալ ունէի բաժին մը, իսկ «Ճակատաբաց»-ի պարագային Պետօ Տեմիրճեանն ու Ռուբէն Ճամպազեանը իրենք դիմեցին, նախաձեռնեցին, ես ալ պատրաստ էի հարթակ տրամադրելու իրենց, որովհետեւ կ՚ ուզէի արեւմտահայերէնի բաժին ունենալ։ Իրենք գրեթէ կամաւոր են, չնչին պատուագին մը կը վճարենք միայն, մնացածը իրենք կ՚ ընեն, ազատ են իրենց որոշումներուն մէջ։ Նպատակս է միշտ ունենալ արեւմտահայերէնի բաժին, որքան ալ նոյնքան տարածում, դիտող չունենայ, եւ ատիկա կրնայ վնաս հասցնել «CivilNet»-ին, որովհետեւ ընկերային ցանցերու մէջ դիտելիութեան մակարդակը պահպանելը անհրաժեշտ է, ինչ որ արեւմտահայերէնով մեր նիւթերը չեն ապահովեր, բայց հակառակ այս ամէնուն՝ կը շարունակենք, յուսալով որ իրենց ջանքերով կը հասնին աւելի լայն շրջանակի մը։
«ՆՅ» – Ուրախալի երեւոյթ է՝ ինչպէս «Ճակատաբաց»-ը, նոյնպէս ալ «Հեռադիտակ»-ը Երեւանէն սփռուող՝ արեւմտահայերէն, մասնագիտացած երկու մաքուր հաղորդաշարեր են: Կարեւոր է ունենալ փոտքասթներու եւ հարցազրոյցներու միայն արեւմտահայերէնով շարք մը:
Ա. Պ. — Շնորհաւորելի է նաեւ «Յառաջ» արեւմտահայերէն կեդրոնի ստեղծումը, յուսամ աւելի կը մեծնայ, աւելի կ՚ ընդարձակէ իր ծրագրերը, աւելի հնարաւորութիւններ կ’ ունենայ դառնալով իրապէս հանդիպման վայր մը արեւմտահայ-արեւելահայ մտաւորական շրջանակի մէջ շփում ստեղծելու։ Ահաւոր գործ կայ ընելիք։ Որքան ալ ըլլայ, այս ամէնը անբաւարար է, ազդե- ցութիւնը շօշափելի դարձնելու չափ չէ դժբախտաբար, բայց պէտք է հասնիլ անոր։
«ՆՅ» – Սփիւռքահայ ես, Հայաստան հաստատուած ես: Ինչպէ՞ս կը տեսնես հիմա Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները:
Ա. Պ. Ո՛չ բաւարար, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները լրիւ բախտի ձգուած են, երբեմն աւելի շատ խնդիրներ ստեղծող են, քան հարցեր լուծող։ Թերեւս մօտեցումս քիչ մը վիպապաշտ է, բայց կը կարծեմ որ պետութիւնը պէտք է միշտ Սփիւռքի հանդէպ հոգատար ըլլայ, անոր հանդէպ վերաբերումը պէտք չէ կուսակցականացուի, որովհետեւ չեն գնահատուած Սփիւռքի հնարաւորութիւնները, որոնք անսահման են։
«ՆՅ» Եթէ բնագաւառներով առնենք, օրինակ՝ զբօսաշրջութիւն, ներդրումներ տնտեսութեան կարգ մը բնագաւառներուն մէջ … ո՞ր բնագաւառները պէտք է իսկապէս զարգանան, հեռանկարային են:
Ա. Պ. — Զբօսաշրջութեան հարցով՝ բնական, տարերային հետաքրքրութիւն մը կայ, բայց Սփիւռքը կրնայ նաեւ իր գիտական կարողութիւններով ճամբաներ բանալ, կրնայ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հնարաւորութիւնները դէպի Հայաստան ուղղորդել։ Այս ուղղութիւնը պէտք է աւելի շատ կազմակերպուի, պէտք է տեղեկութիւնները հաւաքուին, իրենց հետ կապ հաստատելու ճամբան գտնուի, հետաքրքրութիւն արթնցնելու ուղիներ որոնուին։
«ՆՅ» Ո՞վ է որ գործը չ՛ըներ, դեսպանութիւննե՞րը, եկեղեցի՞ն, կուսակցութիւննե՞րը, կազմակերպութիւննե՞րը, անհատնե՞րը… :
Ա. Պ. — Բոլո՛րը հաւանաբար, եկեղեցին իր խնդիրներով, կուսակցութիւնները իրենց մօտեցումներով, դեսպանները իրենց սահմանափակումներով, որովհետեւ շատ քիչ դեսպաններ կան, որոնք շրջանի մը մէջ կրնան լրիւ անկախ շարժիլ, բոլոր շրջանակներու հետ յարաբերութիւն ստեղծել։ Այս հարցը կը կարօտի բոլորէն ձերբազատուած մօտեցումի մը։ Պետութեան դիմաց դրուած մարտահրաւէրները այնքան հսկայական են, որ եթէ մենք ուզենք հոս շրջանային ազդեցութիւն, անկախութիւն, ինքնիշխանութիւն, հնարաւորութիւններ ունենալ, պէտք է այս ամբողջը ապահոված ըլլանք, կախեալ պէտք չէ ըլլանք տնտեսական որեւէ սահմանափակումէ, պատժամիջոցներէ: Այս՝ բոլորէն անկախ հնարաւորութիւնը ստեղծելու պարտաւորութիւնը ունինք եւ ասիկա պէտք է ընենք ինքնավստահ ծրագրումով, լայն բանալով մեր թեւերը։
«ՆՅ» — Բայց արդէն կարգ մը բնագաւառներու մէջ կը տեսնենք, որ սփիւռքահայերու ներդրումը Հայաստանի մէջ կարեւոր ներկայութիւն է, ինչպէս ԹՈՒՄՕ-ն, COAF-ը… NVIDIA-ն:
Ա. Պ. — Ասոնք բոլորը ապացոյցներ են, որ որքա՛ն կարելի է ընել։ Այս եղածը՝ լա՛ւը փաստ է, որ դեռ ինչե՛ր կրնանք ընել։ Չպեղուած հնարաւորութիւններ կան աշխարհի չորս կողմը։
«ՆՅ» Քիչ մըն ալ մեղքը սփիւռքահայերունը չէ՞, որ իրենք կազմակերպուած չեն:
Ա. Պ. — Այնքան ատեն որ պետութիւն ունինք, ես այլեւս ինքզինքս ազատ կը զգամ կեդրոնացնելու իմ մեղադրանքը կամ իմ ակնկալութիւնը պետութեան վրայ։ Իմ մօտեցումս այն է, որ պետութիւնը պէտք է կարենայ ամբողջ ազգի խնդիրներուն տիրութիւն ընել, որպէսզի անոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով աւելի հզօրացնէ ինքզինք։ Այդ իմաստով Սփիւռքը ես կը նկատեմ երեխայ մը, որ կրնայ սխալ ուղղութեամբ երթալ, նախապաշարումներ, խնդիրներ ունենալ, բայց պետութիւնը մեր կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճանն է, չէ՞։
«ՆՅ» – Այնպիսի զգայուն նիւթի մը կ՛անդրադառնաս… Օրինակի համար եկեղեցին 1700 տարուան պատմութիւն ունի եւ պատմականօրէն ազգային է, աւելի քան պետութիւնը, որ իբր անկախ պետութիւն 1920-էն ի վեր հիմնուած է, կը նշանակէ որ իր տարողութիւնը, աշխարհաքաղաքական ճնշումներու ենթակայութիւնը եւ միջազգային գետնի վրայ իր ունեցած ներկայութիւնը շատ սահմանափակ են, քան եկեղեցին, որ շատ աւելի ներթափանցած է թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ՛ տարբեր համայնքներու մէջ: Ուրեմն Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը կրնար օգտակար ըլլալ, որ պետութիւնը կայանայ:
Ա. Պ. — Համաձայն եմ։ Այո՛, Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը միշտ թերի, միշտ ոչ-նախանձելի եղած է տարբեր պատճառներով. նոյնիսկ եկեղեցին, մեծ կազմակերպութիւններ յարատեւ նահանջի մէջ ապրած են եւ չեն կրցած նոր մարտահրաւէրները պատշաճօրէն դիմագրաւել…։ Ժամանակին պետութիւնը այդ հնարաւորութիւնները չունէր, հիմա, կարծիքովս, այդ ուղղութեամբ կրնայ աւելի շատ ներդրում կատարել տարբեր բնագաւառներու մէջ, օրինակ համալսարաններու մէջ Սփիւռքի բաժիններ ստեղծել. եթէ մեր Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ բաժիններ ըլլան, միջնախարարական տեսչութիւններ, որոնք զբաղին Սփիւռքի հնարաւորութիւններու ուսումնասիրմամբ։ Կը կարծեմ հիմա հնարաւորութիւն կայ նման քայլի ձեռնարկելու, եթէ մօտեցումը ըլլայ, եթէ պատկերացումը, ծրագիրը ըլլայ։ Յուսամ օր մը ըլլայ, որովհետեւ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է։ Այդպէսով, պետութիւնը պիտի ունենայ ամենավստահելի դաշնակից մը, որ շահագրգռուածութիւն չունի որեւէ բանի մէջ, այլ պարզապէս կ’ աշխատի ամբողջականօրէն Հայաստանի պետութիւնը ուժեղացնելու համար։
«ՆՅ» – Հայաստանի պետութիւնը մինչեւ 2020 ուրիշ գաղափարական միջավայրի մէջ կը զարգանար, ետքը բոլորովին փոխուեցաւ, ինչպէս նշեցիր, Հայաստանի տնտեսական միջոցները հիմա աւելի են, բայց նաեւ այն մտավախութիւնը կայ որ, Սփիւռք ըսելով նաեւ կը նշանակէ արտաքին պետութիւններու ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ: Այդ անվտանգութեան երաշխիքները որքանո՞վ առկայ են, որովհետեւ կը տեսնենք ռուսահայ Սփիւռքի ազդեցութիւնը Հայաստանի ներքին գործերուն վրայ: Ուրեմն այս երկդիմի խնդիրն ալ կայ, որ Սփիւռքը որքան ներգրաւես, այնքան ալ Հայաստանը պէտք է ինքնիշխան ըլլայ եւ անվտանգութեան հիմքերը զօրաւոր ըլլան…
Ա. Պ. — Այո՛, պետութեան անվտանգութեան ծառայութիւնները, հետախուզական, հակահետախուզական կառոյցները պէտք է իրենք զիրենք պաշտպանեն, բայց որովհետեւ հայ ժողովուրդը սփռուած է աշխարհով մէկ, այս ազդեցութիւնները զիրար չէզոքացնող հանգամանք մըն ալ ունին, այսինքն որքան որ ռուսական ազդեցութիւնը կայ, նոյնքան ալ կայ արեւմտեանը։ Բնական հաւասարակշռութիւնը կ՚ ըլլայ, պայմանով որ պետութիւնը իր շահերը, իր ապահովութիւնը պաշտպանէ։ Սահմանափակ է Հայաստանը, բայց իրեն հանդէպ միշտ հետաքրքրութիւն կայ, մէկը միւսը կը լրացնէ, ահա թէ ինչո՛ւ տնտեսական գետնի վրայ Երեւանի բնակարաններու գիները անտրամաբանօրէն բարձր կը մնան։
«ՆՅ» – Եթէ մեր 20-30 տարիներու փորձառութիւնը նկատի ունենանք, օրինակի համար Միջին Արեւելքը, որ տագնապալի քաղաքական շրջաններէ անցաւ եւ շատեր Հայաստան եկան կայք հաստատելու, մէկ մասը համակերպեցաւ, բայց միւս մասը՝ ոչ, եւ վերստին արտագաղթեց, կամ Հայաստանի ժողովուրդին արտագաղթը եթէ նկատի ունենանք, կը տեսնենք որ պետութիւնը նաեւ կառուցման ընթացքի մէջ է եւ տակաւին այդ պայմանները չէ ստեղծած նախ եւ առաջ իր ժողովուրդը տեղւոյն վրայ պահելու, ապա նորեկները պահելու: Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները ցանկութիւններէ անդին առարկայական խնդիրներ ունին, որոնց դիմագրաւելն է հարցը, խաղաղութեան հիմքը հաստատելը նաեւ, որպէսզի ժողովուրդը ինքնավստահ դառնայ եւ գիտնայ, որ նորէն ձախող պատերազմի մը զոհ պիտի չերթայ: Այս ամբողջը հարցեր են: Մենք, եթէ նկատի ունենանք այն եւ սփիւռքահայ համայնքը, որ հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եկեր եւ Հայաստան հաստատուեր է, անոր գոյութեան վիճակը, անոր հանդէպ վերաբերումը ինչպէ՞ս կը տեսնես:
Ա. Պ. – Ես կը նախընտրէի հնարաւորութիւն ըլլար, որ այդ համայնքները ինքնակազմակերպման որոշ փուլ մը ապրէին, կարենային ճանչնալ իրենց խնդիրները եւ պայքարէին անոնց համար։ Այսօրուան դրութեամբ սուրիահայերը, լիբանանահայերը, իրաքահայերը Հայաստանի մէջ կազմակերպուած միաւորներ չունին, որ իշխանութեան հետ բանակցութեան մտնեն, սակարկութեան մտնեն իրենց խնդիրներուն համար, պահանջեն իրաւասութիւններ, կամ ստեղծուին հնարաւորութիւններ։ Ատենին չնչին օգնութիւններ կ՚ ըլլային հոս հաստատուիլ ուզող սփիւռքահայերուն, մինչ՝ նոր եկողները կը դիմանան եթէ դուրսը աշխատող եւ օգնող ազգականներ ունին, այլապէս կը գաղթեն։ Կրնայ ըլլալ պատճառներէն մէկը կուսակցականացուած համայնքներ ըլլալու հանգամանքէն կու գայ։ Հայաստան հաստատուող համայնքները չեն ունեցած իրենց շահերը պաշտպանող, իրենցմէ ծնած գործիչներ, ատիկա չէ օգնած որ սահուն ըլլայ անցումը, որ աւելի շատ մարդիկ մնան։
«ՆՅ» – Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք ներկայիս արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ ներգրաւելու մարտահրաւէրները…
Ա. Պ. — «CivilNet»-ը քիչ մը աւելի զգայուն է այս հարցով, որովհետեւ մենք գրասենեակ ունէինք Ստեփանակերտի մէջ, մեր գրասենեակի անձնակազմը ապրեցաւ ծանր օրեր, հիմա պարտադրաբար տեղահանուեցան, եկան Հայաստան, ներգրաւեցինք զանոնք մեր անձնակազմին մէջ, բայց ամէն օր կը նայիս իրենց աչքերուն եւ կը տեսնես ցաւը, կարօտը, վիշտը, յուսախաբութիւնը … շա՜տ դժուար է։
«ՆՅ» – Հաւանաբար, պէտք չէ յուսահատիլ եւ ժամանակի ընթացքին, քայլ առ քայլ խնդիրները հարթել, բայց կարեւոր է գիտակցիլ խորութեան՝ հարցերուն, որոնք հինէն, պատմութենէն կու գան եւ նոր իրավիճակի մէջ զանոնք լուծելու միջոցները գտնելը դիւրին չէ: Երբեմն ընդվզումներու, ժխտումներու առիթ կու տան, բայց վերջապէս Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան դիրքորոշումը որ խաղաղութեան ի նպաստ է, ինչպէ՞ս կը գնահատես :
Ա. Պ. Այսօր խաղաղութիւնը օդի-ջուրի պէս անհրաժեշտ է Հայաստանին, որպէսզի իր վէրքերը բուժէ, ոտքի կանգնի։ Ես անձնապէս կ՚ուզէի ասիկա ընել այնպիսի ձեւով, այնպիսի պայմաններով որ աւելի շատ հզօրացնէր մեզ ներքնապէս, աւելի նրբօրէն վերաբերէր հայուն ազգային արժէքներուն նկատմամբ, առանց այլ վէրքեր ստեղծելու, մեր ամենասուրբ խորհրդանիշերուն հանդէպ զգայնութիւնը պահելով։ Դժուար կացութիւն է, բայց կ՚ ուզէի որ կարելի ըլլար մեր ներքին ամրութիւնը ուժեղացնել, փո- խանակ ներքին ամրութեան հաշուին ընելու որեւէ բան։
Հարցազրոյցի տեսանիւթին կապն է՝ https://youtu.be/SsZo560CVnI
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հրայր Ճէպէճեանի հետ՝ հաւատքի եւ հայ ինքնութեան մասին
Հաւատքը, լեզուն եւ յիշողութիւնը մեր ինքնութեան կարեւոր յենարաններէն են։ Սակայն անոնց արժէքը կ՚երեւի նաեւ մեր առօրեայ ընտրութիւններուն մէջ՝ ինչպէ՛ս կ՚ապրինք, ինչպէ՛ս կը վերաբերինք ուրիշին եւ ի՛նչ պատասխան կու տանք անոր դժուարութիւններուն։
«Տարբերակ»ի «Խօսինք ու լսենք» հաղորդաշարին այսօրուան հիւրը դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանն է՝ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարը, աստուածաբան, հեղինակ եւ հրապարակագիր։
Հրայրին հետ կը զրուցենք, թէ հաւատքը ինչպէ՛ս կրնայ գործնական ուժ դառնալ, հայ ինքնութիւնը ինչպէ՛ս կ՚ապրուի տարբեր երկիրներու մէջ, եւ ի՛նչ կրնանք ընել, որ յաջորդ սերունդը իր տեղը գտնէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Այս առիթով, մեր սիրելի ունկնդիրներու կը յայտնենք, թէ յառաջիկայ podcast-էն սկսեալ, մեր հարցազրոյցները կը ներկայացնենք տեսանիւթի (video) ձեւաչափով:
ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՆՑՔԸ
Մարդը չէ՛, այլ մարդո՛յթն է կեանքին առանցքը։
Խոհդ չէ՛,
այլ խոհո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Անձդ չէ՛,
այլ անձո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Եսդ չէ՛,
այլ եսո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Էդ չէ՛,
այլ էո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Գոյդ չէ՛,
այլ գոյո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Դուն չե՛ս,
այլ դունո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Սէրդ չէ՛,
այլ սէրո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Կեանքիդ առանցքը,
էութիւնդ ամբարող տիեզերկան ծի՛րն է
դուն այնտե՛ղ կը դեգերիս․․․
Կը մօտենաս երազներու բոյլով օծուած պահերու,
կը թռչկոտիս ալիքներուն վրայ,
կը միաձուլուիս,
կը տուայտիս՝ թագցնելով էոյթդ։
Յետոյ․․․
կը դառնաս ներքին ձայնիդ՝ ՔԵ՛ԶԻ։
Այնտե՛ղ կը գտնես գոյիդ ԳՈՅՈՅԹը՝
կեանքիդ ԱՌԱՆՑՔԸ․․․
ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 11, Ամիս՝ Սեպտեմբեր, Ամ՝ 2026։
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Հրանդ, Ամիս՝ Հոռի, Յամի՝ ՏՇԺԸ։
«ՈՅԹ» ածանցաւոր բառերը, «Բառ-Խոհոյթ-Իմաստասիրութիւն Մարգարեան Բառակազմական Համակարգ»էս են։ Բառարաններուն մէջ մի փնտռէք։
Մեծապետական մրցակցութեան նոր թատերաբեմը՝ ԱԻ-ն
Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) այլեւս պարզապէս արհեստագիտական  զարգացում մը չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ այն հիմնական թատերաբեմը, ուր պիտի որոշուին համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութիւնը, տնտեսական գերակայութիւնը, ռազմական ազդեցութիւնը եւ նոյնիսկ գաղափարական ուղղութիւնները։ Այսօր հարցը միայն այն չէ, թէ ո՛վ ունի ամենէն հզօր ալկորիթմները կամ ամենէն արագ համակարգիչները։ Աւելի խոր հարցումը հետեւեալն է․ ո՞վ պիտի ձեւաւորէ ապագայ ԱԻ աշխարհին կանոնները, արժէքները եւ ենթակառոյցները, ներառեալ արուեստական իմացականութեան անվտանգութեան կանոնները:
Վերջին տարիներուն, արուեստական իմացականութիւնը դուրս եկաւ համալսարաններէն եւ հետազօտական կեդրոններէն ու սկսաւ դառնալ աշխարհաքաղաքականութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցող գործօն մը։ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ մրցակցութիւնը այլեւս միայն առեւտուրի կամ ռազմական ուժի հարց չէ։ Ան երթալով կը կեդրոնանայ արուեստական իմացականութեան, կիսահաղորդիչներու, հաշուարկային կարողութեան, տուեալային ենթակառոյցներու եւ արհեստագիտական ինքնաբաւութեան շուրջ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ արդէն ԱԻ-ն կը համեմատեն նաւթի, կորիզային ուժի կամ համացանցի յեղափոխութեան հետ։ Սակայն տարբերութիւնը այն է, որ ԱԻ-ն միաժամանակ կ’ազդէ տնտեսութեան, պատերազմի, լրատուութեան, կրթութեան եւ առօրեայ մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ։
Ըստ World Economic Forum-ի հրապարակած նիւթերուն, յառաջիկայ տարիները պիտի ըլլան վճռորոշ՝ գիտնալու, թէ որո՞ւ պիտի պատկանի արհեստագիտական  գերիշխանութիւնը, նաեւ ի՞նչ սկզբունքներով ու կանոններով պիտի առաջնորդուի թուային քաղաքակրթութիւնը։
Արուեստական իմացականութիւնը՝ որպէս աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան նոր ոլորտ
Տասնամեակներ շարունակ համաշխարհային ազդեցութիւնը երկար ժամանակ կը չափուէր ռազմական ուժով, արդիւնաբերական կարողութեամբ կամ ուժանիւթի պաշարներով։ Այսօր, սակայն, արուեստական իմացականութիւնը արագօրէն կը դառնայ ռազմավարական հիմնական առանցք մը։
Միացեալ Նահանգները տակաւին զգալի առաւելութիւն ունի ԱԻ-ի լաւագոյն մոտելներու, ներդրումներու, կիսահաղորդիչներու արտադրութեան եւ ակնառու մասնագէտներու առումով։ NVIDIA, OpenAI, Google եւ Anthropic ընկերութիւնները կը ղեկավարեն ԱԻ հետազօտութեան եւ կիրարկութեան բազմաթիւ ոլորտներ։ Աշխարհի ներդրումային մեծագոյն դրամատուներէն՝ Morgan Stanley-ի վերլուծութիւններուն համաձայն, Միացեալ Նահանգները ներկայիս կը գերիշխէ ԱԻ-ի մոտելներու որակով, ներդրումային ծաւալով եւ բացառիկ ենթակառոյցներով։
Սակայն, Չինաստան արագօրէն կը նուազեցնէ այդ տարբերութիւնը։ Պէյճինկ ԱԻ-ն կը դիտէ ոչ միայն որպէս տնտեսական հնարաւորութիւն, այլեւ ազգային ռազմավարական առաջնահերթութիւն։ Պետական հսկայական ներդրումները, կեդրոնացուած ծրագրաւորումը եւ համակարգուած արդիւնաբերական քաղաքականութիւնը թոյլ տուած են Չինաստանի շատ արագ զարգացնելու սեփական ԱԻ-ի ենթակառոյցները եւ կիսահաղորդիչներու արտադրութիւնը։ Huawei, Alibaba եւ ByteDance ընկերութիւնները արդէն կարեւոր դերակատարներ են համաշխարհային ԱԻ տնտեսութեան մէջ։
Այս մրցակցութիւնը այլեւս միայն արհեստագիտական չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ գաղափարական։
Ժողովրդավարակա՞ն ԱԻ, թէ՞ ամբողջատիրական ԱԻ
ԱԻ-ի շուրջ զարգացող ամենէն հետաքրքրական բանավէճերէն մէկը կը վերաբերի քաղաքական համակարգերուն։ World Economic Forum-ի հրապարակած նիւթերուն մէջ, Anthropic-ի հրապարակումներուն համաձայն, ապագայի ԱԻ աշխարհակարգը կրնայ ձեւաւորուիլ կա՛մ ժողովրդավարական սկզբունքներով, կամ՝ ամբողջատիրական կառավարման մոտելներով։
Այս մտահոգութիւնը տեսական չէ։ Արդէն այսօր, ԱԻ համակարգերը կը գործածուին գրաքննութեան, դէմքի ճանաչման, հսկողութեան, թուային յարձակումներու եւ ռազմական ծրագիրներու մէջ։ Շատեր կը վախնան, որ ամբողջատիրական եւ միապետական վարչակարգերը ԱԻ-ն կրնան օգտագործել եւ զանգուածային վերահսկողութիւնը եւ հաւաքական քանդումի զէնքերը հասցնել աննախադէպ մակարդակի։
Չինաստանի Շինճիանկ ինքնավար շրջանին մէջ կիրարկուած հսկողութեան համակարգերը յաճախ կը ներկայացուին որպէս օրինակ, թէ ինչպէս ԱԻ-ն կրնայ ամրապնդել պետական վերահսկողութիւնը։ Արեւմտեան քաղաքական շրջանակներու հիմնական մտավախութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ ապագայի ԱԻ ենթակառոյցները ձեւաւորուին ամբողջատիրական համակարգերու կողմէ, ապա այդ համակարգերուն գաղափարները աստիճանաբար կրնան տարածուիլ ամբողջ աշխարհով։
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգները եւ իր դաշնակիցները կը ներկայանան  որպէս «ժողովրդավարական ԱԻ»-ի պաշտպանութեան ախոյեաններ։ Սակայն այս պատկերացումը եւս հակասութիւններէ զերծ չէ։ Ամերիկեան արհեստագիտական մեծ ընկերութիւնները նոյնպէս հսկայական ազդեցութիւն ունին տեղեկատուութեան, տուեալներու եւ հանրային խօսոյթի վրայ։ ԱԻ-ի զարգացումով, այդ սահմանները կրնան աւելի եւս աղօտիլ։
Ուստի ապագայի պայքարը միայն այն չէ, թէ ո՛վ կը կառուցէ ամենէն հզօր համակարգերը, այլ նաեւ՝ ի՛նչ տեսակի քաղաքակրթութիւն պիտի զարգացնեն այդ համակարգերը։
Ինչո՞ւ չիփերը (chips) այսօր աւելի կարեւոր են, քան նաւթը
Եթէ 20-րդ դարը բնորոշուեցաւ նաւթով, ապա 21-րդ դարը մեծ հաւանականութեամբ պիտի բնորոշուի կիսահաղորդիչներով (չիփեր)։
Արուեստական իմացականութիւնը ամբողջութեամբ կախեալ է բարձրորակ չիփերէ եւ հաշուարկային հսկայական կարողութենէ։ Առանց այդ կիսահաղորդիչներուն, ԱԻ համակարգերը չեն կրնար ո՛չ մարզուիլ, ո՛չ ալ գործել։ Այս պատճառով չիփերու շուրջ պայքարը դարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի մրցակցութեան ամենէն զգայուն առանցքներէն մէկը։
Այսօր աշխարհի ամենէն զարգացած կիսահաղորդիչներու արտադրութեան շղթային մէջ առանցքային դեր ունին TSMC ընկերութիւնը Թայուանի մէջ, ASML-ը՝ Հոլանտայի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի ընկերութիւնները։ Այս կապակցուած համակարգը, սակայն, նաեւ հսկայական խոցելիութիւն կը ստեղծէ։
Թայուանը առանձին կ’արտադրէ աշխարհի ամենէն յառաջացեալ կիսահաղորդիչներուն մեծ մասը։ Հետեւաբար, Թայուանի շուրջ որեւէ աշխարհաքաղաքական տագնապ կրնայ ցնցել ամբողջ համաշխարհային ԱԻ տնտեսութիւնը։ Հարցը այլեւս միայն ռազմական կամ քաղաքական չէ․ անիկա ենթակառուցային եւ քաղաքակրթական բնոյթ ունի։
Հորմուզի նեղուցին շուրջ վերջին լարուածութիւնները նաեւ ցոյց տուին, թէ ԱԻ ենթակառոյցները որքա՛ն խորապէս կախեալ կը մնան ուժանիւթէն եւ աշխարհաքաղաքական կայունութենէն։ Կիսահաղորդիչներու արտադրութիւնը հսկայական ուժանիւթ եւ արդիւնաբերական նիւթեր կը պահանջէ։ Միջին Արեւելքի մէջ ուժանիւթային խափանումները ուղղակի ազդեցութիւն կրնան ունենալ համաշխարհային ԱԻ արտադրութեան վրայ։
Այս իմաստով, ԱԻ դարաշրջանը տակաւին խիստ կերպով կապուած կը մնայ աւանդական աշխարհաքաղաքական իրականութիւններուն։ Թուային ապագան տակաւին կախեալ է աշխարհագրական տարածքներէ, նաւահանգիստներէ, հում նիւթերէ, առեւտրական ուղիներէ եւ ուժանիւթային անվտանգութենէ։
Ո՞վ պիտի վերահսկէ ԱԻ համակարգերու համաշխարհային տարածումը
Թէեւ Միացեալ Նահանգները ներկայիս կը գերիշխէ առաջատար մոտելներով, Չինաստան արագ կերպով կը փորձէ ամրապնդել իր ներկայութիւնը զարգացող շուկաներու մէջ՝ աւելի մատչելի ենթակառոյցներով եւ պետական աջակցութեամբ։ Շատ մը վերլուծաբաններ այս ռազմավարութիւնը կը համեմատեն Huawei-ի նախկին հեռահաղորդակցական տարածման քաղաքականութեան հետ՝ «բաւականաչափ լաւ» եւ մատչելի ենթակառոյցներու միջոցով համաշխարհային ազդեցութիւն ձեռք բերելու ձեւով։
Այս մէկը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ արհեստագիտական ենթակառոյցները ժամանակի ընթացքին կը վերածուին քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութեան միջոցներու։
Այլ խօսքով, ԱԻ մրցակցութիւնը միայն գիւտարարութեան հարց չէ։ Ան նաեւ ազդեցութեան գօտիներու պայքար է։
Արհեստագիտութենէն անդին
Թերեւս ամենէն կարեւոր բացայայտումներէն մէկը այն է, որ ԱԻ դարաշրջանը միայն մեքենաներով պիտի չորոշուի։
Տաղանդը, կրթութիւնը, հասարակական վստահութիւնը, քաղաքական կայունութիւնը եւ մշակութային յարմարողականութիւնը նոյնքա՛ն վճռական կրնան դառնալ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը պնդեն, թէ ԱԻ մրցակցութիւնը նաեւ հասարակութիւններու միջեւ մրցակցութիւն է․ ո՞ր դրութիւնները կրնան յարմարիլ փոփոխութիւններու առանց ներքին փլուզման։
Այս հարցը աւելի հրատապ պիտի դառնայ, երբ ԱԻ-ն սկսի փոխել աշխատանքի շուկան, կրթութիւնը, լրատուամիջոցները եւ նոյնիսկ մարդկային յարաբերութիւնները։ Հաւանաբար ապագային ամենէն յաջող հասարակութիւնները պիտի չըլլան միայն ամենէն հզօր չիփեր ունեցողները, այլ՝ անոնք, որոնք կրնան արհեստագիտական փոփոխութիւնը համատեղել հասարակական կայունութեան հետ։
Համաշխարհային ԱԻ դարաշրջանը պիտի չձեւաւորուի միայն հետազօտարաններու կամ տուեալային կեդրոններու մէջ։ Ան ծնունդ պիտի առնէ պետութիւններու, ընկերութիւններու, ենթակառոյցներու, գաղափարախօսութիւններու եւ ամբողջ հասարակութիւններու միջեւ շարունակուող բարդ պայքարէն։
Միացեալ Նահանգները ներկայիս ունի զգալի առաջատարութիւն մը ԱԻ հետազօտութեան, ներդրումներու եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ։ Սակայն, Չինաստանը ունի պետական հսկայական կարողութիւն, համակարգուած ռազմավարութիւն եւ երկարաժամկէտ վճռականութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպան, Հարաւային Քորէան եւ Ծոցի երկիրները եւս կը փորձեն իրենց տեղը գրաւել այս նոր աշխարհակարգին մէջ։
Ամենէն յստակը այն է, սակայն, որ արուեստական իմացականութիւնը այլեւս պարզ գործիք մը չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ այն ենթակառոյցը, որուն միջոցով ապագայի իշխանութիւնները պիտի ձեւաւորուին։
Եւ թերեւս գալիք տասնամեակներուն ամենէն կարեւոր հարցումը պիտի չըլլայ այն , թէ ո՛վ կը ստեղծէ ամենէն հզօր ԱԻ համակարգերը, այլ անոնց մէջ ի՞նչ արժէքներ, ի՞նչ աշխարհայեացք եւ մարդկութեան ո՞ր ընկալումը պիտի արտացոլուին։
Մէկդի՛ ձգեցէք միւս բոլոր խնդիրները. կարդալ չգիտցող պատանիներ ունինք
Մէկդի՛ ձգեցէք բացարձակապէս միւս բոլոր հարցերը. այսօր մենք ունինք պատանիներ, որոնք կարդալ չեն գիտեր։ Այս իրականութեան դիմաց՝ ամէն ինչ երկրորդական կը թուի։ Անշուշտ, կարդալ չգիտցող այս պատանին պարզապէս օդէն չյայտնուեցաւ. ընդհակառակը՝ ան ձեւաւորուեցաւ մեր իսկ ձեռքերով՝ սկսեալ 1990-ականներէն, երբ կրթութիւնը դարձաւ անարժէք, իսկ ուսումը՝ ծաղրանքի առարկայ։
Բոլորն ալ հաւանաբար տեսած ըլլալով պաշտօնական թիւերը՝ զանոնք կրկնելը անիմաստ է։ Ֆէյսպուքի մէջ տարածուող ողբն ալ առանձնակի նշանակութիւն չունի. մարդիկ օր մը կամ երկու օր պիտի խօսին, պիտի վրդովին, եւ ապա ամէն ինչ պիտի մոռցուի։ Այդ սոսկալի լուրը պիտի կորսուի արուեստական իմացականութեամբ (ԱԻ) ստեղծուած պատկերներու, տեսահոլովակներու եւ այլ անբովանդակ, տափակ ու աժան զաւեշտներու ալիքներուն մէջ։ Եւ մարդիկ պիտի մոռնան այդ մասին, ճիշդ ինչպէս որ առանձնապէս ուշադրութիւն չդարձուցին, երբ տարիներ շարունակ այնքա՜ն շատեր անդադար կը գոռային կրթական այդ «դանդաղ գործողութեան ռումբ»-ին մասին, որ դատապարտուած էր օր մը պայթելու։ Ան պայթեցաւ, բայց հետեւանքները դեռ նոր կը սկսին ի յայտ գալ եւ ամբողջութեամբ պիտի դրսեւորուին աւելի ուշ։ Կարդալ չգիտցող 15 տարեկանը երէկուան հետեւանքն է, բայց փորձանք պիտի դառնայ վաղը։
Կարդալ չգիտցող պատանին փորձանք է այնքանով, որ ան տարրական առումով անգրագէտ է։ Եթէ այդպէս կարելի էր եոլա երթալ 100 տարի առաջ, ապա հիմա անկարելի է․ այս արհեստագիտական դարուն, երբ ԱԻ-ն մարդէն կը խլէ անոր մարդկային դիմագծին վերջին մնացորդները, երբ անհատ մարդոց հրթիռները տիեզերք կը հասնին, Հայաստանի մէջ նոր-նոր սկսած են ուշացած զարմանալ, որ մեր երեխաները գրել-կարդալ չեն գիտեր։ Իսկ ես կը զարմանամ, որ անոնք կը զարմանան։ Դուք առհասարակ երեխաներու հետ շփում չունի՞ք, տունը երեխայ չունի՞ք, կամ ալ ձեր երեխան հանճար է միւսներուն համեմատած, այո՞։ Իսկ ի՞նչ կ’ակնկալէիք։ Ի՞նչ պիտի ըլլար երկրի մը մէջ, ուր ուսումը, այս ալ երեսուն տարիէ ի վեր, տղաներուն համար կը համարուի ցած ու անարժան զբաղում մը եւ կը նկատուի միայն աղջիկներուն յարմար, այն ալ միայն այն պատճառով, որ աղջիկը եւս մշտապէս ստորադասուած ըլլալով դատապարտուած է իրեն նման անարժան զբաղումի մը՝ կրթուելուն։
Մենք մեր ձեռքով կործանեցինք մեր կրթական համակարգը, երբ ուսուցիչն ու գիտնականը դարձան աղքատութեան խորհրդանիշ, կրթութիւնը՝ թուլութեան, իսկ հասարակութեան համար հեղինակութիւն դարձան հարուստներու թիկնապահներն ու վարորդները․ հարց լուծող նազիր-վէզիրները․․․ ախ այո՛, հայ դպրոցականը յաղթած է Մակնուս Քարլսենին՝ ճատրակի մրցումի մը ընթացքին։ Եկէք ցնծանք, որ ունինք մէկ սուփըրհամակարգիչ երեխայ եւ հազարաւոր կիսագրագէտներ, որոնք մէկ բարդ նախադասութիւն կազմել անգամ չեն կրնար։
Աղէտը արդէն ամբողջ շուքով հոս է։ Ունենալ սեփական այբուբեն եւ չգիտնալ կարդալ. ասիկա ազգային ինքնասպանութեան ամենատարօրինակ եւ զզուելի ձեւերէն մէկն է։ Դեռ չենք խօսիր այն բազմաթիւ մարդոց մասին, որոնք անկեղծօրէն կը հաւատան, թէ հայերէնի մէջ գրագէտ ըլլալը՝ զայն ճիշդ կարդալը, գրելն ու խօսիլը, իրականութեան մէջ որեւէ նշանակութիւն չունի. թէ անկէ էական ոչինչ կը փոխուի, եւ կարեւորը արհեստագիտութիւնն է։ Ասիկա արեւուն տակ ծնած աւանակներու տեսակին փոքր, բայց ցայտուն ապացոյց մըն է։ Ի հարկէ կը ցանկանայի հաւատալ, որ լեզուական գրագիտութիւնը անկարեւոր համարողները պարզապէս ապուշ են, այլ ոչ թէ տեքնոքրաթներ, որոնց համար ազգայինը ընդամէնը արտաքին փայլքի նման բան մըն է,  բայց նոյնիսկ այդ կէտը բանավէճի նիւթ դարձնելը կը դառնայ նողկալի ցնորք մը։ Եւ ի՞նչ ըսես այն մարդուն, թէ իրօք կը կարծէ, որ ստորակէտն ու շարադասութիւնը այնքան ալ կարեւոր չեն։ Դեհ, ի հարկէ կարեւոր չեն։ Անոնք կը կարծեն, որ աշխարհը իրենցմով սկսած է ու իրենցմով պիտի աւարտի։ Ու թքած, որ այսօր կ’արհամարհուի այն միակ ուժը, որով հայը հայ մնացած է պետականութեան բացակայութեան շուրջ հազար տարուան ընթացքին։
Ի դէպ, ձախողութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն կարդալու կարողութեամբ. անոնք կը տարածուին նաեւ թուաբանութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) վրայ. այնպէս որ կրնաք հիանալ նաեւ «արհեստագիտական ձախողութիւններով»։ Խնդիրը այն չէ, որ երեխաները վատ կը սորվին. անոնք պարզապէս բնաւ չեն սորվիր։ Ասիկա պահելու բան չէ, եւ զայն պահելը՝ ոճիր է։
Ընդհանուր կրթութեան մակարդակը անտանելի ցած է։ Հիմնական պայքարը  մանր-մունր հարցեր լուծելու եւ, անշուշտ, նիշ մը ապահովելու համար է՝ յատկապէս բարձր նիշ մը։ Անիկա պէտք է ըլլայ 10-էն առնուազն ութ, կամ վատագոյն պարագային՝ եօթը. ուրիշ որեւէ բան անհանդուրժելի է։ Մարդիկ կը նեղուին ցած նիշէն, բայց ոչ թէ անգրագիտութենէն։ Կարեւոր չէ, եթէ երեխան կարդալ չի գիտեր, բայց հինգ կամ չորս ստանալը հանրային խայտառակութիւն կը նկատուի։ Եւ ասիկա տեղի կ՚ունենայ նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ հինգը կամ չորսը նուազագոյնն է՝ քանի որ նոյնիսկ ատիկա բարձր նիշ կը սեպուի։ Յառաջդիմութիւնը բարելաւելու փոխարէն՝ չափանիշները կ՚իջեցուին։ Ու բոլորն ալ գոհ են։ Առէք, օրինակ, անձնական՝ այսինքն վճարովի դպրոց յաճախող երեխայ մը, որ այնքան վատ կը սորվի, որ ստիպուած կ՚ըլլան անձնական ուսուցիչ վարձել. ո՞ւր տեսնուած է նման խայտառակութիւն։ Դպրոցներն ալ աչք կը գոցեն եւ բոլորն ալ կը ձեւացնեն, թէ ամէն ինչ կարգին է. մէկ կողմ ձգեցէք այն իրողութիւնը, որ այսօրուան երեխաները չեն կրնար նոյնիսկ ձեռքով բնագիր մը արտագրել. փոխարէնը՝ անոնք պարզապէս կ՚արտատպեն այն, ինչ որ կը կու տայ ChatGPT-ն՝ այդ ժամանակակից, անքննելի իմաստունը։ Տակաւին կը յիշեմ այն ժամանակը, երբ իբրեւ անձնական ուսուցիչ կ՚աշխատէի. հինգերորդ դասարանի աշակերտ մը նախադասութիւն մը այնքան դանդաղ եւ այնքան տգեղ ձեռագրով կ՚արտագրէր, որ պարզուեցաւ, թէ ան հազիւ կարդալ գիտէր եւ պարզապէս կը փորձէր տառերը նկարել՝ առանց զանոնք հասկնալու։
Կարդալ չգիտցող պատանին թերեւս այսօր աղէտ չէ, բայց վաղը պիտի վերածուի փորձանքի։ Չկարդացողներու այս բանակը անկարող պիտի ըլլայ լուրջ վերլուծութիւններ կատարելու, կամ արժեհամակարգ մը ընտրելու, զարգացնելու եւ քննարկելու։ Անոնք պիտի չկարողանան գնահատել հայրենիքի եւ ազգի հասկացողութիւնները։ Անոնք պիտի չըմբռնեն տարրական բարոյականութիւնը, արդարութիւնն ու ազնուութիւնը՝ պարզապէս որովհետեւ այդ հասկացողութիւնները բնազդի մակարդակէն վեր են։ Նոյնիսկ շունը բնազդով կը զգայ, որ շոյուիլը ծեծուելէն լաւ է, բայց ատիկա է ամբողջը։ Սակայն մեզի կը սպասէ նման ախտաբանական տխմարներով բնակեցուած ապագայ մը՝ մարդիկ, որոնք անընդունակ են որեւէ բանի, բացի վատնելէ եւ ծախսելէ. թէեւ ծախսելու համար մարդ նախ պէտք է բան մը ունենայ, իսկ այդ բանը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է գիտելիքի եւ կարողութեան որոշ մակարդակ մը։
Եւ որո՞նք են, որ կը փճացնեն մեր պատանիները։ Կրթակա՞ն համակարգը, ուսուցիչնե՞րը, ծնողնե՞րը, թէ՞ բոլորովին ուրիշ բան մը։ Թերեւս յանցաւորը համացա՞նցն է, որ ամէն ինչ ողողած է դիւրամատչելի հաճոյքներով։ Կամ գուցէ պատճառը մեր հաւաքական կամքի պակա՞սն է, մեր հաւաքական կեղծարարութիւնը, կամ թերեւս այն իրողութիւնը, որ մենք կը փորձենք սխալ խնդիրներ լուծել։ Վերջապէս, 1991-ին անկախութիւն ձեռք բերելով, Հայաստանը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ իւրայատուկ կերպով առաջատար դիրք կը գրաւէր՝ շնորհիւ իր կրթական բարձր որակին։ Թէեւ այսօր ալ «բացառիկ» ենք. կը գրաւենք նախավերջին տեղը։ Հիանալի՛ է, այնպէս չէ՞։
Մենք արդեօք կը գիտակցի՞նք, որ խնդիր ունինք նաեւ խօսակցական լեզուին հետ։ Խնդիր ունինք չվերահսկուող բանաւոր եւ գրաւոր  «բովանդակութեան» հետ։ Համացանցը լեցուած է բովանդակութենէ զուրկ անգրագէտ, յաճախ ոչ հայատառ ու թերի, անգլերէն-ռուսերէնախառն հայերէնով։  Պատանիներու հսկայ բանակ մը իր օրերը կ՚անցընէ համացանցին վրայ, ուր նոյնիսկ գրագէտ մէկ նախադասութիւն գտնելը հրաշքի կը նմանի։
Ալ ինչու՞ կը զարմանանք, որ մեր մօտ այսպէս է։
Միայն մէկ լուծում կայ՝ կրթական արտակարգ դրութիւն մը՝ հակաճգնաժամային ծրագիր մը։ Առանց յապաղելու՝ պէտք է առնուազն 500 հոգի արտասահման ուղարկենք՝ մասնագիտական լուրջ պատրաստութիւն ստանալու, եւ միաժամանակ առնուազն 500 օտար մասնագէտներ հրաւիրենք՝ այդ պատրաստութիւնը տեղւոյն վրայ իրականացնելու համար։ Նպատակը այն է, որ երեք-չորս տարուան ընթացքին ունենանք մասնագէտներու մեծ խումբ մը, որ կարենայ ցանցային համագործակցութեամբ աշխատիլ եւ սկսիլ բուժելու մեր հաւաքական մարմինը, որ ներկայիս կը տառապի անգրագիտութեան ախտէն։ Հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր պարզապէս մակերեսային (cosmetic) փոփոխութիւնները պիտի ծառայեն միայն ապագայի գերեզմանաքար պատրաստելու։ Անգրագէտ եւ անկիրթ սերունդ մը պիտի ըլլայ 21-րդ դարու հայկական աշխարհի մեծագոյն ողբերգութիւնը, որովհետեւ այդ սերունդը հիմնովին պիտի չկարենայ ըմբռնել, թէ ի՛նչ կարելի է ընել եւ ի՛նչ՝ ոչ։
Բնականաբար հասկնալի է, որ այս կացութեան մէջ արդէն կարելի չէ խօսիլ արեւմտահայերէնի ու արեւմտահայ հսկայական գրական-մշակութային ժառանգութիւն պահպանելու եւ զարգացնելու մասին։ Այլեւս կարելի չէ խօսիլ քաղաքական որեւէ լուրջ գաղափարախօսութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, կամ ալ հասարակութեան զարգացման մասին։ Ի՞նչ հասարակութիւն պիտի կառուցեն այդ պատանիները վաղը։ Ինչի՞ պիտի հաւատան, ինչ պիտի ըլլայ անոնց բարոյականութիւնն ու ճշմարտութիւնը, հայրենիքը, Աստուած եւ աշխարհը։ Մենք կը հասկանա՞նք, որ մեր երեխաները ծոյլ ու անպատասխանատու մեծցնելով անոնց հանդէպ աւելի վատ կը վերաբերինք, քան որեւէ թշնամի։ Միթէ՞ կարելի է այսքան ատել սեփական երեխաներն ու ապագան՝ զանոնք դէպի անգրագիտութիւն առաջնորդելով ու խրախուսելով։
Այս պիղծ անհոգութեան հետեւանքները պիտի ըլլան աւելի սարսափելի, քան մարդկայնօրէն կարելի է դիմանալ։
Արայիկ Մկրտումեան
Դոկտ. Արա Սանճեան՝ եկեղեցւոյ ինքնութեան, 1956-ի Անթիլիասի տագնապին եւ այսօրուան Հայաստանի մասին (Բ. մաս եւ վերջ)
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ այսօր ծաւալող քաղաքական ու հասարակական հակադրութիւնները պատմական բազմաթիւ նախադէպեր ունին։ «Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» հաղորդաշարին տուած երկրորդ հարցազրոյցին մէջ պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեան, Սագօ Արեանի հարցումներուն պատասխանելով, ներկայ տագնապը կը տեղադրէ եկեղեցի–պետութիւն եւ եկեղեցի–կուսակցութիւն յարաբերութիւններու աւելի լայն ծիրին մէջ։
Զրոյցը միաժամանակ կ’անդրադառնայ ամերիկահայ թեմի 1930-ականներու պառակտումին, Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութեան, Զարեհ եպս. Փայասլեանի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեան շուրջ ծագած 1952-1956-ի պայքարին, ամերիկեան եւ խորհրդային ազդեցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վազգէն Ա. եւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսներու միջեւ հաշտութեան փորձերուն։ Սանճեան բազմիցս կ’ընդգծէ, որ պատմական դէպքերը պէտք է քննել աղբիւրներու սահմաններուն գիտակցութեամբ եւ խուսափիլ կուսակցական երկու հակադիր պատումներէն որեւէ մէկը առանց վերապահութեան ընդունելէ։
«Տարբերակ21»
Ներկայ հակամարտութիւնը եւ չլուծուած հարցերը
Անդրադառնալով Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հակամարտութեան՝ Սանճեան խուսափեցաւ անոր հանգուցալուծման մասին կանխատեսում կատարելէ։ Անոր գնահատումով՝ դատական կամ առանձին եկեղեցական հարցերը աւելի մեծ քաղաքական պայքարի բաղադրիչներն են եւ հաւանաբար պիտի լուծուին այդ պայքարի ընդհանուր ելքին համապատասխան։
Պատմաբանը կուսակրօնութեան ուխտի պահպանումը լուրջ հոգեւոր հարց նկատեց, որովհետեւ ուխտի խախտումը կը վնասէ հոգեւորականի հեղինակութեան։ Սակայն ան միաժամանակ նշեց, որ քաղաքական հակամարտութեան մէջ այդ հարցը դարձած է գործիք։ Իր կարծիքով՝ եթէ կուսակրօնութեան պարտադիր դրութիւնը վերատեսութեան ենթարկուի, ատիկա պէտք է կատարուի եկեղեցական օրէնքով, կանոնով, համապատասխան որոշումներով եւ բաւարար ժամանակի ընթացքին, ոչ թէ ընտրովի մեղադրանքներու միջոցով։
Սանճեան վերահաստատեց առաջին հարցազրոյցին մէջ արտայայտած իր համոզումը, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին արմատական բարեփոխումներու կարիք ունի։ Սակայն ան քիչ յոյս ունի, որ ներկայ պայմաններուն մէջ նման բարեփոխում տեղի ունենայ, որովհետեւ Եկեղեցին չունի անհրաժեշտ ներքին երկխօսութիւնն ու կազմակերպչական ներուժը՝ իր հոգեւորականներն ու աշխոյժ անդամները մէկ սեղանի շուրջ բերելու եւ ժամանակակից մնալու ուղղուած հաստատութենական միջոցներ մշակելու համար։
Եկեղեցին հաւատքի՞, ինքնութեա՞ն, թէ՞ մշակոյթի հաստատութիւն
Բարեփոխութեան որեւէ ծրագիր, ըստ Սանճեանի, պէտք է սկսի աւելի հիմնական հարցումէ մը՝ հայ ժողովուրդին համար Եկեղեցին ի՞նչ է։ Անիկա հաւատքի հաստատութի՞ւն է, ազգային ինքնութեան վա՞յր, թէ՞ ազգային-մշակութային կեդրոն։ Պատասխանները նոյնը չեն Հայաստանի, Սփիւռքի տարբեր գաղութներու եւ նոյնիսկ միեւնոյն ծխական համայնքին անդամներուն համար։
Սանճեան յիշեց Տիթրոյթի մօտ Սուրբ Յովհաննէս Հայց. Եկեղեցւոյ մասին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց տուած էր համայնքի անդամներուն տարբեր սպասումները։ Մէկ խումբին համար եկեղեցին հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի վայր էր, ուրիշներուն համար՝ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութեան հոգեւոր միջավայր։ Պատմաբանը դիտել տուաւ, որ քրիստոնէական եկեղեցին իր էութեամբ համամարդկային է, իսկ քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ վերջնական պատասխանատուութիւնը անհատական է։
Այս բազմազանութիւնը հաշուի չառնելով կարելի չէ որոշել Եկեղեցւոյ դերը Հայաստանի Հանրապետութեան կամ համաշխարհային Սփիւռքին մէջ։ Էջմիածինը կը գտնուի Հայաստանի սահմաններուն մէջ, բայց համահայկական հոգեւոր կեդրոն է նաեւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայերուն եւ, հոգեւոր նախապատւութեան իմաստով, նոյնիսկ Կիլիկեան թեմերուն համար։ Հետեւաբար պետութիւն–եկեղեցի որեւէ լուծում պէտք է խուսափի այն մտայնութենէն, թէ Հայաստանի եկեղեցին կը պատկանի միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, իսկ Սփիւռքը պէտք է առանձին լուծէ իր հարցերը։
Պետական միջամտութեան վտանգաւոր նախադէպը
Սանճեան դարձեալ վերապահութիւն յայտնեց աշխարհիկ իշխանութեան կողմէ օրինական կերպով ընտրուած կաթողիկոսի մը հեռացումը պարտադրելու փորձին նկատմամբ։ Ան յիշեց, որ կաթողիկոսական գրեթէ բոլոր ընտրութիւններուն արտաքին կամ պետական միջամտութիւն եղած է։ Խորհրդային իշխանութիւնը ուղղակիօրէն ներգրաւուած էր 1945-ի եւ 1955-ի ընտրութիւններուն, իսկ անկախ Հայաստանի օրով Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութիւնը ներգրաւուած էր Գարեգին Ա.-ի, Ռոպերթ Քոչարեանն ու Վազգէն Սարգսեանը՝ Գարեգին Բ.-ի ընտրութեան ընթացքին։ Հետեւաբար ներկայ կաթողիկոսին ընտրութիւնը, իր թերութիւններով հանդերձ, նախորդներուն չափ օրինական է։
Անոր գնահատումով՝ հրաժարականի կամ գահազրկման հարցը կրնայ Եկեղեցւոյ ներսը լուծուիլ տեղապահ նշանակելու, աթոռակից ընտրելու կամ կաթողիկոսի կամաւոր հրաժարականի կանոնակարգուած կարելիութիւններով։ Սակայն եթէ կառավարութիւնը ստեղծէ կաթողիկոս հեռացնելու նախադէպ, ապագայ իւրաքանչիւր իշխանութիւն կրնայ փորձել իր նախընտրած եկեղեցապետը բերել։
Սանճեան միաժամանակ Եկեղեցիէն պահանջեց չսահմանափակուիլ կառավարութիւնը մեղադրելով։ Անոր կարծիքով՝ Եկեղեցին ինքը պէտք է քննէ իշխանութիւններուն բարձրացուցած հարցերէն սկզբունքային եւ հիմնաւոր բաժինը եւ իր լուծումները առաջարկէ՝ կառավարութենէն անկախ։ Ներկայ վէճը, սակայն, կեդրոնացած է «կաթողիկոսը պիտի մնա՞յ, թէ՞ պիտի երթայ» հարցին վրայ, մինչ Եկեղեցւոյ աւելի խոր խնդիրները գրեթէ չեն քննարկուիր։
Եկեղեցին՝ հաշտարար, ոչ թէ մրցակից կողմ
Հայաստանի ներկայ հակադրութեան մէջ Սանճեան նկատել տուաւ ոչ միայն երկու անձերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան բացակայութիւն, այլեւ երկրի ապագային վերաբերող արմատականօրէն տարբեր պատկերացումներ։ Ըստ անոր՝ մէկ կողմը կառչած կը մնայ տասնամեակներ շարունակ տիրապետող պահանջատիրական գաղափարախօսութեան եւ Ռուսիոյ հետ կապին, իսկ միւսը կը հետապնդէ քաղաքական իրապաշտութեան՝ realpolitik-ի ուղի մը։ Եկեղեցին ներքաշուած է այս բախումին ժամանակ յօգուտ մէկ ճամբարին դիրքաւորուելու կամ բոլորէն հնարաւորինս հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալու, հաւանական միջնորդ դառնալու երկընտրանքին մէջ։
Պատմաբանը տարբերակեց ընդհանուր քաղաքականութեան այլազան հարցերէն Եկեղեցին անմիջապէս հետաքրքրողներուն մասին անոր խօսելու իրաւունքը եւ միջկուսակցական պայքարին մասնակցութիւնը։ Երբ ժողովուրդը մեծ թիւերով բաժնուած է հակադիր ճամբարներու, հոգեւորականին դերը, ըստ Սանճեանի, պէտք է ըլլայ փորձել ընդհանուր եզրեր գտնել եւ ոչ թէ ճամբարներէն մէկուն միանալ։ Ներկայիս երկու կողմերն ալ հակառակորդը կը ներկայացնեն իբրեւ ազգը կործանման տանող ուժ, իսկ Եկեղեցին եւս մտած է այդ տրամաբանութեան մէջ։ Սանճեան նշեց, որ Ուքրանիոյ պատերազմի ելքին նման արտաքին զարգացումներ կրնան ազդել նաեւ Հայաստանի քաղաքական ուղղութեան եւ ներկայ եկեղեցական հակամարտութեան վրայ, ուստի վերջնական գնահատականներ տալը կանուխ է։
Ղեւոնդ Դուրեան եւ Եռագոյնի շուրջ պայքարը
Հարցազրոյցի ժամանակ պատմական քննարկման առաջին մեծ հանգրուանը Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութիւնն էր 24 Դեկտեմբեր 1933-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Սանճեան շեշտեց, որ այդ ոճիրէն մի քանի ամիս առաջ, Շիքակոյի միջազգային ցուցահանդէսին հայկական օրուան ժամանակ 1918-1920 թուականներու հանրապետութեան Եռագոյնը բեմէն վար առնելու միջադէպը կարեւոր էր, բայց հակամարտութեան ոչ սկիզբն էր, ոչ ալ ամբողջ բացատրութիւնը։
Դուրեան Ամերիկայի առաջնորդ նշանակուելէ առաջ ծառայած էր Պալքաններու, Իզմիրի եւ Անգլիոյ մէջ։ Ան Արմաշի դպրոցի այն եկեղեցական աւանդութեան մաս կը նկատուէր, որ կուսակցութիւններու քաղաքական գործունէութեան հանդէպ վերապահ էր։ Երբ Էջմիածինէն հրահանգ եկաւ եկեղեցին ԱՄՆի մէջ քաղաքական գործունէութենէ հեռու պահելու, տեղական դաշնակցական շրջանակներուն եւ առաջնորդին հակամարտութիւնը սրեցաւ։
1933-ին Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուէր պաշտօնապէս ճանչնալ Խորհրդային Միութիւնը։ Մինչ այդ ամերիկահայ միջավայրին մէջ Եռագոյնը ամերիկահայ որոշ շրջանակներու կողմէ ազատօրէն կը գործածուէր իբրեւ Հայաստանի խորհրդանիշ, իսկ Խ. Միութեան ճանաչումէն առաջ եւ ետք դրօշին շուրջ ներհայկական վէճը աւելի սուր քաղաքական իմաստ ստացաւ։ Դաշնակցականներուն համար եռագոյնը անկախ Հայաստանի օրինական խորհրդանիշն էր։ Ոչ-դաշնակցական շրջանակներու մէկ մասին համար ան դարձած էր ներկան՝ Խորհրդային Հայաստանի գոյութիւնը ժխտելու խորհրդանիշ։
Շիքակոյի հայկական օրուան ընթացքին Եռագոյնը հեռացնելու ճշգրիտ հանգամանքներուն մասին տարբեր վարկածներ կան՝ քուէարկութենէ մինչեւ առաջնորդին անձնական որոշումը։ Սանճեան զգուշացուց, որ Դուրեանի Եռագոյնը «քուրջի կտոր» անուանելու մասին հետագայ պատմութիւնները կրնան աւելի ուշ ձեւաւորուած ըլլալ։ Բայց քաղաքական հետեւանքը յստակ էր. Դաշնակցութիւնը որոշեց Դուրեանը չվերընտրել, իսկ անոր կողմնակիցները, որոնք ժողովին մէջ թիւով աւելի քիչ էին, հեռացան թեմական ժողովէն եւ առանձին վարչութիւն կազմեցին։ Էջմիածինը օրինական ճանչցաւ Դուրեանի կողմնակիցներուն մարմինը, մինչ դաշնակցական թեւը գործեց իբրեւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւն՝ առանց եպիսկոպոսի եւ առանց Էջմիածնի հաւանութեան։
Սպանութենէն մինչեւ ամերիկահայ թեմի պառակտումը
Թեմական պառակտումէն ետք Դուրեան դաշունահարուեցաւ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին։ Դատարանը երկու անձ մահուան դատապարտեց, իսկ հինգ ուրիշներ տարբեր ժամկէտներով բանտարկուեցան։ Մահուան պատիժները հետագային փոխուեցան ցմահ բանտարկութեան։ Դատապարտուածներէն Մատթէոս Լէյլէկեան կը նկատուէր դանակը գործածած անձը։ Ան եւ իր գործընկերը աւելի քան 20 տարի բանտարկուած մնացին։
Դաշնակցական պաշտպանողական պատումներուն մէջ սպանութիւնը երբեմն վերագրուեցաւ համայնավարներու սադրանքին, երբեմն ալ ներկայացուեցաւ իբրեւ կուսակցական անհատներու ինքնագլուխ գործողութիւն։ Սանճեան դիտել տուաւ, որ փոխադարձաբար հակասող այս բացատրութիւնները կը թուլացնեն միակ եւ վերջնական կուսակցական վարկածի մը վստահելիութիւնը։
Սպանութենէն ետք ստեղծուած բաժանումը երկարաժամկէտ հաստատութենական խնդիր դարձաւ։ Մէկ կողմը ունէր Էջմիածնի կողմէ ճանչցուած եպիսկոպոսներ, միւսը՝ եկեղեցիներ եւ քահանաներ, սակայն չունէր նոր հոգեւորականներ ձեռնադրելու իրաւասութիւն ունեցող եպիսկոպոս։ Քահանաներուն տարիքի բերումով նուազելուն հետ այդ խումբին շարունակականութիւնը վտանգուած էր։ Այս կարիքը, Սանճեանի գնահատումով, 1933-ի ամերիկահայ պառակտումը ուղղակիօրէն կապեց 1952–56-ի Անթիլիասի պայքարին հետ։
Գարեգին Յովսէփեանցի միջնորդական փորձերը
1934-ին Էջմիածինը Գարեգին արք. Յովսէփեանցը արտասահման ուղարկեց իբրեւ նուիրակ։ Ան տարբեր գաղութներ այցելելէ ետք հասաւ Միացեալ Նահանգներ եւ փորձեց հաշտեցնել բաժնուած կողմերը։ Փորձերը չյաջողեցան, սակայն Յովսէփեանց ընտրուեցաւ էջմիածնական թեմի առաջնորդ եւ շարունակեց հաւատարիմ մնալ Մայր Աթոռին։
Դաշնակցական շրջանակներուն մէջ ան որոշ յարգանք կը վայելէր, որովհետեւ նուազ ծայրայեղ կը նկատուէր, քան տեղական հնչակեան, ռամկավար կամ համայնավար գործիչները։ Այդ ընկալումը նպաստեց, որ 1943-ին ան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լայն համաձայնութեամբ ընտրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս։ Սակայն ամերիկահայ թեմի միաւորման իր վերջին փորձերը եւս արդիւնք չտուին։
Հիւսիսային Ամերիկայի պառակտուած իրադրութեան մէջ, դաշնակցական թեւին համար հիմնական հարցը շարունակեց մնալ սեփական եպիսկոպոս ունենալը։ 1957-ին, Կիլիկիոյ նորընտիր Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Միացեալ Նահանգներ ուղարկուած Խորէն արքեպիսկոպոս Բարոյեանը համախմբեց այդ եկեղեցիները, նիւթական մեծ օժանդակութիւն ապահովեց Անթիլիասին եւ այդ այցելութեան ժամանակ հիմք դրուեցաւ զուգահեռ թեմական կառոյցին։ Հրանդ եպիսկոպոս Խաչատուրեան դարձաւ նորաստեղծ թեմին առաջին առաջնորդը։ Այսպիսով ամերիկահայ 1930-ականներու պառակտումը վճռական դեր ունեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետագայ՝ 1950-ականներու ընդարձակման մէջ։
Զարեհի ընտրութիւնը եւ Դաշնակցութեան հաշուարկը
1956-ի Զարեհ եպս. Փայասլեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութեան մասին Սանճեան յստակացուց, որ անոր անձնական արժանիքները եւ քաղաքական ընտրութիւնը պէտք է իրարմէ զատել։ Ընդդիմադիր շրջանակներն անգամ Զարեհի անձին հանդէպ սկզբնական լուրջ առարկութիւն չունէին։ Հակադրութիւնը սրեցաւ ընտրութեան ընթացքին եւ անկէ ետք, երբ Զարեհ դարձաւ Դաշնակցութեան քաղաքական եւ եկեղեցական ծրագրին խորհրդանիշը։
Դաշնակցութիւնը երկար ժամանակ փորձած էր Անթիլիասի մէջ իրեն վստահելի կաթողիկոս ունենալ եւ սահմանափակել կաթողիկոսի անհատական իշխանութիւնը աշխարհական մարմիններու միջոցով։ 1941-ին պատրաստուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնադրութիւնը մեծ մասամբ Պոլսոյ Ազգային սահմանադրութեան օրինակով էր եւ զգալի իրաւասութիւն կու տար աշխարհական մարմիններուն։ Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանց զայն չէր վաւերացուցած 1945-1952-ին։ Դաշնակցութեան համար ընդունելի, նոր թեկնածուէն կը սպասուէր 1941-ի կանոնադրութեան գործադրութիւնը։
Սանճեան վկայակոչեց նախկին դաշնակցական գործիչ Խոսրով Թիւթիւնճեանի այն պնդումը, թէ կուսակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պատրաստ էր այլ, աւելի տարեց թեկնածուի մը, օրինակ՝ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի եւս համաձայնելու, սակայն Բիւրոն պնդած էր Զարեհի ընտրութեան վրայ։ Ըստ այս մեկնաբանութեան՝ Բիւրոյին համար անհրաժեշտ էր կաթողիկոս մը, որ Էջմիածնի ճնշումին տեղի չտար եւ ամերիկահայ դաշնակցականամէտ եկեղեցիներուն եպիսկոպոս ու քահանաներ ապահովելու ճանապարհ բանար։ Սանճեան այս պնդումը վերջնական փաստ չնկատեց՝ նշելով, որ Բիւրոյի փաստաթուղթերը մատչելի չեն, բայց զայն պատմականօրէն տրամաբանական բացատրութիւն համարեց։ Նշեց նաեւ որ դաշնակցական հրապարակագիրներ այդ բաղձանքին մասին բացայայտ գրած են այդ օրերուն։
Պաղ պատերազմը եւ պետութիւններու միջամտութիւնը
Զարեհի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Պաղ պատերազմի ամենասուր տարիներուն։ Դաշնակցութեան կապերը ամերիկեան հետախուզութեան հետ բարձր մակարդակի վրայ էին, իսկ Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամուն բացայայտօրէն արեւմտամէտ եւ հակահամայնավար դիրք ունէր։ Սանճեան յիշեց Շամունի հետագայ յայտարարութիւնը, թէ կ՚ուզէր Անթիլիասը դարձնել «ազատ աշխարհի հայերու Վատիկանը»։ Ասիկա կը մատնանշէ, որ տագնապին մէջ ներհայկական մրցակցութեան կողքին պետական եւ միջազգային հաշուարկներ եւս կային։
Ընտրութենէն ետք օծման համար աւանդաբար անհրաժեշտ էին երեք եպիսկոպոսներ, բայց միայն երկու եպիսկոպոս պատրաստ էին մասնակցելու։ Էջմիածինը առաջարկեց ընդունիլ ընտրութեան արդիւնքը եւ հեշտացնել օծումը այն պայմանով, որ Զարեհ խոստանար նոր թեմեր չկցել Անթիլիասին։ Այդ «կարմիր գիծը» ընդունիլը, սակայն, Զարեհը հակադրութեան մէջ պիտի դնէր Դաշնակցութեան համակիր իր ընտրողներուն հետ։ Ի վերջոյ օծման մասնակցելու համար ասորի եպիսկոպոս մը հրաւիրուեցաւ։
Սանճեան անգլիական արխիւներէն օրինակ մը բերաւ՝ ցոյց տալու համար արտաքին միջամտութեան փորձերը։ Լիբանանահայ պետական երեսփոխան ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան բիւրոյի անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեան դիմած էր բրիտանական իշխանութիւններուն, որ Երուսաղէմի մէջ համոզեն հայ եպիսկոպոս մը՝ մասնակցելու օծման։ Բրիտանացիները քննարկած եւ որոշած էին չներքաշուիլ՝ մտահոգուելով, որ հայ կողմերը կրնան յետոյ հաշտուիլ, իսկ միջամտողին հեղինակութիւնը վնասուի։
Տարածաշրջանի կառավարութիւնները արագօրէն ճանչցան Զարեհ Ա.-ը։ Նոր կաթողիկոսի եւ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան իրաւասութիւնը ամրապնդուեցաւ Լիբանանի, հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կիպրոսի մէջ, թէեւ Դամասկոսի թեմը չընդունեց կցումը եւ մինչեւ այսօր առանձին կը մնայ։ Ըստ Սանճեանի՝ 1956-ի պառակտումին հետեւանքները եօթը տասնամեակ ետք տակաւին ամբողջովին չեն վերացած։
Զարեհ Ա.-ի երկու կերպարները եւ հաշտութեան փորձը
Զարեհ Ա.-ի շուրջ պատմագրութեան մէջ Սանճեան առանձնացուց երկու հակադիր կերպար։ Դաշնակցական պատումին մէջ ան խիզախ եւ քաջ հովիւն է, որ դիմադրեց խորհրդային ազդեցութեան։ Հակադիր պատումին մէջ ան բարի եւ ազնիւ, բայց թոյլ առաջնորդ մըն է, որ չկրցաւ սահմանափակել զինք իշխանութեան բերած կուսակցութեան ազդեցութիւնը։
Պատմաբանը չհաստատեց, որ Զարեհ Ա. բացայայտօրէն զղջում արտայայտած է։ Սակայն կան տուեալներ, որ ան, իր մահուընէ ոչ շատ առաջ, առանց կուսակցական ղեկավարութեան գիտութեան, Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հետ հաշտութեան բանակցութիւններու մտած էր։ Խորհրդային արխիւներուն մէջ պահպանուած միջնորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ երկու կաթողիկոսները համաձայնած էին «Էջմիածնի» եւ «Հասկի» մէջ առանձին խմբագրականներով ներկայացնել փոխզիջման իրենց պատկերացումները եւ որոշ չափով մօտենալ իրարու դիրքերուն։ Երբ այս նախաձեռնութիւնը բացայայտուած է, Զարեհ կուսակցական կտրուկ հակազդեցութեան հանդիպած է։
Սանճեան այս դէպքը ներկայացուց նաեւ իբրեւ եկեղեցական իշխանութեան եւ ժողովրդավարական հաշուետուութեան բարդութեան օրինակ մը։ Կաթողիկոսը ընտրուած էր մարմինի մը կողմէ, ուր մեծամասնութիւն ունէր որոշակի կուսակցութիւն մը։ Սակայն հոգեւոր առաջնորդը միաժամանակ պարտաւոր էր ամբողջ հօտին հայր ըլլալ եւ սեփական նախաձեռնութեամբ հաշտութիւն որոնել։ «Եկեղեցին եւ այսօրուայ ժողովրդավարութիւնը իրար հետ համադրելու համար լուրջ աշխատանք պէտք է», եզրափակեց ան։
Վազգէն Ա.-ի Պէյրութի առաքելութիւնը՝ բաց մնացած հարց
Հարցազրոյցի վերջին բաժինը նուիրուած էր Վազգէն Ա. կաթողիկոսի՝ 1956-ի տագնապին ընթացքին Պէյրութ կատարած այցելութեան։ Սանճեան նշեց, որ առաքելութեան ճշգրիտ նպատակը յստակացնող բաւարար փաստաթուղթեր տակաւին հրապարակուած չկան։ Վազգէն Ա. կը յայտարարէր, թէ եկած է հաշտութիւն բերելու եւ պատրաստ է օծելու կողմերուն համաձայնութեամբ ընտրուած թեկնածուն, սակայն Զարեհի թեկնածութիւնը անընդունելի էր Էջմիածնի համար, իսկ Դաշնակցութիւնը անկէ չէր հրաժարեր։
Ոչ-դաշնակցական շրջանակները կը վիճարկէին Հալէպի պատուիրակներուն օրինականութիւնը՝ յոյս ունենալով, որ նոր ընտրութիւններու պարագային հիւսիսային Սուրիոյ թեմական մարմինին կազմը կրնայ փոխուիլ եւ նոր պատուիրակներ կ’ընտրուին որոնք նուազ մօտիկ էին Դաշնակցութեան։ Սուրիոյ կառավարութիւնը, սակայն, օրինական ճանչցաւ գործող պատուիրակները, ինչ որ ապահովեց Դաշնակցութեան մեծամասնութիւնը։ Ժողովը միայն մէկ շաբաթ յետաձգուեցաւ։ Երբ պարզ դարձաւ, որ նոր յետաձգում պիտի չըլլայ, Վազգէն Ա. մեկնեցաւ Գահիրէ՝ Երուսաղէմ երթալու անցագիր ստանալ չկարենալով։
Ամերիկեան արխիւներուն մէջ կայ անանուն դաշնակցական աղբիւրէ փոխանցուած պնդում, թէ փակ հաւաքի մը ժամանակ կաթողիկոսը ըսած է թէ կը վախնար առանց արդիւնքի Խ. Միութիւն վերադառնալու հետեւանքներէն։ Սանճեան շեշտեց, որ այդ պատումը ուղղակի ապացոյց չէ։ Փաստը այն է, որ երկար շրջագայութենէ ետք, երբ Վազգէն Ա. Մոսկուա վերադարձաւ, անմիջապէս ընդունուեցաւ Խորհրդային Միութեան վարչապետ Նիկոլայ Պուլկանինի կողմէ, եւ եկեղեցական հարցերու վերաբերող իր խնդրանքներէն մաս մը ընդառաջուեցաւ։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի մասին բարձրացուցած հարցերը, սակայն, մերժուեցան իբրեւ իր իրաւասութենէն դուրս։
Վազգէն Ա. Եգիպտոսի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ բարձր մակարդակի ընդունելութիւններու արժանացաւ, իսկ Լոնտոնի մէջ Անկլիքան Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան աջակցութիւնը շահեցաւ։ Հետեւաբար, ըստ Սանճեանի, շրջագայութիւնը խորհրդային տեսակէտէն ամբողջական ձախողութիւն չէր։ Բայց թէ կաթողիկոսը յստակ յանձնարարութեա՞մբ ղրկուած էր, թէ՞ սեփական հեղինակութեամբ հաշտութիւն փորձելու նախաձեռնութիւն ստանձնած էր, կը մնայ չպատասխանուած հարց։
Սանճեանի երկրորդ հարցազրոյցը ցոյց կու տայ, որ Դուրեանի սպանութիւնն ու Զարեհ Ա.-ի ընտրութեան տագնապը չեն բացատրուիր միայն անձերու անհատականութեամբ կամ եկեղեցական կանոններու շուրջ վէճով։ Անոնք սերտօրէն կ’առնչուին ազգային ինքնութեան հակադիր պատկերացումներու, Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ կեցուածքի, կուսակցական կառոյցներու գոյատեւման անհրաժեշտութեան, Պաղ պատերազմի մրցակցութեան եւ հիւրընկալ պետութիւններու քաղաքական հաշիւներուն։
Սանճեան բազմիցս կ’առանձնացնէ փաստը, վկայութիւնը եւ ենթադրութիւնը։ Ան չի փորձեր հերոսացնել կամ սատանայացնել Դուրեանն ու Զարեհը, ոչ ալ բոլոր բացերը լրացնել ենթադրութիւններով։ Այս մօտեցումով ներկային ուղղուած պատգամը եւս զգուշաւոր է. եկեղեցւոյ իրական բարեկարգումը չի կրնար իրագործուիլ պետական պարտադրանքով կամ կուսակցական կամայականութեամբ։ Ան կը պահանջէ ներքին երկխօսութիւն, պատմական ինքնաքննութիւն եւ համահայկական այնպիսի կառոյցներ, որոնք հոգեւոր իշխանութիւնը կը պաշտպանեն քաղաքական շահագործումէ՝ առանց զայն հանրային պատասխանատուութենէ զերծ կացուցելու։
«Տարբերակ21»
Դոկտ. Արա Սանճեան՝ Հայ եկեղեցւոյ բարենորոգման, քաղաքական միջամտութիւններու եւ պատմական տագնապներու մասին (Ա. Մաս)
Հայ եկեղեցւոյ եւ քաղաքական իշխանութիւններու յարաբերութիւնը դարերու պատմութիւն ունի եւ զուտ ժամանակակից երեւոյթ մը չէ։ Պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեան, «Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» հաղորդաշարի ծիրէն ներս Սագօ Արեանի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, այս յարաբերութիւնը կը քննէ պատմական լայն շրջագիծով՝ Հայաստանի ներկայ լարուածութիւններէն հասնելով մինչեւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւն, ցարական եւ խորհրդային շրջաններ, ինչպէս նաեւ Էջմիածին–Անթիլիաս հակադրութիւն։
Սանճեանի հիմնական դիտարկումը այն է, որ պետութեան եւ եկեղեցւոյ սահմաններուն յստակացումը միայն օրուան քաղաքական վէճով չի սահմանափակուիր։ Անոր համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին խոր եւ բազմակողմանի բարեփոխումներու կարիք ունի, իսկ քաղաքական իշխանութիւնն ու եկեղեցական կառոյցները պէտք է վերաքննեն իրենց դերերը ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ։
«Տարբերակ21»
2027-ի գիտաժողովը՝ եկեղեցիներու եւ քաղաքականութեան մասին
Հարցազրոյցին առիթը 9–11 Ապրիլ 2027-ին նախատեսուած գիտաժողովն է, որ պիտի կրէ «Churches, States and Politics» խորագիրը։ Սանճեանի բանաձեւումով՝ գիտաժողովը պիտի անդրադառնայ հայկական երեք աւանդական եկեղեցիներուն՝ Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն՝ Հայաստանի այսօրուան սահմաններէն դուրս, 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն։ Պիտի ընդգրկուին նաեւ խորհրդային եւ յետխորհրդային տարիներուն Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու տարածքին անոնց ունեցած փորձառութիւնները։
Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ երկու գլխաւոր ուղղութեան վրայ։ Առաջինը եկեղեցիներու իրաւական եւ սահմանադրական վիճակն է՝ թէ անոնք ինչպէ՛ս գոյատեւած եւ յարմարած են տարբեր երկիրներու քաղաքական ու իրաւական համակարգերուն։ Երկրորդը եկեղեցիներու, յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, կամայ թէ ակամայ քաղաքական գործընթացներու մէջ ներգրաւումն է։ Քննութեան պիտի ենթարկուին նաեւ այն միջոցները, որոնցմով պետութիւններ փորձած են ազդեցութիւն բանեցնել հայկական եկեղեցիներուն վրայ, զանոնք վերահսկել կամ միջազգային քաղաքական նպատակներով օգտագործել։ Կազմակերպիչները կը նախատեսեն մինչեւ 18 զեկուցում։
Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ երկու գլխաւոր ուղղութեան վրայ։ Առաջինը եկեղեցիներու իրաւական եւ սահմանադրական վիճակն է՝ թէ անոնք ինչպէ՛ս գոյատեւած եւ յարմարած են տարբեր երկիրներու քաղաքական ու իրաւական համակարգերուն։ Երկրորդը եկեղեցիներու, յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, կամայ թէ ակամայ քաղաքական գործընթացներու մէջ ներգրաւումն է։ Քննութեան պիտի ենթարկուին նաեւ այն միջոցները, որոնցմով պետութիւններ փորձած են ազդեցութիւն բանեցնել հայկական եկեղեցիներուն վրայ, զանոնք վերահսկել կամ միջազգային քաղաքական նպատակներով օգտագործել։ Կազմակերպիչները կը նախատեսեն մինչեւ 18 զեկուցում։
Հայաստանի ներկայ հարցը եւ պատմական նախընթացները
Անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ եկեղեցւոյ միջեւ վերջին տարիներու լարուածութեան՝ Սանճեան նշեց, որ Հայաստանի հողին վրայ աշխարհիկ ու եկեղեցական իշխանութիւններու բախումը նոր երեւոյթ չէ։ Չորրորդ դարէն սկսեալ եկեղեցականները մասնակցած են քաղաքական կեանքին, իսկ հայկական պետականութեան տարբեր շրջաններու թագաւորներն ու եկեղեցական վերնախաւերը բազմաթիւ առճակատումներ ունեցած են։ Նման պայքարներու երկար պատմութիւն ունի նաեւ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը։
Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային, ըստ պատմաբանին, հարցը երկու կողմ ունի։ Պէտք է յստակացնել, թէ պետական կառոյցները որքանո՛վ կրնան միջամտել եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։ Միաժամանակ, եկեղեցին պէտք է ճշդէ, թէ ինքզինք ինչպէ՛ս կը տեսնէ ժողովրդավարական ու մրցակցային քաղաքական համակարգին մէջ, եւ արդեօք ազգային եկեղեցիի իր հանգամանքը իրեն իրաւունք կու տա՞յ կուսակցական պայքարներուն մէջ դիրք բռնելու։
Սանճեան մտահոգիչ նկատեց գործող կաթողիկոսի մը հեռացումը քաղաքական ճնշումով պարտադրելու փորձը։ Ան ընդգծեց, որ նոյնիսկ եթէ ներկայացուած պատճառները հիմնաւոր համարուին, նման քայլ մը վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ, որ ապագային կրնայ բոլորովին տարբեր նպատակներով օգտագործուիլ։
Բարեփոխումը չի սահմանափակուիր պետութիւն–եկեղեցի յարաբերութեամբ
Պատմաբանը շեշտեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեփոխման կարիքը գոյութիւն ունէր ներկայ ղեկավարներէն շատ առաջ։ Ան յիշեց կուսակրօնութեան հարցը, որ 1920-ական, 1930-ական եւ 1940-ական թուականներուն եւս քննարկուած է, սակայն մինչեւ այսօր հակասական վիճակի մէջ կը մնայ։ Իր ձեւակերպումով՝ աւելի լաւ է օրէնքը փոխել, քան անոր խախտումները չտեսնելու տալ կամ իրականութիւնը ծածկել։
Սանճեանի համաձայն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանի մէջ վերջին երեսուն տարիներուն չէ ստեղծած բաւարար ներքին եւ հանրային քննարկում՝ ժողովրդավարական համակարգին մէջ իր դերին շուրջ։ Նոյնիսկ եթէ Հայաստանի պետութիւնն ու եկեղեցին քաղաքական համաձայնութեան մը հասնին կամ նոր օրէնսդրութիւն մշակեն, ատիկա եկեղեցւոյ բոլոր խնդիրները չի լուծեր։ Անոնցմէ շատերը հոգեւոր, վարչական եւ համահայկական բնոյթ ունին, քանի որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միայն Հայաստանի մէջ գործող կառոյց մը չէ։ Այլ երկիրներու մէջ ապրող հայ առաքելականները եւս անոր նոյնքան իրաւահաւասար զաւակներն են։
Միաժամանակ ան զգուշացուց եկեղեցին առանձին եւ մեկուսացած կառոյց մը նկատելէ։ «Մեր եկեղեցին մեր հասարակութենէն կը բխի», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ հայ ընտանիքներէն շատ քիչեր իրենց զաւակները կը քաջալերեն հոգեւոր ասպարէզ ընտրելու։ Հետեւաբար եկեղեցւոյ շարք մը տկարութիւններ իրականութեան մէջ հայ հասարակութեան աւելի ընդհանուր խնդիրներուն արտացոլացումն են։
Պոլսոյ փորձառութիւնը եւ կուսակցութիւններու մուտքը
Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատմութիւնը Սանճեան ներկայացուց իբրեւ եկեղեցի–պետութիւն–համայնք եռակողմ յարաբերութեան կարեւոր օրինակ։ Ան որոշ վերապահութեամբ մօտեցաւ տարածուած այն պնդումին, թէ պետականութիւն չունեցած դարերուն եկեղեցին ստանձնած է հայկական պետութեան դերը։ Իսլամական իշխանութեան տակ ոչ-Իսլամ համայնքները իրաւականօրէն կազմակերպուած էին կրօնական հիմքի վրայ, իսկ անոնց կրօնապետերը միաժամանակ համայնական պետեր էին։ Այս մօտեցումը պարտադրուած էր Իսլամութիւն դաւանող պետական կառոյցներուն կողէ, եւ ոչ-Իսլամ հպատակները պարտաւորուած էին համակերպիլ։ Յետօսմանեան շարք մը երկիրներու մէջ այս համակարգին կարեւոր բաղադրիչները մինչեւ այսօր կը պահպանուին։
19-րդ դարուն հայերը սկսան իրենք զիրենք ընկալել նաեւ իբրեւ մշակութային ազգ, որուն ինքնութիւնը միայն կրօնքով չէր սահմանուեր։ Սակայն, հայկական համայնքներ ունեցող բազմաթիւ պետական, քաղաքական եւ իրաւական կառոյցներ շարունակեցին եւ առ այսօր կը շարունակեն հայերուն նայիլ իբրեւ կրօնական համայնք ու եկեղեցին ճանչնալ իբրեւ համայնքի գլխաւոր ներկայացուցիչ։ Ասիկա ազդեցիկ աշխարհական ուժերուն համար վաղուց պատճառ հանդիսացած էր միջամտելու Պոլսոյ պատրիարքներու ընտրութեան։ Պոլսոյ ամիրայական խմբակցութիւնները կը մրցէին «իրենց մարդը» պատրիարքական աթոռ բարձրացնելու, իսկ օսմանեան պաշտօնատարներու կաշառումը եւս համակարգին մաս կը կազմէր։ Սա եւս զուտ հայկական երեւոյթ չէր։ Նոյնանման փորձ ունէին նաեւ Օսմանեան պետութեան յոյները։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յայտնուելով՝ այս միջամտութիւնը 19-րդ դարու վերջէն սկսեալ նոր բնոյթ ստացաւ։ Սանճեան նշեց, որ առաջին սերունդի հնչակեաններն ու դաշնակցականները ընդգծուած աշխարհիկ կազմակերպութիւններ էին։ Եկեղեցին անոնց համար ինքնին նպատակ չէր, սակայն քաղաքական ազդեցութեան կարեւոր միջոց էր։ Այս միջավայրին մէջ 1890-ին, Գում Գափուի ցոյցին ընթացքին Հնչակեանները Խորէն Եպս. Աշըգեան պատրիարքը հարկադրաբար տարին սուլթանին խնդրագիր ներկայացնելու, իսկ հետագային` 1894-ին ան մահափորձէ փրկուեցաւ։ Տարիներ ետք` 1903-ին դաշնակցականներ մահափորձ կատարեցին Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի դէմ՝ զինք եւս մեղադրելով իշխանութեան հանդէպ չափազանց զիջող ըլլալու մէջ։
Ցարական եւ խորհրդային իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը
Ցարական Ռուսիոյ օրով, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը կարգաւորուեցաւ 1836-ին հաստատուած «Պոլոժենիէ»-ով։ Կաթողիկոսական ընտրութեան ատեն երկու ամենաշատ քուէ ստացած թեկնածուներուն անունները կը ներկայացուէին ցարին, որ անոնցմէ մէկը ընտրելու իրաւասութիւն ունէր։ 1903-ին եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւումը եկեղեցին մղեց ապաւինելու Դաշնակցութեան կազմակերպչական ուժին՝ ժողովրդային դիմադրութիւն ծաւալելու համար։
Խորհրդային իշխանութեան քաղաքականութիւնը, ըստ Սանճեանի, երկու հիմնական հանգրուան ունեցաւ։ Մինչեւ 1938 նպատակը կրօնական կեանքը քանդելն ու վերացնելն էր։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շրջանին իշխանութիւնը փոխեց իր մօտեցումը եւ սահմանափակ թիւով եկեղեցիներ օգտագործեց իբրեւ վերահսկուած հասարակական կառոյցներ՝ պետական քաղաքական նպատակներու ծառայեցնելու համար։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին անոնցմէ մէկն էր։
Այս շրջանը գնահատելու ատեն Սանճեան անդրադարձաւ նաեւ պատմաբան Ֆելիքս Քորլիի դիտարկումին։ 1903-ին հայկական դպրոցներու փակումը ազգային ինքնութեան ուղղուած անմիջական վտանգ կը նկատուէր, մինչ ստալինեան շրջանին եկեղեցիներու քանդումը նոյն ձեւով չընկալուեցաւ, որովհետեւ խորհրդային պետութիւնը արդէն մշակած էր ազգային ինքնութեան իր տարբերակը։ Կրթութիւնը, թատրոնը, շարժապատկերն ու հայերէնի գործածութիւնը շարունակուեցան՝ թէեւ անոնց բովանդակութիւնը խստօրէն կը վերահսկուէր։ Այս տարբերութիւնը, ըստ հարցազրոյցին, կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար հասարակական դիմադրութիւնը խորհրդային հալածանքներու ժամանակ մեծ մասամբ կրաւորական մնաց՝ ի տարբերութիւն 1903-ի զանգուածային շարժումին։
Սանճեան հաստատեց, որ խորհրդային գաղտնի ծառայութիւնները հոգեւորականներ հաւաքագրած են, յաճախ՝ անոնց հոգեւոր ճեմարան իբրեւ ուսանող մուտք գործելէն անմիջապէս ետք։ Սակայն ան զգուշացուց անուններու հրապարակուած ցուցակները միանշանակ մեկնաբանելէ։ Հաւաքագրուիլը միշտ չէր նշանակեր հետագային յանձնարարութիւններ ստանալ ու կատարել։ «Քա. Կէ. Պէ.»-ի արտահոսած փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ «վստահելի անձնաւորութիւններ», որոնցմէ իշխանութիւնը սովորաբար կարծիք կը խնդրէր՝ առանց զանոնք պարտադիր կերպով գործակալ նկատելու։ Այդուհանդերձ, պատմաբանին գնահատումով՝ կասկած չկայ, որ Խորհրդային Միութիւնը եւ այլ պետութիւններ քաղաքական նպատակներով օգտագործած են հոգեւորականներու հետ իրենց կապերը։
Էջմիածին–Անթիլիաս հակադրութեան ազգային եւ միջազգային շերտերը
Սանճեան Էջմիածինի եւ Անթիլիասի միջեւ 1950-ականներու հակադրութեան սկզբնական հիմքը սկզբնապէս ազգային, եւ միայն ապա միջազգայնացած նկատեց։ 1920–23-ի զագացումներէն ետք Սփիւռքի մէջ հիմնական հարց դարձաւ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ դիրքորոշումը։ Դաշնակցութիւնը խոր վերապահութիւն ունէր խորհրդային իշխանութեան նկատմամբ, մինչ Ռամկավար, Հնչակեան եւ այլ ուժեր պատրաստ էին նոր իրավիճակին հետ լեզու գտնելու՝ միաժամանակ Դաշնակցութեան սփիւռքի մէջ ազդեցութեան հակակշիռ ստեղծելով։
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հերթին նախ գոյատեւման հարց ունէր։ Երկար բանակցութիւններէ ետք 1929-ին անոր ենթակայ մնացին Հալէպի եւ Անտիոքի թեմերը, որոնց աւելցան Դամասկոսը, Լաթաքիան եւ Լիբանանը։ 1930-ականներուն ոչ-դաշնակցական շրջանակները կը մտահոգուէին, որ Դաշնակցութիւնը կը փորձէ Անթիլիասը Էջմիածնէն անկախ հակաթոռի վերածել կամ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը բարձրացնել իբրեւ Սփիւռքի գլխաւոր հոգեւոր կեդրոն։
Հակադրութիւնը 1952–56-ին աւելի բացայայտ միջազգային բնոյթ ստացաւ։ Պաղ պատերազմի պայմաններուն, Դաշնակցութիւնը կը համագործակցէր ամերիկեան հետախուզութեան հետ, իսկ Խորհրդային Միութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը քաջալերէր հակադաշնակցական ուժերը։ Այս մթնոլորտը սրեց 1956-ի Անթիլիասի ընտրութեան տագնապը, երբ Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեանի ընտրութիւնը համայնքի մէկ մասը մերժեց ընդունիլ։
Սանճեան Զարեհ Կաթողիկոսի կերպարին շուրջ երկու հակադիր պատկեր առանձնացուց։ Դաշնակցական գրականութեան մէջ ան կը ներկայանայ իբրեւ «քաջ հովիւ», իսկ ոչ-դաշնակցական շրջանակներու մէջ՝ իբրեւ բարի եւ ազնիւ հոգեւորական, որ բաւարար կշիռ չունէր կուսակցութեան միջամտութիւնը սահմանափակելու։ Կեանքի վերջին տարիներուն Զարեհ Կաթողիկոսը, ըստ որոշ վկայութիւններու, փորձած է Վազգէն Ա.-ի հետ առանձին հաղորդակցութիւն հաստատել եւ միջին եզր գտնել, սակայն իրեն կողմնակից աշխարհական ու կուսակցական տարրերը ընդդիմացած են։
Քաղաքական ներգրաւման վտանգը
Հարցազրոյցի աւարտին Սանճեան իր պատմական դիտարկումները ամփոփեց զգուշացումով մը։ Երբ հոգեւորականները քաղաքական կուսակցութիւններուն կ՚արտօնեն մտնել իրենց ներքին, եկեղեցական պայքարներուն մէջ, վերջաւորութեան յաճախ կը զղջան։ Պատմութիւնը, անոր համաձայն, ցոյց կու տայ, որ աշխարհական քաղաքական ուժերը կրնան աւելի ծայրայեղ դիրքեր որդեգրել, քան հոգեւորականները, ապա՝ իրենց համակիր եկեղեցականները մղել աւելի արմատական կեցուածքներու։
Այս տեսանկիւնէն՝ եկեղեցւոյ բարեփոխումն ու պետութեան հետ յարաբերութիւններու յստակացումը փոխկապակցուած, բայց նոյնը չեղող հարցեր են։ Առաջինը կը պահանջէ համահայկական, հոգեւոր եւ վարչական ինքնաքննութիւն, իսկ երկրորդը՝ ժողովրդավարական կարգերուն համապատասխան իրաւական սահմաններ։ Սանճեանի ներկայացուցած պատմական փորձը կը վկայէ, որ անոնցմէ ոչ մէկը կարելի է լուծել օրուան քաղաքական հակադրութիւններուն տրամաբանութեամբ միայն։
«Տարբերակ21»
Լռութեան մէջ ամբողջ աշխարհ մը
Նաւը կը ճեղքէր Միջերկրականի հսկայ եւ ծաւալուն ալիքները, մինչ արեւը՝ ամառնային ուշ մայրամուտի իր վերջին, նուաղուն շողերը կը հաւաքէր ծովու անծայրածիր մակերեսէն։ Ալիքները կը փշրուէին նաւուն կողերուն, կարծես փորձելով ետ դարձնել զայն։ Նաւուն վրայ տիրող բարձրաձայն խօսակցութիւնները, ծիծաղը եւ երաժշտութեան զանազան ելեւէջները կը միաձուլուէին ծովուն յարատեւ շառաչիւնին՝ ստեղծելով կենդանի եւ շարժուն մթնոլորտ մը։
Ամէն իրիկուն, ընթրիքի ժամուն, տարբեր ազգութիւններու պատկանող ուղեւորներ կը հաւաքուէին սեղաններուն շուրջ։ Անոնք հաճելի զրոյցներու մէջ կը սուզուէին՝ գաւաթ մը գինիի կամ այլ խմիչքի ընկերակցութեամբ, եւ օրուան յոգնութիւնը մոռնալով, կը վայելէին ծովային  ճամբորդութեան այդ հաճելի ու անկրկնելի պահերը։ Ես եւ ամուսինս ալ մաս կը կազմէինք այդ ուղեւորներու խումբին։ Տարբեր երկիրներէ ժամանած՝ բոլորս պատրաստ էինք նոր վայրեր բացայայտելու եւ նոր ծանօթութիւններ հաստատելու ։
Երկու-երեք օր ետք, ընթրիքի պահուն, ուշադրութիւնս գրաւեց եօթանասունամեայ, սպիտակահեր մարդ մը, որ բոլորովին մինակ էր։ Ամէն իրիկուն ան առանձին կը նստէր իր սեղանին շուրջ՝ առջեւը կարմիր գինիի բաժակ մը, կարծես փորձելով մինակութեան մէջն իսկ ժամերը հաճելի կերպով անցնել։ Իսկ դիմացի պատէն կախուած պատկեր մը, որ գոյներու եւ ձեւերու վերացական համադրութիւն մըն էր, իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձած էր։ Ամէն իրիկուն, ան ումպ առ ումպ կ՛ըմպէր իր գինին եւ երկարօրէն կը դիտէր պատկերը, կարծես միշտ նորութիւն մը յայտնաբերելով այդ արուեստի գործին մէջ։ Հաւանաբար այդ ստեղծագործութիւնը հայելի մըն էր, որուն մէջէն ի յայտ կուգային իր ներաշխարհը եւ կուտակուած զգացումները։  Ամէն օր իր անձնաւորութիւնը բնորոշող նոր «շերտ» մը կը բացայայտէր , ինչպէս նկարը՝ ամէն անգամ նոր մանրամասնութիւն մը։
Կը մտածէի, արդեօք կեանքի պայմաններո՞ւն բերումով, եւ այլընտրանք չունենալով էր, որ ան նախընտրած էր առանձին ճամբորդել, թ՞է առանձին մնալը իր որոշումն էր՝ կեանքի որոշ հանգրուանի մը ընթացքին։ Եթէ առաջինն էր, այսինքն պարտադրուած առանձնութիւն մը, անշուշտ ցաւալի պիտի ըլլար։ Իսկ եթէ երկրորդն էր, թերեւս ինքզինք վերագտնելու առիթ մը  ըլլար։
Քանի մը օր ետք, մեր բոլորիս դէմքերը իրարու ծանօթ դարձած էին արդէն։ Եօթանասունամեայ մարդը մօտեցաւ եւ համակրելի ժպիտով մը բարեւեց մեզի։ Ապա ըսաւ։
—Ես Ճէովանին եմ, իտալացի եմ։ Դուք ո՞ր երկրէն էք։
—Մենք Լիբանանցի, բայց նաեւ հայ ենք։
—Օ՜հ, ես հայ բարեկամ մը ունեցած եմ․․․Շատ կը սիրեմ հայերը։
Այսպէս սկսաւ մեր զրոյցը, որ քիչ ետք դարձաւ աւելի մտերմիկ։
—Կ՛երեւի առանձին եկած էք այս պտոյտին—ըսի։
Ճէովանին մեղմօրէն ժպտաց եւ սկսաւ պատմել եւ բացայայտել կեանքի հանդէպ իր հայեացքին մասին։
Իր կինը քանի մը տարի առաջ մահացած էր, իսկ երեք զաւակները, որոնք ընտանիքներ կազմած էին, յաճախ զբաղած էին իրենց աշխատանքներով ու ընտանեկան կեանքով։ Ճէովանին լաւ գիտէր, թէ առանձին ճամբորդութիւը յանդգնութիւն կը պահանջէր, սակայն, կեանքի այս հանգրուանին, ինքն իրեն հետ մինակ մնալու կարիքն ունէր։ Հաւանաբար այս ճամբորդութիւնը առիթ մը էր վերարժեւորելու իր ձեռքբերումները եւ սեփական կեանքը, ազատութիւն եւ հոգեկան հանգստութիւն գտնելու։ Թերեւս ինքնաճանաչման ուղի մը էր, երբ մարդ պահ մը կանգ կ՛առնէ եւ կը նայի կեանքի իր անցած երկար ճանապարհին աւելի հանգիստ եւ խորութեամբ եւ այդ լռութեան մէջն է, որ ան կը գտնէ իր իսկական ընկերակցութիւնը՝ ինքն իր հետ։
Ան շարունակեց։
—Առանձին ըլլալ չի նշանակեր ինքնամեկուսացում․ երբ մարդ կեանքի ժխորին մէջ «կորսուած» եւ բազմազբաղ է, հաւանաբար առիթ չունենայ կեանքը լիապէս ըմբոշխնելու եւ արժեւորելու։—
Ան ըսաւ նաեւ, թէ մինակութիւնը միշտ մարդու մը կեանքին մաս կազմած է, սակայն պէտք է օգտագործել զայն՝ աճելու եւ զարգանալու։ Մեր կեանքը կը կաշկանդուի  ուրիշներուն կարծիքներով, սպասումներով եւ քննադատութիւններով։ Պէտք է ձերբազատիլ անոնցմէ եւ ստեղծել այնպիսի ապրելակերպ մը, որ մեզի համար հաճելի , իմաստալից եւ հոգեկան խաղաղութիւն  պարգեւող ըլլայ ։ Երբ առանձին ես եւ մարդիկ չկան շուրջդ, այդ մինակութիւն չէ,  այլ  մինակութիւնը այն է, երբ դուն քու իրական անձդ կը կորսնցնես։
Փոքր դադարէ մը ետք, Ճէովանին աւելցուց։
—Ես այսօր մինակ կը ճամբորդեմ եւ լաւ գիտեմ, թէ մարդիկ պիտի քննադատեն կամ գոնէ հարց պիտի տան իմ այս ընտրութեանս համար։ Սակայն մեծագոյն յաղթանակը այն է, երբ մարդ ականջ չի դներ շրջապատի ըսի-ըսաւներուն եւ իր ճամբան կը շարունակէ, ըստ իր հաւատքին եւ համոզումներուն։—
Մտածեցի, թէ որքա՜ն իմաստութիւն կար իր խօսքերուն մէջ։ Ամէն մէկը  խորհուրդ մը, փորձառութիւն մը կը պարփակէր։ Մեզմէ ո՞վքեր իսկապէս այսպէս կը մտածեն․․․Ո՞վքեր կրնան լռութեան մէջ հանգիստ նստիլ, առանց ուրիշներու ներկայութեան կարիքը զգալու։ Ո՞վքեր կը համարձակին պահ մը կանգ առնել, հեռանալ ուրիշներու կարծիքներէն եւ հարցնել իրենք իրենց՝ «Ո՞վ եմ ես եւ ի՞նչ կը փնտռեմ կեանքիս մէջ»։
Երբ շուրջդ լռութիւն կը տիրէ, այդ լռութեան մէջն է, որ երբեմն կը լսես ամենահզօր ձայնը՝ քու ներքին ձայնդ։
Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան
Ինչո՞ւ կը մերժենք տեսնել, թէ աշխարհը գլխիվայր կը շրջի
Մութ ամպեր՝ աշխարհի վերեւ. աշխարհակարգը փլուզումի սեմի՞ն
Աշխարհակարգերը մէկ օրէն միւսը չեն փլիր։ Անոնք կը մաշին աստիճանաբար՝ հաստատութիւններու տկարացումով, կանոններու անտեսումով, պատերազմներու տարածումով եւ այն վտանգաւոր ինքնախաբէութեամբ, թէ վաղը անպայման պիտի նմանի երէկուան։ Նախանշանները յաճախ մեր աչքերուն առջեւ կ’ըլլան, սակայն մենք կը նախընտրենք զանոնք նկատել իբրեւ անցողակի երեւոյթներ։
Ստորեւ ներկայացուող A New World Order Is Coming. We Aren’t Ready խորագրեալ յօդուածին մէջ պատմաբան Մարկըրէթ ՄաքՄիլըն պատմական յեղափոխութիւններու, համաշխարհային պատերազմներու եւ այսօրուան աշխարհաքաղաքական ցնցումներու ընդմէջէն կը քննէ մեր ժամանակի մտահոգիչ հարցումը. արդեօք հին աշխարհակարգը պարզապէս դժուար շրջանէ՞ մը կ՚անցնի, թէ՞ արդէն կը գտնուինք նոր եւ աննախատեսելի դարաշրջանի մը սեմին, որուն տակաւին պատրաստ չենք։
«Տարբերակ21»
Երբ փոթորիկ մը մօտենայ, միշտ ալ նախանշաններ կ՚ըլլան։ Քամին կրնայ յանկարծ դադրիլ։ Ծովը սովորականէն աւելի ետ քաշուիլ։ Ամպի երկար երիզներ կրնան սահիլ երկինքին վրայէն։
Կարելի է սխալ մեկնաբանել կամ նոյնիսկ անտեսել այդ նշանները՝ պնդելով, թէ անձրեւի կաթիլները անցողակի տեղատարափի մը նախերգանքն են միայն, մինչեւ որ այլեւս ուշ ըլլայ։ Եւ ահա այդ ատեն է, որ իսկական փորձանքը վրայ կը հասնի։
Ինչ որ ճիշդ է եղանակին պարագային, ճիշդ է նաեւ մարդկային կեանքի ու պատմութեան մէջ։ Վարչակարգերը զօրաւոր կ՚երեւին՝ մինչեւ այն պահը, երբ յանկարծ այդպէս չեն այլեւս։ Ներքին յեղափոխութիւններն ու միջազգային կարգի ցնցումները — որոնք այնքան յաճախ իրարու կ՚ընկերանան — դէպքերէն ետք դիւրին է տեսնել, սակայն զանոնք միշտ չէ, որ կարելի կ՚ըլլայ կանխատեսել։ Այդուհանդերձ, երբ աւելի ուշադիր նայինք, յաճախ կը տեսնենք, թէ նշանները արդէն հոն էին։
Մեզմէ անոնք, որոնք համեմատաբար կայուն եւ կանոնաւոր հասարակութիւններու մէջ կ՚ապրին, պիտի ուզէին հաւատալ Վոլթերի ծիծաղելի տոքթոր Փանկլոսին պէս, որ մէկ աղէտէն միւսը գլորելով հանդերձ կը պնդէր, թէ «ամէն ինչ լաւագոյնին համար է»։ Կրնանք գանգատիլ տնտեսութենէն կամ հեռաւոր նոր պատերազմի մը հեռանկարէն, կրնանք հաւանութեամբ լսել քաղաքական բեւեռներու երկու ծայրերէն հնչող արմատական ձայները, բայց չենք ակնկալեր, որ մեր աշխարհը գլխիվայր շրջի։
Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ ականջ տայինք ֆրանսացի ուրիշ գրողի մը զգուշացումին։ Ալպէր Քամիւի յետպատերազմեան «Ժանտախտը» վէպին մէջ, երբ սատկած առնէտներ կը յայտնուին ալճերիական Օրան քաղաքի փողոցներուն վրայ, իսկ մարդիկ կը սկսին խորհրդաւոր հիւանդութեամբ մը վարակուիլ, տեղական իշխանութիւններն ու քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կ՚անտեսեն նշանները՝ մինչեւ որ շատ ուշ կ՚ըլլայ։ «Պատմութեան ընթացքին ժանտախտները պատերազմներուն չափ բազմաթիւ եղած են,— կ՚ըսէ Քամիւի պատմողը,— եւ սակայն ժանտախտներն ու պատերազմները մարդիկը միշտ ալ հաւասարապէս անակնկալի կը բերեն»։
Այսօր մեր շուրջը ամէնուրեք սատկած առնէտներ կան։ Այս ամառ ջերմաստիճանի մրցանիշներ սահմանուեցան եւ անմիջապէս գերազանցուեցան, երկիրը երաշտներու տակ այրեցաւ, իսկ անտառային հրդեհները մոլեգնեցան։ Զարգացած տնտեսութիւններու պարտքերը կը մօտենան պատմական բարձրագոյն մակարդակներու։ Բժշկական եւ սննդային օժանդակութիւններու կրճատումը, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, անտեղի մահերու պատճառ դարձած եւ նպաստած է հիւանդութիւններու տարածումին, որոնցմէ մէկը ուշ կամ կանուխ կրնայ նոր համավարակի մը վերածուիլ։ Արուեստական իմացականութիւնը կը շարունակէ իր արագ եւ չկարգաւորուած վերելքը՝ վտանգելով աշխատատեղերը, անվտանգութիւնը եւ, ըստ ամենէն մռայլ կանխատեսումներուն, մարդկային գոյութիւնն իսկ։
Գոյութիւն ունեցող կարգը վերանայիլ ուզող տէրութիւնները անպատիժ կերպով կ՚արհամարհեն կանոններն ու ընդունուած չափանիշները։ Ընտրազանգուածները զայրացած եւ անկայուն են։ Դանդաղ, կշռադատուած եւ անհրաժեշտաբար շրջահայեաց դիւանագիտութիւնը, որ վստահութիւն եւ փոխըմբռնում կը կերտէ, իր տեղը տուած է ցուցադրական եւ ամբարտաւան ոճի մը, որ աւելի յարմար է ԹիքԹոքի ազդեցութեան տակ կարճացած ուշադրութեան կամ դպրոցական խաղավայրին։
Ուփսալայի հակամարտութիւններու տուեալներու ծրագիրը անցեալ տարի արձանագրեց պետութիւններու մասնակցութեամբ 65 հակամարտութիւն՝ 1946-էն ի վեր բարձրագոյն թիւը։ Մեծ տէրութիւնները իրենք զիրենք խրած կը գտնեն անհամաչափ պատերազմներու մէջ՝ երկիրներու դէմ, որոնք նոր արհեստագիտութիւններէն առաւելագոյն չափով կ՚օգտուին։ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը, որ քանի մը օրէն պիտի աւարտէր յաղթանակով, ճռնչալով մտած է իր հինգերորդ տարին։ Իրան, ամերիկեան ուժերուն եւ դաշնակիցներուն վրայ յարձակելու համար գործածելով աժան եւ զանգուածաբար արտադրուող անօդաչու սարքեր, իր հակակշռին տակ առած է համաշխարհային առեւտուրի կենսական միջանցքներէն մէկը՝ թերեւս մշտապէս, կտրուկ նուազեցուցած է ամերիկեան հրթիռներու պաշարները եւ նախագահ Թրամփը խրած է իր իսկ ընտրած պատերազմին մէջ։
Համաշխարհային պատերազմը անխուսափելի չէ, սակայն մեծ ու լաւ զինուած տէրութիւններու միջեւ աղէտալի բախումի մը վտանգը աւելի մօտ է, քան եղած է տասնամեակներ շարունակ։
Քամիւի Օրանի բնակիչներուն նման, հասկնալիօրէն դժկամ ենք ընդունելու, թէ աշխարհը որքան խորապէս փոխուած է։ Խնդիրները խրթին, բարդ եւ ձանձրացուցիչ են, իսկ աւելի դիւրին է հայեացքը ուրիշ կողմ դարձնել։ Ուստի ծովափները արձակուրդ կ՚անցընենք, մինչ անտառային հրդեհները կը մոլեգնին։ Արուեստական իմացականութեան կը հարցնենք, թէ ինչպէ՛ս վարժեցնենք նոր շնիկ մը կամ ինչպէ՛ս գրենք այդ նամակը՝ անոր վստահելով մեր փոխարէն մտածելու գործը։ Յոյս ունինք, որ պատերազմները պիտի աւարտին, պաշտպանական պատնէշները, հաստատութիւններն ու դաշինքները պիտի վերակառուցուին, եւ աշխարհը, ինչպէս մենք կը ճանչնանք զայն, պիտի վերականգնի ու գոյատեւէ։
Բայց նոր իրականութիւնը վրայ հասաւ ապշեցուցիչ արագութեամբ։ Աշխարհակարգը, որ աշխարհը միասին կը պահէր մեր կեանքի մեծ մասին ընթացքին, սկսաւ քայքայուիլ, երբ անոր մէջ ապրողները չափազանց հանգիստ զգալով անհոգ դարձան, եւ երբ վնասակար վարքագիծը ոչ միայն հանդուրժուեցաւ, այլեւ երբեմն հաւանութեան արժանացաւ։
Մենք թեւակոխած ենք անկարգութեան նոր դարաշրջան մը։ Պէտք է պատրաստուինք՝ նախ անկեղծօրէն ընդունելով մեր ապրած պահուն լրջութիւնը եւ գիտակցելով, որ մեր փխրուն համակարգը կը խարխլի։ Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ երկիրները արդէն կը յարմարին այս նոր կացութեան՝ դէպի լաւը կամ վատը, եւ որ ապագայ որեւէ համագործակցութիւն տարբեր կերպարանք պիտի ունենայ։
Ի՞նչ կը պատահի անոնց, որոնք կը մերժեն յարմարիլ եւ կը պնդեն, թէ փլուզուող համակարգը կրնայ շարունակել իր ընթացքը։ Նկատի առնենք երեք յեղափոխութիւններ, որոնք տեղի ունեցան, եւ մէկը՝ որ տեղի չունեցաւ։
Ֆրանսական յեղափոխութեան նախօրեակին Ֆրանսան՝ Եւրոպայի ցամաքային մեծագոյն տէրութիւնը, հաւանաբար սնանկացած էր։ Ատոր գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն ահռելի գումարներն էին, զորս ան պարտք վերցուցած էր՝ Ամերիկեան յեղափոխութեան ընթացքին բրիտանացիներու պարտութեան նպաստելու համար։ Շռայլ եւ փտած իշխող վերնախաւերը կորսնցուցած էին իրենց կողմնացոյցը, իսկ աճող միջին դասակարգը, քաղաքական իշխանութենէն դուրս ձգուած ըլլալով, փոփոխութիւն կը պահանջէր։ Հասարակութեան ստորին խաւերուն մէջ բանուորներն ու գիւղացիները անօթութեան սպառնալիքին դէմ յանդիման էին եւ հետզհետէ յուսահատութեան կը մատնուէին։
Լուսաւորութեան հզօր նոր գաղափարներ շրջանառութեան մէջ մտած էին։ Անոնցմէ ոմանք Ամերիկեան յեղափոխութենէն ներմուծուած էին եւ կը վերաբերէին մարդկային իրաւունքներուն ու կառավարման նոր ձեւերու, որոնք ժողովուրդի գէթ մէկ մասին իշխանութիւն պիտի տային։
Ֆրանսայի թագաւորներն ու անոնց պալատականները չըմբռնեցին դժգոհութեան խորութիւնը եւ ենթադրեցին, թէ ոչինչ կրնար զիրենք խախտել իրենց առանձնաշնորհեալ դիրքէն։ Անոնք սխալեցան։ Միապետութիւնը տապալեցաւ, եւ ծնունդ առաւ քաոսային ու բռնի հանրապետութիւն մը։ Տասնամեակ մը չանցած՝ Նափոլէոն կայսր պիտի դառնար։
Յեղափոխական փոփոխութեան միակ ու անփոփոխ կաղապար մը չկայ, սակայն վարչակարգին գլուխը գտնուողները յաճախ չեն նկատեր, թէ որքան դիւրաբեկ է ան։ 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւնը ոչ թէ սուղ արժած յաղթանակի մը, այլ արտասահմանի մէջ կրուած պարտութեան մը հետեւանքն էր։ Բայց Նիկոլայ Բ. ցարը եւս, հակառակ բոլոր փաստերուն, կը պնդէր, թէ բարեփոխումներու կարիք չկար, որովհետեւ ռուսերը տակաւին կը պաշտէին զինք։ 1930-ականներու Գերմանիոյ մէջ վերնախաւերը Հիթլերը իշխանութեան հրաւիրեցին՝ սխալմամբ կարծելով, թէ պիտի կարենային օգտագործել զայն, եւ թէ գործող համակարգը բաւականաչափ ամուր էր՝ զայն սահմանափակելու համար։
Այս յեղափոխութիւններէն իւրաքանչիւրը միջազգային խոր հետեւանքներ ունեցաւ։ Նափոլէոն Ֆրանսան առաջնորդեց դէպի եւրոպական ցամաքամասի տիրապետութիւն՝ փշրելով հին հաստատութիւններն ու գաղափարները, ինչպիսին էր թագաւորներու աստուածատուր իշխանութեան ըմբռնումը։ Ռուսիոյ մէջ իշխանութիւնը գրաւած պոլշեւիկները քարոզեցին եւ խթանեցին յեղափոխական միջազգայնականութիւնը՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին պատերազմ մղելով դրամատիրութեան ու ժողովրդավար պետութիւններուն դէմ։ Հիթլեր վերազինեց Գերմանիան, նուաճեց Եւրոպայի մեծ մասը եւ արիական գերակայութեան անունով սպաննեց միլիոնաւոր հրեաներ ու բազմաթիւ այլ մարդիկ։
Սակայն երբեմն ազգերն ու անոնց ղեկավարները ժամանակին կը կարդան գալիքին նշանները։ 1820-ականներուն բրիտանական կառավարութիւնը ճնշումի տակ էր միջին դասակարգերուն կողմէ, որոնք նոր կազմաւորուած էին ճարտարարուեստական  յեղափոխութեան հետեւանքով, սակայն քաղաքական որոշումներու կայացումէն դուրս կը մնային։ Բրիտանական վերնախաւը, աչքի առջեւ ունենալով Ֆրանսայի մէջ վերջերս պատահած աղէտը, հասկցած էր, թէ գոյատեւելու համար պէտք էր յարմարիլ։ 1832-ի Բարեկարգումի մեծ օրէնքը գործեց իբրեւ ճնշումը մեղմացնող փական՝ քուէարկելու իրաւունքը բաւարար չափով ընդլայնելով եւ աւելի մեծ ճգնաժամի մը առաջքը առնելով։
Դժուար չէ զուգահեռներ գտնել մեր ապրած ժամանակներուն հետ։ Զայրացած բնակչութիւններ։ Չընտրուած վերնախաւեր, որոնք անհամեմատ մեծ հարստութիւն ունին եւ կառավարութիւնները իրենց կամքին ենթարկելու ուժը։ Ղեկավարներ, որոնք կը մերժեն համաձայնութիւն գոյացնել կամ խորհուրդ լսել։ Երբ Յունուարին պրն. Թրամփին հարցուցին, թէ ի՛նչ սահմաններ դրուած են իր իշխանութեան վրայ, ան պատասխանեց. «Իմ սեփական բարոյականութիւնս»։ Լուի ԺԴ. թագաւորը մեծապէս տկարացած Ֆրանսա մը ձգեց իր մղած պատերազմներէն ետք, որոնք, իր իսկ խօսքով, մղած էր յանուն «la gloire»-ի՝ իր փառքին։
Անոնք, որոնք կը նախընտրեն անտեսել զգուշացնող նշանները եւ պատմութիւնը մերժել՝ ներկայ ժամանակներուն համար անկարեւոր նկատելով զանոնք, կրնան զարմանքով ու սարսափով տեսնել, որ անցանկալի դէպքերը, հակառակ ամէն ինչի, կը պատահին նաեւ իրենց։
Միջազգային կարգը միշտ կախեալ եղած է մեծ տէրութիւններու աջակցութենէն, ինչպէս նաեւ բաւարար թիւով փոքր տէրութիւններու համագործակցութենէն եւ անոնց կամաւոր մասնակցութենէն։ Պաղ պատերազմի աւարտին, Խորհրդային Միութեան անհետացումով, Միացեալ Նահանգները պատրաստ կը թուէին շարունակելու 1945-էն ետք հաստատուած համակարգը երաշխաւորողի իրենց դերը։ Պրն. Թրամփի օրով այդպէս չէ այլեւս։
Կրնայ ըլլալ, որ ուրիշ նախագահի մը իշխանութեան օրով Միացեալ Նահանգները վերստանձնէ գերիշխող տէրութեան իր դերը՝ դառնալով միջազգային հաստատութիւններու եւ կանոններու պատրաստակամ աջակից, լաւ ու վստահելի դաշնակից եւ բռնակալներու հաստատակամ հակառակորդ։ Կրնայ ըլլալ, որ աշխարհը դարձեալ շարունակէ այնքան խաղաղ ընթացք մը, որքան ունեցած է — գէթ կարգ մը դիտանկիւններէ — 1945-էն ի վեր։ Որ մեծ տէրութիւնները, որոնց շարքին այժմ նաեւ Չինաստանն ու Հնդկաստանը, շարունակեն իրարու հետ քիչ թէ շատ համերաշխ ապրիլ, եւ «միջազգային հանրութիւն» կոչուածը վերստին յանձնառու դառնայ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, հակամարտութիւններն ու կլիմայական փոփոխութիւնը վերացնելու աշխատանքին։
Բայց ի՞նչ՝ եթէ արդէն կը գտնուինք անկարգութեան երկարատեւ ժամանակաշրջանի մը սկզբնական փուլերուն մէջ։ Աշխարհի մը մէջ, ուր չենք կրնար ենթադրել, թէ երէկուան ճշմարտութիւնը ճշմարտութիւն պիտի մնայ նաեւ վաղը, կամ թէ անսասան թուող հաստատութիւնները պիտի դիմանան։ Այդ պարագային կրնանք դադրիլ ամէն օր լուրերուն բերած անակնկալներէն զարմանալէ։ Բնական աղէտներ, ինչպիսիք են Նեփալի եւ Թիպէթի հեղեղները, կը պատահին, բայց յստակ չէ, թէ ո՛վ օգնութեան պիտի փութայ։ Ուսե՞րնիս կը թօթուենք եւ կը շարունակե՞նք մեր առօրեան։ Հակամարտութիւններ կը ծագին, որոնցմէ ոմանք մեծ տէրութիւնները իրենց մէջ քաշելու ներուժ ունին, մինչ հորիզոնին վրայ յստակ իրաւարար մը չկայ։ ՆԱԹՕ-ի նման վստահելի դաշինքներ շարունակ փորձութեան կ՚ենթարկուին եւ կրնան քայքայուիլ։ Եւրոպայի դէմ Ռուսիոյ խառնածին պատերազմը կ՚ընդարձակուի։ Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները կրնան Թայուանի շուրջ բախիլ։ Աւելի ջերմ եւ չորցող աշխարհի մը մէջ պաշարներու համար մրցակցութիւնը արդէն իսկ բռնութիւն կը հրահրէ։
Այս աշխարհը հետզհետէ աւելի աննախատեսելի կը դառնայ։ Մենք, մեր ակնկալածէն շատ աւելի մեծ չափով, կախեալ կը մնանք մեր ղեկավարներու քմահաճոյքներէն։ Անոնք արտաքին կառոյցներով նուազ կաշկանդուած են եւ աւելի ազատ կը զգան ընթացքի մէջ որոշելու, թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Պէտք է այդ որոշում կայացնողները այժմ աւելի զգուշութեամբ ընտրէինք, քան երբեւէ՝ ճիշդ այն պահուն, երբ ընտրազանգուածները կարծես աւելի նուազ տրամադիր են այդպէս վարուելու։
Ասոնք մութ ամպեր են։ Սակայն հին համակարգին վախճանը պարտադիր չէ, որ նաեւ համագործակցութեան վախճանը նշանակէ։ Արդիւնաւէտ աշխարհակարգի մը բաղադրիչներէն շատերը տակաւին ունինք։ Ունինք միջազգային հաստատութիւններու հարուստ ցանց մը, որուն մեծ մասը գրեթէ անտեսանելի կերպով կը կառավարէ ազգերու միջեւ կապերը՝ քաղաքացիական օդային թռիչքներէն մինչեւ համացանց։ Դաշնագիրները տակաւին մեծ մասամբ կը յարգուին։ Միջազգային իրաւունքն ու գերիշխանութիւնը գործադրելն ու պաշտպանելը կրնան դժուար ըլլալ, սակայն մեզմէ շատերը տակաւին կը դատապարտեն անոնց խախտումները։ Միջազգային հանրային կարծիքի գոյութիւնն իսկ տակաւին կրնայ ճնշում բանեցնել մեր ղեկավարներուն վրայ։ Մաշող կառոյցներու կազմակերպութիւններէն շատերը՝ ներառեալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը, հետզհետէ կը զրկուին իրենց միջոցներէն եւ նշանակութենէն, բայց տակաւին գոյութիւն ունին։
Յունուարին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ արտասանած եւ լայնօրէն քննարկուած ճառով մը Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի, Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական բանակցութիւններու խզումէն ամիսներ առաջ, Pax Americana-ի վախճանը նկարագրեց իբրեւ «հաճելի պատրանքի» մը վախճանը։ Սակայն, անոր համաձայն, ուրիշ երկիրներ կրնային հակազդել, մանաւանդ եթէ միանային հասարակաց արժէքներ եւ հասարակաց նպատակներ ունեցող դաշինքներու։ Միջին ուժի շարք մը տէրութիւններ, որոնց շարքին՝ Գանատան, Աւստրալիան եւ Ճափոնը, կը համագործակցին՝ լեցնելու համար այն բացը, որ գոյացած է բարեհաճ գերտէրութեան իր դերէն Միացեալ Նահանգներու նահանջով։
Փոփոխութիւնը դժուար է, սակայն հին ուղիներուն կառչիլը կրնայ վտանգաւոր ինքնախաբէութիւն մը ըլլալ։ 1914-ի ամրան Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Կրէյը եւ Բրիտանիոյ ու ամբողջ Եւրոպայի մէջ իշխանութեան դիրքեր գրաւող շատ մը ուրիշներ կը կարծէին, թէ Պալքաններու մէջ ծագած վերջին ճգնաժամը, նախորդ նմանօրինակ ճգնաժամերուն պէս, պիտի հարթուէր մեծ տէրութիւններու խորհրդաժողովով մը։ Ան չկրցաւ հասկնալ, թէ Եւրոպան որքան արագ դէպի պատերազմ կ՚ընթանար, ոչ ալ օգտագործեց Բրիտանիոյ մեծ տէրութեան ուժը՝ հակադիր կողմերը համախմբելու համար։ Ա. Համաշխարհային պատերազմը ընդմիշտ փոխեց Եւրոպան եւ աշխարհը։
Մինչեւ 1945՝ Բրիտանիան, Խորհրդային Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները երեք տասնամեակի ընթացքին երկու դաժան համաշխարհային պատերազմներ մղած էին։ Երբ անոնք ստեղծեցին ներկայ աշխարհակարգի ճարտարապետութիւնը, շատ յստակ գիտէին, թէ ի՛նչ կ՚ուզէին կանխել։ Նախորդ կառոյցները ձախողած էին, ուստի պիտի ստեղծէին նոր համակարգ մը, որ պիտի չձախողէր։
Անհիմն լաւատեսութեան փանկլոսեան ուղին փակուղի մըն է։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չենք կրնար ընել այն, ինչ անցեալին այնքան յաճախ ըրած ենք՝ ձեռնարկելով նոր բան մը հիմէն կառուցելու երկար ու տքնաջան աշխատանքին։
The New York Times, 1 Սեպտեմբեր 2026
Մարկըրէթ ՄաքՄիլըն
ՄաքՄիլըն պատմաբան է եւ Օքսֆորտի Սուրբ Անթընի քոլէճի նախկին տեսուչը։
Ելեկտրականութեան հաշուեցոյցերը՝ ընկերային աղէտի ազդանշան
Լիբանանցին շատոնց սորված է ելեկտրականութեան համար երկու անգամ վճարել։ Մէկ կողմէ՝ պետական ելեկտրականութիւնը, որ օրուան միայն քանի մը ժամերուն ներկայ է, միւս կողմէ՝ սեփական ելեկտրածինները, որոնք տարիներու ընթացքին ժամանակաւոր լուծումէ վերածուած են առօրեայ կեանքի անբաժան մէկ մասին։ Այս անբնական վիճակին այնքան վարժուած ենք, որ երբեմն նոյնիսկ կը մոռնանք, թէ անիկա բնական չէ։
Բայց Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած նոր պատերազմը եւ վառելանիւթի գիներուն կտրուկ բարձրացումը այսօր այդ հին տագնապին նոր եւ շատ աւելի վտանգաւոր երես մը կու տան։ Հարցը միայն այն չէ, որ ինքնաշարժին վառելանիւթը արդէն սղած է։ Լիբանանի պարագային, վառելանիւթի գինին բարձրացումը գրեթէ անմիջապէս կը հասնի նաեւ տուներու ելեկտրականութեան հաշուեցոյցին։ Իսկ երբ ընտանիք մը, որուն ամսական եկամուտը հազիւ քանի մը հարիւր տոլար է, ստիպուած կ՚ըլլայ 200, 300 կամ նոյնիսկ 400 տոլար վճարել միայն ելեկտրականութիւն ունենալու համար, այլեւս չենք խօսիր պարզապէս սուղ ծառայութեան մը մասին։
Կը խօսինք ընկերային լուրջ տագնապի մը մասին, որովհետեւ ելեկտրականութեան հաշուեցոյցը առանձին չի մնար։ Երբ ելեկտրածինի սեփականատէրը աւելի սուղ վառելանիւթ կը գնէ, ան իր սակը կը բարձրացնէ։ Բայց նոյն վառելանիւթով կ՚աշխատին նաեւ փուռը, ճաշարանը, գործարանը, վաճառատունը, հիւանդանոցը եւ բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ։ Փոխադրութեան ծախսերը եւս կը բարձրանան։ Ապրանքներու արտադրութիւնը, փոխադրութիւնն ու պահպանումը կը սղին։ Եւ ի վերջոյ այդ բոլոր յաւելումները կը հասնին նոյն մարդուն՝ սպառողին։
Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ, ուր բնակիչը իր ելեկտրականութիւնը կը ստանայ բնականոն գործող պետական ցանցէ մը։
Տասնամեակներ շարունակ Լիբանան չկրցաւ լուծել իր ելեկտրականութեան հարցը։ Այդ ձախողութեան գինը քաղաքացին վճարեց՝ ելեկտրածինով, բարդերով, արեւային համակարգով եւ իր գրպանէն ստեղծուած այլընտրանքային լուծումներով։ Այսօր, սակայն, այդ ձախողութեան ուրիշ հետեւանքն ալ սուր կերպով զգալի կը դառնայ. երկիրը չափազանց խոցելի է ուժանիւթի միջազգային իւրաքանչիւր ցնցումի դիմաց։
Երբ պետական ելեկտրականութիւնը օրական քանի մը ժամ միայն կը հասնի քաղաքացիին, վառելանիւթի գինը այլեւս միայն ուժանիւթի հարց չէ։ Ան աշխատավարձի հարց է, սնունդի հարց է, արտադրութեան հարց է, եւ ի վերջոյ՝ աղքատութեան հարց։
Իսկ ի՞նչ կարելի է ընել
Լիբանան չի կրնար որոշել վառելանիւթի միջազգային գինը, ոչ ալ կրնայ կասեցնել շրջանային պատերազմները։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ պետութիւնը ոչինչ կրնայ ընել։
Անհրաժեշտ է անմիջականօրէն ապահովել, որ վառելանիւթի գինին բարձրացումը պատրուակ չդառնայ կամայական սակերու եւ շահագործումի։ Ելեկտրածիններու սակերուն խիստ վերահսկողութիւնը, հաշուարկի յստակ ու թափանցիկ դրութիւնը եւ խախտումներու դէմ գործնական միջոցները այս պայմաններուն մէջ պարզ վարչական քայլեր չեն. անոնք ընկերային պաշտպանութեան միջոցներ են։ Ամենէն խոցելի ընտանիքներուն համար կարելի է նաեւ նախատեսել ժամանակաւոր եւ նպատակային օժանդակութեան ձեւեր։ Բայց այս բոլորը կրնան միայն մեղմացնել հարուածը։ Անոնք չեն լուծեր հիմնական խնդիրը։
Հիմնական լուծումը կը մնայ այն, ինչ որ տասնամեակներէ ի վեր գիտենք արդէն, բայց չենք կրցած իրականացնել՝ վերականգնել պետական ելեկտրականութեան համակարգը եւ աստիճանաբար վերջ տալ ամբողջ երկրի կախուածութեան սեփական ելեկտրածիններէն։ Միաժամանակ անհրաժեշտ է շարունակել եւ արագացնել արեւային ու այլ վերականգնուող ուժանիւթի զարգացումը՝ զայն անհատական լուծումէ վերածելով նաեւ պետական ուժանիւթային քաղաքականութեան։
Որովհետեւ այս տագնապը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ պարզ ճշմարտութիւն մը. ուժանիւթի ապահովութիւնը շքեղութիւն չէ։ Ան երկրի տնտեսական եւ ընկերային ապահովութեան մէկ մասն է։ Միջազգային թէ շրջանային պատերազմները չեն հարցներ փոքր երկիրներուն, թէ պատրա՞ստ են անոնց հետեւանքները կրելու։ Բայց պետութեան պարտականութիւնն է իր երկիրը պատրաստել այդպիսի ցնցումներու։ Լիբանան տասնամեակներ շարունակ չկրցաւ ընկերային ամպհովանի մը պատրաստել ուժանիւթի մարզին մէջ։ Այսօր այդ ձախողութեան հաշուեցոյցը դարձեալ քաղաքացիին առջեւն է։
Եւ եթէ այս անգամ ալ սահմանափակուինք միայն հաշուեցոյցը վճարելով՝ առանց համակարգը փոխելու, յաջորդ տագնապին նոյն հաշուեցոյցը դարձեալ մեր առջեւ պիտի գտնենք՝ թերեւս քիչ մըն ալ աւելցած:
Ելեկտրականութեան հաշուեցոյցերը՝ ընկերային աղէտի ազդանշան
Լիբանանցին շատոնց սորված է ելեկտրականութեան համար երկու անգամ վճարել։ Մէկ կողմէ՝ պետական ելեկտրականութիւնը, որ օրուան միայն քանի մը ժամերուն ներկայ է, միւս կողմէ՝ սեփական ելեկտրածինները, որոնք տարիներու ընթացքին ժամանակաւոր լուծումէ վերածուած են առօրեայ կեանքի անբաժան մէկ մասին։ Այս անբնական վիճակին այնքան վարժուած ենք, որ երբեմն նոյնիսկ կը մոռնանք, թէ անիկա բնական չէ։
Բայց Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած նոր պատերազմը եւ վառելանիւթի գիներուն կտրուկ բարձրացումը այսօր այդ հին տագնապին նոր եւ շատ աւելի վտանգաւոր երես մը կու տան։ Հարցը միայն այն չէ, որ ինքնաշարժին վառելանիւթը արդէն սղած է։ Լիբանանի պարագային, վառելանիւթի գինին բարձրացումը գրեթէ անմիջապէս կը հասնի նաեւ տուներու ելեկտրականութեան հաշուեցոյցին։ Իսկ երբ ընտանիք մը, որուն ամսական եկամուտը հազիւ քանի մը հարիւր տոլար է, ստիպուած կ՚ըլլայ 200, 300 կամ նոյնիսկ 400 տոլար վճարել միայն ելեկտրականութիւն ունենալու համար, այլեւս չենք խօսիր պարզապէս սուղ ծառայութեան մը մասին։
Կը խօսինք ընկերային լուրջ տագնապի մը մասին, որովհետեւ ելեկտրականութեան հաշուեցոյցը առանձին չի մնար։ Երբ ելեկտրածինի սեփականատէրը աւելի սուղ վառելանիւթ կը գնէ, ան իր սակը կը բարձրացնէ։ Բայց նոյն վառելանիւթով կ՚աշխատին նաեւ փուռը, ճաշարանը, գործարանը, վաճառատունը, հիւանդանոցը եւ բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ։ Փոխադրութեան ծախսերը եւս կը բարձրանան։ Ապրանքներու արտադրութիւնը, փոխադրութիւնն ու պահպանումը կը սղին։ Եւ ի վերջոյ այդ բոլոր յաւելումները կը հասնին նոյն մարդուն՝ սպառողին։
Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ, ուր բնակիչը իր ելեկտրականութիւնը կը ստանայ բնականոն գործող պետական ցանցէ մը։
Տասնամեակներ շարունակ Լիբանան չկրցաւ լուծել իր ելեկտրականութեան հարցը։ Այդ ձախողութեան գինը քաղաքացին վճարեց՝ ելեկտրածինով, բարդերով, արեւային համակարգով եւ իր գրպանէն ստեղծուած այլընտրանքային լուծումներով։ Այսօր, սակայն, այդ ձախողութեան ուրիշ հետեւանքն ալ սուր կերպով զգալի կը դառնայ. երկիրը չափազանց խոցելի է ուժանիւթի միջազգային իւրաքանչիւր ցնցումի դիմաց։
Երբ պետական ելեկտրականութիւնը օրական քանի մը ժամ միայն կը հասնի քաղաքացիին, վառելանիւթի գինը այլեւս միայն ուժանիւթի հարց չէ։ Ան աշխատավարձի հարց է, սնունդի հարց է, արտադրութեան հարց է, եւ ի վերջոյ՝ աղքատութեան հարց։
Իսկ ի՞նչ կարելի է ընել
Լիբանան չի կրնար որոշել վառելանիւթի միջազգային գինը, ոչ ալ կրնայ կասեցնել շրջանային պատերազմները։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ պետութիւնը ոչինչ կրնայ ընել։
Անհրաժեշտ է անմիջականօրէն ապահովել, որ վառելանիւթի գինին բարձրացումը պատրուակ չդառնայ կամայական սակերու եւ շահագործումի։ Ելեկտրածիններու սակերուն խիստ վերահսկողութիւնը, հաշուարկի յստակ ու թափանցիկ դրութիւնը եւ խախտումներու դէմ գործնական միջոցները այս պայմաններուն մէջ պարզ վարչական քայլեր չեն. անոնք ընկերային պաշտպանութեան միջոցներ են։ Ամենէն խոցելի ընտանիքներուն համար կարելի է նաեւ նախատեսել ժամանակաւոր եւ նպատակային օժանդակութեան ձեւեր։ Բայց այս բոլորը կրնան միայն մեղմացնել հարուածը։ Անոնք չեն լուծեր հիմնական խնդիրը։
Հիմնական լուծումը կը մնայ այն, ինչ որ տասնամեակներէ ի վեր գիտենք արդէն, բայց չենք կրցած իրականացնել՝ վերականգնել պետական ելեկտրականութեան համակարգը եւ աստիճանաբար վերջ տալ ամբողջ երկրի կախուածութեան սեփական ելեկտրածիններէն։ Միաժամանակ անհրաժեշտ է շարունակել եւ արագացնել արեւային ու այլ վերականգնուող ուժանիւթի զարգացումը՝ զայն անհատական լուծումէ վերածելով նաեւ պետական ուժանիւթային քաղաքականութեան։
Որովհետեւ այս տագնապը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ պարզ ճշմարտութիւն մը. ուժանիւթի ապահովութիւնը շքեղութիւն չէ։ Ան երկրի տնտեսական եւ ընկերային ապահովութեան մէկ մասն է։ Միջազգային թէ շրջանային պատերազմները չեն հարցներ փոքր երկիրներուն, թէ պատրա՞ստ են անոնց հետեւանքները կրելու։ Բայց պետութեան պարտականութիւնն է իր երկիրը պատրաստել այդպիսի ցնցումներու։ Լիբանան տասնամեակներ շարունակ չկրցաւ ընկերային ամպհովանի մը պատրաստել ուժանիւթի մարզին մէջ։ Այսօր այդ ձախողութեան հաշուեցոյցը դարձեալ քաղաքացիին առջեւն է։
Եւ եթէ այս անգամ ալ սահմանափակուինք միայն հաշուեցոյցը վճարելով՝ առանց համակարգը փոխելու, յաջորդ տագնապին նոյն հաշուեցոյցը դարձեալ մեր առջեւ պիտի գտնենք՝ թերեւս քիչ մըն ալ աւելցած:
Կլիմայական տագնապը արդէն մեր ճաշասեղանին վրայ է
Երբ կը խօսինք կլիմայական փոփոխութեան մասին, մեր միտքը սովորաբար կ’երթայ հալող սառնակոյտերուն, անտառային հրդեհներուն, հեղեղներուն, երաշտին կամ անտանելի տաքութեան։ Այս բոլորը մեզի համար տակաւին մեծ մասամբ բնապահպանական երեւոյթներ են՝ մտահոգիչ, երբեմն ահաւոր, բայց կարծես մեզմէ քիչ մը հեռու։ Սակայն կլիմայական փոփոխութիւնը ունի նաեւ ուրիշ հասցէ մը.
Մեր սեղանը։
Հացը, որ ամէն օր կը գնենք, բրինձը, բանջարեղէնը, սուրճը, շաքարը, միսը, հաւկիթը, կաթը։ Եւ երբ այսպէս դիտենք հարցը, կլիմայական փոփոխութիւնը կը դադրի միայն բնութեան մասին ըլլալէ։ Կը դառնայ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ, ի վերջոյ, մարդկային հարց։ Որովհետեւ մարդ կրնայ որոշ ժամանակ նոր հագուստ չգնել, ճամբորդութիւն մը յետաձգել կամ նոր ինքնաշարժ մը չունենալ։ Բայց չի կրնար որոշել այս ամիս չուտել։ Հարցը հետեւաբար այն չէ միայն, թէ երկրագունդը որքան պիտի տաքնայ։ Հարցը նաեւ այն է, թէ մեր սննդային համակարգը որքա՞ն կրնայ դիմանալ այդ տաքացումին։
Եւ թերեւս նոյնիսկ աւելի տագնապեցնող հարց մը. ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ բերքի ձախողութիւնները (անբերրիութիւնը) սկսին պատահիլ միաժամանակ՝ յաջորդական ըլլալու փոխարէն։
Այս հարցադրումը վերջերս առաջադրեց նաեւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը (World Economic Forum)՝ Will climate extremes lead to the collapse of global food systems? «Կլիմայական ծայրայեղութիւնները պիտի յանգեցնե՞ն համաշխարհային սննդային համակարգերու փլուզման» խորագիրը կրող ակնարկով։ Ան կը համադրէր Forbes-ի, International Institute for Environment and Development-ի (IIED) եւ The Guardian-ի հրապարակած տուեալներն ու վերլուծութիւնները՝ երաշտի, ծայրայեղ տաքութեան եւ հրդեհներու հետեւանքով այս տարուան գիւղատնտեսական արտադրութեան կրած հարուածներուն մասին։
Համաժողովին հարցադրումը հաւանաբար դիտմամբ սուր է։ Համաշխարհային սննդային համակարգը այսօր փլուզման սեմին չէ։ Բայց անոր մատնանշած վտանգը շատ աւելի խոր է. ի՞նչ կը պատահի, երբ նոյն ժամանակ արտադրող տարբեր շրջաններ հարուածներ կրեն, եւ ապահովութեան այն լուսանցքը, որ տասնամեակներ շարունակ թոյլ տուած է մէկ շրջանի պակասը ուրիշով լրացնել, հետզհետէ կը նեղնայ։
Երբ տեղական աղէտ մը այլեւս տեղական չէ
Համաշխարհային սննդային համակարգին մեծ ուժերէն մէկը երկար ժամանակ աշխարհագրական իր տարածուածութիւնն էր։ Եթէ մէկ երկրի մէջ ցորենի բերքը տկար ըլլար, ուրիշ երկիր մը կրնար լրացնել պակասը։ Եթէ տեղ մը երաշտ ըլլար, ուրիշ տեղ մը լաւ բերքը կրնար գիներու հաւասարակշռութիւնը պահպանել։ Առեւտուրը, պահեստները եւ փոխադրութեան միջազգային ցանցերը մեզի որոշ ապահովութիւն տուած էին։
Այս համակարգը, սակայն, հիմնուած է պարզ ենթադրութեան մը վրայ, թէ երաշտները, անբերրիութիւնը միաժամանակ չեն պատահիր։ 2026 թուականի զարգացումները ի յայտ կը բերեն, որ այդ ենթադրութիւնը այնքան ալ վստահելի չէ։
Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մէջբերած Forbes-ի վերլուծութիւնը, անդրադառնալով Oxford Economics-ի գնահատումներուն, կը նշէ, որ ծայրայեղ տաքը այսօր կրնայ 2027-ի սննդամթերքի գիներուն վրայ նոյնիսկ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ, քան աշխարհաքաղաքական պատերազմները։
Օրինակը Եւրոպան է։ Copernicus Climate Change Service-ի համաձայն, Յունիս 2026-ը Արեւմտեան Եւրոպայի արձանագրուած ամենէն տաք Յունիսն էր։ Ֆրանսա ունեցաւ իր պատմութեան ամենատաք միջին օրական ջերմաստիճանը, իսկ Գերմանիոյ, Դանիոյ եւ Չեխիոյ մէջ եւս ջերմաստիճանի մրցանիշներ արձանագրուեցան։ Հետեւանքը միայն ջերմաչափին վրայ չէր։
Եւրոպական հացահատիկի առեւտուրի COCERAL կազմակերպութիւնը ստիպուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ բերքի իր նախատեսութիւնը՝ զայն իջեցնելով 286,6 միլիոն թոնի, շուրջ ինը միլիոն թոնով պակաս՝ ընդամէնը մէկ ամիս առաջ կատարած նախատեսութենէն։ Թիւը մեծ է։
Բայց երբեմն մէկ մարդու պատմութիւնը թիւէն աւելի բան կ՚ըսէ։ Ֆրանսացի երկրագործ Պընուա Մերլօ տասը տարի պատրաստուած էր աւելի տաք կլիմայի մը։ Հողին խոնաւութիւնը պահպանելու միջոցներ որդեգրած էր, մշակաբոյսերու հերթափոխութիւն կատարած, երաշտի եւ տաքութեան աւելի դիմացկուն սերմեր ընտրած։ Այլ խօսքով՝ ըրած էր ճիշդ այն, ինչ մասնագէտները կը թելադրեն երկրագործներուն՝ յարմարիլ։
Բայց 2026-ի տաքը անցաւ անոր յարմարելու կարողութեան սահմանը։ Ան կարգ մը մշակաբոյսերու բերքին կէսը կորսնցնելու վտանգին առջեւ գտնուեցաւ, իսկ սոյայի պարագային կորուստը կրնար հասնիլ 70 առ հարիւրի։ Եւ այստեղ կլիմայական հարցին թերեւս ամենէն մտահոգիչ կողմերէն մէկը կը բացուի մեր առջեւ։ Ի՞նչ կը պատահի, երբ նոյնիսկ յարմարող երկրագործը այլեւս չի կրնար յարմարիլ։ Երբ քանի մը փոքր տագնապներ կը վերածուին մէկ մեծ տագնապի: Այսօր աշխարհը տակաւին համընդհանուր սննդային փլուզումի առջեւ չէ։ Այս տարբերակումը կարեւոր է։
Գիւղատնտեսագէտները ունին multiple breadbasket failure հասկացողութիւնը՝ երբ աշխարհի գլխաւոր սնունդ արտադրող շրջաններուն քանի մը հատը միաժամանակ ծանր ձախողութիւն կ՚ունենան։ 2026-ը տակաւին այդ կէտին չէ հասած։ Բայց նախանշանները մտահոգիչ են։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ցորենի ցանքատարածութիւնը հասած է 1919-էն ի վեր արձանագրուած ամենացած մակարդակին։ Հնդկաստանի եղանակային monsoon անձրեւները Յունիսին բնականէն շուրջ 40 առ հարիւր պակաս էին, թէեւ Յուլիսին վիճակը մասամբ բարելաւուեցաւ։ Ինտոնեզիոյ մէջ աւելի քան 30 հազար հեկտար բրինձի արտեր երաշտէն վնասուած են։ Առանձին դիտուած՝ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը կառավարելի է։ Բայց խնդիրը ճիշդ հոս է։
Ի՞նչ կը պատահի, երբ կառավարելի տագնապները կը բազմապատկուին։ Երբ մէկ երկրի պակասը ուրիշ երկիր մը կը լրացնէ՝ համակարգը կ՚աշխատի։ Բայց երբ երկրորդ երկիրն ալ պակաս ունի, երրորդը իր արտածումը կը սահմանափակէ, չորրորդը հեղեղէ կը տուժէ, իսկ հինգերորդին մէջ փոխադրութեան ճանապարհները պատերազմի պատճառով վտանգուած են՝ աշխարհի սննդային համակարգին մէջ սխալի համար նախատեսուած լուսանցքը հետզհետէ կը նեղնայ։ Ահա՛ այստեղ է վտանգը։ Ոչ անպայման մէկ մեծ աղէտին մէջ, այլ՝ փոքր աղէտներու կուտակումին։
Երբ պատերազմն ու կլիման կը զուգադիպին
Սնունդը միայն հող, ջուր եւ սերմ չէ։ Ան նաեւ ուժանիւթ է, պարարտանիւթ, նաւ, նաւահանգիստ, երկաթուղագիծ, ապահովագրութիւն եւ միջազգային քաղաքականութիւն։ 2026-ի զարգացումները այս կապակցուածութիւնը դարձեալ բացայայտեցին։
Պարսից Ծոցի շրջանը համաշխարհային urea պարարտանիւթի արտադրութեան զգալի մասը կը հայթայթէ, իսկ պարարտանիւթերու միջազգային առեւտուրին կարեւոր բաժին մը բնականոն պայմաններու մէջ Հորմուզի նեղուցէն կ՚անցնի։ Երբ այդ ճանապարհը կը խանգարուի, հետեւանքը կրնայ հասնիլ մինչեւ երկրագործին ծախսերը եւ, ուշացումով, մեր սեղանը։
Պարարտանիւթի գինը անմիջապէս չի հասնիր սպառողին։ Այսօր սուղ պարարտանիւթը վաղուան քիչ ցանքն է։ Վաղուան քիչ ցանքը՝ միւս տարուան քիչ բերքը։ Իսկ քիչ բերքը՝ աւելի սուղ հացը։ Այս պատճառով սննդային տագնապները յաճախ ուշացումով կը հասնին սպառողին։ Մենք այսօր կրնանք նայիլ լեցուն վաճառատան դարակներուն եւ կարծել, թէ ամէն ինչ բնական է, մինչ ապագայ գիներու մէկ մասը արդէն գրուած է այս տարուան չորցած արտերուն մէջ։
«Կլիմայական սղաճ»
Տնտեսագէտները արդէն բառ մը ունին այս երեւոյթին համար՝ climateflation՝ կլիմայական պատճառներով յառաջացող սղաճ։ Բառը նոր կրնայ թուիլ, երեւոյթը՝ ոչ։
Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատան մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ 2022-ի տաքի ալիքը Եւրոպայի սննդային սղաճին վրայ 0.67 տոկոսային կէտ աւելցուցած էր, իսկ ջերմաստիճանի մէկ ուժեղ ցնցում կրնայ մինչեւ տասներկու ամիս շարունակ գիներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալ։ Այլ ուսումնասիրութիւններ եւս կլիմայական ծայրայեղութիւնները կապած են սննդամթերքի գինի կտրուկ բարձրացումներու հետ։ Այսինքն՝ տաքը այլեւս տնտեսական վիճակագրութեան լուսանցքին վրայ գտնուող երեւոյթ չէ։ Ան մտած է գիներուն մէջ։ Եւ հոն ալ կանգ չ’առներ։
Ցորենը միայն հաց չէ։ Ան նաեւ անասնակեր է։ Երբ հացահատիկը կը սղի, որոշ ժամանակ ետք կրնան սղիլ հաւը, միսը, հաւկիթը եւ կաթը։ Երբ մէկ սննդամթերք կը սղի, սպառողները կ՚անցնին ուրիշի, եւ պահանջը կրնայ այդ երկրորդ ապրանքին գինն ալ բարձրացնել։ Այս շղթային վերջին օղակը երկրագործը չէ։
Մենք ենք։
Նոյն գինը, երկու տարբեր աշխարհներ
Սակայն նոյն գինին բարձրացումը բոլոր մարդոց համար նոյն նշանակութիւնը չունի։ Հարուստ երկրի մը մէջ ընտանիք մը կրնայ աւելի սուղ սնունդի պատճառով նուազ ճաշարան երթալ, արձակուրդը կրճատել կամ ուրիշ գնում մը յետաձգել։ Աղքատ երկրի մը մէջ նոյն բարձրացումը կրնայ նշանակել օրական երեք ճաշի փոխարէն երկու։ Կամ երկուքի փոխարէն՝ մէկ։ Հոս «սղաճ» բառը երբեմն չափազանց քաղաքավարի կը դառնայ։ Որովհետեւ մէկուն համար խնդիրը դրամապանակն է, միւսին համար՝ անօթութիւնը։ Այս անհաւասարութիւնը կլիմայական փոփոխութեան ամենէն անարդար հետեւանքներէն մէկն է։
Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին առանձնացուցած երկրորդ ուսումնասիրութիւնը՝ International Institute for Environment and Development-ի Food Security Index-ը, ճիշդ այս անհաւասարութիւնը կը չափէ։ Ըստ այդ ուսումնասիրութեան՝ զարգացած երկիրներու սննդային ապահովութեան միջին գնահատականը 10-ի վրայ 8,68 է, նուազ զարգացած երկիրներունը՝ 5,13, իսկ հակամարտութիւններէ եւ պետական փխրունութենէ տուժած երկիրներունը՝ 4,29։
Եթէ երկրագունդի ջերմաստիճանը նախաճարտարարուեստական մակարդակէն 2 աստիճան բարձրանայ, նոյն ուսումնասիրութիւնը զարգացած երկիրներուն համար կը նախատեսէ սննդային ապահովութեան ցուցանիշի 3,07 առ հարիւր անկում, իսկ նուազ զարգացած երկիրներուն համար՝ գրեթէ չորս անգամ աւելի՝ 11,99 առ հարիւր։ Այսինքն՝ կլիմայական փոփոխութիւնը հաւասարապէս չի հարուածեր անհաւասար աշխարհ մը։ Ընդհակառակը՝ ան կրնայ անհաւասարութիւնը բազմապատկել։ Եւ հեգնանքը այն է, որ պատմականօրէն ջերմոցային կազերու արտանետումներուն ամենէն քիչ նպաստած երկիրներէն շատերը այսօր ամենէն քիչ միջոցները ունին անոնց հետեւանքներէն պաշտպանուելու համար։
Գինը արդէն սկսած է մագլցիլ
Այս բոլորը միայն ապագայի նախատեսութիւններ չեն։ Ինչպէս Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին ներկայացուցած The Guardian-ի հրապարակումն ալ կը մատնանշէ, համաշխարհային սննդամթերքի գիները արդէն իսկ կլիմայական ծայրայեղութիւններու եւ պատերազմներու միացեալ ճնշումը կը կրեն։ Սակայն ասիկա տակաւին սննդային համաշխարհային աղէտ չէ։ Եւ պէտք չէ այդպէս ներկայացնել։
Համաշխարհային համակարգը տակաւին ունի պահեստներ, առեւտուր, այլընտրանքային արտադրողներ եւ յարմարելու միջոցներ։ Հարաւային կիսագունդի լաւ բերք մը կրնայ մասամբ հակակշռել հիւսիսի կորուստները։ Շուկաներն ալ երբեմն զարմանալի արագութեամբ կը յարմարին ցնցումներուն։ Բայց խնդիրը այն է, որ ամէն ցնցում քիչ մը կը սպառէ այդ պաշտպանական պաշարը։
Իսկ եթէ բացառութիւնը դառնայ բնականոն վիճակ
Թերեւս այստեղ կը գտնուի ամբողջ հարցին էութիւնը։ Մենք կլիմայական ծայրայեղութիւններուն մասին տակաւին կը մտածենք իբրեւ «արտակարգ» դէպքեր՝ արտակարգ տաք, արտակարգ երաշտ, արտակարգ հեղեղ, արտակարգ հրդեհ։ Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ արտակարգը հետզհետէ սովորական դառնայ։
Այսօրուան աշխարհը արդէն շուրջ 1,4 աստիճան աւելի տաք է, քան 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ IPCC-ի գնահատումներուն համաձայն՝ նախաճարտարարուեստական շրջանին տասը տարին անգամ մը պատահող ծայրայեղ տաքերը այսօր գրեթէ երեք անգամ աւելի յաճախ կը պատահին, իսկ 2 աստիճան տաքացման պարագային՝ աւելի քան հինգ անգամ յաճախ։ Բայց միջին ջերմաստիճանը չէ միշտ, որ բերքը կը սպաննէ։ Երբեմն՝ քանի մը ծայրայեղ օրերը։ Եւ եթէ այդ օրերը այլեւս բացառութիւն չեն, սննդային համակարգերն ալ պէտք է պատրաստուին աշխարհի մը, ուր անցեալի «արտակարգը» վաղուան բնականոն վիճակը կրնայ ըլլալ։
Մեր սեղանը աշխարհի քարտէսն է
Այսօր մեր առջեւ երկու սխալ ծայրայեղութիւն կայ։
Առաջինը՝ ըսել, թէ աշխարհի սննդային համակարգը վաղը պիտի փլուզի։ Տուեալները այդ եզրակացութիւնը չեն արդարացներ։ Երկրորդը՝ շարունակել կարծել, թէ ամէն նոր երաշտ, տաքի ալիք կամ հեղեղ առանձին պատահար մըն է, որուն հետեւանքները շուկան ի վերջոյ ինքնաբերաբար պիտի լուծէ։ Տուեալները այլեւս այդ հանգստութիւնն ալ չեն արդարացներ։
Թերեւս համակարգերը չեն փլուզիր այն օրը, երբ յանկարծ ամէն ինչ կը դադրի աշխատելէ։ Անոնք կը սկսին տկարանալ այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր նոր հարուածէն ետք քիչ մը աւելի դժուար կը վերականգնին։ Երբ պահեստները կը պակսին։ Երբ այլընտրանքները կը նուազին։ Երբ երկրագործը արդէն փորձած է յարմարիլ, բայց տաքը դարձեալ սահմանը անցած է։ Երբ մէկ շրջանի վատ բերքը լրացնելու համար մեր յոյսը ուրիշ երկրի անձրեւին վրայ է։ Երբ սննդամթերքի գինի բարձրացումը մէկ երկրի մէջ անհանգստութիւն է, իսկ ուրիշի մէջ՝ անօթութիւն։
Կլիմայական փոփոխութեան մասին երկար տարիներ խօսած ենք ապագայ ժամանակով։
«Պիտի տաքնայ»։
«Պիտի ազդէ»։
«Պիտի վտանգէ»։
Բայց թերեւս ժամանակն է բայերուն ժամանակաձեւը փոխելու։ Որովհետեւ ան արդէն կը տաքցնէ։ Արդէն կը վնասէ։ Արդէն սղաճ կը ստեղծէ։
Եւ ի վերջոյ, երկրագունդի կլիմայական տագնապը հասկնալու համար միշտ չէ, որ պէտք է նայինք հալող սառցակոյտի մը կամ այրող անտառի մը։ Երբեմն բաւարար է առտու մը մտնել նպարավաճառին մօտ, նայիլ հացին, բրինձին, սուրճին կամ շաքարին գինին եւ հասկնալ, որ հեռաւոր կարծուած կլիման արդէն հասած է շատ մօտիկ տեղ մը։
Մեր սեղանին։
«Տարբերակ21»
Աղբիւրներ
Յօդուածը մեկնակէտ ունի World Economic Forum-ի “Will climate extremes lead to the collapse of global food systems?” ակնարկը եւ անոր առանձնացուցած հետեւեալ հրապարակումները՝
World Economic Forum Intelligence
Forbes — “Why Climateflation Will Drive Food Prices More Than War”
IIED — “Pathways for Global Food Security in a Warming Climate”
Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները շարունակ կը պարտուի պատերազմներու մէջ
Աշխարհի ամենէն հզօր բանակը ունենալը բաւարա՞ր է պատերազմ մը յաղթելու համար։
Վերջին տասնամեակներու ամերիկեան փորձառութիւնը այս հարցումին այնքան պարզ պատասխան չի տար։ Վիեթնամէն մինչեւ Իրաք եւ Աֆղանիստան՝ Միացեալ Նահանգները բազմիցս ունեցած է ռազմական այնպիսի գերազանցութիւն մը, որուն՝ հակառակորդները հազիւ թէ կրնային մրցիլ։ Եւ սակայն ռազմադաշտի գերակայութիւնը միշտ չէ, որ վերածուած է քաղաքական կամ ռազմավարական յաղթանակի։
Հարվըրտ համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս եւ Foreign Policy-ի սիւնակագիր Սթիֆըն Մ. Ուոլթ ստորեւ թարգմանաբար տրուած յօդուածին մէջ, Why the United States Keeps Losing Wars, ան պատճառը կը փնտռէ ոչ այնքան ամերիկեան բանակին կարողութիւններուն, որքան Ուաշինկթընի կողմէ պատերազմներ ընտրելու եւ անոնց նպատակները սահմանելու եղանակին մէջ։
Անոր տեսակէտները կրնան վիճելի ըլլալ, բայց ան կը բարձրաձայնէ էական հարցում մը. պատերազմի մը մէջ իսկական յաղթանակը հակառակորդին բանակը պարտութեա՞ն մատնելն է, թէ՞ իրականացնել քաղաքական այն նպատակը, որուն համար պատերազմը սկսած էր։
Մ. Նահանգները երկար պատմութիւն ունի՝ սխալ նպատակներով սխալ պատերազմներ մղելու:
Եթէ ամերիկացի էք, թերեւս արդէն սաստիկ յոգնած էք պատերազմներ կորսնցնելէ։ Ես՝ հաստատ։ Եւ թերեւս դուք ձեզի հարց կու տաք. «Ինչո՞ւ այս մէկը շարունակ կը կրկնուի»։
Հետաքրքրական եւ միաժամանակ յուսահատեցնող հանելուկ մըն է։ Թէեւ Միացեալ Նահանգները տասնամեակներէ ի վեր անվիճելիօրէն աշխարհի ամենէն հզօր երկիրն է՝ ռազմական պիւտճէով եւ կարողութիւններով, որոնց հաւասարող գրեթէ չկայ, վերջին շրջանի անոր պատերազմական հաշուեկշիռը մեծ մասամբ պարտութիւններով յատկանշուած է։ Ասոր մաս կը կազմէ նաեւ Իրանի հետ ներկայ պատերազմը, որ մինչեւ հիմա չէ իրականացուցած Թրամփի վարչակազմին յայտարարած նպատակներէն որեւէ մէկը եւ հաւանաբար պիտի աւարտի՝ Իրանը ռազմավարական առումով զգալիօրէն աւելի զօրաւոր դիրքի վրայ դնելով։
Նայեցէ՛ք ցանկին։ Քորէական պատերազմը ոչ-ոքի աւարտեցաւ (այս մասին՝ քիչ ետք)։ Վիեթնամը յստակ պարտութիւն էր, ինչպէս նաեւ 2003-ի Իրաքի պատերազմն ու Աֆղանիստանի «անվերջ պատերազմը»։ 1999-ի Քոսովոյի պատերազմն ալ դժուար է յաղթանակ համարել, քանի որ պատերազմի աւարտին Սերպիան աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստացաւ, քան իրեն առաջարկուած էին կռիւները սկսելէն առաջ։
Եթէ չհաշուենք 1983-ին Կրենատա փոքր կղզի-պետութեան գրաւումը՝ այնքան անհաւասար ուժերու բախում մը, որ հազիւ թէ հաշուի առնուի, ապա այս բազմաթիւ տասնամեակներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու միակ անվիճելի յաղթանակը 1991-ի Ծոցի պատերազմն էր։
Այո՛, գիտեմ։ Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները «յաղթեցին» նաեւ Պաղ պատերազմին։ Բայց այդ բացառութիւնը իրականութեան մէջ կը հաստատէ կանոնը, որովհետեւ ան «պատերազմ» մըն էր, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ ուղղակի զինեալ բախում երբեք տեղի չունեցաւ։
Ինչո՞ւ, ուրեմն, Միացեալ Նահանգները այսքան վատ արդիւնքներ արձանագրած է։
Պատճառը հաստատ դրամի պակասը չէ՝ նկատի ունենալով ամերիկեան պաշտպանութեան պիւտճէին չափը եւ Քոնկրէսի պատրաստակամութիւնը՝ յաւելեալ միջոցներ տրամադրելու ամէն անգամ, երբ իրեն դիմում կը կատարուի։
Պատճառը կրակային ուժի պակասն ալ չէ։ Միացեալ Նահանգները տակաւին արտակարգօրէն հմուտ է թիրախներ ոչնչացնելու մէջ, նոյնիսկ իր ափերէն մեծ հեռաւորութեան վրայ։ Այս կարողութիւնը ներկայիս կրնայ որոշ չափով նուազած ըլլալ, նկատի ունենալով, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը ինչպէս վատնած են երկրին յառաջադէմ հրթիռներու պաշարները Իրանի դէմ իրենց անխոհեմ պատերազմին մէջ, սակայն այս գործօնը չի բացատրեր, թէ ինչո՛ւ յաղթանակը այսքան դժուար հասանելի դարձած է։
Պատճառը նաեւ ամերիկեան զինեալ ուժերուն քաջութեան պակասը չէ։ Անոնք տակաւին պատրաստ են վտանգելու իրենց կեանքը եւ յաճախ հերոսաբար կը կատարեն այդ մէկը։ Եւ հաստատ պատճառը ամերիկացի զինուորներուն թեսթոսթերոնի անբաւարար մակարդակը չէ, անկախ անկէ, թէ պատերազմի մէջ շարունակ պարտուող մեր ապիկար նախարարը ինչ կը մտածէ այդ մասին։
Իրական պատճառները ռազմավարական եւ կառուցուածքային են։
Միացեալ Նահանգները ընտրութեամբ պատերազմներ կը մղէ, ուր ամերիկեան համեմատաբար սահմանափակ շահերը կը զուգորդուին չափազանց մեծ նպատակներու հետ, ինչպէս՝ օտար հասարակութիւն մը ամերիկեան պատկերով վերաձեւելու փորձը։
Արդիւնքը այն է, որ հակառակորդները սովորաբար Ուաշինկթընէն շատ աւելի վճռական կ՚ըլլան, որովհետեւ կորուստի եւ շահի հաւանականութիւնները շատ աւելի մեծ են իրենց համար։ Անոնք կը պայքարին գոյատեւելու կամ առնուազն իրենց անկախութիւնն ու ինքնավարութիւնը պահպանելու համար, մինչ Միացեալ Նահանգները, պարագաներուն ընդհանրապէս կը պատերազմի թերեւս ցանկալի, բայց վերջին հաշուով ոչ-կենսական նպատակներու համար։
Այս պայմաններուն մէջ բնական է, որ հակառակորդը շատ աւելի պատրաստ ըլլայ զոհողութիւններ կատարելու, քան Միացեալ Նահանգները։
Ինչպէս գրեթէ բոլոր անհաւասար հակամարտութիւններուն մէջ, տկար կողմը չի յաղթեր՝ ռազմադաշտին վրայ ուժեղ կողմը ուղղակի պարտութեան մատնելով։ Ան կը յաղթէ՝ չպարտուելով եւ սպասելով, մինչեւ որ աւելի հզօր կողմը հասկնայ, թէ ճահիճի մը մէջ յաւելեալ զինուորներ եւ դրամ թափելը այլեւս չ՚արժեր։
Այս պարզ բանաձեւը շատ բան կը բացատրէ վերջին պատերազմներուն մասին։
Քորէական թերակղզիին մէջ Միացեալ Նահանգները կարեւոր շահեր կը պաշտպանէր, որովհետեւ համայնավարներու անվիճելի յաղթանակը կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ Ասիոյ մէջ Պաղ պատերազմի ընթացքին վրայ։ Սակայն Չինաստան թերակղզին միաւորելու ամերիկեան փորձը գոյութենական սպառնալիք նկատեց եւ, այդ արդիւնքը կանխելու համար, ի վերջոյ զոհեց առնուազն 200.000 զինուոր, իսկ հաւանաբար՝ շատ աւելին։ Երեք տարի տեւած դաժան մարտերէ ետք արդիւնքը, ըստ էութեան, ոչ-ոքի էր։
Վիեթնամի մէջ Միացեալ Նահանգները դէմ յանդիման գտնուեցաւ վիեթնամական համայնավար շարժման բուռն ազգայնականութեան։ Այդ շարժումը նախապէս արդէն պարտութեան մատնած էր ֆրանսական գաղութատիրութիւնը եւ ապացուցած, որ կարելի չէր զայն վերացնել։
Ամերիկացի ղեկավարները որոշ ժամանակ յաջողեցան ժողովուրդը համոզել, որ համայնավար յաղթանակ մը կանխելը կենսական շահ էր՝ մեծ մասամբ օգտագործելով «տոմինոյի քարերու անկումին» եւ ամերիկեան վստահելիութիւնը կորսնցնելու չափազանցուած վախերը։ Բայց ի վերջոյ հանրութիւնը դէմ դարձաւ անվերջ թուացող պատերազմին, պարտադրեց ամերիկեան հեռացումը եւ ճամբայ հարթեց Հանոյի վերջնական յաղթանակին համար։
Նման տրամաբանութիւն մը դժբախտ արդիւնքներու առաջնորդեց նաեւ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ։
Սատտամ Հիւսէյն շարունակական խռովարար մըն էր, բայց 2003-ին ան արդէն զսպուած էր, անոր սպառազինութեան ծրագիրները կազմալուծուած էին, եւ ան բացարձակապէս ոչ մէկ դեր ունեցած էր 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական յարձակումներուն մէջ։ Հետեւաբար զինք տապալելը Միացեալ Նահանգներուն համար կենսական շահ մը չէր՝ անկախ անկէ, թէ Միջին Արեւելքը ամերիկամէտ ժողովրդավարութիւններու ծովու մը վերածելու մասին երազող ամերիկացի նոր-պահպանողականները ինչ կ՚ըսէին։
Սատտամէն ձերբազատիլը դիւրին եղաւ, ինչ որ ինքնին ցոյց կու տար, թէ իրականութեան մէջ որքան սահմանափակ վտանգ կը ներկայացնէր։ Բայց գրաւող ուժերը շուտով բախեցան զօրաւոր ապստամբութեան մը, որ դէմ էր օտար տիրապետութեան եւ աջակցութիւն կը ստանար թէ՛ Իրանէն, թէ՛ Սուրիայէն, որոնք չէին ուզեր Ուաշինկթընի թիրախներու ցանկին յաջորդը ըլլալ։
Ընտրութեամբ սկսուած եւս մէկ չափազանց յաւակնոտ պատերազմ վերածուեցաւ սուղ աղէտի։
Ծանօ՞թ կը թուի։
Աֆղանիստանի մէջ անտեղեակութեան, իտէալիզմի եւ երկրին սահմանափակ ռազմավարական կարեւորութեան համադրութիւնը ի վերջոյ ձախողութեան դատապարտեց ամերիկեան պատերազմական ճիգը։
Ուաշինկթըն հիմնաւոր պատճառ ունէր հետապնդելու Ուսամա պըն Լատենն ու զինք հիւրընկալող Թալիպանը։ Բայց այնտեղ մնալը՝ Աֆղանիստանը արեւմտեան ոճի ժողովրդավարութեան վերածելու նպատակով, բուռն դիմադրութիւն յառաջացուց հասարակութեան մը մէջ, որ լիովին արժանի էր «կայսրութիւններու գերեզմանոց» իր համբաւին։
Ի վերջոյ ապստամբները աւելի մեծ վճռականութիւն ունէին Միացեալ Նահանգները երկրէն դուրս բերելու, քան ամերիկացիները՝ զիրենք պարտութեան մատնելու, եթէ այդ մէկը ընդհանրապէս կարելի էր։ Եւ վերջապէս նախ Թրամփ՝ իր առաջին նախագահութեան ընթացքին, ապա նախագահ Ճօ Պայտըն վերջ տուին հակամարտութեան մը, որ վաղուց արդէն անիմաստ ձեռնարկի վերածուած էր։
1991-ի Ծոցի պատերազմը Ուաշինկթընի ոչ այնքան տպաւորիչ հաշուեկշիռին ակնյայտ բացառութիւնն է։
Իրականութեան մէջ, անիկա «ընտրովի պատերազմ» էր, այնքանով որ Միացեալ Նահանգները կրնար Իրաքին թոյլ տալ Քուէյթը պահել՝ առանց իր անվտանգութիւնը անմիջական սպառնալիքի մը ենթարկուելու։
Սակայն ժամանակի ընթացքին Քուէյթի եւ անոր քարիւղային եկամուտներուն վրայ իրաքեան վերահսկողութիւնը կրնար մտահոգիչ կերպով փոխել Ծոցի ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Ճորճ Հ. Ու. Պուշի վարչակազմը նաեւ մտահոգ էր, որ նման անարգել յարձակման մը յաջողութիւնը կրնար վտանգաւոր նախընթաց ստեղծել։
Բայց ամենէն կարեւորը այն էր, որ այս պարագային ամերիկեան նպատակները լիովին համապատասխան էին ամերիկեան շահերուն։
Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները Իրաքը դուրս մղեցին Քուէյթէն, ծանրօրէն հարուածեցին անոր ռազմական ուժը եւ ՄԱԿ-ի խիստ ստուգումներ պարտադրեցին, որոնց միջոցով կազմալուծուեցան անոր սպառազինութեան ծրագիրները։
Սակայն Պուշ իմաստուն որոշում տուաւ «Պաղտատ չերթալու» եւ վարչակարգը չտապալելու։ Այդ քայլը պիտի անցնէր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին տուած լիազօրութեան սահմանները եւ Միացեալ Նահանգները պիտի ստիպէր գրաւելու եւ կառավարել բաժնուած ու դժգոհ հասարակութիւն մը։
Քանի որ ամերիկեան նպատակները համապատասխան էին ամերիկեան շահերուն, եւ Պուշ ժամանակին վերջ տուաւ պատերազմին, ան իրաւամբ կը նկատուի տպաւորիչ յաջողութիւն մը։
Սակայն գերտէրութեան մը համար իր շահերն ու նպատակները իրարու համապատասխանեցնելը դիւրին չէ։
Քանի որ Միացեալ Նահանգները այսքան հզօր եւ առարկայականօրէն այսքան ապահով է, շատ չեն ըլլար այն հակամարտութիւնները, որոնց մէջ իսկապէս կենսական շահեր վտանգուած են եւ մեծ զոհողութիւններ՝ ինչպիսին ամերիկացիները կատարեցին Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, դիւրութեամբ արդարացուին։
Միեւնոյն ժամանակ ամերիկեան ուժն ու արհեստագիտական գերազանցութիւնը նաեւ դիւրին կը դարձնեն աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ միջամտելը եւ քաղաքական որոշում կայացնողներուն համար՝ իրենք զիրենք համոզելը, թէ այդ հակամարտութիւններուն մէջ յաղթելը դիւրին պիտի ըլլայ։
Հետեւաբար խնդիրը այն չէ, որ Միացեալ Նահանգները պատերազմ մղելու մէջ վատ է։
Խնդիրը այն է, որ անոնք սովորաբար սխալ նպատակներով սխալ պատերազմներ կը մղէ։
Ասիկա կը խաթարէ նաեւ ամերիկեան դատողութեան նկատմամբ դաշնակիցներուն վստահութիւնը եւ աւելի կը դժուարացնէ Չինաստանի նման իրական մրցակիցներու հետ մրցակցութիւնը։
Ինչո՞ւ այս մէկը կը շարունակէ կրկնուիլ, նոյնիսկ նախագահի մը օրով, որ կը պնդէր, թէ դէմ է անվերջ պատերազմներուն եւ ինքզինք «խաղաղութեան թեկնածու» կը ներկայացնէր։
Պատճառները բազմաթիւ են։ Բայց անոնցմէ մէկը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վերնախաւին շարունակական դժկամութիւնն է՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ անցեալի սխալներէն դասեր քաղելու։
Այս խնդրին շատ յստակ օրինակը կարելի է գտնել Ռապըրթ Քէյկընի՝ Responsible Statecraft-ին վերջերս տուած հարցազրոյցին մէջ։
Ի պատիւ իրեն՝ Քէյկըն հրապարակաւ քննադատած է Իրանի դէմ Թրամփի պատերազմը։ Բայց ան երկար տարիներ եղած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ուժային մօտեցման հետեւողական ջատագով եւ 2003-ի Իրաքի պատերազմին ամենէն նշանաւոր հրապարակային պաշտպաններէն մէկը։
Երբ իրեն հարց տրուած է, թէ այդ պատերազմը սխա՞լ մըն էր, ան պատասխանած է.
«Վստահ չեմ, թէ ի՛նչ օգուտ ունի ընդունիլը, որ ան սխալ մըն էր։ Այդ մէկը ոեւէ մէկը կեանքի պիտի չվերադարձնէ»։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իր գլխաւոր ափսոսանքը այն է, որ պատերազմը նուազեցուց հանրային աջակցութիւնը միջամտողական արտաքին քաղաքականութեան այն տեսակին նկատմամբ, որուն ինք կողմնակից է։
Սթիֆըն Մ. Ուոլթ
Մինչ մուղամը կը յաղթէ Կոմիտասին, մենք թրքական տաբատներուն դէմ կը պայքարինք
Թերեւս շատ ծեծուած, բայց միաժամանակ սխալ ըմբռնուած նիւթ մըն է հայկական հայրենասիրութեան ուղղուածութիւնը, երբ մարդիկ արտաքնապէս կը պարծենան իրենց հայրենասիրութեամբ, բայց չեն նկատեր, կամ չեն ուզեր նկատել, իրական ու ցաւոտ որոշ երեւոյթներ, իսկ զանոնք մատնանշողներուն բերանը կը փակեն։ Խօսքը մեր մէջ ամէնուրեք եւ յաճախ մակերեսային կերպով արտայայտուող հակաթրքութեան մասին է, որ երբեմն հայրենասիրութեան տեղ կը դրուի, մինչ անոր տակ, բառերէն անդին, շատ քիչ բան կայ։
Թուրքերուն եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան մասին շատ բան կարելի է ըսել եւ սխալած չենք ըլլար։ Մենք կրնանք եւ պէտք է յիշենք Ցեղասպանութիւնը, մեր հայրենազրկումը, ինչպէս նաեւ 1991-էն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած թշնամական վերաբերումն ու քաղաքականութիւնը։ Պէտք է յիշենք, դատապարտենք եւ զգուշանանք, ոչ թէ՝ յիշենք, դատապարտենք եւ օգտուինք։ Հո՛ս է, որ կը սկսի մակերեսային հակաթրքութիւնը։ Այդ հակաթրքութեան ամենէն կեղտոտ եւ երեւցող կողմը այն է, որ մարդիկ կ՚ատեն թուրքերը, չեն ընդունիր զանոնք, վրէժխնդրութեան մասին կը խօսին, բայց ամբողջ շուկան ողողուած է թրքական ապրանքներով։ Ասիկա արդէն անհասկնալի է։ Կա՛մ այսպէս, կա՛մ այնպէս։ Այլապէս կարելի չէ մէկ կողմէ թուրքերուն հայհոյել, իսկ միւս կողմէ հաճոյքով թրքական ապրանքներ գնել։ Լաւ, թերեւս ո՛չ հաճոյքով, բայց միտքը հասկնալի է։
Քանի՞ տասնեակ հազար հայ երեխաներ իրենց թրքական տետրակներուն մէջ գրած են՝ «հայոց լեզու մայրիկիս պէս անուշ ես դու» կամ հայրենասիրական այլ բանաստեղծութիւն մը։ Արարատ լերան գագաթէն թուրքին ճակտին թքելու մասին կէս-կատակ, կէս-հեգնական տողերուն յաջորդած է թրքական ապրանքի մը մէկ նմոյշը գնելն ու տուն տանիլը։ Իսկ ի՞նչ ըսել թրքական կաթսաներու մէջ եփուած հայրենասիրական տոլմային մասին…
Ընթերցողը թերեւս կարծէ, թէ ես հաճոյք կը ստանամ չարախնդալէ, որ մեր ուժը չբաւեց նոյնիսկ կաթսայի ու գուլպայի հարցով թուրքերուն հետ մրցելու, կամ թէ ստիպուած էինք թրքականին դիմելու, եւ բնական էր, որ 90-ական ու 2000-ական թուականներուն Հայաստանը ողողուէր թրքական ապրանքներով։ Բայց բնական չէ, որ մինչեւ հիմա նոյնն է։
Զինուորական ծառայութիւնս աւարտելէ ետք, երբ աշխատանք չէի կրնար գտնել, ստիպուած եղայ Երեւանի տօնավաճառներէն մէկուն մէջ ներմուծուած հագուստ վաճառելու։ Պատկերացուցէ՛ք զայրոյթս, երբ տաբատ գնելու եկող յաճախորդները թրքականը կը պահանջէին, որովհետեւ համեմատաբար աժան էր եւ լաւ որակ ունէր։ Իսկ ես, որ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ զօրացրուած էի բանակի շարքերէն, ստիպուած էի դիտել, թէ մարդիկ ինչպէս թրքական տաբատ ու բաճկոն հագած Ծիծեռնակաբերդ կ՚երթային՝ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
Օրինակները անթիւ են, եւ մեզմէ շատեր կրնան նման դէպքեր յիշել։ Եւ ի՞նչ։ Տաբատ մըն է վերջապէս, եւ ատիկա մարդուն հայրենասիրութիւնը նուազ չի դարձներ։ Ի՞նչ ընէ սովորական մարդը, եթէ եւրոպական հագուստը շատ սուղ է, չինականն ու ասիական այլ երկիրներու արտադրանքը կա՛մ շատ անորակ է, կա՛մ դարձեալ սուղ, իսկ տեղական արտադրանքին նկատմամբ տակաւին որոշ վերապահութիւն կայ։ Բնականաբար, ան ստիպուած է թրքական հագուստ եւ այլ պարագաներ ալ գնելու։ Եւ պէտք չէ այդ սովորական մարդուն ըսել, թէ իր գնած ապրանքէն արիւնի հոտ կու գայ, կամ թէ այդ տաբատին համար վճարած դրամով քանի մը փամփուշտի օգուտ տուիր թուրքերուն։
Բայց չե՞նք կրնար հասկնալ, որ ազգային ինքնութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը պէտք չէ ստորացնել ու հասցնել տաբատի եւ կաթսայի մակարդակին։ Եւ պէտք չէ, մէկ կողմէ, բերաննիս փրփրած՝ թուրքը ոչնչացնելու ցանկութեան մասին աղաղակենք, իսկ միւս կողմէ՝ թրքական հագուստ հագուինք՝ առնուազն հասկնալով այդ երկուքին իրարամերժութիւնը։ Ինչպէս որ պէտք չէ այդ տաբատին պատճառով մենք մեզ նուազ հայ զգանք։ Դուրսէն դիտող մէկը կրնայ ըսել. «Է՜, չէք ուզեր՝ մի՛ գնէք։ Թուրքերը ծունկի եկած չեն աղաչեր, որ իրենցմէ գնէք։ Չէք ուզեր՝ ուրիշը գնեցէք, կամ դուք արտադրեցէք»։ Այո՛, չենք ուզեր։ Չենք ուզեր, բայց կ՚երթանք ու կը գնենք։
Ազգային հպարտութիւնն ու ինքնութիւնը պէտք չէ կենցաղային մակարդակի իջեցնել եւ կենցաղային ապրանքներով համեմատել։ Թրքական տաբատը մեզ ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ ալ աւելի վատ հայ կը դարձնէ։ Պէտք չէ կաթսաներուն դէմ այսքան բառերով պատերազմինք. մէկ բան յստակ է՝ այդ պատերազմին մէջ մենք կը պարտուինք։ Պէտք է պայքարիլ իրօք ազգայինը պահել-զարգացնելու համար, հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնն աւելի լաւ գիտնալու, հայերէն գեղեցիկ խօսելու, հայերէն գրագէտ գրելու համար է պէտք պայքարիլ։
Պէտք է պայքարինք հայ մշակոյթն ու արուեստը զարգացնելու, հայկական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակոյթը մաքրելու, պահպանելու եւ յարգելու համար։ Այս բոլորին կորուստն է, որ մեզ աւելի վատ եւ նուազ հայ կը դարձնէ, ո՛չ թէ վարսայարդարն ու գուլպաները։ Ի վերջոյ, թրքական գուլպան իտալականով փոխարինելը քեզ աւելի լաւ իտալացի չի դարձներ։ Սրնիչը չի կրնար ազգային ողբերգութեան կամ ազգային հպարտութեան առարկայ դառնալ:
Աւելի վտանգաւորը թրքական երգերն ու թրքական ֆիլմաշարերն են, որոնք այնպէս թափանցած են մեր առօրեային մէջ, որ այլեւս դիւրին չէ զանոնք քերել մարդոց ներաշխարհէն։ Թրքահունչ մուղամն այնքան տարածուած է, որ շատերու մօտ արդէն իսկ յաղթած է Կոմիտասին, իսկ մենք տակաւին կաթսաներուն դէմ կը պայքարինք։
Որովհետեւ այդպէս աւելի դիւրին է։ Թրքական ապրանքներուն հասցէին քանի մը կեղտոտ հայհոյանք տալը աւելի դիւրին է, քան հայերէն սորվելու համար տանջուիլը։ Սիրածարաւ թրքական ֆիլմաշարեր դիտելը աւելի դիւրին է, քան հայկականը նկարահանելը, եւ ընդհանրապէս խօսիլը շատ աւելի դիւրին է, քան ըսածդ գործով իրականացնելը։ Որովհետեւ անհասցէ հայհոյանքը երբեք պատասխանատուութիւն չի պահանջեր իսկ  ընդհանուր մեծամասնութիւնը մեղադրելը արդէն սիրելի զբաղում է։
Որովհետեւ դուրսէն դիտողը կրնայ հանգիստ հարցնել. Լաւ, 1991-էն ի վեր չկրցա՞ք կաթսայի ու տաբատի արտադրութեան հարցը լուծել, կամ գոնէ համարժէք որակով այլընտրանք գտնել։ Լաւ, տաբատն ու սրնիչը (սրճեփը) մէկ կողմ. չկրցա՞ք թրքական մուղամն ու ֆիլմաշարերը մէկ կողմ դնել, չկրցա՞ք հրաժարիլ Անթալիա արձակուրդի երթալէն։ Այդ ի՞նչ տեսակի հայրենասիրութիւն է, որ մէկ կողմէ ճերմակ է, միւս կողմէ՝ սեւ։
Հարցը այսօր աւելի սուր բնոյթ կը ստանայ, երբ արդէն շատ կը խօսուի սահմաններու բացման, ազրպէյճանցիներուն հետ հնարաւոր խաղաղութեան եւ յարակից հարցերու մասին։ Եւ երբ մտավախութիւն կը յայտնուի, թէ թրքական ապրանքները պիտի նուաճեն հայկական շուկան, մարդ կրնայ միայն դառն ժպտիլ՝ յիշելով, թէ թրքական քանի՜ տասնեակ տեսակի ապրանքներ արդէն տասնամեակներէ ի վեր ներկայ են Հայաստանի շուկային եւ հայերու տուներուն մէջ։
Արայիկ Մկրտումեան
ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՑ ԴՈՒՐՍ
Ես մտայ սրահը՝ ինչպէս մի սենեակ,
ուր խոստում կար՝ լռակեաց, անանուն,
ոչ թէ գեղեցկութեան փայլատակում,
ոչ յայտնութեան սրբազան տեսիլք,
այլ մի հեռաւոր, անորոշ յոյս՝
կեանքը գտնելու կրկին ու կրկին։
Պատերը լի էին գոյնով անթառամ,
ձեւերով, որոնք, ձեռքից ծնուած,
ձեռքերից յետոյ ապրում էին դեռ,
եւ լռութիւնը քարի պէս ծանր
պահում էր իր մէջ մի հին հրաման՝
«Մի՛ հարցրու, թէ ո՛վ էր այստեղ»։
Կտաւը նայում էր՝ աչքեր չունենալով,
քարը լռում էր՝ արքայական,
եւ ես յանկարծ հասկացայ այնտեղ՝
ինչպէս են կեանքն ու արուեստը յաճախ
դառնում սիրահարներ՝ իրարից հեռու,
վիճող, բայց իրար կարօտող անվերջ։
Ես երբեք չեմ կարծել, թէ նրանք թշնամի են,
թէ ծնուել են իրար դէմ՝ ի սկզբանէ․
Բայց երբեմն արուեստը, ինքն իրեն խմած,
մոռանում է աշխարհը, որ իրեն է ծնել,
եւ իր գեղեցկութեան փակ հայելու մէջ
աշխարհին է նայում՝ աշխարհից օտար։
Իսկ ի՞նչ է արուեստն իմ պատահական կեանքին,
որ գալիս եմ այստեղ՝ կեանք գտնելու համար։
Ին՞չ պիտի ասի գոյնը իմ արեանը,
երբ իմ իսկ սիրտը լռում է անլուր․
երբ գոյութեան հանդէպ իմ սէրը նոյնիսկ
իր խորքում է թաքցնում սեփական երկիւղը։
Ես սիրել եմ արուեստը։
Գուցէ հէնց սա է ամօթի պատճառը։
Ես կանգնել եմ գոյնի առաջ՝
ու մոռացել եմ արեան տաք կարմիրը,
հետեւել եմ մարմնի քարէ կորութեանը՝
ու չեմ նկատել կենդանի մարմինը։
Ես հիացել եմ այն ձեռքով, որ կարող էր
վէրքը պատկերել՝ գեղեցիկ ու ճշգրիտ,
մինչդեռ իսկական վէրքը, անանուն,
ինչոր տեղ շրջանակից դուրս էր բացւում,
եւ ոչ ոք չկար՝ նրա լռութիւնը լսելու,
ոչ ոք՝ նրա ցաւին անուն տալու։
Եւ, սակայն, ես այստեղ էի եկել
ոչ թէ արուեստ գտնելու, այլ կեանք։
Ահա հակասութիւնն այն սրահների,
ուր ամէն պատկեր խօսք է ձեւանում.
արուեստը գործիք է, լեզու է, նշան,
արտայայտութեան հմուտ մեքենայ,
բայց դեռ այն նիւթը չէ այն խօսքի,
որի համար մարդը ցաւում ու ապրում է։
Մինչեւ շարժումը, մինչեւ պատկերը,
մինչեւ լոյսի ու ստուերի հմայքը,
պիտի գոյութիւն ունենայ մի ցաւ՝
անանուն, անզարդ, անշուք ու ճշմարիտ,
մի բան, որ պարտաւոր չէ գեղեցկանալ,
որպէսզի ճշմարտութիւն մնա։
Գուցէ դրա համար էին կտաւները
ինձ անյանգստացնում՝ լուռ ու խորապէս.
ոչ թէ որովհետեւ կեղծ էին նրանք,
այլ որովհետեւ ձեւ էին՝ կանգնած
իմ ու այն աշխարհի միջեւ, որ փնտռում էի,
իմ ու այն կեանքի՝ որ ուզում էի զգալ։
Ես ուզում էի մի պահ հանել կեանքից
արուեստի ամբողջ շքեղ հանդերձանքը՝
գոյները, փոխաբերութիւնները,
փայլուն մակերեսներն ու դասաւորուած
մարդկային կարօտի հնարամիտ ձեւերը,
եւ անցնել այնտեղ, ուր մարդը ոճ չէ։
Այն խորքում, ուր անունը չի իշխում,
ուր ձեւը չի կարող մարդուն սահմանել,
ուր մարդը պարզապէս մարդ է մնում՝
ոչ խորհրդանիշ, ոչ կերպար, ոչ նշան,
եւ ցաւը՝ ցաւ, ու շունչը՝ միայն շունչ,
ու լռութիւնը՝ աւելի ճշմարիտ, քան խօսքը։
Գուցէ հէնց այնտեղ են նրանք,
ովքեր դեռ հաւատում են էականին՝
որ մտնելով կեանքի տարածքը՝ մարդը
շուտով տառապում է նրա գործիքներից՝
անուններից, ձեւերից, երեւոյթներից,
այն լեզուից, որ իրեն տանում է այնտեղ։
Ուր ձեռք չի հասնում, աչք չի տեսնում,
եւ բառը միշտ մի փոքր ուշանում է։
Եւ գուցէ մի օր պէտք է թողնել
գործիքը, անունը, նշանը, պատկերը
եւ իջնել աւելի խոր՝ այնտեղ,
ուր գոյութիւնը դեռ չունի մեկնութիւն։
Այդ օրը ես կրկին հանդիպեցի արուեստին։
Ես ճանաչել էի նրան նախկինում՝
վրձնի ծայրին, քարի կոշտ մարմնում,
գոյնի լուռ ու կարգապահ բռնութեան մէջ,
դէմքի սառը երկրաչափութեանը,
այն գեղեցկութեան մէջ, որ մարդուն
մօտեցնում էր արուեստին՝ կեանքից հեռացնելով։
Ամէն հանդիպում ինձ մօտ էր բերում
արուեստի սրտին, նրա փակ գաղտնիքին,
եւ նոյն այդ պահին, անհասկանալիօրէն,
կեանքիցս մի քայլ հեռացնում էր ինձ։
Ահա, նրա թաքուն դաւաճանութիւնը՝
մօտենալ արուեստին՝ հեռանալ գոյութիւնից։
Ես ուզում էի ճանաչել արուեստագէտին,
զգալ նրա մտքի մարդկային ջերմութիւնը,
զգալ, թէ ինչպէս է մի ուրիշ գիտակցութիւն
շարժւում գործի խորքում՝ կենդանի, շնչող։
Բայց վրձինը բաւական էր՝ բաժանելու մեզ,
քարը բաւական էր, կտաւը՝ առաւել։
Կտաւը կախուած էր մեր երկուսի միջեւ՝
իր ամբողջ վեհութեամբ, իր փայլով,
եւ մարդը կամաց անհետանում էր
իր իսկ արտայայտութեան ետեւում՝
ինչպէս մի դէմք, որ հայելու մէջ մնալով,
մոռացել է իր սեփական շնչառութիւնը։
Ո՛չ։
Արուեստը պիտի ունենայ մի խորութիւն՝
քմահաճութիւնից այն կողմ, զարդից այն կողմ,
այն անձնական հաճոյքից վեր,
որ մարդուն մղում է անսովոր բան ստեղծել։
Քմահաճութիւնը կեանք չի կարող կառավարել,
իսկ գեղեցիկ մակերեսը՝ գոյութեանը հրամայել։
Ոչ մի փայլուն ձեւ իրաւունք չունի
ստիպելու կեանքին ծնկի գալ իր առաջ։
Կեանքն աւելի հին է, քան գեղեցկութիւնը,
եւ ցաւը՝ աւելի խոր, քան նրա լեզուն։
Գոյութիւնը չի խնդրել, որ իրեն զարդարեն,
ոչ խորհրդանիշ է ուզում, ոչ փառք։
Եւ միտքս, հանդիպելով արուեստին,
վերադառնում է իր հին անհանգստութեանը.
ես գիտեմ՝ զգացումը մարդու ճշմարտութիւնն է,
եւ ճշմարտութիւնը երբեմն դառնում է հարց,
այնպիսի հարց, որ պատասխան չի ներում,
այնպիսի անդունդ, որ քեզ է նայում։
Եւ երբ մարդը մենակ է կանգնում
գոյութեան առաջ՝ առանց պատրանքի,
երբ հարցը հասնում է իր ամենախորը կէտին՝
ո՞րն ընտրել՝ ճշմարտութիւնը՞, թէ՞ կեանքը,
ես, նոյնիսկ այդ անդունդի եզերքին,
չեմ կարող ընտրել արուեստը՝ կեանքի փոխարէն։
Ոչ մի գեղեցիկ արուեստ։
Գուցէ հէնց սա է նրա պարտութիւնը՝
արուեստը դեռ չի սովորել մարդու մտերմութիւնը,
դեռ չի իմացել՝ ինչպէս դիպչել մարդուն
առանց նրան դարձնելու պատկեր կամ գաղափար,
առանց նրա շնչառութիւնը փոխարինելու
մի գեղեցիկ, բայց անշնչացած նշանով։
Այս պատերին կախուած պատկերները
ինձ երբեմն վիրաւորում են աւելի,
քան կարող էր վիրաւորել նրանց սառնութիւնը.
ոչ թէ իրենց գոյներով կամ ձեւերով,
այլ կեանքին այնպիսի գոյն տալու փորձով,
որ կեանքը երբեք չի խնդրել մեզնից։
Կեանքը մեր զարդը չի պահանջում։
Նա արդէն կայ՝
ձեռքերիս տակ շնչելով,
աչքերիս առաջ ծերանալով,
առանց չափի, առանց յանգի տառապելով,
առանց բեմի, առանց վարագոյրի,
առանց կոմպոզիցիայի՝ իր ճշմարտութեամբ։
Եւ այնուամենայնիւ՝
կեանքն ու արուեստը մնում են երկու լռութիւն,
որ չեն կարողանում իրար ամբողջովին հասկանալ։
Գործը միշտ չէ, որ պատասխանում է
այն մտքին, որ իր ծնունդն էր տուել.
ձեւը ծնւում է ու հպարտանում իր կեանքով,
եւ այլեւս չի ուզում ծնողին ճանաչել։
Այն չի խոնարհւում։
Գուցէ հէնց այդպէս է պահպանում իրեն՝
չապրելով այն կեանքը, որ իրեն է ծնել։
Եւ ահա վերջին, դառը հեգնանքը՝
արուեստը ապրում է այնքան երկար,
որքան չի կարող ապրել ինքը՝ կեանքը.
նա փրկւում է՝ անշնչութեան շնորհիւ։
Այստեղ՝ գոյնը, պատկերը, քարը,
ձեւի գեղեցիկ, անհրաժեշտ սուտը,
բաւական էին իրականը ստուերելու,
բաւական էին նրա մերկ իմաստը
մէկ անգամ եւս ծածկելու աչքերից,
մէկ անգամ եւս կանգնելու աշխարհի ու մարդու միջեւ։
Ես դուրս եկայ պատկերասրահից՝
ոչ արուեստը մերժած,
բայց այլեւս նրան չվստահելով։
Ետեւումս գոյները դեռ փայլում էին՝
իրենց շրջանակների ապահովութեան մէջ,
իսկ առջեւս կեանքն էր՝ առանց շրջանակի,
անաւարտ, անզարդ, անբացատրելի,
առանց գեղեցկութեան պարտադրուած օրէնքի,
առանց անունի՝ իր իսկ խորքում։
Եւ գուցէ հէնց այդ պատճառով՝
ոչ թէ գեղեցիկ,
ոչ թէ կատարեալ,
ոչ նոյնիսկ հասկանալի—
այլ շնչող,
անվերջ,
անաւարտ,
եւ այդ ամէնի մէջ՝
դեռ ճշմարիտ։
ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա
ԱԻ-ն գրեց, դուն ստորագրեցիր. ո՞վ է հեղինակը
Քանի մը տարի առաջ այս հարցումը գրեթէ անհեթեթ պիտի թուէր։ Մարդ մը յօդուած մը կը գրէր, բանաստեղծութիւն մը կը մշակէր, ուսումնասիրութիւն մը կը պատրաստէր կամ գիրք մը կը հրատարակէր, եւ իր անունը կը դնէր անոր տակ։ Բնական ենթադրութիւնը այն էր, որ իր անունով ներկայացուած գործը, իրապէս, ի՛ր մտքին ու աշխատանքին արդիւնքն էր։ Այսօր այդ ենթադրութիւնը այլեւս այնքան ալ ինքնաբերաբար կարելի չէ ընել։
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) գործիք մը, ինչպէս ChatGPT-ն, քանի մը երկվայրկեանի մէջ կրնայ յօդուած գրել, պատմուածք շարադրել, բանաստեղծութիւն մշակել, դասախօսութիւն պատրաստել, ուսումնասիրութեան կառոյց առաջարկել, նոյնիսկ ամբողջ գիրքի մը գլուխները գրել։ Մարդը կրնայ տալ նիւթը, քանի մը ցուցմունք, քիչ մը ուղղում կատարել եւ վերջաւորութեան իր անունը դնել պատրաստ գրութեան տակ։
Օրէնքի լեզուով կարելի է հարց տալ՝ որո՞ւ կը պատկանի այս գործին հեղինակային իրաւունքը։ Բայց անկէ առաջ պէտք է հարցնել հետեւեալը. Ո՞վ իրաւունք ունի ինքզինք այս գործին հեղինակը կոչելու։ Եւ այդ հարցումին պատասխանը միայն օրէնքի հիմամբ կարելի չէ տալ։
Գրողները միշտ ալ գործիքներ օգտագործած են. բառարան, հանրագիտարան, համակարգիչ, դիմած են խմբագիրի եւ սրբագրիչի, թարգմանիչի, նաեւ՝ Google-ի: Ոչ ոք պիտի պնդէ, թէ բառարան օգտագործող գրողը այլեւս իր գրութեան հեղինակը չէ։ Ոչ ալ այն հեղինակը, որ իր ձեռագիրը խմբագիրի մը կը յանձնէ եւ կ’ընդունի անոր լեզուական առաջարկները։ Ուրեմն ԱԻ գործածելն ալ ինքնին հարց չէ։
Խնդիրը կը սկսի հոն, ուր գործիքին կատարած աշխատանքը աստիճանաբար կը փոխարինէ այն մտաւոր աշխատանքը, որուն համար մենք անձ մը հեղինակ կը կոչենք։
Ենթադրենք, որ ես յօդուած մը գրեցի եւ ԱԻ-էն խնդրեցի ուղղագրական սխալները սրբագրել։ Գրութիւնը կը մնայ իմս։ Եթէ խնդրեցի նախադասութիւն մը աւելի յստակ դարձնել, դարձեալ դժուար է ըսել, թէ հեղինակութիւնը կորսնցուցի։ Եթէ իմ գաղափարներս տուի եւ խնդրեցի օգնել կառուցուածքը բարելաւելու, սահմանը քիչ մը աւելի անորոշ կը դառնայ, բայց մտաւոր առանցքը տակաւին իմս կրնայ մնալ։
Իսկ եթէ գրեմ՝ «Գրէ՛ ինծի 1500 բառով յօդուած մը Սփիւռքի ապագային մասին», ապա ստացուած գրութեան մէջ քանի մը բառ փոխելով անունս ստորագրեմ՝ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։
ԱԻ-ն որպէս գործի՞ք օգտագործուեցաւ, թէ՞ աշխատանքը կատարեց ուրիշ մը, իսկ ես միայն անունս դրի անոր տակ։ Հոս հարցը կը սկսի բարդանալ:
Օրէնքը ի՞նչ կ՚ըսէ
Ըստ երեւոյթին, օրէնքը տակաւին կը փորձէ հասնիլ արհեստագիտութեան ետեւէն։
Այս հարցին պատասխանը ստանալու համար դիմեցինք ԱԻ-ին՝ միաժամանակ ստուգելով անոր տուած տեղեկութիւնները պաշտօնական աղբիւրներէ։
«Միացեալ Նահանգներու Հեղինակային իրաւունքի գրասենեակը 29 յունուար 2025-ին հրապարակած իր զեկոյցին երկրորդ մասին մէջ վերահաստատեց հիմնական սկզբունք մը. հեղինակային իրաւունքը կը պաշտպանէ մարդկային ստեղծագործութիւնը։ Ամբողջութեամբ ԱԻ-ի ստեղծած գործը ինքնաբերաբար հեղինակային իրաւունքի պաշտպանութիւն չի ստանար։ Իսկ պարզապէս ԱԻ-ին ցուցմունքներ՝ prompts տալը, ինքնին բաւարար մարդկային հեղինակութիւն չի նկատուիր» (U.S. Copyright Office, Copyright and Artificial Intelligence, Part 2: Copyrightability):
Պատկերը կը փոխուի, երբ մարդուն ստեղծագործական մասնակցութիւնը էական է։ Եթէ հեղինակը իր սեփական գրութիւնը կը մշակէ ԱԻ-ի միջոցով, կը վերակառուցէ արտադրուած նիւթը, կ՚ընտրէ ու կը դասաւորէ զայն կամ ստեղծագործական էական փոփոխութիւններ կը կատարէ, մարդկային այդ ներդրումը կրնայ պաշտպանուիլ։ Այսինքն՝ ԱԻ-ի ներկայութիւնը ինքնին չի վերացներ հեղինակութիւնը։
Բրիտանիոյ պատկերը տարբեր է։ Հոն գործող օրէնքը ներկայիս տակաւին կը ճանչնայ առանց մարդկային հեղինակի «համակարգիչով ստեղծուած» որոշ գործեր։ Այդպիսի գործին հեղինակ կը նկատուի այն անձը, որ գործին ստեղծման համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարած է։ Սակայն բրիտանական կառավարութիւնը կ՚ընդունի, որ այս դրութիւնը իրաւական անորոշութիւններ կը պարունակէ եւ 2026-ին առաջարկեց վերացնել ամբողջութեամբ համակարգիչով ստեղծուած գործերուն յատուկ պաշտպանութիւնը՝ շարունակելով պաշտպանել մարդկային ստեղծագործական ներդրում պարունակող ԱԻ-աջակցութեամբ գործերը:
Եւրոպական Միութիւնը հարցին կը մօտենայ նաեւ թափանցիկութեան տեսանկիւնէն։ ԵՄ-ի Արհեստական իմացականութեան օրէնքի՝ AI Act-ի 50-րդ յօդուածը որոշ պարագաներու կը պահանջէ բացայայտել, որ բովանդակութիւնը ստեղծուած կամ փոփոխուած է ԱԻ-ի միջոցով։ Հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մասին ԱԻ-ով ստեղծուած կամ փոփոխուած գրութիւններու պարագային եւս բացայայտման պարտաւորութիւն կայ։ Սակայն բացառութիւն նախատեսուած է, երբ գործը ենթարկուած է մարդկային վերանայումի կամ խմբագրական վերահսկողութեան, եւ ֆիզիքական կամ իրաւաբանական անձ մը խմբագրական պատասխանատուութիւն կը կրէ անոր հրապարակման համար (European Union, Regulation (EU) 2024/1689, Article 50):
Բայց այս բոլորը մեզ կը հասցնեն աւելի հետաքրքրական կէտի մը։ Օրէնքը կրնայ որոշել, թէ ինչ կրնաս ընել։ Անպայման չ’որոշեր, թէ ինչ պէտք է ընես։
Կրնայ օրինական ըլլալ, բայց ոչ պարկեշտ
Ենթադրենք, որ օրէնքը քեզի չ’արգիլեր ԱԻ-ի պատրաստած յօդուածը կայքէջիդ վրայ անունովդ հրապարակել, հարցը կը փակուի՞։ Ո՛չ։ Որովհետեւ ընթերցողին եւ հեղինակին միջեւ անգիր համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի։ Երբ յօդուածի մը տակ կը կարդանք մէկու մը անունը, բնականաբար կ’ենթադրենք, որ այդ անձը ոչ միայն համաձայն է գրուածին, այլեւ կատարած է այն մտաւոր աշխատանքը, որմէ գրութիւնը ծնունդ առած է։ Ան մտածած է, ընտրած է, կասկածած է, փնտռած է, գտած է բառերը, եւ վերջաւորութեան պատասխանատուութիւն ստանձնած է անոնց համար։
Եթէ այս ամբողջ ընթացքը իրականութեան մէջ կատարած է գործիքը, իսկ մարդուն մասնակցութիւնը եղած է քանի մը հրահանգ տալ եւ անունը աւելցնել, ընթերցողին ներկայացուած պատկերը այլեւս հարազատ չէ։ Թերեւս ոչ մէկ նախադասութիւն գողցուած է։ Թերեւս հեղինակային իրաւունք չէ խախտուած։ Թերեւս նոյնիսկ ոչ մէկ օրէնք խախտուած է։ Բայց մտաւոր այդ աշխատանքին ծագումն ու հեղինակութիւնը սխալ ներկայացուած են։ Եւ ասիկա արդէն բարոյական հարց է։
Հիմնական հարցումը հետեւեալն է. ԱԻ-ն օգնե՞ց արտայայտելու իմ մտածածս, թէ՞ ԱԻ-ն մտածեց ու գրեց այն, ինչ ես հիմա իբրեւ իմ աշխատանքս կը ներկայացնեմ։ Առաջին պարագային ան գործիք է։ Երկրորդին՝ հեղինակութեան հարց մը ունինք։
Հարցը միայն ընթերցողը խաբելը չէ։ Մենք կրնանք վերջաւորութեան մենք զմեզ խաբել։
Գրելը մտածելու եղանակ է եւ ոչ թէ «բան մը արտադրելու» միջոց։ Երբ կը գրես, ստիպուած ես անորոշ գաղափարդ յստակացնելու։ Կը նկատես հակասութիւններդ։ Նախադասութիւնները կը կոկես գաղափարդ աւելի յստակ դարձնելու։ Կը վերադառնաս աղբիւրներուդ։ Կը փոխես կարծիքդ։ Երբեմն կը սկսիս յօդուած մը մէկ համոզումով եւ կը վերջացնես ուրիշով։
Այս ամբողջ մտաւոր պայքարը գրելու անտեսանելի մասն է։ Եթէ ամէն անգամ այդ դժուարութիւնը փոխանցենք ԱԻ-ին, կրնանք ստանալ աւելի արագ եւ աւելի կոկիկ գրութիւններ։ Բայց միաժամանակ կրնանք կորսնցնել ճիշդ այն կարողութիւնը, որ գրութիւնը պիտի զարգացնէր մեր մէջ։
Մտածե՛լու կարողութիւնը։
Ասիկա յատկապէս կարեւոր է երիտասարդներու, ուսանողներու եւ նոր գրողներու պարագային։ Եթէ աշակերտը ԱԻ-ով կը գրէ իր շարադրութիւնը, խնդիրը միայն այն չէ, որ ուսուցիչը ուրիշին աշխատանքը կը գնահատէ։ Աշակերտը ինք կը կորսնցնէ այն աշխատանքը, որուն համար շարադրութիւնը տրուած էր իրեն։ Նպատակը երբեք 800 բառ ապահովելը չէր։ Նպատակը 800 բառ գրելու ընթացքին մտածել սորվիլն էր։
Մտաւոր պարկեշտութեան հրամայականը
Արուեստական իմացականութիւնը պիտի չանհետանայ։ Ոչ ալ իմաստ ունի գրողներուն ըսել, որ չօգտագործեն զայն։ Ինչպէս նախորդ արհեստագիտական յեղափոխութիւնները, ԱԻ-ն ալ պիտի դառնայ մեր մտաւոր աշխատանքի բնական գործիքներէն մէկը։ Ան կրնայ օգնել ուսումնասիրելու, աղբիւրներ գտնելու, երկար փաստաթուղթեր հասկնալու, գաղափարներ կազմակերպելու, լեզուական սխալներ ուղղելու, թարգմանելու եւ երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական մտածողութեան թերութիւնները տեսնելու։
Խնդիրը ԱԻ գործածելը չէ։ Խնդիրը ԱԻ-ի կատարած աշխատանքը մեր կատարած աշխատանքը ներկայացնելն է։ Եւ այստեղ թերեւս նոր ժամանակներուն համար նոյնիսկ նոր կանոն անհրաժեշտ չէ։ Հին կանոնը բաւարար է։
Տէր մի՛ դառնար մտաւոր վաստակի մը, որ քուկդ չէ։ Երբ ԱԻ-ն որպէս գործիք կ’օգտագործուի՝ գործածէ՛։ Եթէ մասնակցած է աշխատանքին էական մէկ մասին՝ անհրաժեշտ պարագային ըսէ՛։ Եթէ գրեթէ ամբողջ գործը ան կատարած է՝ մի՛ ձեւացներ, թէ դուն գրած ես։
Որովհետեւ վերջաւորութեան հարցը այն չէ, թէ մեքենան որքան լաւ կրնայ գրել։ Հարցը այն է, թէ մենք որքան ազնիւ պիտի մնանք՝ մեր անունը չդնելով մտաւոր վաստակի մը տակ, որ մերը չէ։
Վ.Թ.
Երազը
Հողին բոյրը թաց՝ նարկիսի մը պէս
Կը համակէ ռունգերըդ ցամաքեալ.
Կապոյտը երկնին նէճեմի մը պէս
Կը փայփայէ աչքերըդ պապակեալ:
Այդ բոյրը հոնաւ՝ սեւաթոյր հողէն
Խանձն է եդեմի բոսոր մրգերուն.
Այդ գոյնը կապոյտ՝ անհուն երկնքէն
Ցոլքն է անիծեալ՝ շառագոյն հովուն:
Ակնէդ արիւնող արցունքն երազն է,
Փափագըն հոգւոյդ անեղծ անջնջման.
Ահոկուած սրտիդ ահահար լացն է:
Նատարըդ ուղղուած փոսին րենական,
Ո՞չ ապաքէն տաճարըդ փոս մըն է
Անեղ հոգիիդ անհուն քայքայման:
Գէորգ Տանայեան
Հոնաւ – Խոնաւ
Նէճեմ – գրաբարի մէջ կը նշանակէ աստղ կամ երկնային լուսատու մարմին: Անիկա փոխառություն է արաբերէն najm (نجم) բառէն:
Նատար – արաբերէն nazar, նայիլ, դիտել
Րենական – աստուածային
ԱԻ-ն կրնայ գրել. բայց կրնա՞յ լրագրող կամ խմբագիր ըլլալ
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) մասին քննարկումները սովորաբար կը սկսին նոյն հարցումով. ի՞նչ կրնայ ընել ան։ Կրնայ արագ գրել։ Կրնայ երկար փաստաթուղթ մը քանի մը երկվայրկեանի մէջ ամփոփել։ Կրնայ հարցազրոյց մը վերծանել, թարգմանել, վերնագիր առաջարկել, տուեալներ վերլուծել, նոյնիսկ՝ պատրաստ գրութեան մը ոճը փոխել։
Բայց լրագրութեան մէջ ԱԻ-ն օգտագործելու կարելութեան առնչութեամբ, անխուսափելի կը դառնայ հարցումը. ի՞նչ սահմաններ պէտք է ճշդենք անոր համար: Այս երկու հարցումներուն միջեւ տարբերութիւնը փոքր չէ։ Առաջինը արհեստագիտութեան կարողութեան մասին է։ Երկրորդը՝ լրագրութեան արժէքներուն։
Այս հարցին կ՚անդրադառնայ The Conversation-ի մէջ լոյս տեսած յօդուած մը՝ «As AI reshapes newsrooms, leading media outlets are charting different paths for its use» խորագրով։ Հեղինակը՝ Միլատ Ճալալեան Էպրահիմի (Milad Jalalian Ebrahimi), իր գործընկերներուն հետ կատարած ուսումնասիրութեան մը հիման վրայ, կը համեմատէ միջազգային երեք կարեւոր լրատուամիջոցներու՝ Reuters-ի, BBC-ի եւ The Guardian-ի մօտեցումները արուեստական իմացականութեան նկատմամբ։
Ուսումնասիրութիւնը կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան. «ԱԻ-ին նոյն ձեւով պիտի չփոխէ բոլոր խմբագրատուները», որովհետեւ իւրաքանչիւր լրատուամիջոց ԱԻ-ն կը գործածէ այնպէս, ինչպէս ինք կը հասկնայ լրագրութիւնը։ Եւ թերեւս ճիշդ հոս կը սկսի իսկական քննարկումը։
Reuters. երբ վայրկեանները դրամ կ՚արժեն
Reuters-ի պարագային առաջնահերթութիւնը հասկնալը դժուար չէ։ Անիկա համաշխարհային լրատու գործակալութիւն մըն է, որուն արտադրած տեղեկութիւնը կը հասնի հազարաւոր լրատուամիջոցներու, ֆինանսական հաստատութիւններու եւ շուկայով հետաքրքրուողներու։ Ֆինանսական աշխարհին մէջ երբեմն նոյնիսկ երեսուն վայրկեանը երկար ժամանակ է։ Կեդրոնական դրամատան որոշում մը, ընկերութեան եկամուտներուն վերաբերող նոր տուեալ մը կամ շուկան շարժող լուր մը առաջինը հաղորդելը կրնայ տնտեսական իսկակակն արժէք ունենալ։ Հետեւաբար Reuters-ի համար ԱԻ-ի մեծագոյն հրապոյրներէն մէկը արագութիւնն է։
Ընկերութիւնը ստեղծած է իր սեփական ԱԻ գործիքները։ Lynx Insight-ը կ՚օգնէ իրական ժամանակի մէջ ֆինանսական տուեալներ վերլուծելու, իսկ Fact Genie-ն՝ ընկերութիւններու հաղորդագրութիւնները մշակելու։ Այս համակարգերուն շնորհիւ ֆինանսական որոշ հրատապ լուրեր կարելի է հրապարակել ընդամէնը վեցէն ութ վայրկեանի մէջ։ Ժամանակին լրագրողներուն մրցումը վայրկեաններով չէր չափուեր։ Այսօր կը չափուի։
Բայց հոս կը յայտնուի հին հարցի մը նոր տարբերակը։ Եթէ արագութիւնը կը բազմապատկուի, սխալելու կարելիութիւնն ալ կը բազմապատկուի՞։ Reuters գիտակից է այս վտանգին եւ կը պահանջէ, որ լրագրողները ստուգեն ԱԻ-ի արտադրած տեղեկութիւնը՝ նախքան հրապարակումը։ Հետաքրքրական հակասութիւն մը կը ստեղծուի։ Արուեստական իմացականութիւն կը գործածենք ժամանակ խնայելու համար, բայց անոր արտադրանքը պէտք է կրկին ստուգենք։ Այս հակասութեան դեռ կը վերադառնանք։
BBC. ԱԻ՝ բայց սահմանափակումներով
BBC-ի պարագային հարցը տարբեր է։ Հանրային միջոցներով գործող լրատուամիջոցի մը հիմնական դրամագլուխը միայն արագութիւնը չէ։ Վստահելիութիւնն է, որ կառուցուած է անաչառութեան, ճշգրտութեան եւ հրապարակային հաշուետուութեան վրայ։ Այդ պատճառով BBC-ն աւելի զգուշաւոր մօտեցում որդեգրած է ԱԻ-ի նկատմամբ։
Անոր At a Glance գործիքը երկար յօդուածներու ամփոփումներ կը պատրաստէ, իսկ BBC Style Assist-ը կ՚օգնէ տեղական լուրերը BBC-ի խմբագրական ոճին համապատասխանեցնելու։ Այս վերջին աշխատանքը լրագրողէ մը կրնայ շուրջ կէս ժամ պահանջել, մինչ ԱԻ-ն կրնայ ժամանակին մեծ մասը խնայել։
BBC-ն նաեւ ԱԻ-ի օգնութեամբ թարգմանութիւներ կը կատարէ՝ տարբեր լեզուներով նոր լսարաններու հասնելու համար։ Բայց սահմանը յստակ է։
ԱԻ-ի մասնակցութեամբ պատրաստուած որեւէ նիւթ չի հրապարակուիր առանց լրագրողի ստուգումին եւ հաւանութեան։ Ասիկա պարզ արհեստագիտական կանոն մը չէ։ Ան լրագրութեան մասին պատկերացում մըն է։ Վերջնական պատասխանատուութիւնը մարդունն է։
Աւելին՝ BBC-ն ինքն ալ մասնակցած է ուսումնասիրութեան մը, որ մտահոգիչ արդիւնք տուած է. փորձարկուած ԱԻ օգնականները լուրերու բովանդակութիւնը սխալ ներկայացուցած են զգալի թիւով պարագաներու՝ աղբիւրներու սխալ գործածութեամբ, հնարուած մանրամասնութիւններով կամ հինացած տեղեկութիւններով։
BBC-ն այդ խնդիրը ծածկելու փոխարէն հրապարակած է արդիւնքները եւ սկսած է ԱԻ-ի գործածութեան մասին յստակ նշումներ զետեղել համապատասխան բովանդակութեան վրայ։
Այսինքն՝ ընթերցողը իրաւունք ունի գիտնալու ոչ միայն ի՛նչ կը կարդայ, այլ նաեւ՝ ինչպէ՛ս պատրաստուած է իր կարդացածը։
The Guardian. սկզբունքները՝ նախքան Աի-ն
Երրորդ օրինակը՝ The Guardian-ը, թերեւս ամենէն հետաքրքրականն է, որովհետեւ այստեղ ԱԻ-ի հարցը ուղղակի կը բախի լրատուամիջոցին ինքնութեան։ Երբ Ճալալեան Էպրահիմի եւ իր գործընկերները սկսած էին իրենց ուսումնասիրութիւնը, The Guardian-ի քաղաքականութիւնը խիստ էր. ծնանող Աի-ն ընդհանրապէս պէտք չէր գործածուէր ուղղակի հրապարակման համար նախատեսուած գրութիւն մը  կամ պատկեր մը ստեղծելու նպատակով՝ բացի բացառիկ պարագաներէ։
2026-ի Մարտին այդ դիրքորոշումը որոշ չափով մեղմացաւ։ Այսօր ԱԻ-ն կրնայ սահմանափակ ձեւով գործածուիլ, օրինակ՝ պատկերներու այլընտրանքային նկարագրութիւն առաջարկելու, խորհրդարանական փաստաթուղթեր վերլուծելու կամ ձայնագրութիւններ վերծանելու համար։ Բայց պայմանները դարձեալ խիստ են՝ մարդկային վերահսկողութիւն, խմբագրական չափանիշներ եւ պատասխանատու խմբագիրի արտօնութիւն։
The Guardian-ի դիրքորոշումը կարելի է ամփոփել մէկ սկզբունքով. ԱԻ-ն պէտք է օժանդակէ լրագրողին մասնագիտական կարողութեան, ոչ թէ փոխարինէ զայն։ Այս դիրքորոշումը հեղինակը կը կապէ նաեւ թերթին սեփականութեան առանձնայատուկ կառուցուածքին հետ։ The Guardian-ը բաժնետէրեր չունի եւ երկար ժամանակէ ի վեր կառուցուած է իր խմբագրական անկախութիւնը պաշտպանելու տրամաբանութեամբ։ Ան մեծապէս կը հիմնուի նաեւ ընթերցողներու կամաւոր աջակցութեան վրայ։
Հետեւաբար ԱԻ-ի պարագան ալ անոր համար միայն արտադրողականութեան խնդիր չէ։ Հարցումը հետեւեալն է. արդեօք այս գործիքը կը ծառայէ՞ ընթերցողին, հանրային շահին եւ լրագրութեան արժէքներուն։
Բայց սկզբունքները ամենէն աւելի դժուար փորձութեան կ՚ենթարկուին ճիշդ այն պահուն, երբ զանոնք պահպանելը դժուար կը դառնայ։
2024-ի Դեկտեմբերին, երբ շուրջ 500 լրագրողներ գործադուլի դիմեցին The Observer-ի առաջարկուած վաճառքին դէմ, ղեկավարութիւնը մեղադրուեցաւ ChatGPT-ի եւ Claude-ի նման գործիքներ գործածելու յանցանքով՝ վերնագիրներ առաջարկելու եւ պատկերներու նկարագրութիւններ պատրաստելու համար։ Ղեկավարութիւնը վիճարկեց միջադէպին վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններ, սակայն աշխատակիցներուն եւ արհեստակցական միութեան համար հարցը շատ աւելի խոր էր։
Եթէ ԱԻ-ն կը գործածուի այն պահուն, երբ մարդիկ իրենց աշխատանքային իրաւունքներուն համար գործադուլ կ՚ընեն, արդեօք գործիքը այլեւս միայն արհեստագիտութի՞ւն է, թէ՞ կը դառնայ աշխատանքի, իշխանութեան եւ պատասխանատուութեան հարց։
Նոյն ԱԻ-ն, երեք տարբեր լրագրութիւններ
Այս երեք օրինակներուն ամենէն հետաքրքրական կողմը այն չէ, թէ ո՛ր լրատուամիջոցը արուեստական իմացականութիւնը աւելի շատ կը գործածէ։ Հարցը այն է, թէ ինչո՛ւ կը գործածէ։
Reuters-ի համար ԱԻ-ն առաջին հերթին արագութեան եւ արտադրողականութեան միջոց է։ BBC-ի համար՝ օգտակար գործիք, որ պէտք է գործէ մարդկային վերահսկողութեան եւ հրապարակային պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ։ The Guardian-ի համար՝ գործիք մը, որուն գործածութիւնը պէտք է համատեղելի մնայ լրատուամիջոցին խմբագրական արժէքներուն հետ։
Երեքն ալ նոյն արհեստագիտութիւնը ունին իրենց դիմաց։ Բայց երեքը տարբեր մօտեցումներ ունին։ Եւ թերեւս ասիկա մեզ կը հասցնէ շատ ընդհանրական մեծ եզրակացութեան մը։ ԱԻ-ն ինքնին չ’որոշեր, թէ լրագրութիւնը ինչ պիտի դառնայ։ Լրագրութեան մասին մեր ունեցած պատկերացումն է, որ պիտի որոշէ, թէ ԱԻ-ն ինչ դեր պիտի ունենայ անոր մէջ։
Արդեօք լրագրողը պիտի անհետանա՞յ
ԱԻ-ի մասին գրեթէ ամէն քննարկում ի վերջոյ կը հասնի այս հարցումին. արդեօք լրագրողը պիտի անհետանա՞յ:
Թերեւս հարցումը սխալ է։ Լրագրողին ապագան հաւանաբար պիտի չորոշուի այն պարզ ընտրութեամբ, թէ մեքենան զինք պիտի փոխարինէ՞, թէ՞ ոչ։ Աւելի հաւանական է, որ լրագրողին աշխատանքը փոխուի։ Վերծանումը, փաստաթուղթերու նախնական ուսումնասիրութիւնը, թարգմանութիւնը, մեծ քանակութեամբ տուեալներու դասակարգումը, ամփոփումը եւ բազմաթիւ կրկնուող աշխատանքներ հետզհետէ կրնան գործիքին փոխանցուիլ։ Բայց այդ պարագային լրագրողին արժէքը պէտք է փնտռել ճիշդ հոն, ուր գործիքը ամենէն տկարն է` հարցում տալու կարողութեան մէջ, դատողութեան մէջ, աղբիւրին վստահելիութիւնը գնահատելու մէջ, մարդկային իրականութիւնը հասկնալու մէջ։ Եւ ամէն բանէ առաջ՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու մէջ։
ԱԻ-ն կրնայ լրագրողին առաջարկել հինգ վերնագիր։ Բայց մէկը պէտք է որոշէ, թէ ո՛ր վերնագիրը ճշգրիտ է, ո՛րը արդար է, ո՛ր մէկը մոլորեցնող չէ եւ ո՛ր մէկը չի խեղաթիւրեր պատմութիւնը։ Այդ որոշումը տակաւին լրագրութիւն կը կոչուի։
Կ’արժէ առանձնացնել Ճալալեան Էպրահիմի եւ իր գործընկերներուն ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնը։ Անոնց համաձայն, ապագայի ամենէն ազդեցիկ եւ յաջող լրատուամիջոցները կրնան չըլլալ անոնք, որոնք ամենէն արագն են կամ ամենէն զարգացած Աի գործիքները ունին։ Յաջող պիտի ըլլան անոնք, որոնք գիտեն իմաստութեամբ գործածել այդ գործիքները՝ արագութիւնը հաշտեցնելով ճշգրտութեան, աշխատակիցներուն հանդէպ արդար վերաբերմունքին, վստահութեան եւ լրագրութեան ամբողջականութեան հետ։
The Conversation-ի բնագիր յօդուածը
Հ.Ա.
Հարսանիք Հայրենիքի մէջ. աշխարհատարած հայեր՝ դարձեալ միասին
Վերջին տասնամեակին Հայրենիքը հետզհետէ աւելի դարձած է աշխարհատարած հայութեան հանդիպման եւ միացման վայրը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայեր կու գան Հայաստան՝ միանալու իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն, միասին ապրելու յիշատակելի պահեր եւ ընտանեկան նոր պատմութիւններ ստեղծելու։ Այս այցելութիւնները միայն հարազատներու հանդիպումներ չեն։ Անոնք նաեւ Հայրենիքի հողին, կենցաղին, բարքերուն, աւանդութիւններուն եւ մշակոյթին հետ վերամերձեցման առիթներ են։ Հայրենիքի մէջ շատեր կը փնտռեն հինը, հարազատը, արժէքաւորը եւ այն գեղեցիկը, որ իրենց համար հայկականութեան հետ անքակտելիօրէն կապուած է։
Ասիկա, անշուշտ, չի նշանակեր, թէ Սփիւռքի մէջ այս բոլորը չկան։ Հոն ալ սերունդներ շարունակ մեծ ճիգով պահպանած են հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները։ Երբեմն նոյնիսկ հայրենիքէն հեռու ապրիլը հայուն մէջ աւելի մեծ վճռակամութիւն ստեղծած է իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ կենցաղային սովորութիւնները պահպանելու համար։
Բայց Հայրենիքի հողին վրայ այդ բոլորը ուրիշ զգացողութիւն կը ստանան։ Այն, ինչ Սփիւռքի մէջ յաճախ գիտակցաբար կը պահպանուի, Հայրենիքի մէջ կը միանայ հողին, միջավայրին եւ հայկական կեանքի բնական ներկայութեան։
Ահա թէ ինչու վերջին տարիներուն կարելի է նկատել նաեւ հետաքրքրական երեւոյթ մը. աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ընտանիքներ կ՚ընտրեն Հայաստանի մէջ համախմբուիլ իրենց կեանքի կարեւորագոյն պահերուն։
Եւ այդ պահերէն ամենէն խորհրդանշականներէն մէկը հարսանիքն է։
Այսօր բազմաթիւ սփիւռքահայ երիտասարդներ կը փափաքին իրենց ամուսնութիւնը կնքել Հայրենիքի մէջ։ Անոնց հարազատները տարբեր երկիրներէ Հայաստան կու գան իրենց կարօտը առնելու եւ միաժամանակ վայելելու թէ՛ զիրար, թէ՛ Հայրենիքը։
Այսպիսով հարսանիքը ընտանեկան ուրախութենէ մը աւելին կը դառնայ։ Ան երբեմն կը վերածուի փոքրիկ համահայկական հանդիպման մը, ուր Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն կամ այլ երկիրներէ եկած հարազատներ նոյն սեղանին շուրջ կը հաւաքուին հայկական հողին վրայ։
Հայկական հարսանիքը իր բազմազան ու գեղեցիկ աւանդութիւններով ինքնին մշակութային հարուստ ժառանգութիւն մըն է։
Աւանդաբար առաջին քայլերէն մէկը խօսքկապն է։ Տղուն ընտանիքը կ՚այցելէ աղջկան ընտանիքին՝ անոր ձեռքը խնդրելու։ Ծնողներուն հաւանութեամբ երիտասարդը մատանի մը կը զետեղէ աղջկան մատին՝ ի նշան իրենց կապին։
Ապա կու գայ նշանախօսութիւնը՝ ազգականներու եւ բարեկամներու աւելի մեծ հաւաքով։ Տէր Հօր օրհնութեամբ զոյգը կը փոխանակէ մատանիները՝ պատրաստուելով կեանքի նոր փուլին։
Այդ օրէն կը սկսին նաեւ հարսանեկան պատրաստութիւնները։
Ժամանակին աղջկան ընտանիքը հարսնցուն կը պատրաստէր իր նոր կեանքին՝ անոր տրամադրելով օժիտ, անհրաժեշտ իրեր եւ յաճախ ընտանիքի կիներուն ձեռքով պատրաստուած ասեղնագործութիւններ։ Իսկ տղուն ընտանիքը կը ջանար նորապսակներուն համար հանգստաւէտ եւ ապահով ընտանեկան բոյն մը պատրաստել։
Այս սովորութիւններուն ձեւերը բնականաբար փոխուած են։ Բայց խորքին մէջ նոյն գաղափարը կը մնայ. ամուսնութիւնը միայն երկու անհատներու միութիւն չէ, այլ նաեւ երկու ընտանիքներու մերձեցումը։
Հայկական ժողովրդական եւ եկեղեցական կարգ մը տօներ եւս ժամանակին մաս կազմած են հարսանեկան սովորութիւններուն։ Միջինքին, որ կը զուգադիպի Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանի կիսուն, աղջկան կողմը յատուկ ուտեստներ եւ հիւրասիրութիւն կը պատրաստէր, իսկ տղուն ընտանիքը նուէրներով կը մասնակցէր ընտանեկան հաւաքին։
Համբարձման տօնը եւս իր ժողովրդական սովորութիւններով կապուած էր երիտասարդներուն, սիրոյն ու ապագայի սպասումներուն։ Դաշտագնացութիւններու ընթացքին վիճակ կը քաշէին եւ ժողովրդական քառեակներով ու ասացուածքներով կը փորձէին «կարդալ» իրենց բախտը։
Վարդավառը, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, Խաչվերացը եւ ուրիշ տօներ եւս տարբեր շրջաններու մէջ իրենց տեղը ունեցած են նշանուած զոյգերու եւ անոնց ընտանիքներու կեանքին մէջ։
Այս սովորութիւններէն շատերը այսօր ամբողջութեամբ չեն պահպանուած։ Ժամանակները փոխուած են, ընտանիքները ցրուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ ժամանակակից կեանքի պայմանները միշտ կարելիութիւն չեն տար երկարատեւ արարողութիւններ կատարելու։ Սակայն անոնցմէ շատեր տակաւին կ՚ապրին՝ երբեմն նոյնութեամբ, երբեմն ալ նոր ձեւերով։
Հարսանիքի նախօրեակի ամենէն ուրախ սովորութիւններէն մէկը հինայի գիշերն է։ Հարազատները կը հաւաքուին սեղանի մը շուրջ՝ երգով, պարով եւ երաժշտութեամբ։ Աւանդական ձեւով փեսային կողմը թմբուկ-զուռնայով կ՚ուղղուի հարսնցուին տունը՝ տանելով հինայի զարդարուած ափսէն՝ մոմերով եւ կարմիր խնձորով։
Բայց նոյնիսկ այս սովորութիւնը մէկ ձեւ չունի։ Հայկական աշխարհը իր բազմազանութեամբ հարուստ է։ Երեւանցիին սովորութիւնը կրնայ տարբերիլ արցախցիէն, սասունցիէն, մուսալեռցիէն կամ ուրֆացիէն։ Իւրաքանչիւր շրջան իր հետ բերած է երգ մը, պար մը, ուտեստ մը, արարողութիւն մը կամ խորհրդանիշ մը։
Եւ երբ այս տարբեր աւանդութիւնները այսօր կը հանդիպին Հայաստանի մէջ, Հայրենիքը կարծես կը դառնայ անոնց բնական հանդիպավայրը։ Մեղրն ու լաւաշը, գաթան, խաշն ու խորովածը, հայկական միրգերը, տնական օղին ու գինին, տարազները, տարոսիկները, ժողովրդական երգն ու պարը հարսանիքին կը փոխանցեն այն հայկական շունչը, որուն համար շատ մը սփիւռքահայ ընտանիքներ կը որոշեն իրենց ուրախութիւնը Հայրենիքի մէջ ապրիլ։
Հարսն ու փեսան այլեւս միայն օրուան թագաւորն ու թագուհին չեն։ Անոնց շուրջ հաւաքուած ընտանիքը եւս կը վերագտնէ բան մը, որ առօրեայ կեանքին մէջ, աշխարհի տարբեր անկիւնները ցրուած, թերեւս միշտ զգալի չէ՝ միասին ըլլալու հայկական զգացումը։
Բնականաբար Հայաստանը այսօր փակ աշխարհ մը չէ։
Երիտասարդ սերունդները իրենց հետ կը բերեն նաեւ այն երկիրներուն սովորութիւնները, ուր մեծցած են։ Հայկական աւանդական հարսանիքին կողքին այսօր կարելի է տեսնել bridal shower, bachelor party, ամուսնութեան հրապարակային առաջարկ (proposal) եւ միջազգային հարսանեկան մշակոյթէն փոխ առնուած բազմաթիւ այլ սովորութիւններ։
Այս երեւոյթը անպայման հակասութիւն մը չէ։ Մշակոյթը երբե՛ք անշարժ չէ եղած։ Ան միշտ փոխ առած է, փոխած եւ իրեն յարմարցուցած։ Հարցը այն է, թէ նորին կողքին որքանո՛վ կը շարունակենք գիտնալ, արժեւորել եւ ապրեցնել մերը։
Որովհետեւ հայկական հարսանիքի արժէքը միայն այն չէ, թէ քանի հին սովորութիւն ճշգրտօրէն կրկնուեցաւ։ Անոր արժէքը նաեւ այն է, թէ այդ օրը մարդիկ որքանով զգացին, որ իրենց անձնական ուրախութիւնը մաս կը կազմէ աւելի մեծ ընտանեկան եւ մշակութային շարունակականութեան մը։
Այս բոլորը, անշուշտ, կարելի է իրականացնել նաեւ Պէյրութի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Մոնթրէալի, Սիտնիի կամ աշխարհի որեւէ ուրիշ քաղաքի մէջ։ Սփիւռքի հայկական հարսանիքներն ալ ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ իրենց առանձնայատուկ ջերմութիւնն ու հայկական շունչը։
Բայց Հայրենիքի մէջ բան մը եւս կ՚աւելնայ։
Հողը՛։
Այն հողը, որուն մասին սերունդներ պատմութիւններ լսած են, երգեր երգած եւ կարօտով խօսած։ Երբ աշխարհատարած ընտանիք մը հոն կը հաւաքուի հարսանիքի մը համար, տեղի ունեցածը միայն ամուսնութիւն մը չէ։ Տարբեր երկիրներու մէջ ծնած ու մեծցած հայեր քանի մը օրով դարձեալ նոյն աշխարհին մէջ կը գտնուին։ Կը քալեն նոյն փողոցներով, կը նստին նոյն սեղանին շուրջ, կը լսեն նոյն երաժշտութիւնը, կը պարեն նոյն պարերը եւ միասին նոր յիշատակներ կը ստեղծեն։
Թերեւս Հայրենիքի այսօրուան կարեւոր դերերէն մէկն ալ ճիշդ ասիկա է։ Ոչ միայն ըլլալ պետութիւն եւ աշխարհագրական տարածք, այլ նաեւ՝ հաւաքման վայր։
Վայր մը, ուր աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայը կրնայ գալ ոչ միայն անցեալը յիշելու, այլ նոր յիշատակներ ստեղծելու։
Ոչ միայն իր արմատները փնտռելու, այլ նաեւ նոր արմատներ ձգելու։
Եւ թերեւս այդ պատճառով ալ, երբ հայկական հարսանիքի մը երաժշտութիւնը կը հնչէ Հայրենիքի հողին վրայ, ան միայն երկու երիտասարդներու նոր կեանքի սկիզբը չ՚աւետեր։
Ան նաեւ փոքրիկ, բայց գեղեցիկ յիշեցում մըն է, որ աշխարհատարած հայութիւնը տակաւին ունի վայր մը, ուր կրնայ վերադառնալ, հանդիպիլ եւ դարձեալ իրարու միանալ։
Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան
Արուեստագէտը՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան
Նուալա Օ’Ֆլահերթիի յիշատակին նուիրուած Մայքըլ Օ’Ֆլահերթիի դասախօսութենէն
Մարդկային իրաւունքներու մասին խօսելու համար սովորաբար կը դիմենք օրէնքի, քաղաքականութեան, պատմութեան կամ ընկերային գիտութիւններու։ Սակայն մարդկային արժանապատուութեան, անարդարութեան, բռնութեան եւ ազատութեան մասին մարդկութեան ամենէն խոր վկայութիւններէն շատերը մեզի հասած են նաեւ ուրիշ լեզուով մը՝ արուեստի լեզուով։
Եւրոպական Խորհուրդի Մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Մայքըլ Օ’Ֆլահերթի այս հարցին կը նուիրէ Նուալա Օ’Ֆլահերթիի յիշատակին իր 2026-ի դասախօսութիւնը՝ Արուեստագէտը՝ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան (The Artist as Defender of Human Rights) խորագրով։ Ան կը փորձէ հասկնալ, թէ արուեստագէտը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ, եւ ինչպէ՞ս նկարը, քանդակը, երաժշտութիւնը կամ ժողովրդային արուեստաը կրնան մեզի տեսնել տալ այն, ինչ որ երբեմն քաղաքական կամ իրաւական լեզուն անկարող է փոխանցելու։
Դասախօսութեան առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ արուեստի գործերը ոչ թէ պարզապէս կը նկարազարդեն խօսքը, այլ կը մասնակցին անոր գաղափարական զարգացման։
Այս գրութիւնը դասախօսութեան ամբողջական թարգմանութիւնը չէ։ Բնագիրը զգալիօրէն կրճատուած է՝ պահելով անոր հիմնական գաղափարական առանցքները եւ կառուցուածքը։ Յիշատակուած բազմաթիւ արուեստի գործերէն ընտրած ենք տասը խորհրդանշական օրինակներ, որոնք միաժամանակ կը ներկայացնեն հեղինակին հիմնական փաստարկները եւ կը փոխարինեն կրճատուած բաժիններուն մէջ ներկայացուած այլ գործերու գաղափարական դերը։ Այսպիսով փորձած ենք պահպանել դասախօսութեան մտաւորական ամբողջականութիւնը՝ զայն դարձնելով աւելի կեդրոնացած եւ ընթեռնելի։
Արուեստը՝ վկայութիւն
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ արուեստի առաջին մեծ ուժերէն մէկը վկայելու կարողութիւնն է։ Դարեր շարունակ արուեստագէտները պատկերած են տառապանքը, հալածանքը, պատերազմը, անարդարութիւնը եւ մարդկային դիմադրութիւնը։ Անոնք երբեմն ըրած են այն, ինչ որ այսօր պիտի կոչէինք մարդկային իրաւունքներու փաստագրում՝ առանց այդ եզրաբանութիւնը ունենալու։ Այդ երկար պատմութեան խորհրդանշական օրինակներէն մէկը Ֆրա Անճելիքոյի՝ Սուրբ Քոզմասի եւ Տամիանոսի նահատակութիւնը պատկերող գործն է։ Հինգ եղբայրները դատապարտուած են այրուելու, բայց կրակը, ըստ պատումին, չի կրնար վնասել անոնց եւ կը դառնայ զիրենք հալածողներուն դէմ։
Ֆրա Անճելիքօ, «Սուրբ Քոզմաս եւ Տամիանոս ու անոնց եղբայրները կը վերապրին խարոյկը» (Saints Cosmas and Damian and Their Brothers Surviving the Stake), շուրջ 1439–1442։ Իրլանտայի Ազգային պատկերասրահ, Տապլին։
Այս գործը մեզ կը վերադարձնէ մարդկային իրաւունքներու հիմնական հարցերէն մէկուն՝ մարդը ինչպէ՞ս կը պահէ իր արժանապատուութիւնը, երբ իշխանութիւնը կը փորձէ խլել զայն։
Դարեր ետք նոյն հարցումը պիտի վերադառնար բոլորովին տարբեր լեզուով։
Փապլօ Փիքասոյի Guernica-ն այլեւս կրօնական նահատակութիւն չի ներկայացներ։ Ան կը ներկայացնէ պատերազմի զոհ դարձած հասարակ մարդը։ 1937-ին սպանական Կեռնիքկա քաղաքի ռմբակոծումը Փիքասոյի ձեռքին տակ կը դառնայ ոչ միայն պատմական դէպքի պատկեր, այլ պատերազմի սարսափին համամարդկային խորհրդանիշ։
Փապլօ Փիքասօ, «Կեռնիքկա» (Guernica), 1937։ Մատրիտ, «Ռէյնա Սոֆիա» թանգարան։
Արուեստը այստեղ չի բացատրեր պատերազմը։ Չի ներկայացներ վիճակագրութիւն։ Չի թուարկեր զոհերը։ Ան մեզ կը ստիպէ տեսնել զանոնք։ Եւ երբեմն այդ տեսնելը քաղաքական արարքին առաջին քայլն է։
Անհատին արժանապատուութիւնը տեսանելի դարձնել
Բայց մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միայն զանգուածային ողբերգութիւններու մասին չէ։ անիկա կը սկսի ամէն մէկ անհատի արժէքն ու արժանապատուութիւնը տեսնելով:
Օկասթա Սեւըճի Gamin-ը այս իմաստով ուշագրաւ օրինակ մըն է։ 1920-ականներու Ամերիկայի մէջ սեւամորթ աղքատ պատանի մը արուեստի կեդրոնական կերպար դարձնելը պարզ գեղագիտական ընտրութիւն չէր։
Օկասթա Սեւըճ, «Կամէն» (Gamin), շուրջ 1929։ Երիտասարդ սեւամորթ տղու կիսանդրին Հարլեմի Վերածնունդի շրջանի Սեւըճի ամենէն ծանօթ գործերէն մէկն է։
Այս պատանին հերոս չէ։ Զօրավար չէ։ Թագաւոր չէ։ Պատմութեան մեծ դէմք մը չէ։ Պարզապէս մարդ է։ Եւ ճիշդ հոս կը գտնուի գործին ուժը։ Մարդկային իրաւունքներու գաղափարը, խորքին մէջ, նոյն պնդումը կը կատարէ. մարդը արժէք ունի ոչ թէ իր դիրքին, հարստութեան, ազգութեան, ցեղային պատկանելիութեան կամ իշխանութեան պատճառով, այլ որովհետեւ մարդ է։
Երբ արուեստը կը մերժէ լռել
Սակայն կան պահեր, երբ արուեստագէտը այլեւս չի բաւարարուիր մարդուն արժանապատուութիւնը պատկերելով։ Ան կը դառնայ մեղադրող։
Ֆեռնանտօ Պոթերօ, «Ապու Ղրայպ» նկարաշարէն, 2005։ Իրաքի Ապու Ղրայպ բանտին մէջ բանտարկեալներու նկատմամբ գործադրուած խոշտանգումները Պոթերոյի այս շարքին գլխաւոր նիւթն են։
Ֆեռնանտօ Պոթերոյի Ապու Ղրայպի նկարաշարքը այդպիսի օրինակ մըն է։
2004-ին աշխարհը տեսաւ Իրաքի Ապու Ղրայպ բանտին մէջ բանտարկեալներու խոշտանգումներուն լուսանկարները։ Պոթերօ տարիներ ետք վերադարձաւ այդ պատկերներուն՝ ոչ թէ զանոնք պարզապէս վերարտադրելու, այլ անոնց մարդկային իրականութիւնը վերականգնելու համար։
Լուսանկարը կրնայ փաստագրել։ Արուեստը կրնայ ստիպել մեզ երկար նայելու այդ փաստին։ Եւ այդ տարբերութիւնը փոքր չէ։
Անանուն զոհին անուն տալ
Իրլանտացի նկարիչ Պրայըն Մակուայրի ստեղծագործութեան մէջ այս պարտաւորութիւնը գրեթէ արուեստագիտական սկզբունք դարձած է։ Ան տարիներ շարունակ աշխատած է պատերազմներու, գաղթի, բռնութեան եւ լուսանցքայնացուած մարդոց իրականութեան հետ։
Պրայըն Մակուայր, Մեր գլխուն վերեւ դատարկ ծովերը փակուեցան Over Our Heads the Hollow Seas Closed Up, 2016, Աքրիլիք կտաւի վրայ, 290 × 270 սմ
2016-ի Over Our Heads the Hollow Seas Closed Up գործը կապուած է Միջերկրականի գաղթականական ողբերգութեան։ Մակուայրի այդ շրջանի աշխատանքները ուղղակիօրէն կ’անդրադառնան գաղթին, տեղահանութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։
Լուրերուն մէջ զոհերը շատ արագ թիւ կը դառնան։ Տասը։ Հարիւր։ Հազար։ Բայց արուեստը երբեմն այդ թիւէն մարդը ետ կը բերէ։ Եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ասիկա էական է։ Որովհետեւ անարդարութեան առաջին յաղթանակներէն մէկը զոհը անանուն դարձնելն է։
Զայրոյթը՝ իբրեւ արուեստի լեզու
Արուեստը միշտ հանդարտ ձայնով չի խօսիր։ Երբեմն ան նաեւ զայրոյթ կ’արտայայտէ այն երեւոյթներուն նկատմամբ, զորս իբրեւ հասարակութիւն կը հանդուրժենք կամ թոյլ կու տանք, որ պատահին մեր աշխարհին մէջ։
Աւստրալիացի նկարիչ Պեն Քուիլթիի 2012-ի Bushmaster գործը այդպիսի օրինակ մըն է։ Ան կը պատկերէ Աֆղանիստանի մէջ վնասուած զրահապատ մը, որ յատկապէս պատրաստուած էր իր մէջ գտնուող զինուորները վտանգէն պաշտպանելու։
Պեն Քուիլթի, «Պուշմասթըր» (Bushmaster), 2012։ Աէրոզոլ եւ իւղաներկ՝ կտաւի վրայ, 200 × 270 սմ։ Australian War Memorial
Բայց քանդուած զրհապատը այստեղ այլեւս միայն զինուորական սարք մը չէ։ Անիկա կը կրէ զինուորներուն ինքնութեան եւ անոնց ֆիզիքական փորձառութեան հետքերը։ Bushmaster-ը կը վերածուի vanitas-ի՝ կեանքի անցողիկութիւնն ու պատերազմի մէջ մարդկային գոյութեան խոցելիութիւնը յիշեցնող խորհրդանիշի։
Օ’Ֆլահերթի այս գործը կը տեղադրուի նաեւ աւելի լայն գաղափարի մը մէջ՝ արուեստը իբրեւ զայրոյթի արտայայտութիւն։ Անիկա կրնայ մեզ դէմ յանդիման դնել այն իրականութեան, որուն հետ ժամանակի ընթացքին կրնանք վարժուիլ, եւ կը ստիպէ հարց տալու՝ ինչո՞ւ այսքան բան կը հանդուրժենք մեր աշխարհին մէջ։
Ինքնութեան իրաւունքը
Մարդկային արժանապատուութիւնը նաեւ սեփական ինքնութեամբ ապրելու իրաւունքն է։
Օրնելլա Ռուտեւիչայի (լաթվիացի) ստեղծագործական աշխարհը կը բխի Եւրոպայի Ռոմա համայնքի (գնչու) պատմութիւններէն, ընտանեկան յիշողութենէն եւ մշակութային ժառանգութենէն։ Անոր աշխատանքները տեսանելի կը դարձնեն մշակոյթ մը, որ երկար դարեր մատնուած է խտրականութեան եւ մեկուսացման:
Ընտանիք, Երազներու պարտէզ (2018) գործին մէջ, Ռոմա արուեստագէտ Օրնելլա Ռուտեւիչա կը վերակենդանացնէ ընտանեկան պատմութիւններն ու ռոմա մշակութային յիշողութիւնը
Մարդկային իրաւունքներու լեզուն յաճախ կը խօսի փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասին։ Արուեստը երբեմն նոյն բանը կ՚ընէ ուրիշ ձեւով։ Կ՚ըսէ՝ մենք հոս ենք։ Մենք պատմութիւն ունինք։ Մենք յիշողութիւն ունինք։ Եւ մեր պատմութիւնը արժանի է տեսանելի ըլլալու:
Մարդկային իրաւունքները եւ բնութիւնը
Այսօր մարդկային իրաւունքներու հարցը այլեւս կարելի չէ ամբողջովին անջատել բնապահպանական ճգնաժամէն։
Պրայըն Մակուայրի Ամազոնի նուիրուած աշխատանքները այս կապը կը դարձնեն տեսանելի։ Ան այցելած է Պրազիլ եւ իր աշխատանքներուն մէջ անդրադարձած անտառահատումին, բնութեան ոչնչացման եւ բնիկ ժողովուրդներու վրայ այդ գործընթացներուն ազդեցութեան։
Պրայըն Մակուայր, Ամազոնի անտառահատման նուիրուած շարքէն։ Մակուայրի մեծածաւալ կտաւները բնապահպանական քայքայումը կը կապեն մարդկային համայնքներու եւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն։
Որովհետեւ մաքուր ջուրը, բնակելի միջավայրը, առողջութիւնը եւ ապագայ սերունդներուն անվտանգութիւնը վերացական բնապահպանական խնդիրներ չեն։ Անոնք նաեւ մարդկային իրաւունքներու խնդիրներ են։
Երբ բարի մտադրութիւնը բաւարար չէ
Օ’Ֆլահերթիի դասախօսութեան ամենէն հետաքրքրական կէտերէն մէկը այն է, որ ան արուեստը չի սրբացներ։ Արուեստագէտը կրնայ պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը, բայց կրնայ նաեւ սխալիլ։ Այդ մասին ան կը պատմէ անձնական յիշողութիւն մը։
1980-ին Տապլինի մէջ արժանթինցի արուեստագէտ Մարթա Մինուժին կառուցեց Ճէյմս Ճոյսի հետ կապուած Մարթելլոյի աշտարակին հսկայական կրկնօրինակը՝ 5000 հացով։ Ցուցադրութեան աւարտին աշտարակը վար առնուեցաւ եւ հացերը բաժնուեցան ժողովուրդին։
Մարթա Մինուժին, «Ճէյմս Ճոյսի հացէ աշտարակը» (The James Joyce Tower in Bread), Տապլին, 1980։ Գործը կառուցուած էր 5000 հացով, որոնք վերջաւորութեան բաժնուեցան ներկաներուն։
Օ’Ֆլահերթի ներկայ էր այդ օրը։
Իր յիշողութեան մէջ, սակայն, գեղարուեստական ուրախութիւնը շուտով փոխուեցաւ անհանգստութեան։ Հացը ստանալու համար ստեղծուած անօթի մարդոց խուժանը իրեն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս բարի նպատակով ստեղծուած նախաձեռնութիւն մը կրնայ անսպասելի կերպով վնասել կամ նուաստացնել ճիշդ այն մարդիկը, որոնց օգտակար ըլլալ կը փորձէ։
Արուեստագէտը՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան
Այս բոլոր օրինակները վերջապէս մեզ կը հասցնեն դասախօսութեան հիմնական հարցումին։ Արուեստագէտը ե՞րբ միայն արուեստագէտ չէ, այլ նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան։
Այ Ուէյուէյի Remembering գործը թերեւս ամենէն յստակ պատասխաններէն մէկը կու տայ։
2008-ի Սըչուանի երկրաշարժին հազարաւոր դպրոցականներ մահացան։ Յաջորդող հարցումները կեդրոնացան նաեւ դպրոցական շէնքերու շինարարական որակին եւ իշխանութիւններու պատասխանատուութեան վրայ։ Այ Ուէյուէյ սկսաւ զոհուած երեխաներուն անունները հաւաքել։ Իսկ 2009-ին, Միւնիխի Haus der Kunst-ի ճակատին վրայ ստեղծեց Remembering հսկայական տեղադրումը՝ շուրջ ինը հազար դպրոցական պայուսակներով։
Այ Ուէյուէյ, «Յիշելով» (Remembering), 2009, Haus der Kunst, Միւնիխ։ Շուրջ 9000 դպրոցական պայուսակներով ստեղծուած տեղադրումը կը յիշատակէր Սըչուանի երկրաշարժին զոհուած երեխաները։
Հոս արուեստագէտը այլեւս միայն ողբերգութիւն մը չի պատկերեր։ Ան կը հետաքննէ։ Ան անուններ կը հաւաքէ։
Կը յիշեցնէ եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ։ Եւ այդ պահուն արուեստը կը սկսի մաս կազմել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Չնայիլ ուրիշ կողմ
Թերեւս այս ամբողջ դասախօսութիւնը կարելի է ամփոփել պարզ պահանջով մը՝ չնայիլ ուրիշ կողմ։ Մարդկային իրաւունքներու ամենէն մեծ վտանգներէն մէկը միշտ չէ, որ ատելութիւնն է։ Երբեմն անտարբերութիւնն է։
Մարդը կը տեսնէ անարդարութիւնը, բայց կը շարունակէ իր ճանապարհը։ Կը լսէ զոհերուն մասին, բայց թիւերը այնքան շատ են, որ այլեւս զինք չի հետաքրքրեր։ Կը տեսնէ պատերազմը հեռատեսիլէն եւ քանի մը վայրկեան ետք կը փոխէ ալիքը։
Արուեստը կրնայ խանգարել այդ հարմարաւէտ հեռաւորութիւնը։
Փիքասոյի Guernica-ն մեզ կը ստիպէ նայելու պատերազմին։ Պոթերոն՝ խոշտանգումին։ Մակուայրը՝ ծովուն մէջ կորսուած գաղթականին եւ քանդուող Ամազոնին։ Քուիլթին՝ պատերազմէն վերադարձած զինուորին։ Ռուտեւիչան՝ այն ժողովուրդին, որուն ներկայութիւնը յաճախ անտեսանելի կը դարձնենք։ Այ Ուէյուէյը՝ մահացած երեխաներուն, որոնց անունները իշխանութիւնը պիտի նախընտրէր մոռնալ։
Ասոնք իրարմէ շատ տարբեր արուեստագէտներ են։ Անոնց գեղագիտական լեզուները, ժամանակները, երկիրները եւ նպատակները տարբեր են։ Բայց զիրենք միացնող բան մը կայ։ Անոնք կը մերժեն մարդը վերածել թիւի։ Եւ թերեւս ճիշդ հոս է արուեստին եւ մարդկային իրաւունքներուն ամենէն խոր հանդիպումը։
Մարդկային իրաւունքները կը պնդեն, որ ամէն մարդ արժանապատուութիւն ունի։ Արուեստը այդ արժանապատուութիւնը կը դարձնէ տեսանելի։
Օրէնքը կրնայ պաշտպանել մարդուն իրաւունքները։ Քաղաքականութիւնը կրնայ զանոնք պաշտպանող հաստատութիւններ ստեղծել։ Բայց արուեստը երբեմն կ՚ընէ ուրիշ, նոյնքան անհրաժեշտ բան մը։
Ան մեզ կը ստիպէ տեսնելու այն մարդը, որուն համար այդ իրաւունքները գոյութիւն ունին։
Եւ երբ իսկապէս տեսնենք զայն, այլեւս այնքան դիւրին չէ ուրիշ կողմ նայիլ։
Հ.Ա.
Աղբիւր՝ Մայքըլ Օ’Ֆլահերթի, The Artist as Defender of Human Rights, 2026 Nuala O’Flaherty Memorial Lecture, Council of Europe։ Դասախօսութեան ամբողջական բնագիրը
Հ.Ա.
«Քանի՞ հայ կայ աշխարհի մէջ». The Global Armenian Nation
«Քանի՞ հայ կայ աշխարհի մէջ»։
Առաջին հայեացքով, ասիկա պարզ վիճակագրական հարցում մը կը թուի ըլլալ, այսինքն՝ աշխարհի այն երկիրներուն մէջ, ուր հայեր կ’ապրին, մէկ առ մէկ հաշուել, մարդահամարներու տուեալները գումարել, քանի մը աղիւսակ իրարու քով բերել, եւ պատասխանը պատրաստ է։ Բայց որքա՛ն փորձենք այս հարցումին մօտենալ, այնքա՛ն աւելի կը հասկնանք, որ անիկա թուաբանութեան մասին չէ։ Անիկա յիշողութեան, ինքնութեան եւ գոյատեւման մասին է։
Ժղովուրդները սովորաբար իրենց պետութիւններուն մէջ կը հաշուուին։ Բայց հայերը շատոնց դադրած են միայն պետութեան սահմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդ մը ըլլալէ։ Մեր պատմութիւնը գրուած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Հալէպի, Պէյրութի, Փարիզի, Թիֆլիսի, Լոս Անճելըսի, Պուէնոս Այրէսի, Սիտնիի եւ տասնեակ այլ քաղաքներու մէջ։ Այս պատճառով ալ «քանի՞ հայ կայ» հարցումը երբե՛ք պարզ մարդահամարային հարց մը չէ եղած։ Ան միշտ ալ եղած է պատմական, քաղաքական եւ մշակութային խնդիր։
Աւելին, «հայ» բառին սահմանումը ինքնին յստակ չէ։ Ո՞վ է հայը։ Ան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՞ է, թէ՞ ան, որ հայկական արմատներ ունի։ Իսկ եթէ հայերէն չի խօսի՞ր։ Եթէ հայ եկեղեցի չերթա՞ր։ Եթէ արդէն երրորդ կամ չորրորդ սերունդի սփիւռքահա՞յ է։ Որո՞ւ պէտք է հաշուենք, եւ ո՞ւր է այն սահմանը, ուր հայկական ինքնութիւնը կը դադրի վիճակագրական տուեալ ըլլալէ եւ կը վերածուի ապրուած փորձառութեան։
Թերեւս այս պատճառով է, որ աշխարհի վրայ հայերու թիւը այսօրուան դրութեամբ ոչ ոք կրնայ բացարձակ վստահութեամբ ըսել։ Ոչ թէ որովհետեւ տեղեկութիւն չկայ, այլ որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր հայը տարբեր կերպով կը տեսնէ կամ քաղաքացիներու արձանագրութեան տարբեր ձեւեր որդեգրած է։ Կան պետութիւններ, որոնք կը հաշուեն ազգային պատկանելիութիւնը, ուրիշներ՝ միայն քաղաքացիութիւնը, ուրիշներ՝ ծննդավայրը կամ մայրենի լեզուն, իսկ բազմաթիւ երկիրներ ընդհանրապէս չեն արձանագրեր ազգային ծագումը։ Արդիւնքը այն է, որ նոյն մարդը մէկ վիճակագրութեան մէջ կրնայ «հայ» ըլլալ, իսկ միւսին մէջ՝ բոլորովին անտեսանելի։
Այս իրականութենէն ծնունդ կ’առնէ The Global Armenian Nation ուսումնասիրութիւնը, որ վերջերս հրատարակեց ամերիկեան Truth and Accountability League (TAAL) կազմակերպութիւնը։ Գրեթէ երկու հարիւր էջերէ բաղկացած այս աշխատութիւնը փորձ մըն է մէկ տեղ հաւաքելու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայերուն վերաբերող մարդահամարային, ակադեմական եւ համայնքային տուեալները, որ կարելի ըլլայ ամբողջական պատկեր մը կազմել համաշխարհային հայութեան մասին։ Հեղինակները, սակայն, առաջին իսկ էջերէն կ՚ընդունին, որ իրենց նպատակը «վերջնական թիւ» մը ներկայացնելը չէ, այլ ներկայիս հասանելի աղբիւրներուն հիման վրայ հնարաւորինս ամբողջական եւ թափանցիկ պատկեր մը առաջարկելը։
Այս ուսումնասիրութիւնը պարզ վիճակագրական տեղեկագրէ մը աւելին է։ Ան կը ստիպէ մեզ մտածելու, թէ քանի՞ հայ կայ աշխարհին մէջ, եւ ի՞նչ կը նշանակէ այսօր հայ ժողովուրդը պատկերացնել իբրեւ համաշխարհային ազգ մը։ Որովհետեւ երբ ազգ մը իր բնակչութեան մեծ մասը կը գտնէ հայրենիքէն դուրս, մարդահամարը այլեւս միայն թիւերու խնդիր չէ. ան կը դառնայ ինքնութեան, յիշողութեան եւ ապագայի մասին խորհելու միջոց։
Ուսումնասիրութիւնը այս իմաստով երկու արժանիք ունի։ Առաջինը՝ համբերութեամբ մէկտեղելու փորձն է այն, ինչ որ ցրուած է տասնեակ աղբիւրներու մէջ։ Երկրորդը՝ մտաւորական ազնուութիւնն է։ Հեղինակները ոչ մէկ տեղ չեն պնդեր, թէ իրենց ներկայացուցած թիւերը վերջնական ճշմարտութիւն են։ Ընդհակառակը, գրեթէ իւրաքանչիւր գլխու մէջ կը յիշեցնեն, որ տարբեր երկիրներ տարբեր ձեւով կը սահմանեն ազգային պատկանելիութիւնը, իսկ շատ մը պետութիւններ ընդհանրապէս չեն արձանագրեր էթնիք ծագումը։ Արդիւնքը այն է, որ երբեմն պաշտօնական մարդահամարն ու համայնքային գնահատականները իրարմէ զգալիօրէն կը տարբերին։
Առաջին հայեացքով, այս մէկը կրնայ որպէս վիճակագրական թերութիւն թուիլ։ Իրականութեան մէջ, երբ ազգ մը չի կրնար ճշգրիտ հաշուուիլ, հարցը միայն մարդահամարի մեթոտաբանութեան մէջ չէ։ Հարցը այն է, որ այդ ազգը կ՚ապրի տարբեր իրականութիւններու մէջ։ Ռուսիոյ հայը տարբեր ձեւով կը ներկայանայ պետութեան, քան Ֆրանսայի հայը։ Ամերիկայի հայը ուրիշ ձեւով կը նկարագրէ իր ինքնութիւնը, քան Լիբանանի կամ Իրանի հայը։ Իսկ կան երկիրներ, ուր հայը պետութեան համար ընդհանրապէս «գոյութիւն չունի», որովհետեւ պետութիւնը ազգային ծագում չի հարցներ։
Ուստի, այս աշխատութիւնը կարդալու ընթացքին, յաճախ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ հեղինակը(ները) ոչ թէ հայերը կը հաշուէ, այլ՝ հաշուելու անհնարաութիւնը։ Թիւերը կարծես ամէն քանի մը էջ ետք կը յիշեցնեն իրենց սահմանափակութիւնը։ Անոնք կը փորձեն չափել բան մը, որ իր բնոյթով շարժուն է։ Ամէն նոր արտագաղթ, ամէն նոր պատերազմ, ամէն նոր սերունդ եւ ամէն խառն ամուսնութիւն կը փոխեն պատկերը։ Այսօր գրուած աղիւսակը վաղը արդէն պատմական փաստաթուղթ կրնայ դառնալ։ Սակայն, հոս է, որ աշխատութեան իսկական արժէքը կը սկսի երեւիլ։ Որովհետեւ անիկա միայն մարդոց թիւը չի հաշուեր։ Գրեթէ ամէն երկրի ներկայացման մէջ փորձ մը կը կատարուի նկարագրելու նաեւ համայնքին ներքին կեանքը՝ եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային միութիւնները, մամուլը, երիտասարդական կազմակերպութիւնները, բարեսիրական հաստատութիւնները, նոյնիսկ այն մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց այդ համայնքը այսօր կանգնած է։
Այս մօտեցումը կարեւոր յիշեցում մըն է։ Ազգ մը չի բաղկանար միայն մարդոց գումարէն։ Եթէ վաղը երկրի մը մէջ տասը հազար հայ մնայ, բայց չըլլան դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ, թերթեր կամ կազմակերպուած համայնքային կեանք, այդ տասը հազարը բոլորովին ուրիշ իրականութիւն կը ներկայացնէ, քան նոյն թիւը, որ ապրի կենդանի հաստատութիւններով շրջապատուած։ Թիւերը կրնան նոյնը ըլլալ, բայց ազգին կենսունակութիւնը՝ բոլորովին տարբեր։
Այս կէտը, թերեւս առանց այդպէս բացայայտ ձեւակերպելու, ուսումնասիրութեան ամենէն խոր պատգամն է։ Հայկական սփիւռքը երբեք միայն բնակչութեան աշխարհագրական ցրուածութիւն չէ եղած։ Ան նաեւ հաստատութիւններու պատմութիւն է։ Հայկական դպրոցը, որ դարէ մը աւելի գոյատեւած է օտար երկնքի տակ, երբեմն աւելի կարեւոր է, քան հազարաւոր մարդոց ներկայութիւնը։ Փոքր եկեղեցին մը, որ ամէն կիրակի քանի մը տասնեակ հաւատացեալ կը համախմբէ, կրնայ աւելի մեծ դեր ունենալ ինքնութեան պահպանման մէջ, քան վիճակագրական մեծ թիւ մը։ Այս պատճառով է, որ համայնքներու ճակատագիրը միայն բնակչութեան աճով կամ նուազումով չի չափուիր։ Ան կը չափուի նաեւ անոնց ստեղծած յիշողութեամբ, կրթութեամբ եւ կազմակերպուած կեանքով։
Հոս ընթերցողը կամայ թէ ակամայ կը սկսի ուրիշ հարցում մը տալ։ Եթէ այսօր աշխարհի մէջ, ինչպէս ուսումնասիրութիւնը կը հատստատէ, հայերը բնակութիւն հաստատած են հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ, ապա ի՞նչ բան է, որ տակաւին զանոնք մէկ ազգ կը դարձնէ։ Արդեօ՞ք ընդհանուր լեզուն, որ շատեր այլեւս չեն խօսիր։ Ընդհանուր եկեղեցին, որուն հետ ոչ բոլորը կապուած են։ Թէ՞ պատմական յիշողութիւնը, որ իւրաքանչիւր սերունդ նոր ձեւով կը մեկնաբանէ։ Թերեւս այս հարցումին պատասխանելը շատ աւելի դժուար է, քան աշխարհի հայերը հաշուելը։
Երբ առաջին անգամ այս ուսումնասիրութեան տարածքը կը դիտես, ակամայ կը հասկնաս, որ այսօր հայ ժողովուրդը ոչ թէ աշխարհագրական մէկ կեդրոն ունի, այլ բազմաթիւ կեդրոններ։ Հայաստանը կը մնայ ազգային կեանքի քաղաքական եւ պատմական առանցքը, սակայն համաշխարհային հայութիւնը շատոնց դադրած է միայն Հայաստանի սահմաններով սահմանուող իրականութիւն մը ըլլալէ։ Այսօր անոր պատմութիւնը կը գրուի միաժամանակ Երեւանի, Մոսկուայի, Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Պէյրութի, Պուէնոս Այրէսի, Թորոնթոյի, Սիտնիի եւ տասնեակ այլ քաղաքներու մէջ։
Որոշ քաղաքներ, որոնք ժամանակին հայկական մտաւոր եւ մշակութային կեանքի հսկաներ կը նկատուէին, այսօր զգալիօրէն նօսրացած են։ Միւս կողմէ՝ նոր կեդրոններ ծնած են, նոր սերունդներ մեծցած են, նոր հաստատութիւններ ստեղծուած են։ Հայկական աշխարհը, պարզապէս, տեղ փոխած է։
Թերեւս կարելի ըլլայ ազգ մը հաշուել։ Կարելի ըլլայ նաեւ անոր տարածումը քարտէսի վրայ ցոյց տալ։ Բայց կարելի՞ է հաշուել անոր կենսունակութիւնը։ Այս հարցումին ուղղակի պատասխան չկայ ուսումնասիրութեան մէջ, եւ այդ նպատակով ալ պատրաստուած չէ անիկա, սակայն անոր էջերը ընթերցելէ ետք այդ հարցումը անխուսափելի կը դառնայ։ Որովհետեւ ի վերջոյ ազգ մը պարզապէս անհատներու հանրագումար մը չէ։ Եթէ այդպէս ըլլար, աշխարհի մէջ ամէնէն մեծ ժողովուրդները պիտի ըլլային նաեւ ամենէն ամուր ժողովուրդները։ Բայց պատմութիւնը հակառակը բազմիցս ապացուցած է։
Ազգը, խորքին մէջ, յարաբերութիւններու ցանց մըն է։ Անիկա դպրոց մըն է, ուր երեխան առաջին անգամ մայրենի լեզուով գիրք կը բանայ։ Եկեղեցի մըն է, ուր սերունդներ իրարու կը յանձնեն ոչ միայն հաւատքը, այլ նաեւ յիշողութիւնը։ Թերթ մըն է, որ համայնքին լեզուն կենդանի կը պահէ։ Մշակութային միութիւն մըն է, որ երգը, թատրոնը, պարը կամ գրականութիւնը կը փոխանցէ նոր սերունդին։ Երիտասարդական կազմակերպութիւն մըն է, ուր պատանին առաջին անգամ կը զգայ, թէ «հայ համայնք» ըսուածը միայն բառ չէ, այլ ապրուած իրականութիւն։
Թերեւս այս պատճառով է, որ The Global Armenian Nation ուսումնասիրութիւնը իւրաքանչիւր երկրի մասին խօսելով չի բաւարարուիր բնակչութեան թիւը արձանագրելով։ Ան կը փորձէ ներկայացնել նաեւ այն հաստատութիւնները, որոնց շուրջ համայնքը տակաւին կը շնչէ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ, մամուլ, բարեսիրական հաստատութիւններ, մարզական միութիւններ եւ հասարակական կառոյցներ։ Կարծես հեղինակները կ՚ուզեն մեզի ըսել, որ ազգ մը հասկնալու համար բաւարար չէ գիտնալ, թէ քանի մարդ կայ. անհրաժեշտ է նաեւ տեսնել, թէ այդ մարդիկ ինչպիսի՛ հասարակական կեանք ստեղծած են։
Ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ իր գնահատականները, կը համադրէ տուեալները եւ կը մօտենայ հնարաւորինս վստահելի պատկերի մը։ Այդ աշխատանքը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ։ Բայց, ի վերջոյ, թիւը՝ որքան ալ ճշգրիտ ըլլայ, միայն սկիզբն է։
Որովհետեւ ազգ մը վերջին հաշուով չի չափուիր միայն իր բնակչութեամբ։ Ան կը չափուի իր ստեղծագործ ուժով, իր հաստատութիւններու կենսունակութեամբ, իր լեզուի ապրող ներկայութեամբ, իր մշակոյթի նորարարութեամբ եւ, ամէնէն առաջ, իր ժողովուրդին կամքով՝ շարունակելու նոյն պատմութիւնը նոր պայմաններու մէջ։
Թիւերը կրնան փոխուիլ։ Քարտէսները կրնան վերագծուիլ։ Համայնքները կրնան մեծնալ կամ նօսրանալ։ Բայց քանի դեռ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ մարդիկ կը շարունակեն իրենց զաւակներուն հայերէն երգ մը սորվեցնել, հայկական դպրոց մը պահել, գիրք մը հրատարակել, թատրոն մը բեմադրել, եկեղեցւոյ զանգը հնչեցնել կամ պարզապէս իրենց հայկական ինքնութիւնը գիտակցաբար ապրիլ, հայութիւնը պիտի չմնայ միայն վիճակագրական միաւոր մը։
Ան պիտի շարունակէ ըլլալ կենդանի ազգ մը՝ թիւերէն անդին։
«Տարբերակ21»
«Խաբուած» — “Rigged”. Մեր Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչը
Այսպէս կ’ըսէր համացանցի վրայ գրութիւն մը, որուն հանդիպեցայ անցեալ շաբաթ, թէեւ անիկա 2006-ին գրուած էր։ Հեղինակը կ’ակնարկէր Էլիաս Ռիկզի (Elias Riggs) Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան, շատ վարպետօրէն եւ հնարամիտութեամբ բառախաղ մը ընելով անգլերէն “rig” բառին նշանակութիւններէն մէկը (խաբել) եւ Էլիաս Ռիկզի մականունը կապակցելով իրենց նմանութենէն օգտուելով։
Այս գրութեան հեղինակը այն տպաւորութիւնը ունէր, կամ գոնէ այդպէս կ’ուզէր ցոյց տալ, որ Էլիաս Ռիկզ հայ համայնքը խաբած էր, խարդախած էր, իր անձնական հայերէն խօսելու եւ հայերէն գրելու ոճը, ձեւերը եւ կերպերը պարտադրելու համար։  Ան կոչ կ’ուղղէր հայութեան, որպէսզի «մեր Մեսրոպեան լեզուին սանձը եւ ղեկը ետ առնենք, եւ չի թողունք, որ Էլիաս Ռիկզի նմանները, թուրքերը, եւ ռուսերը մեզի ըսեն թէ ի՞նչպէս պէտք է խօսինք եւ գրենք»։
Կարգ մը պատմական իրողութիւններ կան որ մեր հեղինակին ուշադրութենէն վրիպած են։ Ես կ’ուզեմ զանոնք վերյիշել մեր ընթերցողներուն օգուտին համար։
Էլիաս Ռիկզի Աստուածաշունչի թարգմանութեան առաջին տպագրութիւնը եղաւ Իզմիր, 1853-ին, վերատպուեցաւ Պոլիս 1857-ին, եւ մի քանի տարի ետք Նիւ Եորք։ Հոս շատ կարեւոր է շեշտել, որ երբ «Էլիաս Ռիկզի Թարգմանութիւն» կ’ըսենք, չենք ուզեր նշանակել, որ ինքը, իր կէս կատար գիտցած հայերէնով Աստուածաշունչը թարգմանեց եւ այդ գործը մէջտեղ բերաւ։ Բուն թարգմանութիւնը հայ լեզուաբաններ ըրին։ Ռիկզ միայն անոնց վրայ հսկեց եւ գործը յառաջ տարաւ։ Աւելին՝ այս հայ գիտնականները տարիներ առաջ սկսած էին թարգմանութեան գործը եւ միայն վերջաւորութեան էր, որ Ռիկզ զիրենք քիչ մը առաջնորդեց եւ հրահրեց։
Այս նոր տպուած Աստուածաշունչները արագօրէն բաժնուեցան Թուրքիոյ արեւմտահայերէն խօսող ժողովուրդին, եւ մարդիկ սկսան հայերէն կարդալ այնպիսի լեզուով մը, որ կրնային հասկնալ։ Քաղաքներու մէջ ապրող ունեւոր, բարեկեցիկ եւ կրթուած մարդիկ հայերէն կարդալու այլ միջոցներ ունէին. անոնք ունէին գիրքեր ու թերթեր, թատրոններ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու կարելիութիւնը։ Սակայն շատ մը աղքատ ընտանիքներու համար, մանաւանդ գիւղական շրջանակներու մէջ, այս Աստուածաշունչը միակ հայերէն գիրքն էր, որ իրենց կեանքին մէջ տեսած էին։
Ոմանք կարդալ գիտէին, բայց շատերը չէին գիտեր, եւ անոնք ծանօթներ կամ բարեկամներ կը գտնէին, որ իրենց կարդալ սորվեցնէին, ու այսպիսով՝ կամաց-կամաց կը սորվէին լեզուն։ Անոնք այս Աստուածաշունչին միջոցաւ սորվեցան կարդալ։ Շատ հայեր, որ նախապէս թրքախօս էին, այս Աստուածաշունչին միջոցաւ հայերէն սորվեցան։ Իրենց ծնունդները, մահերը եւ ամուսնութիւնները այս Աստուածաշունչներուն առաջին կամ վերջին էջերուն վրայ կ’արձանագրէին, եւ իրենց զաւակներուն ալ այս Աստուածաշունչով կարդալ կը սորվեցնէին։
Այդ տարիներուն, երբ գիրքերը գրաբարով կը գրուէին, որ պարզ ժողովուրդին անհասկնալի էր, եւ մինչ մտաւորականները կը վիճէին, թէ ո՞ր մէկ հայերէնը ընդունելի էր տպագրութեան մէջ գործածուելու համար, հազարաւոր հայեր՝ երկու կամ երեք սերունդներ, նոյնիսկ աւելի, այս Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչին միջոցաւ սորվեցան հայերէնը՝ իրենց առօրեայ խօսակցական լեզուով գրուած։
Որոշ դպրոցներ, աւելի զարգացած քաղաքներու մէջ, ուրիշ հայերէն գիրքեր ալ ունէին, բայց աղքատներուն մեծ մասը միայն Աստուածաշունչի օրինակ մը ունէր։ Նոյնը կը պատահէր որբանոցներու մէջ։ Պզտիկները արեւմտահայերէնով կը կարդային, կը գրէին եւ անկէ հատուածներ գոց կը սորվէին։
Արեւմտահայերէնը հսկայական թափ ստացաւ այս «Էլիաս Ռիկզի» թարգմանութեան շնորհիւ։ Եւ ինչպէս վերը բացատրեցի, թարգմանութիւնը ինքնին, իր լեզուական մանրամասնութիւններուն մէջ, Ռիկզի անձնական գործը չէր, այլ բնիկ հայ գիտնականներու մեծ խումբի մը աշխատանքը, որ ան կը ղեկավարէր եւ կը վերահսկէր։
Այս Աստուածաշունչին տպագրուած առաջին օրէն ի վեր, որմէ արդէն 173 տարիներ անցան, քննադատներ կը գանգատին, թէ թարգմանութիւնը լաւ չէ, թէ սխալներ ունի, թէ շարահիւսութեան մէջ թրքաբանութիւններ կան, եւ թէ կը գործածէ թրքերէն լեզուին յատուկ դարձուածքներ։
Այո՛, սխալներ կարելի է գտնել, բայց, ինչպէս Ե. Պապիկեանի եւ Ա. Պետիկեանի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, անոնք քիչ են, եւ մեծ մասը աննշան։ Այսպիսի հսկայածաւալ գործի մը մէջ գրեթէ անկարելի է ունենալ կատարեալ թարգմանութիւն մը, որ բոլորին գոհացնէ, մանաւանդ երբ կան վարդապետական հարցեր, որոնց շուրջ մարդիկ 2000 տարիէ ի վեր կը վիճաբանին՝ առանց անոնց մասին համաձայնութեան գալու։
Անկէ զատ, ասիկա այն լեզուն է, որով մենք բոլորս վերջին 200 տարիներուն ամէն օր խօսած ենք։ Կատարեալ կամ ոչ, ժողովուրդին լեզուն է։ Ասիկա իսկական Արեւմտահայերէնն է։
Շնորհակալութիւն քեզի, Էլիաս Ռիկզ, մեզ «խաբելուդ» համար։ Հոյակապ գործ մը կատարեցիր։
Սարգիս Պալթաեան
Պէյրութէն Երեւան. Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու ցուցահանդէսը Արարատի շուքին տակ
«Dream, Art, Yerevan»
Հայ սփիւռքի մէջ ծնած արուեստը տարօրինակ ճակատագիր մը ունի։ Ան կը ծնի ուրիշ երկինքի տակ, կը սնանի ուրիշ քաղաքի աղմուկով, ուրիշ փողոցներու յիշողութեամբ ու ուրիշ մարդոց առօրեայով ու հակասութիւններով։ Բայց երբեմն, տարիներ ետք, ան կը հասնի երկիր մը, ուր թէեւ հոն չէ ծնած, սակայն անոր հետ անտեսանելի ոգեղէն կապ մը ունեցած է միշտ։
Մեր Ակադեմիան, Our Academy, Maral Panossian, Oil on Canvas, 90x90cm, 2018
Այդպիսի հանդիպում մը պիտի կայանայ 3 Սեպտեմբերին, երբ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ բացուի լիբանանահայ քոյր եւ եղբայր գեղանկարիչներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու «Dream, Art, Yerevan» ցուցահանդէսը։ Մինչեւ 10 Սեպտեմբեր տեւող ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին անոնց վերջին շրջանի շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւնները։
Բայց Երեւան հասնողը միայն քառասուն կտաւ չէ։ Երեւան կը հասնի տասնամեակներու վաստակ մը։
Երկու արուեստագէտ, երկու ճանապարհ: Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեան քոյր ու եղբայր են, երկար տարիներ կողք կողքի ստեղծագործած եւ միասին արուեստ դասաւանդած, բայց իւրաքանչիւրը կառուցած է իր ուրոյն տեսողական լեզուն։
Սարի Մարալ կը փնտռես…Sari Maral ge pndres… Looking for the Mountain Deer, Maral Panossian, Oil on Canvas, 80x60cm, 2026
Մարալին արուեստը կը բխի առօրեայ ապրումներէ՝ ուրախութենէ, ցաւէ, յիշողութենէ, մարդկային հանդիպումներէ։ Իր գործերուն մէջ կրկնուող խորհրդանիշները հետզհետէ կը կազմեն անձնական բառարան մը։ Անոնցմէ յատկապէս եղջերուն խոր անձնական իմաստ մը ունի. «Մարալ» անունին հետ կապուելէ անդին, ան կը տանի նաեւ հօր յիշատակը եւ մանկութենէն եկող զգացական կապ մը։ Մարալին ստեղծագործական աշխարհը սնած է բազմազան աղբիւրներէ՝ Վան Կոկէն եւ Մինաս Աւետիսեանէն մինչեւ գրականութիւն, Pink Floyd, Լուսինէ Զաքարեան եւ Ռուբէն Հախվերդեան։
Ժիրայրի ճանապարհը տարբեր եղած է։ Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկին մէջ ուսանելէ ետք, ան իր ուսումը շարունակած է Փարիզի Académie Goetz-Dadérian-ի եւ École Nationale Supérieure des Arts Décoratifs-ի մէջ։ 1992-ը շրջադարձային թուական մը եղած է անոր արուեստին համար։ Համալսարանական աշխատանքի մը ընթացքին, ժամանակի ճնշումին տակ ծնած «The Change» գործը զինք առաջնորդած է դէպի վերացականութիւն։ Այդ օրէն սկսեալ հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ի՛նչ նկարել, այլ նաեւ՝ ինչպէ՛ս արտայայտել։
Յարատեւ վախի կշռոյթը, Rhythm of Constant Fear, Jirar Panossian, 80x100cm, Oil on Canvas, 2025
Ժիրայրի գործերուն մէջ յաճախ իրարու կը բախին բնութեան խաղաղութիւնն ու քաղաքային կեանքի լարուածութիւնը։ Բնութիւնը, քաղաքը, գոյնը, ձեւը եւ երաժշտութիւնը կը միախառնուին իր տեսողական աշխարհին մէջ։ Իբրեւ երաժիշտ՝ ան յատկապէս ազդուած է progressive rock-էն՝ Pink Floyd, Camel, King Crimson եւ Jethro Tull։ Երաժշտութեան կշռոյթը երբեմն կը շարունակուի կտաւին վրայ՝ գոյնի եւ ձեւի միջոցով։
Սակայն Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու մասին խօսելու ատեն կարելի չէ սահմանափակուիլ միայն անոնց ստեղծագործութիւններով։
Մարալ 1983-էն սկսեալ արուեստ դասաւանդած է տարբեր դպրոցներու մէջ, եղած է ՀԲԸՄ-ի «Մինասական» արուեստի խումբին հիմնադիրն ու ղեկավարը, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ եւ երկար տարիներ ներկայ եղած է լիբանանահայ մշակութային մամուլին մէջ։
Զրոյց քամու հետ, Jirar Panossian
Ժիրայր եւս տասնամեակներ շարունակ ստեղծագործած, ցուցադրած եւ դասաւանդած է։ Իսկ 2006-ին քոյրն ու եղբայրը միասին հիմնած են Ayp to Zed Art Academy-ն։
Քսան տարի արուեստ դասաւանդել։ Այս թիւը ինքնին բան մը կ՚ըսէ անոնց աւանդին մասին, որովհետեւ արուեստագէտի մը ժառանգութիւնը միայն պատերէն կախուած կտաւները չեն։ Անիկա կը շարունակէ ապրիլ այն աշակերտներուն մէջ, որոնց սորվեցուցած են դիտել, արժեւորել եւ աշխարհին նայիլ նոր աչքերով: Գիծ քաշել կարելի է սորվեցնել։ Գոյներ խառնելը նոյնպէս։ Բայց արուեստի իսկական ուսուցիչը ուրիշ բան ալ կը փոխանցէ՝ աշխարհընկալումի տարբեր ձեւ մը։
Եթէ այսօր արդէն կարելի է խօսիլ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու աւանդին մասին, ուրեմն անոր մէկ մասը կը գտնենք անոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ, իսկ միւսը՝ աշակերտներուն։
Ինչո՞ւ կարեւոր է Երեւանը
«Dream, Art, Yerevan»-ը այս պատճառով պարզ ցուցահանդէսէ մը աւելի նշանակութիւն ունի։
Մարալը եւ Ժիրայրը լիբանանահայ արուեստագէտներ են, որոնք իրենց ստեղծագործական լեզուն ձեւաւորուած են Լիբանանի մէջ՝ սփիւռքեան փորձառութեամբ, միջազգային արուեստի ազդեցութիւններով եւ հայկական մշակութային յիշողութեամբ։ Երբ նման արուեստ մը կը հասնի Երեւան, կը հանդիպի հայկական փորձառութեան ուրիշ տարբերակի մը՝ լիբանանա+հայ տարբերակին։
Եւ ասիկա կարեւոր է յիշեցնել, որ սփիւռքը միայն հայկական մշակոյթ պահպանող տարածք չէ։ Անիկա նաեւ հայկական մշակոյթ ստեղծող տարածք է։ Պահպանել կը նշանակէ փոխանցել ստացածդ։ Ստեղծել կը նշանակէ ստացածիդ վրայ աւելցնել բան մը, որ մինչ այդ գոյութիւն չունէր։
Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու տասնամեակներու աշխատանքը ճիշդ այդ երկրորդ իրականութեան մաս կը կազմէ։
Սեպտեմբերին անոնց երկու ճանապարհները պիտի հանդիպին Երեւանի մէջ։ Քառասուն կտաւով, բայց շատ աւելի մեծ ուղեբեռով. Լիբանան մը կայ այդ ուղեբեռին մէջ, սփիւռք մը, ընտանեկան յիշողութիւններ, երաժշտութիւն, քաղաքին աղմուկը եւ բնութեան խաղաղութիւնը…եւ քսան տարուան դասարան մը։
«Dream, Art, Yerevan» ցուցահանդէսը առիթ պիտի տայ տեսնելու այդ երկար ճանապարհին ներկայ հանգրուանը։ Իսկ ցուցահանդէսէն ետք, երբ կտաւներն ալ իրենց խօսքը ըսած ըլլան, թերեւս առիթը ունենանք վերադառնալու Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու արուեստին եւ հարցնելու աւելի խոր հարցումը.
Ի՞նչ կրնայ ըսել անիկա լիբանանահայ արուեստի այժմու վիճակին, յիշողութեան եւ ապագայի տեսլականին մասին, եւ Հայաստանի ու անոր արուեստասէրներուն հետ այս փորձառութիւնը ի՞նչ նոր հորիզոններ կրնայ բանալ իրենց արուեստին առջեւ:
Վ.Թ.
«Նոր Յառաջ»-ի հարցազրոյցը պատմաբան Արա Սանճեանի հետ. Պատմութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ Եկեղեցին (2 եւ վերջ)
«ՆՅ» Հետաքրքրականը Փաշինեանի կամ Քաղաքացիական Պայմանագիրի պարագային այն է, որ իրենք պատմութեան վերընթերցում մը կ՚ընեն եւ ձեւով մը յաջողեցան կերտել նոր յղացք մը՝ «Իրական Հայաստան»-ի յղացքը, որ կ՛ամփոփէ Հայաստանի պատմութեան նոր ընկալում մը եւ քաղաքական ուղեգիծ մը կը սահմանէ՝ բաւարարուիլ այսօրուան Հայաստանի քարտէսով, ընդունիլ սահմանային statu quo-ն: Ուրեմն, պատմաբաններու համար մեկնաբանելու նոր էջ կը բացուի, ժամանակակից պատմութեան կերտումին անդրադառնալու հարկադրանքին տակ կը դնէ զանոնք:
Ա. Ս. — Երկու խնդիր կայ այստեղ։ Պատմագիտութեան մէջ ժանր մը կայ, որ մենք հայ իրականութեան մէջ շատ քիչ ուսումնասիրած ենք. առնուազն այդ մասին հայագիտական որեւէ հրատարակութիւն չկայ, մինչդեռ միջազգային գիտութեան մէջ վաղուց առկայ է։ Շատերը կրնան մինչեւ Նիցչէի գործը տանիլ։ Անկէ աւելի մասնագիտական, պատմաբաններու կողմէ գրուած գործեր ալ կան, թէ ինչպէս տարբեր պատմագիտական երեւոյթներ խորհրդանիշերու կը վերածուին։ Անգլիացիներուն համար՝ Տէօնքերքը (Dunkirk; Donkerque) կամ Պլիցը, միջազգային գետնի վրայ՝ Միւնիխը։ Եթէ ոեւէ մէկուն դէմ կ՚ուզես մինչեւ վերջ պայքարիլ ու զայն ջախջախել՝ Միւնիխը կը յիշես, որպէսզի յստակացնես, թէ կարելի չէ բանակցութիւններու մէջ մտնել ծայրայեղական հակառակորդի հետ։ Մեր իրականութեան մէջ ալ կան խորհրդանիշեր։ Վերջերս կը նայէի Ալեքսանդր Սարուխանի վաղ շրջանի երգիծանկարներուն։ Հոն 1920-ին Կարսի անկումը քանիցս կը յիշատակուի՝ Դաշնակցութիւնը երգիծանքի ենթարկելու համար։ Մինչեւ այսօր եղած են խորհրդանիշերու շուրջ տարբեր մեկնաբանութիւններ, բայց հիմա շատ աւելի բուռն է դրութիւնը, որովհետեւ վարչապետը ինքն իր ամբողջ էութեամբ մտած է հարցին մէջ։
Երկրորդ խնդիրը՝ ժամանակակից քաղաքական գիծի քննարկումն ժեւորումը պատմաբանին առաջնահերթ, մասնագիտական գործը չէ։ Պատմաբանը պէտք է գնահատէ եթէ արտայայտուած տեսակէտները կը համապատասխանեն պատմութեան տրամադրած նիւթերուն։ Կրնան տարբեր պատմաբաններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ ներկայացնել։ Այդ պարագային, պէտք է նայիլ անոնցմէ իւրաքանչիւրին լրջութեան եւ մա՛նաւանդ քաղաքականօրէն անկողմնակալ մօտեցումին եւ անոնց տեսակէտներուն արխիւային հիմնաւորումներուն։ Այդ աշխատանքը դեռ չեղաւ Հայաստանի մէջ, եւ չըլլալուն պատճառն ալ թերեւս անիկա է, որ հասարակական դաշտը Հայաստանի մէջ շատ բեւեռացուած է, այսինքն՝ կան չափազանց քիչ լրասփիւռներ, որոնք հետաքրքրուած են տրամադրելու հարթակ՝ առանց իմանալու թէ հիւրը վերջաւորութեան, իր մեկնաբանութեամբ, պիտի կո՞ղմ կամ դէմ ըլլայ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան։ Լրասփիւռները սովորաբար կը պահանջեն հետեւողականօրէն կողմ կամ դէմ ըլլալ, որովհետեւ Հայաստանի լրատու դաշտը՝ շատ քիչ բացառութիւններով, աւելի շատ քարոզչութեան միջոց է, քան իր առարկայականութեամբ ընթերցողը իրեն կապելու կամ ընթերցողին գործը դիւրացնելու նպատակ հետապնդող։ Աւանդաբար, համաշխարհային հռչակի տէր թերթեր կան, որոնք՝ կողմ ըլլալով հանդերձ, հեղինակութիւն կը վայելեն, որովհետեւ իրենք լրջօրէն կը ներկայացնեն ու կը մեկնաբանեն տեղեկատւութիւնը, ինչպէս՝ «Լը Մոնտ»-ը, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կամ «Սի. Էն. Էն.» կայանը։ Հայաստանի պարագային աւելի դժուար է. հայերս աւանդոյթն ալ չունինք:
«ՆՅ» Գլխաւոր այս թեման որ արծարծեցինք, պատմութիւնն է իբր ինքնութեան սահմանումի մեկնակէտ: Եթէ 20 տարի ետք այսօրուան հարցերուն նայինք, ի՞նչն է որ ամէնէն շատ ուշադրութիւն պիտի գրաւէ. բնականաբար՝ պատերազմի ժամանակ պարտութիւնը, տնտեսական գետնի վրայ այդ յեղաշրջումը որ տեղի ունեցաւ, վերջապէս՝ երկիրը շրջափակումի մէջ է, արտագաղթը կայ: Ասոնք առարկայական ձեւով նաեւ կը սահմանեն մեր այսօրուան քաղաքականութիւնը, ընդհանրապէս՝ հասարակութեան այսօրուան իրականութիւնը:
Ա. Ս. – Պարզ օրինակ մը տամ. մենք 19-րդ դարուն՝ աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն նման, ազդուեցանք գերմանական ծագում ունեցող «մշակութային ազգի» (kultanation) գաղափարէն, որ ֆրանսական յեղափոխութիւնը ձեւով մը պետական քաղաքականութեան վերածեց, իսկ Նափոլէոն՝ ձեւով մը, կամայ-ակամայ, իր պատերազմներով, ամբողջ Եւրոպայի մէջ տարածեց՝ Ֆրանսայի կո՛ղմ եւ դէ՛ մ։ Ատկէ ետք, ատիկա հասաւ Օսմանեան կայսրութիւն, Ասիա, Ափրիկէ, լատին ամերիկեան երկիրներ։ Մենք ալ, ի հարկէ՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի զարգացումներուն մասնակից ժողովուրդ, 19-րդ դարուն ազդուեցանք այդ հոսանքէն։ Անոր մէկ մասը մեր աշխարհիկացումն էր։ Մենք մեզի սկսանք նայիլ իբրեւ աշխարհիկ ժողովուրդ։ Սկսանք հաւատալ, որ մեր նախաքրիստոնէական-հեթանոսական շրջանը նո՛յնքան կարեւոր է եւ մերն է ինչքան քրիստոնէականը, եւ միայն 19- րդ դարու կէսերուն է, որ սկսան հայ հեթանոսութեան մասին ուսումնասիրութիւններ գրել կամ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ առանձին գլուխ զետեղել, ուր կը նկարագրուէին հայ հեթանոսական աստուածները։ Նախորդ հեղինակները՝ Հայր Միքայէլ վրդ. Չամչեան, եւ ապա՝ Հայր Յովսէփ վրդ. Գաթըրճեան այդպէս չէին վարուած։ Պապ թագաւորի նոր մեկնաբանութիւնը – աշխարհիկացման արդիւնք է, ինչպէս նաեւ՝ Վասակ Սիւնին արդարացնելու փորձը՝ իբրեւ այլընտրանք Վարդանի մարտիրոսութեամբ քրիստոնէութեան հաւատքին կառչած մնալուն… Այսպիսի վերընթերցումներ յաճախակի կրնան ըլլալ։ Այդ իմաստով, այսօրուան փոփոխութիւններն ու բանավէճերը նորութիւն չեն։
Հիմա, ինչպէ՞ս ապագայ պատմութիւնը պիտի նայի Փաշինեանին։ Եթէ պատմութիւնը «կանգնեցնենք» այս պահուս՝ երկու խնդիր կայ, իմ կարծիքովս: Մէկը՝ ինքը կրնա՞ր կանխել պատերազմը, տեղի ունենալէն առաջ, եթէ անկեղծ ըլլար ժողովուրդին հետ։ Իմ կարծիքովս՝ չէր կրնար, բայց կրնար ինքզինքը փրկել պատմութեան առջեւ, ինչպէս հիմա շատեր կը կարծեն թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 1998-ին ինքզինք փրկած եղաւ։ Երկրորդ խնդրին պատասխանը, սակայն, շատ երկարաժամկէտ է։ Ես մասնագէտ չեմ զինուորական հարցերու, բայց գիտեմ որ բաւական լուրջ վերափոխումներու խնդիր կայ։ Ես նաեւ մասնագէտ չեմ տնտեսական զարգացման հարցերու, բայց այս իշխանութիւնը դիմացաւ, որովհետեւ տնտեսութիւնը չքայքայուեցաւ։ Այսինքն՝ հազուադէպ է, որ երկիր մը պատերազմի մէջ պարտուի, սակայն անկէ ետք անոր արժոյթը միջազգային հարթակներու վրայ արժեւորուի, մէկ շունչի հաշուով համախառն ներքին արտադրանքը աճ արձանագրէ, եւ աւելին՝ ըստ Միջազգային արժութային հիմնադրամի կանխատեսումներուն, անիկա դառնայ աշխարհի հինգերորդ ամէնէն արագ զարգացող տնտեսութիւնը, որ յաջորդ հնգամեակին, ինչպէս կ՚ ակնկալուի, պիտի բարելաւուի եւս 34 տոկոսով։ Եթէ այլ ցնցումներ չըլլան եւ իսկապէս Հայաստանը շարունակէ զարգանալ, բնականաբար ատիկա դրական պիտի ազդէ Փաշինեանի ապագայ վարկանիշին վրայ։ Անկեղծ ըլլանք. մինչ 2008-էն ետք Ազերպայճանը հսկայական ոստում արձանագրեց եւ մեծապէս առաջ անցաւ Հայաստանէն ու Վրաստանէն, այս վերջինները կը շարունակեն զարգանալ դանդաղ, բայց կայուն քայլերով, ինչ որ Հայաստանի պարագային ակնյայտ է Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներէն ի վեր։ Փաշինեանի ժամանակ, սկզբնական, որակական որոշ ոստում մը եղաւ, երբ քաղաքական իրավիճակը փոխուեցաւ 2018-ին, եւ առայժմ կը շարունակուի ատիկա։ Ենթադրենք, թէ շարունակուեցաւ. միշտ հետագան անցեալը վերարժեւորելու մէջ դեր կը խաղայ։ Այդ դ իմաստով, դեռ Փաշինեանի վճիռը արձակուած չէ, ինչպէս է պարագան որեւէ գործող իշխանութեան ամէնուր։ Ապագայ պատմաբանը Փաշինեանը պիտի արժեւորէ այդ միւս երկու հարցերէն մեկնելով։ Թէ հնարաւո՞ր էր խուսափիլ 2020-2023 թուականներու այդ մեծ փորձանքէն որ մեր գլխուն եկաւ Արցախի կորուստով. ասոր պատասխանը միշտ որոշ չափով թէական պիտի մնայ, որովհետեւ ինչպէ՞ս պիտի փաստես հակառակը։ Բայց, երկրորդին պարագային, եթէ ընկերա-տնտեսական արժէքաւոր փոփոխութիւններ ըլլան եւ մարդոց կենսամակարդակը բարձրանայ գալիք 10-20 տարիներուն ընթացքին, ինչպէս որ կը կանխատեսուի միջազգային մասնագէտներու կողմէ, մարդիկ եւ յաջորդ սերունդի մասնագէտները պիտի գնահատեն կատարուածը։ Յամենայնդէպս, «Արցախը մեր վզին վրայ մեծ քար մըն էր» Փաշինեանի ձեւակերպումը շատ ծանր կը թուի ականջիս։
«ՆՅ» –Կ’ուզէի նաեւ անդրադառնալ Եկեղեցւոյ դերին, քանի որ մեր պատմութեան մէջ կրօնն ու ազգային անցեալը սերտօրէն միահիւսուած են: Այսօր հոգեւորականները կը բողոքեն, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը դուրս մղուած է դպրոցական ծրագրերէն ու դասագիրքերէն: Ի վերջոյ, անոնք հսկայական դեր ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ եւ ըստ էութեան՝ անցեալի մեր պատմիչներուն մեծագոյն մասը հոգեւորականներ եղած են:
Ա. Ս. — Մինչեւ 19-րդ դար՝ գերազանցապէս։ Կան մի քանի աշխարհականներ, բայց համաշխարհային ուղղութիւնն ալ այդպէս էր։ Ճիշդ է, որ Եւրոպան աւելի շուտ սկսաւ աշխարհիկացումը, բայց մինչեւ արդի ժամանակաշրջան ընդհանրապէս զարգացած խաւը հոգեւորականներ կ՚ըլլային՝ քուրմեր, քրիս- տոնեայ վարդապետներ ու քահանաներ, մայաներու հոգեւոր առաջնորդներ եւ այլն, որովհետեւ գլխաւորաբար հոգեւորական կեանքին մէջ էր գրագիտութիւնը։ 19-20-րդ դարերուն, աշխարհիկացման հետ յայտնուեցան աշխարհա- կան պատմաբաններ, աշխարհիկ հայագիտական կրթութիւն սկսաւ Ֆրանսայի եւ ռուսական համալսարաններու մէջ։ Նոյնիսկ Մուրատ-Ռափայէլեան դպրոցը հոգեւորականներու կողմէ կ’առաջնորդուէր բայց կ՚ընդունէր աշխարհական ուսանողներ։ Ֆրանսայի եւ ռուսական համալսարաններու մէջ, Խաչատուր Աբովեանը, Ստեփան Նազարեանցը, Ստեփան Ոսկանը արդէն այն սերունդն են, որոնց համալսարանական դասախօսները հոգեւորականներ չէին։
Մեր Եկեղեցին ներկայիս շատ պահպանողական է, եւ երեւի աւանդականօրէն պէտք է պահպանողական ըլլայ։ Անոր դերը ժամանակակից մտաւորական կեանքին մէջ, ըստ էութեան, շա՜ տ շա՜ տ սահմանափակ է։ Մատենադարանի գիտաժողովին ժամանակ 350-ամեակը նշեցինք Հայր Մխիթար վրդ. Սեբաստացիին, դարձեալ հպարտութեամբ նշեցինք այն մեծ դերը, որ Մխիթարեանները ունեցած են, բայց բերուած օրինակները մեծ մասամբ 19-րդ դարէն, առաւելագոյնը՝ 20-րդ դարու սկիզբէն էին։ Սա կը նշանակէ, որ հայ մտաւորական աշխատանքի կշիռը տեղափոխուած է դէպի աշխարհիկ ոլորտ։ Առաւել, մենք այսօր ունինք ժողովուրդ մը, որ բարձր չի գնահատեր հոգեւորականի ասպարէզը։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որու հոգեւորականները իր մէջէն կը ծնին։ Ուրիշ ազգեր հոգեւորականներ «կը ներածեն», եթէ կարելի է այդպէս ըսել։ Մենք չունինք այդ սովորութիւնը։ Եթէ այսօր ոչ-հայ մը եւ ըսէ թէ կ՚ուզէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամակցիլ, որովհետեւ անոր դաւանանքը իր սրտին շատ կը խօսի, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պատասխան կը ստանայ։
Այդ իմաստով, մեր հոգեւոր դպրոցները իրենց ուսման մակարդակը բարձրացնելու շատ մեծ խնդիր ունին։ Մենք բարձրագոյն հոգեւոր դպրոց չունինք։ Կը հպարտանանք որ քաղկեդոնականութիւնը ժխտեցինք, բայց մեր բոլոր հոգեւորականները ներկայիս քաղկեդոնական համալսարաններ կը յաճախեն, քանի որ ե՛ւ կաթոլիկ ե՛ւ յոյն-ուղղափառ եկեղեցիները քաղկեդոնական են։ Նոյնիսկ աւետարանականները քաղկեդոնականութեան հետ խնդիր չունին, որեւէ ձեւով չեն հակադրուիր Քաղկեդոնի չորրորդ տիեզերական ժողովի որոշումներուն կամ Լեւոն Պապի Տոմարին։ Ուրեմն, հոս եւս ունինք որոշակի հակասութիւն մը։
Ինծի համար կարեւորագոյնը մեր Եկեղեցւոյ բարեփոխման խնդիրն է, որ ուղղակի կապ չունի Պետութիւն-Եկեղեցի փոխյարաբերութիւններուն հետ։ Եկեղեցին պէ՛տք է ժամանակին հետ քայլ պահէ։ Տասնամեակներէ ի վեր կը խօսինք բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին, բայց դեռ չունեցանք լուրջ յառաջընթաց։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները ինչքան ալ նախաձեռնող ըլլան այս հարցով, պատմական աւանդոյթը կայ, որ իրենց աթոռը համեմատաբար երկրորդն է Էջմիածնի նկատմամբ։ Առաջին դէմքը Ամենայն հայոց կաթողիկոսն է։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները առանձին նախաձեռնութիւններ չեն կրնար առնել՝ առանց Էջմիածնի համաձայնութեան եւ աջակցութեան։ Ատոր վրայ վերջերս աւելցաւ Հայաստանի Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններու թնճուկը։ Առաւել, Հայաստանի շատ քաղաքացիներ կը հաւատան, որ իրենց երկիրը աշխարհիկ պետութիւն է եւ կ՚ուզեն սահմանափակել Եկեղեցւոյ իրաւունքները։ Ուրիշներ, սակայն, կը պնդեն շատ պահպանողական, աւանդական տեսակէտը։ Բնականաբար, այս երկու խմբաւորումները իրենց փոխյարաբերութիւնները կարգաւորելու կամ նոր օրէնքներու մշակման ժամանակ խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնին։ Բայց, ուշ կամ կանուխ մենք պէտք է ընենք այդ բարեփոխումները։ Պէտք է ընենք յատկապէս այնպիսի տեղերու համար, ինչպէս Ամերիկա, ուր այլատեսակ Եկեղեցիներ շատ կան, որոնք շատ աշխուժ են եւ շատ յաճախ ժամանակակից դառնալու լուրջ աշխատանքներ կը տանին։ Անոնց քով մեր Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները կարծես միջնադարէն մնացած գեղեցիկ ցուցանմուշներ ըլլան. ամենալուրջ հարցերը, որոնք կ՚ալեկոծեն քրիստոնեայ այլ Եկեղեցիներ, մեզի համար կարծես թէ գոյութիւն չունին, հակառակ անոր որ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին Ամերիկայի մէջ կամ այլուր՝ որպէս դրացիներ այլ քրիստոնեայ Եկեղեցիներ յաճախող մարդոց։
Հայաստանի մէջ եկեղեցական բարեփոխման վերաբերեալ ճնշումը մեծ չէ, որովհետեւ առհասարակ Հայաստանի մեր ժողովուրդը շատ կրօնամէտ չէ կամ, եթէ է, շատ ձեւական։ Բովանդակային քննարկումներ հաւատքի շուրջ, ընկերային-բարոյական հարցերը կրօնական ըմբռնումով լուծելու շուրջ չկան։ Իսլամական երկիրներու մէջ, քրիստոնեայ եկեղեցիները կրաւորական եղած են՝ ի պաշտօնէ, պարզապէս ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Իսլամ չդառնալը եղած է ո՛չ միայն Հայ եկեղեցւոյ, այլ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու գլխաւոր խնդիրը իսլամական աշխարհին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ ժառանգած այս տիպի խնդիրները անկախ են Հայաստանի պետութեան հետ յարաբերութիւններու թնճուկէն։ Անկախ թէ ի՛նչ է Հայաստանի պետութեան այսօրուան ղեկավարին դիրքորոշումը, Եկեղեցին պէտք է ինքը գիտակցի, որ մենք իսկապէս 21-րդ դարու Եկեղեցի ըլլալու խնդիր ունինք։ Կառավարութիւնը եւս պէ՛տք է հասկնայ, որ Եկեղեցին իր գրպանը չի կրնար ըլլալ։ Այստեղ պէտք է շատ յստակ որոշումներ կայացուին, թէ Եկեղեցիին կարգավիճակը ի՛նչ է Հայաստանի մէջ. ան չի կրնար սովորական կազմակերպութեան մը պէս ըլլալ, որովհետեւ մենք իրեն պատմականօրէն որոշակի մենաշնորհ տուած ենք։ Եթէ կուսակցութիւն մը չես սիրեր, կ՚երթաս նոր կուսակցութիւն մը կը բանաս, արգելք չկայ։ Ամերիկայի մէջ այսօր այսպէս է. եթէ չես սիրեր գոյութիւն ունեցող Եկեղեցիները, կրնաս նոր Եկեղեցի մը հիմնել՝ հաւատարիմ մնալով կառավարական մի քանի պայմաններու։ Բայց երբ Հայաստանի մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պէս առաւելութիւններ ունիս, ատոնց հետ կու գան նաեւ որոշակի պարտաւորութիւններ, որոնք առաջին հերթին Եկեղեցին ինքը պէտք է սահմանէ:
Ես որպէսզի լաւ ուսուցիչ ըլլամ, պէտք է նոյն չափանիշով արժեւորեմ բոլոր աշակերտներս եւ տեսակէտս չպարտադրեմ անոնց։ Եկեղեցին նոյնպէս պէտք է այս հարցերուն լուծումներ գտնէ։ Դիւրին գործ չէ։ Մենք աշխարհով մէկ սփռուած կառոյց մըն ենք, ամենահինը եւ ամենաշարունակականը հայ իրականութեան մէջ է։ Միակ հայկական կառոյցն է Եկեղեցին, որ գրեթէ ամէն տեղ է ուր հայ կայ։ Եկեղեցին աւելի երկարակեաց է սփիւռքեան պայմաններուն մէջ՝ քան քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւնները։ Ուրեմն Եկեղեցին պէտք է շատ աւելի յարմարող, պատշաճեցնող ըլլայ ինքզինքը, որուն համար շատ լուրջ քննարկումներ պէտք է ըլլան։ Պէտք է լրջօրէն մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի արժէքաւոր հայեր ընդգրկել եկեղեցական ծառայութեան մէջ։ Ես անոնցմէ եմ, որ եթէ խնդիրը կուսակրօնութիւնը վերացնելն է, կողմ եմ որ լրջօրէն քննարկենք։ Կրնայ ուրիշ լուծում մըն ալ ըլլալ. քահանաներուն դերը լայնացնել Եկեղեցւոյ մէջ, եւ քահանայ ըլլալը արգելք չըլլայ վարչական բարձր պաշտօններ ստանալու։ Եթէ պէտք ըլլայ՝ կարելի է նաեւ հոգեւորականներուն պաշտօնական զգեստները փոփոխութեան ենթարկել։ Այս ամբողջը անհրաժեշտ են, որովհետեւ մեզի կենսունակ Եկեղեցի պէտք է՝ անկախ Հայաստանի օրուան իշխանութեան ղեկավարներու կեցուածքէն։ Այս հարցերը առանձին քննարկման կը կարօտին, ե՛ւ Եկեղեցւոյ հայաստանեան կառոյցին ե՛ւ, ուր որ պէտք է, Հայաստանի պետական հաստատութիւններուն մէջ։ Այսօր Ս. Էջմիածինը ունի ներկայութիւն բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ եւ անոնք եւս հաւասարապէս նոյն եկեղեցւոյ զաւակներն են, ինչպէս հայաստանաբնակ առաքելականները։ Ս. Էջմիածնի վեհափառը բոլորին վեհափառն է, անկախ անկէ թէ Եկեղեցւոյ անդամը ո՛ւր կ՚ապրի։ Խնդիրները՝ ըստ երկիրներու, տարբեր են. անոր համար ալ, լուծումները՝ թէեւ մէկ, միասնական, ընդհանուր հովանոցի տակ, իւրաքանչիւրի պարագան ալ առանձին պէտք է նկատի առնեն։ Երբ Հայաստանի կառավարութեան համախոհներէն ոմանք անուղղակի կ՚ակնարկեն երբեմն, թէ Եկեղեցին պէտք է հայկական պետականութեան կցորդը ըլլայ, պէտք է քիչ մը զգուշ ըլլանք այս հարցով եւ չմոռնանք Եկեղեցւոյ նաե՛ւ աստուածային դերը։ Եթէ քրիստոնեայ ենք, պիտի հաւատանք որ կան դրախտ ու դժոխք, պիտի հաւատանք որ կայ Վերջին դատաստան եւ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ պէտք է պատրաստուինք այդ Վերջին դատաստանին։ Եկեղեցւոյ դերը, առաջին հերթին, մեզի այդ օրուան պատրաստելն է։ Ես չեմ կարծեր թէ վերջաւորութեան՝ Վերջին դատաստանին, երբ Աստուծոյ դէմ կանգնինք, Ան մեզի պիտի հարցնէ Հայաստանի մասին, Արցախի մասին։ Ան պիտի հարցնէ թէ աղքատին, ծերին օգնեցի՞նք։ Մենք լայն քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը ունինք, բայց չունինք այն հոգեւորականները, որոնք կը գիտակցին եւ կը նախաձեռնեն այսպիսի գործընթացի մը։ Ազգային եկեղեցական ժողովը երեք օրուան ընթացքին այսպիսի հարցեր չի կրնար լուծել. առաւելագոյնը, կրնայ մեկնարկը տալ հարցերու քննարկման եւ տարիներ ետք վերադառնայ եւ հաստատէ ստեղծուած տարբեր յանձնա- խումբերու առաջարկած լուծումները։ Եկեղեցին ի՛նքը պէտք է ունենայ իր փիլիսոփայութիւնը, իր աստուածաբանութիւնը՝ ինչպէ՞ս վերաբերիլ պետու- թիւններուն հետ առհասարակ եւ Հայաստանի ազգային պետութեան հետ մասնաւորաբար, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին Հայաստանի մէջ կը գտնուի։
Շատ բարդ իրավիճակ մըն է։ Անցեալ տարուան քաղաքական բանավէճը վրաս շատ ճնշիչ ազդեցութիւն թողուց, երբ բովանդակութեան որակը տեսայ ե՛ւ եկեղեցական աւագանիին վրայ յարձակողներու խօսոյթներուն, ե՛ւ նոյնքան ալ՝ անոնց պաշտպաններուն։ Պաշտպանները միայն քաղաքական խօսոյթով կը սահմանափակուէին, կարծես անկէ անդին ուրիշ հարց չկար մեր Եկեղեցւոյ մէջ։ Քաղաքականը կարեւոր խնդիր է, բայց միակը չէ. շատ այլ կարեւոր խնդիրներ ալ կան։
Կը յիշեմ տարիներ առաջ, հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւուրեանը հրաւիրած էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ համալսարանականներու միութիւն՝ Անթիլիասի մէջ։ Նիւթը արհեստական վիժումն էր։ Սրբազանը ներկայացուց միջնադարէն մեզի աւանդուած օրէնքները, որոնք, ի հարկէ դէմ են կեանքի ընդհատման։ Վերջաւորութեան, ան բացատրեց, թէ ո՛ր պահէն յետոյ, երբ արդէն բեղմնաւորուած սաղմը կեանք է, մենք իրաւունք չունինք այդ կեանքին վերջ տալու։ Երիտասարդ բժիշկները ըսին սակայն, որ իրենք ներկայիս վիժման համար որոշ դեղեր կ’առաջարկեն, որ սրբազանին ըսածին համապատասխան չէ։ Սրբազանը շատ անկեղծ ընդունեց, որ մեր Եկեղեցին ինչքա՜ն հեռու մնացած է գիտական նորութիւններէն։ Մենք քանի՞ բժիշկ ունինք մեր Եկեղեցւոյ անդամ։ Հազարաւոր հայ առաքելական բժիշկներ կան: Մեր եկեղեցին չի՞ կրնար անոնցմէ բացատրութիւն խնդրել եւ ապա անոնց հիման վրայ պատասխան մը խմբագրել։ Ապա թէ ոչ պէտք է ժողովուրդին խղճին ձգենք։ Իսկ եթէ չձգենք, պէտք է պատճա՛ռ ըլլայ մեր այդ կեցուածքին համար, պէտք է ուսումնասիրուի միւս Եկեղեցիներուն այս հարցին շուրջ դիրքորոշումները։ Պէտք է կարողանանք պատասխան մը ունենալ, որ որեւէ միջեկեղեցական ժողովի ժամանակ կարենանք մեր ուրոյն տեսակէտը պաշտպանել։ Ուրախ եմ որ կը քննենք աշխարհիկ իշխանաւորներու վարքուբարքն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Նոյնը պէտք է նաեւ մեր Եկեղեցւոյ համար, որպէս մեր ամենաշարունակական կառոյցը։
Տեսանիւթին կապն է՝ https://youtu.be/CMIvkCQOSaw
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
«Նոր Յառաջ»-ի հարցազրոյցը պատմաբան Արա Սանճեանի հետ. Պատմութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ հայ Եկեղեցին (Ա. մաս)
Պատմութիւնը անցեալի ուսումնասիրութիւն չէ միայն։ Յատկապէս ազգային ճգնաժամերու եւ քաղաքական մեծ շրջադարձերու ժամանակ, ան կը դառնայ նաեւ ներկան բացատրելու, ինքնութիւնը վերասահմանելու եւ ապագայի քաղաքական ուղղութիւնները հիմնաւորելու միջոց մը։ Այս իմաստով ուշագրաւ շարք մը հարցեր կը բարձրացնէ պատմաբան Արա Սանճեան «Նոր Յառաջ»-ի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի հետ ունեցած ծաւալուն հարցազրոյցի մը մէջ։
Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սանճեան հարցազրոյցին մէջ կ՚անդրադառնայ հայագիտութեան եւ պատմագիտութեան ներկայ վիճակին, 2020-ի պատերազմէն ետք պատմութեան շուրջ ստեղծուած քաղաքական բանավէճին, Նիկոլ Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» հասկացողութեան, ազգային պահանջատիրութեան պատմական փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերին եւ բարեփոխման անհրաժեշտութեան։
Սանճեանի առաջին մտահոգութիւններէն մէկը Հայաստանի պատմագիտութեան մակարդակն է։ Ան կը նկատէ, որ հայագիտութիւնը աշխարհագրականօրէն տարտղնուած եւ բազմաճիւղ ոլորտ մըն է, ուր տարբեր գիտակարգեր նոյն մակարդակին վրայ չեն գտնուիր։ Հայաստանի պարագային, իր գնահատումով, տակաւին զգալի աշխատանք անհրաժեշտ է միջազգային գիտական մակարդակին մօտենալու համար։ Յատկապէս պատմագիտութիւնը, ըստ իրեն, ետ կը մնայ մշակութային մարդաբանութենէն եւ ընկերաբանութենէն։ Ան նաեւ կը շեշտէ, որ բարելաւումը չի կրնար միայն պետական պարտադրանքով իրականանալ. անհրաժեշտ է գիտական միջավայր մը, ուր մասնագէտներն իրենք եւս շարունակաբար իրենց մակարդակը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը զգան։
Հարցազրոյցին առանցքային բաժինը, սակայն, պատմութեան եւ քաղաքականութեան այսօրուան յարաբերութիւնն է։ Սանճեան կը նկատէ, որ վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի մէջ չէ եղած քաղաքական գործիչ մը, որ ներկայ վարչապետին չափ յաճախ պատմութեան յղումներ կատարէ եւ հակադրուի վերջին տասնամեակներուն տարածում գտած պատմագիտական որոշ տեսակէտներու։ Այս երեւոյթը պատմաբանին առջեւ կը դնէ մասնագիտական պարտականութիւն մը՝ քաղաքական յայտարարութիւնները գնահատելու առկայ սկզբնաղբիւրներու եւ ժամանակակից պատմագիտական մեթոդաբանութեան հիման վրայ, այլ ոչ քաղաքական համակրանքով կամ հակակրանքով։
Սանճեանի համար պատմութիւնը երբեք վերջնականօրէն «փակուած» գիտութիւն չէ։ Նոր աղբիւրներ կրնան յայտնուիլ, բայց կը փոխուի նաեւ հասարակութեան հայեացքը անցեալին նկատմամբ։ Հասարակական նոր խումբեր եւ նոր հարցադրումներ պատմութեան մէջ կը տեսնեն բաներ, որոնք նախորդ սերունդները թերեւս չէին տեսներ։ Հետեւաբար պատմութեան վերարժեւորումը ինքնին արտասովոր երեւոյթ չէ։ Խնդիրը կը սկսի այն ժամանակ, երբ պատմութիւնը կը ծառայեցուի այս կամ այն քաղաքական ուղեգիծը հիմնաւորելու նպատակին։
Այսօրուան բանավէճին խորքային պատճառը Սանճեան առաջին հերթին կը տեսնէ 2020-ի ռազմական պարտութեան մէջ։ Ըստ իրեն՝ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան խօսոյթին փոփոխութիւնը 2018-էն մինչեւ այսօր աստիճանական եղած է, իսկ պատերազմը եւ Արցախի հետագայ կորուստը արագացուցած են նախկին ազգային-քաղաքական պատկերացումներու վերանայումը։ Ան կը յիշեցնէ նաեւ, որ հայկական քաղաքական մտածողութիւնը անցեալին եւս փոխուած է արտաքին պայմաններու եւ ուժերու յարաբերակցութեան փոփոխութեան հետեւանքով։
Ուշագրաւ է նաեւ Սանճեանի մերժումը՝ Փաշինեանի պատմագիտական ամբողջ խօսոյթին մէկ ընդհանուր գնահատական տալու։ Ան կը նշէ, որ վարչապետին տեսակէտներուն մէջ կան կէտեր, որոնց համաձայն է, ուրիշներ՝ որոնք նորութիւն չեն, եւ տակաւին ուրիշներ, որոնց հետ համաձայն չէ։ Հետեւաբար, ըստ իրեն, այդ ամբողջ խօսոյթը պէտք է բաժնել առանձին հարցերու եւ իւրաքանչիւրը գնահատել իր փաստական ու պատմագիտական հիմքերով։ Միաժամանակ ան կը շեշտէ, որ այս ամբողջ բանավէճը այսօրուան ձեւով հաւանաբար գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ Հայաստանը պատերազմը կորսնցուցած չըլլար։
Այստեղ Սանճեան կը մատնանշէ նաեւ ուրիշ խնդիր մը՝ Հայաստանի հասարակական եւ լրատուական դաշտի խոր բեւեռացումը։ Իր կարծիքով՝ պատմաբանները տակաւին բաւարար մասնագիտական մասնակցութիւն չեն բերեր հանրային բանավէճին, մինչ լրասփիւռները յաճախ իրենց հիւրէն կը սպասեն նախապէս որոշելի «կողմ» կամ «դէմ» դիրքորոշում։ Այդ պայմաններուն մէջ պատմագիտական լուրջ քննարկումը դժուար կը դառնայ, որովհետեւ պատմաբանի աշխատանքը արագ քաղաքական արձագանգ տալ չէ, այլ աղբիւրները քննել, համեմատել եւ միայն ապա եզրակացութեան հասնիլ։
Հարցազրոյցին վերջին մեծ թեման Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին է։ Այստեղ Սանճեանի դիրքորոշումը նոյնքան քննադատական է թէ՛ Եկեղեցւոյ, թէ՛ պետութեան նկատմամբ։ Ան կը պնդէ, որ Եկեղեցին պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահէ եւ տասնամեակներէ ի վեր քննարկուող բարեփոխումները վերջապէս լուրջ գործընթացի վերածէ։ Ըստ իրեն՝ հայ մտաւորական կեանքին կեդրոնը վաղուց տեղափոխուած է դէպի աշխարհիկ ոլորտ, մինչ Եկեղեցին ժամանակակից ընկերային, գիտական եւ բարոյական բազմաթիւ հարցերու շուրջ բաւարար գործուն ներկայութիւն չունի։
Միաժամանակ, սակայն, ան կը մերժէ Եկեղեցին պետական իշխանութեան կցորդի վերածելու գաղափարը։ Եկեղեցին, իր դիտարկումով, հայութեան ամենահին եւ ամենաշարունակական կառոյցն է եւ կը գործէ ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ Սփիւռքի մէջ։ Հետեւաբար անոր ապագան չի կրնար սահմանուիլ միայն Հայաստանի օրուան իշխանութեան հետ ունեցած յարաբերութեամբ։ Սանճեան կը խօսի հոգեւոր կրթութեան մակարդակի բարձրացման, եկեղեցական ծառայութեան մէջ կարող անձեր ներգրաւելու, նոյնիսկ կուսակրօնութեան եւ հոգեւորականներու վարչական դերերուն վերաբերող հարցերը բաց քննարկելու անհրաժեշտութեան մասին։
Այս ծաւալուն հարցազրոյցէն թերեւս ամենէն կարեւոր եզրակացութիւնը այն է, որ Սանճեան չ’առաջարկեր անցեալը մերժել՝ նորը ընդունելու համար, ոչ ալ անցեալը անփոփոխ պահել՝ ներկայի դժուար հարցերէն խուսափելու համար։ Ան կը պահանջէ աւելի դժուար բան մը՝ քննել, վերարժեւորել եւ բանավիճիլ՝ առանց պատմութիւնը քաղաքական կարգախօսի վերածելու։
Նոյն պահանջը կարելի է տեսնել նաեւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր մօտեցումին մէջ. պատմական հաստատութեան մը արժէքը միայն անոր հնութեան մէջ չէ, այլ նաեւ նոր ժամանակներու հարցերուն պատասխանելու կարողութեան։
Այդ իմաստով հարցազրոյցը միայն պատմութեան մասին չէ։ Ան նաեւ հարցադրում մըն է այն մասին, թէ հայութիւնը որքանո՞վ պատրաստ է իր ամենէն նուիրական համարած գաղափարներն ու հաստատութիւնները քննութեան ենթարկելու՝ ոչ թէ զանոնք քանդելու, այլ զանոնք կենսունակ պահելու համար։
Վ.Թ.
Արա Սանճեան՝ Երեւան գտնուելով կը մասնակցէր Մատենադարանին մէջ Հայագիտական միջազգային 3-րդ գիտաժողովին:
«Նոր Յառաջ». Հայագիտութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ ձեր մասնագիտութեան մէջ: Ի՞նչ է այսօր հայագիտութեան վիճակը:
Արա Սանճեան – Հայագիտութիւնը շատ լայն հասկացութիւն է, հոն տարատեսակ գիտակարգեր (տիսիփլիններ) կան, բոլորին վիճակը նոյնը չէ եթէ պիտի համեմատենք համաշխարհային միջինին հետ, առաւել եւս բաւական տարտղնուած է աշխարհագրականօրէն։ Հայագիտութեամբ կը զբաղին տարբեր մասնագէտներ տարբեր երկիրներու մէջ։ Իւրաքանչիւր երկրի ներքին պայմանները, միջավայրը, գիտական-համալսարանական մթնոլորտը կ’ազդէ որ շեշտակի տարբերութիւններ ըլլան, երբեմն՝ մօտեցումներու կամ հետաքրքրութիւններու պարագային։ Այս իմաստով կը խուսափիմ մէկ միասնական կարծիք տալէ։ Հայաստանի պարագային, իմ կարծիքս է, որ պէտք չէ խորշիլ եւ ըսել որ շատ ընելիք ունինք, որպէսզի կարենանք մօտենալ միջազգային լաւ մակարդակի։ Կան որոշ փորձեր։ Կայ նաեւ պարտադրանք կառավարութենէն։ Միջազգային գրախօսուող հանդէսներու մէջ տպագրուիլը գրեթէ պարտադիր դարձած է տարբեր գիտնականներու համար, բայց ատիկա միայն մէկ ազդակն է պետութեան ներգրաւման։ Բարելաւումը եթէ միա՛յն վերէն՝ հրահանգով ու պարտադրանքով ըլլայ, արդիւնաւէտ չ՚ըլլար. պէտք է նաեւ ստեղծել այդ մթնոլորտը, ուր գիտնականները իրենք եւս գիտակցին որ ամէն մէկը ինքզինք բարելաւելու պարտականութեան տակ է։ Մենք այսօր կ՚ապրինք շատ մրցունակ աշխարհի մը մէջ, ուր դաժան է մրցակցութեան պայքարը, եւ ան որ չի կրնար ժամանակին հետ քայլ պահել, կը վնասէ։ Այդ իմաստով կ՚ուզեմ որ աւելի մեծ ջանք թափուի ե՛ւ կառավարութեան օժանդակութեամբ, ե՛ւ նաեւ մասնագիտական նախաձեռնութիւններով՝ բարելաւելու այն վիճակը, որ Հայաստանի մէջ կայ։ Կան ի հարկէ բազմաթիւ անհատներ, որոնք կը գիտակցին եւ իրենց կարելին կ՚ընեն։ Կ՚ուզէի որ այդ շրջանակը աւելի լայննայ:
«ՆՅ» – Եթէ աւելի ընդարձակ պատմագիտութեան դաշտը առնենք, վերջապէս հետազօտողներ՝ գիտական հանդէսներու մէջ հրատարակութեան համար պէտք է որոշ համալսարանական, գիտական պատրաստութիւն ունենան: Այսօր Հայաստանի մէջ այդ մարզը, այնպէս ինչպէս որ կը դասաւանդուի, արդեօք ընդունա՞ծ է նորարարութիւնը, փոփոխութիւնը կամ աւելի լայն կարկինով իրականութիւնները չափելու, տեսնելու, թերեւս վերատեսութեան ենթարկելու սովետական շրջանէն մնացած որոշ պատկերացումներ:
Ա. Ս. — Պատմութիւնը՝ այնպէս ինչպէս որ ընդունուած էր սահմանել սովետական ժամանակին, համեմատաբար աւելի թոյլ վիճակի մէջ է հիմա, քան մօտիկ գիտակարգեր, ինչպիսիք են մշակութային մարդաբանութիւնն (Anthropologie culturelle) ու ընկերաբանութիւնը (Sociologie), ուր վիճակը աւելի է պատմութենէն։ Պատմութեան մէջ աշխատանք շատ աւելի պէտք է ըլլայ։ Նախ, ընդունինք որ Հայաստանի մէջ պատմութեան ուսումնասիրութիւնը գերազանցապէս հայոց պատմութեան մասին է. արեւելագէտներու շատ փոքր շրջանակ մը կայ։ Չկան Եւրոպայի պատմութեան մասին հայաստանցի յայտնի մասնագէտներ, որոնք նոր ուսումնասիրութիւններ ընծայեն։ Ալ չեմ խօսիր Ափրիկէի կամ Արեւելեան Ասիոյ մասին գրող մասնագէտներու մասին, որ գրեթէ չունինք։ Պատմագիտութեան մէջ բաւարար աշխատանք չի տարուիր միջազգային միջին մակարդակին շուրջ ապահով տեղ գրաւելու համար։ Հայաստանի պատմաբանները շատ աւելի ընելիք ունին, քան մշակութային մարդաբաններն ու ընկերաբանները, որոնք վերջին տարիներուն բաւական աշխատանք տարած են արդէն։ Այդ երկու գիտակարգերուն մէջ կարծես աւելի կայ այն գիտակցութիւնը, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրին մակարդակը պէտք է բարելաւուի։ Յոյսով եմ, որ ատիկա նաեւ աւելի ու աւելի կը տարածուի պատմաբաններու շրջանակին մէջ։
«ՆՅ» – Ներկայիս ակնյայտ է, որ պատմութիւնը առանցքային դեր ունի մեր ինքնութեան սահմանման մէջ: Սակայն այդ ինքնութեան եւ Եկեղեցւոյ դերին ընկալումը կը տարբերի հոգեւորականներու եւ պետական գործիչներու մօտ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի ապագայ ի տեսլականին եւ յատկապէս դրացիներուն՝ թուրքերուն եւ ազերպայճանցիներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Այս պատկերացումներուն մէջ բնականաբար հինէն եկած սպասումները մեծ են եւ այսօր յեղաշրջումի բախումնալի անկիւնադարձ մը հաստատուած է 2020-ի պատերազմով: Որքանո՞վ այսօր ընկերային, տնտեսական, պետական, քաղաքական պահանջը կը պայմանաւորէ նաեւ պատմութեան գիտութեան փոփոխութիւնները:
Ա. Ս. — Պատմութեան ողբերգութիւնը այն է որ իբրեւ գիտութիւն պէտք է նման ըլլայ այլ գիտութիւններու չափանիշերուն։ Բայց սոտիումը կամ նատրիումը, թթուածինը զգացում չունին։ Առաւել եւս, մենք մեր ուզածը կրնանք ընել իրենց հետ մեր գիտական փորձարկումներուն ժամանակ. այնտեղ բարոյական հարցեր չկան։ Երկրորդ, վերջին մի քանի տարիներուն աւելի շեշտուած յղումներ կ՚ըլլան պատմութեան՝ մեր ինքնութիւնը մեկնաբանելու համար, յատկապէս՝ քաղաքական գործիչներէ, բայց նաեւ պարզ անհատներէ, որոնք հասարակական- քաղաքական անցուդարձով կը հետաքրքրուին, թերեւս նոյնիսկ իրենց ազատ ժամանակին մէկ մասը կը տրամադրեն պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ կարդալու։ Դժբախտաբար, հայկական իրականութեան մէջ չունինք հանրամատչելի պատմագիտական հանդէս մը, որ շատ լաւ կ՚ըլլար պատմութիւն սիրողները հասու դարձնելու գիտական նորութիւններուն։ Պատմութեան արժեւորման մէջ տարակարծութիւններ մի՛շտ կ՚ըլլան երբոր քաղաքական պայքար կայ, 2020-ի պատերազմը ցնցում մըն էր բոլորիս համար. նոյնիսկ մինչ այդ լաւատես չեղողներն անգամ ցնցուեցան եղած երեւոյթներէն։ Յաջորդեց 2023-ին Արցախի կորուստը, որ ներկայ հանգրուանին կարծես անդառնալի կ՚երեւի, եթէ յանկարծ համաշխարհային, մեր կամքէն անկախ, մեծ ցնցումներ տեղի չունենան։ Բնականաբար ներկայ բանավէճերը, պրկուած վիճակը որ կան Հայաստանի ու հայութեան հասարակական-քաղաքական դաշտին մէջ պիտի նաեւ պատմութեան վրայ ազդեն, որովհետեւ քաղաքական տարբեր կողմերը յաճախ յղումներ կ՚ընեն պատմութեան։ Առաւել, այդ պայքարին մէջ մեծ թափով ընդգրկուած է երկրին գործադիր իշխանութիւնը։
Մենք չենք ունեցած վերջին տասնամեակներուն ոեւէ քաղաքական գործիչ, որ ներկայ վարչապետին չափ պատմութեան յղումներ ընէ եւ վերջին տասնամեակներուն տարածում գտած պատմագիտական տեսակէտներուն հակադրուի: Հոս ի՞նչ պէտք է ըլլայ պատմաբանին գործը. փորձել եղած նիւթին եւ ժամանակակից գիտական մեթոդատանութեան հիմքին վրայ արժեւորել արտայայտուած տարբեր կարծիքները եւ եզրակացնել թէ անոնցմէ որքա՛նը այսօրուան պատմական տուեալներով հիմնաւոր է։ Ինչո՞ւ վերջնական բան չկայ պատմագիտութեան մէջ. որովհետեւ, առաջին, կրնան միշտ նոր նիւթեր յայտնաբերուիլ։ Երկրորդ, մեր հայեացքը, մեր մօտեցումը հանդէպ պատմութեան՝ իբրեւ մարդկութիւն, ժամանակի ընթացքին կը փոխուի։ Հասարակական նոր խումբեր կը մտնեն պատմագիտական բանավէճին մէջ, ինչպէս՝ օրինակ, պատմութիւն գրելու մէջ վերջին տասնամեակներուն կանանց սեռին մեծ մասնակցութիւնը։ Բնականաբար, անոնք իրենց ուրոյն փորձառութիւնը բերին ու պիտի բերեն։ Օր մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս արեւմուտքի մէջ արդէն է՛, հայազգի սեռական փոքրամասնութիւնները եւս ունենան իրենց պատմաբանները եւ իրենց իւրայատուկ ձեւով նային պատմութեան, բան մը, որ տակաւին հայ իրականութեան մէջ, եւ արեւելեան հասարակութեան մէջ առհասարակ, շա՜ տ շա՜տ լուսանցքային է։
Փոփոխութիւններ միշտ կան պատմագիտութեան մէջ։ Քաղաքական փոփոխութիւններն աւելի փոքր են քան մեծ, աշխարհայեցողական փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան երկար ժամանակի վրայ։ Բայց քանի որ դեռ հայերս յետպատերազմեան մթնոլորտին մէջ ենք, բնականաբար հիմա քաղաքականին շատ աւելի մեծ դեր կը տրուի, եւ ըստ էութեան, պատմութիւնն այսօր կ՚օգտագործուի, ինչպէս միշտ, ա՛յս կամ ա՛յն քաղաքական ուղեգիծը հիմնաւորելու համար։ Այսինքն, պատմութիւնը կը մեկնաբանուի այնպիսի ձեւով, որ ըլլայ դաշնակիցը առաջարկուող քաղաքական ուղղութեան մը։ Օրինակի համար, սովետական տարիներուն, Իսրայէլ Օրիի պանծացումը իբրեւ հայ-ռուսական բարեկամութեան հիմնադիր, կը հիմնաւորուէր Աշոտ Յովհաննիսեանի մեծ գործով։ Բայց, Սփիւռքի մէջ եղած են պատմաբաններ՝ իրենց աշխարհայեացքով աւելի մօտիկ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ այդ տարիներուն հարցականի տակ առած են Օրին մեծարելու դիրքորոշումը, ինչպէս՝ Յարութիւն Քիւրտեանը, որ ամբողջ գործ մը գրեց 1950-60-ականներուն՝ հարցականի տակ առնելով Իսրայէլ Օրիի հեղինակած սկզբնաղբիւրներուն արժանահաւատութիւնը։ Կամ երբ Խորհրդային իշխանութիւնը կը պանծացնէր Պաւլիկեան եւ Թոնդրակեան շարժումները, արեւմուտքի մէջ որոշ գրախօսներ քննադատաբար կը մօտենային խորհրդային այդ գործերուն։ Գրախօս մը, կը յիշեմ հայաստանցի հեղինակի մը մասին ընդգծած էր, որ մեր կօշիկը կը փորձէ Էնգէլսի ոտքին յարմարցնել:
Այսինքն, պատմագիտական այդ բանավէճերը յաճախ եղած են, բայց հիմա աւելի ակնառու են, որովհետեւ անմիջական մասնակցութիւնը կը վայելեն երկրի քաղաքական գործադիր իշխանութեան: Այլ իմաստով, բաւական առանձնայատուկ ժամանակաշրջան է եւ ըստ էութեան վարչապետը՝ ինքը նախաձեռնողն է կամ գոնէ այդպէս կ՚երեւի: Խորհրդային Միութեան ժամանակ, Համայնավար կուսակցութեան իրերայաջորդ ղեկավարները Հայաստանի մէջ պէտք է պատմագիտական որոշակի յղումներ ընէին արհեստավարժ պատմաբաններուն, բայց կարեւորագոյն հարցերը աւելի շատ Մոսկուա կ՚որոշուէին եւ Մոսկուայէն կը տարածուէին։ Հայ համայնավարները չէին առաջին նախաձեռնողը՝ այդ հարցը ժողովուրդին ներկայացնելու, բայց բնականաբար իրենց միջամտութիւնը կարեւոր կ’ըլլար եթէ Գիտութիւններու ակադեմիային կամ Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին մէջ քննութիւններ ըլլային: Հիմա տարբեր դարաշրջան ենք՝ ուղղակի եթերներով հարցազրոյցներու դարաշրջան, ուր ղեկավարները նախապատրաստուելու աւելի քիչ առիթ ունին, մանաւանդ՝ եթէ իրենք կը կարծեն, որ շահաւէտ է իրենց համար հարցազրոյցներ տալը: Օրինակ, ներկայ վարչապետը, ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, շատ աւելի հաճոյքով կ՚երթայ այդ հարցազրոյցներուն, աւելի շատ ժամանակ կը տրամադրէ լրագրողներուն: Խորհրդարանական նոր համակարգը զինք ուղղակի հարցապնդելու առիթ կու տայ. նախագահական համակարգին մէջ ատիկա չկար: Այս ամբողջը ի հարկէ հարցի կարեւոր դառնալուն կը նպաստէ, եւ քանի որ երկրին մէջ պրկուած է վիճակը, տեսակէտները ծայրայեղացուած են: Բնականաբար, պատմութեան շուրջ եղած քննարկումներուն հասարակական մասը պիտի արտացոլէ այդ ծայրայեղականութիւնն ու պրկուածութիւնը:
Գիտնականները պէտք եղած մասնագիտական ձեւով ձեւով չեն մասնակցիր այս բանավէճերուն: Կան գիտնականներ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կամ լրագրողներուն պատասխանելով կ’արտայայտեն իրենց տեսակէտերը: Բայց քաղաքագիտական բանավէճին զուգահեռ պատմագիտական քննարկումներ, հրապարակային սեմինարներ, հանդէսներու մէջ բանավէճեր չկան: Տակաւին այդ հանգրուանին չենք: Կրնայ ըլլալ, որ եթէ այս հարցը շատ րունակուի, հոն եւս հասնինք: Պիտի նաեւ ընդունինք որ պատմաբանը շատ աւելի ժամանակ կ՚ուզէ, որ կարծիք յայտնէ, քան լրագրող մը, որ հարցում կը հարցնէ եւ քաղաքական գործիչէն պատասխան կը ստանայ: Լաւ պատմաբանը չունի այդ շռայլութիւնը՝ արագօրէն բան մը ըսելու, որովհետեւ ի վերջոյ իր գնահատելու չափանիշերը տարբեր են:
«ՆՅ» – Այս պատմական բեկումը նաեւ հիմնականին մէջ կը պայմանաւորուի երկրի տնտեսական, քաղաքական, դրացիներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու, ռազմադաշտի վրայ շրջադարձ եղած պայմաններու մէջ։
Ա. Ս. — Ռազմական պարտութիւնը ես ամէնէն բարձր տեղը կը դնեմ: Սփիւռքի մէջ 60-ական թուականներուն վերադասաւորում մը եղաւ: Պաղ պատերազմի թէժ շրջանը աւարտեցաւ եւ այդ շրջանի հիմնական առանցքը Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան օրինական ըլլալու կամ չըլլալու խնդիրն էր, հետը աշխատիլ փորձելու կամ անոր ընդդիմանալու խնդիրը: Տարբեր պատճառներով, 60-ականներուն, օրակարգը փոխուեցաւ: Նոր առաջնահերթութիւն դարձան՝ յիշել Եղեռնը, պահանջել անոր դատապարտ տումը, պահանջել անպայման որ այդ եղելութիւնը «ցեղասպանութիւն» որա- կուի, այն յոյսով, որ ասոնց ետեւէն պիտի գայ հատուցում: Որոշներ նաեւ յոյս ունէին Թուրքիոյ կողմէ տարածքային զիջումներու հայ ժողովուրդին՝ կա՛մ Խորհրդային Հայաստանին կա՛մ այլ ձեւով:
Երբ Հայաստանը անկախացաւ, պէտք է ընդունինք որ կար որոշ ժամանակահատուած մը՝ Հայոց Համազգային Շարժման ստեղծման ժամանակ՝ Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն, երբ օրուան ղեկավարութիւնը որոշ անհանգստութիւն ունէր թէ 60-ականներուն ձեւաւորուած նոր օրակարգին առաջին խնդիրը հակաթուրք պայքարը եղած էր: Յետոյ, երբ Տէր Պետրոսեանը ստիպուեցաւ հրաժարական տալ, մօտ 20 տարի, իրերայաջորդ երկու նախագահներ, այդ սփիւռքեան օրակարգին համընթաց գացին, առնուազն՝ հրապարակայնօրէն: Առանձնապէս իրենք մինչեւ ո՛ւր համոզուած էին այդ առաջնահերթութեան, յստակ չէ, բայց առնուազն նպատակայարմար գտան անոր չհակադրուիլ: Նաեւ Դաշնակցութեան նեցուկին կարեւորութիւն տուին: Դաշնակցութեան նեցուկը ունենալ կը նշանակէր Սփիւռքի մէջ կարեւոր չափով ունենալ մամուլի, լրասփիւռներու համեմատաբար լռութիւնը, եթէ Հայաստանի մէջ կային դատապարտելի կամ քննադատելի կէտեր: Նոր իշխանութիւնները եւս, երբ եկան 2018-ին, վիճակը սկիզբը նոյն ձեւով շարունակուեցաւ: Կար այդ խօսոյթը, որ եթէ նոր պատերազմ ըլլար, մենք ի վիճակի էինք նոր տարածքներ ձեռք ձգելու եւ այլն: Ատոր համար, պատերազմի պարտութիւնը եկաւ որպէս շատ պաղ ցնցուղ մը:
Հետագային, երբ նայինք Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան խօսոյթի փոփոխութեան՝ 2018-էն մինչեւ այսօր, կը տեսնենք, որ իսկապէս լուրջ նահանջ կայ նախապէս հայրենասիրական համարուող պահանջներէն, եւ այդ ընթացքը շատ աստիճանական էր։ Մասամբ, կրնամ ըսել, որ տարբեր հանգրուաններու, Հայաստանի կառավարութիւնը գերագնահատեց իր ուժերը, տուաւ խոստումներ, ըսաւ որ ասիկա կամ անիկա «կարմիր գիծ» է, բայց վերջաւորութեան ստիպուեցաւ ատոնցմէ մէկ առ մէկ հրաժարելու, որովհետեւ տեսաւ որ ինք չի կրնար այլ պետութիւններէ, սկսելով՝ Մոսկուայէն, նոյնիսկ՝ Իրանէն, ատոնց շուրջ աջակցութիւն ստանալ։ Երբ պահը եկաւ, մենք չկրցանք զանոնք համոզել։ 2023-ին, ամբողջ աշխարհը դիտեց Արցախի հայաթափումը։ Առաւել եւս, Համասի յարձակումը՝ Հոկտեմբեր 7-ին ամենամեծ նուէրն էր Իլհամ Ալիեւին, որովհետեւ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղեց դէպի շատ աւելի մեծ, արիւնալի ողբերգութիւն մը, որուն քով արցախցիներուն զոհերու քանակը միջազգային հանրութեան շատ աւելի փոքր թուեցաւ՝ ի տարբերութիւն տասնեակ հազարաւորներու, որոնք Կազայի մէջ սպանուեցան։
Այդ է պատճառը, որ իշխանութիւնը եկաւ նոր, համընդգրկուն գաղափարախօսական խօսոյթի մը, որուն նմանները մենք ունեցած ենք, բայց՝ կարճ ժամանակներով, 20-րդ դարուն։ Եղած են ժամանակներ, երբ Հայաստանը նոյնպէս ինքզինք մեն մենակ գտած է թուրքերու դէմ, օրինակ՝ 1918-ին, ինչքա՜ն ալ մեծցնենք Սարդարապատը։ Ըստ էութեան, Պաթումի պայմանագիրը գործադրելը, մինչեւ 1918-ի վերջը՝ օսմանեան բանակներու պարտութիւնը, որ Հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան եղաւ, մեր Հայաստանի օրինական, Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորած կառավարութեան քա ղաքականութիւնն էր։
Երկրորդ անգամ նոյն կոտրած տաշտակին եւ դառն իրականութեան առջեւ հայութիւնը գտնուեցաւ երկուքուկէս տարի ետք՝ Ալեքսանդրապոլի պայմանագրի օրերուն։ Բայց քանի որ Մոսկուայի խորհրդային իշխանութիւնները օգտուեցան այդ առիթէն եւ Երեւանի մէջ իշխանութենէն հեռացուցին դաշնակցականները, Դաշնակցութիւնը ձեւով մը բեռը չունեցաւ արդարացնելու Ալեքսանդրապոլի մէջ առած իր քայլը։ Այդ շրջանը, եթէ նայինք մամուլին, միա՛յն մօտ մէկ շաբաթ կը տեւէ՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան կարճ շրջանին։ Ալեքսանդրապոլեան այդ խօսոյթին վերադարձ եղաւ եւս 45 օր՝ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, բայց Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս պարտուեցաւ։ Անկէ ետք, Դաշնակցութիւնը կրցաւ համեմատաբար ազատ ըլլալ արտասահմանի մէջ եւ՝ իբր աքսորական ուժ, վառ պահել պահանջատիրութեան երազը, քանի որ պետութեան մը սահմանները պահելու, ժողովուրդ մը կուշտ պահելու եւ նման այլ խնդիրներ այլեւս չունէր։
Դաշնակցութեան օրինակը կու տամ, որովհետեւ միա՛կ կազմակերպութիւնն էր Սփիւռքի մէջ, որ կ՚ուզէր ազգային-պահանջատիրական հարցերը ինքնուրոյն լուծել եւ փնտռտուքի մէջ էր. դժգոհ էր ե՛ւ խորհրդայիններէն, ե՛ւ Թուրքիայէն։ Նաե՛ւ կը գիտակցէր, որ երկուքին դէմ միաժամանակ սուր ճօճելը շատ դժուար է։ Ատոր համար Դաշնակցութեան մարտավարութիւնը տատանումներու, դեգերումներու, փոփոխութիւններու քաղաքականութիւն էր։ 1921-88-ին, անոր շեշտադրումը մի քանի անգամ փոխուած է։ Իսկ երբ եղած է այն շեշտադրումը, թէ հիմա՛ աւելի մեծ է Ռուսաստանի վտանգը կամ աւելի հեշտ է խորհրդայիններէն փրկուիլը, մեղմացուած է երաժշտութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ։ Եւ ասիկա նոյնիսկ դաշնակցական հեղինակներն ալ կ՚ընդունին՝ զուսպ կերպով, թէեւ այսօր այդ ժամանակաշրջաններու գրականութիւնը չի վերյիշուիր, վերատպուիր։
Ռամկավարները եւ հնչակեանները այս պատմութենէն դուրս են, որովհետեւ հայերէն ներկայիս տարածուած բառը օգտագործելով, անոնք հայկական արտաքին հարցերը արտապատուիրակած էին Հայաստանի կոմունիստ ղե կավարութեան եւ Մոսկուային, այն համոզումով որ՝ «մենք աւելի հայրենասէր չենք, քան Հայաստանի ղեկավարները. գիտենք, որ Հայաստանի ղեկավարները,— ինչ որ ալ իրենց հակառակորդները ըսեն, մեր երազանքները կը բաժնեն», եւ ատիկա մասամբ թերեւս ճշմարտութիւն էր՝ Խանջեանէն մինչեւ Կարէն Դեմիրճեան, «եւ եթէ յարմար ժամանակը ըլլայ, իրենք այդ ազգային հարցերը արդէն կը բարձրացնեն։ Մեր նպատակը շատ աւելի սահմանափակ է. սփիւռքահայ զանգուածներուն գովերգել Հայաստանը, սէրը վառ պահել Հայաստանի հանդէպ՝ անկախ իր վարչակարգէն»: Մինչ Դաշնակցութիւնը կ՚երթար ու կը զարնէր դռները տարբեր պետութիւններու, ռամկավարներուն ու հնչակեաններուն կապը, ըստ էութեան, միա՛յն Խորհրդային Միութեան հետ էր, յատկապէս՝ խրուշչովեան տարիներէն սկսեալ։ Դաշնակցութեան պարագային, իրենք զարկած են ե՛ւ Մուսոլինիի դուռը, ե՛ւ Հիթլերի դուռը, ե՛ւ Անգլիոյ, ե՛ւ Ֆրանսայի, եւ հետագային՝ ԱՄՆ-ու դռները, երբեմն՝ մասամբ նաե՛ւ Մոսկուայի դուռը, որովհետեւ իրենց քաղաքականութիւնը աւելի գործուն եղած է, աւելի աշխուժ, որովհետեւ իրենք իրենց վրայ վերցուցած էին հայ ժողովուրդի ճակատագրի, դատի հարցը ինքնուրոյն լուծելու խնդիրը։ Այսօր Դաշնակցութիւնը եկած է մօտաւորապէս այն դիրքորոշման, որ քիչ թէ շատ ռամկավար-հնչակեաններունն էր, այսինքն՝ ըստ էութեան, ընդունիլ, որ միակ մեր ընելիքը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կառավարելի պահելն է, եւ որ Հայաստանի համար ատիկա չարեաց փոքրագոյնն է։ Ատիկա գուցէ կարենայ նոյնիսկ մեծ օգուտ բերել Հայաստանին։ Այդ իմաստով, այսօր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը հիմնական քննադատներէն է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան: Այլեւ, Դաշնակցութեան գոյութիւնը ընդդիմութեան մէջ միաժամանակ մանանայ է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան համար, որովհետեւ երբ Քաղաքացիական Պայմանագիրի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ կը հակադարձեն իրենց ընդդիմախօսներուն, կը բերեն օրինակներ Դաշնակցութեան անցեալի ըսածներէն եւ ըրածներէն այն ժամանակահատուածներուն, որոնց ակնարկեցի: Եթէ Դաշնակցութիւնը ընդդիմութեան մէջ չըլլար, քաղաքական պայքարի պատմագիտական բանավէճի երեսակը բաւական նեղ սահմանի մէջ կը մնար։
Ես ընդհանուր գնահատական պիտի չտամ Փաշինեանի պատմագիտական մեկնաբանութիւններուն, որովհետեւ ամէն մէկ նախադասութիւն որ ան կ՚ըսէ, առանձին-առանձին պէտք է արժեւորուին։ Բաներ կան Փաշինեանի տեսակէտներուն մէջ, որոնց համաձայն եմ։ Բաներ կան, որոնք առհասարակ նորութիւն չեն, եւ բաներ ալ կան, ուր տեսակէտս տարբեր է։ Վարչապետին պատմագիտական ամբողջ խօսոյթը պէտք է տարբաղադրել տարբեր բաժիններու եւ ըստ այնմ խուսափիլ մէկ, միասնական ընդհանուր գնահատական տալէ։ Բայց պարզ է, որ այս խօսոյթը ընդհանրապէս չէր ծագեր, եթէ հայերս պատերազմը չկորսնցնէինք։
Տեսանիւթին կապն է՝ https://youtu.be/CMIvkCQOSaw
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Շարունակելի
Փրկե՞լ, թէ՞ վերակառուցել․ դպրոցը, ուր պիտի ուզէ յաճախել վաղուան հայ երեխան
Ժամանակ մը լիբանանահայ կեանքին մէջ հայկական դպրոցը այնքա՛ն բնական ներկայութիւն էր, որ անոր գոյութեան եւ գոյատեւումին մասին մտածելու իսկ պէտք չկար։ Հայաշատ որեւէ թաղամաս ունէր իր եկեղեցին, ակումբը, միութիւնը եւ դպրոցը։ Երբեմն՝ մէկէ աւելի դպրոցներ։ Երեխան առաւօտուն կ’երթար հայկական վարժարան, կէսօրէ ետք՝ ակումբ կամ միութիւն, կիրակի՝ եկեղեցի։ Այս հաստատութիւնները միասնաբար կը կազմէին միջավայր մը, ուր հայ ըլլալը առանձին որոշում չէր պահանջեր, միջավայր մը, որ կը պահպանէր ու կ’ամրապնդէր հայ մարդուն կապը իր լեզուին, մշակոյթին եւ համայնքին հետ։ Այսօր զգալիօրէն փոխուած է այդ պատկերը։
Լիբանանահայ դպրոցները մէկ գիշերուան մէջ չփակուեցան պատերազմի կամ մէկ որոշումի պատճառով: Անոնք աստիճանաբար նահանջեցին պատերազմի, արտագաղթի, ծնունդներու նուազումին, տնտեսական դժուարութիւններու, թաղամասերու փոփոխութեան, ծնողներու նախընտրութիւններուն, ուսուցիչներու հեռացումին եւ երբեմն նոյնիսկ զարգացող պայմաններուն յարմարելու մեր հաստատութիւններու անկարողութեան պատճառով:
Թիւերը խօսուն են այս իմաստով:
Մեր թիւերը կը քաղենք Հրաչ Չիլինկիրեանի Armenian Communities In The Middle East: Losing The Past In The Future?Tchilingirian_2023_Armenians_in_the_Middle_East_Losing_the_Past_in_the_Future-1 եւ Նիքոլա Միլեորինոյի (Nicola Migliorino) The Lebanese system and cultural diversity between yesterday, today, and tomorrow հետազօտութիւններէն:
1950–51 ուսումնական տարեշրջանին Լիբանանի մէջ կը գործէր 51 հայկական վարժարան՝ 12.009 աշակերտով։ 1972–73-ին դպրոցներուն թիւը հասած էր 56-ի, աշակերտներունը՝ 18.526-ի։ Իսկ քաղաքացիական պատերազմէն անմիջապէս առաջ՝ 1974–75-ին, շուրջ 56 հայկական վարժարաններու մէջ կը յաճախէր մօտաւորապէս 21.000 աշակերտ։
2021–22-ին մնացած էր ընդամէնը 16 վարժարան եւ 4.911 աշակերտ։ Սահակեան գոլէճի փակման որոշումով, 2026–27 տարեշրջանին կ’ունենանք 15 դպրոց:
Այսինքն՝ նախապատերազմեան շրջանի դպրոցներու առաւելագոյն թիւին հետ բաղդատած՝ դպրոցներուն թիւը նուազած է շուրջ 71 առ հարիւրով, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ շուրջ 77 առ հարիւրով։
Սակայն այս թիւերը քննարկելէ առաջ պէտք է կանգ առնել կարեւոր հարցումի մը առջեւ։ Ի՞նչ է իրականութեան մէջ փակուողը՝ հայկական դպրո՞ցը, թէ՞ անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող ամբողջ աշխարհ մը։
Բնական է, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցաւ:
1974–75-ի շուրջ 21.000 աշակերտէն 1991–92-ին մնացած էր 11.939։ Գրեթէ կէսը անհետացած էր համակարգէն։ Պատերազմ, արտագաղթ, տնտեսական քայքայում, հայաբնակ շրջաններու աշխարհագրական փոփոխութիւն՝ բոլորը միասին հարուածեցին հայկական դպրոցը։
Բայց վիճակագրութեան ամենէն հետաքրքրական մասը պատերազմէն ետք կը սկսի։ 1991–92-ին տակաւին կը գործէր 45 հայկական դպրոց՝ 11.939 աշակերտով։ 2001–02-ին անոնց թիւը իջած էր 33-ի՝ 8.418 աշակերտով։ 2010–11-ին ունինք 27 դպրոց եւ շուրջ 6.400 աշակերտ։ 2021–22-ին՝ 16 դպրոց եւ 4.911 աշակերտ։
Ուրեմն պատերազմը վերջացաւ, բայց նահանջը՝ ոչ։ Եթէ հայկական դպրոցներու անկումը միայն պատերազմի հետեւանք ըլլար, խաղաղութեան վերադարձէն ետք, համակարգը պէտք էր կայունանար։ Այդպէս չեղաւ։ 1991–92-էն մինչեւ 2021–22 տարեշրջանները, աշակերտութեան թիւը դարձեալ շուրջ 59 առ հարիւրով կը նուազի։ Ուրեմն պատերազմը ստեղծեց առաջին մեծ ճեղքը։ Բայց յաջորդ երեսուն տարիները ցոյց տուին, որ խնդիրը շատ աւելի խոր էր։ Դպրոցին ետեւ մարդ պէտք է ըլլայ: Դպրոց մը կարելի չէ պահպանել միայն որովհետեւ ան պատմութիւն ու աւանդ ունի։ Դպրոցը նախ եւ առաջ աշակերտի պէտք ունի։ Իսկ աշակերտը՝ ընտանիքի բնականօրէն։
Ընդհանրապէս կ’անտեսենք այս պարզ ճշմարտութիւնը մեր հաստատութիւններուն մասին խօսելու ատեն։ Կը հաշուենք դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, միութիւնները, մամուլը, բայց շատ աւելի քիչ կը հաշուենք այն մարդիկը, որոնք պիտի գործածեն զանոնք։ Լիբանանահայութիւնը վերջին յիսուն տարիներուն շարունակաբար մարդ կորսնցուցած է։ Քաղաքացիական պատերազմը միայն առաջին մեծ ալիքն էր։ Անոր յաջորդեցին տնտեսական դժուարութիւններ, քաղաքական անորոշութիւն, ապահովական տագնապներ, երիտասարդներու արտագաղթ, ապա 2019-էն ետք՝ Լիբանանի տնտեսական եւ դրամական փլուզումը։ Այս ժողովրդագրական փոփոխութիւնը ճշգրիտ չափելը դիւրին չէ, որովհետեւ Լիբանան չունի ժամանակակից մարդահամար մը, որ կարելի դարձնէ վստահօրէն որոշել հայ բնակչութեան ներկայ թիւը։ Հետեւաբար «Լիբանանի մէջ քանի՞ հայ մնացած է» հարցումին տրուող բազմաթիւ թիւեր պէտք է զգուշութեամբ ընդունիլ։ Բայց դպրոցական թիւերը ինքնին բան մը կը թելադրեն`
21.000 աշակերտէն՝ 4.911։
Այդ տարբերութիւնը միայն կրթական ձախողութեան ցուցանիշ մը չէ։ Անիկա նաեւ համայնքի մը ժողովրդագրական կրճատման արտացոլումն է։ Եւ հոս անհրաժեշտ է խուսափիլ ինքնախաբէութենէ։ Կարելի չէ 1970-ականներու համար կառուցուած հաստատութենական ամբողջ համակարգ մը անփոփոխ պահել, երբ անոր սպասարկած բնակչութիւնը նոյնը չէ։ Այսուհանդերձ, ժողովրդագրութիւնը ամբողջ իրականութիւնը չի դրսեւորեր: Եթէ միայն հայերու թիւը պակսած ըլլար, հարցը համեմատաբար աւելի պարզ պիտի ըլլար։ Սակայն կայ երկրորդ երեւոյթ մը. բոլոր հայ երեխաները հայկական դպրոց չեն յաճախեր։ Եւ հոս հարցը կը դառնայ շատ աւելի մտահոգիչ։
Հայ ծնողք մը կրնայ խորապէս կապուած ըլլալ իր ինքնութեան, հայերէն խօսիլ տան մէջ, մասնակցիլ համայնքային կեանքին եւ միեւնոյն ժամանակ իր զաւակը ուղարկել ոչ-հայկական վարժարան։
Ինչո՞ւ։
Որովհետեւ ծնողքին համար դպրոց ընտրելը այլեւս միայն ինքնութեան ընտրութիւն չէ։ Անիկա նաեւ ապագայի ընտրութիւն է։ Ո՞ր դպրոցը աւելի լաւ անգլերէն կամ ֆրանսերէն պիտի տայ երեխային։ Ո՞րը աւելի լաւ կը պատրաստէ պետական քննութիւններուն եւ համալսարանին։ Ո՞ր մէկը ունի արդիական տարրալուծարաններ, արհեստագիտութիւն, մարզական եւ արտադասարանային ծրագիրներ։ Ո՞ր դպրոցին վկայականը աւելի մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Ո՞ր մէկը աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ է։ Եւ, վերջապէս, ընտանիքը ո՞ր դպրոցին ծախսերը կրնայ հոգալ:
Հետաքրքրականօրէն, գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները չեն հաստատեր այն պարզունակ տեսակէտը, թէ լիբանանահայը այլեւս հայերէնով հետաքրքրուած չէ։ Հետազօտութեան մէջ վկայակոչուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հարցախոյզի մասնակցած լիբանանահայերուն 77 առ հարիւրը ինքզինք հայերէնի սահուն տիրապետող կը նկատէ, եւ հայերէնի իմացութիւնը կարեւոր կը համարէ համայնքային դերակատարութեան համար։ Աղբիւր՝ The Armenian communities of the Arab countries of the Middle East: current trends and transformations Proceedings of the international conference November 30, 2023.
Հետեւաբար ինքզինք պարտադրող հարցումը թերեւս այն չէ, թէ «Հայ ծնողքը տակաւին կը գնահատէ՞ հայերէնը»։ Առկայ է աւելի դժուար հարցում մը. հայ ծնողքը որքա՞ն կրթական, տնտեսական կամ գործնական զիջում պատրաստ է ընելու, որ իր զաւակը հայկական դպրոց յաճախէ։ Եւ թերեւս աւելի կարեւոր՝ ինչո՞ւ ընդհանրապէս այդ զիջումը կը պահանջենք իրմէ։ Հայկական դպրոցը պէ՞տք է ընտրել հայ ըլլալու համար, թէ՞ որովհետեւ լաւ դպրոց է: Ահա այստեղ կը գտնուի ապագայի հիմնական մարտահրաւէրը։
Տասնամեակներ շարունակ հայկական դպրոցի մեծագոյն առաւելութիւնը իր հայկականութիւնն էր (հայեցիութիւնը)։ Այդ մէկը բաւարար պիտի ըլլա՞յ ապագային: Անվիճելի է, որ հայկականութիւնը պէտք է մնայ անոր անփոխարինելի առանձնայատկութիւնը, բայց ոչ՝ կրթական թերութիւնները արդարացնող պատճառը։ Ծնողքը պէտք չէ ստիպուած ըլլայ ընտրելու «լաւ կրթութեան» եւ «հայեցի կրթութեան» միջեւ։ Ան պէտք է հայկական դպրոցը ընտրէ, որովհետեւ այնտեղ իր երեխան կրնայ ստանալ բարձրորակ կրթութիւն եւ հայերէն, ժամանակակից գիտութիւն եւ հայկական մշակոյթ, միջազգային համալսարաններու պատրաստութիւն եւ ինքնութիւն։
Երեխան հայերէն պիտի չսորվի միայն որովհետեւ իր նախահայրերը հայերէն խօսած են։ Ան պէտք է զգայ, որ լեզուն կրնայ գործածել իր այսօրուան կեանքին մէջ՝ գրելու, մտածելու, ստեղծագործելու, հաղորդակցելու, թուային աշխարհին մէջ ներկայ ըլլալու համար։ Այլապէս հայերէնը կը դառնայ դպրոցական առարկայ։ Իսկ լեզուները երկար չեն ապրիր իբրեւ դպրոցական առարկայ։
Տնտեսական հարցը կարելի չէ շրջանցել
Նոյնիսկ ամենէն արդիական ծրագիրը չի կրնար աշակերտ պահել, եթէ ծնողքը ի վիճակի չէ կրթաթոշակը վճարելու։ Լիբանանի տնտեսական տագնապը այս հարցը հասցուցած է գոյութենական մակարդակի։ Լիբանանի ընտանիքներուն մասին Centre for Lebanese Studies-ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, սեփական դպրոցէն պետական դպրոց տեղափոխուած երեխաներու ընտանիքներուն 87 առ հարիւրը իբրեւ հիմնական պատճառ նշած է կրթաթոշակը վճարելու անկարողութիւնը։ Այս թիւը հայկական դպրոցներու յատուկ ուսումնասիրութեան մէկ պատկերը չէ եւ պէտք չէ այդպէս ներկայացնել, բայց ան յստակօրէն ցոյց կու տայ այն տնտեսական ճնշումը, որուն ենթակայ է ամբողջ կրթական համակարգը։
Հայկական վարժարանին պարագային խնդիրը կրկնակի է։ Ծնողքը դժուարութիւն ունի վճարելու։ Բայց դպրոցն ալ չի կրնար չգանձել։ Աշակերտներուն թիւը կը պակսի, սակայն շէնքը պէտք է պահել, ելեկտրականութիւն վճարել, ուսուցիչ վարձատրել, փոխադրամիջոց կազմակերպել, տարրալուծարան եւ համակարգիչ ունենալ, վարչական ծախսերը հոգալ։ Եւ հոս կը ստեղծուի վտանգաւոր շրջանակ մը.
աշակերտներու նուազում → եկամուտի նուազում → ուսուցիչի անբաւարար վարձատրութիւն → լաւ ուսուցիչներու հեռացում → կրթական որակի վտանգում → ծնողներու վստահութեան նուազում → նոր աշակերտներու կորուստ։
Իր վերոնշեալ ուսումնասիրութեան մէջ, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան յատկապէս կը մատնանշէ որակաւոր ուսուցիչներու պակասը, անբաւարար աշխատավարձերն ու նուազող ֆինանսական միջոցները՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցներուն, ներառեալ Լիբանանի, սպառնացող հիմնական վտանգներ։ Ուրեմն հայկական դպրոցը փրկելու ծրագիր մը, որ միայն աշակերտին կրթաթոշակը կը վճարէ, բայց ուսուցիչը կը ձգէ աղքատութեան սահմանին, երկարաշունչ լուծում մը չէ։
Դպրոցը աշակերտով կը գոյատեւէ, բայց ուսուցիչով դպրոց կը դառնայ։
Տասնհինգ տկար դպրո՞ց, թէ՞ տասներկու, տասը, ութ զօրաւոր դպրոց: Թերեւս այս է ամենէն զգայուն հարցը։
Մեր «Սահակեանի՞ փակումը, թէ՞ փակուող ապագան» յօդուածին մէջ հետեւեալ հարցումը կու տայինք. «Եւ թերեւս հարցումը այն չէ, թէ քանի՛ դպրոց փակուեցաւ, այլ՝ քանի՞ դպրոց տակաւին կը կարծենք, թէ մեզի անհրաժեշտ է»։
Արդեօք մեր նպատակը պէ՞տք է ըլլայ պահպանել եւ չփակել այսօր գոյութիւն ունեցող իւրաքանչիւր դպրոց՝ անկախ աշակերտութեան թիւէն, ծախսէն եւ կրթական կարելիութիւններէն։ Զգացական պատասխանը ընդհանրապէս «այո» է։ Պատմական պատասխանը նոյնպէս հասկնալի է։ Իւրաքանչիւր դպրոց ունի անուն, յիշողութիւն, շրջանաւարտներ, բարերարներ, պատերու մէջ ապրած սերունդներ։ Բայց կրթական պատասխանը կրնայ տարբեր ըլլալ։Դպրոցներու եւ միջոցներու մէկտեղումը միշտ պարտութիւն չէ։
Դպրոց փակելը իսկապէս կորուստ է։ Բայց երբեմն երկու կամ երեք տկար կառոյցի փոխարէն մէկ զօրաւոր հաստատութիւն ստեղծելը կրնայ պահպանման աւելի խելացի ձեւ մը ըլլալ։ Դեռ հաւանաբար գտնուին ուրիշ ընտրանքներ, եթէ գտնուի կամեցողութիւնը՝ նստելու եւ իսկապէ՛ս քննարկելու։
Ճիշդ այս պատճառով դպրոցներու թիւը ապագային պէտք չէ ըլլայ մեր միակ չափանիշը։ Եթէ վաղը Լիբանանի մէջ ունենանք 12, 10, 8 հայկական վարժարան՝ նիւթական առողջ հիմքով, արժանապատիւ վարձատրուող ուսուցիչներով, արդիական ծրագիրներով եւ 5.000 աշակերտով, արդեօք աւելի՞ վատ վիճակի մէջ պիտի ըլլանք, քան 15 դպրոցով՝ որոնցմէ քանի մը հատը ամէն տարի գոյատեւման համար հանգանակութիւն կը կազմակերպէ եւ ծնողներէն շատեր ուրիշ ուղղութեամբ կը նային իրենց զաւակներուն լաւ կրթութիւն ապահովելու մտահոգութեամբ:
Շէնք պահե՞լն է նպատակը, թէ՞ հայկական կրթութիւնը։ Այս երկուքը միշտ նոյն բանը չեն։
Սակայն միացումը միայն ֆիզիքական շէնքերու հարց չէ։ Տակաւին՝ համագործակցութիւնը անպայմանօրէն չի նշանակեր դպրոցներու փակում։ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական, Համազգայինի, ՀԲԸՄ-ի եւ այլ հաստատութիւններու դպրոցները կրնան պահպանել իրենց ուրոյն ինքնութիւնը՝ միաժամանակ բազմաթիւ ծառայութիւններ միասնաբար կազմակերպելով։
Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր դպրոց պէտք է համակարգչային իր առանձին ենթակառոյցը պահէ։ Ինչո՞ւ գնումները պէտք է առանձին-առանձին կատարուին։ Ինչո՞ւ տասը դպրոց աշակերտներու փոխադրութեան հարցը տասը տարբեր ձեւերով լուծէ։ Ինչո՞ւ յատուկ մասնագիտութեան հմուտ ուսուցիչ մը չի կրնար տարբեր օրերու տարբեր դպրոցներու մէջ դասաւանդել։ Ինչո՞ւ չստեղծել ուսուցիչներու վերապատրաստութեան միասնական կեդրոն մը, որդեգրել հայերէնի դասաւանդման հասարակաց չափանիշներ, ստեղծել թուային դասագիրքերու միասնական շտեմարան մը կամ նոյնիսկ բարձր մակարդակի առարկաներու համար համատեղ առցանց դասընթացքներ կազմակերպել։
Պատմականօրէն մեր բազմակեդրոն կառոյցը մեր ուժի աղբիւրներէն մէկը եղած է։ Սակայն թիւով նուազող համայնքի մը մէջ նոյն այդ կառոյցը կրնայ նաեւ վերածուիլ ծախսալից կրկնութեան։
Ապագայի մարտահրաւէրը տարբերութիւնները վերացնելը չէ։ Տարբերութիւններուն պատճառով կրկնուող անարդիւնաւէտութիւնը վերացնելն է։
Բարեգործութենէն դէպի համակարգ
Լիբանանահայ դպրոցը բարերարներու պակաս չէ ունեցած։ 2026-ի Յունուարին, օրինակ, Լիբանանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանը յայտարարեց, որ Ազգային վարժարաններուն ի նպաստ հանգանակուած է 350.400 ամերիկեան տոլար։ Աջակցողներուն մէջ նշուած էին Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարաններ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի կառոյցը եւ անհատ բարերարներ։
Հայ Աւետարանական դպրոցներուն պարագային ալ Armenian Missionary Association of America-ն կը յայտնէ, որ Լիբանանի մէջ կը գործեն չորս երկրորդական հայկական աւետարանական դպրոցներ եւ կը կիրարկուին աշակերտներու աջակցութեան ծրագիրներ։
Հայ կաթողիկէ վարժարաններն ալ ունին աշակերտներու օժանդակութեան իրենց ծրագիրներն ու միջոցները։
Այս օգնութիւնները կենսական են։ Բայց հարցը այն է, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է ամէն տարի նոյն բացը գոցել։ Եթէ դպրոց մը ամէն տարի 100 հազար տոլարի բաց ունի, եւ ամէն տարի բարերար մը գտնենք այդ 100 հազարը տալու, դպրոցը փրկա՞ծ կ’ըլլանք, թէ՞ միայն մէկ տարիով յետաձգած ենք նոյն հարցումը։
Բարեգործութեան յաջորդ հանգրուանը պէտք է ըլլայ համակարգային ներդրումը։
Ոչ միայն՝ «որքա՞ն գումար հաւաքեցինք», այլ՝ այդ գումարով քանի՞ աշակերտ պահեցինք, քանի՞ ուսուցիչ չարտագաղթեց, ի՞նչ չափով բարձրացաւ կրթական որակը, ի՞նչ ծախս նուազեցաւ, քանի՞ նոր ընտանիք հայկական դպրոց ընտրեց։
Բարերարին պէտք չէ միայն ըսել՝ «մեր դպրոցը վտանգուած է»։
Պէտք է նաեւ ըսել կարենալ՝ «ահա՛ մեր հինգ տարուան ծրագիրը եւ իրագործումներու նախատեսուած փուլերը»։
Իսկ մենք նոյնիսկ ճշգրիտ թիւը չենք գիտեր
Այս բոլոր հարցերուն կողքին կայ շա՛տ, շա՛տ զարմանալի երեւոյթ մը։
2026 տարին ենք եւ տակաւին չունինք հրապարակային, ամբողջական եւ ամէն տարի թարմացուող համահայկական տուեալներու համակարգ մը, որ յստակ ըսէ՝ Լիբանանի մէջ քանի՞ հայկական դպրոց կը գործէ, քանի՞ աշակերտ ունի իւրաքանչիւրը, քանի՞ ուսուցիչ, ի՞նչ տարեկան պիւտճէ, ի՞նչ կրթաթոշակ, քանի աշակերտ կը հեռանայ եւ ինչո՞ւ։
Վերեւ նշուած հետազօտութենէն ստացուած ամենավերջին ընդհանուր թիւը 2021–22-ի 16 դպրոցն ու 4.911 աշակերտն է։ 2026-27-ի համար կարելի է խօսիլ 15 վարժարանի մասին, բայց այդ մէկը տակաւին պաշտօնապէս հաստատուած թիւ չէ։
Այս պատճառով, յաճախ կրկնուող «ժամանակին 60 դպրոց ունէինք, այսօր 15 մնացած է» նախադասութիւնը ընդհանուր ուղղութեամբ ճիշդ է, բայց գիտականօրէն ճշգրտումի կը կարօտի։ Տարբեր ժամանակաշրջաններու աղբիւրները միշտ նոյն ձեւով չեն հաշուած մանկապարտէզները, նախակրթարաններն ու երկրորդական բաժինները, իսկ միացեալ հաստատութիւնները երբեմն տարբեր ձեւերով արձանագրուած են։ Եւ ասիկա պարզ վիճակագրական թերութիւն չէ։
Ինչպէ՞ս կարելի է ապագան ծրագրել, երբ ներկան ամբողջութեամբ չենք չափած։
Լիբանանի հայկական դպրոցներուն անհրաժեշտ է միասնական ուսումնական դիտորդ խորհուրդ մը՝ ոչ թէ զանոնք մէկ իշխանութեան ենթարկելու, այլ տուեալներն ու իրականութիւնները չափելու եւ արձանագրելու համար։
Տարեկան քանի՞ աշակերտ կը կորսնցնենք։ Ո՞ր տարիքին։ Ո՞ւր կ’երթան։ Ինչո՞ւ։ Դրամի՞ պատճառով։ Կրթական որակի՞։
Հեռաւորութեա՞ն։ Լեզուի՞։ Ընտանիքը երկրէ՞ն կը հեռանայ, թէ՞ երեխան ուրիշ դպրոց կ’անցնի։
Առանց այս հարցումներու պատասխաններուն՝ մեր կրթական քաղաքականութիւնը մեծ մասամբ կը հիմնուի տպաւորութիւններու եւ ենթադրութիւններու վրայ։
Դպրոցին ապագան համայնքի ապագայէն անջատ չէ
Վերջապէս պէտք է ընդունինք ամենէն դժուար իրականութիւնը։ Հայկական վարժարանի հարցը առանձին հարց չէ։ Եթէ երիտասարդ ընտանիքները շարունակեն հեռանալ Լիբանանէն, դպրոցը պիտի պարպուի։ Եթէ հայերէնը ընտանիքէն հեռանայ, դպրոցը միայնակ չի կրնար զայն փրկել։ Եթէ համայնքային հաստատութիւնները երիտասարդին համար կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը, դպրոցը բացառութիւն պիտի չըլլայ։ Եթէ ուսուցիչը չի կարենայ իր աշխատավարձով արժանապատիւ ապրիլ, հայրենասիրական կոչերը զինք դասարանին մէջ երկար չեն պահեր։ Եւ եթէ հայկական դպրոցը չկարենայ համոզել ծնողքը, որ իր զաւակին ապագային համար առաւելութիւն է եւ ոչ զոհողութիւն, պատմական փառքը բաւարար պիտի չըլլայ։
Այս պատճառով հարցը «ինչպէ՞ս փրկենք մեր դպրոցները» ձեւով դնելը թերեւս արդէն սխալ մեկնակէտ է։ Փրկել բառը մեզ կը դնէ պաշտպանողական դիրքի մէջ։ Կարծես թէ ունինք անցեալէն ժառանգուած կառոյց մը եւ մեր միակ պարտականութիւնը զայն նոյնութեամբ փոխանցելն է։ Բայց թերեւս ուրիշ է մեր պարտականութիւնը։ Թերեւս պէտք չէ պահպանենք այն դպրոցը, որ ունէինք։
Պէտք է ստեղծենք այն դպրոցը, ուր պիտի ուզէ յաճախել վաղուան հայ երեխան։
Դպրոց մը, ուր արեւմտահայերէնը անցեալի յիշատակ չէ, այլ ապրող լեզու։
Ուր բազմալեզուութիւնը բեռ չէ, այլ մրցակցային առաւելութիւն։
Ուր հայեցի կրթութիւնը չի նշանակեր միջազգային կրթութենէն զիջում։
Ուր ուսուցիչը (նաեւ տնօրէնը) «ծառայող» չէ, որուն նուիրումը պատճառ կը դառնայ քիչ վճարելու, այլ մասնագէտ է, որուն աշխատանքը արժանի է մասնագիտական վարձատրութեան։
Ուր բարերարը տարեկան բաց մը գոցելու փոխարէն ապագայ կը ֆինանսաւորէ։
Ուր հայկական տարբեր հաստատութիւնները կրնան մնալ տարբեր, բայց պայման չէ ամէն բան առանձին ընել։
Եւ ուր դպրոցին յաջողութիւնը չի չափուիր միայն անով, որ դուռը տակաւին բաց է։
Կը չափուի անով, թէ քանի երեխայ կ’ուզէ այդ դուռէն ներս մտնել։
1974–75-ին շուրջ 21.000 երեխայ կը մտնէր այդ դռներէն։
2021–22-ին՝ 4.911։
Այս երկու թիւերուն միջեւ միայն յիսուն տարուան պատմութիւն չկայ։ Կայ հարցում մը։
Յաջորդ յիսուն տարիներուն ի՞նչ թիւ պիտի գրենք։
Պատասխանը միայն արտագաղթէն, տնտեսութենէն կամ քաղաքական պայմաններէն կախեալ չէ։
Նաեւ՝ մեզմէ կախեալ է։
ԵՍ ՈՒ․․․ ԵՍՍ
Քեզ փնտռեցի օրերուս մէջ,
ճամբաներուն իմ կեանքի,
պահերուն մէջ երազանքիս պարտասած․․․
Եւ ճախրեցայ, ճախրեցայ․․․
Թափառեցայ անսահմանի,
անորոշի
խուլ, մթամած եզրերու
քմայքին լուռ յանձնուած․․․
Որոնեցի անսահմանը հեգնելով․․․
Բայց․․․ աւաղ․․․
Ես ինքզինքս չգտայ․․․
Եւ այսպէս մենք՝ դո՛ւն ու ե՛ս՝
– Եսս․․․ ու․․․ Ես –
Մենք ճամբորդներ միածին․․․
փնտռեցինք զիրար երկար մթութեան մէջ այս կեանքին․․․
Զիրար աւաղ չգտանք․․․
Հիմա կարծես
թագնուած տեղ մը մթին
դուն ալ ինծի պէս շփոթ
կը սպասես որ գտնես զիս․․․
Երկու որբեր ենք, աւաղ,
թէ՛ քով-քովի, թէ՛ հեռու,
անորոշի Ճիրաններուն յանձնուած
կը թափառինք մանուածապատ
մթութեան մէջ անյոյսի․․․
Մոլորակներ մոլորուած
տիեզերքին մէջ էիս
կը փնտռենք մենք զիրար
գոյոյթիս* խենթ ծիրին մէջ․․․
Երազանքի ալիքներուն յանձնուած
նոր երազներ կ՛որոնենք․․․
Եթէ․․․
կամ․․․
երբ հանդիպինք․․․
ինչե՜ր ունինք պատմելու․․․
երազանքներ լուռ բեկուած․․․
անյոյս յոյսեր․․․
վերթեւումներ․․․
լո՜ւռ ցաւեր․․․
նորաբողբոջ լո՜ւռ տենչեր․․․
Բայց․․․
աւաղ․․․
Անյոյս որբեր ենք թափառ
պիտ՛ չգտնենք մենք զիրար ․․․
ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գրիգորեան տոմար- Օր՝ 1, Ամիս՝ Դեկտեմբեր, Ամ՝ 2025
Հայկեան տոմար- Օր՝ Ծմակ, Ամիս՝ Տրէ, Յամի ՏՇԺԷ (4517)
*Աստղանշուած բառը՝ «Մարգարեան Բառակազմութեան Համակարգ»էս է, բառարաններուն մէջ մի փնտռէք։
Կը հասկնա՞ք, հայե՛ր. մենք պարզապէս զիրար չենք սիրեր, բայց կը սիրենք այդպէս մնալ
Շատ յաճախ կարելի է լսել վշտացած արտայայտութիւն մը՝ «Ինչպէ՞ս հասանք այս վիճակին»։ Խօսքը կրնայ վերաբերիլ եկեղեցւոյ շուրջ բարձրացած աղմուկին, Ազգային ժողովի հերթական՝ աննկարագրելիօրէն նողկալի նիստին, փողոցի մը ասֆալթին վրայ բացուած փոսին, ուրիշ զինուորի մը անձնասպանութեան կամ աղբամանի մը մէջ, իսկ լաւագոյն պարագային՝ պարտէզի մը մէջ, դժբախտ ու լքուած նորածինի մը յայտնաբերումին։ Եւ երբ կը լսես այս երկնամորմոք ողբը, զարմանալի հարցում մը կը ծագի. «Իսկ ինչո՞ւ պիտի չհասնէինք հոս»։ Ո՛չ, իսկապէս, ինչո՞ւ պիտի չհասնէինք «այս օրուան»։ Մինչեւ հիմա ի՞նչ լաւ բան ըրած ենք, որ այս բոլորը չպատահէին։ Չէ՞ որ պարզ է, որ այս բոլորը (ինչ բանի ալ վերաբերի խօսքը) մէկ վայրկեանի մէջ չէ յառաջացած։ Օրինակ՝ ասֆալթը յանկարծ, մէկ ակնթարթի մէջ չծակուեցաւ։ Ուրեմն վատ պատրաստուած էր, ուրեմն զայն պատրաստողները լաւ չէին աշխատած, անորակ գործ ըրած էին…։ Ճիշդ նոյնն է նաեւ ընկերային կամ կրթական որեւէ խնդրի պարագային։ Ուրեմն մենք լաւ չենք աշխատած։ Ուրեմն մենք լաւը չենք եղած։ Կամ՝ այս դատարկ փողոցէն ինչպիսի՜ զզուելի հոտ կու գայ։ Զարմանալու ի՞նչ կայ. աղբը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր չէ հաւաքուած, շոգին մէջ հոտած է։ Կը հասկնա՞ս. երբ աղբը չես հաւաքեր, կը հոտի։ Սիրելի՛ հայրենակիցս, երբ աղբը չես հաւաքեր, կը սկսի գարշահոտիլ։ Կը հասկնա՞ս ասիկա։
Վերցնենք ամենէն ակնառու դէպքը՝ Կաթողիկոսը դատարան տանելու հարցը։ Եւ մինչ ոմանք կը հրճուին, որ եկեղեցւոյ գլխաւոր կողոպտիչը պատասխանատուութեան կը կանչուի, իսկ ուրիշներ կ’ողբան, որ հայը իր իսկ քահանայապետը կը դատէ, ես բոլորիս համար երկու լուր ունիմ. մէկը՝ վատ, միւսը՝ աւելի վատ։ Վատ լուրն այն է, որ Կաթողիկոսը իսկապէս գործակալ է, իսկ աւելի վատ լուրն այն է, որ Կաթողիկոսը արդար է, իսկ ժողովուրդը այնքան խարդախ ու անողնաշար է, որ թոյլ կու տայ Կաթողիկոսը դատել։ Միջին ճամբայ չկայ։ Կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը։ Եւ թերեւս ունինք երրորդ՝ աւելի վատ լուր մը եւս. թէ՛ Կաթողիկոսը եւ թէ՛ ժողովուրդը վատ են։
Տողերուս հեղինակը քարկոծելը իմաստ չունի։ Ես ընդամէնը դժբախտ արձանագրողն եմ այս սոսկալի վիճակին։ Ես ընդամէնը ականատեսն եմ այն իրողութեան, թէ ինչպէս ժողովուրդս պառակտուած է, եւ իւրաքանչիւր հայ ունի իր հայ թշնամին։
Կրնանք երկար ողբալ մեր վատ բախտին վրայ, բայց տակաւին մենք մեզի կործանած չհամարենք, չվարանինք դարձնելու «հայոց պատմութեան վերջին էջը» եւ փորձենք այս խայտառակ վիճակին նայիլ քիչ մը աւելի սթափ հայեացքով, եթէ, անշուշտ, այդ մէկը ընդհանրապէս կարելի է։
Մենք բնականոն երկիր մը կ’ուզենք, բնականոն եկեղեցի մը եւ, ընդհանրապէս, «խաղաղութիւն՝ ամենեսցուն»։ Բայց արդեօք այդ մէկը հնարաւո՞ր է։ Եւ նոյնիսկ եթէ հնարաւոր ըլլար, հազարաւոր տարիներու պատերազմներէ ետք մենք իսկապէս կ’ուզե՞նք այդ խաղաղութիւնը, թէ՞ ոչ։ Անկախ անկէ՝ սահմանին վրայ պատերազմ կա՞յ, թէ՞ ոչ, մեր հասարակութեան մէջ ներքին ատելութիւնը, թշնամանքն ու անհանդուրժողութիւնը կը շարունակուին։ Եւ ինչո՞ւ այդպէս պիտի չըլլայ։ Մեր դեռահասը ի՞նչով կը սնանի։ Ինչո՞վ լեցուած է անոր օրը։ Քանի՞ էրոթիք ու հումորային տափակ էջ կայ մեր միջին վիճակագրական դեռահասին ընկերային ցանցերուն մէջ։ Իսկ քանի՞ կրթական էջ։ Դո՛ւն քանի՞ էջ բացած ես, սիրելի՛ հայրենակից, քանի՞ ուսուցողական նիւթ հրապարակած ես։ Քանի՞ անգամ դիտողութիւն ըրած ես լուսաւոր ու բարի հայրենակիցիդ, երբ ան փողոցը կ’աղտոտէ։
Գիտէ՞ք, թէ Հայաստանի մէջ քանի՛ ոճրային հեռատեսիլաշար կը նկարահանուի եւ մինչեւ այսօր քանի՛ հատ նկարահանուած է։ Իսկ քանի՞ կրթական։ Գիտէ՞ք, թէ քանի՛ հայ դեռահաս եւ արդէն հասուն աղջիկներ ընկերային ցանցերու վրայ մարմնավաճառութեամբ կը զբաղին՝ 30-40 հազար դրամի դիմաց։ Իսկ անոնց յաճախորդները այլմոլորակայիններ չեն. անոնք հայ ամուսնացած տղամարդիկ են, որոնք պատիւի ու արժանապատուութեան մասին կը ճառեն։ Իսկ գիտէ՞ք թէ քանի՞ հայ աւանդապաշտ տղամարդ այլանդակ մեկնաբանութիւններ կը գրէ քիչ թէ շատ գեղեցիկ աղջիկներու էջին։ Կամ քանի՞ դեռահաս թմրամոլ կայ Հայաստանի մէջ։ Իսկ գիտէ՞ք թէ գիշերային ակումբներու ու փապերու մէջ քանի-քանի հայ երիտասարդ աղջիկ թմրանիւթի ու խմիչքի դիմաց պոռնկութեամբ կը զբաղի։
Չէ, շատերը կ’ըսեն, մենք առաջին քրիստոնեաներն ենք, մենք աստուածընտրեալ ազգ ենք, այս մասին խօսիլ կարելի չէ։ Մեր մօտ ամէն ինչ սրբութիւն է՝ հայրենիքը, մայրը, ընտանիքը, զինուորը․․․․․հայրենիքի մէկ հատուածը վերջերս կորսնցուցինք, թէ քանի անտէր մայր կայ փողոցներուն ու ծերանոցներուն մէջ՝ հաշիւ չկայ, ընտանեկան բռնութիւնն ու դաւաճանութիւնը արդէն աչք կը ծակէ, միջին հաշուով 5 նոր ամուսնացածներէն 2-ը կը բաժնուին, իսկ վերջերս ալ նորէն զինուոր զոհուած, աւելի ճիշդ զոհ գացած ներքին քրէական կանոնակարգին։ Անձնասպան եղած է, թէ սպանած են, այդ արդէն ողբերգութեան հանգուցալուծումն է, իսկ ողբերգութիւնը սկսած է շատ աւելի կանուխ։ Բայց մենք կը սիրենք ամէն ինչ ծածկել, մէկ անկիւն դնել, ձեռք չտալ, չխօսիլ, չնկատել․․․ի դէպ այս ինչ վատ ու նեխած հոտ կը փչէ ինչ-որ տեղէ մը։
Բայց արդեօք մեր երկրին մէջ ամէն ինչ վա՞տ է։ Պիտի ներէք, բայց ամէն ինչ չէ, որ վատ է։ Ուրեմն տակաւին շատ բան ունինք փճացնելու, տակաւին ամէն ինչ ողբերգական աւարտի չենք հասցուցած։ Երկու եկեղեցիէ խաչեր գողցած են՝ եղած-չեղածը 200 հազար դրամ արժողութեամբ։ Իսկ դեռ քանի՜ եկեղեցի ունինք…
Իսկ ո՞վ պիտի ապրի մեր խաղաղած հայրենիքին մէջ։ Այդ մարդիկը արժէքային ի՞նչ համակարգ պիտի ունենան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն գաղափարական յենակէտը, որուն շուրջ անոնք նախ պիտի կառուցեն գաղափարը, ապա՝ անոր նիւթականացուած իրականութիւնը։ Ըսէ՛ք, խնդրեմ։ Ո՞վ։ Ո՞վ պիտի ապրի այնտեղ, որ այլեւս իր Կաթողիկոսը չդատուի, որ իր իշխանութիւնները չմեղադրուին թուրքերու գործակալ ըլլալու, իսկ ընդդիմութիւնը՝ ռուսերու գործակալ ըլլալու մէջ։ Եւ պէտք չէ հեգնանքով յայտարարել, որ մարմնավաճառութիւնը մարդուն յատուկ երեւոյթ է եւ գոյութիւն ունի բոլոր երկիրներուն մէջ։ Կամ՝ թէ բոլոր երկիրներու բանակներուն մէջ զինուորներ կը սպանուին ներքին տարակարծութիւններու հետեւանքով։ Որովհետեւ եթէ այդպէս պիտի դատենք, ապա թերեւս մեր ներքին ֆաշականութիւնը յաղթահարելու համար պէտք է մէկ կողմ դնենք այս կեղտոտ ձեւականութիւնը եւ անմիջապէս մենք մեզ դասակարգերու բաժնենք։ Որոշենք, որ այս ընտանիքներուն աղջիկները պիտի ըլլան մեր հասարակութեան մարմնավաճառները, իսկ այն ընտանիքին աղջիկները պիտի դառնան մաքուր ու բարոյական մայրեր։ Լաւ է չէ՞։ Նոյն ձեւով պիտի որոշենք, որ, ըստ ծագումին, այս զինուորը պէտք է ծեծուի ու ստորացուի, իսկ այն զինուորին միայն պէտք է ստիպել, որ յատակը լուայ, եւ վերջ։ Կրնանք աւելի առաջ երթալ եւ մեր միջեւ բաժնել, թէ ո՛վ պէտք է պարզ արհեստաւոր ըլլայ, իսկ ո՛վ՝ վերնախաւի իտէալական ներկայացուցիչ։ Ինչո՞ւ ոչ։ Ինչպէ՞ս թէ ոչ։ Ինչպէս, թէ ոչ, երբ այսօր ճիշդ այդ բանով կը զբաղինք։ Ինչո՞ւ ոչ, երբ այդ ներքին դասակարգումն արդէն իր գագաթնակէտին հասած է։ Ի՞նչ աշխարհի մէջ կ’ապրիք, եթէ հայերուն եւ Հայաստանին մասին միայն դասագիրքերէն ու առասպելներէն գիտէք։ Ուրեմն՝ կեցցէ՜ առասպելական, դասագիրքային հայ ժողովուրդը, կեցցէ՜ առաջին քրիստոնեայ եւ աստուածընտրեալը…
Թերեւս Տէրը մեզ պիտի դատէ հայ ըլլալնուս համար։ Մենք մեր հայութիւնը կը վերածենք աչք խոթելու վկայականի եւ ըստ մեր հայութեան կը տեսակաւորենք զիրար՝ արժանի, անարժան, հայրենասէր, թուրքին ստրուկ, ռուսին ճորտ, ապա նաեւ՝ կուսակցականներուն, ռոք լսող, ռեփ լսողներուն…Եւ հիմա իւրաքանչիւր հայ ինքնին մէկ ազգ է, մէկ աստուած, եւ միայն ի՛նքն է ճիշդն ու ճշմարիտը։ Ի վերջոյ, կուսակցութիւններն ալ բաժնուած են՝ հայրենիքը ազատագրողներու եւ հայրենիքը ծախողներու։ Գոնէ այդպէս կ՚ըսեն։
Լաւ, ամէն պարագայի, կրնանք նոր խնդիրներ առաջ քշել, խօսիլ տասնեակներով հին ու նոր խնդիրներու մասին, բայց էականը այն է, որ վիճակը վատ է, շատ բան վատ է, սիրելի՛ հայրենակիցս, ո՛ւր ալ գտնուիս։ Կը հասկնա՞ս՝ վատ է, վա՛տ։ Եւ վատ է, որովհետեւ մե՛նք ենք, որ թոյլ կու տանք այդ բոլորին։ Վատ է, որովհետեւ այդ «սորոսականը», թրքամէտը, ռուսամէտը, սեւը, սպիտակը, ազատականը, պահպանողականը, Արցախը սիրողը, Արցախը չսիրողը, Սեւրը պահանջողը, Սեւրէն հրաժարողը, մսակերը, բուսակերը, աջը, ձախը… բոլոր անոնք, զորս դուն կը հաւաքես այս կամ այն պիտակին տակ, նոյնինքն հայ ժողովուրդն են։ Կը հասկնա՞ս, թէ ոչ։ Կը հասկնա՞ս, որ այդ մենք ենք։ Մե՛նք ենք, որ հայը անձնասպանութեան կը մղենք, մարմնավաճառ կը դարձնենք ու կ’օգտագործենք զանոնք։ Մե՛նք ենք, որ ինքնաշարժի վրայ եղած աննշան փոսիկի մը համար պատրաստ ենք ուրիշին կեանքը կործանելու։ Մե՛նք ենք, որ այնքան կը ստորացնենք մեր մէկ մասը, որ ան այլ ելք չի գտներ, քան անձնասպան ըլլալը։ Կը հասկնա՞ս զիս։ Կը հասկնա՞ս, թէ ինչո՛ւ այս պարագային Կաթողիկոսը դատելը բնական է։ Լաւ չէ՛, վատ է, սարսափելի է, բայց տրամաբանական է, որովհետեւ այս բոլորէն անցնելէ ետք անկարելի է պարզապէս միամտօրէն բարեմիտ մնալ եւ շարունակել հաւատալ։ Կը հասկնա՞ս, որ մեր հաւատքն ամբողջութեամբ այնքան փշրուած է, որ մեզմէ շատերը այլեւս ո՛չ ոքի եւ ո՛չ մէկ բանի կը հաւատան։ Որ շատերու համար առաջ շարժելու միակ մղիչ ուժը ուրիշը ատելն է, եւ որ փոխադարձ ատելութիւնն է միակ բանը, որ մեզ տակաւին համակարգի մը կը վերածէ։ Կը հասկնա՞ս, որ մենք պարզապէս զիրար չենք սիրեր։
Իսկ Հայաստանը իր տեղն է։ Իր օրուան ու դարուն ցաւերով եւ առօրեայ պայքարներով։ Հայաստանը իր տեղն է՝ կիսուած ու ամէն օր վերստին բաժնուող։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս բաժնուած էր 9-րդ դարուն։
Արայիկ Մկրտումեան
ՍԻՐԱՒԷՏ
Դու քո սիրոյ բոյրը տուր ինձ,
Որ ծաղկունքով լիանամ,
Ծոցիդ բոյրը անուշ, անբիծ,
Կեանքի սիրով արբենամ։
Որ վայելեմ սէր ու խնդում,
Աստուածային սուրբ պարգեւ․
Սիրահարի սրտի խոստում,
Նուիրական, անդեդեւ։
Քո նայուածքի հուրը տուր ինձ,
Որ իմ սիրով է այրւում․
Աչքերիդ ցոլքը շողալից
Հորիզոնում, աստղունքում։
Ճաճանչում է արեգակը,
Ծոցս լցնում քո ջերմով․
Երջանկութեան հրեշտակը
Պարգեւում է ինձ գորով։
Բախտ ու սիրոյ իմ հեքիաթը
Անուշ խաղով թրթռում,
Ու տանում է ինձ գագաթը
Քո սիրաւէտ վայելքում։
ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա 2026-01-03
«Թոյլ պիտի տա՞նք, որ փողոցը լինի մեր ազգային գործերին ուղղութիւն տուողը»
Վերջերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ 19-րդ-20-րդ դարու տիտաններէն՝ Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանի (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, 1943-1952) 1911-ին հրատարակուած արժէքաւոր գործերէն մէկը կը կարդայի, երբ ստորեւ բերուած հատուածը ուշադրութիւնս գրաւեց։ Կարծես այս օրերուն գրուած ըլլար։
Ինչպէս ֆրանսական խօսքը կ՚ըսէ՝ «որքան ալ բան մը փոխուի, նոյնը կը մնայ» (plus ça change, plus c’est la même chose)։ Հայերս կը սիրենք իրարու յիշեցնել, որ «պատմութեան դասերը պէտք է սորվինք»։ Անշուշտ, մարդիկ պատմութենէն կը սորվին, սակայն հասարակութիւնները այդ դասը միշտ չէ, որ կը պահեն իրենց յիշողութեան մէջ։ Կարծէք իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է զայն վերստին սորվի։ Եթէ գիտակցի, անշուշտ։
Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանի 20-րդ դարու արշալոյսին Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրները դիմագրաւելու առանցքային պատգամը կարելի է այսպէս ամփոփել․
Ան կը զգուշացնէ, որ Եկեղեցւոյ կեանքն ու ապագան չեն կրնար առաջնորդուիլ պատահականութեամբ, փողոցի տրամադրութիւններով կամ վարչական ընթացիկ գործելակերպով։ Ան կը շեշտէ ազգային-եկեղեցական կեանքի խորքային նորոգման անհրաժեշտութիւնը՝ հոգեւոր վերակենդանացում, կրթեալ ու պատրաստուած հոգեւորականութիւն, ծխական համայնքներու կազմակերպում, քարոզչութիւն, ընկերային ծառայութիւն եւ մշակութային ու կրթական հաստատութիւններու ամրապնդում։ Իր համոզումով Եկեղեցին պէտք ունի այնպիսի առաջնորդութեան, որ վարչական կառավարումէն անդին կարենայ նոր կենսունակութիւն ստեղծել եւ նպաստել ժողովուրդի հոգեւոր եւ բարոյական վերածնունդին։
Յովսէփեան կը գրէ (*)՝
«Թոյլ պիտի տա՞նք, որ փողոցը լինի մեր ազգային գործերին ուղղութիւն տուողը: Պատուաբեր չի լինիլ մեզ համար, եթէ նորից կրկնենք այն սխալները: Անհրաժեշտ է հետզհետէ հող պատրաստել և ազգային-եկեղեցական ընդհանուր ժողով գումարել, քայքայման վիճակին հասած մեր դարաւոր ազգային ժառանգութեան կրօնական վերակենդանութեան, վարչական եւ ծխական բարեփոխութեան խնդիրները լուծել բաւականութիւն տալ ժամանակի հասունացած եւ խելացի պահանջներին, աւելի սերտ յարաբերութիւն եւ միութիւն մշակել եկեղեցւոյ լրութեան մէջ: Պէտք է միջոցներ ձեռք առնել ժամանակի համաձայն մտաւոր եւ բարոյական բարձր մակերեւոյթով` եկեղեցականութիւն պատրաստել եւ նիւթապէս ապահովել գիտնական եւ կրթուած միաբանութիւն ստեղծել, կարգաւորել եւրոպական՝ մտքով Մ. Աթոռի թանգարանն ու մատենադարանը, դիւրութիւններ ստեղծել գիտութեամբ զբաղուելու վանքերի առաջ քաղաքակրթական բարձր նպատակ դնել, ճեմարանը եւ միւս հաստատութիւններն իրենց անկերպարան եւ անապահով վիճակից հանել, կալուածների եւ դպրոցների կառավարութեան եւ բարեկարգութեան աւելի խելացի եւ հաստատուն ձեւ մշակել:
Եկեղեցական արուեստը ճարտարապետութիւնը, նկարչութիւնը, յատկապէս երաժշտութիւնը կարօտ են աւելի հոգատարութեան եւ խնամատարութեան: Մեր եկեղեցական կեանքի ներքին բովանդակութիւնը ու քաղաքակրթական ստեղծական կարողութիւնը աղքատացել է կամ անփութութեան ենթարկուել, մենք չունենք` քրիստոնէական-եկեղեցական բարեգործական հաստատութիւններ՝ հիւանդանոց, անկելանոց եւ որբանոց. չունինք աղքատների կանոնաւոր խնամատարութիւն, հովւութիւն, կամ հոգեշահական գործունէութիւն, համայնական կամ ծխական կազմակերպութիւն: Քարոզչական գործը նոյնպէս մատնուած է անփութութեան եւ մեր առաջնորդները հոգեւոր կեանքի ղեկավարներ չեն, կրօնական-բարոյական կեանքին ուղղութիւն տուող, այլ դիւանական պաշտօնեաներ: Այս բոլոր խնդիրների յաջող խնդիրների յաջող լուծումն ու կանոնաւորումը մեծ կամ փոքր չափով կախուած է կաթողիկոսի անձնաւորութիւնից»:*
Հրաչ Չիլինկիրեան
(*) Գարեգին Վրդ. Յովսէփեան, «Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան եւ Կաթողիկոսական Ընտրութիւն». Բ. Տպագրութիւն. Թիֆլիս, 1911:
Օգոստոս 11, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՄԱՆՈՐՆ Է. շնորհաւոր ԱՄԱՆՈՐ
Մեր նախահայրերը հազարաւոր տարիներ, Օգոստոս 11-ը նշած են որպէս նոր տարուան սկիզբը եւ զայն կոչած են ՆԱԻԱՍԱՐԴԵԱՆ ՏՕՆ։
Ըստ մեր ՀԱՅԿԵԱՆ ՏՈՄԱՐի, ՀԱՅԿԱԿԱՆ մեր տարին պիտի ըլլայ՝ 4518 թուական։
Մեր ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՆ ԷԻՆ՝
Արամազդ — Գերագոյն Աստուած, երկնքի ու երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հայրը: Կը կոչուէր «Մեծ եւ Արի Արամազդ», որու գլխաւոր սրբավայրը կը գտնուէր Հայաստանի պաշտամունքային կեդրոններէն Անի Կամախի մէջ։
Անահիտ — Մայր Աստուածուհի, պտղաբերութէան, մաքրութէան եւ ռազմի հովանաւորը, հայոց ամենասիրուած դիցուհին:
Վահագն — Ամպրոպի, կայծակի եւ քաջութեան Աստուած, «վիշապաքաղ» (Կը համեմատուուի Հերակլեսի հետ):
Միհր — Արեգակի, կրակի, լոյսի եւ արդարութեան Աստուած։
Տիր — Գիրի, դպրութեան, գիտութիւններու եւ մարգարէութիւնների Աստուած, կը հովանաւորէր արուեստները:
Աստղիկ — Սիրոյ, գեղեցկութեան եւ ջուրերու Աստուածուհի, Վահագնի զուգընկերն ու սիրելին։
Նանէ — Ընտանիքի պահապան, իմաստութէան, ռազմի եւ ողջախոհութեան Աստուածուհի (կը նոյնացուի Աթենասի հետ):
Վանատուր — Հիւրընկալութեան Աստուած, ճամբորդներու եւ պանդուխտներու հովանաւոր:
Սպանդարամէտ — Անդրաշխարհի եւ ստորգետնեայ թագաւորութեան Աստուած։
Անգեղ (Ներգալ) — Չար ուժերու եւ անդրաշխարհի հետ կապուած Աստուածութիւն։
ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾ «ԼԻՏԸՐ»-Ը
Ուսումնական վերամուտի առաջին շաբաթավերջն էր, երբ տասը տարեկան թոռնուհիս՝ Վանան, հօրը հետ մեր տուն մտաւ, վազելով եւ մեծ ուրախութեամբ: Ու  երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկընդխառնումներ չէինք փոխանակած, գիրկս նետուեցաւ ու հեւալով ըսաւ.-
-Պապի՛կ, հայերէնով «լիտըր» ինչպէ՞ս կ’ըսես …
Ահա քեզի տագնապ-մտահոգութիւն մը, հայ մանուկի մը բերնէն անմեղօրէն դուրս նետուած: Սովորական իր բարեւէն առաջ, հակառակ անոր որ առաւօտէն սկսեալ, ինքնածին զգայնութեամբ, եւ անձկութեամբ իր, մեր մօտ հանդիպելուն կը սպասէի, որուն շնորհիւ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը պիտի կարենայի վերապրիլ, զիս անժամանակ շուարումի մը մէջ նետած էր: Անհամբեր կ՛ուզէի զինք տեսնել, եւ հարցնել, թէ իր դպրոց յաճախելուն իբրեւ արդիւնք, արդեօ՞ք «ակռաները ոսկի եղա՞ծ էին», թէ ոչ: Եւ ահա իր այս հարցումը, որ զիս զարմացուցած էր: Անմիջապէս նայեցայ դէմքին: Աչքերուն շարժումները քննեցի: Դէմքին վրայ նոր գծած իր ժպիտը փորձեցի «լուծել»: Լաւապէս գիտէի, որ երեւոյթը գեղեցիկ էր: Որովհետեւ, Վանան հետս միայն հայերէն խօսեցաւ, համարձակ, նոյնքան ալ՝ ազատ: Կ’երեւի այդ բառը չէր յիշած, կամ իրապէս՝ մինչեւ հիմա մեզմէ չէր լսած «լիտըր»-ին հայերէնը:
-Պապիկ…,-դարձեալ շարունակեց հեւալով,- «թիչըր»-ս…«սօրի» պապիկ…օրիորդս, ինծի ըսաւ որ ես անգլերէն դասին ընկերներուս «լիտըր»-ը պիտի ըլլամ…որովհետեւ..«եու նօ…». ես անգլերէն շատ գիրքեր կը կարդամ կոր…, անգլերէնով ալ լաւ կը գրեմ կոր, լաւ ալ կը խօսիմ…
Այսչափ: Ինծի համար թէ՛ հասկնալի եւ թէ՛ ալ հպարտալի երեւոյթ էր, որ իր այս տարիքին, դարձեալ իր մանուկ միտքը կրցած էր հայերէնով արտայայտել, եւ իր անսահման ուրախութեան պատճառն ալ, հասկնալի՝ պարզել:
Վանան, հաւանաբար, մինչեւ տուն վերադարձը երկար մտածած ըլլալու էր այս մասին ու առանց նախաբան մը ընելու՝ մտահոգութիւնը շպրտած երեսիս: Նայեցայ դէմքին: Տակաւին հարցումը անկէ կախուած կը մնար ու ինձմէ պատասխանի մը կը սպասէր: Պատասխան մը, որ գոհացում պիտի տար իր այս «մեծ» մտմտուքին:
Կը զգայի, որ իր փոքրիկ ուղեղը հիմա անտէր հայելի մըն էր, ուրկէ անմեղ պատկերներ կ՛անձրեւէին իր հոգիին մէջ: Ճերմակ ու բաց թուղթի մը նման նաեւ կը տեսնէի անոր հոգին: Բայց, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պէտք էր որ պատասխանէի, որպէսզի որոշ գոհացում մը կարենայի տալ իր մտահոգութեան:: Իրապէս որ շուարած էի:
Ու ինծի համար նորութիւն մը չէր, որ անգլերէնը, նոյնիսկ իր այս տարիքին, արդէն տիրապետած ու կլանած էր իր մտապաշարն ու խօսակցական լեզուն:
Կարծես, հայերէնը, պապիկին լեզուն էր ու միայն պապիկին ու նանիին հետ խօսելու համար ստեղծուած էր: Ի՜նչ կրնայի ընել…: Նորութիւն մը չէր: Ամերիկայի տարածքին նման ձեւով արտայայտող հազարաւոր իր տարեկիցներու մէջ, ի՛նք, ո՛չ առաջինն էր, եւ ոչ ալ՝ վերջինը:
Ուրեմն,-կը մտածէի,- շատ հաւանաբար, իր դասատու ուսուցչուհին իր դասարանի աշակերտները որոշ խմբակներու բաժնած ըլլալու էր, եւ ահա թոռնիկիս ալ, այդ խմբակներէն մէկուն պատասխանատու նշանակած:
Ի՜նչ ցնծութիւն, եւ ուրախութեամբ խառն հպարտութիւն՝ թէ՛ իրեն, եւ թէ՛ ինծի համար:
Սթափեցայ: Կրկին նայեցայ դէմքին: Մեր աչքերը այս անգամ տարբեր կերպով իրար հանդիպեցան: Իրը՝ անհամբերութեամբ լեցուն էր, իսկ իմս՝ պապիկներու յատուկ ուրախութեամբ: Ու հաւատացէ՛ք, մանաւանդ այս օրերուն պապիկի մը համար որքա՜ն հաճելի է իր թոռնիկին հետ հայերէնով զրուցելը:
Ապա, սկսայ հանդարտ բացատրել.
-Հայերէնով… ճանիկս…քու այդ «լիտըր» բառի՛դ «ղեկավար» կ’ըսենք, «առաջնորդ» ալ կ’ըսենք, նաեւ՝ «խմբապետ»…, ու նաեւ՝ «մեծ»…
Ու այսպէս «նախագահ…հերոս…» ու բաւական այլ հոմանիշներ ալ շարեցի, բացատրեցի իր իսկ հասկցած լեզուով, պարզ եւ խօսակցական ոճով:
Հաւանաբար թերեւս ալ իր այս հեւքին մէջ, վայրկեանին շատ բան չհասկցաւ: Բայց…:
Ապա, ժամանակ մը ետք, այս կարճ եւ հաճելի ու մանաւանդ ինծի համար մեծ գոհունակութիւն պատճառող մեր խօսակցութիւնը յանկարծ ընդմիջեցաւ, երբ կինս զինք իր մօտ կանչելով, իր նախասիրած կերակուրը ուտելու հրաւիրեց:
Իմ կարգիս, ուզեցի առանձնանալ: Ու բաւական ծանր խոհերովս սենեակս մտայ:
Տարիներ անցած ու սահած են այս գեղեցիկ «միջադէպէն»: Ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, ինքնաբերաբար ինքզինքս, ինքնախօսութեան մը երկար մթնոլորտի մէջ կը գտնեմ: Միտքս պարզեմ: Նախ հարց տամ…արդեօք ի՞նչ ըսել ղեկավար եւ կամ ո՞վ է այս ղեկավարը, կամ առաջնորդը, կամ գաղութի մը «մեծ»-ը…:  Այլ խօսքով. ո՞վ է «լիտըր»-․․․
Համեստօրէն ըսեմ, որ ինծի համար ղեկավարը այն մարդն է, կամ՝ անհատը, որ իր աշխատանքը չի սահմանափակեր աթոռին վրայ նստած սոսկ հրահանգներ արձակելով, այլ՝ իր կեանքի օրինակով եւ գործով, իր ծրագիրներուն, իր քայլերուն հետեւող իր ժողովուրդը, իր համակիրները, իր «խումբը», իր պատկանած միութիւնն ու կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդէ միասնական: Իբրեւ հեղիննակութիւն ունեցող անհատ ան նաեւ ունի յատուկ առաքելութիւն եւ գիտակցութիւն՝ իր պաշտօնին:
Դարաւոր մեր պատմութեան ընթացքին, հայրենիքէն ներս կամ մեր ապրած գաղութներուն մէջ, ազգային եւ պատմական անձնաւորութիւններու, ղեկավարներու եւ հերոսներու անուններն ու իրենց թուարկումները, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով, պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Եւ պէտք է աւելցնել թէ նոյն այդ «լիտըր»-ը, կամ «լիտըր»-ները, իրենց գործով եւ անուններով ժամանակին հետ կ’ապրին, իբրեւ մէկական ընտրեալները ազգին։ Անոնք չեն տժգունիր, չեն մաշիր, չեն մոռցուիր ընդհակառակն, աւելի քան երբեք պատգամի մը ուժը եւ թարմութիւնը կը ստանան՝ իբրեւ ազգային պարծանք:
Ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնք ապրեցան ու կ՛ապրին ճիշդ կերպով, իրենց ազգային ղեկավարի կոչումով, համոզումով եւ գիտակցութեամբ կատարելով իրենց վստահուած պարտականութիւնը:
Անոնք բոլորն ալ յիշատակելի են, եւ մեծ գնահատանքի արժանի, որովհետեւ իրենց այդ ղեկավարած տարիներուն ընթացքին շահած են մտերմութիւնն ու յարգանքը իրենց հետեւորդներուն, իրենց համակիրներուն, իրենց ժողովուրդին  եւ դարձած մէկական արժանաւորներ:
Որովհետեւ, լաւապէս անոնք գիտցած են, թէ հայապահպանութիւնը ժողովներու սենեակներուն մէջ չէ որ կ’որոշուի, այլ զայն միայն կարելի է պաշտպանել յարատեւ զոհողութիւններով ու զոհաբերութիւններով: Ու այս օրինակելիներն են, որոնք  այս պարտականութիւնը վերցուցած են իրենց գործով, գաղափարներով, բազուկով, քրտինքով, աշխատանքով, եւ նոյնիսկ՝ իրենց կեանքի բարոյական օրինակով եւ զայն արժեւորած: Տակաւին շատեր ալ իրենց գրիչով, նոյնիսկ արիւնով եւ կեանքի նուիրումով, արիութեամբ, նուազագոյն կամ գերագոյն զոհողութեամբ, նիւթական բարերարութիւններով իրենց նպաստը բերած իրենց հայրենիքին, ապրած գաղութին եւ անշուշտ՝ ազգին:
Բայց …չմոռնանք…մենք՝ հայերս, պատմականօրէն կամ կը հերոսացնենք մեր առաջնորդները, մեր ղեկավարները, կամ հերոսները, եւ կամ՝ կը դատապարտենք: Կարծես միայն անցեալով կ’ապրինք, եւ կը հպարտանանք: Ու այսպէս եթէ շարունակենք ապրիլ, մեր ձեռքերով փակած պիտի ըլլանք ապագայի մեր դռները:
Մենք ազգովին ինքնաճանաչումի կը կարօտինք, միշտ շեշտած ենք: Եւ այս մէկը կարելի է իրականացնել, ազգային ոգիով լի եւ արդամիտ ղեկավարներու շնորհիւ, որոնց, այս օրերուն անքա՜ն կարիքն ու կարօտը ունինք ամէն տեղ:
Գէորգ Պետիկեան
Նոր առաջնորդնե՞ր, թէ՞ նոր հաստատութիւններ. Միսաք Օհանեանի դիտարկումներուն առիթով
«Ապագայի առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր» խորագրով մեր յօդուածին առիթով, «Տարբերակ»-ի ընթերցողներէն Միսաք Օհանեան խմբագրութեանս կը ներկայացնէ երկու դիտարկում, որոնք արժանի են ուշադրութեան եւ կը հարստացնեն քննարկումը։
Նախ ամբողջութեամբ կու տանք Միսաք Օհանեանի դիտարկումները.
«Շատ հետաքրքրական գրութիւն մըն է։ Համաձայն եմ ներկայացուած միտքերուն մեծ մասին։ Սակայն կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր հանգամանք դուրս մնացած են։
«Առաջինը՝ արտաքին ազդակներն ու երիտասարդներուն ապրած իրականութիւնը։ Այսօր շատ երիտասարդներ ամբողջովին զբաղած են իրենց անձնական կեանքի մարտահրաւէրներով՝ համալսարանական ուսում, աշխատանք գտնել, ընտանիք կազմել, նիւթական ապահովութիւն, խնամքի պարտականութիւններ եւ այլ անորոշութիւններ, որոնք կը փոխուին ըստ այն երկրի եւ պայմաններուն, ուր կ՚ապրին։ Այս երեւոյթը կարելի է նաեւ տեսնել ընկերային ցանցերու, օրինակ՝ LinkedIn-ի եւ այլ հարթակներու վրայ, ուր երիտասարդներուն առաջնահերթութիւնները յստակ կ՚արտացոլան։
«Երկրորդը՝ սփիւռքի աւանդական հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, սփիւռքի աւանդական կառոյցները՝ երեք քաղաքական կուսակցութիւնները, Եկեղեցին, ՀԲԸՄ-ը եւ այլ կազմակերպութիւններ, երիտասարդները աւելի կը դաստիարակեն որպէս իրենց ծրագիրներուն ու գործունէութիւններուն սպառողներ, քան՝ ստեղծողներ։ Անկախ եւ քննադատական մտածողութիւնը յաճախ չի խրախուսուիր։ Փոխարէնը, նախընտրելի են այնպիսի «առաջնորդներ», որոնք գործող համակարգին պատճէններն են՝ պատրաստ հրահանգներու ենթարկուելու առանց հարցադրումներու։
«Նման երեւոյթներ, տարբեր չափերով, կարելի է նկատել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ անկախութենէն ի վեր։ Այդ մէկը, թերեւս, զարմանալի չէ՝ նկատի ունենալով ամբողջատիրական վարչակարգի երկարատեւ ժառանգութիւնը։
«Իսկական առաջնորդները իրենց ապրած փորձառութիւններէն կը ծնին։ Անոնք չեն սպասեր, որ ուրիշներ իրենց առաջնորդութեան ճամբան ցոյց տան կամ արտօնութիւն շնորհեն։ Անոնք իրենք կը տեսնեն մարտահրաւէրները եւ կը դիմագրաւեն զանոնք՝ նախաձեռնութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։ Այսպիսի օրինակներ շատ կան։ Մոնթէ Մելքոնեանը, օրինակ, ո՛չ մէկէ խնդրանք ստացաւ եւ ո՛չ ալ քաջալերուեցաւ Հայաստան ու Արցախ երթալու. այդ որոշումը իր համոզումին եւ պատասխանատուութեան բնական արդիւնքն էր»։
Միսաք Օհանեան
Օհանեանի առաջին դիտարկումը կը վերաբերի երիտասարդներու ապրած իրականութեան։ Ան կը յիշեցնէ, որ այսօրուան երիտասարդը շատ անգամ ամբողջովին կլանուած է իր կեանքի անմիջական մարտահրաւէրներով՝ ուսում, աշխատանք, ընտանիք, նիւթական ապահովութիւն եւ բազմաթիւ անորոշութիւններ։ Այս պայմաններուն մէջ համայնքային ներգրաւուածութիւնը բնականաբար երկրորդական կը դառնայ։
Այս դիտարկումը արդարացի է ըստ ամենայնի։ Յօդուածին մէջ փորձած էինք աւելի կեդրոնանալ համայնքին կողմէ ղեկավարի պատրաստութեան մշակոյթի ստեղծման հրամայականին վրայ։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ արտաքին պայմանները դերակատարութիւն չունին։ Ընդհակառակը, այսօրուան երիտասարդները կը դիմագրաւեն այնպիսի տնտեսական, ընկերային եւ մասնագիտական ճնշումներ, որոնք այդքան էլ ակնյայտ չէին նախորդ սերունդներուն։ Այդ իրողութիւնը անտեսելը սխալ պիտի ըլլար։
Միսաք Օհանեանի երկրորդ դիտարկումը կը վերաբերի սփիւռքի աւանդական կառոյցներուն։ Ան կը նշէ, որ ընդհանրապէս երիտասարդները կը պատրաստուին որպէս գոյութիւն ունեցող կառոյցներու նպատակները սպառողներ, այլ ոչ որպէս նոր նախաձեռնութիւններ ստեղծողներ։ Ան նաեւ կը մատնանշէ, որ քննական մտածողութիւնը ընդհանրապէս չի խրախուսուիր, իսկ ղեկավարութիւնը յաճախ կը վերարտադրուի նոյն մտածողութեան ծիրէն ներս։
Նման երեւոյթներ անկասկած գոյութիւն ունին։ Անիկա գրեթէ բոլոր կազմակերպուած կառոյցներուն յատուկ վտանգ մըն է։ Քաղաքական կուսակցութիւն, եկեղեցի, մշակութային միութիւն, համալսարան, բարեսիրական կազմակերպութիւն կամ նոյնիսկ սեփական առեւտրական ընկերութիւն՝ ամէն կառոյց ժամանակի ընթացքին կրնայ կայունութիւնը, տեղքայլը, նախընտրել նորարարութենէն, փորձառութիւնը՝ փորձարկումէն:
Սակայն հոս առկայ է քննարկման երրորդ շերտ մը, որ ո՛չ մեր յօդուածին, ո՛չ ալ մեր յարգելի ընթերցողին դիտարկումին մէջ արծարծուած է։ Անիկա հաստատութիւններուն եւ անհատական նախաձեռնութեան ոգիի յարաբերութիւնն է։ Առողջ համայնք մը երկուքին ալ կարիքը ունի։
Հաստատութիւնները անհրաժեշտ են, որովհետեւ անոնք կը պահպանեն հաւաքական յիշողութիւնը, փորձառութիւնը եւ շարունակականութիւնը։ Առանց անոնց, ամէն սերունդ պիտի ստիպուի ամէն ինչ վերստին սկսելու։ Բայց հաստատութիւնները ինքնին բաւարար չեն։ Եթէ անոնք ընդդիմանան նոր գաղափարներու, նոր մարդոց եւ նոր առաջնորդներու, ժամանակի ընթացքին կը վերածուին անցեալով տարուած հնամաշ կառոյցներու՝ փոխանակ ապագան կերտող հաստատութիւններու։
Միւս կողմէ, նախաձեռնող ու ինքնուրոյն անհատներն ալ անհրաժեշտ են։ Բայց եթէ ամէն առաջնորդ ստիպուած ըլլայ գործող կառոյցներէն դուրս իր ճամբան բանալու, համայնքը կամաց-կամաց պիտի կորսնցնէ իր միասնականութիւնը եւ պիտի բաժնուի առանձին նախաձեռնութիւններու։ Հետեւաբար, հարցը այն չէ, թէ պէտք է հաստատութի՞ւնը ընտրել, թէ՞ անհատը։ Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս ունենալ այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք բաւարար վստահութիւն ունին տարբեր մտածողութիւններու տեղ տալու, նոր մարդոց տեղ տալու եւ պատասխանատուութիւնը աստիճանաբար փոխանցելու։
Այս տեսանկիւնէն հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի օրինակը եւս բարացուցական է։
Ճիշդ է, որ ան ո՛չ մէկէն խնդրանք ստացաւ Հայաստան եւ Արցախ երթալու, ո՛չ ալ արտօնութիւն սպասեց։ Բայց միաժամանակ պատմական փաստերը ցոյց կու տան, որ ան նախ փորձեց համագործակցիլ գոյութիւն ունեցող հայկական քաղաքական եւ կազմակերպական շրջանակներուն հետ։ Երբ համոզուեցաւ, թէ այդ ուղին չէր կրնար ծառայել իր տեսլականին, ընտրեց իր սեփական ճամբան։
Թերեւս հոս պէտք է տեսնել առաջնորդութեան կարեւորագոյն չափանիշերէն մէկը։ Իսկական առաջնորդը ոչ կառոյցներու կոյր հետեւորդն է, ոչ ալ սկզբունքով անոնց հակառակորդը։ Ան կը գործակցի, երբ կառոյցը կը ծառայէ հաւաքական նպատակին, եւ ինքնուրոյն կը գործէ, երբ կառոյցը խափանող գործօնի կը վերածուի։
Վերջապէս, կը կարծենք, որ մեր քննարկումը նոյն հարցումին տարբեր երեսները կը լուսաբանէ։
Միսաք Օհանեանը աւելի շեշտը կը դնէ անհատին պատասխանատուութեան եւ նախաձեռնութեան վրայ։ Իսկ մեր յօդուածը կեդրոնացած էր միջավայրը ստեղծելու համայնքի պատասխանատուութեան վրայ, ուր նման անհատներ կրնան կազմաւորուիլ։
Իրականութեան մէջ, երկուքը իրարու հակասող միտքեր չեն։ Ընդհակառակը, առողջ համայնքը այն չէ, որ կ՚ընտրէ հաստատութիւնները անհատներուն փոխարէն, կամ անհատները՝ հաստատութիւններուն փոխարէն։ Առողջ համայնքը այն է, որ կ՚ունենայ այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք կը կազմաւորեն ինքնուրոյն, պատասխանատու եւ ստեղծագործ առաջնորդներ։
Սակայն Միսաք Օհանեանի դիտարկումները ուրիշ, թերեւս աւելի հիմնական հարցադրում մը կը կատարեն։ Մենք հիմնականօրէն կը խօսինք, թէ ինչպէ՛ս առաջնորդներ կը պատրաստենք։ Բայց հաւասարապէս կարեւոր հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. արդեօք այսօրուան սփիւռքի կառոյցները կրնա՞ն լիարժէք կերպով պատասխանել վաղուան մարտահրաւէրներուն, թէ՞ ժամանակը հասած է մտածելու նաեւ նոր հաստատութիւններու եւ նոր գործելակերպերու մասին։
Այս հարցումը առանձին քննարկման արժանի է։ Որովհետեւ եթէ ընդունինք, որ առաջնորդները միայն գոյութիւն ունեցող կառոյցները ժառանգելու համար չեն պատրաստուիր, այլ նաեւ նոր իրականութիւններ ստեղծելու, այն ատեն պէտք է հարց տանք՝ ապագայի սփիւռքը ո՞ր կառոյցներուն կարիքը պիտի ունենայ։
Թերեւս համայնքի մը կենսունակութիւնը միայն նոր առաջնորդներ պատրաստելով չի չափուիր, այլ նաեւ նոր հաստատութիւններ ստեղծելու իր կարողութեամբ։
Վ.Թ.
«Նոր Յառաջ»-ի Հարցազրոյցը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ
13 տարիէ ի վեր Ռազմիկ Փանոսեան կը տնօրինէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը։ Շուտով երրորդ հնգամեայ ծրագիրին սկիզբը պիտի տրուի: Բաւական ընդգրկուն ծրագրեր են։ Փանոսեանի նշանակումով Հիմնարկը անկիւնադարձ մը կատարեց, ուր արեւմտահայերէնը յատուկ շեշտ ստացաւ:
«Նոր Յառաջ» – Երեւան կը գտնուիք մասնակցելու յատկապէս Մաշտոցեան Մատենադարանի կազմակերպած «3-րդ Հայագիտական միջազգային համագումար»-ին՝ նուիրուած Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին: Առիթ էր նաեւ Մատենադարանի հետ պայմանագիր մը ստորագրելու: Բազմաթիւ ռազմավարական ծրագրերու անդրադարձ կատարուեցաւ այդ գիտաժողովի ընթացքին:
Նախ պիտի ուզէի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ ձեր ծրագրած նոր ռազմավարութեան անդրադառնալ, ձեր ակադեմական աշխատանքին լոյսին տակ, որուն գլխաւոր նիւթը եղած է հայութեան ազգային ինքնութիւնը, դարերու ընթացքին: Այսօր նկատի առնելով 2020-ի պատերազմը եւ անկէ բխած բոլոր բարդութիւնները, յատկապէս Սփիւռք- Հայաստան բեկումը, ինչպէ՞ս կը տեսնէք հայութեան ազգային ինքնութիւնը:
Ռազմիկ Փանոսեան – Նախ ըսեմ, ռազմավարութեան տեսանկիւնէն, այո՛ շուրջ 13 տարի առաջ, երբ ռազմավարութիւնը մշակեցինք, արեւմտահայերէնի վրայ շեշտը դրինք եւ յաջորդ երկու հնգամեայ ծրագրերը կը շարունակենք նոյն ռազմավարութեամբ։ 2027-ին պիտի սկսինք մեր յաջորդ հնգամեայ ռազմավարութիւնը մշակել. միշտ կը մշակուին ռազմավարութիւններ Հիմնարկութենէն ներս։ Գալ տարի ընդհանուր Հիմնարկութիւնը պիտի ունենայ նոր նախագահ մը, ընդհանուր նոր ռազմավարութիւն մշա- կելու ընթացք մը կայ հաստատութենէն ներս։ Լաւ առիթ մըն է վերամտածելու, թէ ինչի՞ վրայ շեշտը պիտի դնենք։ Արեւմտահայերէնը կը մնայ, որովհետեւ ատիկա մեր կարեւոր կորիզն է կրթական, մշակութային եւ այլ ծրագրերով։
Հայաստան եկած եմ մեր ռազմավարական միւս գիծին համար, որ աւելի Հայաստանի վրայ կեդրոնացած է։ Մատենադարանին հետ պայմանագիր մը ստորագրեցի, որ իրենց առցանց քաթալոկը, ուր կը նկարագրուին Մատենադարանի (եւ ապագային այլ աշխարհասփիւռ ձեռագրաց կեդրոններու) ձեռագրերը, ձեռագրերու գոյութիւնն ու նկարագրութիւնը մատչելի ըլլան բոլորին։ Այս գիտաժողովը շեշտը դրած էր սփիւռքի հոգեւոր կեդրոններուն վրայ, ուրկէ ներկայացուցիչներ կային, որովհետեւ մեր արտասահմանի հոգեւոր կեդրոններն են նաեւ որ ձեռագրերու մատենադարաններու տէր են՝ Երուսաղէմ, Պոլիս, Վենետիկ, Վիեննա եւ Զմմառ։
Ինչ կը վերաբերի հարցումին եւ վերջին մասին, ռազմավարութեան ուրկէ՞ գալը եւ կապը՝ իմ ակադեմական աշխատանքիս՝ գիտական հետազօտութիւններս հայոց ինքնութեան կերտումին վրայ էին. երբ անոնց վրայ կ՚ աշխատէի, շատ յստակ դարձաւ, որ մեր արդի՝ 17,18,19,20- դարու ինքնութեան կերտումը ընդհանրապէս Սփիւռքէն եկած է, մինչեւ Սովետական Հայաստանի հիմնուիլը։ Սփիւռքեան կեդրոնները մեր արդի ինքնութիւնը կերտած են իրենց մտաւորական աշխատանքներով, անշուշտ Մխիթարեան Միաբանութիւնը առաջնահերթ դեր խաղալով, բայց մնացեալները եւս, նոյնիսկ՝ քաղաքական գետնի վրայ մեր հիմնական կուսակցութիւնները Հայաստանէն դուրս, արտասահմանի մէջ հիմնուած են։ Ուրեմն երբ այս գիտակցութիւնը ունիս, որ քու արդի ինքնութիւնդ կերտուած է սփիւռքեան կեդրոններու կողմէ եւ երբ դիրքի մը վրայ ես որ պիտի ծրագրաւորես՝ ինչպէ՞ս այդ ինքնութիւնը պիտի շարունակուի, շատ տրամաբանական է, որ նա եւ շեշտը դնես Սփիւռքի վրայ։ Ատոր համար մեր մօտեցումը շատ անգամ սփիւռքակեդրոն է։ Հոս ուրիշ հարց մը կայ, հայ մնալու հարցը Սփիւռքի մէջ, ուր լեզուն կարեւոր դեր պիտի խաղայ։ Ուրեմն ինչպիսի՞ ծրագրեր պիտի մշակես, որպէսզի Սփիւռքը ինքն իր վրայ կեդրոնանալով շարունակէ իր ինքնութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի հարցումին քաղաքական մեկնաբանութիւններուն, հոս շատ մեծ բան փոխուեցաւ նախորդ հինգ տարուան ընթացքին, այսինքն Արցախի պարտութենէն ետք, բայց որպէս նախաբան ըսեմ որ Սփիւռքը ինքն իր մասին մտածելու, ինքն իր ինքնութիւնը կերտելու սովորութիւնը ունէր եւ սփիւռքակեդրոն էր եւ գիտենք օրինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի, Գրիգոր Պըլտեանի, Մարկ Նշանեանի եւ Վահէ Օշականին պէս մտաւորականներ կը մտածէին թէ ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռքցի ըլլալ։ Մենք այդ մտածելու կարողութիւնը կամ ընթացքը 1988-ին շատ յստակ պատճառներով տեղափոխեցինք Երեւան, տեղափոխեցինք ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլ հայեացքով։ Ամէն ինչ պատահեցաւ՝ Արցախի այդ ժամանակուան պատերազմը, Հայաստանի բարելաւումը, վերակերտումը երկրաշարժէն ետք… եւ Սփիւռքը դադրեցաւ ինքն իր մասին մտածելէ, մտաւորական կեդրոն ըլլալէ։ 5-6-7 տարի առաջ սկսայ մտածել, թէ ատիկա պէտք է ետ գայ, պէտք է շեշտը դնենք Սփիւքի ինքն իր մասին մտածելուն վրայ։ Ետքը հասաւ Արցախեան պատերազմն ու շատ ծանր պարտութիւնը, որ ցնցեց, անակնկալի բերաւ Սփիւռքը, որ նաեւ սկսաւ մտածել, թէ ամբողջ գրաւը Հայաստանի եւ Արցախի վրայ դնելը թերեւս այդքան ալ լաւ գաղափար մը չէր կամ այդպէս պէտք չէ ըլլար, նոյնիսկ ներկայացուցիչները այն կազմակերպութիւններուն, որ գրեթէ բոլորովին հայաստանակեդրոն եղած են, սկսան ըսել՝ «չէ՛, նաեւ քիչ մըն ալ մենք մեր մասին մտածենք, մեր կենսունակութեան մասին մտածենք»։ Այդ փոփոխութիւնը եղաւ։ Հիմա Սփիւռքի մէջ դարձեալ մտաւորական պզտիկ շարժում մը կայ երիտասարդներուն մէջ մանաւանդ, որ «մենք մեր ինքնութեան մասին պէտք է մտածենք, մեր շարունակութեան մասին պէտք է մտածենք եւ մեր մշակոյթը կերտենք»։ Այդ հետաքրքրական ժամանակամիջոցին կը գտնուինք եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը ինչպէս յայտարարած ենք եւ ինչպէս դուն ալ հիմա անդրադարձ կատարեցիր՝ իմ ակադեմական հետազօտութիւններուս վերլուծութիւնները կը թելադրեն, որ մենք շարունակենք Սփիւռքի վրայ գրաւ դնելու մեր գիծը, որովհետեւ ասկէ առաջ ըսած եմ տեսլականս 500 տարի վերջ քեզի նման, ինծի նման մարդիկ նստին եւ այս նիւթերուն մասին խօսին եւ գոնէ մէկ մասը արեւմտահայերէնով ըլլայ:
«ՆՅ». Ըսածներուդ մէջ հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ. Սփիւռքը՝ ինքն իր մասին մտածող կեդրոն մը … բայց, խորքին մէջ կեդրոն չկայ, մտաւորականներ կան, որոնք մտածած են, բայց հաստատութենական ձեւով, — յատկապէս Սովետական Հայաստանի գոյութեան ժամանակ,— չեն եղած կառոյցներ, որոնք իսկապէս մտածած են Սփիւռքը: Մտաւորականներ եղած են յատկապէս 60-70-ականներէն սկսեալ: Իսկ անկախութենէն ետք, այդ հաստատութիւնները որոնք վերջապէս Սփիւռքի մէջ գործած են իբր սփիւռքեան կառոյցներ՝ կուսակցական, բարեսիրական եւ այլն, անոնք իրենց հայեացքը ամբողջովին շեղած են դէպի Հայաստան, ուր նաեւ հաստատած են իրենց մասնաճիւղերը, կառոյցները… : Այսօր կարծէք յեղաշրջումի մը կարիքը կայ, որ հաստատութիւններ հիմնուին եւ մտածեն՝ ըլլալ հաստատութենական չմնալ միայն մտաւորական մակարդակի: Սփիւռքը չմնայ մի քանի մտաւորականներու հայեցողութեան, դատողութեան կամ ուսումնասիրութեան առարկայ: Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ անցումը:
Ռ. Փ. Նախ լրիւ համաձայն չեմ ըսածիդ, հաստատութիւններ եղած են՝Համազգայինը, Բարեգործականը, եկեղեցիները…, ասոնք հաստատութիւններ են, որ Սփիւռքը կերտելու մէջ կարեւոր դեր խաղացած են 20-ական թուականներուն, երբ նայինք մեր սփիւռքեան գաղութները, հաստատութիւնները ստեղծեցին մտաւորականները։ Այդ հաստատութիւններուն դերը հետագային ինչպէ՛ս փոխուեցաւ, ուրիշ նիւթ է, բայց հաստատութիւնները կան։
«ՆՅ». Պզտիկ փակագիծ մը բանամ, այդ հաստատութիւններուն մեծամասնութիւնը գոյութիւն ունէր նախքան Սփիւռքի գոյառումը, հինէն եկած հաստատութիւններ են, անոնք պէտք է ժողովուրդին համար համայնք ստեղծէին, միջավայր ստեղծէին, որ գոյատեւէր, բայց որպէս Սփիւռքը մտածելու երեւոյթ յղացք, տեսութիւն չունէին, իրենց ինքնութիւնը կը տեսնէին Հայաստանի մէջ: Անջատումը տեսնել, տարբերութիւնը տեսնել, զգալ, տեսական գետնի վրայ 60-ական թուականներէն ետք է որ այդ ըմբոստացումները մէջտեղ եկած են: Իրենց մտայղացման մէջ միշտ Հայաստանը կար, Հայաստանի կերտումը կար:
Ռ. Փ. — 1988-էն ետք՝ այո՛, անկէ առաջ Հայաստանի կերտումը այո որոշ շրջանակի մը մէջ կար, բայց Սփիւռքի կերտումն ալ կար, Սփիւռքը որպէս համայնք, ինքնութիւն, լեզու այդ շատ յստակ ծրագիրն ալ կար։ Կրնանք խօսիլ երկար այդ նիւթին մասին, բայց աւելի կեդրոնանանք հարցումիդ երկրորդ մասին վրայ, որ աւելի արդի ժամանակամիջոցին կը վերաբերի։ Ամէն կազմակերպութիւն որոշ ժամանակէ մը ետք կը սկսի աւելի պահպանողական դառնալ, այդ մէկը պատահեցաւ Սփիւռքի մէջ եւ տարբեր մտաւորական եւ քաղաքական շարժումներ ի յայտ եկան։ Կարծեմ թէ մեր ներկայ Սփիւռքի մարտահրաւէրը երկու ուղղութեամբ է, մէկը ինչպէ՞ս այս կազմակերպութիւններուն մէջ փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ, որ այդ պահպանողականութենէն դուրս ելլեն եւ մտածեն աւելի ապագայի, նորարարութեան, նոր մշակոյթ կերտելու մասին, երիտասարդները ներգրաւելու մասին։ Երկրորդ ուղղութիւնը նոր կազմակերպութիւններու ի յայտ գալն է, ոչ անպայման հաստատութեան հոգեբանութեամբ, բայց այն մօտեցումով որ մենք կ՚ ուզենք քով-քովի գալով ծրագիր մը իրականացնել։ Յաջորդ մարտահրաւէրը այն է, որ այս գործընթացները ինչպէ՞ս կրնան աւելի կայուն ըլլալ, ինչպէս կրնան աւելի երկարաժամկէտ ըլլալ։ Հո՛ն ալ աշխատանք կայ տանելիք։ Օրինակ՝ Կիւլպէնկեանը այս երկու հոսանքներուն մէջ ալ աշխուժ է, թէ՛ կը գործակցինք համայնքի հաստատուն կազմակերպութիւններուն հետ, թէ՛ ալ՝ այն երիտասարդ ուժերուն հետ, որ կ՚ ուզեն բան մը իրականացնել։ Օրինակ մեր «Երդիք» ծրագիրը կը բաղկանայ խումբ մը երիտասարդներէ, որ քով-քովի եկած են ու ծրագիր մը կ՚ իրականացնեն։ Նոր պիտի սկսի «Զառցանց» ծրագիրը, որուն ետեւը «Հազար մէկ աշխարհ» կազմակերպութիւնը կայ։
Մատնանշեցիր իրականութիւն մը, որուն վրայ պէտք է կեդրոնանանք եւ մտածենք այդ մասին ոչ միայն մենք, այլ աւելի համայնքային մեծ կազմակերպութիւնները եւս։ Վերջ ի վերջոյ ամէն ինչ արհեստական բանականութիւն չէ, մարդկային յարաբերութիւնները կարեւոր են եւ անոնց վրայ եւս պէտք է կեդրոնանանք։
«ՆՅ». Իսկ անցո՞ւմը կրօնական հաստատութիւններէն դէպի աշխարհիկ կամ նոր հայեցողութեամբ կառոյցներ… Վերջապէս գիտենք որ Սփիւռքի մէջ հիմնական համայնքային կառուցումը ստեղծուած է սկիզբէն կրօնական հիմքով: Որքանո՞վ կրօնական հաստատութիւնները տակաւին դեր ունին եւ կրնան թարմացնել:
Ռ. Փ. — Ատոր՝ մէկ միակ պատասխան մը չունիմ, որովհետեւ այդ նոյն կրօնական կառոյցներուն մէջ, երբեմն նոյնիսկ նո՛յն եկեղեցւոյ մէջ, թէ՛ կան այդ պահպանողական եւ յաճախ յետահայեաց հոսանքները, թէ՛ ալ կան այն երիտասարդները որոնց հայեացքը դէպի ապագայ է: Ես բոլոր յարանուանութիւններու եկեղեցիները այնպէս չեմ տեսներ, որ միայն պահպանողական կեդրոններ են։ Օրինակ Գալիֆորնիոյ արեւմտեան թեմի Էջմիածնական եկեղեցին շատ յստակ ծրագիր մը մշակած է, թէ ինչպէս պիտի վերանորոգուի, երիտասարդներ ընդգրկէ։ Մա՛նաւանդ նոր Սփիւռքը, որ կուգայ Հայաստանէն կամ Ռուսաստանէն Հիւսիսային Ամերիկա, միակ կառոյցը որուն շուրջ կը համախմբուի՝ եկեղեցին է։ Եւ եկեղեցին եթէ գիտակցութիւնը ունենայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ներգրաւել եւ հետաքրքրական բաներ հրամցնել, աւելի պիտի յաջողի եւ կարենայ գաղութին սիրտը ըլլալ: Պահպանողական մօտեցումով հաստատութիւնները պիտի չյաջողին։ Երիտասարդները ներգրաւելու միակ միջոցը հարցնելն է՝ դուք ի՞նչ կ’ուզէք ընել, դուք ինչպէ՞ս կը տեսնէք ձեր ինքնութիւնը։ Ես իմ մագիստրոսի աւարտաճառս գրած եմ Հարաւային Ամերիկայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Liberation theology-ի (Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւն) մասին, թէ ինչպէ՞ս կաթողիկէ եկեղեցին, որ չափազանց պահպանողական էր, եղաւ յառաջդիմական եւ նոյնիսկ յեղափոխական, որոշ երկիրներու մէջ։ Մենք այդ հասկացութիւնը չունինք. մեզի համար եկեղեցին միայն պահպանողական վայր մըն է, բայց ես անպայման այդպէս չեմ տեսներ, կարծեմ թէ եկեղեցւոյ մէջ կան ուժեր, որ կրնան այս պահպանողական գիծէն դուրս ելլել, ներգրաւել երիտասարդութիւնը եւ ապագայ տեսլական մը մշակել։ Կան, գոնէ ես գիտեմ, քանի մը եկեղեցիներ ատիկա կը գործադրեն։ Մեր սփիւռքեան մարտահրաւէրներն են ասոնք։ Երբ ընկերոջս, Արա Սանճեանին հետ կը խօսիմ, կ՚ ըսէ մեր պատմութեան մէջ միշտ եղած է այս երեւոյթը՝ պահպանողական-յառաջադէմ ու վերջ ի վերջոյ միշտ յառաջդիմականները կը յաղթեն։ Ամէնէն պարզ օրինակը՝ 19-րդ դարու գրաբարի եւ աշխարհաբարի վէճն էր, աշխարհաբարը յաղթեց։ Ղեկավարները եւ մտաւորականները պէտք է գիտակցութիւնը ունենան, թէ ո՞ր ուղղութիւններով կ’ուզեն տանիլ համայնքը, որ ըլլայ ի նպաստ մեր ինքնութեան զարգացումին, պահպանումին եւ յառաջդիմութեան, Սփիւռքի մէջ։ Հայաստանը կայ, պետութիւն ունի, ամէն ինչ կ’ընթանայ ինչպէս որ ստեղծուած քաղաքական ուժերը յարմար կը դատեն։
«ՆՅ» – Իսկ նորոգում, բնականաբար, կը նշանակէ նոր մտաւորա կանութիւն, նոր քաղաքական պատրաստուած ուժեր եւ կարեւոր են անոնց ակադեմական կեդրոնները: Որքանո՞վ, այսօր, մեր հայագիտութեան կեդրոնները կ’օգնեն նոր մտածողութեամբ երիտասարդութիւն, ղեկավարութիւն պատրաստելու:
Ռ. Փ. Ակադեմական կեդրոններուն նպատակը՝ հայագիտական կամ ոչ, հետազօտութիւն ընելն ու ուրիշ ակադեմականներ պատրաստելն է։ Համայնքային կեդրոններ չեն։ Տրամաբանութիւնը տարբեր է։ Իրենց նպատակը տարբեր է։ Անշուշտ կրնան գործակցիլ։ Մէկ մասը սերտօրէն կը գործակցի, մէկ մասը՝ ոչ։ Գաղտնիքը հո՛դ է. համալսարանի մը չես կրնար պարտադրել այդ գործակցութիւնը։ Համալսարանի ամբիոնի պատասխանատուէն կու գայ եւ մեր համալսարանի ամբիոնները այնպէս են, որ մէկ մասը այդ գիտակցութիւնը ունի եւ կապերը կը հաստատէ, միւս մասը՝ ո՛չ, կը նախընտրէ իր գիտական աշտարակին մէջ մնալ եւ ուրիշներուն հետ կապ չունենալ։ Չես կրնար պարտադրել։ Ուստի, ի տես այս իրականութեան՝ ի՞նչ կ՚ընես. կրնաս ստեղծել սփիւռքեան համայնքային կառոյցէն ներս եւ դուրս այդպիսի կեդրոններ։ Օրինակի համար Կիւլպէնկեանը հիմա ստեղծեց Diasporan perspectives / Սփիւռքեան հեռանկարներ անունով առցանց կեդրոն մը, որուն նպատակն է հետազօտելը, բայց նաեւ՝ հետազօտութիւնը մատչելի դարձնելը ոչ ակադեմական շրջանակներուն։ Այլ կազմակերպութիւններ ալ կրնան նման բան ընել, որուն նպատակը այդ վայրը ըլլալն է, ուր կրնանք այս նիւթերուն մասին խօսիլ, մտածել, վիճարկել, հրատարակել։ Բաւարար չեն, պէտք է աւելի ունենանք, հիմա այդ ժամանակակից միջոցները մեզի ամէն հնարաւորութիւն կ՚ ընձեռեն, որ գոնէ առցանց վայրեր ստեղծենք, որպէսզի այս խօսակցութիւնները տե- ղի ունենան, այնուհետեւ իւրաքանչիւրը իր ստացածը կրնայ կիրարկել իր աշխատանքին մէջ։ Այո՛, Կիւլպէնկեանը հոս ալ դեր մը ունի խաղալիք, քով-քովի բերելու եւ այս նիւթերուն մասին խօսելու տեսանկիւնէն։
«ՆՅ». Հիմնական հարց մը կը ծագի այս խօսակցութիւններէն ետք, թէ նոր ղեկավարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուի: Այս հարցը կու տամ ելլելով պատմութենէն. ժամանակին, եկեղեցականները Սփիւռքի մէջ ծնածներն էին, այսօր բոլորը Հայաստանէն կու գան եւ ղեկավար դեր ունին համայնքներու մէջ: Ահաւասիկ հակասութիւն մը:
Ռ. Փ. Չեմ խորհիր որ ղեկավարութեան պակաս ունինք թուային առումով։ Ղեկավարներու պակաս ունինք այն իմաստով, որ հայկական իրականութեան մէջ տեսլական մշակող եւ իրականացնող ղեկավարներ շատ քիչ ունինք հիմա։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ 30 տարուան ընթացքին քիչ մը գինովցանք Հայաստանով եւ հիմա այդ գինովութենէն կը սթափինք։ Ապա, հայկականութեան մէջ ունինք տարօրինակ իրականութիւն մը. կարելի է, որ դուն ըլլաս քու ծիրէդ ներս շատ լաւ ղեկավար կամ մասնագէտ մը, բայց երբ կու գաս հայկական պարունակին մէջ, այդ ամբողջը կը մոռնաս եւ կը սկսիս ոչ այդքան մասնագիտական յարաբերութիւններ մշակել։ Վերջը, ունինք ուրիշ հարց մըն ալ. եթէ գործարարական աշխարհէն ներս շատ յաջող ես եւ շատ լաւ ղեկավար ես, ըսել չէ որ համայնքին մէջ շատ յաջող եւ շատ արդիւնաւէտ ղեկավար պիտի ըլլաս: Տարբեր բաներ են։ Յաճախ կ՚ ըսեմ, երբ դուն առեւտուրի աշխարհին մէջն ես եւ դիմացինէդ 1 քմ. առջեւ ես, շատ լաւ է ատիկա, որովհետեւ այդ կը նշանակէ, թէ դուն հասութաբեր շատ աւելի մեծ կարելիութիւններ ունիս։ Բայց երբ համայնքիդ մէջ դուն մէկ քմ. առաջ ըլլաս՝ մէկը չի յարաբերիր հետդ, այն իմաստով որ չի հասկնար քեզ։ Համայնքէդ 100 մեթր առաջ պիտի ըլլաս, որ կարենաս համայնքը ետեւէդ քաշել։ Մեր գործարար ղեկավարները դժբախտաբար շատ անգամ չեն կրնար հասկնալ ասիկա, գործարական հոգեբանութիւնը կամ մօտեցումը կը բերեն համայնքին մէջ եւ համայնքը կա՛մ չի հետեւիր, կա՛մ կ՚ընդվզի։ Բայց համայնքն ալ միւս կողմէն միշտ կը սիրէ յաջող մարդիկ տեսնել իր կազմակերպութիւններուն գլխուն։
«ՆՅ». Արդեօք այս ըսածիդ մէջ հիմնական խնդիր մը չկա՞յ մասնագիտացման, որ համայնքի ղեկավարները պէտք չէ որ ոչ-լիաժամ ղեկավարներ ըլլան, այն իմաստով որ իրենց ժամանակին միայն 2-3 ժամը յատկացնեն համայնքի գործերուն: Անոր համար հաստատութենականութիւնը կարեւոր է: Կառոյցը կ’ունենայ հոգաբարձու մարմին մը. ան կը նշանակէ գործադիր տնօրէն մը, որ վարձատրուած է ու միակ գործը տնօրէնութիւնն է:
Ռ. Փ. — Բայց կան անոնք, ամէնէն մեծ օրինակը՝ եկեղեցին, վարդապետները կը վճարուին եւ այլն։ Աշխարհիկ իրականութեան մէջ եւս մեծ համայնքներուն մէջ կայ։
«ՆՅ». Մեծ կազմակերպութիւններու կեդրոնական գրասենեակները ունին պաշտօնէութիւն, սակայն մասնաճիւղերը, տեղական կառաոյցնե ՝ ոչ: Ֆրանսայի կամ Պելճիքայի մէջ այդպիսի ղեկավարութիւն չկայ, որ վարձատրուած ըլլայ: եթէ CCAF-ը (Conseil de Coordination des Or- ganisations arméniennes de France / Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) առնենք օրինակի համար, վարձատրուած ղեկավարութիւն չունի:
Ռ. Փ. — Գաղափարները կրնան շատ գեղեցիկ ըլլալ, բայց գեղեցիկ գաղափարները անպայման լուծում չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ մենք իրականութեան մը մէջ կ’ ապրինք կ՚աշխատինք։ Մեր Սփիւռքը 120 տարի է այսպէս ղեկավարուած է, ընդհանրապէս կամաւորներով, որոնք երբեմն վարձատրուած են։ Կամաւոր աշխատանքը իր առաւելութիւնները ունի. մեր ամբողջ Սփիւռքը այդ կամաւորական աշխատանքներով ոտքի կը կանգնի։ Ատոր մէջ մասնագիտական բան մը մտցնելը՝ շատ լաւ է, համաձայն եմ. հայ կեդրոններու տնօրէններ կան, որ կը վճարուին, բայց իրենց վրայ միշտ աւելի բարձր մարմիններ կան, որ կամաւոր հոգաբարձու մարմիններ են։ Այս կառոյցը փոխելը գրեթէ անկարելի է, ըստ իս, կրնանք երեւակայել, խօսիլ, բայց գործնական գետնի վրայ՝ անկարելի է։ Ինչպէ՞ս կրնանք մասնագիտացումը մտցնել համայնքին մէջ, հարցը ատիկա պէտք է ըլլայ։ Բայց ո՞ր ղեկավարը կամաւոր ձեւով իր ուժը պիտի յանձնէ ուրիշին։ Դուն այդ մարդուն հետ պիտի աշխատիս, անոր հետ լեզու պիտի գտնես եւ վերջ ի վերջոյ ոեւէ մէկը յաւիտեան պիտի չմնայ։ Պէտք է պատրաստել յաջորդ սերունդը, որ երբ իրենք այդ դիրքերուն հասնին, քիչ մը աւելի գիտակցութիւն ունենան որ տարբեր ձեւով աշխատին։
Լեզուի պարագային մեր կորիզն է արեւմտահայերէնը։ Մենք 12 տարուան ընթացքին որոշ շարժում մը ստեղծած ենք եւ հիմա կը հաստատենք, որ փոխուած են որոշ գաղափարներ, յառաջացած է ընթացք մը, որ ձեռնտու է արեւմտահայերէնը աւելի ամրապնդելու։
«ՆՅ» — Մատենադրանի գիտաժողովին ալ այսպիսի հարցեր քննարկուեցան ղեկավարութեան բազմակեդրոն հարցին վերաբերեալ : Ասիկա կը վերաբերի նաեւ բազմակեդրոն կառոյց մը ունենալուն: Բազմակեդրոն երբ ըլլայ, պէտք է նաեւ ըլլայ իրաւական հիմք եւ մշակուին կարեւոր սկզբունքներ եւ ձեւով մը իւրացուին համայնքներու ղեկավարութեան կողմէ:
Ռ. Փ. — Բազմակեդրոն ի՞նչ ըսել է. տարբեր-տարբեր վայրեր իրենց աշխատանքները կը տանին։ Ամէնէն լաւ պարագային տեղեակ ըլլալով մէկզմէկու աշխատանքներէն։ Այդ է որ կը յուսանք, այդ է որ կարծեմ նաեւ գիտաժողովը կը փորձէր ընել։ Երբոր կեդրոնացումի խօսք կ՚ ըլլայ, միշտ անոր դէմ կը խօսիմ, որովհետեւ կեդրոնացումը արդիւնաւէտ չէ, չի կրնար ըլլալ։ Մենք կեդրոնացուած ազգ չենք, չենք եղած, ոչ ալ պիտի ըլլանք։ Մենք բազմավայր, բազմակեդրոն, որոշ մասերը՝ ինքնագլուխ եւ մեր ընդհանուր յաջողութիւնը ատոր մէջն է. տեղ մը Սփիւռքը կը մեռնի, ուրիշ տեղ կը ծագի։ Շատեր կ՚ ըսեն, որ Սփիւռքը ապագայ չունի Լեհաստանը օրինակ բերելով, ես ալ կ՚ ըսեմ միւս կողմը նայինք, ասկէ 100 տարի առաջ Լոս Անճըլըսի մէջ քանի՞ հայ կար, ինչպիսի՞ կեդրոն էր եւ հիմա Սփիւռքի ամենամեծ կազմակերպուած գաղութն է (Ռուսաստանէն դուրս), որ կազմակերպուած է ապակեդրոնացուած ձեւով, բայց կազմակերպուա՛ծ է։ Մեր գաղտնիքն է անիկա, եւ կը խորհիմ այդ կեդրոնացումը մեր անկումի բանալին կ՚ ըլլայ, անոր մէջ միշտ Հայաստան-Սփիւռք հարցը կայ՝ դէպի Հայաստան կեդրոնացնելու գաղափարը կայ, մինչ Սփիւռքի մեծ մասը կ՚ընդվզի, կ՚ ուզէ իր իւրայատկութիւնները պահել։
Գիրքս, որ մօտ օրէն հայերէնով լոյս պիտի տեսնէ, կ՚ անդրադառնայ այս հարցին. կը գործածէ բազմավայր եզրը. մենք բազմավայր ժողովուրդ ենք, առնուազն հազար տարի եղած ենք բազմավայր, պետականազուրկ, բայց ատիկա նաեւ մեր յաջողութեան բանալին եղած է, որ մեր ինքնութիւնը շարունակուած է այսքան տարի ետք։ Հիմա վայրկեան մը մտածէ, Ժիրայր, Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մենք հոս նստած արեւմտահայերէնով կը խօսինք։ Ասիկա հրաշքի պէս բան մըն է, բայց հրաշք չէ անշուշտ։ Հայերէն խօսելու, հայ ըլլալու ետին կան սփիւռքեան կառոյցներ, սփիւռքեան ընթացք մը կայ, մենք անոր շնորհիւ հոս նստած հայերէն կը խօսինք եւ վստահ եմ, որ 100 տարի ետք ուրիշներ ալ պիտի ըլլան, որ մեր տեղը պիտի նստին եւ խօսին հայերէն եւ պիտի զրուցեն ազգային նիւթերու շուրջ. ի՞նչ պէտք է ընել, որ ատիկա աւելի ամրապնդուի։
Հարցազրոյցին տեսանիւթը՝ հետեւեալ կապով .- https://youtu.be/DqJ-KQ9dVoY
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԿԱՊԱՆՔՆԵՐ
Յիշու՞մ էք այն օրերը,
Երբ հեռախօսը պատից էր կախուած,
Լար ունէր, ինչպէս վզկապ,
Եւ դուք պատասխանում էիք նրա զանգին։
Անլար հեռախօս չկար,
Ոչ մի դեգերում, ոչ մի անլար կապ,
Կրպան դնելու հեռախօս չկար,
Ոչ մի գրպան՝ թաքցնելու համար…
Պարզապէս կախուած էր պատից,
Եւ այն չէր թւում տարօրինակ։
Այժմ ազատութիւնը խոստում է,
Որը կպցրած է մեր ձեռքերին,
Մենք ստուգում եւ թարմացնում ենք,
Երբ աւազի ժամացոյցի աւազը
Սահում է,
Կարծես սպասում ենք անջրպետայինի զանգին,
Բայց այն ամէնը, ինչ մենք գտնում ենք,
Նոյն հին բանն է։
Մեքենաները հիմա սկսում են աշխատել
Բանալիքի հպումով,
Կամ ընդհանրապէս բանալի չկայ,
Միայն հպում,
Առանց ֆանտազիայի։
Անցել են կորցրած բանալիների որոնման
Սարսափի առաւօտները…
Շուտով նրանք ինքնուրոյն կը վերաբերուեն,
Մինչդեռ մենք թարթում ենք,
Մեր աչքերը։
Մենք հետ ենք նստում,
Կլանուած հայեացքով՝
Առանց անհանգստութեան,
Հասնելով այն վայրերին,
Որոնց հազիւ թէ յիշում ենք։
Անմտածուած,
Նրանք մեզ կ’ուղղորդեն այնտեղ,
Ուր կամենան,
Պարզապէս կայանենք տաք կէտի մօտ,
Ապա կանգ առէք քամու հետ։
Խոհանոցը մի ժամանակ եփում էր
Բոցի վրայ,
Բայց կրակ չպարունակող խոհարարութիւնը
Գրաւել է անբոց եփելու ձեւը։
Օդային տապակիչը բզզում է,
Միկրոալիքային աքութը երգում է,
Սակայն ինչոր կերպ
Համը զգացւում է այնպէս,
Կարծես այն ինչոր բան է բերում
Կորած ջեռուցման մէջ՝
Քայլից մինչեւ ազդանշան։
Ցանցակալը վերածուել է
Տաքացնելու համար յարմարանքի։
Անհանգստանալու կարիք չկայ,
Թէ ով է այրել ապուրը։
Կ’անեն անիւղ,
Խոստացան նրանք,
Որ կթեթեւացնի անելիքը,
Բայց համը մի գին է,
Որ նրանք մոռացել են։
Պաղպաղակ,
Որ անհետանում է նախքան հալուելը։
Դա սառը օդ է,
Շշուկ,
Որը դուք հազիւ էք զգացել։
Սակայն, ոչ մի վնաս չի պատճառուել,
Ոչ մի կառչում ազդրերից,
Պարզապէս առեղծուածային լրացումներ
Եւ լաբորատորային պայմաններում
Պատրաստուած կատակ։
Ին՞չ է յաջորդը։
Անհամ ընթրիքներ՝ հաբերով, թէ՞ ըսփրեյով՝
Ցօղիչով։
Գոնէ ճարպը չի խանգարի։
Նորաձեւութիւնը մերկացուել է
Մինչեւ ամենանուրբ թելը—
Առանց թեւքերի,
Առանց մէջքի,
Փոխարէնը՝ ոչինչ։
Թրենդը պակաս է,
Բայց մենք աւելի շատ կը ծափահարենք,
Նոյնիսկ եթէ ցրտահարութիւն լինի,
Քան հալուել։
Զոհաբերութիւններ՝ յանուն տեսքի—
Ին՞չ ջերմութիւն է նորաձեւութեան
Գրքերից այդքան ցնցուած սրտի համար։
Առանց հագուստի մենք կը քայլենք
Աւելի մերկանալով աչքերի դիմաց,
Եւ դա կ’անուանենք բարձր ոճ՝
Ոչ մէկի զարմանքի չյանգեցնելով։
Աստիճանները տոմսն էին,
Երազանքը՝ մրցանակը,
Բայց հիմա դրանք պարզապէս թուղթ են,
Բարակ քօղարկում։
Գերորակ որակաւորուած
Այն աշխատանքների համար,
Որոնց մենք փնտրում ենք,
Թերի վարձատրուող,
Գերծանրաբեռնուած կամ մէկ շաբաթում կորած։
Աշխատանք փնտրելու լաբիրինթոսի
Վայրի բնութիւնը ուսումնասիրելով—
Կարիերայի արկածախնդիրներ,
Կորած մշուշի մէջ։
Երազանքի արկղը՞։
Այն անհետացել է հեռատեսիլի մէջ,
ոչ թէ շրջանակից դուրս—
Պարզապէս հանելուկ․․․
Եւ խառնաշփոթ․․․
Խաղին վերջ չկայ։
Առաջնորդները մի ժամանակ
Առաջնորդում էին,
Կամ այդպէս է պատմւում․
Բայց հիմա
Նրանք պարզապէս տատանւում են
Սկանդալային շոուներում։
Ճշմարտութիւնից խուսափելով
Լաւ վարժեցուած խորամանկութեամբ,
Նրանք ժպիտով են ստում,
Վիճում են չարութեամբ։
Հերոսի կարիք չկայ,
Երբ հեռուստացոյցը միանում է…
Նոյն յոգնած դրաման, օր օրի։
Վերցրէք ձեր պոպկորնը,
Նստէք ուրախութեամբ,
Առաջնորդները խօսել են,
Բայց ոչինչ պարզ չէ դեռեւս։
Այսպիսով, ահա, մենք՝ լարերով,
Անջատուած, թակարդուած…
Ազատութեամբ,
Որը գալիս է տուեալների սահմանափակմամբ։
Մենք երազում էինք ապագայի մասին,
Բայց ինչոր կերպ թւում է…
Մենք զարմանքը փոխարինել ենք
Համացանցով եւ էկրաններով․․․
Անդորրաւէտ անջատուածութիւն․․․
Բայց որ բջիջային հեռազրոյցը ձեռքումս է
Կնոջս հետ վիճելու համար․․․
Գրիշ Դաւթեան
Երեւանը՝ եօթը տարի ետք
Ասիկա այս օրերու Հայաստանի մասին խոր ուսումնասիրութիւն մը չէ, այլ պարզապէս տպաւորութիւններու հաւաքածոյ մը՝ վերջերս կատարած այցելութենէս։ Գիտակցաբար խուսափած եմ քաղաքական գնահատականներէ ու վերլուծութիւններէ, յոյս ունենալով, որ այդ մասին ուրիշ առիթով պիտի գրեմ, երբ ժամանակ ունենամ մարսելու այն անհամար զրոյցները, զորս ունեցայ, եւ քիչ մը աւելի վստահ զգամ մտքերս արտայայտելու։
Վերջին անգամ Հայաստան էի 2019-ին՝ Թաւշեայ յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ ետք, երբ ամբողջ երկիրը կարծես վարակիչ լաւատեսութեամբ մը համակուած էր, եւ մարդիկ ապագային կը նայէին վարդագոյն ակնոցներով։
Եօթը տարի ետք, 44-օրեայ պատերազմէն, գրեթէ հինգ հազար երիտասարդներու կորուստէն, աւելի քան 120.000 արցախցիներու գրեթէ սովամահութենէն, Արցախի Հանրապետութեան կորուստէն եւ այն սրտաճմլիկ ազգային նուաստացումէն ետք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը խորապէս ցնցեց, Հայաստան հասայ՝ նոյնքան անձկութեամբ, որքան ակնկալութեամբ։
Այդ ակնկալութիւնը կը բխէր այն իրողութենէն, որ երկրին ներկայ վիճակին մասին այնքան տարբեր ու իրարու հակասող կարծիքներ լսած էի՝ թէ՛ այն մարդոցմէ, որոնց դատողութեան կը վստահիմ, եւ թէ՛ ընկերային ցանցերէն, որոնց դատողութեան՝ ոչ։ Այն աստիճան, որ հեռուէն արդար ու հաւասարակշռուած կարծիք կազմելը գրեթէ անկարելի դարձած էր։
Երեւանի մէջ երեք շաբաթ անցընելէ ետք, ահա իմ տպաւորութիւններս։ Զանոնք «տպաւորութիւններ» կը կոչեմ , որովհետեւ երեք շաբաթը չափազանց կարճ ժամանակ է հաստատ եզրակացութիւններու հասնելու, եւ երկիր մը որպէս հիւր այցելելը շատ տարբեր է հոն ապրելէն։
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ որքան բան փոխուած է… եւ, բնականաբար, որքան բան ալ նոյնը մնացած է։
Երեւանը տակաւին հակասութիւններու քաղաք մըն է։ Մէկ օրուան մէջ զգացումներդ ամբողջ ծիր մը շրջան կ’ընեն։ Մարդ մը նստած սրճարանի մը առջեւ աքորտէոն կը նուագէ, եւ ջերմութեան ալիք մը կը համակէ քեզ։ Տասը վայրկեան ետք մէկը կը մօտենայ ու կ’ըսէ. «Հերի՛ք է։ Չես գիտեր այդ անիծեալը նուագել։ Գնա՛ տուն, փորձ ըրէ ու նոր եկուր»։
Ահա տասը տպաւորութիւն Երեւանէն՝ եօթը տարի ետք։
Երեւանը աւելի կանուխ կ’արթննայ
Տասը տարի առաջ, երբ երեք ամիս Երեւան մնացի ֆիլմ մը նկարահանելու համար, քաղաքը իրականութեան մէջ չէր արթննար մինչեւ առաւօտեան ժամը տասը։ Այսօր, կեանքի առաջին նշանները կը սկսին արդէն ժամը իննին, իսկ աշխուժութիւնը գրեթէ մինչեւ առաւօտեան ժամը չորս կը շարունակուի։
Առանց երկրորդ անգամ մտածելու կրնաս գիշերը մէկու մը ժամը մէկին հեռաձայնել։ Բայց եթէ առաւօտեան ժամը իննին զանգահարես, աւելի լաւ է նախ ներողութիւն խնդրես, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ զինք արթնցուցած ըլլաս։
Ժամանակ մը կար, երբ առաւօտեան ժամը տասէն առաջ գաւաթ մը սուրճ գտնելը գրեթէ անկարելի էր։ Այսօր կրնաս առաւօտեան ժամը ութին սրճարան մը մտնել, քրուասան մը պատուիրել, եւ սպասարկողը քեզի չի նայիր այնպէս, կարծես նոր փախած ըլլաս հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունքէն։
Ոմանք կ’ըսեն, թէ առաւօտները աւելի կանուխ սկսելու պատճառը երթեւեկի անտանելի խճողումն է։ Թերեւս ասիկա նաեւ կը բացատրէ արկածներու մեծ թիւը. վարորդներուն կէսը կարծես տակաւին կիսաքուն կը վարէ։
խճողումը տիրած է քաղաքին
Վերջին անգամ, երբ Երեւան էի, երթեւեկի խճողում գրեթէ գոյութիւն չունէր։ Եթէ քաղաքին կեդրոնէն տասնհինգ վայրկեան հեռու տուն մը գնած ըլլայիր, կրնայիր վստահ ըլլալ, որ իսկապէս տասնհինգ վայրկեան ետք տուն պիտի հասնիս։ Այսօր նոյն ճամբան դիւրութեամբ կրնայ քառասունհինգ վայրկեան տեւել։
Այսօր Երեւանի մէջ ինքնաշարժ վարելը ողիմպիական մարզախաղի վերածուած է։ Մէկ օրուան ընթացքին հինգ արկած տեսայ։ Եւ քանի որ իւրաքանչիւր արկած ժամերով կը սառեցնէ երթեւեկը, մինչ առնչակիցները իրենց ինքնաշարժներուն քով կանգնած կը ծխեն ու կը սպասեն ոստիկանութեան, ապահովագրական ընկերութեան կամ հետզհետէ աճող ազգականներու եւ բարեկամներու խմբակին, ամէն բախում կը վերածուի փոքրիկ խորհրդաժողովի մը, որ աւելի եւս կը վատթարացնէ խճողումը։
Սրճարաններ՝ ամէն քայլափոխի
Երեւանը միշտ ալ սրճարաններու մշակոյթ ունեցած է, բայց այսօր սրճարանները, պիսթրոները եւ ճաշարանները բուսած են ամէն փողոցի ու գրեթէ ամէն անկիւնի վրայ։ Հինգշաբթի գիշեր մը, գրեթէ կէսգիշերին, մեզմէ գրեթէ մէկ ժամ պահանջուեցաւ ճաշելու տեղ գտնելու համար, որովհետեւ բացօթեայ բոլոր սրճարանները լեփ-լեցուն էին։
Սրճարանները Երեւանի կեանքին անբաժանելի մասն են։ Գործարքներ, ընտանեկան հաւաքներ, տարիներու հանդիպումներ, առաջին տեսակցութիւններ, բաժանումներ եւ անոնց միջեւ եղած ամէն բան կը կատարուին սուրճի կամ ընթրիքի սեղանին շուրջ՝ այնպիսի վայրերու մէջ, ուր ծխելը ենթադրաբար արգիլուած է։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ սիկարէթը, սիկարը եւ կլկլակը (նարկիլէն) գրեթէ ամէն տեղ ներկայ են։
Ոչ ոք գիտէ, թէ Երեւանի մէջ ճաշարանի մը միջին կեանքը որքան է։ Վարձքերու շարունակական բարձրացումը երբեմն կը ստիպէ, որ նոյնիսկ ամենահաստատուած սրճարանները փակուին։ Բայց անոնց տեղը գրաւելու պատրաստ նոր սրճարան մը կարծես միշտ կայ։
Եթէ օր մը մէկը որոշէ սրճարան մը բանալ ուրիշ սրճարանի մը մէջ, վստահ եմ, որ Երեւանի մէջ ոչ ոք այդ մէկը անսովոր պիտի համարէ։
Քիթը կը վկայէ
Օդի ապականութեան մասնագէտ չեմ, բայց քիթս ինծի կ՚ըսէ, որ վերջին այցելութենէս ի վեր Երեւանի օդին որակը վատթարացած է։ Հասնելուս իսկ օրը քիթիս խոռոչները բորբոքեցան, եւ ստիպուած եղայ հակաալերժիք դեղեր գործածելու, որ կարենայի բնականոն շարունակել օրերս։ Ճիշդ է նաեւ, որ շատ բան պէտք չէ իմ հոտառութիւնս գրգռելու համար։
Խճողումը, ինքնաշարժներու ահռելի թիւը, տիզըլային շարժակներու արտանետումները եւ քաղաքին մէջ կուտակուած փոշին իրենց հետքը ձգած են։ Այս ըսելով հանդերձ, վստահ չեմ, թէ Երեւանի օդը շատ աւելի վատ է, քան Լոս Անճելըսի մշուշապատ օդը, զոր ամէն օր կը շնչեմ։ Բայց կայ մէկ կարեւոր տարբերութիւն. Լոս Անճելըսի մէջ քիթս գրեթէ ամբողջովին կորսնցուցած է իր օգտակարութիւնը։ Այնտեղ ոչինչ կը յիշեցնէ քեզի, որ միլիոնաւոր մարդոց հետ նոյն քաղաքը կը բաժնես։
Երեւանը, ընդհակառակը, կը բուրէ շաուրմայի, պենզինի, շան կղկղանքի, կանաչութեան եւ հարիւրաւոր այլ հոտեր։ Հոտեր, որոնք հոտառութիւնդ կենդանի կը պահեն՝ ամենէն գոյութենական իմաստով։
Յաւելեալ գոյներ
Հայ տղամարդոց սէրը սեւ գոյնին հանդէպ տակաւին չէ մարած, բայց այլ գոյներ վերջապէս սկսած են ներթափանցել անոնց հանդերձարանները։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, բայց հայ տղամարդը միշտ խոր համոզում ունեցած է, թէ եթէ սեւ չհագնի, զինք լուրջի պիտի չառնեն։ Անոնց կէսը այնպէս կը թուէր, թէ կա՛մ թաղումի կ՚երթային, կա՛մ թիկնապահ դառնալու քննութեան պիտի մասնակցէին։ Այս անգամ, սակայն, այլ գոյներ շատ աւելի տեսանելի էին, մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ։
Ինչ կը վերաբերի կիներուն, Երեւանի փողոցները տակաւին կը յիշեցնեն նորաձեւութեան ցուցադրութեան հարթակ մը։ Բոլոր տարիքի կիներ կը քալեն այնպիսի ինքնավստահութեամբ, կարծես անմիջապէս Vogue ամսագրի էջերէն դուրս եկած ըլլան։ Այստեղ բոլորը կ՚ուզեն դիտել, դատել եւ դատուիլ։ Նոյնիսկ զուգարանի թուղթի փաթեթ մը գնելու երթալը կրնայ բաւարար պատճառ ըլլալ պճնուելու եւ գոյութիւնդ հաստատելու։
Գոյութենապաշտ փիլիսոփաները կը հաւատային, թէ մենք ուրիշներու հայեացքին միջոցով գոյութիւն ունինք։
Երեւանի մէջ՝ բոլորը գոյութիւն ունին։
Ապահով Փողոցներ
Հայաստանը միշտ եղած է, եւ տակաւին է, աշխարհի ամենէն ապահով երկիրներէն մէկը։ Լիովին բնական է տեսնել երեխաներ, որոնք կը խաղան փողոցները կամ իրենց «հայաթ»ներուն (բակերուն) մէջ մինչեւ ուշ գիշեր։
Օտարերկրացի բարեկամ մը ունիմ, որուն քոյրը ամուսնացած է հայ ոստիկան մը հետ։ Օր մը ան հարցուց իր աներձագին, թէ այդպիսի փորով ինչպէ՛ս պիտի կարենայ կասկածեալ մը հետապնդել։
Ոստիկանը պատասխանեց.
— Վազելու պէտք չկայ։ Մենք գիտենք, թէ ո՛վ ով է, եւ ո՛ւր կ՚ապրի։
Ասիկա, բնականաբար, չի նշանակեր, թէ մանր յանցագործութիւններ գոյութիւն չունին։ Երկու տարբեր անձերէ լսեցի, որ իրենց բջիջային հեռաձայնները գողցուած էին։ Ես ալ, առիթով մը, վերջին պահուն յաջողեցայ գրպանահատի մը ձեռքէն փրկել իմս։
Յառաջդիմութեան գինը
Անցնող եօթը տարիներուն ընթացքին Հայաստան զգալիօրէն թանկացած է։ Վարձքերը կտրուկ բարձրացած են՝ ռուսերու, ուքրանացիներու, իրանցիներու եւ այլ օտարերկրացիներու հոսքին պատճառով։ Ճաշարաններու գիները այսօր համեմատելի են Քալիֆորնիոյ կամ Հիւսիսային Եւրոպայի գիներուն հետ։
Այս բոլորը ըսելով հանդերձ, այստեղ միջին ամսական եկամուտը շուրջ հինգ հարիւր ամերիկեան տոլար է։ Եթէ բնակարանիդ հարցը արդէն լուծուած է, եւ կարենաս դիմադրել բարձրակարգ ճաշարաններու փորձութեան, կեանքը տակաւին կրնայ լիովին տանելի ըլլալ։ Բժշկական խնխմքն ու հիւանդանոցային ծախսերը համեմատաբար մատչելի կը մնան, տարեկան ինքնաշարժի ապահովագրութիւնը քիչ մը աւելի քան հարիւր տոլար է, իսկ մարդ կրնայ շատ գոհ կեանք մը ունենալ՝ հացով, կարագով, պանիրով, դրախտային լոլիկներով եւ այն պտուղներով, որոնք այդ եղանակին հասած են։
Նոյնը, դժբախտաբար, չի կրնար ըսուիլ շատ մը գիւղերու մասին, ուր մարդիկ տակաւին ամենօրեայ կարիքները հոգալու դժուարութիւն ունին։ Բայց նոյնիսկ հոն ապագային նկատմամբ զարմանալի լաւատեսութիւն մը զգացի։
Կիները՝ ղեկին
Վստահաբար կրնամ ըսել, որ Երեւանի կիները միշտ ալ, իրենց սրամտութեամբ, կրթութեամբ, խելքով, ներկայութեամբ եւ, մանաւանդ, աւելի լաւին ձգտումով, առնուազն յիսուն տարիով առաջ անցած են տղամարդոցմէ։ Այսօր այդ տպաւորութիւնը աւելի եւս խորացած է, թէեւ տղամարդիկ տակաւին կը շարունակեն այն խաղը, թէ իբր իրե՛նք են ղեկավարողները։
Մինչ տղամարդիկ սրճարաններու մէջ սուրճ կը խմեն, իրենց բարակ սիկարէթները կը ծխեն եւ կը խօսին արագ դրամ շահելու միջոցներու մասին, կիները արդէն գործի վրայ են եւ գործերը յառաջ կը տանին։
Պատահական չէ, որ Հայաստանը կիներու աշխատուժի մասնակցութեան ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի։ Աւելի բարձր, քան Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ շատ մը այլ երկիրներ։
Անկեղծօրէն բաւական հպարտ էի ես ինձմով, երբ կը կարծէի, թէ «կինիշխանութիւն» (gynocracy) բառը ես հնարած եմ։ Յետոյ պարզուեցաւ, որ այդ բառը շատոնց գոյութիւն ունի։
Կանաչ քաղաքը
Չեմ կարծեր, թէ չափազանցած կ’ըլլամ, եթէ ըսեմ, որ Երեւանը աշխարհի ամենականաչ քաղաքներէն մէկն է։ Բնապահպանական իմաստով չեմ ըսեր։ Բառին բուն իմաստով՝ ամենուրեք ծառեր, թուփեր, ծաղիկներ եւ մագլցող բոյսեր կան։
Դժբախտաբար, հայերուն սէրը G-Wagon-ներու եւ BMW-ներու հանդէպ տակաւին աւելի զօրաւոր կը թուի ըլլալ, քան իրենց սէրը բուսականութեան հանդէպ։
Նոր շինարարութիւններ՝ ամենուրեք
Կը թուի, թէ հինին եւ անցեալին հանդէպ նոր յարգանք մը ծնունդ առած է։ Ժամանակ մը կար, երբ Երեւանը կարծես վճռած էր ջնջել խորհրդային ժամանակաշրջանի ամէն հետք եւ զայն փոխարինել ամէն ինչով, զոր «արդիական» կը համարէր։ Իսկ այդ «արդիականը», շատ յաճախ, պարզապէս ճաշակազուրկ էր։
Այսօր, սակայն, անցեալին հանդէպ կարօտը նորաձեւ դարձած է, իսկ հայերու այն տարուածութիւնը, թէ իրենց ճաշակը պէտք է իւրայատուկ երեւի, կարծես աւելի եւս խորացած է։ Թերեւս ասիկա աճող միջին դասակարգին արդիւնքն է։
Վստահ եմ, որ Հայաստանի մէջ ապրող շատ մը ընթերցողներ համաձայն պիտի չըլլան իմ կարգ մը դիտարկումներուս հետ։ Եւ այդ բոլորովին բնական է։ Ի վերջոյ, ինչպէս Քարլ Եունկ կ’ըսէ.
«Ընկալումը արտացոլում է»։
Թերեւս ես պարզապէս յոգնած եմ Լոս Անճելըսէն։ Կամ թերեւս կ’ուզէի վերստին գտնել այն Երեւանը, զոր այս բոլոր տարիներուն կարօտցած էի։
Ինչ ալ ըլլայ պատճառը, արդէն անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ այցելութեանս։
Այս բոլորը ընդամէնը իմ տպաւորութիւններս են՝ կարճատեւ այցելութենէ մը ետք։ Ձեր տպաւորութիւնները կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ։
Վահէ Պերպէրեան
Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»
Սահակեանի՞ փակումը, թէ՞ փակուող ապագան
Տխուր լուր մը այս օրերուն շրջան կ’ընէ լիբանանահայ համայնքին մէջ։ Կ’իմանանք, որ հարիւր հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող Սահակեան վարժարանը կը փակէ իր դռները։ Տխուր լուր մը, որ ամբողջ համայնքը մտածելու կը հրաւիրէ։
1921-ին, երբ ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու Լիբանանի ծովեզերքը ապաստանած հայը ոչինչ ունէր, վրանի մը տակ կը հիմնէր Սահակեան վարժարանը։ Անօթի էր, որբ, բայց ունէր տեսլական. աղիւս չունէր, բայց ունէր կամք։ Վրանը դարձաւ թիթեղ, թիթեղը՝ քարաշէն, իսկ շէնքը՝ հարիւրամեայ «Գոլէճ»։
2026-ին, 105 տարի ետք, այդ քարաշէն պատերն ու արդիական սրահները կանգուն են, բայց դպրոցը կը փակուի։
105 տարուան կեանք մը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Բայց դպրոցը միայն պատ չէ․ անիկա շէնք ալ չէ։ Դպրոցը նաեւ անցեալն ու ապագան, հին ու նոր սերունդները կապող կարեւոր կամուրջ մը կը հանդիսանայ։ Երբ դպրոց մը կը փակուի, իրականութեան մէջ դուռ մը կը փակուի ապագային առջեւ։
Հետաքրքրական է, որ Սահակեանի պատմութիւնը կը սկսի ոչ թէ բարեկեցութեան, այլ դժբախտութեան մէջ, 1921-ին՝ Նոր Հաճընի վրանաքաղաքին մէջ, գաղթականներու վրանին տակ։ Մարդիկ տուն չունէին, բայց որոշեցին դպրոց ունենալ։ Քարաշէն պատեր չունէին, բայց համոզում ունէին, որ իրենց զաւակներուն ապագան կարելի չէր յետաձգել։
Այսօր մենք հակառակ պատկերը ունինք։ Շէնքեր տակաւին կան, բայց այն համոզումը, որ դպրոցը համայնքի ապագան կը կերտէ, կարծես սկսած է թուլնալ։ Ահաւասիկ իսկական տարբերութիւնը։
Համայնքներու պատմութիւնը հետաքրքրական օրինաչափութիւն մը ունի։ Անոնք հազուադէպօրէն կը մահանան մէկ մեծ աղէտով, այլ՝ լուռ կերպով։ Սկիզբը դպրոց մը կը փակուի։ Ապա մշակութային միութիւն մը կը դադրի գործելէ։ Յետոյ երգչախումբ մը անդամներ չի գտներ։ Օր մը ալ մարդիկ կը զարմանան․
«Ինչպէ՞ս հասանք այս վիճակին»։
Անակնկալ մը չէ այս փլուզումը․ անիկա տարիներ առաջ սկսած հոլովոյթի մը հետեւանքն է։ Այսպիսի պահերու, ամէնէն դիւրին բանն է արցունք թափելը, չքմեղանքի խօսքեր գտնելը: Ամէնէն դժուարը հարցնելն է․
Ինչո՞ւ։
Արդեօք միայն արտագա՞ղթը, միայն ծնունդներու նուազո՞ւմը, թէ՞ մենք ալ կամաց-կամաց փոխեցինք համայնքի գաղափարը։ Թերեւս դպրոցը այլեւս առաջնահերթութիւն չէ։ Թերեւս հայերէնը դարձած է շաբաթավերջի զբաղում մը։ Թերեւս կրթութիւնը այլեւս ազգային ծրագիր մը չէ, այլ՝ անհատական ընտրութիւն։ Եւ եթէ այդպէս է, ապա խնդիրը միայն Սահակեանինը չէ․ խնդիրը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է։
Սահակեանի փակումը, հետեւաբար, պատմութեան էջի մը փակումը չէ միայն։ Անիկա հայելի մըն է․ հայելի մը՝ որուն մէջ ամբողջ լիբանանահայ համայնքը կը նայի ինքն իրեն։ Եւ թերեւս հարցումը այն չէ, թէ քանի՛ դպրոց փակուեցաւ, այլ՝ քանի՞ դպրոց տակաւին կը կարծենք, թէ մեզի անհրաժեշտ է։
Որովհետեւ դպրոցները միայն երեխաներ չեն կրթեր․ անոնք համայնքներու յարատեւութիւնը կ’երաշխաւորեն (ինչպէս նաեւ՝ հայկական բոլոր կառոյցներունն ու կուսակցութիւններունը)։ Իսկ երբ համայնք մը կը դադրի իր դպրոցները պահելէ, վտանգը միայն այն չէ, որ դասարան մը կը պարպուի․ վտանգը այն է, որ ապագան ալ կամաց-կամաց կը սկսի դատարկուիլ։
Սահակեան վարժարանին փակումը պարզապէս «հերթական դպրոցի մը» կորուստը չէ, այլ ահազանգ մը՝ մեր գաղութային ամբողջ համակարգին սնանկացման մասին։ Անիկա ապացոյցն է այն դառն ճշմարտութեան, որ հաստատութիւնները չեն մեռնիր նիւթականի կամ քարերու պակասէն․ անոնք կը մարին այն օրը, երբ կը դադրին իմաստ հաղորդելէ:
«Դէպի ո՞ւր կ’երթայ մեր գաղութը» հարցումը այլեւս հռետորական չէ։ Եթէ շարունակենք ապրիլ անցեալի փառքերով, ամէն փակուող դպրոցի հետ պիտի կորսնցնենք մեր ինքնութեան եւ հաւաքական յիշողութեան եւս մէկ բեկորը։
Վրանին տակ ապրող մեր պապերը ապագայ ունէին, որովհետեւ ունէին հաւատք, ծրագիր եւ, թէեւ անորոշ, բայց ապագայի տեսլական։ Այսօր, քարաշէն շէնքերու մէջ, մենք կորսնցուցած ենք այդ հաւատքը, ծրագրելու կամքն ու ապագայի տեսլականը:
Եւ ահա թէ ինչու դռները մէկիկ-մէկիկ կը փակուին մեր ետեւէն։
Հայելին
Ամէն առտու
ան կը կանգնի հայելիին դիմաց,
ինչպէս մեղաւոր մը՝
դատաւորին առջեւ՝ լուռ։
Հայելին ոչինչ կ’ըսէ։
Բայց անոր լռութիւնը
երբեմն աւելի ծանր է
քան ամենադաժան բառերը։
Ան կը նայի աչքերուն,
ու կը թուի,
թէ ուրիշ մէկը
ներսէն կը նայի իրեն։
Ո՞վ է ան։
Այն մա՞րդը,
որ տասնամեակներ առաջ
կը կարծէր,
թէ ժամանակը անսպառ էր,
եւ թէ կեանքը
մի՛շտ պիտի սպասէր իրեն։
Թէ՞ այս մէկը,
որ սորվեցաւ ժպտիլ մարդոց,
մինչ իր հոգին
կամաց-կամաց
կը մարէր լուռ։
Հայելին գիտէ
անոր բոլոր լռութիւնները։
Գիտէ
չարտասուած արցունքները,
չըսուած բառերը,
եւ այն վախերը,
որոնք գիշերները
կը մնան անքուն։
Երբեմն ան կը փորձէ
աչքերը հեռացնել անկէ,
լոյսը փոխել,
դէմքը շտկել,
կամ տարիները
քողարկել։
Բայց հայելին
կը սպասէ։
Ան չի մոռնար։
Ամէն կնճիռի տակ
պահուած է
կորսուած օր մը,
չառնուած որոշում մը,
չապրուած կեանք մը,
կամ այն մարդը,
որ կրնար ըլլալ։։
Ու յանկարծ կը հասկնայ՝
մարդը ուրիշներէն աւելի
ինքն իրմէ կը փախչի։
Բայց որքան ալ հեռանայ,
հայելին մի՛շտ հոն է։
Սպասող՝
ինչպէս խիղճը,
ինչպէս յիշողութիւնը,
ինչպէս այն ձայնը,
որ երբե՛ք չի լռեր։
Եւ օր մը,
երբ այլեւս
ոչ մէկ դիմակ մնայ,
հաւանաբար պիտի կարենայ
առանց վախի
նայիլ հայելիին—
եւ ընդունիլ
այն մարդը,
որ ամբողջ կեանք մը
կը սպասէր իրեն։
Ապագայի առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր
Կայ հետաքրքրական երեւոյթ մը, որ հաւաքական կեանքի հոլովոյթին մէջ յաճախ կը կրկնուի։ Համայնք մը տարիներ, երբեմն տասնամեակներու ընթացքին, մեծ զոհողութիւններով դպրոց կը կառուցէ, եկեղեցի կը հիմնէ, մշակութային միութիւններ կը ստեղծէ, մամուլ կը հրատարակէ, բարեսիրական ցանցեր կը կազմէ եւ կը յաջողի իր շուրջ հասարակական առողջ կեանք մը ձեւաւորել։ Դուրսէն դիտողին համար ամէն ինչ բնական կը թուի։ Կառոյցները գոյութիւն ունին, հաստատութիւնները կը գործեն, ծրագիրները կը շարունակուին, իսկ համայնքը՝ կը ծաղկի։
Բայց յանկարծ, առանց մեծ աղմուկի, հաւաքական կեանքի ամէնէն կարեւոր տուեալներէն մէկը կը սկսի նահանջել։
Մարդի՛կ։ Աւելի ճիշդ՝ անոնք, որոնք վաղը պիտի կրեն այդ հաստատութիւններուն պատասխանատուութիւնը։
Եւ այս բոլորը՝ անկախ արտագաղթի երեւոյթէն։
Դպրոցը տակաւին կանգուն է, բայց տնօրէն գտնելը դժուարացած։ Միութիւնը դեռ գոյութիւն ունի, բայց վարչութեան անդամներ գտնելը ամէն տարի աւելի բարդ կը դառնայ։ Եկեղեցին բաց է, բայց երիտասարդներու ներգրաւումը կը նուազի։ Նոյն անունները տարիներ շարունակ կը կրկնուին ժողովէ ժողով, ընտրութենէ ընտրութիւն (աւելի ճիշդ՝ նշանակումէ նշանակում), որովհետեւ նոր անուններ չկան։ Թէեւ երեւութապէս ամէն ինչ կարծես կը շարունակուի, բայց իրականութեան մէջ արդէն ուրիշ հոլովոյթ մը սկսած է զարգանալ։ Համայնքը դադրած է առաջնորդներ կամ ղեկավարներ վերարտադրելէ։ Եւ այս երեւոյթը բացառապէս հայկական չէ։
Պատմութեան մէջ շատ հասարակութիւններ, ընկերութիւններ, քաղաքական շարժումներ, կուսակցութիւններ, կրօնական հաստատութիւններ եւ նոյնիսկ մեծ կայսրութիւններ չեն տկարացած միայն այն պատճառով, որ գաղափարներն ու միջոցները սպառած են։ Յաճախ անոնք տկարացած են, որովհետեւ չեն կրցած պատրաստել այն սերունդը, որ պիտի շարունակէր իրենց գործը։
Ամէն համայնք, մեծ թէ փոքր, ունի հիմնական երկու առաքելութիւն. ստեղծել հաստատութիւններ եւ պատրաստել մարդիկ, որոնք պիտի առաջնորդեն այդ հաստատութիւնները։ Առաջինը տեսանելի է։ Երկրորդը՝ գրեթէ միշտ անտեսանելի։ Եւ թերեւս ճիշդ այս պատճառով, երկրորդը շատ անգամ կը մոռցուի։ Մենք մեծ խանդավառութեամբ կը խօսինք նոր շէնքի մը մասին, նոր սրահի մը մասին, նոր ծրագրի մը մասին, նոր հիմնադրամի մը մասին։ Բայց շատ աւելի քիչ կը հարցնենք. Ո՞վ պիտի ղեկավարէ այս բոլորը քսան տարի ետք։ Կամ, աւելի կարեւոր, ո՞վ պատրաստած ենք այդ պատասխանատուութեան համար։ Որովհետեւ առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր։ Անոնք տարիներու ընթացքին կը կազմաւորուին։ Եւ եթէ համայնքը այդ կազմաւորման մասին չի մտածեր, օր մը պիտի արթննայ ու պիտի նշմարէ, որ շէնքեր ունի եւ պատմութիւն…բայց մարդոց պակաս ունի։
Երբ համայնքի մը մէջ սկսի ղեկավարութեան պակաս զգացուիլ, առաջին բացատրութիւնը գրեթէ միշտ նոյնն է. «Երիտասարդները այլեւս չեն հետաքրքրուիր»։ Այս նախադասութիւնը այնքան յաճախ կը կրկնուի, որ գրեթէ անվիճելի ճշմարտութիւն կը թուի։ Բայց արդեօ՞ք միայն այդ է պատճառը: Փորձառութիւնը ուրիշ բան կը թելադրէ։ Գրեթէ ամէն սերունդ անտարբերութեան կամ պատասխանատուութենէ խուսափելու մեղանդրանքներ ուղղած է նախորդ սերունդին։ Մինչդեռ նոյն այդ սերունդները հետագային հիմնած են նոր շարժումներ, ստեղծած են նոր հաստատութիւններ եւ իրենց կարգին դժգոհած են յաջորդ սերունդէն։ Ուրեմն խնդիրը թերեւս երիտասարդները չեն։ Խնդիրը այն է, թէ համայնքը ինչպէ՛ս կը պատրաստէ իր երիտասարդները։
Ոչ մէկ բժիշկ հիւանդանոց կը մտնէ առաջին օրը որպէս վիրաբոյժ։ Ոչ մէկ երաժիշտ առաջին համերգի օրն իսկ մենակատար կը դառնայ։ Ոչ մէկ գիտնական առաջին իսկ փորձէն կը ղեկավարէ հետազօտական կեդրոն մը։ Ինչո՞ւ, ուրեմն, համայնքային կեանքին մէջ երբեմն կը սպասենք, որ երիտասարդ մը, որ տարիներ շարունակ հանդիսատես եղած է, յանկարծ օր մը պատրաստ ըլլայ ղեկավարելու ամբողջ հաստատութիւն մը։
Առաջնորդութիւնը պաշտօն չէ։ Ղեկավարութիւնը երկարատեւ կազմաւորման արդիւնք է։ Անիկա կը սկսի շատ աւելի առաջ, քան առաջին պատասխանատու պաշտօնը։ Կը սկսի այն օրը, երբ երիտասարդին առաջին անգամ կու տաս իրական գործ մը, կ’ակնկալես, որ ինքնուրոյն որոշում առնէ, կը վստահիս անոր դատողութեան եւ նոյնիսկ կը թոյլատրես, որ սխալի։ Որովհետեւ մարդը պատասխանատուութիւն չի սորվիր պատասխանատու դառնալէ ետք։ Ան պատասխանատու կը դառնայ՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելով։
Այս տարբերութիւնը շատ կարեւոր է։
Շատ մը համայնքներ երիտասարդներուն հանդէպ մեծ սէր կը ցուցաբերեն։ Անոնց համար ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, կրթաթոշակներ կը տրամադրեն, ճամբարներ կը հիմնեն, մշակութային ձեռնարկներ կը պատրաստեն։ Այս բոլորը անհրաժեշտ են։ Բայց հարցը ուրիշ է։ Արդեօք մենք զանոնք նաեւ կ’առաջնորդե՞նք։ Արդեօք անոնց կը վստահի՞նք որոշումներու կայացումը։ Կը ներառե՞նք զանոնք այն քննարկումներուն մէջ, ուր համայնքին ապագան կ’որոշուի, թէ՞ անոնց ներկայութիւնը կը սահմանափակուի «երիտասարդական բաժին»ով, մինչ իրական իշխանութիւնը կը մնայ նոյն շրջանակներուն ձեռքը։ Շատ անգամ, առանց անդրադառնալու, համայնքները երկու հակասական պատգամ կը փոխանցեն երիտասարդներուն։ Մէկ կողմէ կը յայտարարեն, թէ «դուք մեր ապագան էք»։ Միւս կողմէ, գրեթէ ոչ մէկ իրական դեր կը վերապահեն անոնց։ Արդիւնքը նախատեսելի է։
Երիտասարդը կը զգայ, որ զինք կը հրաւիրեն մասնակցելու, բայց ոչ՝ ազդեցութիւն ունենալու։ Իսկ մարդը երկար ժամանակ չի մնար այն վայրին մէջ, ուր իր ներկայութիւնը խորհրդանշական է եւ ոչ անհրաժեշտ։ Թերեւս այդ պատճառով է, որ առողջ համայնքները առաջնորդներ չեն «փնտռեր»։ Անոնք առաջնորդներ կը պատրաստեն։ Ոչ թէ որովհետեւ գիտեն, թէ ո՛վ պիտի դառնայ ապագայի առաջնորդը, այլ որովհետեւ գիտակցած են, որ առանց այդ երկարատեւ աշխատանքին, ոչ մէկ միջավայր եւ ոչ մէկ պատմական հեղինակութիւն կրնայ նոր ղեկավարութիւն ստեղծել։
Կայ ուրիշ երեւոյթ մը, որ շատ աւելի հազուադէպ կը քննարկուի։ Անիկա յաջողած առաջնորդներու երեւոյթն է։ Առաջին հայեացքով այս միտքը հակասական կը թուի։ Ինչպէ՞ս կրնայ լաւ ղեկավարութիւնը խնդիր ստեղծել։ Պատճառը պարզ է։ Լաւ առաջնորդը սովորաբար աշխատասէր է, նուիրուած է, պատասխանատու է եւ դժուարութիւններու դիմաց լուծումներ կը գտնէ։ Ժամանակի ընթացքին մարդիկ բնականաբար կը սկսին անոր վստահիլ։ Ամէն նոր հարց կը հասցէագրուի նոյն անձին։ Ամէն որոշում կը սպասէ անոր կարծիքին։ Ամէն ճգնաժամի ժամանակ համայնքը ինքնաբերաբար նոյն դուռը կը թակէ։ Արտաքուստ ասիկա յաջողութեան նշան է։ Բայց խորքին մէջ ուրիշ բան կը սկսի տեղի ունենալ։ Հաստատութիւնը կամաց-կամաց կը սորվի ոչ թէ գործել, այլ յենիլ։ Անիկա կը դադրի նոր ղեկավարներ ձեւաւորելէ, որովհետեւ ներկայ ղեկավարը ամէն խնդիր կը լուծէ արդէն։ Կը դադրի նոր գաղափարներ լսելէ, որովհետեւ ամէնէն փորձառու մարդը արդէն ներկայ է։ Կը դադրի սխալներու միջոցով սորվեցնելէ, որովհետեւ փորձառու ղեկավարը բնականաբար չի ցանկար, որ գործը վտանգուի։ Ամէն բան տրամաբանական կը թուի։
Եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ վտանգաւոր է։
Որովհետեւ համայնքները չեն տկարանար միայն այն ատեն, երբ վատ ղեկավարներ ունենան։ Անոնք երբեմն կը տկարանան նաեւ այն ատեն, երբ չափազանց երկար ժամանակ նոյն լաւ ղեկավարներուն վրայ կը հիմնուին։ Այս երեւոյթը միայն հայկական չէ։
Ընտանեկան ձեռնարկութիւններու մէջ նոյն խնդիրը յաճախ կը տեսնենք։ Հիմնադիրը տարիներ շարունակ ամէն մանրամասնութիւն անձամբ կը վերահսկէ։ Գործը կը զարգանայ, յաջողութիւններ կ’արձանագրէ, բայց յանկարծ հիմնադիրին հեռանալէն ետք կը պարզուի, որ ոչ ոք գիտէ նոյն պատասխանատուութիւնը ստանձնել։ Ոչ թէ որովհետեւ ընդունակ մարդիկ չկային։ Այլ որովհետեւ անոնք երբեք այդ հնարաւորութիւնը չեն ունեցած։
Համայնքային կեանքին մէջ նոյն օրինաչափութիւնը կը կրկնուի։
Առաջնորդութեան ամենէն դժուար դասերէն մէկը թերեւս այս է. մեծագոյն յաջողութիւնը այն չէ, որ առանց ձեզի ոչինչ գործէ։ Ձեր մեծագոյն յաջողութիւնը այն է, որ օր մը հաստատութիւնը կարենայ նոյնիսկ առանց ձեզի շարունակել իր ճամբան։ Ահա հոս կը սկսի իսկական առաջնորդութիւնը։ Որովհետեւ առաջնորդը միայն ծրագիրներ չի ղեկավարեր։ Ան նաեւ իր յաջորդները կը պատրաստէ։
Բազմաթիւ համայնքներու մէջ, երբ ղեկավարութեան փոփոխութեան ժամանակը հասնի, նոյն հարցումը կը հնչէ. «Ո՞վ պիտի փոխարինէ զինք կամ զանոնք»։ Առաջին հայեացքով, այս մէկը տրամաբանական հարցում մըն է։ Բայց իրականութեան մէջ, անիկա արդէն ուշ տրուած հարցում է։ Որովհետեւ համայնքի մը ապագան չ’որոշուիր ընտրութեան օրը։ Ան կ’որոշուի տասը, տասնհինգ կամ քսան տարի առաջ՝ այն օրերուն, երբ համայնքը սկսած կ’ըլլայ կամ չէ սկսած ձեւաւորել իր ապագայի ղեկավարները։ Անոնք կը հասկնան, որ առաջնորդութիւնը ոչ թէ կոչում մըն է, որ յանկարծ կը յայտնուի, այլ սովորութիւն մըն է, որ կամաց-կամաց կը կազմաւորուի։ Փոքր պատասխանատուութիւններէն կը սկսի, ապա կը մեծնայ, կը փորձարկուի, կը սխալի, կը սորվի եւ տարիներու ընթացքին վստահութիւն կը շահի։ Այդ գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ միայն ղեկավարութեան փոփոխութեան շրջաններուն։ Ղեկավարութիւնը միայն որոշումներ տալու կարողութիւն չէ։ Ան նաեւ փորձառութեան փոխանցում է։
Ամէն հաւաքականութիւն, որ կը փորձէ ապագան դարձնել անցեալի ճշգրիտ կրկնութիւնը, վերջապէս կը կորսնցնէ եւ՛ ապագան, եւ՛ անցեալը։ Իսկ այն համայնքները, որոնք կը վստահին երիտասարդներուն, կը լսեն զանոնք եւ համբերութեամբ կը կազմաւորեն զանոնք, ժամանակի ընթացքին ոչ միայն նոր ղեկավարներ կ’ունենան, այլ նաեւ նոր եռանդ, նոր գաղափարներ եւ նոր կենսունակութիւն։ Համայնքները չեն մահանար այն օրը, երբ վերջին ղեկավարը կը հեռանայ։ Անոնք կը սկսին ծերանալ այն օրը, երբ կը դադրին նոր ղեկավարներ յառաջ բերելէ։
Յաճախ կը կարծենք, թէ համայնքի մը գոյատեւումը կախեալ է անոր անդամներու թիւէն, տնտեսական կարողութենէն կամ պատմական ժառանգութենէն։ Այս բոլորը կարեւոր են։ Բայց պատմութիւնը կը յուշէ, որ անոնք բաւարար չեն։ Կան հարուստ կազմակերպութիւններ, որոնք քանի մը տարուան մէջ անհետացած են։ Կան ազդեցիկ շարժումներ, որոնք իրենց հիմնադիրներուն հեռանալէն ետք արագօրէն մարած են։ Իսկ կան նաեւ փոքր համայնքներ, որոնք դարեր շարունակ կրցած են պահպանել իրենց կենսունակութիւնը՝ ոչ թէ որովհետեւ աւելի մեծ միջոցներ ունեցած են, այլ որովհետեւ մէկ սերունդը միւսին փոխանցած է ոչ միայն պատասխանատուութիւն, այլեւ վստահութիւն։ Վերջապէս, համայնքը շէնքերու կամ ժողովներու ամբողջութիւն մը չէ։ Համայնքը շարունակուող յարաբերութիւն մըն է սերունդներու միջեւ։ Այն օրը, երբ այդ յարաբերութիւնը կը թուլանայ, ամէնէն գեղեցիկ հաստատութիւնն ալ կամաց-կամաց կը սկսի դատարկուիլ իր բուն իմաստէն։ Թերեւս ասոր համար է, որ իսկական առաջնորդները չեն մտածեր միայն իրենց պաշտօնավարութեան մասին։ Անոնք կը մտածեն այն օրուան մասին, երբ իրենք այլեւս այնտեղ պիտի չըլլան։ Ոչ թէ որովհետեւ կը փափաքին հեռանալ, այլ որովհետեւ կը գիտակցին, որ ոչ մէկ ղեկավար անփոխարինելի պէտք է դառնայ։
Համայնքի մը մեծութիւնը երբեք այն չէ, թէ որքան երկար ժամանակ մէկ առաջնորդ կրնայ զայն առաջնորդել։ Համայնքի մը մեծութիւնը այն է, թէ քանի՛ առաջնորդի կրնայ ծնունդ տալ։ Որովհետեւ իրերայաջորդ առաջնորդներ ծնող համայնքներն են, որ կը յարատեւեն։
Եւ թերեւս համայնքի մը ապագան հասկնալու համար պէտք չէ առաջին հերթին նայինք անոր ղեկավարին, վարչութեան կամ տարեկան հաշուետուութեան։ Պէտք է նայինք սրահին վերջին շարքերուն։ Հոն նստած երիտասարդներուն։ Արդեօք անոնք պարզ հանդիսատեսնե՞ր են, թէ՞ արդէն այսօր, թերեւս աննկատ, կը պատրաստուին դառնալու այն անհատները, որոնք վաղը պիտի կրեն համայնքին յիշողութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու տեսլականը։
Համայնքները չեն սկսիր մարիլ այն օրը, երբ վերջին մեծ առաջնորդը կը հեռանայ։ Անոնք կը սկսին մարիլ այն օրը, երբ կը դադրին նոր առաջնորդներ դաստիարակելէ։ Եւ թերեւս համայնքի մը առողջութիւնը չափելու ամենէն խոր հարցումը ոչ թէ՝ «Ո՞վ է այսօր մեր առաջնորդը», այլ՝
«Որո՞ւ կը պատրաստենք, որ վաղը մեր առաջնորդը դառնայ»։
Պորխեսի քարտէսէն դէպի մեր գրպանի հայրենիքը
Խորխէ Լուիս Պորխեսը շատ փոքր եւ իմաստալից պատմուածք մը ունի «գիտութեան ճշգրտութեան մասին»: Ան կը ներկայացնէ կայսրութիւն մը, ուր մարդիկ այնքան տարուած են իտէալական քարտէս մը ստեղծելու մոլուցքով, որ ի վերջոյ քարտէսներու չափը անբնականօրէն կը մեծնայ: Նահանգի քարտէսը ամբողջ քաղաքի մը չափ տեղ կը գրաւէ ու ի վերջոյ կայսրութեան քարտէսը այնքան մեծ կը դառնայ, որ կը տարածուի ամբողջ կայսրութեան վրայ՝ ամենայն մանրամասնութեամբ: Հետագայ սերունդները անիմաստ կը նկատեն այդ քարտէսը եւ զայն մէկ կողմ կը նետեն․ «այսօր, արեւմտեան անապատներուն մէջ, տակաւին կը մնան այդ քարտէսին պատառոտուած մնացորդները, որոնց մէջ կ’ապրին միայն կենդանիներն ու աղքատները։ Այդ աշխարհագրական գիտութենէն այլեւս ուրիշ հետք չէ մնացած ամբողջ երկրին մէջ…»
Ի տարբերութիւն Պորխէսի այդ առակին, մենք դեռ կը շարունակենք ապրիլ այդ քարտէսին հետ, անոր ստուերին տակ եւ անոր բուն էութեան մէջ։
Ի՞նչ է, ուրեմն, քարտէսին էութիւնը։ Քարտէսին իմաստը այն է, որ ան տարածութեան փոքրացուած եւ պարզեցուած պատկերացումն է, ո՛չ թէ տարածութիւնը փոխարինելու կամ անկէ աւելի կարեւոր դառնալու միջոց մը։ Մենք այս պարզ ճշմարտութիւնը չհասկցանք։ Տարածութիւնը մէկ կողմ դրինք եւ ընտրեցինք քարտէսը։ Բայց ի՞նչ է քարտէսը։ Քարտէսը պարզապէս տարածութեան նմանակումն է։ Առանց տարածութեան, քարտէսը կ՚ընդօրինակէ բան մը, որ գոյութիւն չունի։ Ճիշդ ինչպէս կը նշէ Ժան Պոտրիարը իր «Նմանակներ եւ նմանարկում» (Simulacra and Simulation) գիրքին մէջ։ Ի դէպ, այդ գիրքը կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած է «The Matrix» ֆիլմի գաղափարին կազմաւորման վրայ։ Երբ մենք արդէն մէկ կողմ դրած ենք տարածութիւնը եւ կ՚ապրինք ըստ քարտէսին, կը սկսինք իրականութեան պատրանք մը ստեղծել։ Այդ պատրանքը այնքան հզօր է, որ կը մթագնէ բուն իրականութիւնը՝ մեր իսկ իրականութիւնը։ Այդ պարագային, ո՞վ ենք մենք։
Այստեղ խնդիրը պարզապէս քարտէսը չէ։ Յստակ է, որ այստեղ «քարտէս» բառը փոխաբերական իմաստ ունի, թէեւ ո՞վ գիտէ․ մեր մօտ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին Տիգրան Մեծի կայսրութեան քարտէսին շուրջ վէճերն ու պայքարները, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագիրին նկատմամբ ձգտումը։ Փոխաբերական իմաստով, երբ տարածքին փոխարէն քարտէսը կ՚ընտրենք, իրականութեան փոխարէն կը նախընտրենք պատրանքը։ Մենք կը մերժենք իրականութիւնը, որովհետեւ ան մեզի համար չափազանց դատարկ է, չափազանց վտանգաւոր։
Իրականութեան մերժումը (առնուազն մեր պարագային) կը հասցնէ կեղծ արժէքներու կրկնօրինակութեան։ Կը սկսինք ձեւացնել եւ ապրիլ «իբր թէ ունինք»-ի տրամաբանութեամբ։ Հայրենիքն այլեւս հայրենիք չէ, այլ այն, ինչ որ անոր մասին լսած ու կարդացած ենք։ Ընտանիքն ալ այլեւս ապրուած իրականութիւն չէ, այլ այն, ինչ որ անոր մասին լսած ու կարդացած ենք։ Այսպէս, հայրենիքը կը դառնայ ձեւականութիւն մը, իսկ համբոյրը՝ ֆիլմերուն մէջ տեսած կիրքին նմանակումը, մինչդեռ այդ կիրքն ալ ինքնին նմանարկում մըն է։ Վերջ ի վերջոյ, կը փորձենք կրկնօրինակել այն, ինչ որ գոյութիւն իսկ չունի։ Իսկ այդ ընթացքին՝ բուն իրականութիւնը կը խեղաթիւրուի եւ կամաց-կամաց կը մոռցուի։
Բայց մենք տակաւին շատ հեռու ենք Պորխէսի այդ առակը իսկապէս հասկնալէ։ Խորհրդանիշները տակաւին գերիշխող են մեր մտածողութեան մէջ։ Մեզի համար կարեւոր է քարտէսին մեծութիւնը, շէնքի ճակատին ճոխութիւնը, վկայականին գոյնը, ընկերային ցանցերու վրայ հաւաքուած «հաւանումներ»ուն թիւը։ Այլեւս մեզի չի հետաքրքրեր գիրքին բովանդակութիւնը, այլ՝ անոր կողքին գրուած «վաճառան» (bestseller) պիտակը։ Այլ խօսքով, մենք դարձած ենք մենք զմեզ կրկնօրինակող նմանարկիչներ։ Զիրար կը կրկնօրինակենք եւ զիրար կը վերարտադրենք սոսկալի արագութեամբ ու յամառութեամբ։
Այս եւ նախորդ քանի մը յօդուածներուն մէջ, փորձելով հասկնալ շռայլասէր մարդուն կերպարը եւ անոր մոլուցքը խորհրդանիշներու հանդէպ, մենք, որոշ իմաստով, փորձեցինք ախտորոշել այն matrix-ը, որուն մէջ կ՚ապրինք։ Իր էութեամբ, այդ matrix-ը մեր համակարգն է՝ այն համակարգը, որ երկար ժամանակի ընթացքին կառուցուած է մեր շուրջը, եւ որուն մէջ մենք խաղաղութեան ու յարմարաւէտութեան մեծ հնարաւորութիւններ գտած ենք։
Կրնանք Վաչովսքի եղբայրներու (այժմ՝ քոյրերու) The Matrix եռագրութեան ամբողջ փիլիսոփայական իմաստը մեր վրայ յարմարեցնել եւ հասկնալ, որ մենք արդէն այդ համակարգին պահապանները դարձած ենք։ Ամէն սթափեցնող խօսք, «դաւաճանութիւն» որակուելուն պէս, կը մեռնի նախքան արտասանուիլը։ Գաղափարները կը քարանան, արժէքները՝ կը գունաթափին։ Եւ ապա, օր մը, մարդ կը սկսի հասկնալ, որ այս հայրենիքը այն հայրենիքը չէ, որ կը կարծէր. այս ընտանիքը՝ այն ընտանիքը չէ. այս սէրը՝ այն գեղեցիկ ու իսկական սէրը չէ, զոր կը փնտռէր։ Եւ առհասարակ մարդը պահ մը կը զգայ, որ հիասթափած ու յոգնած է այդ բոլորէն:
Համակարգային այս սուտին դիմադրողները, թէեւ սակաւաթիւ են, աստիճանաբար կը մեկուսանան, երբեմն՝ կը խելագարին, իսկ յաճախ ալ, հողմաղացներու դէմ անվերջ պայքարէն յոգնած, ի վերջոյ կը վերադառնան համակարգ՝ համոզուած, որ անիմաստ պայքարի վերջը սովորաբար յուսախաբութիւնն է։
Այսօրուան Հայաստանի մէջ նմանարկումի մարդը կը շարունակէ կրկնօրինակել այն սուտը, զոր ինքն իսկ սրբացուցած է՝ ազգային արժէքներէն մինչեւ ազատութիւններ։ Բայց խնդիրը այն չէ, թէ հայրենիքը սուտ է կամ այդ արժէքներն են սուտ, այլ մեր ընկալման ու մօտեցման ձեւը։ Սուտը հայրենիքը չէ, այլ հայրենիքներու նմանարկումը՝ բազմաթիւ հնարովի հայրենիքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ մարդիկ կը փորձեն վերարտադրել այն, ինչ որ երբե՛ք գոյութիւն չէ ունեցած։ Մենք, ըստ էութեան, հասարակութենէ մը վերածուած ենք միաբջիջ երեւոյթներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հակադրուի միւսին, բայց միեւնոյն ժամանակ բնազդաբար կը շարունակէ նոյն ինքնավերարտադրութիւնը, որ իրեն պարտադրուած է։ Այդ ինքնավերարտադրութիւնը կը շարունակէ մեզ լեցնել սուտով՝ պարտադրուած, չափելի եւ նորաձեւ դարձած սուտերով։ Իրականութիւնը կը վերածուի հեքիաթի մը, որուն մարդիկ ոչ միայն այլեւս չեն հաւատար, այլ նոյնիսկ զայն չեն յիշեր։ Իրականութիւնը կը դառնայ խելագարի մը երազը։
Իսկ եթէ այդպէս չէ, ուրկէ՞ կու գան մեր մէջ աճող ու բազմացող ախտերու բազմազանութիւնն ու այդ ախտերուն հակասող մեր «գաղափարները»։ Ինչպէ՞ս կարելի է սիրել հայրենիքը, բայց չհանդուրժել անոր մէջ ապրող սեփական ազգակիցդ։ Ինչպէ՞ս կարելի է սրբացնել մօր պատկերը, բայց մօրը հասցէագրուած հայհոյանքը դարձնել ամենէն կեղտոտ վիրաւորանքը։ Ինչպէ՞ս կարելի է միասնականութիւն քարոզել, բայց ամենափոքր առիթով այդքան ատելութիւն ու սպանութիւն սերմանել։ Ինչպէ՞ս կարելի է․․․․․փաստօրէն կարելի է, փաստօրէն մեզի հաճելի կը թուի այդ:
Եւ բնականաբար, շատերուն համար, երբ այդ վիճակէն այլ ելք չեն տեսներ, կը մնայ միայն մէկ ընտրութիւն՝ ապրիլ քարտէսով, ապրիլ քարտէսին վրայ եւ մոռնալ իրականութիւնը։ Որովհետեւ իրականութիւնը ինքզինք հակասող է, իրականութիւնը՝ պայքարիլ ինքն իր դէմ։ Եւ այդ ինքնասպան վիճակին մէջ մենք ընտրած ենք ամենափափուկ ու մեռելածին տարբերակը․ պայքարիլ միւսներուն դէմ, եւ ընտրել մեր սեփական, այսպէս ըսած, ծալուող, գրպանի Հայաստանը՝ այն Հայաստանը, որուն քարտէսը աւելի մեծ է, աւելի իրական եւ աւելի պաշտելի, քան ինքը՝ Հայաստանը։
Արայիկ Մկրտումեան
Նոր մրցանիշ․ Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը աննախընթաց աճ կ’արձանագրէ 2026-ին
Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարզը 2026 թուականի առաջին կէսին արձանագրած է մինչեւ այսօրուան իր լաւագոյն արդիւնքը։ Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Յունուարէն մինչեւ Յունիս Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 42 հազար զբօսաշրջիկ, ինչ որ շուրջ 14,8 առ հարիւրով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ։
Թիւերը հրապարակած է Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն, որ կը վստահեցնէ՝ եթէ ներկայ աճին ընթացքը շարունակուի, ապա տարեվերջին երկիրը պիտի գերազանցէ նաեւ 2025-ին արձանագրուած 2.2 միլիոն զբօսաշրջիկի պատմական ցուցանիշը։
Ռուսիա, Վրաստան եւ Իրան կը պահեն առաջատար դիրքերը
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծագոյն բաժինը եկած է Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն։
Յունիս ամսուան դրութեամբ, այցելուներուն շուրջ 40 առ հարիւրը Ռուսիայէն էր, 15 առ հարիւրը՝ Վրաստանէն, իսկ 8 առ հարիւրը՝ Իրանէն։
Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Սոնա Յովհաննիսեանի համաձայն, այս պատկերին մէջ որոշիչ դեր ունին աշխարհագրական մօտիկութիւնը, պատմական կապերը, դիւրին փոխադրամիջոցները եւ այդ երկիրներուն մէջ բնակող հայկական համայնքները։
«Իրանն ու Վրաստանը Հայաստանի անմիջական դրացիներն են, իսկ Ռուսիոյ հետ ունինք երկարամեայ պատմական յարաբերութիւններ։ Բացի այդ, այս երկիրներէն Հայաստան հասնիլը համեմատաբար դիւրին է, իսկ հայկական սփիւռքի ներկայութիւնն ալ իր ազդեցութիւնը ունի զբօսաշրջային հոսքերուն վրայ»,– կը նշէ ան։
Օդային ուղղակի կապերը կը փոխեն պատկերը
Վերջին տարիներուն Հայաստանի զբօսաշրջային քարտէսը աստիճանաբար կը լայննայ։ Այն երկիրները, որոնց հետ օդային ուղղակի հաղորդակցութիւններ հաստատուած են կամ պարզացուած են մուտքի արտօնագրային կանոնները, սկսած են աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ուղարկել Հայաստան։
Ամենէն յստակ օրինակը Չինաստանն է։ Ուրումչի-Երեւան ուղղակի թռիչքներու մեկնարկը եւ առանց արտօնագրի մուտքի դրութեան հաստատումը զգալիօրէն բարձրացուցած են չինացի այցելուներուն թիւը։
Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ Իտալիոյ պարագային, ուր օդային կապերու ընդլայնումը նպաստած է զբօսաշրջային հոսքերու աճին։ Գերմանիոյ պարագային եւս ուղղակի թռիչքներու զարգացումը փոխած է նախորդ տարիներու նուազման միտումը, մինչդեռ Ղազախստանի հետ նոր օդային կապը զգալի աճ արձանագրած է այդ շուկայէն եկող այցելուներուն մէջ։
Զբօսաշրջութեան կոմիտէն նաեւ նկատել կու տայ, որ վերջին շրջանին Հայաստան նկատմամբ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը սկսի զարգանալ Ապանիոյ, Չեխիոյ, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան զբօսաշրջիկներուն մէջ։
Թէեւ այս շուկաները տակաւին զգալիօրէն կը զիջին Ռուսիոյ ցուցանիշներուն, Լոնտոն-Երեւան ուղղակի թռիչքի գործարկումը նոր ակնկալութիւններ կը ստեղծէ բրիտանական շուկայէն։
Զբօսաշրջային եղանակը կ’երկարի
Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը աւանդաբար իր ամենէն աշխոյժ շրջանը կ՚ապրի ամռան ամիսներուն, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն։ Սակայն այս պատկերն ալ սկսած է փոխուիլ։
Սոնա Յովհաննիսեանի համաձայն, վերջին տարիներուն զբօսաշրջային աշխուժ շրջանը աստիճանաբար կ’երկարի, եւ աւելի շատ այցելուներ կ՚ընտրեն Հայաստան գալ նաեւ ձմռան ամիսներուն։ Անոր համաձայն, եթէ տարեսկիզբին արձանագրուած աճը պահպանուի, Հայաստան գրեթէ ամբողջ տարին կրնայ կայուն զբօսաշրջային շարժում ունենալ։
Հայաստան կ’ամրապնդէ իր միջազգային ներկայութիւնը
Զբօսաշրջիկներու թիւին աճը պատահական զարգացում մը չէ։ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն վերջին տարիներուն զգալի ջանքեր կը գործադրէ երկիրը միջազգային զբօսաշրջային շուկային մէջ աւելի տեսանելի դարձնելու ուղղութեամբ։
Կոմիտէի շուկայավարութեան (Marketing) վարչութեան պետ Տիանա Կարապետեանի համաձայն, այս տարի Հայաստանը ազգային տաղաւարներով մասնակցած է Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Ռումանիոյ եւ Ռուսիոյ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն։
Մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած է մասնակցիլ նաեւ շարք մը միջազգային այլ ցուցահանդէսներու, ուր հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւնները կը ներկայացնեն երկրին մշակութային ժառանգութիւնը, խոհանոցը, փառատօները եւ զբօսաշրջային հիմնական ուղղութիւնները։ Ծրագիրներուն մաս կը կազմեն նաեւ ճաշակառութիւններ (tastings), տեղեկատուական նիւթերու բաժանում եւ ծանուցողական տեսանիւթերու ցուցադրութիւն։
Զուգահեռաբար, Զբօսաշրջութեան կոմիտէն կը համագործակցի միջազգային լրատուամիջոցներու, հանրային կապերու ընկերութիւններու, ճամբորդական հանրածանօթ հեղինակներու, պլոկըրներու եւ ազդու բովանդակութիւն ստեղծողներու (ազդեցիկներու, influencers) հետ՝ կազմակերպելով ճանաչողական այցելութիւններ եւ միջազգային քարոզարշաւներ։ Պաշտօնեաներուն համոզումով, այս աշխատանքը նպաստած է, որ Հայաստանը աւելի յաճախ ներկայանայ միջազգային մամուլին մէջ որպէս զբօսաշրջային հետաքրքրական ուղղութիւն։ «Այսօր Հայաստանը միջազգային զբօսաշրջային շուկային մէջ կը դիտուի որպէս ապահով եւ վստահելի երկիր մը»,– կը նշէ Տիանա Կարապետեան։
Այցելուներու աճող թիւը, օդային նոր կապերը եւ միջազգային ճանաչման ընդլայնումը կը վկայեն, որ Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ մը։ Եթէ ներկայ միտումները շարունակուին, 2026-ը կրնայ դառնալ ոչ միայն նոր մրցանիշերու, այլ նաեւ Հայաստանի միջազգային զբօսաշրջային դիրքի էական ամրապնդման տարի մը։
ԽՈՐԱՆ․․․
Ամէն արարած իր խորանն ունի․․․
Իսկ խորանը այդ
ո՛չ մայր տաճար է,
ո՛չ հուրի մեհեան,
ո՛չ սինիկոկ է,
եւ ոչ ալ մզկիթ,
կամ աղօթարան․․․
Հոն չկայ սկիհ, բագին, խնկաման…
Մարդ արարածը
այնտեղ չի՛ ծխեր խունկ բուրումնաւէտ։
Չի՛ վառեր կերոն
կամ հուր բագինի,
Ո՛չ ալ կ՛աղօթէ սուրբերուն դաջուած…
Այդ խորանը վեհ մթութեամբ օծուած
սրբագոյն վայրն է իր ներքին ձայնին։
Միայն մէ՛կ հոգու համար է հիւսուած։
Իսկ ստեղծողը գլխագիր «Է»ն է
մարդուն մէջ բազմած․․․
Դո՛ւն ես՝ թէ՛ տէրը, թէ՛ ստեղծողը խորանին այդ սուրբ։
Դո՛ւն ես զայն կեանքի լուռ կանչին կոչած։
Դո՛ւն ես կեա՛նք տուած։
Լռութեանդ մէջ,
փակ կոպերուդ տակ պահուած գաղտնիքդ է,
տենչերդ հիւսուած, իղձերդ սրբացած․․․
Քո՛ւկդ է միայն․․․
Դուն ես օրհներգուն եւ երկրպագուն։
Ե՛ւ տէրը խոնարհ, ե՛ւ կենակիցը։
Ամէն մարդ, այո՛, իր խորանն ունի,
ի՛ր աշխարհն ունի
․․․ գաղտնի աշխարհէն:
Խորանդ նրբին, հետդ ծնած է,
հետդ պիտ՛ մարի
առանց թմբուկի կամ զիլ շեփորի,
աշխարհէն հեռու,
մարդոցմէ հեռու.
միայն եսի՛դ հետ
լուռ ու մենակեաց․․․
խորանդ, քո՛ւկԴ է։
Ո՛չ ոք զայն տեսաւ
եւ քեզ հասկցաւ․․․
Ո’չ ոք զայն պիտի տեսնէ,
եւ քեզ․․․ հասկնայ․․․
Ան քու պարզ, խոնարհ լուռ անձութիւնդ* է
սուրբ Դունութիւնդ*,
այնպէս՝
ինչպէս
Դ Ո՛Ւ Ն․․․
Ամէն մարդ, այո՛,
իր խոնարհ ու մութ
ինքնամփոփ եսի
սրբութեան սրբոց,
սուրբ խորան ունի․․․
Այդ խորանը սուրբ
ապաստարանն է՝
անձոյթիդ* խոհուն,
խոհոյթիդ* վսեմ,
մարդոյթիդ* կանչին։
Ան՝ անձութեանդ* սրբութիւնն սրբոց
վառ տիեզերքն է։
Եւ այդ սրբութեան,
այդ մութ աշխարհի աստուածութեանը,
ԴՈ՜ՒՆ ես
Ե՛Ւ ՏԷՐԸ ԽՈՆԱՐՀ,
Ե՛Ւ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆ,
Ե՛Ւ ԱՐԱՐԻ՛ՉԸ,
Ե՛Ւ՝ ԱՐԱՐԱ՛ԾԸ․․․
Ամէն արարած ՝
իր անձէն ձուլուած,
ինքնութեան կանչի
ԱՆՁՈՅԹԻ* ԽՈՐԱՆ մ՛ունի խորհուրդի՝
սրբագոյն մենաստանը իր իսկ գոյութեան,
որուն դռները փակ են, կղպուած բոլորին համար․․․
Այդ խորանը սուրբ ամբարտակ է կուռ
աշխարհի բոլո՛ր
հոսանքներուն դէմ․․․
ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Գրիգորեան տոմար- Օր՝ 17, Ամիս՝ Յուլիս, Ամ՝ 2026, ժամը՝ 9 ԿԱ։
Հայկեան տոմար- Օր՝ Երեզկան, Ամիս՝ Հրոտից, Յամի՝ ՏՇԺԸ, Ժամը՝ Առաւօտն։
*Աստղանշուած բառերը («Բառ-Խորհուրդ-Իմաստասիրութիւն» Մարգարեան եռաբեւեռ Բառակազմական Համակարգ)-էս են։ «Անձոյթ»ը, «Անձ» բառին խորհուրդն է, «Խոհոյթ»ը՝ «Խոհ»ին, «Մարդոյթ»ը՝ «Մարդ»ին։ «Անձութիւն»ը «Անձ»ին եւ «Դունութիւն»ը՝ «Դուն» բառերուն իմաստասիրութիւներն են։ Այս բառերը բառարաններուն մէջ մի փնտռէք։
Կրթութիւնը եւ մտածելու արուեստը ԱԻ-ի (AI) դարաշրջանին
Աւելի քան երկու հազար չորս հարիւր տարի առաջ, մեծ իմաստասէր Սոկրատ զարմանալի մտավախութիւն մը արտայայտած է։ Իր աշակերտին՝ Պղատոնի «Փայդրոսի» երկխօսութեան մէջ, ան կը պատմէ Եգիպտոսի Թոթ աստուծոյ մասին, որ Թամոս թագաւորին կը ներկայացնէ գիրը իբրեւ մարդկութեան մեծագոյն գիւտերէն մէկը։ Սակայն Եգիպտոսի թագաւորը այլ կարծիք ունէր։ Ան կը զգուշացնէ, թէ գիրը ոչ միայն կրնայ տկարացնել մարդկային յիշողութիւնը, այլեւ աւելի վտանգաւորը՝ կրնայ մարդոց մօտ ստեղծել իմաստութեան պատրանքը՝ առանց իսկական իմաստութեան։ Մարդիկ պիտի կարծեն, թէ գիտեն, որովհետեւ կարդացած են, մինչդեռ իսկական ըմբռնումը կը ծնի միայն մտածելու, հարց տալու եւ քննարկումի միջոցով։
Այսօր, երկու հազարամեակ ետք, Սոկրատի այդ մտավախութիւնը առաջին հայեացքով չափազանցուած կը թուի։ Գիրը մարդկային միտքը չտկարացուց։ Ընդհակառակը, ան դարձաւ գիտելիքի, մշակոյթի եւ գիտութեան հզօրագոյն հիմնասիւներէն մէկը։ Առանց գիրի, մարդկութիւնը դժուար թէ կարենար ստեղծել այն քաղաքակրթութիւնը, զոր այսօր կը ճանչնանք։ Բայց Սոկրատի հարցումը տակաւին կը մնայ ի զօրու։ Ի՞նչ կը պատահի մարդուն, երբ իր մտքին աշխատանքը աստիճանաբար կը յանձնէ արտաքին միջոցի մը։ Այսօր այդ միջոցը այլեւս գիրքը չէ։ Անիկա արուեստական իմացականութիւնն է։
«Հիմնական մարտահրաւէրը արուեստական իմացականութեան կիրառութիւնը չէ, այլ արագ զարգացող արհեստագիտութիւններուն, սորվելու փոփոխուող սովորութիւններուն եւ անոնց համընթաց չզարգացող կրթական համակարգերուն միջեւ խորացող անհամապատասխանութիւնը»։
World Economic Forum
Եւ թերեւս պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարդկութիւնը ստեղծած է ոչ թէ միայն տեղեկութիւն պահող կամ փոխանցող, այլ մտածելու տպաւորութիւն ստեղծող միջոց մը։ Անիկա կը գրէ, կը համադրէ, կը վերլուծէ, կը դիտարկէ, կը բացատրէ եւ քանի մը երկվայրկեանի մէջ կը կատարէ այնպիսի աշխատանքներ, որոնք մարդ արարածէն երբեմն ժամեր կամ օրեր կը պահանջէին։ Հարցը, հետեւաբար, այլեւս միայն արհեստագիտական չէ։ Անիկա քաղաքակրթական է։
Մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ արհեստագիտական իւրաքանչիւր մեծ յեղափոխութիւն փոխած է նաեւ կրթութիւնը։ Գիրին գիւտը, տպագրութիւնը, ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը, համակարգիչը եւ համացանցը՝ ամէն մէկը նոր ձեւով վերաձեւակերպած է գիտելիքը, դպրոցը եւ ուսուցիչին դերը։ Սակայն այս բոլոր փոփոխութիւններուն ընթացքին կրթական համակարգերը ժամանակ ունէին յարմարելու նոր իրականութեան։ Այս անգամ տեղի ունեցողը տարբեր է։ Առաջին անգամ ըլլալով, նոր արհեստագիտութիւնը դպրոցի դռնէն ներս մտաւ նախքան դպրոցին քննարկումն ու որոշումը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործել զայն։
Միլիոնաւոր աշակերտներ արդէն ամէն օր կ’օգտագործեն արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI)՝ հարցումներ տալու, շարադրութիւն գրելու, դասերը հասկնալու, թարգմանելու, գաղափարներ որոնելու եւ երբեմն ալ իրենց ամբողջ տնային աշխատանքը պատրաստելու համար։ Մինչ այդ, աշխարհի կրթական համակարգերը տակաւին կը փորձեն հասկնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց շուրջը։
«Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրթութեան մէջ կը տարածուի վարէն վեր, քանի որ աշակերտներն ու ուսուցիչները արդէն իսկ այս գործիքները ներառած են իրենց առօրեայ ուսման եւ դասաւանդման մէջ, մինչդեռ ուսումնական ծրագիրները, գնահատման եղանակները եւ կրթական քաղաքականութիւնը տակաւին չեն համապատասխանեցուած այդ փոփոխութեան»։
World Economic Forum
Ահա այս է Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի (World Economic Forum) այս տարուան կարեւորագոյն տեղեկագիրներէն մէկուն՝ Shaping the Future of Learning: Education Readiness for the Age of AI (տեսնել՝ այս կապով) ուսումնասիրութեան հիմնական պատգամը։ Խնդիրը այն չէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) կրթութեան մէջ պէտք է գործածուի՞, թէ՞ ոչ։ Այդ փուլը անցած ենք արդէն։ Հարցումը այսօր բոլորովին ուրիշ է. արդեօք կրթական համակարգերը պատրա՞ստ են այն նոր աշխարհին, որ արդէն հասած է։
Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, թէ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) տարածումը տեղի կ’ունենայ «վարէն վեր»։ Այլ խօսքով, աշակերտներն ու ուսուցիչները արդէն իսկ սկսած են այս գործիքը ներառել իրենց առօրեայ ուսման եւ դասաւանդման մէջ, մինչդեռ ուսումնական ծրագիրները, գնահատման եղանակները եւ կրթական քաղաքականութիւնը տակաւին պատրաստ չեն այս նոր իրականութեան։
Այս տեղեկագիրը, սակայն, աւելի խորքային հարց մը կը դնէ սեղանի վրայ։ Անիկա միայն դպրոցներուն կամ համալսարաններուն մասին չէ։ Անիկա մարդուն մասին է։ Որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ ստեղծած ենք գործիք մը, որ ոչ միայն տեղեկութիւն կը գտնէ, այլ նաեւ կը դրսեւորէ մտածողութեան արտաքին նշանները։ Ան կը մշակէ ապացոյցներ, կը գրէ շարադրութիւններ, կը համադրէ աղբիւրներ եւ կը ներկայացնէ պատրաստ եզրակացութիւններ։
Ասիկա այն կէտն է, ուր Սոկրատի երկհազարամեայ հարցումը նոր իմաստ կը ստանայ։
Կարելի՞ է գիտելիքի տպաւորութիւն ունենալ՝ առանց իսկապէս գիտնալու։
Եւ եթէ այդ պատասխանը այո՛ է, ապա կրթութեան առաքելութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան աշխարհին մէջ։
Մտածել ի՞նչ կը նշանակէ այլեւս
Դարեր շարունակ կրթութեան հիմնական առաքելութիւնը եղած է գիտելիք փոխանցել։ Ուսուցիչը գիտելիքը կրողն էր, դպրոցը՝ անոր պահապանը, իսկ գիրքը՝ հիմնական աղբիւրը։ Աշակերտը կը սորվէր, որովհետեւ տեղեկութիւնը դժուար հասանելի էր։ Անհրաժեշտ էր կարդալ, յիշել, հասկնալ եւ տարիներու աշխատանքով գիտելիք կուտակել։ Այսօր այդ իրականութիւնը գլխիվայր շրջուած է։ Տեղեկութիւնը այլեւս հազուագիւտ չէ։ Ան ամէն տեղ է։ Աւելի՛ն. առաջին անգամ պատմութեան մէջ տեղեկութիւնը ոչ միայն մատչելի է, այլ նաեւ անմիջապէս տրամադրելի։ Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրնայ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին ամփոփել ամբողջ գիրք մը, համեմատել տասնեակ աղբիւրներ, պատրաստել շարադրութիւն, լուծել մաթեմաթիքի խնդիրներ կամ բացատրել գիտական բարդ հասկացողութիւններ՝ այնպիսի սահունութեամբ, որ երբեմն կը թուի, թէ իսկական ուսուցիչի մը հետ կը խօսինք։
«Երբ դատողութիւնը կը մեքենայացուի, ուղեղը կը զրկուի այն մտային ճիգէն, ուր կը կազմաւորուի իսկական ըմբռնողութիւնը»։
World Economic Forum
Ահա թէ ինչու ներկայ փոփոխութիւնը պարզապէս նոր գործիքի մը յայտնութիւնը չէ։ Անիկա կը վերափոխէ մտածելու ձեւը։ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին տեղեկագիրը կարեւոր տարբերութիւն մը կը նկատէ նախորդ բոլոր թուային գործիքներուն եւ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) միջեւ։ Համակարգիչը կը հաշուէր։ Համացանցը տեղեկութիւն կը գտնէր։ Որոնողական մեքենաները աղբիւրներ կը ցուցաբերէին։ Իսկ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) արդէն ինք կը գրէ, կը դիտարկէ, կը համադրէ եւ կը ներկայացնէ պատրաստ եզրակացութիւններ։
Առաջին հայեացքով այս բոլորը մեծ յառաջդիմութիւն կը թուին ըլլալ։ Իրականութեան մէջ ալ այդպէս է։ Սակայն իւրաքանչիւր մեծ յառաջդիմութիւն իր հետ կը բերէ նաեւ նոր հարցումներ։ Երբ մեքենան կը սկսի կատարել այն աշխատանքները, որոնք դարեր շարունակ ձեւաւորած են մարդկային միտքը, բնական է հարց տալ. արդեօ՞ք մարդկային միտքը կը շարունակէ զարգանալ նոյն ձեւով։
Դպրոցը չի մերժեր փոփոխութիւնը. պարզապէս ուշացած է
Այսօր շատեր կը մեղադրեն դպրոցները, որ անոնք ետ մնացած են ժամանակէն։ Սակայն հարցը այսքան պարզ չէ։ Կրթական համակարգերը իրենց բնոյթով դանդաղ կը փոխուին, եւ այդ դանդաղութիւնը միշտ ալ թերութիւն չէ։ Երբ խօսքը երեխաներու կրթութեան կը վերաբերի, յանկարծակի փորձարկումները կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ։ Դասագիրքերը, ուսումնական ծրագիրները, քննութիւնները, ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը, օրէնքները եւ կրթական չափանիշները տարիներու ընթացքին կը մշակուին, որովհետեւ անոնց նպատակը նորարարութիւնը չէ միայն, այլ նաեւ մանկավարժական նորմերը, անաչառութիւնը, վստահութիւնը եւ կայունութիւնը։
«Հետաքրքրասիրութիւնն ալ մշտական մարզումի կարիք ունի»։
World Economic Forum
Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ), ընդհակառակը, գրեթէ ամէն ամիս կը փոխուի։ Ամէն քանի մը շաբաթը նոր մոտելներ կը յայտնուին, նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուին, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ անմիջապէս կը սկսին զանոնք օգտագործել՝ առանց որեւէ պաշտօնական հրահանգի կամ դասընթացքի։
Արդիւնքը այն է, ինչ որ World Economic Forum-ի տեղեկագիրը կը կոչէ համակարգային անհամապատասխանութիւն։ Աշակերտները արդէն փոխուած են, ուսուցիչները կը փորձեն յարմարիլ, բայց կրթական համակարգերը տակաւին կը գործեն այն տրամաբանութեամբ, որ ստեղծուած էր արուեստական իմացականութենէն (ԱԻ) առաջ։
Այս փոփոխութիւնը տեղի կ’ունենայ վարէն վեր։ Ոչ թէ կրթական իշխանութիւնները որոշեցին արուեստական իմացականութիւն ներմուծել դպրոցներ, այլ աշակերտները իրենք զայն իրենց գրպանին մէջ դպրոց բերին։ Այսօր անոնք ChatGPT-ի կամ նման համակարգերու կը դիմեն նախքան դասագիրքը բանալը, նախքան ուսուցիչին հարց տալը, իսկ շատ յաճախ՝ նոյնիսկ նախքան համացանցին մէջ որոնելը։ Տեղեկագիրին համաձայն, տնային աշխատանքներուն համար արուեստական իմացականութիւն օգտագործող աշակերտներու տոկոսը քանի մը ամիսներու ընթացքին 48 առ հարիւրէն հասած է 62 առ հարիւրի։ Սակայն նոյն այդ աշակերտներուն 67 առ հարիւրը կը խոստովանին, թէ այդ սովորութիւնը կրնայ վնասել իրենց քննական մտածողութեան:
«Սորվիլը տեղեկութիւններու պարզ կուտակում չէ, այլ մտային ճիգ մը, որ կը զօրացնէ ուսման հիմքը կազմող ուղեղային կապերը»։
World Economic Forum
Այս մէկը զարմանալի հակասութիւն մըն է։ Մարդիկ կը շարունակեն գործածել գործիք մը, մինչդեռ իրենք իսկ կը կասկածին, թէ անիկա կրնայ թուլացնել իրենց մտածելու կարողութիւնը։ Հաւանաբար որովհետեւ հոս խնդիրը կամքի պակասը չէ։ Խնդիրը մարդուն բնութիւնն է։
Մարդուն ուղեղը կը սիրէ դիւրին ճամբան
Բնագէտ Լէոնարտ Սուսքինտի խօսքը, զոր տեղեկագիրը կը մէջբերէ, առաջին հայեացքով կատակ մը կը թուի ըլլալ. «Եթէ անհրաժեշտութիւնը գիւտերու մայրն է, ապա ծուլութիւնը անոնց հայրն է»։ Բայց այդ կատակին մէջ խոր ճշմարտութիւն մը կայ։ Մարդկային ուղեղը միշտ ալ փորձած է աւելի քիչ ճիգով նոյն նպատակին հասնիլ, ինչ որ բնական է։ Անոր շնորհիւ ստեղծուած են անիւը, ինքնաշարժը, համակարգիչը եւ հազարաւոր այլ գիւտեր։ Սակայն գոյութիւն ունի սկզբունքային տարբերութիւն մը։ Կան գործիքներ, որոնք կ’երկարաձգեն մեր կարողութիւնները, եւ կան գործիքներ, որոնք աստիճանաբար կը փոխարինեն զանոնք։
Հաշուիչ մեքենան մեզմէ չի խլեր մաթեմաթիքական մտածողութիւնը։ Ան կը դիւրացնէ երկար հաշիւները։ Քարտէսը մեզմէ չի խլեր կողմնորոշուելու կարողութիւնը։ Ան ցոյց կու տայ ճամբան։ Բայց երբ մեքենան կը սկսի դատողութիւնը ունենալ, վերլուծել, եզրակացնել եւ նոյնիսկ ստեղծագործել մեր փոխարէն, արդէն հարցը այլեւս արագութիւնը կամ յարմարութիւնը չէ։ Բուն հարցը այն է, թէ ուղեղը կը շարունակէ՞ կատարել այն աշխատանքը, որուն շնորհիւ ինքզինք կը զարգացնէ։
«Դպրոցները միայն գիտելիք չեն փոխանցեր․ անոնք միտքը կը մարզեն, որ գիտնայ ինչպէս աշխատիլ այդ գիտելիքին հետ»։
World Economic Forum
Տեղեկագիրը այստեղ կը ներկայացնէ իր ամենէն մտահոգիչ եզրակացութիւններէն մէկը։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) օգնութեամբ աշխատող ուսանողները այդ պահուն աւելի լաւ արդիւնքներ կրնան արձանագրել։ Բայց երբ այդ օգնութիւնը կը հեռացուի, անոնք աւելի վատ արդիւնք կուտան, քան այն ուսանողները, որոնք երբեք չէին օգտուած այդ գործիքէն։ Այսինքն՝ ուսանողը խնդիրը լուծած էր, բայց չէր սորված լուծել։ Եւ հոս է, թերեւս, ամբողջ հարցին էութիւնը։ Կրթութիւնը երբե՛ք միայն պատասխաններու մասին չէ եղած։ Ան միշտ եղած է այն ճամբուն մասին, որ կը տանի դէպի այդ պատասխանները։ Երբ այդ ճանապարհը անհետանայ, ի՞նչ կը պատահի նոյնինքն սորվելու գործընթացին։
Երբ պատասխանը միշտ պատրաստ է, հարցում տալը կը դառնայ անտեղի
Մարդուն մտային զարգացումը երբե՛ք միայն տեղեկութիւն կուտակելու գործընթաց մը չէ եղած։ Ան հարցումներու պատմութիւն մըն է։ Երեխան կը սորվի ոչ միայն պատասխան լսելով, այլեւ նախ հարց տալով, կասկածելով, փորձարկելով, սխալելով եւ, վերջապէս, հասկնալով։ Այդ ամբողջ գործընթացը ժամանակ կ’առնէ։ Երբեմն ալ յուսախաբութիւն կը պատճառէ։ Բայց նոյնիքն այդ դժուարութիւնն է, որ կը կազմաւորէ մտածողութիւնը։ Արուեստական իմացականութիւնը, ընդհակառակը, ստեղծուած է այդ դժուարութիւնը նուազեցնելու։ Ան պատասխանները անմիջապէս կը տրամադրէ, կը պատրաստէ եզրակացութիւնները, կը դասաւորէ փաստարկումները եւ նոյնիսկ կրնայ հարցումներ առաջարկել, զորս մենք տակաւին չէինք մտածած։
«Վտանգը միայն այն չէ, որ սխալ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի, այլ այն, որ այդ տեղեկութիւնը կը ներկայացուի այնպիսի ձեւով, որ դիւրութեամբ վստահութիւն կը ներշնչէ»։
World Economic Forum
Առաջին հայեացքով այս մէկը ժամանակի խնայողութիւն կը թուի ըլլալ։ Սակայն կրթութեան մէջ ժամանակը միշտ վատնում չէ։ Շատ յաճախ անիկա ներդրում է։ Երբ երեխան քանի մը ժամ կը պայքարի մաթեմաթիքի խնդիր մը լուծելու, իրականութեան մէջ ան միայն հաշուական գործողութիւն չի կատարեր։ Ան համբերութիւն կը սորվի, յիշողութիւնը կը զարգացնէ, ուշադրութիւնը կը մարզէ, տարբեր լուծումներ կը փորձէ եւ վերջապէս կը զգայ յաղթանակի բերկրանքը։ Այս ամբողջ գործընթացը կը կորսուի, երբ պատասխանը քանի մը երկվայրկեանի մէջ պատրաստ հասնի։ Հետեւաբար, իրական վտանգը այն չէ, որ աշակերտը սխալ պատասխան մը պիտի ստանայ։ Վտանգը այն է, որ ան այլեւս չզգայ պատասխան փնտռելու անհրաժեշտութիւնը։
Ո՞վ է պիտի որոշէ, թէ ուր է ճշմարտութիւնը
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) ամենէն հետաքրքրական յատկութիւններէն մէկը այն է, որ ան շատ յաճախ կը խօսի այնպիսի վստահութեամբ, որ մարդը դժուարութեամբ կը կասկածի անոր ըսածին։ Սակայն վստահութիւնը ճշմարտութեան ապացոյց չէ։ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի տեղեկագիրը կը զգուշացնէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) ոչ միայն երբեմն սխալ տեղեկութիւն կը փոխանցէ, այլեւ զայն կը ներկայացնէ աւելի մեծ համոզումով, քան ճիշդ տեղեկութիւնը։ Այս երեւոյթը, զոր մասնագէտները «զառանցանք» կը կոչեն, կրթութեան համար յատկանշական վտանգ մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ դպրոցին նպատակը երբե՛ք պատրաստ պատասխաններ ընդունիլը չէ եղած։ Անոր նպատակը եղած է մարդուն մէջ զարգացնել այն սովորութիւնը, որ հարց տայ.
« Ուրկէ՞ գիտեմ, թէ այս մէկը ճիշդ է»։
Գիտութիւնը այս հարցումին վրայ հիմնուած է։ Պատմութիւնը՝ նոյնպէս։ Իրաւունքը՝ նաեւ։ Ժողովրդավարութիւնն ալ՝ նոյնպէս։ Երբ մարդ դադրի աղբիւրները ստուգելէ եւ սկսի վստահիլ միայն սահուն շարադրուած նախադասութիւններու, կրթութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր հիմնական առաքելութիւններէն մէկը՝ ճշմարտութիւնը քննելու կարողութիւնը։
«Կրթութեան հիմնական առաքելութիւններէն մէկը մարդուն մէջ ճշմարտութիւնը քննող եւ կասկածելու կարողութիւն զարգացնելն է»։
World Economic Forum
Ուսուցիչը կրնա՞յ աւելորդ դառնալ
Սա, թերեւս, ամենէն տարածուած վախերէն մէկն է։ Եթէ մեքենան կրնայ բացատրել, դասաւանդել, օրինակներ բերել եւ անհատական տեսակէտ տալ, ի՞նչ կարիքը պիտի մնայ  ուսուցիչին։ Տեղեկագիրը հետաքրքրական պատասխան մը կու տայ։ Ուսուցիչը նուազ կարեւոր չի դառնար։ Ընդհակառակը։ Անոր դերը կը փոխուի։ Մեքենան կրնայ տեղեկութիւն փոխանցել։ Բայց չի կրնար ոգեւորել։ Չի կրնար հասկնալ աշակերտին վախերը։ Չի կրնար դասարանին մէջ վստահութիւն ստեղծել։ Չի կրնար արժէքներ փոխանցել։ Չի կրնար օրինակ դառնալ։ Կրթութիւնը միշտ ալ հիմնուած եղած է մարդկային յարաբերութեան վրայ։ Եւ որքան մեքենաները աւելի զարգանան տեղեկութիւն մշակելու, այնքան աւելի պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ կրնան բացառապէս մարդիկ տրամադրել:
«Այն արհեստագիտութիւնը, որ այսօր ամենէն անմիջական ազդեցութիւնը ունի ուսման վրայ, արդէն կը տարածուի առանց կրթական հաստատութիւններու պատշաճ վերահսկողութեան»։
World Economic Forum
Ամենէն կարեւոր բաժինը. լուծման առաջարկներ
Պէտք է ընդգծել, որ այս յօդուածը միայն մտահոգութիւններու պարզ թուարկում մը չի կատարեր։ Տեղեկագիրը նաեւ ուղի մը կ’առաջարկէ։ Անիկա կը ներկայացնէ կրթական համակարգերու պատրաստուածութեան շրջագիծ մը, որ պարզ ցուցակ մը չէ, այլ ամբողջական մտածողութիւն։ Կրթական համակարգը պէտք է միաժամանակ մտածէ.
ինչպէ՞ս պաշտպանել անձնական տուեալները,
ինչպէ՞ս ապահովել ակադեմական ազնուութիւնը,
ինչպէ՞ս վերապատրաստել ուսուցիչները,
ինչպէ՞ս զարգացնել թուային եւ մետիա գրագիտութիւնը,
ինչպէ՞ս պահպանել աշակերտներուն հոգեկան բարեկեցութիւնը,
ինչպէ՞ս ներգրաւել ծնողները,
ինչպէ՞ս բարեփոխել գնահատման եղանակները,
ինչպէ՞ս անհատականացնել ուսումը՝ առանց մարդը մեքենային յանձնելու։
Այս ամբողջութիւնը մեզի կարեւոր բան մը կը թելադրէ։ Խնդիրը նոր ծրագիրներ գնելը  չէ, այլ նոր կրթական փիլիսոփայութիւն ունենալը։
«Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) ունի ներուժը կրթութեան մէջ բազմապատկելու մարդկային կարողութիւնները»։
World Economic Forum
Եզրակացութիւն
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) շուրջ քննարկումները շատ յաճախ կը սահմանափակուին նոյն հարցումով.
«Անիկա պիտի փոխարինէ՞ մարդը»։
Հաւանաբար այս հարցումը այնքան ալ ճիշդ չէ։ Աւելի կարեւոր է հետեւեալ հարցումը.
«Մինչ մենք կը փորձենք ստեղծել աւելի խելացի մեքենաներ, արդեօք բաւարար ուշադրութիւն կը դարձնե՞նք աւելի խոր մտածող մարդ զարգացնելու»։
Որովհետեւ քաղաքակրթութիւնները երբե՛ք չեն գոյատեւած միայն իրենց գործիքներով։ Անոնք գոյատեւած են մարդոց՝ մտածելու, հարցնելու, կասկածելու, ստեղծագործելու եւ ճշմարտութիւնը որոնելու կարողութեամբ։ Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրնայ դառնալ մարդկութեան պատմութեան ամենէն օգտակար գործիքներէն մէկը։ Բայց միայն այն պարագային, երբ ան ծառայէ մարդկային միտքին։ Ոչ թէ փոխարինէ զայն։
«Այսօր անհրաժեշտ պատրաստուածութիւն ստեղծելը պիտի որոշէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի զօրացնէ՞ մարդկային ուսումն ու զարգացումը, թէ պիտի թուլացնէ զանոնք»։
World Economic Forum
Ինչպէս Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի տեղեկագիրը իր եզրափակիչ բաժնին մէջ կը յիշեցնէ, իրական հարցումը այլեւս այն չէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) պիտի փոխէ՞ կրթութիւնը։ Այլ՝
«Արուեստական իմացականութիւնը ինք պիտի ձեւաւորէ՞ կրթական համակարգերը, թէ՞ կրթական համակարգերը պիտի կարենան ձեւաւորել այն կերպը, որով մարդկութիւնը պիտի օգտագործէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ):
«Ի վերջոյ, հիմնական հարցը այն չէ, թէ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) ինչպէ՛ս կը ձեւաւորէ կրթական համակարգերը, այլ՝ թէ կրթական համակարգերը ինչպէ՛ս պիտի ձեւաւորեն արուեստական իմացականութեան օգտագործումը»։
World Economic Forum
Վ.Թ.
Ինքնապաշտպանութեան լուռ մանկավարժութիւնը
Բարռեսիա քոլէքթիվի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Թալին Սուճեանն ու ես անգլերէն լեզուով կը ներկայացնենք «Ասիկա հասարակ կեանք չէ» (This is No Ordinary Life) փոտքաստը, ուր մօտէն կը քննենք մեր առօրեային ընդելուզուած բռնութիւնն ու մանրաբռնութիւնը (micro-violence)։ Յայտագրի մեր վերջին զրոյցներէն մէկուն ընթացքին նկատեցինք, որ կայ հարց մը, որուն յաճախ կը վերադառնանք՝ Ինչպէս մենք, որպէս աղջիկներ, կը սորվինք մենք զմեզ պաշտպանել։ Աշխարհի մը մէջ, ուր բռնութիւնը կրնայ որեւէ մէկ վայրկեանին ծագիլ, ո՞վ մեզ կը սորվեցնէ ապահով մնալ։ Արդեօք այս գիտութիւնը սիրո՞յ, յստակ եւ սրտապնդիչ ուղղութեա՞ն կամ վախի ու արգելումի ճամբով կը փոխանցուի։
Վաղ յուշերէս մին կապուած է մանկապարտէզի մէջ մեր երգած երգերէն մէկուն։ Այո, երգ. այն ալ՝ զուարճալի։ Նախասիրած ուսուցիչներէս օրիորդ Արաքսին ամէն առաւօտ մեզ կը դիմաւորէր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, իր պատրաստած գունաւոր դերձանէ գունդերով։ Երգին հետ մեզ կը հրաւիրէր միասին շարժելու, ցատկելու եւ զուարճանալու։ Երգերէն մէկը այպէս էր՝
Ո՞ւր կ՚երթաս, ո՞ւր կ՚երթաս, պզտիկ աղջիկ,
Կ՚արգիլեմ, կ՚արգիլեմ։
Մանիշակ ժողվել կ՚երթամ,
Մ՚արգիլէք, մ՚արգիլէք։
Այսօր երգին մնացածը չեմ յիշեր. նոյնիսկ զայն հիմա գրի առնելը տարօրինակ կը թուի, բայց այն ատեն մեզի համար արտասովոր չէր։ Մեզի արտօնուած էր դասարանին մէջ երգելով վազվզել, ցատկրտել. շատ լաւ ժամանակ կ՚անցնէինք։ Տարիներ ետք, երբ երգը միտքս ինկաւ, հասկցայ, որ անիկա արգիլումի երգ էր։ Աւելի տխուրը այն էր, որ հասկցայ, թէ ինչպէ՛ս արգիլումը արմատներ նետած էր մեր փոքրիկ մարմիններուն մէջ՝ ուրախութեան ճամբով։ Մեր մանկութիւնը կասկածի տակ չդրաւ երգը։ Երբ արգիլող ուժը միահիւսուեցաւ սիրոյ եւ խաղի հետ, այն թէ անտեսանելի դարձաւ, թէ ալ հաստատեց արգելքը։
Հարկաւ, որ խանդաղատանքը մեր կեանքէն բացակայ չէր։ Մօրս եւ մեծմօրս տածած գուրգուրանքը, յատկապէս համեղ եւ սննդարար կերակուրներու, տաքուկ տունի եւ պահապան ներկայութեամբ, ձեւաւորեց ապահով զգալու առաջին փորձառութիւններս։ Սէրը յաճախ ճաշի սեղանին շուրջ կը դրսեւորուէր՝ լաւ կերակրուած ըլլալը, տաքուկ հագուստով, խնամուած ըլլալով, սպասող ունենալով։ Յետադարձ հայեացքով, զանոնք կը տեսնեմ պաշտպանուածութեան դրսեւորում։
Այնուամենայնիւ, պաշտպանուած եւ կապուած ըլլալը միշտ չէ, որ կը նոյնացուէր։ Տունը յաճախ ապահովութիւն կը ներկայացնէր, մինչ փողոցը՝ անորոշութիւն։ Սահմանափակումները կը բազմապատկուէին արտաքին աշխարհին մէջ։ Կարեւոր կը դառնային մեր ո՛ւր երթալը, ե՛րբ վերադառնալը եւ որո՛ւ հետ ժամանակ անցնելնիս արտօնուած ըլլալը։ Բայց հետաքրքրական էր, որ մեր մեծերուն հասկացողութեամբ դպրոցներն ու անոր շրջակայքը յաճախ ապահով տարածքներ կը սեպուէին։ Այսուհանդերձ, տարիներ անց, նկատեցի, թէ դպրոցներու միջանցքները միշտ չէ, որ ապահով եղած են, թէ սահմանները յաճախ բացայայտօրէն չէին քննարկուեր եւ թէ ես շատ բան պէտք էր սորվէի մարմինիս միջոցով։ Տունէն ոչ մէկ նախզգուշացում կար, որ դպրոցին մէջ եւս կրնար անբաղձալի դէպքեր պատահիլ մեզի։ Մեր ուսուցիչներուն հանդէպ մեր յարգանքն ու վստահութիւնը անվիճելի պէտք էր ըլլար։ Սակայն տարիներու ընթացքին փորձառութեամբ սորվեցանք, որ դպրոցները, նոյնիսկ արտավարժարանային կրթական միջավայրերը, անվտանգ տարածքներ չէին ապահովեր։
Շատ մը կանանց նման, կանուխէն սորվեցայ շուրջս զննել։ Կանխատեսել հայեացք մը, կարդալ շրջապատիս տրամադրութիւնը, համակերպիլ առանց խնդիրներ յառաջացնելու, խուսափիլ ուշադրութիւն գրաւելէ, հաճեցնել շուրջիններս… Պաշտպանութիւնը յաճախ կը սորվէի մարմինիս հետ կապ մը ունենալու հաշուին։ Աւելի շատ կը կեդրոնանայի աշխարհին ինծմէ ակնկալածին վրայ, քան զգացումներուս վրայ։
Քանատացի բժիշկ եւ գրող Կապոր Մաթէ կը բացատրէ, որ մնայուն յարմարակումը, զայրոյթի զսպումը եւ ուրիշներու կարիքներուն մշտական առաջնահերթութիւն տալը, յատկապէս կանանց քով, կրնան երկարաժամկէտ բեռ ստեղծել մարմնին վրայ։ Հոս ան չի խօսիր պատճառ եւ արդիւնք տիպի ուղիղ յարաբերութեան մասին, այլ դիտարկման արժանի խաչմերուկի մասին։ Ան դիտել կու տայ, որ երբեմն մարդ արարածը չի կրնար «ոչ» ըսել, իսկ մարմինը այդ «ոչ»-ը այլ միջոցներով կ՚արտայայտէ։
Մեր սերունդին համար փոքր տարիքին «ոչ» ըսելը գրեթէ անկարելի էր։ Ծնողներու, ուսուցիչներու եւ այլ հեղինակաւոր անձերու ակնկալութիւնը յստակ էր՝ պէտք էր հլու, հնազանդ ըլլայինք ու խնդիրներ չյառաջացնէինք։ Ի վերջոյ, թէ՛ հայ էինք, թէ՛ ալ աղջիկ։ Ո՜վ գիտէ, թէ մարմնական սահմանները խախտող քանի-քանի պատմութիւններ մեր մարմիններուն մէջ կը գտնուին՝ երեխան դարձնելով անարժէք եւ ներթափանցելի։ Յաճախ բռնի միջամտութիւնները, որոնք իբրեւ թէ մեզի կարգի կը բերեն, կը համարենք միայն մարմնական սահմանները խախտող փորձառութիւններ։ Այնուամենայնիւ, ստիպողաբար կուլ տուած պատառը կամ գծագրուած ժպիտը աւելի քան բաւարար են, որ պատճառ դառնան աղջիկան՝ իր սեփական մարմինէն լռութեամբ անջատուելու։
Այս յօդուածը գրած ժամանակս անգամ մը եւս հասկցայ, որ մեր մանկութիւնը մեզի հետ ոչ միայն յիշողութեան ճամբով, այլեւ մարմինին ընդմէջէն կը խօսի։ Անանուն սահմաններ, անբացատրելի վախեր, «լաւ աղջիկ» ըլլալու ճնշում, յարմարուելու պարտաւորութիւն…Որոշ բաներ հասկնալի կը դառնան միայն յետադարձ հայեացքով։ Հոգեխոցի ֆեմինիստ տեսաբան Ճիւտիթ Հըրմեն մեզ կը յիշեցնէ, որ չխօսուած փորձառութիւնները պարզապէս չեն անյայտանար, անոնք յաճախ այլ կերպերով կը վերադառնան,— լռութեամբ, անբացատրելի անհանգստութիւններով, մարմնի կրած բեռով։ Երբ պատմութիւն մը չի կրնար բառերով արտայայտուիլ, մարմինը կը շարունակէ խօսիլ։
Հիմա, անգամ մը եւս մարմինիս այս ոսպնեակէն նայելով, չեմ կրնար ինքզինքիս չհարցնել, թէ ինչպէ՛ս կրնամ աւելի ուշադրութեամբ պաշտպանել տարիներու ընթացքին ներթափանցելի դարձած սահմանները։ Թէեւ մանկութեան լուռ մանկավարժութիւնն է մեզի կոփողը, ժամանակի ընթացքին նաեւ կը սորվինք տարբեր յարաբերութիւններ հաստատել մեր մարմինին, սահմաններուն եւ ձայնին հետ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծել տարածքներ, ուր պաշտպանութիւնը կ՚աւանդուի ոչ միայն վախի եւ արգիլումի, այլ նաեւ վստահութեան, սահմաններու եւ յարաբերութիւններ հաստատելու ունակութեան ճամբով։ Հարցը միայն ինքնապաշտպանութիւն սորվիլը չէ, այլ նաեւ կեանքը գնահատելն է՝ առանց կորսնցնելու պաշտպանուած ըլլալու միջոցին մեր անձերուն հետ ունեցած մեր կապը։
Այլին Վարդանեան
(Թարգմանեց Արազ Գոճայեան)
Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ
(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 4 Յունիս 2026-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)
Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։
Երբ զոհաբերութիւնը կը դառնայ կանոն. Սփիւռքահայ արուեստագէտի տագնապը
Վերջերս, նախկին լիբանանահայ եւ այժմ ֆրանսա ապրող հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեանէն խմբագրութիւնս ստացաւ հետագայ երկտողը՝ հարցումի ձեւով. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ մը պէ՞տք է ունենայ ծառայասիրութիւն վասն ոչինչի ու դառնայ մուրացկա՞ն»։
Այդ երկտողը իսկապէս արժանի է խոր քննարկման եւ խորհրդածութեան՝ ո՛չ այնքան իր կտրուկ ձեւակերպումին պատճառով, այլ որովհետեւ անիկա կը վերաբերի սփիւռքեան կեանքի այն իրականութեան, որուն բոլորս ծանօթ ենք, բայց հազուադէպօրէն կը խօսինք։ Այս յօդուածը այդ հարցումին ուղղակի պատասխան մը չէ. անիկա փորձ մըն է հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս ծառայասիրութիւնը, որ երկար տարիներ մեր համայնքներու գոյատեւման մեծագոյն ուժերէն մէկը եղած է, երբեմն աննկատ կերպով վերածուած է մնայուն զոհաբերութեան ակնկալութեան՝ վտանգելով նոյն այն մշակոյթը, որուն պահպանման կոչուած էր ծառայելու։
Մեր ժողովուրդը գուրգուրանքով կը խօսի հայ մշակոյթի մասին։ Ամէն առիթով կը կրկնենք, որ լեզուն, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, կերպարուեստը եւ մտաւոր կեանքը մեր ինքնութեան ողնաշարը կը կազմեն։ Մենք կը հպարտանանք մեր գրողներով, բանաստեղծներով, երգահաններով եւ երգիչներով, դերասաններով, նկարիչներով ու մտաւորականներով։ Անոնք մեր ազգային յիշողութիւնը կրողներն են, մեր ինքնութեան պահապանները, մեր գոյատեւման երաշխիքները։
Բայց այս գեղեցիկ խօսքերուն կողքին կայ անհանգստացնող իրականութիւն մը, որուն մասին շատ քիչ կը խօսինք։ Ինչո՞ւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մշակոյթը կը մեծարուի, իսկ մշակոյթ ստեղծող մարդը յաճախ կը մոռցուի։ Առաւելագոյն պարագայի՝ յետ մահու կը յարգուի: Առաջին հայեացքով այս խնդիրը կրնայ նիւթական թուիլ։ Իրականութեան մէջ՝ բարոյական է։ Խնդիրը այն չէ, թէ արուեստագէտը որքան կը վաստակի։ Խնդիրը այն է, թէ համայնքը ի՛նչ պատկերացում ունի արուեստագէտին դերակատարութեան մասին։ Այս հարցը միայն արուեստագէտին մասին չէ։ Անիկա կը վերաբերի սփիւռքեան մտածելակերպի մը, որ վերաքննութեան կարիք ունի։ Սփիւռքը երկար տարիներ գոյատեւած է ծառայասիրութեամբ։ Բայց այսօր նոյն այդ ծառայասիրութիւնը, երբ կը վերածուի մշտական զոհաբերութեան ակնկալութեան, կրնայ վտանգել այն մշակոյթը, որուն պահպանման համար ստեղծուած էր։
Հետագայ արտայայտութիւնը սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ լսուած է։
«Ազգային գործ է»:
«Համայնքին համար է»:
«Ասիկա ծառայութիւն է»:
Այս բոլոր արտայայտութիւնները ազնիւ մտադրութենէ կը ծնին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք ստեղծած են մտածելակերպ մը, որուն վտանգը հազիւ կը նկատենք։ Անիկա այն ենթադրութիւնն է, թէ մշակութային աշխատանքը սովորական աշխատանք չէ։ Գրողը պէտք է գրէ, որովհետեւ հայ է։ Երաժիշտը պէտք է նուագէ, որովհետեւ համայնքը զինք կը կանչէ։ Գեղանկարիչը պէտք է ցուցադրէ, որովհետեւ ազգային գործ կը կատարէ։ Դերասանը պէտք է բեմ բարձրանայ, որովհետեւ թատրոնը կը ծառայէ հայապահպանութեան։ Եւ այս բոլորին մէջ աննկատ կը կորսուի ամենապարզ ճշմարտութիւնը. այս բոլորը աշխատանք է` երկար տարիներու ուսում, փորձ, ձախողութիւն, կատարելագործում եւ անտեսանելի յոգնութիւն։
Ինչո՞ւ միայն արուեստագէտը
Եթէ նոյն տրամաբանութիւնը կիրարկենք ուրիշ մասնագիտութիւններու նկատմամբ, անմիջապէս պիտի զգանք անոր անհեթեթութիւնը։ Ոչ ոք կը սպասէ, որ բժիշկը անվճար վիրահատէ, որովհետեւ հիւանդը հայ է։ Ոչ ոք փաստաբանին կ’ըսէ, թէ դատը անվճար ստանձնէ, որովհետեւ ազգային հարց է։ Ոչ ոք ճարտարապետէն կը պահանջէ ձրիաբար ծրագիր պատրաստել, որովհետեւ շէնքը հայկական հաստատութիւն մըն է։ Բայց մշակութային գործիչին պարագային այդ ակնկալութիւնը գրեթէ բնական կը նկատուի։ Կարծես մշակոյթը ստեղծող մարդը նիւթական կարիքներ չունենար։ Կարծես ան ընտանիք չունենար։ Կարծես տան վարձք, ուսման ծախս կամ առօրեայ հոգեր գոյութիւն չունենային։
Ծառայասիրութիւնը առաքինութիւն է, ոչ թէ պարտաւորութիւն: Սխալ պիտի ըլլար նուաստացնել ծառայասիրութիւնը։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը անով լեցուն է։ Մեր դպրոցները, ակումբները, երգչախումբերը, սկաուտական շարժումները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները գոյատեւած են հազարաւոր կամաւորներու շնորհիւ։ Ծառայասիրութիւնը մեր հաւաքական ուժերէն մէկն է։ Բայց ծառայասիրութիւնը բարոյական արժէք ունի միայն այն ատեն, երբ ազատ ընտրութիւն է։ Երբ ան կը վերածուի ակնկալութեան, ապա կը դադրի ծառայասիրութիւն ըլլալէ։ Կը դառնայ պարտադրանք։ Աւելի՛ն, կը դառնայ մեղքի զգացումի միջոց։ Ով որ համարձակի իր աշխատանքին դիմաց վարձատրութիւն պահանջել, յաճախ կը զգայ, թէ կարծես համայնքին կամ ազգին դէմ մեղանչած է։
Այս մտածելակերպին մեծագոյն վնասը արուեստագէտին չէ։ Վնասը համայնքին է։ Որովհետեւ ամէն անգամ, երբ մշակութային աշխատանքը կը ներկայացնենք իբրեւ բան մը, որ պէտք է կատարուի անվճար, մենք երիտասարդներուն պատգամ մը կը փոխանցենք. «Այս ասպարէզը ընտրելով՝ դժուար թէ ապրուստ ապահովես»։ Թէեւ այս պատգամը չի հնչեր յայտնապէս, բայց անիկա կը հասնի։ Եւ տարիներ ետք կը սկսինք դժգոհիլ. Ինչո՞ւ նոր գրողներ չունինք։ Ինչո՞ւ երիտասարդ երաժիշտները կը հեռանան։ Ինչո՞ւ արուեստագէտները օտար շրջանակներու մէջ կը ստեղծագործեն։ Հաւանաբար որովհետեւ մենք երբե՛ք իսկապէս պայմաններ չստեղծեցինք, որ անոնք իրենց տաղանդով արժանապատիւ ապրին։
Մշակոյթի համար կատարուած յատկացումները կարելի՞ է ծախս սեպել: Սփիւռքեան շատ մը հաստատութիւններ մեծ գումարներ կը յատկացնեն շէնքերու, վերանորոգումներու, սարքաւորումներու, ճաշկերոյթներու եւ բազմաթիւ այլ անհրաժեշտ ծախսերու։ Բայց երբ խօսքը կը հասնի հեղինակային վարձատրութեան, դասախօսի, երաժիշտի, գրողի, թարգմանիչի, բեմադրիչի կամ նկարիչի աշխատանքին, յաճախ կը սկսինք խնայողութիւն ընել։ Կարծես մշակոյթը աւելորդ ծախս ըլլայ։ Իրականութեան մէջ մշակոյթը ներդրում է։ Ոչ մէկ համայնք երկարատեւ կեանք կ’ունենայ, եթէ չներդրէ իր ստեղծագործ մարդոց մէջ։
Շէնքերը ինքնութիւն չեն ստեղծեր։
Մարդիկ կը ստեղծեն։
Հրեայ, յոյն, իրլանտական եւ իտալական սփիւռքներուն մէջ նոյնպէս ծառայասիրութիւնը կարեւոր տեղ ունի։ Բայց անոնք տարիներու ընթացքին հասկցած են, որ մշակութային ստեղծագործութիւնը միայն կամաւոր աշխատանքի վրայ չի կրնար հիմնուիլ։ Անոնք ստեղծած են կրթաթոշակներ, ստեղծագործական հիմնադրամներ, հեղինակային ֆոնտեր, արուեստագէտներու բնակութեան ծրագիրներ եւ մշակութային դրամաշնորհներ։ Ոչ թէ որովհետեւ իրենց արուեստագէտները աւելի արժէքաւոր են։ Այլ որովհետեւ հասկցած են, որ մշակոյթը ինքնաբերաբար չի գոյատեւեր։ Անիկա պէտք է սնուցուի։
Շատ անգամ համայնքի հզօրութիւնը կը չափենք շէնքերով, դպրոցներով կամ անդամներու թիւով։ Բայց համայնքի մը իսկական հարստութիւնը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել։ Անիկա կը գտնուի այն գրողին մէջ, որ կը շարունակէ գրել։ Այն երաժիշտին մէջ, որ նոր ստեղծագործութիւն կը յօրինէ։ Այն դերասանին մէջ, որ հայ բեմը կենդանի կը պահէ։ Այն գեղանկարիչին մէջ, որ մեր ժամանակը հայու աչքերով կը մեկնաբանէ։ Եթէ անոնք լռեն, համայնքը կամաց-կամաց կը սկսի աղքատանալ, նոյնիսկ եթէ արտաքնապէս հարուստ թուի։
Հաւանաբար ժամանակն է հրաժարելու այս տխրահռչակ նախադասութենէն.
«Մշակոյթը պէտք է ծառայէ համայնքին»։
Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել.
Համայնքը եւս պարտաւոր է ծառայելու իր մշակոյթին։
Որովհետեւ մշակոյթը միայն գաղափար չէ։ Մշակոյթը մարդիկ են։ Իսկ մարդիկ արժանապատիւ կեանքի իրաւունք ունին։ Եթէ իսկապէս կը հաւատանք, որ հայ մշակոյթը մեր գոյութեան հիմքն է, ապա պէտք է նոյն լրջութեամբ արժեւորենք անոնք, որոնք զայն կը ստեղծեն ու կը պահպանեն։
Ծառայասիրութիւնը գեղեցիկ առաքինութիւն է։ Բայց ոչ մէկ համայնք կրնայ իր մշակութային ապագան կառուցել միայն իր արուեստագէտներուն անվերջ զոհաբերութեան վրայ։ Որովհետեւ երբ զոհաբերութիւնը դառնայ կանոն, ստեղծագործութիւնը դանդաղօրէն կը մարի։ Իսկ այն օրը, երբ վերջին արուեստագէտն ալ լուռ հեռանայ, մենք պիտի հասկնանք, որ չենք կորսնցուցած միայն անհատ մը։ Կորսնցուցած պիտի ըլլանք մեր սեփական ձայնը։
Ճամբան
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի անդունդին մէջ ես շրջած
Էի որպէս դիակային մի էակ`
Սպասելով թէ ե՞րբ պիտի իմ մեռած
Մարմինս կրկին ծնի իբրեւ հըրեշտակ:
Ու ես բանամ աչքերս կրկին լոյսերուն
Մէջն երկնքին, որուն աղբիւրը անհուն
Սիրոյ հոսանք մըն էր յորդող անդադար:
Բայց դիաչու ու տառապեալ իմ հոգիս,
Աւա՜ղ, մոռցած է արահետն աներիզ
Ու բանտարկւած է ճիհանում տանջահար:
Գէորգ Տանայեան
Խմբագրատունէն դէպի անհատական հարթակ․ հանրային խօսոյթի նոր ուղիներ
Կար ժամանակ, երբ հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ տեղեկութիւն փոխանցելու իրաւունքը գրեթէ բացառապէս կը պատկանէր աւանդական մամուլին։ Թերթերը, պարբերականները, ռատիոկայանները եւ պատկերասփիւռները ոչ միայն տեղեկութիւն կը փոխանցէին, այլեւ կ’որոշէին, թէ ո՛ր տեղեկութիւնը արժանի է հանրութեան հասնելու։ Անոնք էին հանրային խօսոյթի դարպասապահերը, եւ ոեւէ մէկը, որ կ’ուզէր լսելի դառնալ, ստիպուած էր անցնիլ այդ դարպասներուն մէջէն։
Ապա եկաւ համացանցը։ Յետոյ՝ անհատական հարթակները:
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական հաստատութեան մը հովանաւորութեան։ Շատեր այս փոփոխութիւնը ընկալեցին որպէս տեղեկատուութեան ժողովրդավարացում։ Ուրիշներ՝ որպէս մասնագիտական լրագրութեան հեղինակութեան անկում։ Անկախ գնահատականներէն, մէկ բան անժխտելի է. անհատական հարթակները փոխեցին հանրային խօսոյթի բնոյթը։
Սակայն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք, հետաքրքրական երեւոյթ մը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Շատ մը հաստատութիւններ, մշակութային կազմակերպութիւններ, համայնքային կառոյցներ եւ երբեմն նոյնիսկ պետական մարմիններ տակաւին ամբողջովին չեն հաշտուած այս փոփոխութեան հետ։ Անոնք կը շարունակեն գործել այն ենթադրութեամբ, թէ «իսկական» լրատուամիջոցը միայն այն է, որ խմբագրատուն ունի, տպագիր թերթ կամ պատկերասփիւռի կամ ռատիոյի ալիք։
Առաջին հայեացքով այս երեւոյթը կրնայ պարզ վարչական կամ կազմակերպչական հարց մը թուիլ։  Սակայն իրականութեան մէջ անիկա աւելի խոր հակամարտութեան մը արտայայտութիւնն է։ Խնդիրը անհատական հարթակներուն կամ մամուլին մասին չէ միայն։ Խնդիրը հեղինակութեան մասին է։ Տասնամեակներ շարունակ տեղեկատուութեան հեղինակութիւնը կը բխէր հաստատութենէն։ Ընթերցողը կը վստահէր ոչ միայն յօդուածին, այլ նաեւ այն կազմակերպութեան, որ զայն կը հրատարակէր։ Այսօր, սակայն, թուային աշխարհը փոխած է այդ տրամաբանութիւնը։ Շատ մը պարագաներու հեղինակութիւնը կը կառուցուի ոչ թէ հաստատութեան անունով, այլ՝ հեղինակի եւ ընթերցողի միջեւ ստեղծուած վստահութեամբ։ Ահա թէ ինչու անհատական հարթակներու եւ աւանդական մամուլի միջեւ գոյացած լարուածութիւնը իրականութեան մէջ օրինականութեան եւ ազդեցութեան շուրջ ընթացող լուռ պայքար մըն է։
Մէկ կողմէ՝ աւանդական լրատուամիջոցները, որոնք սկզբունքով կը հիմնուին խմբագրական փորձառութեան եւ մասնագիտական պատասխանատուութեան վրայ։ Միւս կողմէ՝ անկախ հարթակները, որոնք կը հիմնուին անմիջականութեան, անձնական ձայնի եւ ընթերցողի հետ ուղղակի կապի վրայ։
Այս հակադրութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ ընթերցողներու նախասիրութիւններուն մէջ։ Աւանդական մամուլի ընթերցողը կը փնտռէ ամուր վերլուծութիւն, մասնագիտական մօտեցում եւ հաստատուած աղբիւրներ, թէեւ յաճախ կը հանդիպինք ստորագիր յօդուածներու, որոնք հիմնուած մէկ կամ երկու աղբիւրի վրայ, երբեմն միայն մէկ, բայց այնպէս կը ներկայացուին, որ յօդուածը ստորագրողը ինք բերած է բոլոր տեղեկութիւնները եւ ոչ թէ օգտուած աղբիւրներէ՝ առանց նշելու զանոնք: Թուային աշխարհի ընթերցողը, ընդհակառակը, աւելի շատ կը գնահատէ անկեղծութիւնը, անմիջականութիւնը եւ անհատական տեսակէտը։ Ան յաճախ ոչ թէ կազմակերպութեան հեղինակութեան կը հետեւի, այլ հեղինակին։
Սակայն այս տարբերութիւնը պէտք չէ հասկնալ որպէս պարզ սերունդներու բախում։ Անիկա աւելի խոր է. երկու տարբեր աշխարհընկալումներու խաչաձեւումն է։ Մէկը կը հաւատայ վերէն վար նուիրապետական հեղինակութեան, միւսը՝ ցանցային եւ հորիզոնական հաղորդակցութեան։ Հետաքրքրականը այն է, որ երկու կողմերն ալ ունին իրենց ուժեղ եւ տկար կողմերը։
Անհատական հարթակները կրնան երբեմն տառապիլ ենթակայականութենէ կամ զգացական մօտեցումներէ։ Իսկ աւանդական մամուլը յաճախ կը մեղադրուի դանդաղ արձագանգելու, չափազանց ձեւական ըլլալու կամ հանրութեան կենդանի զարկերակէն հեռանալու ընթացքով։ Աւելին, կան լրատուամիջոցներ, որոնց քաղաքական կամ ֆինանսական հովանաւորութիւնները երբեմն ստուեր կը նետեն անոնց խմբագրական անկախութեան վրայ՝ ընթերցողին մօտ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ որոշ թեմաներ կը լուսաբանուին ոչ թէ մեկնելով հանրային հետաքրքրութենէ կամ ճշմարտութենէ, այլ քաղաքական օրակարգերէ եւ կը ծառայեն որպէս քարոզչական մեքենայ կամ ուղեղալուացի գործիք։
Հարցը այն է, թէ արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք ընդունելու, որ հանրային խօսոյթի կառուցուածքը փոխուած է։ Այսօր մարդիկ ոչ միայն թերթերէ եւ պատկերասփիւռէն տեղեկութիւն կը ստանան, այլ նաեւ անհատական հարթակներէ, փոտքասթներէ, YouTube-ի հաղորդումներէ եւ ընկերային ցանցերու մասնագիտացած էջերէ։ Շատ անգամ փոքր, բայց նուիրուած լսարան ունեցող անկախ հարթակ մը կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ, քան մեծ անցեալ ունեցող, բայց ժամանակի ընթացքին ինքզինք սահմանափակած լրատուամիջոց մը։
Այս չի նշանակեր, որ աւանդական մամուլը կորսնցուցած է իր դերը։ Բայց նոյնքան սխալ է թուային նոր ձայները երկրորդական կամ աննշան նկատելը։ Որովհետեւ հանրային խօսոյթը այլեւս չի կառավարուիր միայն խմբագրատուներէն։ Իշխանութիւնը աստիճանաբար կը տեղափոխուի դէպի այն հարթակները, ուր կը գտնուին ընթերցողները։ Իսկ ընթերցողները ամէնուր են այսօր։
Հաւանաբար այսօր անհատական հարթակներու եւ աւանդական մամուլի միջեւ ընթացող լուռ լարուածութիւնը իրականութեան մէջ բախում մը չէ բնաւ։ Ան անցում մըն է՝ դէպի այն աշխարհը, ուր գաղափարներու արժէքը այլեւս միայն անոնց հրապարակման վայրով չի չափուիր, այլ՝ մարդոց հասնելու, վստահութիւն ներշնչելու եւ զանոնք մտածելու մղելու անոնց կարողութեամբ։
Ծխախոտը, կլկլակը եւ օդի ապականումը հաւասարապէս վնասակար են մեր առողջութեան
Օր չ’անցնիր, որ չխօսինք առողջութեան մասին։ Կը խօսինք սննդականոնի, մարզանքի, վիթամիններու եւ բժշկական քննութիւններու մասին։ Սակայն շատ աւելի քիչ կը խօսինք այն օդին մասին, զոր ամէն մարդ օրական շուրջ քսան հազար անգամ կը շնչէ։ Օդը կեանքի առաջին պայմանն է։ Բայց երբ օդը կ’ապականի, ան այլեւս լոկ կենսոլորտային խնդիր մը չէ. կը վերածուի հանրային առողջութեան հարցի։
Լիբանան այս իրականութեան ցաւալի օրինակներէն մէկն է։ Մեր երկիրը երկար տարիներէ ի վեր մեծապէս կախեալ է տիզէլով աշխատող ելեկտրածիներէ։ Շատ մը թաղերու մէջ անոնց աղմուկը դարձած է առօրեայ սովորական ձայնը, իսկ սեւ ծուխը՝ սովորական տեսարան։ Նոյնիսկ փոխադրամիջոցներու զգալի մէկ մասը տակաւին տիզէլով կը շարժի՝ աւելցնելով օդին մէջ արտանետուող մանր մասնիկներու, ազոտի օքսիտներու եւ այլ վնասակար նիւթերու քանակը։
Հարցը միայն այն չէ, որ մեր թաղերը տհաճ կը հոտին կամ շէնքերու պատերը կը սեւնան։ Բժշկական ուսումնասիրութիւնները շարունակ կը հաստատեն, որ օդին ապականումը կը բարձրացնէ շնչառական հիւանդութիւններու, սրտանօթային խնդիրներու, թոքերու քաղցկեղի եւ նոյնիսկ մանուկներու զարգացման որոշ խանգարումներու վտանգը։ Ամենէն աւելի խոցելիները երեխաներն ու տարեցներն են, բայց իրականութեան մէջ ոչ ոք ամբողջովին պաշտպանուած է։
Սակայն այս ապականումը միայն ճամբաներուն կամ ելեկտրածիներուն չի վերաբերիր։ Ան մեր տուներն ալ մտած է։
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը (նարկիլէն) լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն նոյնիսկ ընտանեկան հաւաքներու ընթացքին անիկա կը ներկայանայ որպէս անմեղ ժամանց։ Շատեր կը կարծեն, թէ կլկլակը նուազ վնաս է, քան ծխախոտը, որովհետեւ ծուխը ջուրէն կ’անցնի։ Բայց այս ընկալումը գիտական ոչ մէկ հիմք ունի։
Կլկլակին ծուխը կը պարունակէ բնածուխի միաթթուիդ (carbon monoxide), մանր մասնիկներ, ծանր մետաղներ եւ բազմաթիւ քիմիական նիւթեր, որոնք կը տարածուին փակ տարածքներու մէջ եւ կը հասնին ոչ միայն ծխողին, այլեւ անոր շուրջ գտնուող բոլոր անձերուն։ Երեխան, որ ընտանիքին հետ նստած է ճաշարանի մը մէջ, կամ երիտասարդը, որ ընկերներուն հետ ժամեր կը մնայ կլկլակի ծուխով լեցուն սրահի մը մէջ, նոյնպէս կ’ենթարկուի այդ ազդեցութիւններուն՝ առանց երբեւէ կլկլակ բռնած ըլլալու։
Ապականումը, հետեւաբար, միայն բնութեան նկատմամբ անպատասխանատու վերաբերմունքը չէ։ Ան նաեւ ընկերային մշակոյթի հարց է։ Երբ ծուխը կը նկատենք բնական, երբ աղմուկը կը համարենք անխուսափելի, երբ կը մտածենք, թէ «մէկ կլկլակը բան մը չի փոխեր» կամ «մէկ ելեկտրածինը հարց մը չէ», անզգալիօրէն կը վարժուինք վտանգին եւ կը կորսնցնենք մեր զգօնութիւնը։
Ահա թէ ինչու իրազեկումը կարեւոր է, եւ այս պարագային, իրազեկումը պարզ տեղեկատուութիւն չէ։ Իրազեկումը մտածելակերպի փոփոխութիւն է։ Ան կը սկսի այն պահուն, երբ քաղաքացին կը գիտակցի, որ իր առողջութիւնը միայն բժիշկին պատասխանատուութիւնը չէ, այլ նաեւ իր սեփական որոշումներուն, իր շրջապատին եւ իր պահանջներուն արդիւնքն է։
Կենսոլորտի եւ մեր առողջութեան պահպանման այս պայքարին մէջ երիտասարդ սերունդը առանձնայատուկ դեր ունի։ Անոնք են, որ վաղուան քաղաքները պիտի կառուցեն, վաղուան օրէնքները պիտի պահանջեն եւ վաղուան սովորութիւնները պիտի ձեւաւորեն։ Եթէ երիտասարդները լուռ ընդունին օդի ապականումները եւ ծխախոտի ու կլկլակի պատճառած վնասները, կամ իրենք ալ մաս կազմեն որպէս «նորմալ» իրականութիւն, վաղը փոփոխութիւն սպասելը դժուար պիտի ըլլայ։ Իսկ եթէ հարցադրեն, իրազեկուին, գիտութեան ձայնը լսեն եւ պահանջեն աւելի մաքուր միջավայր՝ թաղը, տունն ու ակումբը ներառեալ, անոնք կրնան դառնալ փոփոխութեան իսկական մղիչ ուժը։
Այս պայքարը միայն կառավարութիւններուն կամ միջազգային կազմակերպութիւններուն պարտականութիւնը չէ։ Ան կը սկսի տունէն, դպրոցէն, համալսարանէն, սրճարանէն եւ մեր առօրեայ ընտրութիւններէն։ Կը սկսի այն պահուն, երբ կը մերժենք փակ սրահի մը մէջ կլկլակ ծխելը, երբ կը պահանջենք ուժանիւթի աւելի մաքուր քաղաքականութիւն, երբ կը պաշտպանենք հանրային կանաչ տարածքները եւ երբ կը հասկնանք, որ մաքուր օդը պերճանք մը չէ, այլ էական իրաւունք։
Առողջ հասարակութիւն կառուցելու համար միայն լաւ հիւանդանոցներ ունենալը բաւարար չէ։ Պէտք է նաեւ այնպիսի միջավայր ստեղծել, ուր մարդիկ նախ եւ առաջ հիւանդ չդառնան։
Որովհետեւ օդը, զոր այսօր կը շնչենք, վաղուան առողջութիւնը կը ձեւաւորէ։ Անիկա այն դեղամիջոցն է, զոր բնութիւնը մեզի ամէն օր անվճար կը պարգեւէ, բայց որուն արժէքին շատ յաճախ կը գիտակցինք միայն այն ժամանակ, երբ զայն կը կորսնցնենք։
Ինչո՞ւ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) չի մտածեր, չի տրամաբաներ, խելացի չէ եւ երբեք գիտակցութիւն պիտի չունենայ
Հետագայ յօդուածը ստացանք Մոնթրէալի մեր ընթերցողներէն՝ Վիգէն Լ. Ադդարեանէն։ «Why AI Doesn’t Think, Cannot Reason, Isn’t Intelligent and Will Never Achieve Consciousness» («Ինչո՞ւ արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ-AI) չի մտածեր, չի տրամաբաներ, խելացի չէ եւ երբեք գիտակցութիւն պիտի չունենայ») խորագրեալ յօդուածին բնագիրը կարելի է կարդալ այս կապով։ Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք յօդուածին մէջ արծարծուած գլխաւոր գաղափարները։ Միաժամանակ կը հրատարակենք նաեւ այս յօդուածը խմբագրութեան ներկայացնող Ադդարեանի խիստ շահեկան ծանօթագրութիւնը։
խմբգ.
Այս հոյակապ քաղաքատնտեսական յօդուածը կը կատարէ թէ՛ ԱԻ-ի իրավիճակին վերլուծումը, թէ՛ կը բացատրէ մարդկային կողմնորոշման անելային իրավիճակը եւ յստակօրէն կը մատնանշէ թէ այսօրուան ուղին ուր կը տանի եւ թէ ինչու այդպէս է:  Ամէն ոք  որ շլացած է եղածով, ինչ որ իսկապէս հրաշալի է գործիքային ստեղծումի տեսակէտէն, պէտք է մանրամասնօրէն կարդայ այս յօդուածը: Այդ շլացումը կու գայ ընդհանրապէս իրենց ինքնախաբէութենէն, բայց շատ յաճախ, պարզապէս տգիտութենէն:  Այսօրուան աշխարհին գլխաւոր հիմնահարցը այն է թէ մարդիկ գաղափար անգամ չունին թէ ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի իրենց շուրջ (ըլլան ատոնք մեքենաներ, համակարգիչներ, ծրագիրներ, բնութեան համակարգեր, տնտեսութիւն, կլիմայ, արտադրողական համակարգ, բնակավայրեր, եւ այլազան մարդաստեղծ թէ բնական դրութիւններ եւ այլն) ի՞նչպէս կ’աշխատին, ինչո՞ւ կ’աշխատին, եւ ինչո՞ւ կը դադրին աշխատելէ եւ կրնան ամբողջութեամբ փլուզիլ իրենց հետ տանելով ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի:
Մարդիկ կը կարծեն թէ կոճակը կը կոխեն եւ գիշերները իրենց տան մէջ լոյս կը վառի:  Չեն գիտեր եւ հետաքրքրուած անգամ չեն թէ անոր ետին գտնուող ենթակառոյցը որքան ներդրումի պէտք ունի ամէն մարզի մէջ (վայր, շինութիւն, գործիքներ, դրամագլուխի ներդրում, մարդոյժ, նաեւ բնութեան կործանում եւ այլն): Այդպիսի «մարդկութիւն» մը միմիայն ինքնակործան է:  Իսկ իր մտածածները միմիայն զառանցում:
Վիգէն Լ. Ադդարեան
Poster for Fritz Lang’s Metropolis (detail).
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ – AI) շուրջ վերջերս կատարուած հանրային քննարկումները ցոյց կու տան, որ մարդիկ դժուարութիւն ունին հասկնալու գծային ժամանակի (linear time)՝ անցեալէն, ներկայի միջով, դէպի ապագայ ընթացող պատճառահետեւանքային յաջորդականութեան նշանակութիւնը։ Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի գործողութիւններու յաջորդականութեան (sequencing) եւ թէ ո՞վ է արդիւնքին իրական հեղինակը։
Որպէսզի հասկնանք, թէ ինչո՞ւ ԱԻ-ն չի մտածեր, օգտագործենք ֆիզիքական պատկերաւոր օրինակ մը.
Եթէ ես՝
1. Գնեմ ինքնաշարժ մը,
2. Անոր ուղղութիւնը շտկեմ դէպի գահաւէժ բարձունք մը,
3. Քար մը դնեմ պենզինի ոտնակին (pedal) վրայ,
4. Արագութեան փոխանցման տուփը (transmission) դնեմ քշելու (drive) դիրքին վրայ,
Ինքնաշարժը յառաջ պիտի շարժի եւ ժայռէն վար պիտի գահաւիժի։
Հարցում. Իմ գործողութիւններո՞ւս պատճառով ինքնաշարժը գահաւիժեցաւ, թէ՞ Ինքնաշարժը «ինքն իրեն» քշեց դէպի գահաւէժ բարձունքը։
Ճիշդ պատասխանը այն է, որ ես յղացայ եւ ստեղծեցի իրադարձութիւններու շարք մը, որոնք յանգեցան այդ արդիւնքին։ Ինքնաշարժը ինքնին անշունչ առարկայ մըն է՝ շինուած մետաղէ եւ ռետինէ։
Նոյն տրամաբանութեամբ, եթէ ես ստեղծեմ եւ գործի լծեմ երեք հարիւր քայլնոց ալկորիթմ (algorithm) մը, ո՞վ է արդիւնքը արտադրողը՝ ալկորիթմը, թէ՞ ես։ Իմ դիտաւորութիւնս (intent) կ’առաջնորդէ ալկորիթմի յղացումին ու ստեղծումին։ Այդ պահէն ետք, աշխատանքը կը կատարուի համակարգչային միջավայրի մէջ վազող ալկորիթմին կողմէ։ Սակայն, ալկորիթմը չէ՛ յղացած ծրագիրը. ե՛ս յղացած եմ։ Ալկորիթմը չէ՛ ծրագրած յաջորդականութիւնը. ե՛ս ծրագրած եմ։ Ալկորիթմը չէ՛ քոտաւորած (coded) խնդիրը. ե՛ս քոտաւորած եմ։ Հետեւաբար, արդիւնքը իմս է, ոչ թէ մեքենայինը։
Մեքենական «մտածողութեան» առասպելը
Նոյնպիսի սխալ հասկացողութիւն մը կայ, երբ կը պնդուի, թէ մեքենաները կը «մտածեն»։ Ֆիզիքապէս խօսելով, ԱԻ-ն ալկորիթմներու փունջ մըն է՝ տեղաւորուած համակարգչային մեծ միջավայրի մը մէջ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ յղացած։ Անիկա յղացուած է մարդոց կողմէ (օրինակ՝ Քարնեկի Մելլոն համալսարանին մէջ, 1970-ականներուն)։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ շինած. անիկա կառուցուած է համակարգչային գիտնականներու կողմէ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ քոտաւորած. անիկա քոտաւորուած է ԱԻ մշակողներու (developers) կողմէ։ Եւ այն ահռելի ֆիզիքական ենթակառոյցը, որուն կը յենի ԱԻ-ն, կառուցուած է աշխատաւորներու կողմէ։
Հիմնական կէտը. ԱԻ-ն ամբողջութեամբ մարդկային արտադրութիւն է։
Ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել, որ ԱԻ-ին արդիւնքը կը ներկայացնէ աւելին, քան այն մարդկային ջանքը, որ դրուած է անոր ստեղծման մէջ։ Եթէ ԱԻ-ին արդիւնքը կը թուի տրամաբանութիւն (reasoning), ապա այդ լոկ այն պատճառով է, որ մարդիկ տրամաբանած են եւ այդ տրամաբանութիւնը քոտաւորած են մոտելին մէջ։ ԱԻ-ն կը գործէ այն մաթեմաթիկական կառուցուածքներուն եւ ուսուցման ընթացքին ձեւաւորուած մօտելներուն համաձայն, որոնք մարդիկ ստեղծած ու մարզած են։ Ոչ աւելի, ոչ պակաս։
Քաղաքական եւ տնտեսական խորքը
Այս հարցը նաեւ քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ անոր պատասխանը կ’որոշէ, թէ Արեւմուտքի մէջ ինչպէ՛ս կը բաշխուի եկամուտը։ Եթէ «դրամագլուխը»՝ ինքնաշխատող գործարանի ձեւով, կ’արտադրէ արդիւնքը, ապա հասոյթը կը պատկանի դրամագլուխին (այսինքն՝ դրամատիրոջ)։ Սակայն, առանց այն աշխատաւորներուն, որոնք նախ ստեղծած են այդ ինքնաշխատող գործարանները, ինքնաշխատութեան գործընթացը գոյութիւն պիտի չունենար։ Քաղաքական լուծումը եղած է աշխատաւորներու պահանջը այս արտադրանքին նկատմամբ վերացնել՝ անոնց վճարելով միանուագ աշխատավարձ, մինչդեռ դրամատէրը նոյն աշխատանքէն կը շարունակէ շահոյթ ստանալ այնքան ատեն, որքան այդ արտադրանքը կը գործէ։
ԱԻ-ի պարագային, այս հարցը կրկին սեղանի վրայ է։ Անկախ անկէ, թէ ինչպէս կ’ուզենք ընկալել ԱԻ-ն՝ որպէս մտածող մեքենայ, թէ որպէս ալկորիթմներու փունջ մը, անիկա կառուցուած է աշխատաւորներու կողմէ։ ԱԻ-ին ամբողջ «գիտելիքը» միջնորդաւորուած է մարդոց կողմէ։ ԱԻ-ն ուղղակի մուտք չունի դէպի աշխարհ. անիկա առածային «Ուղեղը փորձանօթի մէջ» (brain-in-a-vat) է։
ԱԻ-ն ինչպէ՞ս մաթեմաթիկական խնդիրներ «կը լուծէ»
Վերջերս հանրային քննարկումներու ժամանակ մարդիկ կը զարմանան, թէ ԱԻ-ն ինչպէ՞ս կրնայ մաթեմաթիկական խնդիրներ լուծել, եթէ չի մտածեր։
Մարդիկ կը պատկերացնեն առանձին մաթեմաթիկոս մը, որ նստած կը մտածէ խնդրին լուծման շուրջ։ Սակայն, ԱԻ-ն չ’օգտագործեր մաթեմաթիկոսներու մեթոտները։ Փոխանակ անտառի մէջ մէկ ծառ առանձնացնելու իր յատկանիշներով (ինչպէս կ’ընէ մաթեմաթիկոսը), ԱԻ-ն կը կտրէ անտառի բոլոր միւս ծառերը՝ յայտարարելու համար, որ լուծումը կանգուն մնացած ծառն է (այս մեթոտը կը կոչուի brute force computing կամ կոպիտ ուժի հաշուարկ)։
Հաշուողական անսահմանափակ հզօրութեամբ, ԱԻ-ն կրնայ վայրկեաններու մէջ ստուգել խնդրի մը իւրաքանչիւր հնարաւոր տարբերակը։ Այն, ինչ ԱԻ օգտագործողները չեն տեսներ, ետին կանգնած «երկնաքեր» չափի ենթակառոյցն ու հաշուողական ահռելի աշխատանքն է, որ այդ արդիւնքը կ’արտադրէ։
ԱԻ-ն արդեօք օգտակա՞ր արհեստագիտութիւն է
Հաշուողական այս վիթխարի հզօրութիւնը չի փաստեր ԱԻ-ին արժէքը։ Արհեստագիտութեան մէկ բացատրութիւնն այն է, որ անիկա օգուտ կը բերէ։ Միւսը այն է, որ անիկա պարզապէս կը փոխէ մարդոց աշխատելաձեւը։
Օրինակ՝ ինքնաշարժներով կրնանք արագօրէն երկար տարածութիւններ կտրել։ Միւս կողմէ, մեզմէ շատեր այժմ օրական երեք ժամ ինքնաշարժի մէջ կ’անցնեն՝ խճողումի մէջ նստած։ Այսպիսով, արդեօ՞ք ինքնաշարժները միանշանակ օգուտ են։ Այս հարցին պատասխանը դեռ յստակ չէ։
Այսպէս ալ դրամատիրութիւնը կը գործէ։ Մեզի կ’առաջարկուի օգուտ մը (արագ ճամբորդելու կարողութիւն), բայց գրեթէ անմիջապէս այդ «օգուտին» ընկերային հետեւանքները կը դառնան բեռ մը, որ չէր պատկերացուած։
Ներկայիս, շատ մը ամերիկացիներ մտահոգ են, որ ԱԻ-ն կրնայ մտածել եւ պիտի խլէ մեր գործերը։ Սակայն, մենք պէտք է մտահոգուինք անով, որ ԱԻ-ն չի՛ կրնար մտածել։ Անիկա աշխատուժի որակազրկման (de-skilling) մէկ այլ շերտ է։
ԱԻ «արուեստը» անարուեստ է։
ԱԻ «միտքերը» Փենթակոնի եւ ամերիկեան հաստատութիւններու իմաստութեան հաւաքածոն են։
ԱԻ-ի իւրաքանչիւր հարցում լրացուցիչ հաշուողական ուժ եւ ելեկտրականութիւն կը պահանջէ, ինչ որ իր հերթին կ’աւելցնէ ջերմոցային կազերու արտանետումները եւ կը բարձրացնէ անոր բնապահպանական գինը։
Լեզուի գործառնականացումը (Operationalization)
ԱԻ-ի գործընթացին մէկ այլ թաքնուած մասը լեզուի գործառնականացումն է։ ԱԻ-ն կը յենի այն նախադրեալին վրայ, թէ մարդկային միտքը շարադասութեան եւ իմաստաբանութեան (syntax and semantics) համադրութիւն մըն է։ Սակայն, գործառնականացումը կը յանգեցնէ իմաստի ձեւական համախմբման։
Օրինակ՝ «ժողովրդավարութիւն» եզրոյթը։ Որպէսզի այս եզրոյթը դառնայ գործառնական ԱԻ-ի համար, անիկա պէտք է պարզեցուի եւ կայունացուի։ Նոյնը կը վերաբերի «քրիստոնէութիւն» եզրոյթին, որ ունի 45.000 դաւանանք։ Քրիստոնէութեան գործառնական սահմանումը որպէս «անոնք, որոնք կը հաւատան Քրիստոսին», կը վերացնէ քրիստոնեաներու միջեւ եղած 45.000 կարծիքներու տարբերութիւնները։ Քաղաքական առումով, անիկա կը հարթեցնէ իրականութիւնը։
Այս մէկը պարզ վէճ չէ։ Ով որ կը վերահսկէ լեզուի իմաստը, կը վերահսկէ լեզուն։ ԱԻ-ն կը փոխարինէ համացանցի փնտռտուքի գործառոյթները, եւ սովորական բառերու նախկին սահմանումները համակարգուած կերպով կը փոխարինուին ԱԻ-ին կողմէ պարզեցուած (գործառնականացուած) սահմանումներով։ Այս պարզեցումը կը ստեղծէ համախոհութեան (consensus) կեղծ զգացում մը, որ սխալ է։ Լեզուական բազմազանութիւնը կը վերանայ խօսոյթէն։
Եզրակացութիւն. ոչ մէկ մոգականութիւն, միայն ալկորիթմներ
Որեւէ մէկը, որ դեռ կը պատկերացնէ, թէ ԱԻ-ն կը մտածէ, կը տրամաբանէ, ունի բանականութիւն կամ գիտակցութիւն, պէտք է ժամանակ յատկացնէ մոտելի տրամաբանութեան եւ բացատրէ, թէ ճիշդ ո՞ւր այս գործընթացին մէջ ալկորիթմական հրահանգները կը դառնան անկախ մտածողութեան գործընթացներ։ Այն, որ ոմանք չեն հասկնար գործընթացը, չի նշանակեր, որ անիկա մոգութիւն է։
Ինքնավար ինքնաշարժները (self-driving cars) իրենք իրենց չեն քշեր։ Անոնք յիմար մեքենաներ են, որոնք կը հետեւին ալկորիթմական հրահանգներուն։ Այս տեսութիւնը փորձարկելու համար, պարզապէս անջատեցէ՛ք զանոնք ալկորիթմներէն…
Ռոպ Եուրի (Rob Urie)
counterpunch.org
ՄԱՐԴՈՅԹԸ*
Մարդոյթը*
լոյսի պԷս է, չի ծնիր
ան դանդաղ կը հասուննայ
մաշկի տակ,
երբ մարդը լսել կը սորվի
իր սեփական լռութիւնը․․․
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Մարդոյթը *
Անուն չի պահանջեր,
բայց անուն կը դառնայ
երբ կը քալես
քու ստուերի կողքով
ու չես ամչնար անկէ․․․
Մարդոյթը *
մարդ լինելու
անտեսանելի արմատն է,
որ կ՛աճի ներսդ
երբ աշխարհը
քեզ կը ստիպէ քարանալ,
իսկ դու կ՛ընտրես
շնչել․․․
Մարդոյթը*
Էութեանդ կանչն է
ուր լսող չկայ․․․
որ ծնունդ առած է
անձնութեանդ
անտես խորքերուն մէջ․․․
Մարդոյթը*
Դրոյթ է վեհ
հիւսուած անջրպետին մէջ եսիդ
ուր մոլորակները մոլորուած են
եւ փրկութեան ճանապարհը կուրուսած
իսկ մէջդ ան միակ անմար լոյսն է․․․
Մարդոյթը*
էութիւնդ պարփակող
սրբութեան կանչն է
որ կը հնչերանգէ
անձնութեանդ թռիչքներուն հետ․․․
Մարդոյթը*
չտեսնուած ԵՍդ է՝
ինքնամփոփ
ինքնածին
եւ սահմաններ անտեսող
համայնատարածութիւն․․․
Մարդոյթը*
ճառագայթող Էութեանդ
անսահմանութեան սահմանումն է,
ԽՈՐՀՈ՛ՒՐԴՆ է։
ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
*“Մարդոյթ” բառը՝ «Բառ-Խորհուրդ-Իմաստասիրութիւն Մարգարեան Եռաբեւեռ Բառակազմութեան Համակարգ»իս «մարդ» բառին «Խորհուրդ»ն է։ Բառարաններուն մէջ չէք գտներ։
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 16, Ամիս՝ Յունուար, Ամ՝ 2025
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Միհր, Ամիս՝ Արաց, Յամի՝ ՏՇԺԷ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ Պաքուէն դիտուած
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը (բնագիրը՝ այստեղ) կը ներկայացնէ զուտ հեղինակին գնահատականներն ու մեկնաբանութիւնները։ Զայն կը հրատարակենք թարգմանաբար, որպէսզի մեր ընթերցողները ծանօթանան այն մտածողութեան, որ ներկայիս կը շրջանառուի Պաքուի քաղաքական-վերլուծական որոշ շրջանակներուն մէջ։ Կցուած լուսանկարը նոյնպէս քաղուած է The Liberum-ի էջէն:
Հայաստանի 7 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին նշանակութիւնը կ’անցնի երկրին սահմաններէն անդին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստանալով ձայներուն 49,81 առ հարիւրը, Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 23,29 առ հարիւրը, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքը՝ 9,94 առ հարիւրը, Փաշինեան կը պահէ խորհրդարանական իր մեծամասնութիւնը եւ երրորդ անընդմէջ շրջանի համար կը կազմէ միակուսակցական կառավարութիւն մը։ Այս արդիւնքը կը հաստատէ, որ Ղարաբաղէն ետք Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական կարգը կայուն է. խաղաղութեան օրակարգին դէմ պայքարող ուժերը յայտնապէս մերժուեցան։
Այսուհանդերձ, ընտրութեան արդիւնքը, ինքնին, չ’ամբողջացներ խաղաղութեան կերտուածքը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնական խաղաղութեան պայմանագիրը չի կրնար ստորագրուիլ, մինչեւ որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը չբարեփոխուի՝ ջնջելով 1990-ի Անկախութեան Հռչակագիրէն ժառանգուած տարածքային պահանջատիրական ձեւակերպումները` պահանջ մը, որ Ատրպէյճանը դրած է միանշանակ յստակութեամբ, եւ որ կը հանդիսանայ ամբողջ կարգաւորման գործընթացը կաշկանդող գլխաւոր պայմանը։
Պաքուէն դիտուած՝ 7 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը աւելի խոր նշանակութիւն ունի, քան սովորաբար կ’ընդունին Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն վրայ կեդրոնացած վերլուծութիւնները։ 7 Յունիսի արդիւնքը, ըստ էութեան, ատրպէյճանական քաղաքականութեան արդարացիութեան դրսեւորումն է։ Եթէ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն յառաջ չմղէր իր խաղաղութեան օրակարգը, դժուար է պատկերացնել, որ հայկական քաղաքական վերնախաւը, ուր մնաց՝ հայ ընտրազանգուածը, խաղաղութիւնն ու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը ազգային օրակարգի հիմք պիտի ընդունէին։
Խաղաղութեան այս գործընթացին նուաճումներն էին, որ վերաձեւաւորեցին հայկական քաղաքականութիւնը։ Ընտրութեան արդիւնքը կը վկայէ այնպիսի հանրութեան մը մասին, որ անհրաժեշտ հետեւութիւնները քաղած է զինեալ հակամարտութենէն եւ ընդունած, թէ կայուն պետականութիւնը կը պահանջէ համակեցութիւն հարեւաններուն հետ՝ անոնց միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններուն մէջ։
Այս տեսակէտը կը հաստատուի ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ խաղաղութեան գործընթացին զուգահեռ ձեռնարկուած գործողութիւններով։ 2025-ի Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Ատրպէյճանի գործնական քայլերն էին, որ շօշափելի բովանդակութիւն տուին խաղաղութեան օրակարգի վրայ հիմնուած Փաշինեանի ընտրարշաւին: Հայաստանի հետ սահմանը կայունացաւ եւ անդորրը պահպանուեցաւ: Ատրպէյճանի տարածքով հայկական ապրանքներու տարանցման սահմանափակումները վերցուեցան՝ ճամբայ բանալով դէպի երրորդ երկիրներու շուկաներ: Երկկողմանի շփումները քաղաքացիական հասարակութեան եւ հաստատութենական ուղիներով վերսկսան, իսկ նախորդ շրջանին բնորոշ յարձակողական հռետորաբանութիւնը միտումնաւոր կերպով մէկ կողմ դրուեցաւ։
Անոնք զիջումներ չէին, այլ նախապէս հաշուարկուած վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներ, որոնք նպատակ ունէին հայ հանրութեան ցոյց տալու, թէ խաղաղութիւնը ոչ միայն հնարաւոր, այլեւ օգտակար է։ Անոնք ձեւաւորեցին այն քաղաքական միջավայրը, ուր տեղի ունեցան 7 Յունիսի ընտրութիւնները։
Ընտրութիւններէն բխող հիմնական չլուծուած հարցը սահմանադրական է, եւ հոս է, որ խաղաղութեան գործընթացը կը դիմագրաւէ իր ամենէն վճռորոշ փորձութիւնը։ Փաշինեան չկրցաւ ապահովել խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններ նախաձեռնելու անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը։
Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած որեւէ յղումի փոփոխութիւն, ներառեալ «Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորումը Հայաստանի հետ» ձեւակերպումը, այժմ պէտք է ներկայացուի առանձին համաժողովրդական հանրաքուէի։ Ատրպէյճանի կեցուածքը յստակ է. պաշտօնական խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չստորագրուի, քանի դեռ այդ ձեւակերպումը չէ ջնջուած։ Ասիկա կը հանդիսանայ ամբողջ խաղաղութեան կառուցուածքը կաշկանդող հիմնական պայմանը։
Հանրաքուէն դիւրին պիտի չըլլայ։ Քարոզարշաւի մթնոլորտը պիտի ձեւաւորուի նոր խորհրդարան մտած ընդդիմադիր երկու դաշինքներուն կողմէ։ «Ուժեղ Հայաստան»ն ու «Հայաստան» դաշինքը միասին կը ներկայացնեն ընտրազանգուածին մօտ 33 առ հարիւրը եւ սահմանադրական փոփոխութիւնը պիտի ներկայացնեն որպէս ազգային ինքնութենէ հրաժարում։
Այս դաշինքները բացայայտօրէն յայտարարած են, որ եթէ իշխանութեան գան, պիտի դադրեցնեն խաղաղութեան գործընթացը եւ պիտի հրաժարին անոր յանձնառութիւններէն։ Անոնց ներկայութիւնը խորհրդարանին մէջ կ’երաշխաւորէ, որ հանրաքուէի քարոզարշաւը առաւելագոյն չափով վիճայարոյց պիտի ըլլայ։
Խաղաղութեան դէմ այս ներքին ընդդիմութիւնը նաեւ արտաքին խորք ունի, ինչ որ աւելի հրատապ կը դարձնէ խաղաղութեան գործընթացը առանց անհարկի ուշացումներու յառաջ մղելը։ Կարգաւորման դէմ կանգնած խորհրդարանական երկու դաշինքները աշխարհաքաղաքական դատարկութեան մէջ չեն գործեր։ Արտաքին դերակատարները, որոնք շահագրգռուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան պահպանմամբ, ունին թէ՛ շարժառիթը, թէ՛ միջոցները՝ այս ուժերուն աջակցելու եւ զանոնք աւելի ազդեցիկ դարձնելու համար։
Խաղաղութեան երկարաշունչ գործընթաց մը, յատկապէս եթէ ան կապուած ըլլայ տարիներ շարունակուող սահմանադրական քննարկումներու եւ հանրաքուէի նախապատրաստութիւններու, երկարատեւ անորոշութիւն պիտի ստեղծէ։ Այդպիսի անորոշութիւնը արտաքին դերակատարներուն աւելի լայն հնարաւորութիւններ կու տայ ազդելու ներքին քաղաքականութեան եւ շահագործելու գոյութիւն ունեցող բաժանումները։
Որքան աւելի ուշանայ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրը, այնքան աւելի կը մեծնայ այն վտանգը, որ Հայաստանի ընդդիմադիր խմբաւորումները պիտի քաջալերուին եւ աջակցութիւն ստանան արտաքին ուժերէ, որոնք կը ձգտին հակամարտութիւնը պահպանելու որպէս տարածաշրջանային ազդեցութեան գործիք։
Այս պատճառով, լուծումը խաղաղութեան գործընթացը արագացնելն է։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու աւարտումն ու խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը, քանի դեռ ներկայ թափը պահպանուած է, պիտի նուազեցնեն արտաքին միջամտութեան հնարաւորութիւնները եւ աւելի դժուար պիտի դարձնեն գործընթացի շրջումը ներքին ընդդիմադիրներուն կողմէ: Ատենին կնքուած համաձայնագիրը խաղաղութիւնը քաղաքական մրցակցութեան թեմայէ կը վերածէ քաղաքական նոր իրականութեան։
Հետեւաբար, Ատրպէյճանի յետընտրական ակնկալութիւնները բազմաշերտ են եւ փուլային։ Մօտ ապագային, Ղարաբաղի անջատողական նախագիծին առնչուած բոլոր հաստատութիւնները, կառոյցները եւ ներկայացուցչութիւնները՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ արտասահմանի հայկական դիւանագիտական եւ սփիւռքեան շրջանակներու մէջ, ներառեալ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու, պէտք է պաշտօնապէս լուծարուին։
Այս կառոյցներուն շարունակական գոյութիւնը կը հակասէ կարգաւորման օրակարգի հիմնադրոյթին։ Ան քաղաքական շունչ կու տայ Հայաստանի այն ուժերուն, որոնք կը մերժեն ընդունիլ տեղի ունեցածին վերջնականութիւնը։ Ասկէ զատ, հանրաքուէն պէտք է հրաւիրուի, կազմակերպուի եւ յաղթանակով աւարտի այնպիսի ժամկէտի մը մէջ, որ կը պահպանէ խաղաղութեան գործընթացին թափը, փոխանակ թոյլ տալու, որ ան մարի։ Միայն այդ պարագային իրագործելի պիտի դառնայ պաշտօնական խաղաղութեան պայմանագիրը, որ նախաստորագրուած է, բայց տակաւին չէ կնքուած, եւ որուն բնագիրը վերջնականացած է, սակայն ուժի մէջ մտնելը կախեալ կը մնայ սահմանադրական հարցի լուծումէն։
Վերջ ի վերջոյ, Յունիս 7-ի քուէարկութիւնը կը հաստատէ, որ հայ ընտրազանգուածը ընտրած է խաղաղութեան օրակարգին յանձնառու կառավարութիւն մը, մերժած է այլընտրանքները եւ այդ որոշումը կայացուցած է այնպիսի մասնակցութեամբ, որ արդիւնքին իսկական ժողովրդավարական օրինականութիւն կու տայ։ Սակայն այդ ընտրութիւնը ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագրի վերածելու համար անհրաժեշտ սահմանադրական գործիքը տակաւին գոյութիւն չունի։
Թէ արդեօք Փաշինեան պիտի կարենա՞յ Հայաստանի մէջ կազմել քաղաքական այնպիսի համախմբում մը, որ հանրաքուէի միջոցով ճամբան պիտի հարթէ խաղաղութեան պայմանագրին, եւ այնպիսի ժամանակամիջոցի մը մէջ,  որ անխաթար կը պահէ խաղաղութեան գործընթացը, այն հիմնական խնդիրն է, որմէ ի վերջոյ կախեալ է Հարաւային Կովկասի վերափոխումը։
Վասիֆ Հիւսէյնով
The Liberum
Դոկտ. Վասիֆ Հիւսէյնով Պաքուի Ազգային Յարաբերութիւններու Վերլուծութեան Կեդրոնի (AIR Center) բաժնի վարիչն է եւ Պաքուի Խազար համալսարանի դասախօս։
ՄԱՐԴԸ․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի ըսի․․․
Ո՜չ, չի՛ մահանար․․․
Արեւը կ՛երթայ,
լոյսը կը մարի
Բայց արարածը
կը մնայ, կ՛ապրի
իր «է»-էն բխած
գոյոյթով* վառուած․․․
Մարդը կը մեռնի
«է»-ն կը սաւառնի
Նոր արեւներուն
լոյս կը պարգեւի․․․
Ամէն մարդ այսպէս
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի
Բայց․․․ չի՜ մահանար
ան կ՛ապրի, կ՛ապրի
լոյսովն որ մարաւ
շունչովը «է»-ի․․․
Մարդը կը մեռնի
«մարդո՛յթը» կ՛ապրի
Իսկ «մարդութիւնը» լուռ կը սաւառնի
հուրովն որ տուաւ
բագինին կեանքի․․․
Խոհոյթը* որ տուաւ՝
անոնց որ եկան
արեւամուտին
իր ճախրած կեանքի․․․
Մարդը կը մեռնի
Մարդոյթը* սակայն,
որ հնչերանգն է
«է»ոյթի* գոյին,
Ան յաւերժ կ՛ապրի․․․
ՀՐԱՆԴ Մ․ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
*Աստղանշուած բառերը, («Բառ-Խորհուրդ-Իմաստասիրութիւն» Մարգարեան Բառակազմական Համակարգ)էս են։
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 4, Ամիս՝ Յունիս, Ամ՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Սիմ, Ամիս՝ Ահեկան, Յամի՝ ՏՇԺԸ
Ժառանգութի՞ւն, թէ՞ փոխ առնուած տուն. մեր պատասխանատուութիւնը երկիր մոլորակին հանդէպ
Մարդիկ յաճախ կը խօսին Երկիր մոլորակին մասին որպէս ժառանգութիւն։ Կը կարծենք, թէ բնութիւնը մեզի պատկանող սեփականութիւն մըն է, զոր կրնանք օգտագործել, փոխել կամ սպառել՝ ըստ մեր կարիքներուն։ Սակայն իրականութիւնը բոլորովին այլ է. մեր մոլորակը ժառանգութիւն մը չէ, այլ՝ փոխ առնուած տուն մը։ Այս գաղափարը առաջին հայեացքով պարզ կը թուի, բայց իր մէջ մեծ պատասխանատուութիւն կը պարփակէ։ Երբ մարդ մը տուն փոխ առնէ, կը սպասուի, որ զայն պահպանէ, խնամէ եւ վերադարձնէ նոյնիսկ աւելի լաւ վիճակի մէջ։ Ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի ուրիշին տունը քանդելու, աղտոտելու կամ անապահով դարձնելու։
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ վարուեցա՞նք ու տակաւին կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն կլիմայական փոփոխութիւնը վերածուած է համաշխարհային մտահոգութեան։ Անտառներ կ’ոչնչանան, ծովերու մակարդակը կը բարձրանայ, երաշտներն ու ջրհեղեղները աւելի յաճախակի կը դառնան, իսկ բազմաթիւ կենդանական եւ բուսական տեսակներ անհետացման վտանգի տակ կը գտնուին։ Սակայն կլիմայական փոփոխութիւնը միայն կենսոլորտային հարց չէ, ան նաեւ բարոյական խնդիր մըն է։ Ի՞նչ իրաւունք ունինք մենք այսօրուան յարմարութիւնները վայելելու այնպիսի ձեւով, որ վաղուան սերունդները ստիպուին վճարելու անոր գինը։ Երբ անտառի մը ծառերը կը կտրուին, երբ գետ մը կ’աղտոտի կամ երբ անխնայ սպառումը կը քաջալերուի, այդ որոշումները միայն ներկային չեն վերաբերիր, այլեւ՝ ապագային։ Ամէն սերունդ իր հետքը կը ձգէ պատմութեան մէջ. հարցը այն է, թէ ի՛նչ տեսակ հետք պիտի ձգենք մենք։
Այս տագնապին ի տես, սխալ է այն տարածուած պատկերացումը, թէ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը միայն պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու կամ գիտնականներու գործն է։ Անշուշտ անոնք մեծ դեր ունին, բայց խնդիրը նաեւ անհատական պատասխանատուութեան հարց է։ Մեր առօրեայ ընտրութիւնները աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին, քան շատ անգամ կը պատկերացնենք։ Ինչպէ՞ս կը սպառենք, ի՞նչ կը գնենք, որքա՞ն թափօն կը ստեղծենք, ինչպէ՞ս կը վարուինք ջուրին, ուժանիւթին եւ բնութեան հետ։ Այս բոլոր հարցումները մաս կը կազմեն կենսոլորտային ճգնաժամի պատճառներուն։
Ամէն տարի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հազարաւոր մարդիկ ծառեր կը տնկեն։ Համալսարաններ, դպրոցներ, երիտասարդական միութիւններ, սկաուտական շարժումներ, ընկերութիւններ եւ պետական հաստատութիւններ կը կազմակերպեն բնութեան պահպանութեան արշաւներ, որոնց լուսանկարները արագօրէն կը տարածուին ընկերային ցանցերու մէջ։ Ծառ տնկելը, անշուշտ, գեղեցիկ եւ օգտակար արարք մըն է, որ կը յիշեցնէ մեզի, թէ բնութիւնը միայն օգտագործելու համար չէ, այլ նաեւ պարտաւոր ենք զայն խնամելու։ Բայց արդեօք ծառ տնկելը բաւարա՞ր է։
Կլիմայական փոփոխութիւնը, ապականումը, ջրային պաշարներու անխնայ սպառումը եւ կենսաբանական բազմազանութեան կորուստը այնպիսի խնդիրներ են, որոնք չեն կրնար լուծուիլ միայն խորհրդանշական արարքներով։ Անոնք կը պահանջեն աւելի խոր փոփոխութիւններ՝ մեր տնտեսութեան, սպառողական մշակոյթին եւ հանրային քաղաքականութիւններուն մէջ։ Շատ անգամ մարդիկ կը կարծեն, թէ բնութեան եւ կենսոլորտի պահպանութեան պատասխանատուութիւնը սահմանափակուած է քանի մը պարզ քայլերով. ծառ մը տնկել, քանի մը կերպընկալ շիշ վերամշակման ուղարկել կամ ընկերային ցանցերու մէջ համապատասխան կոչեր տարածել։ Այս բոլորը արժէքաւոր են, բայց անոնք միայն առաջին քայլերն են հազար մղոնին։
Իսկական փոփոխութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կը կառուցուին մեր քաղաքները, ինչպէ՞ս կը սպառենք ուժանիւթը, ինչպէ՞ս կը կառավարուին բնական պաշարները եւ ինչպիսի՞ տնտեսական համակարգեր կը խրախուսենք։ Գիտակցութիւնը կարեւոր է, բայց գիտակցութիւնը ինքնին լուծում մը չէ։ Անցեալ տասնամեակներուն բնութեան պահպանութեան իրազեկութիւնը զգալիօրէն աճած է, սակայն նոյն ատեն աշխարհը տակաւին կը շարունակէ արտադրել հսկայական քանակութեամբ թափօն ու արտանետել մթնոլորտը տաքցնող կազեր։ Այս հակասութիւնը մեզի կը յիշեցնէ կարեւոր տարբերութիւն մը՝ իրազեկութեան եւ կառուցուածքային փոփոխութեան միջեւ։ Իրազեկութիւնը կը փոխէ մտածողութիւնը, իսկ կառուցուածքային փոփոխութիւնը կը փոխէ իրականութիւնը։ Երբ քաղաք մը կը զարգացնէ իր հանրային փոխադրամիջոցները, երբ կառավարութիւն մը կը սկսի ներդրումներ կատարել վերանորոգուող ուժանիւթի մէջ, այդ պահուն փոփոխութիւնը կը դառնայ գործնական իրականութիւն։ Ծառ տնկելը արժէքաւոր սկիզբ մըն է, բայց եթէ այդ ծառը կը շարունակէ աճիլ ապականած գետի մը ափին, խնդիրը կը մնայ անլոյծ։
Բնութիւնը որպէս ուսուցիչ
Ժամանակակից մարդը հազարաւոր ուսուցիչներ ունի՝ դպրոցներ, համալսարաններ, գիրքեր եւ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) համակարգեր։ Սակայն որքան շատ սորվինք, այնքան աւելի կը հեռանանք ամենէն հին ուսուցիչէն՝ բնութենէն, որ թէեւ դասախօսութիւններ չի տար, բայց հազարաւոր տարիներ եղած է մարդկութեան լուռ դաստիարակը։ Բնութիւնը ունի ըսելիքներ, որոնք ոչ մէկ դասագիրք կրնայ նոյն ձեւով փոխանցել։
Անտառը, օրինակ, մեզի կը սորվեցնէ համբերութիւն։ Ծառերը չեն աճիր մէկ գիշերուան մէջ. անոնք տասնամեակներ կը պահանջեն։ Մեր արագընթաց ժամանակներուն, անտառը կը յիշեցնէ, որ կարեւոր արժէքները՝ գիտելիքը, վստահութիւնը, բարեկամութիւնը, չեն ծնիր ակնթարթի մը մէջ։ Գետը մեզի կը սորվեցնէ շարժումի եւ ճկունութեան արժէքը. արգելքի հանդիպելով՝ ան կը շրջանցէ կամ դանդաղօրէն կը յաղթահարէ խոչընդոտը, յուշելով, որ տոկունութիւնը իմաստուն յարմարելու կարողութիւնն է։ Լեռները կը փոխանցեն հեռանկարի պատգամը՝ յիշեցնելով, որ երբեմն պէտք է քիչ մը հեռանալ առօրեայ մտահոգութիւններէն, որ աւելի լաւ տեսնենք։ Իսկ եղանակները մեզի կը պատմեն փոփոխութեան անխուսափելիութեան մասին՝ սորվեցնելով ընդունիլ կեանքի տատանումները առանց յուսահատութեան։
Այսօր, երբ կենսոլորտային խնդիրները կը ստիպեն մեզի վերանայելու մեր ընթացքը, կ’արժէ բնութիւնը դիտել ոչ միայն որպէս պաշտպանութեան կարօտ միջավայր մը, այլեւ՝ որպէս իմաստութեան աղբիւր։ Որովհետեւ անտառները միայն փայտի պաշարներ չեն, գետերը՝ միայն ջուրի հոսքեր, իսկ լեռները՝ քարերու կուտակումներ. անոնք մեր ժամանակներու ամենէն իմաստուն ուսուցիչներն են։
Վերամշակումը որպէս հասարակական վերանորոգում
Մեր օրերուն «թափօն» բառը սովորաբար կ’ենթադրէ նիւթական իրեր (փլասթիք շիշեր, թուղթեր), այսինքն՝ անոնք, որ արժէք չունին այլեւս։ Փակագիծ մը բանալով հարց տանք. արդեօք թափօնը միայն նիւթակա՞ն երեւոյթ է։ Ժամանակակից աշխարհը սկսած է սպառել նաեւ գաղափարներ, յարաբերութիւններ եւ երբեմն նոյնիսկ համայնքներ։ Հոս է, որ վերամշակման (recycling) գաղափարը կը տարածուի նաեւ հասարակական կեանքի վրայ։ Ինչպէս հին թուղթը կրնայ վերածուիլ նոր գիրքի, այնպէս ալ հասարակութիւնները երբեմն կրնան վերամշակել իրենց կուտակած փորձառութիւններն ու մոռցուած դասերը։ Շատ անգամ վերանորոգումը աւելի իմաստուն է, քան ամբողջական փոխարինումը:
Յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար այս բոլոր մարտահրաւէրները ուրիշ նշանակութիւն ունին, քանի որ անոնք պիտի ապրին այն աշխարհին մէջ, զոր մենք այսօր կը կառուցենք։ Ոգեւորութիւնը անհրաժեշտ է, բայց միայն ոգեւորութիւնը բաւարար չէ։ Աշխարհը փոխելու համար պէտք են նաեւ գիտելիք, կազմակերպուած աշխատանք, հանրային մասնակցութիւն եւ երկարատեւ տեսլական։ Մեր օրերուն, երբ մարդիկ անմիջական արդիւնքներու ետեւէ կ’երթան, բնութիւնն ու վերամշակման մշակոյթը մեզի կը սորվեցնեն, որ ամուր արմատներ ունեցող ծառը աւելի դիւրութեամբ կը դիմագրաւէ փոթորիկները, եւ որ պատասխանատուութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը կը դադրի ամէն ինչ դիւրութեամբ նետելէ։
Լուծումը միայն վախի կամ յուսահատութեան մէջ չէ. անհրաժեշտ է գիտակցութիւն, բայց նաեւ՝ յոյս։ Թափօնը յաճախ վերջաբան կը թուի մեր աչքերուն, սակայն վերամշակումը կը յիշեցնէ, որ վերջաբանները երբեմն նոր սկիզբներու նախաբաններն են։ Մեր ժամանակներու ամենէն կարեւոր բնապահպանական հարցումը այն չէ, թէ քանի՞ ծառ տնկեցինք կա՞մ որքան նիւթ սպառեցինք, այլ՝ թէ ի՛նչ պայմաններ ստեղծեցինք, որ այդ ծառերը եւ ապագայ սերունդները կարենան ապրիլ։ Երբ գայ այս փոխ առնուած մոլորակը վերադարձնելու պահը, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի ձգենք այս փոխ առնուած տունը։ Որովհետեւ ի վերջոյ, բնութեան պահպանութիւնը միայն բնութիւնը սիրելու մասին չէ. ան մեր արժէքներուն, մեր ապագան վերակազմաւորելու կամքին եւ մեր մարդ ըլլալուն մասին է։
«ԾԱՂԻԿՈՎ ԱՂՋՆԱԿ ՄԸ»
(Լռութեան մէջ հնչող խաղաղութեան պատգամ մը)
Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապ­րիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սէն-Ժան (Saint-Jean) զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօ­սայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազ­միցս անցած եմ այս զբօսայգիէն աշ­խատանքի երթալու ճանապարհին, յա­ճախ գտնուած եմ այնտեղ ճեմելու կամ պարզապէս խաղաղ պահ մը անցընելու համար, նաեւ պատեհ առիթներով նստած եմ անոր նստարաններէն մէ­կուն կամ միւսին վրայ՝ բարեկամներու հետ հաճելի զրոյց ունենալու կամ շրջապատին անդորրը վայելելու նպա­տակով։
Տարիներու ընթացքին այս վայրը ինծի հոգեհարազատ դարձած է։ Կը ճանչ­նամ անոր ճեմուղիները, դարաւոր ծա­ռերը, եւ նոյնիսկ գարնանամուտին շքեղ գոյներով ծաղկող բուրաստաննե­րը։ Ամէն անգամ երբ դիտեմ այդ երփ­ներանգ ծաղկամարգերը, սիրտս վա­րարուն ուրախութիւն մը կ’ապրի, ու կը յիշեմ անգլիացի մեծանուն բանաստեծ Ուիլիըմ Պլէյքի (1757–1827) «Անմեղու­թեան կանխանշաններ» բանաստեղ­ծութեան առաջին քառատողը, որ կ’ըսէ.
«Տեսնել աշխարհը աւազի հատիկի մը մէջ,
Իսկ երկինքը՝ վայրի ծաղիկի մը մէջ:
Ափիդ մէջ առնել
անծիրն անհուն,
Իսկ
յաւերժութիւնը՝ ակնթարթի մը մէջ»:
Զբօսայգիին մէջ քանի մը արձաններ կան։ Անոնցմէ ոմանք բարձր պատուանդաններու վրայ կանգնած են եւ կը յիշեցնեն Ժընեւ քաղաքի այն նշանաւոր անձնաւորութիւնները, որոնք մեծ ծառայութիւն մատուցած են քաղաքին։ Ուրիշներ, սակայն, գրեթէ աննկատ կերպով միաձուլուած են բնութեան հետ։
Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կողքով ամէն օր կ’անցնինք, կը տեսնենք զանոնք առանց իսկապէս տեսնելու, կամ աւելի ճիշդ՝ ընկալելու։ Անոնք այնքան սովորական մասը կը կազմեն մեր առօրեային, որ մեր հայեացքին համար իսկութեան մէջ կը դառնան անտեսանելի։ Թէ ինչո՞ւ է այդպէս, դժուար է ըսել։ Թերեւս պէտք է գայ ճիշդ այն յատուկ պահը, երբ այնքան ծանօթը յանկարծ կը թուի օտար, մինչ այդ լուռ մնա­ցածը, մեր ընկալումի եւ ուշադրութեան լուսանցքին մէջ նետուածը կը սկսի խօսիլ մեզի հետ։ Արդարեւ կան բաներ, որոնք մեզի չեն յայտնուիր այն պահուն, երբ անոնց կը հան­դիպինք, այլ միայն այն ատեն, երբ մեր ներաշխարհով պատրաստ կ’ըլլանք զանոնք իսկապէս տեսնելու եւ ընկալելու։
Այդպէս պատահեցաւ այն արձանին հետ, որ չի գտնուիր զբօսայգիին կեդրոնական մասը, այլ անոր հարաւարեւելեան կողմը, շատ մօտ Promenade des Lavandières-ին եւ Pont de la Coulouvrenière-ին։ Այդտեղէն գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուի դէպի Ռոն գետը եւ պատմական Bâtiment des Forces Motrices շէնքը։ Եթէ զբօսայգիի կեդրոնական մասէն դէպի Seujet դպրոցը ուղղուինք, ճեմուղիներէն մէկը մեղմօրէն վար կ’իջնէ Ռոն գետի ուղղութեամբ։
Այդ պրոնզաձոյլ արձանը, որուն մասին կը խօսիմ, զետեղուած չէ բարձր պատուան­դանի մը, այլ ցած քարայատակի մը վրայ՝ ուղիղ ճամբուն քով։ Այդ պատճառով ալ գրեթէ աչքերու հարթութեան վրայ կը հանդիպի անցորդին, որ թերեւս կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ շատերը աննկատ կ’անցնին անոր քովէն։ Ան չի պարտադրեր իր ներկայութիւնը․ ան կը սպասէ, որ յայտնաբերեն զինք։
Այդպէս ալ եղաւ այդ կիրակի առաւօտեան։ Թէ ինչո՞ւ եւ մանաւանդ այդ օր կանգ առի անոր առջեւ՝ դժուար է ըսել։ Մոգական պահ մը կարծէք մագնիսացուց զիս՝ ստիպելով բանալու տեսողութեանս վարագոյրը եւ ընկալելու այն, որ տարիներէ ի վեր ինծի կը թուէր, թէ կը տեսնէի…: Զբօսայգին նոյնն էր, նոյնն էին նաեւ ճեմուղիները, այդտեղ տեղադրուած արձաննները, բայց այս անգամ նոյն աչքերով չէի նայեր անոնց, յատկա­պէս ամենաաննշան թուող այն արձանին, որ այդ պահուն ուղղակի հմայած էր զիս:
Առանց շտապելու սկսայ դիտել զայն բովանդակ ուշադրութեամբ եւ ներքին ակնածան­քով։ Որքան աւելի երկար կը նայէի, այնքան աւելի կը զգայի, թէ ան պարզ արձան մը չէր, այլ ներկայութիւն մը, որ իր լռութեան մէջ շատ ըսելիք ունէր: Կարծէք այդ բոլոր տարիներուն ան համբերութեամբ կը սպասէր, որ վերջապէս կանգ առնեմ ու հանդի­պիմ իրեն։
Արձանը ստեղծագործութիւնն է քանդակագործ Ուրսուլա Մալպինի (Ursula Malbin), որուն ան տուած է «Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur) անունը։ Քանդակը ստեղծուած է 1970 թուականին։ Անոր բարձրութիւնը մօտաւորապէս 106 սմ. է եւ կը պատկանի Ժընեւ քաղաքի ժամանակակից արուեստի հաւաքածոյին։ Նշուած թուա­կանէն ի վեր ան կը գտնուի այս զբօսայգիին մէջ՝ դառնալով այդ վայրին լուռ եւ անբա­ժանելի ներկայութիւններէն մէկը, որ չի մաշիր ժամանակին հետ, այլ իր շուրջբոլորը գտնուող հաստաբուն ծառերուն հետ ինք ալ տարուէ-տարի աւելի խոր կ’արմատա­ւորուի զբօսայգիին տարածութեան մէջ:
Տարիները անդարձ անցած են․ մարդիկ հերթով եկած են ու գացած, եղանակները՝ մերթ խստաշունչ, մերթ խաղաղ, զիրար յաջորդելով՝ փոխուած են անկասելի հոսան­քով։ Բայց ան մնացած է նոյնը՝ խաղաղ լռութեան մէջ դիտելով աշխարհը առանց դա­տելու եւ առանց խօսելու։ Թերեւս այդ լռութեան մէջ է անոր իսկական ներկայութիւնը՝ ոչ իբրեւ պարզ առարկայ, այլ որպէս կենդանի յիշողութիւն մը, որ քարի եւ պղինձի մէջ կը շարունակէ շնչել՝ պահելով մարդկային իրականութեան մէկ նուրբ երեսը, մէկ ակնթարթային պարագիծը, որ չի կորսուիր ժամանակի հոսքին մէջ, այլ ստոյգ կը դառ­նայ անոր անբաժանելի մէկ մասը։
Հմայուած կը դիտէի արձանը ու ինքնաբերաբար հարց կու տայի. ո՞վ է այս փոքրիկ աղջնակը։ Ինչո՞ւ մէկ ձեռքով կը բարձրացնէ ծաղիկ մը, իսկ միւս ձեռքին՝ տիկնիկ մը։ Ի՞նչ պատմութիւն կ’ուզէ պատմել ան մեզի, մանաւանդ այսօր, երբ աշխարհը այնքան շատ ցաւի, բռնութեան եւ պատերազմներու մէջ կը գտնուի։
Այդ պահուն յանկարծ մտքովս անցաւ հայրենի մեծանուն գրող Նայիրի Զարեանի յետ­պատերազմեան տարիներուն գրած այն յուզիչ բանաստեղծութիւնը՝ «Խաղաղութեան աղաւնին» խորագրով, զոր ի տղայի տիոց սորված էի։ Բանաստեղծը այնտեղ պատկե­րաւոր ու կենդանի գիծերով կը ներկայացնէ 1949 թուականին Փրակայի մէջ գումար­ուած խաղաղութեան մեծ համաժողովը․ հանդիսաւոր դահլիճ մը, ուր հաւաքուած են աշխարհի զանազան երկիրներէն եկած քաղաքական գործիչներ, բարձրաստիճան զին­ուորականներ, բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրողներ։ Եւ ահա, նիստերէն մէկուն ընթացքին, բեմ կը բարձրանայ վեցամեայ աղջնակ մը՝ իր կուրծքին ամուր սեղմած ճեր­մակ տիկնիկ մը։ Անոր աչքերուն մէջ նկատելի էր մահաբեր պատերազմին պատճառած վախն ու կորուստի ցաւը։ Ուստի դիմելով Խորհրդային Միութեան հերոս զօրահրա­մանատար Ֆեոտորովի՝ ան մանկական պարզ, բայց ճշմարտութիւն դրսեւորող ձայնով կըսէ․
«Քեռի՛, չունեմ ես հայր…
Սպանուած է նա Աթենքում…
Ես տիկնիկիս եւ ինձ համար
Խաղաղութիւն եմ ուզում»:
Անկարելի էր չմտածել, որ նշուած բանաստեղծութեան եւ «Ծաղիկով աղջնակ մը» ստեղծագործութեան միջեւ կային բովանդակային ընդհանրութիւններ՝ անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կամ ո՛ր հեղինակին կողմէ յօրինուած էին անոնք: Խաղաղութեան աղաւնին, ձիթենիի ճիւղը, անմեղունակ աղջնակը, ծաղիկն ու տիկնիկը դարերու խորքէն եկող այն խորհրդանիշերն են, որոնք գուցէ մարդոց համար դարձած են ամենահոգեհարա­զատ պատկերները կեանքի պահպանման եւ խաղաղութեան իտէալի արտայայտու­թեան մէջ։
Արուեստը սահման չունի, որովհետեւ ան կը պատկանի ոչ թէ աշխարհագրութեան, այլ մարդկային հոգիին։ Ստեղծագործութիւնը, ըլլայ քանդակ, նկար, վէպ կամ բանաս­տեղծութիւն, իրականութիւն չի ստեղծեր։ Իրականութիւնն է, որ կը ծնի զայն։ Մարդ­կային փորձառութիւնը, յոյսն ու յուսախաբութիւնը, սէրն ու կորուստը, տուայտանքն ու կարօտը, խաղաղութիւնն ու պատերազմը՝ ահա այն հողն է, ուրկէ կը ծլի արուեստը։ Սակայն երբ ստեղծագործութիւնը լոյս աշխարհ կու գայ՝ ընդամէնը արուեստի պարզ գործ մը չէ։ Ան կը վերածուի հայելիի մը, որ ոչ միայն կ’արտացոլացնէ իրականութիւնը, այլ նաեւ կ’օգնէ մեզի տեսնելու այն, որ առօրեային մէջ յաճախ անտեսանելի կը մնայ։ Արուեստը կը բացայայտէ իրականութեան ներքին իմաստը, կը հարցաքննէ եւ երբեմն ալ կը գերազանցէ զայն՝ դառնալով մարդու ներաշխարհը լուսաւորող լուսարձակ մը, ինքնաճանաչողութեան ուղեկից եւ գոյութեան իմաստը որոնող ձայն մը։
Անգամ մը եւս կը դիտեմ արձանը ու կրկին կ’անդրադառնամ, որ արուեստի որոշ գոր­ծեր իրենց մեծութիւնը չեն պարտադրեր դիտորդին։ Անոնք լուռ կը սպասեն, մինչեւ մենք պատրաստ ըլլանք զանոնք իսկապէս ընկալելու։ Թերեւս անոնց ճշմարտութիւնը չի բացայայտուիր այն օրը, երբ զանոնք առաջին անգամ հարեւանցի կը տեսնենք, այլ այն պահուն, երբ մեր հոգին պատրաստ կ’ըլլայ զայն ընդունելու։ Փաստօրէն արձանը, որուն առջեւեն բազմիցս անցած էի, բոլորովին չէր փոխուած. փոխուած էր իմ հայեաց­քը։
Արձանը չի ներկայացներ հերոսուհի մը, ոչ ալ յաղթանակած անձ մը կամ նահատակ մը։ Ան փոքրիկ աղջնակ մըն է՝ խոցելի, փխրուն, բայց միաժամանակ՝ ուղիղ ու արժա­նապատիւ հպարտութեամբ կանգնած։ Ձախ ձեռքով ան վեր բարձրացուցած է ծաղիկ մը՝ կեանքի, գեղեցկութեան եւ յոյսի հնագոյն խորհրդանիշերէն մէկը։ Իսկ աջ ձեռքով բռնած է տիկնիկ մը, որ մանկութեան, գուրգուրանքի եւ ապահովութեան խորհրդա­նիշն է։ Այս երկուքն ալ կեանքի այն արժէքներն են, որոնք պատերազմներու ընթացքին յաճախ առաջինն են, որ կը զոհուին։
Յատկապէս մեր օրերու պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու լոյսին տակ՝ Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Իրանի, Լիբանանի եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ վայրե­րու մէջ, այս քանդակը կարծէք կը ստանայ նոր իմաստ մը։ Արդարեւ, մեր առջեւ չի ներ­կայանար աղջնակ մը, որ պարզապէս իր մանկական խաղերով տարուած է: Ընդհա­կառակը՝ ան կը խորհրդանշէ այն միլիոնաւոր մանուկները, որոնց մանկութիւնը բռնու­թեան եւ պատերազմներու ստուերին տակ կ’արիւնի։
Այդպիսով ծաղիկն ալ նոր նշանակութիւն մը կը ստանայ։ Ան կը թուի ըլլալու զէնքերուն դէմ ուղղուած լուռ, բայց վճռական հակադրութիւն մը։ Ծաղիկը չի կրնար որեւէ մէկը պարտութեան մատնել. ան միայն կրնայ աճիլ ու ծաղկիլ՝ ցուցադրելով կեանքը եւ անոր բովանդակ գեղեցկութիւնը։ Եւ ճիշդ ա՛յդ է անոր ուժը։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղա­ղութիւնը միայն զօրութեամբ չի հաստատուիր, այլ կեանքը պահպանելու, խնամելու եւ փայփայելու կարողութեամբ։
Տիկնիկն ալ նոյնքան խորհրդանշական է։ Չափահաս մարդոց համար ան լոկ խաղալիք մըն է։ Բայց երեխային համար ան բարեկամ մըն է, ընտանիքի անդամ մը, հարազատ խաղընկեր մը, կամ մխիթարութեան աղբիւր մը։ Պատերազմի գօտիներու մէջ տիկնիկ­ներն ու փափուկ խաղալիքները յաճախ այն սակաւաթիւ իրերէն են, զորս երեխաները իրենց հետ կը վերցնեն փախուստի ճամբուն։ Անոնք կը հանդիսանան մարդկայ­նու­թեան այն խորհրդանիշերը, որոնք պէտք է պահպանուին, նոյնիսկ ամենադաժան իրա­վիճակներու մէջ։
«Ծաղիկով աղջնակ մը» ստեղծագործութիւնը իր խորհրդաւոր պարզութեան մէջ մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը միայն պետութիւններու կամ կառավարութիւններու գործը չէ։ Ան կը սկսի առօրեայէն՝ այնտեղ, ուր բոլորս պատասխանատւութիւն կը ստանձնենք իրարու հանդէպ, որպէսզի երեխաները անվախ խաղալ կարենան ու աճիլ կեանքի մէջ, սորվիլ, ձեռք բերել իրենց փորձառութիւնները եւ, ի վերջոյ, իրենք ալ ա­տակ դառնան իմաստ տալու իրենց գոյութեան եւ ապրելու զայն գիտակից պատաս­խանատւութեամբ:
Արդարեւ, քանի դեռ երեխան կրնայ մէկ ձեռքով բարձրացնել ծաղիկ մը, իսկ միւսով գրկել տիկնիկ մը, մեռած չէ տակաւին յոյսը, կեանքը, որ կը ծաղկի, սէրը կ’աճի կեանքը իմաստաւորող իր բովանդակ գեղեցկութեամբ: Բայց երբ երեխան կը ստիպուի զէնք կրել կամ մահ ու աւեր սփռող որոտացող թնդանօթներէն փախչիլ՝ ձախողած է աշ­խարհը իր ամենահիմնական պարտականութեան մէջ։
Այս իմաստով՝ «Ծաղիկով աղջնակ մը» արձանը կարելի է ընկալել որպէս խաղաղու­թեան պատգամ մը։ Ան չի ցուցադրեր պատերազմին սարսափները, այլ կը յիշեցնէ այն, ինչ պատերազմը մարդէն ամէնէն առաջ կը խլէ՝ երջանիկ մանկութիւն մը ապրելու իրա­ւունքը, վստահելու կարողութիւնը եւ ապահով աշխարհի մը երազը։ Ան չի հնչեցներ քաղաքական կոչ մը եւ ոչ ոք կը մեղադրէ. իր լուռ եւ խոնարհ ներկայութեամբ ան միայն կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ է այն մեծագոյն արժէքը, որ պարտաւոր ենք պաշտպանել – ամէն բանէ առաջ կեանքը: Պէտք չէ մոռնալ, որ դիմացինդ միշտ մա՛րդ է, կեանք է ու կը ներ­կայացնէ անչափելի արժէք մը: Ամէն մարդկային կեանք ինքնին տիեզերք մըն է։ Անոր կորուստը երբեք միայն մէկ մարդու կամ անհատի մը կորուստը չէ, այլ ամբողջ աշխարհ մը աղքատացնելու ողբերգութիւն։ Ուստի ամենեւին զարմանալի չէ, որ այսպիսի հա­մեստ թուող ստեղծագործութիւններ երբեմն մարդոց սիրտերուն շատ աւելի խոր ու ազդեցիկ կը խօսին, քան ամենաշքեղ պատերազմական յուշարձանները:
Արդարեւ, երբ աշխարհը կը մոռնայ մանուկը, կը մոռնայ նաեւ ինքզինք։ Մանուկը պաշտպանել՝ մարդկութիւնն ու անոր ապագան ապահովել կը նշանակէ։ Խաղաղու­թիւնը պատերազմին լոկ բացակայութիւնը չէ։ Ան այն չէ, որ պատերազմէն ետք կը մնայ, այլ այն՝ որ մարդուն մէջ մարդկայնութենէն կը մնայ․ այն խորհրդաւոր եւ ստեղ­ծագործ զօրութիւնը, որ մարդը աւելի՛ մարդ կը դարձնէ։ Խաղաղութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը դիմացինին մէջ ոչ թէ թշնամի, այլ ամբողջ տիեզերք մը կը տեսնէ՝ իր բովանդակ գեղեցկութեամբ, հմայող խորհրդաւորութեամբ եւ անչափելի արժա­նա­պատուութեամբ:
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 2 յուլիս 2026
Յիշատակ սրբոյն Եղիսէի մարգարէին
Ազգը կը կործանեն ոչ թէ թշնամիները, այլ սեփական արդարացումները
Ազգերը սովորաբար չեն կործանիր այն պահուն, երբ առաջին թշնամին կ’անցնի սահմանը։ Այդ ատեն կործանումը յաճախ արդէն շատոնց սկսած կ’ըլլայ։ Անիկա կը սկսի շատ աւելի կանուխ՝ այն պահուն, երբ հասարակութիւնը կը կորսնցնէ ինքզինք քննադատելու ունակութիւնը եւ կը սկսի անձնական ցանկութիւնները կոչել ճշմարտութիւն, իսկ անձնական շահերը՝ արդարութիւն։ Իսկ ալ աւելի ճգնաժամային ու քաոսային կ’ըլլայ կործանումը, երբ ներհասարակական տարբեր խումբեր տարբեր արժէքներ կը դաւանին եւ զանոնք միաւորող միակ երեւոյթը համակարգուած փոխադարձ ատելութիւնն է։
Ինչպէս մարդկութեան պատմութեան, այնպէս ալ ամէն ազգի ու հասարակութեան մեծագոյն ողբերգութիւնները ծնունդ առած են ոչ թէ չարիքի բացայայտ պաշտամունքէն, այլ բարիի անունով գործուող չարիքներէն։ Ոչ մէկ պատերազմ սկսած է «մենք կ’ուզենք թալանել» կամ «մենք կ’ուզենք կործանիլ» կարգախօսով։ Ոչ մէկ բռնապետ երբեւէ յայտարարած է, թէ իշխանութեան եկած է մարդոց ազատութիւնը խլելու համար։ Ոչ մէկ գաղափարախօսութիւն ինքզինք երբե՛ք չար չէ անուանած։ Ընդհակառակը՝ բոլորը խօսած են ազատութեան, արդարութեան, անվտանգութեան, հաւատքի, հայրենիքի, ժողովուրդի փրկութեան կամ պատմական առաքելութեան անունով։ Այնպէս ինչպէս հիմա եւ հոս։
Նոյնիքն այստեղ կը սկսի բանականութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը։
Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ անօթի է։ Մարդը կը սպանէ եւ յետոյ հազար էջնոց աշխատութիւն կը գրէ, թէ ինչու այդ մէկը պատմական անհրաժեշտութիւն էր, կամ ինչու պէտք էր հայրենիքէն կտոր մը եւս կորսնցնել։
Էրիխ Ֆրոմ կը կարծէր, թէ մարդկային ինքնակործանման հիմնական պատճառը ոչ այնքան բնազդային կործանարար վարքագիծն է, որքան մարդու ներքին անզօրութիւնը։ Ըստ անոր, ամենէն վտանգաւոր մարդը ոչ թէ ուժեղն է, այլ ան, որ կորսնցուցած է ստեղծագործելու կարողութիւնը եւ իր գոյութեան իմաստը կը փորձէ գտնել ուրիշներու ոչնչացման մէջ։ Այդպիսի մարդը կը սկսի ատել ոչ միայն իր հակառակորդը, այլ նոյնիսկ իր համախոհը, եթէ վերջինս համարձակի հարցումներ տալու։
Հոգեբանական այս մեքանիզմը միայն անհատներուն չի վերաբերիր։ Ան կը գործէ նաեւ ամբողջ հասարակութիւններու եւ ազգերու մակարդակով։ Ազգ մը կը սկսի հիւանդանալ, երբ քննադատութիւնը դաւաճանութեան հետ կը շփոթէ, երբ իր սխալները ընդունելու փոխարէն կը սկսի զանոնք արդարացնել, երբ իրականութիւնը տեղի կու տայ ինքնասիրահարած առասպելներուն, եւ երբ ճշմարտութեան որոնումը կը փոխարինուի սխալները շրջելու կամ աղաւաղելու հաւաքական փորձերով։
Բայց հաւաքական ինքնահիացումը հայրենասիրութիւն չէ։ Հայրենասիրութիւնը սեփական ժողովուրդը աւելի լաւը դարձնելու ձգտումն է։ Հաւաքական ինքնահիացումը, ընդհակառակը, սեփական ժողովուրդը անսխալական հռչակելու մոլորութիւնն է։ Իսկ այդ մոլորութիւնը անխուսափելիօրէն զայն կ’առաջնորդէ դէպի կործանում։
Այն հասարակութիւնը, որ մշտապէս կը խօսի միայն իր փառքին մասին, ուշ կամ կանուխ կը կորսնցնէ իր ապագան, որովհետեւ կը դադրի սեփական թերութիւնները տեսնելէ։ Իսկ այն հասարակութիւնը, որ ունի կարողութիւնը ցաւոտ ճշմարտութիւններ ընդունելու, փոխուելու հնարաւորութիւն ձեռք կը բերէ։ Հաննա Արենդտ ցոյց կու տայ, որ չարիքը միշտ չէ, որ սատանայական դէմք ունի։ Երբեմն ան սովորական մարդն է, որ պարզապէս դադրած է մտածելէ։ Երբ մարդը պատասխանատուութիւնը կը փոխանցէ առաջնորդին, կուսակցութեան, կրօնական հեղինակութեան կամ ամբոխին, անոր խիղճը աստիճանաբար կը լռէ։ Այդ պահէն կը սկսի ամենէն վտանգաւոր գործընթացը՝ մարդը կը դադրի որոշումներ կայացնելէ եւ կը սկսի միայն ենթարկուելու։ Բայց ենթարկուիլը ոչ մէկ պարագայի պատասխանատուութիւնը կը վերացնէ։ Մարդը կրնայ փոխել միայն այն հասարակութիւնը, որուն համար ինքը պատրաստ է պատասխանատուութիւն կրելու։ Ժամանակակից հասարակութիւններու գլխաւոր ճգնաժամը յաճախ ոչ թէ միայն գաղափարներու բացակայութիւնն է, այլ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը։ Բոլորը կը պահանջեն, որ բան մը փոխուի՝ պետութիւնը, իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, եկեղեցին, դպրոցը, երիտասարդութիւնը, չափահասները։ Քիչերն են որ հարց կու տան, թէ իրե՞նք ինչ պիտի փոխեն։
Ասիկա ազատութենէն փախուստի ամենէն նուրբ ձեւերէն մէկն է․ բոլորը սրիկայ հռչակել եւ մէկ կողմ քաշուիլ։ Բայց ազատ մարդը միշտ պատասխանատու է, մինչ անազատ մարդը միշտ մեղաւորներ կը փնտռէ։ Ֆրանսացի մտածող Ռընէ Ժիրար ցոյց կու տայ, որ հասարակութիւնները յաճախ կը փորձեն իրենց ներքին հակասութիւնները լուծել՝ «քաւութեան նոխազ» մը ստեղծելով։ Երբ տագնապ մը կը ծագի, հասարակութիւնը կը սկսի փնտռել այն անհատը կամ խումբը, որուն վրայ կարելի ըլլայ բեռցնել բոլոր դժբախտութիւններուն պատասխանատուութիւնը։ Ահա այսպէս կը ծնին «ներքին թշնամիները», «դաւաճաններու» անվերջ ցուցակները, քաղաքական եւ գաղափարական վհուկորսութիւնները, նախկինները, ներկաները, ռուսի ու թուրքի ստրուկները եւ այլն։
Բայց եւ այսպէս խնդիրները չեն անհետանար։
Նոր «քաւութեան նոխազ» մը չի բուժեր ազգը։ Ընդհակառակը, աւելի կը կարծրացնէ, աւելի կը վախցնէ, աւելի կոյր եւ մոլեգին կը դարձնէ զայն։ Ազգը կը սկսի ապաքինիլ միայն այն ատեն, երբ կը համարձակի նայելու իր իսկ հայելիին։ Իսկ այդ հայելին միայն գեղեցկութիւն կամ ինքնահաճոյք չի ցուցներ։ Ան նախ եւ առաջ իրականութիւնը կը ցոլացնէ։
Մարդկային բանականութիւնը ստեղծած է գիտութիւն, արուեստ, պետութիւն, իրաւունք եւ քաղաքակրթութիւն։ Բայց նոյն բանականութիւնը ստեղծած է նաեւ այնպիսի երեւոյթներ, ինչպէս գաղափարախօսական մոլուցքը, զանգուածային ատելութիւնը, ցեղասպանութիւնները եւ ամբողջ ժողովուրդներու ինքնախաբէութիւնը։ Հետեւաբար, հասարակութեան առջեւ կանգնած գլխաւոր խնդիրը նոր գաղափարախօսութիւն ստեղծելը չէ։ Գլխաւոր խնդիրը սեփական գաղափարախօսութեան վրայ կասկածելու կարողութիւնն է։ Ժողովուրդները սովորաբար չեն կործանիր, որովհետեւ խելացի չեն, այլ որովհետեւ իրենց բանականութիւնը կը դադրի ծառայելէ ճշմարտութեան եւ կը սկսի ծառայել ինքնարդարացման։ Այդ պահէն սկսեալ մարդը այլեւս ճշմարտութիւն չի որոներ։ ԱՆ կ’որոնէ/կը յօրինէ միայն այնպիսի փաստեր, որոնք կը հաստատեն այն, որուն ինքը արդէն որոշած է հաւատալ։ Մենք հիմա նոյնիքն այդ վիճակը կը պարզենք։ Մենք հիմա կը փորձենք արդարացնել ամէն ինչ եւ մենք զմեզ։
Եւ այդ պահուն է, որ հասարակութեան իսկական անկումը կը սկսի՝ ո՛չ սահմաններուն վրայ, ո՛չ Արցախի մէջ, այլ մեր սեփական գիտակցութեան մէջ։ Ան կը սկսի այն ատեն, երբ կը դադրինք հաւատալէ մենք մեզի, մեր գաղափարներուն, մեր արժէքներուն եւ մեր ուժին։ Այդ պահէն սկսեալ՝ ամէն ինչ կարելի կ’ըլլայ արդարացնել։
Աւազանը
Լոյսէ աւազան մը անհուն ու կապոյտ,
Որուն մէջ հոգիս միսմինակ կը լողայ.
Կը բացուին դռներ՝ լայնածիր ու ոսկեայ,
Ետեւը կանգած հըրեշտակ մ՚անծածկոյթ:
Ես պէտք է ջուրէ վերմակն այս անթափանց
Պատռեմ ու քանդեմ, որպէսզի վերանայ
Արգելափակումն այս դաժան, ոգեքանց.
Որ աչքն իմ կուրցած հայեացքին միանայ:
Անտեսանելին տեսանեմ ես պիտի,
Երբ որ ջրհեղեղն այս խեղդիչ ցամաքի,
Եւ ազազանայ ամեն կրակ զայրացած:
Բայց բիւրեղացած ցոլացման ու փայլքին
Ակունքէն ցայտող անապակ դռան սեմին
Անխօսուն կանգնած գեղուհի մ՚ըսքողուած:
Գէորգ Տանայեան
Թաննուրինի կարմիր գոհարները
Լիբանանի հրաշագեղ գիւղերէն՝ Թաննուրինը, որ նշանաւոր է մայրիի իր ընդարձակ արգելանոցով, քաղցրահամ պտուղներով եւ գեղեցիկ բնութեամբ, կոչուած  է «բնութեան բանաստեղծութիւնը»։ Լիբանանեան մշակոյթով, պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով միահիւսուած այս գիւղը կարծես տաքուկ շունչ մը կը սփռէ իր այցելուներուն շուրջ, որոնք հոգեզմայլ խանդավառութեամբ կ’ըմբոշխնեն անոր գեղեցկութիւնը։ Շատ մը արուեստագէտներ, ներշնչուելով անոր հմայքէն , գրած են բանաստեղծութիւններ եւ յօրինած՝ երգեր։ Նշանաւոր է երգահան Զիատ Րահպանիի «Ալա տիր էլ պօսթա» երգը, որ մեծ ժողովրդականութիւն ունի մինչեւ օրս։
Յուլիս ամսուան տաք եւ պայծառ կիրակիներէն մէկն էր։ Ընտանեօք որոշած էինք մեկնիլ Թաննուրին, հեռու՝ քաղաքի տաքէն ու աղմուկէն եւ ամբողջ օրը անցընել բնութեան խաղաղ գիրկին մէջ։  Մեր ինքնաշարժը կը բարձրանար,  Պաթրունի շրջանէն դէպի լեռներն ի վեր, անցնելով ոլորապտոյտ ճամբաներէ, ուր մեր դիմաց կը փռուէին հսկայ կանաչազարդ տարածքներ, խիտ անտառներ եւ տեղ-տեղ  լիբանանեան ճարտարապետութիւնը բնորոշող կարմիր կղմինտրէ երդիքով տուներ։ Իւրաքանչիւր տեսարան, արուեստի ստեղծագործական արտայայտութիւն մը ըլլար կարծես։
Մօտեցանք գիւղին․ Ամենուրէք տարածուած էին կեռասենիներ, որոնց ճիւղերը ծանրացած, բայց հպարտութեամբ կը կրէին իրենց գոհարները։ Արեւի ճառագայթներուն տակ կարմիր կեռասները կը փայփլէին, որպէս քաղցրութեան կաթիլներ։ Թաննուրինը, իր հիւրընկալ եւ սրտաբաց շունչով, գրկաբաց կը դիմաւորէր այցելուները՝ կարծես հին բարեկամներ։ Իսկ օդին մէջ կը խառնուէին ծոթրինով հացի անուշահոտ բոյրը եւ սուրճի նուրբ գոլորշիները, որոնք դանդաղ կը բարձրանային եւ կը սփռուէին փողոցերուն վրայ։ Ճամբու եզրին, հին եւ փայտեայ կրպակ մը նկատեցինք։ Մօտեցանք, որ հարցնենք, թէ ու՞ր կարելի էր գտնել ծախու կեռաս։ Կրպակին տէրը, քիչ մը անդին, կեռասի ծառ մը մատնանշելով ըսաւ։
—Կրնաք այդ ծառէն թարմ կեռաս քաղել։
Մենք խանդավառութեամբ երբ մօտեցանք ծառին եւ սկսանք քաղել, մօտակայ տունէ մը հսկայ կառուցուածքով մարդ մը դուրս ելաւ։
—Այս ծառը ինծի կը պատկանի, չէք կրնար քաղել․․․ բացագանչեց ան։
Մենք պահ մը շուարած՝ մտիկ  ըրինք, ապա կռահեցինք կրպակին տիրոջ նպատակը։ Ան մտադրած էր ընդվզեցնել իր դրացին, որովհետեւ իրենց յարաբերութիւնները լարուած էին։ Մինչ այդ, գիւղացի մը մօտեցաւ մեզի եւ ինքզինք ծանօթացուց Խալիլ անունով։
—Եթէ կեռաս կ՛ուզէք, ձեր ինքնաշարժով ինծի հետեւեցէ՛ք։—ըսաւ ան։
Քանի մը վայրկեան ետք, Խալիլին ինքնաշարժը զառիվեր մը ելաւ եւ կանգ առաւ քարաշէն եւ գետնայարկ տան մը առջեւ․ մենք ալ իրեն հետեւեցանք։ Մեծ բակով տուն մըն էր, որուն հիանալի դիրքը ամբողջ գիւղին կը նայէր։ Խալիլին կինը ջերմ ընդունելութեամբ բարեւելէ ետք, սուրճով եւ իրենց տան պարտէզին պտուղներով հիւրասիրեց մեզի։ Ծանօթացման եւ այլ նիւթերու շուրջ զրուցելէ յետոյ, Խալիլ ըսաւ։
—Եկէ՛ք, ձեզի մեր պարտէզը ցոյց տամ․ կրնաք ձեր ուզածին չափ կեռաս քաղել։
Եւ ուղղուեցանք տան ետեւը գտնուող պարտէզը, որ ողողուած էր կեռասի, խնձորի, սալորի եւ այլ ծառերով։ Բաւական քանակով կեռաս քաղելէ յետոյ,
—Ի՞նչ է մեր պարտքը։—ըսինք Խալիլին։
Ան ժպտաց,
— Ոչի՛նչ․․․—ըսաւ։
—Ի՞նչպէս թէ․․․ անկարելի է— եղաւ մեր պատասխանը։
—Ձեր պարտքը պիտի ըլլայ դարձեալ այցելել մեզի, ուրախ պիտի ըլլանք ձեր ներկայութեամբ։—ըսաւ Խալիլ։
Քիչ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեցինք գիւղացիին եւ իր կնոջ եւ ուղղուեցանք մայրիներու անտառը, քայլարշաւի համար։ Ճամբան, մեր դիմաց պարզուեցան դէպի հնադարեան մայրիի խիտ անտառերը, որոնց մէջէն ծառերը տպաւորիչ կերպով կը բարձրանային ժայռերու վրայ՝ ստեղծելով շշմեցուցիչ տեսարաններ։ Այս բոլորին վրայ կ’աւելնար Պաաթարա Կիրճի  ջրվէժը, ուր յետմիջօրէին այցելեցինք եւ Թաննուրինը կը վերածուէր արկածախնդրութեան, բնութեան եւ զբօսաշրջիկութեան եզակի վայրի մը հիւսիսային Լիբանանի մէջ։
Յաճախ կը մտածեմ, թէ այս օրերուն որքա՜ն ազնիւ մարդիկ գոյութիւն ունին տակաւին։ Գիւղացի Խալիլը եւ իր կինը «լայն սիրտով» ընդունեցին մեզ եւ նոյնիսկ փափաքեցան, որ օր մը դարձեալ այցելենք զիրենք։ Ազնուութիւնը լուռ է, անտեսանելի, բայց խորունկ։ Այսպիսի մարդիկ, ընդհանրապէս գովասանք չեն փնտռեր, բայց իրականութեան մէջ, անոնք են, որ կը պահեն մարդկութեան ջերմութիւնը եւ հաստատուն կապերը։
Կարգ մը պտոյտներու կողքին, մեր ընտանեկան այս պտոյտը յատկանշական էր, որովհետեւ ամէն մէկ քայլ նոր պատմութիւն մը ստեղծեց, որոնք մեր սիրտին մէջ մնացին՝ իբրեւ ջերմ յիշատակներ։ Անկէ ետք, Լիբանանի քաղաքական ցոյցերը, տնտեսական վերիվայրումները , ապա պսակաձեւ ժահրի խուճապը եկան խլելու Լիբանանի խաղաղ երկինքը։ Երիտասարդութիւնը գաղթեց արտերկիր եւ իմ զաւակներս ալ մատնուեցան նոյն ճակատագիրին։
«Է՜հ, ինչ ընես, այդ կը մնայ ․․․», որքա՜ն ճիշդ է եղեր այս խօսքը։
Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան
Ազատութի՞ւն, թէ՞ օրէնքի գերիշխանութիւն․ ո՞րն է ժողովրդավարութեան հիմքը
Ժողովրդավարութիւնը մեր ժամանակներու ամենէն շատ գնահատուած քաղաքական գաղափարներէն մէկն է։ Ժողովուրդներ կը պայքարին անոր համար, քաղաքական գործիչներ կը խոստանան զայն ամրապնդել, իսկ միջազգային կազմակերպութիւնները զայն կը ներկայացնեն որպէս արդար եւ կայուն հասարակութեան ստեղծման բնական ուղին։ Սակայն պատմութիւնը մեր առջեւ կը դնէ անյարմար հարցում մը, որուն մասին քիչ կը խօսուի. արդեօք ազատութի՞ւնը առաջ կու գայ, թէ՞ նախ պէտք է կարգ ու կանոն գոյութիւն ունենայ։
Առաջին հայեացքով պատասխանը պարզ կը թուի։ Բնական է կարծել, թէ ազատութիւնը ինքնին ծնունդ կու տայ ժողովրդավարութեան։ Բայց երբ աշխարհի ամենէն կայուն ժողովրդավարութիւններուն պատմութիւնը կը սերտենք, կը նկատենք աւելի բարդ պատկեր մը։ Շատ յաճախ անոնք նախ անցած են երկարատեւ պետականաշինութեան, կեդրոնացած կամ նոյնիսկ խիստ իշխանութեան փուլերէ, նախքան ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացումը։
Այս իրականութիւնը յաճախ շփոթ կը ստեղծէ երկու տարբեր հասկացողութիւններու՝ զօրաւոր պետութեան եւ բռնապետութեան միջեւ։ Անոնք նոյն բաները չեն։
Բռնապետութիւնը իշխանութեան կեդրոնացումն է մէկ անձի կամ փոքր խումբի մը ձեռքերուն մէջ։ Զօրաւոր պետութիւնը, ընդհակառակը, այն կառոյցն է, որ ունի գործող հաստատութիւններ, արդիւնաւէտ վարչակարգ, անկախ կամ գոնէ գործունակ դատարաններ, հարկահաւաքութիւն, հանրային ծառայութիւններ եւ օրէնքներու կիրարկման կարողութիւն։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժողովրդավարութիւնը շատ աւելի յաջողած է այն երկիրներուն մէջ, ուր երկրորդը գոյութիւն ունեցած է, անկախ այն հանգամանքէն, որ առաջինը եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ։
Ազատ ընտրութիւնները ինքն ըստ ինքեան կայուն պետութիւն մը չեն ստեղծեր։ Քուէատուփը կրնայ ընտրել ղեկավարներ, բայց չի կրնար ինքնաբերաբար դատարաններ, համալսարաններ, վարչական մշակոյթ կամ հանրային վստահութիւն ստեղծել։ Այդ բոլորը երկար ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուող կառոյցներ են։ Ահա թէ ինչո՛ւ պատմաբաններ եւ քաղաքական գիտնականներ յաճախ կը մատնանշեն հետաքրքրական երեւոյթ մը։ Ժամանակակից ժողովրդավարութիւններու մեծ մասը նախ ստեղծած է պետութիւնը, ապա միայն ժողովրդավարացուցած է զայն։
Ֆրանսան երկար դարեր ապրած է միապետութեան ներքեւ։ Անգլիան անցած է ներքին պատերազմներու, թագաւորական եւ խորհրդարանական իշխանութիւններու բախումներու միջով։ Գերմանիան երկար ժամանակ միաւորուած պետութիւն իսկ չէ եղած։ Ճափոնը արդիականացած է կեդրոնական զօրաւոր իշխանութեան ներքեւ։
Այս դիտարկումը, սակայն, կրնայ վտանգաւոր թիւրիմացութեան մը առաջնորդել։ Ոմանք կրնան եզրակացնել, թէ բռնապետութիւնը ժողովրդավարութեան անհրաժեշտ նախապայմանն է։ Պատմութիւնը նման եզրակացութիւն չի հաստատեր։ Աշխարհը տեսած է նաեւ բազմաթիւ բռնապետութիւններ, որոնք ո՛չ կայունութիւն ստեղծած են, ո՛չ հաստատութիւններ, ո՛չ ալ ժողովրդավարութիւն։ Անոնք միայն երկարաձգած են իրենց իշխանութիւնը՝ թուլացնելով հասարակութեան ինքնակազմակերպման կարողութիւնը եւ քանդելով այն կառոյցները, որոնք ապագային կրնային ժողովրդավարական զարգացում երաշխաւորել։
Հետեւաբար, հարցը բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ ընտրութիւն մը կատարելու չի վերաբերիր։ Բուն հարցը այն է, թէ ի՞նչ պայմաններ ժողովրդավարութիւնը կենսունակ կը դարձնեն։
Ժողովրդավարութիւնը միայն ընտրութիւններու համակարգ մը չէ։ Ան նաեւ վստահութեան համակարգ է։ Քաղաքացին պէտք է վստահի, որ դատարանը պիտի գործէ, ոստիկանութիւնը պիտի պաշտպանէ, օրէնքը պիտի գործադրուի եւ պետութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը՝ անկախ ընտրութիւններու արդիւնքէն։ Առանց այդ վստահութեան, ժողովրդավարութիւնը շատ արագ կրնայ վերածուիլ քաղաքական անվերջ տագնապի։ Քաղաքական ազատութիւնը երկարատեւ չի կրնար տեւել, եթէ անիկա չյենի ամուր հաստատութիւններու եւ քաղաքացիական մշակոյթի վրայ։ Ինչպէս ֆրանսացի քաղաքական փիլիսոփայ Ալեքսիս տը Թոքվիլ կը նշէ իր «Ժողովրդավարութիւնը Ամերիկայի մէջ» աշխատութեան մէջ, ժողովրդավարական հաստատութիւններու յարատեւութիւնը մեծապէս կախեալ է հասարակութեան սովորութիւններէն, վստահութենէն եւ քաղաքացիական մշակոյթէն։
Այս պատճառով ալ կարգն ու կանոնը, օրէնքի գերիշխանութիւնը եւ ազատութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս հակադիր արժէքներ։ Առանց ազատութեան՝ կարգը կրնայ վերածուիլ ճնշումի։ Առանց կարգ ու կանոնի՝ ազատութիւնը կրնայ առաջնորդել քաոսի։ Ժողովրդավարութեան մեծագոյն յաջողութիւնը հաւանաբար այն չէ, որ անիկա ազատութիւն կու տայ մարդոց։ Անոր մեծագոյն յաջողութիւնը այն է, որ կը փորձէ համատեղել երկու դժուար սկզբունքներ՝ ազատութիւնը եւ օրէնքի գերիշխանութիւնը։
Մեր ժամանակներուն, երբ շատ մը հասարակութիւններ արագ լուծումներ կը փնտռեն, պատմութիւնը օգտակար յիշեցում մը կու տայ։ Զօրաւոր պետութիւններ չեն կառուցուիր մէկ ընտրութեամբ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութիւնները չեն ստեղծուիր մէկ սահմանադրութեամբ։ Երկուքն ալ երկարատեւ մշակոյթներ են, որոնք կը պահանջեն հաստատութիւններու առկայութիւնը, նաեւ՝ համարատուութիւն եւ համբերութիւն։
Հետեւաբար, թերեւս պատմութեան անյարմար հարցումին պատասխանը ո՛չ «այո»-ն է, ո՛չ ալ «ոչ»-ը։ Կարգը եւ ազատութիւնը մրցակիցներ չեն։ Անոնք նոյն տան երկու սիւներն են։ Առանց մէկուն, միւսն ալ երկար չի դիմանար։
Սփիւռք եւ Հայաստան. շարունակելով քննարկումը
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քանատայի մեր յարգարժան ընթերցողներէն՝ պրն. Վիգէն Լ. Ադդարեանին, իր մանրակրկիտ եւ մտածել տուող նամակին համար։ Անոր դիտարկումները կարեւոր լրացում կը հանդիսանան «Սփիւռք եւ Հայաստան․ մրցակիցնե՞ր, թէ՞ ռազմավարական գործընկերներ» յօդուածին շուրջ սկսած քննարկման, որուն շարունակութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք։
Յարգարժան Պրն. խմբագիր,
Ձեր յօդուածը տեղին է: Տեղին եւ մանրամասն է նաեւ Դոկտ. Չիլինկիրեանի վերլուծութիւնը: Ինքզինքիս սակայն պիտի արտօնեմ կարգ մը կարեւոր մատնանշումներ:
Ա. Հայաստանն ու Սփիւռքը (Թէեւ Սփիւռք մը գոյութիւն չունի այլ կան բազմատրոհուած «Սփիւռքներ») ո՛չ մրցակից են եւ ո՛չ ալ գործընկերներ: Որովհետեւ երկուքին ալ պարագային՝ չկայ յարաբերութիւնը սնանող (ինչպիսին ալ ըլլար այդ յարաբերութիւնը դրական թէ ժխտական) կառուցային եւ պիւտճէի մը վրայ հիմնուած կազմակերպուած իրավիճակ, որ կրնայ յստակ նպատակներու վրայ աշխատիլ: Օրինակ, Հայաստանի բնակչութիւնը աւելցնել 100.000 հոգիով կազմակերպուած ներգաղթով մը: Կամ ալ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւնը միացեալ կերպով մշակելու լծուիլ:
Բ. Հայաստանի պետութիւնը չի վարեր համազգային քաղաքականութիւն եւ բնաւ ալ չէ վարած զայն իր անկախացումէն ի վեր: Համազգային քաղաքականութիւն կը նշանակէ ընդհանուր մտահոգութիւն ազգին վերապրումով ի սփիւռս աշխարհի (եւ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ): Կը նշանակէ ստեղծել միացնող ազգային ոգեղինացնող ինքնագիտակցութիւն (ethos) մը որ միմիայն կը դրսեւորուի կրթական, քարոզչական, մշակութային լեզուական, պետական մակարդակի յստակ, երկարաժամկէտ եւ չափելի աշխատանքով:
Գ. Նմանօրինակ աշխատանք մը կարելի է կազմակերպել շատ յստակ քաղաքական ծրագիր որդեգրելով: Պիւտճէ յատկացնելով: Կառոյցներ ստեղծելով: Վարչական մասնագէտ անձնակազմով եւ երկարաշունչ ծրագիր մշակելով, որոնք յստակ են եւ հասանելի: Ճանապարհը երկար է եւ սակայն նոյնիսկ առաջին քայլ մը անգամ չէ առնուած մինչեւ հիմա, հակառակ անվերջ եւ ամպագոռգոռ լոզունգներու եւ համագումարներու, միացեալ հաւաքներու, ճաշկերոյթներու, բաժակաճառերու եւ մասամբ նորին: Չի բաւեր ունենալ «նախարարութիւն» մը կամ «գրասենեակ» մը: Այլ պէտք է յայտարարել թէ ի՞նչ պիտի ընէ եւ թէ ի՞նչպէս պիտի չափուին անոր յաջողութիւնը (կամ ձախողութիւնը) եւ թէ ի՞նչ են այդ աշխատանքին ակնկալուած հետեւանքները եւ թէ ո՞րքան ժամանակի մէջ պիտի իրագործուին:
Դ. Լոպիինկ-ը կը պահանջէ ինքնին ոչ միայն ծրագրուած մօտեցում, այլ կը պահանջէ հմտացած եւ մասնագիտացած անձնակազմ, մեծագումար յատկացում, համախոհներու զօրաշարժի կարողութիւն, եւ կամաւորներու մեծ բանակի կազմակերպուածութիւն: Ցոյց տուէք ինծի յստակ թիւերով թէ Սփիւռքներէն ո՞ր մէկը ունի նման կարողութիւններ: Միասին լուսանկարուիլը, այցելութիւններ տալն ու հաղորդագրութիւն հրապարակելը լոպիինկ չէ: Եղածը պէտք է չափել միմիայն արդիւնքով: Արցախեան վերջին պատերազմը եւ 2023-ի մեր երկրորդ պաշտօնական ցեղասպանութիւնը վկայ:
Ե. Համաշխարհային հանրութեան միտքին վրայ կազմակերպուած կերպով ազդելու կարողութիւնը հաւանաբար կարեւորագոյն չափանիշը պէտք է սեպել: Ո՛չ որպէս կարելիութիւն այլ որպէս կատարուած իրողութիւն: Եթէ այդ անկիւնէն նայինք՝ Սփիւռքներու կարողութիւնները խոշոր զերօ մըն են: Կարելի՞ է փոխել ատիկա, այո՛: Սակայն միայն եթէ աշխատանք տարուի ատոր համար: Ո՛չ անհատապէս, ո՛չ այս կամ այն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, ո՛չ ալ նոյնիսկ պարզապէս Հայաստանի աշխատանքով: Այլ ազգովին: Ազգովին ըլլալու համար՝ պէտք է ունենալ վերոյիշեալ նախապէս մշակուած ethos-ը: Բան մը, որուն յառաջատարը միմիայն կրնայ ըլլալ Հայաստանը: Որովհետեւ ի՛նքն է որ պետութիւն է: Ի՛նքն է որ ունի դիւանագիտական համակարգ, պետական պիւտճէ, օրէնք ստեղծելու կարողութիւն, միջազգային վարկ բանալու կարողութիւն, բանակ պահելու իրաւունք, մեծաերազ ենթակառոյցներու ծրագիրներ մշակելու իրաւունք, հայ ժողովուրդը իրար զօդող գլխաւոր մղիչ ոյժը ըլլալու պատմական լիազօրութիւն եւ օրինականութիւն եւ այլն, եւ այլն:
Մոռնանք Սփիւռքները, յոռեգոյն պարագային, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է ինքնապահպանման համար իսկ առնէ վերոյիշեալ քայլերը: Մղուած իր իսկ «ինքնասիրութենէն»: Այսօրուան հսկայական աշխարհաքաղաքական տեղաշարժներուն զոհը պիտի դառնան բոլոր այն ազգերը որոնք ամբողջութեամբ լծուած չեն ինքնագոյատեւման պայքարին: Հայերը՝ ամէնէն առաջ:
Ձեր շինիչ գրութիւնները միշտ խանդավառութեամբ ընթերցող եւ բարեկամօրէն
Վիգէն Լ. Ադդարեան
Սփիւռք եւ Հայաստան․ մրցակիցնե՞ր, թէ՞ ռազմավարական գործընկերներ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի երեւոյթ մը, որ քիչ ժողովուրդներու պարագային կը հանդիպինք։ Մենք ունինք պետութիւն, բայց նաեւ ունինք աշխարհով մէկ տարածուած համայնքներ, որոնք ոչ միայն մշակութային կամ տնտեսական դեր կը խաղան, այլեւ յաճախ ազգային հարցերու շուրջ կ’արտայայտուին նո՛յն հետաքրքրութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով, ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիները։
Թէեւ այս իրականութիւնը ծնունդ առած է պատմական ողբերգութենէ, բայց տասնամեակներու ընթացքին դարձած է ազգային գոյատեւման կարեւոր յենասիւներէն մէկը։ Սփիւռքը պահպանած է լեզուն, մշակոյթը, կրթական հաստատութիւնները եւ ազգային ինքնութիւնը այն ժամանակաշրջաններուն, երբ հայկական անկախ պետութիւն գոյութիւն չունէր։
Սակայն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութեան բնոյթը։ Այս հարցին պատասխանելու համար նախ պէտք է ընդունիլ պարզ իրողութիւն մը։ Պետութիւնը եւ ազգը նոյն բաները չեն։ Ազգը աւելի լայն հասկացողութիւն է, իսկ պետութիւնը՝ իրաւական եւ քաղաքական կառոյց։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ճանաչում ունեցող ինքնիշխան պետութիւն է, որուն քաղաքացիներն են, ի վերջոյ, պատասխանատու իրենց իշխանութիւններուն ընտրութեան, վերահսկողութեան եւ փոփոխութեան։
Այս պատճառով ալ դժուար է վիճարկել այն սկզբունքը, որ սփիւռքը, որքան ալ հայրենասէր կամ նուիրուած ըլլայ, չի կրնար եւ պէտք չէ ուղղակի կերպով միջամտէ Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերուն։ Շատեր կը կարծեն, թէ պետութիւնը համայն հայութեան պատկանող զգացական սեփականութիւն մըն է, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ հեռակայ կարգով թելադրել, ներազդել կամ նոյնիսկ միջամուխ ըլլալ ներքին հարցերուն՝ ըստ սեփական պատկերացումներուն։ Պետութեան ներքին որոշումները պէտք է ընդունուին այն քաղաքացիներուն կողմէ, որոնք ամէն օր կ’ապրին այդ որոշումներուն հետեւանքները։ Բայց սխալ պիտի ըլլար այս եզրակացութիւնը մեկնաբանել որպէս սփիւռքի դերին նուազեցումը։ Ընդհակառակը։
Ամէնէն յաջող պետութիւնները չեն ծաղկիր ու զարգանար միայն իրենց ներքին կարողականութեամբ եւ ուժով։ Անոնք կը յենին նաեւ արտաքին կապերու, գիտելիքի, փորձառութեան եւ միջազգային ազդեցութեան վրայ։ Իսկ հոս է, որ սփիւռքը կրնայ դառնալ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական առաւելութիւններէն մէկը։
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ մասնագէտներ կը ղեկավարեն ընկերութիւններ, համալսարանական կեդրոններ, սթարթափներ, գիտահետազօտական հաստատութիւններ եւ նորարարական ծրագիրներ։ Անոնք կուտակած են գիտելիք եւ փորձառութիւն, որոնց արժէքը երբեմն շատ աւելի մեծ է, քան նիւթական օժանդակութիւնը։ Տասնամեակներ շարունակ «սփիւռքի օժանդակութիւն» արտայայտութիւնը հիմնականօրէն կապուած էր նուիրատուութիւններու կամ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու։ Շատեր կը կարծեն, թէ Սփիւռքի դերը սահմանափակուած է քանի մը պարզ, խորհրդանշական քայլերով. դրամահաւաք մը կազմակերպել, բարեգործական ծրագիր մը հովանաւորել կամ ընկերային ցանցերուն մէջ հայրենասիրական կոչեր տարածել։ Այս բոլորը արժէքաւոր են, բայց անոնք միայն առաջին քայլերն են հազար մղոնին։ Այսօր, 21-րդ դարը տարբեր մտածողութիւն եւ տարբեր մօտեցումներ կը պահանջէ։
Հայաստանի կարիքը միայն դրամով չի սահմանափակուիր։ Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի կարիքը արդիականացման, տնտեսական ճկունութեան, գիտելիքի, նորարարութեան, կառավարման փորձառութեան, միջազգային ցանցերու եւ մասնագիտական կարողութիւններու։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սփիւռքի ամենէն արդիւնաւէտ դերը թերեւս ոչ թէ քաղաքական աղմուկի ստեղծումն է, այլ գիտելիքի, փորձառութեան եւ արհեստագիտական հմտութիւններու անդադար փոխանցումը դէպի հայրենիք։
Աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, փոքր պետութիւններու հզօրութիւնը ոչ միայն կը չափուի բանակով կամ տնտեսութեամբ, այլ նաեւ իրենց «փափուկ ուժով» (այս առիթով կ’արժէ վերընթերցել դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ» խորագրեալ յօդուածը հետեւեալ կապով https://tinyurl.com/48a3xh97): Այս հասկացողութիւնը կը վերաբերի այն կարողութեան, որով պետութիւն մը կամ հաւաքականութիւն մը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներու վրայ՝ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, նորարարութեան եւ հեղինակութեան միջոցով։ Սփիւռքը, իր հանրային ու քաղաքական կապերով, կոչուած է ըլլալու Հայաստանի պետական շահերու լոպիիսթական լծակը օտար ափերու վրայ։
Այս առումով, հայ ժողովուրդը եզակի առաւելութիւն ունի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի այն, ինչ սփիւռքը չունի՝ պետականութիւն։ Իսկ սփիւռքը ունի այն, ինչ Հայաստանը ամբողջութեամբ չունի՝ համաշխարհային տարածում, բազմազան փորձառութիւն եւ ազդեցութեան բազմաթիւ լծակներ ու կեդրոններ։ Երբ այս երկու իրականութիւնները համագործակցին, անոնք կը լրացնեն զիրար։ Երբ անոնք կը մրցին կամ կը փորձեն փոխարինել զիրար, կը յառաջանան լարուածութիւններ եւ հիասթափութիւններ։ Հետեւաբար հարցը այն չէ, թէ սփիւռքը պէտք է լռէ՞, թէ՞ խօսի։ Հարցը այն է, թէ ո՛ր ոլորտին մէջ կրնայ ան ամենէն մեծ արժէքը ստեղծել։
Թերեւս ժամանակն է, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները վերասահմանուին ոչ թէ որպէս քաղաքական խնամակալութիւն կամ անվերջ ցանկ մը փոխադարձ ակնկալութիւններու, այլ որպէս ռազմավարական գործընկերութիւն։
Մէկը կը կառավարէ պետութիւնը։ Միւսը կը բազմապատկէ անոր կարողութիւնները։
Եւ երբ այդ երկու դերերը յստակ ըլլան, Հայաստանն ու սփիւռքը կրնան աւելի հզօր դառնալ միասին, քան երբեւէ առանձին-առանձին։ Երբ սփիւռքի գիտնականը, տնտեսագէտը կամ կառավարման մասնագէտը իր տաղանդն ու փորձագիտութիւնը կը դնէ հայրենի պետական համակարգի տրամադրութեան տակ՝ առանց քաղաքական նախապայմաններու, այդ պարագային համագործակցութիւնը կը դառնայ գործնական իրականութիւն։
Որովհետեւ ի վերջոյ, հայրենիքի պահպանութիւնը միայն զայն հեռուէն սիրելու կամ անոր ներքին հարցերուն շուրջ վիճելու մասին չէ. անիկա մեր արժէքներուն, պետականութիւնը որպէս բացարձակ հիմք ընդունելու կամքին եւ զայն գիտելիքով ու փափուկ ուժով զրահաւորելու պատասխանատուութեան մասին է։
Հայելին
Ամէն առաւօտ
կը կանգնի հայելիին դիմաց.
ոչ թէ մազերը սանտրելու
կամ տարիները հաշուելու,
այլ՝ հանդիպելու այն անծանօթին,
որ կ’ապրի աչքերուն ետին։
Լուռ է հայելին.
լիճ մը՝ առանց ալիքի,
բայց երբ կը սուզուիս խորքը,
կը տեսնես քարերը,
որ տարիներ շարունակ
սրտիդ մէջ նետեցիր։
Հայելին կը ճանչնայ զինք.
կը յիշէ այն երիտասարդը,
որ արեւներ կը խոստանար աշխարհին,
կը ճանչնայ նաեւ միւսը՝
մոխրահոտ,
որ սորվեցաւ ժպտիլ մարդոց
եւ լուռ անցնիլ վէրքերէն իր։
Իւրաքանչիւր կնճիռ՝ գետի մը չորցած հունն է,
Իւրաքանչիւր սպիտակ մազ՝ ոչ թէ ձիւն,
այլ ներսը սառած ձմեռ,
եւ ամէն հայեացք կը բերէ հետը
անունները այն երազներուն,
որոնք ճամբուն վրայ փոշիացան։
Երբեմն կը փորձէ լոյսը փոխել,
պատուհանը բանալ, ստուերները շեղել,
բայց հայելին ժամանակի հարազատն է.
չի՛ մոռնար երբեք։
Հոն դեռ պահուած են
չարտասուած անձրեւներ,
չբացուած նամակներ,
եւ բառեր, որոնք ամբողջ կեանք մը
շրթունքներուն հասնելու արահետը չգտան։
Ու յանկարծ կը հասկնայ՝
մարդը երբեք այնքան հեռու չի փախչիր ուրիշներէ,
որքան ինքն իրմէ։
Բայց որքան ալ հեռանայ, հոն է հայելին՝
լուռ, սպասող,
ինչպէս դուռ մը՝ որ երբեք չի փակուիր,
ինչպէս խիղճ մը՝ որ չի քնանար,
ինչպէս մոխիրին տակ կայծ մը դեռ կարմրող։
Եւ օր մը,
երբ վերջին դիմակն ալ փոշի դառնայ,
ան պիտի հասկնայ՝
հայելին երբե՛ք չէր ստեր իրեն։
Միայն ի՛նք
չէր ուզեր տեսնել։
Ա. Երկակ
Լիբանան․ երբ անորոշութիւնն ու անապագայ կեանքը բնական կը դառնան
Լիբանանի մէջ պատերազմը շատերու համար անցեալին պատկանող դէպք մը կամ օրացոյցով սահմանափակուած ժամանակաշրջան մը չէ, ո՛չ ալ միայն պատմութեան դասագիրքերու մէջ նշուած պատահար մը։ Պատերազմը տակաւին ներկայ է մարդոց շարժուձեւերուն մէջ, լեզուին մէջ, հայեացքներուն մէջ, առօրեայ վարքին մէջ, նոյնիսկ լռութեան մէջ։ Անիկա վերածուած է հոգեբանական մնացուկի մը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի՝ երբեմն առանց բառերու։
Երբ ռումբերը լռեն, քաղաքներ, գիւղեր եւ շէնքեր կրնան վերակառուցուիլ, բնակարանները կրնան նորոգուիլ, փլատակները կը մաքրուին, փողոցները վերստին կրնան լեցուիլ կեանքով, բայց մարդուն ներքին փլատակները աւելի դժուար կը վերանորոգուին։ Որոշ վէրքեր ժամանակի ընթացքին չեն անհետանար։ Անոնք միայն կը սորվին լուռ ապրիլ մարդուն մէջ։
Լիբանանի պարագային, խնդիրը աւելի խոր է, որովհետեւ պատերազմը երբե՛ք ամբողջութեամբ չաւարտեցաւ։ Քաղաքացիական պատերազմին յաջորդեցին նոր պատերազմներ, տնտեսական փլուզումներ, քաղաքական ճգնաժամեր, պայթումներ, տեղահանութիւններ, սահմանային լարուածութիւններ եւ շարունակական անորոշութիւն։ Այս պատճառով Լիբանան շատերու համար դարձած է անվերջանալի անորոշութեան երկիր մը:
Այստեղ մարդիկ տուներ կը կառուցեն՝ կարծես վաղը պիտի հեռանան։ Գործեր կը սկսին՝ առանց վստահ ըլլալու, թէ ամիսներ ետք տակաւին պիտի գոյատեւեն։ Երիտասարդները համալսարան կ’աւարտեն, բայց ապագան արդէն կը պատկերացնեն ուրիշ երկրի մը մէջ։ Նոյնիսկ յոյսը դարձած է ժամանակաւոր զգացում մը։
Այս հոգեբանական վիճակը ամբողջ սերունդներ ձեւաւորեց։
Լիբանանի մէջ հասակ առած բազմաթիւ անձեր մանկութենէն սորվեցան տագնապը ընկալել որպէս բնական վիճակ։ Ելեկտրականութեան ընդհատումները եւ յաճախ ամբողջական բացակայութիւնը, տնտեսական տագնապը, քաղաքական լարուածութիւնը, փողոցային բախումները կամ պատերազմի լուրերը աստիճանաբար դարձան առօրեայ կեանքին մէկ մասը։ Երբ անկայունութիւնը երկարատեւ դառնայ, մարդը այլեւս զայն արտակարգ վիճակ չի նկատեր։ Ճգնաժամը կը դառնայ սովորական։
Ահա այսպէս կազմաւորուեցան «փլատակներու մէջ հասակ առնող սերունդներ», եւ այսօր նոր սերունդ մը ամբողջ կը կազմաւորուի նոյն հոգեբանութեամբ: Այս սերունդը տարօրինակ երկուութիւն մը կ’ապրի։ Ան յաճախ կը թուի տոկուն եւ հեգնօրէն անտարբեր արտաքին աշխարհին համար. կրնայ կատակել աղէտներու մասին, շարունակել աշխատիլ պայթումներէն ետք, սրճարան երթալ պատերազմի լուրերուն կողքին։ Բայց այս դիմացկունութեան տակ շատ անգամ պահուած է խոր յոգնածութիւն մը։
Որովհետեւ մշտական անորոշութիւնը դանդաղօրէն կը մաշեցնէ մարդու հոգին։
Մարդը իր բնութեամբ ապագայ պատկերացնելու կարողութիւն ունեցող արարած մըն է։ Ան կը դիմանայ դժուարութիւններու, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ վաղն կրնայ տարբեր ըլլալ։ Բայց երբ հասարակութիւնը տարիներ շարունակ չի կրնար կայունութիւն ստեղծել, ապագան կը սկսի կորսնցնել իր իրականութիւնը։ Մարդիկ այլեւս երկարաժամկէտ երազներ չեն կառուցեր։ Անոնք կը սորվին միայն «այսօր»-ը փրկել։
Այս երեւոյթը միայն տնտեսական չէ։ Անիկա քաղաքակրթական յոգնածութեան նշան է նաեւ։ Երբ ապագայի պատկերացումը կը դժուարանայ կամ ամբողջովին կը մշուշոտի, հասարակութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր ներքին մղիչ ուժը։ Ստեղծականութիւնը կը նահանջէ, հանրային վստահութիւնը կը փլուզուի եւ մարդիկ կը սկսին փակուիլ փոքր ու անձնական նեղ շրջանակներու մէջ։ Շատերու համար «հաւաքական վաղուան» գաղափարը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Այս հոգեբանական մթնոլորտը նաեւ կը փոխէ մարդկային յարաբերութիւնները։ Վստահութիւնը կը սկսի նահանջել։ Մարդիկ կը դառնան աւելի զգուշաւոր, աւելի անհատապաշտ, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ ներքնապէս անապահով ու անվստահ։ Երկարատեւ տագնապները մարդուն մէջ կը ստեղծեն ինքնապաշտպանական հոգեբանութիւն մը։ Ան կը սկսի աւելի քիչ վստահիլ քաղաքականութեան, հաստատութիւններուն, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ դիմացի մարդուն։
Բայց ամենէն վտանգաւոր փոփոխութիւնը թերեւս անտեսանելին է՝ ներքին զգացականութեան մաշումը։
Երբ մարդ երկար ժամանակ կ’ապրի պատերազմի կամ տագնապի պայմաններուն մէջ, ան երբեմն կը ստիպուի հոգեպէս զրահաւորուիլ ու քարանալ։ Ոչ որովհետեւ ան այլեւս չի զգար, այլ որովհետեւ անդադար ցաւը հոգեբանօրէն անտանելի կը դառնայ։ Այս պատճառով ալ, որոշ հասարակութիւններու մէջ մարդիկ երբեմն պաղ կամ անտարբեր կը թուին։ Իրականութեան մէջ, անոնք յաճախ հոգեբանական ինքնապաշտպանութեան մէջ են։ Այսուհանդերձ, այս ամբողջ խաւարին մէջ, զարմանալի դիմադրողականութիւն մը տակաւին գոյութիւն ունի։
Լիբանանի եւ նմանօրինակ այլ վայրերու մէջ, մարդը կ’ապրի յարատեւ հակասութիւններու մէջ։ Ան միաժամանակ յոգնած է ու կենսունակ, յուսահատ՝ բայց հեգնող, ընկճուած՝ բայց ստեղծագործ։ Թերեւս երկարատեւ տագնապները մարդուն մէջ կը ստեղծեն նաեւ գոյատեւման արտասովոր բնազդ մը։ Բայց հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ՝ արդեօ՞ք մարդը նոյնը կը մնայ պատերազմէն ետք. հաւանաբար ոչ ամբողջութեամբ։
Պատերազմը միայն ֆիզիքական վնաս չի պատճառեր։ Անիկա կը փոխէ ժամանակի զգացողութիւնը, յիշողութիւնը, վստահութիւնը, սիրելու եւ ապագան պատկերացնելու կարողութիւնը։ Պատերազմ ապրած մարդը յաճախ աշխարհին կը նայի տարբեր աչքերով։ Ան կը հասկնայ, թէ որքա՛ն փխրուն է կայունութիւնը, եւ որքա՛ն արագ կրնայ մարդկային քաղաքակրթութիւնը գահավիժիլ դէպի քաոս։ Բայց թերեւս նոյն այդ փորձառութիւնը մարդուն կը ստիպէ խոր կերպով արժեւորելու կեանքը, խաղաղութիւնը եւ մարդկային ջերմութիւնը։ Որովհետեւ փլատակներու մէջ մեծցած մարդիկ երբեմն աւելի լաւ կը հասկնան, թէ որքա՛ն դժուար է բնականոն կեանքը։
Լիբանանահայ գաղութը իւրայատուկ ձեւով ապրեցաւ այս իրականութիւնը։ Հայերը ո՛չ միայն անցան Լիբանանի պատերազմներու բովէն, այլեւ իրենց հետ կը կրէին Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան եւ վերապրումի աւելի հին յիշողութիւններ։ Այս պատճառով ալ, անորոշութիւնը, ապահովութեան փնտռտուքը եւ համայնքային համախմբուածութիւնը դարձան գոյատեւման բնազդի մէկ մասնիկը։ Պուրճ Համուտի, Նոր Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուի նման թաղամասեր երկար ժամանակ ո՛չ միայն բնակավայրեր էին, այլեւ հոգեբանական ապաստարաններ։ Սակայն, վերջին տասնամեակներուն, տնտեսական տագնապը, արտագաղթը եւ սերունդներու փոփոխութիւնը սկսան տկարացնել այդ հաւաքական կառոյցը։ Այսօր, լիբանանահայ երիտասարդին հոգեբանական վիճակը յաճախ երկուութիւն կ’ապրի․ ան միաժամանակ կապուած է յիշողութեան մը, բայց նաեւ կը զգայ, թէ ապագան կամաց-կամաց դուրս կը սպրդի իր ձեռքերէն։
Այսօր Լիբանանը միայն տնտեսական կամ քաղաքական տագնապի մէջ չէ։ Անիկա նաեւ կ’ապրի այնպիսի հոգեբանական ժամանակաշրջան մը, ուր ամբողջ հասարակութիւն մը կը փորձէ շարունակել իր գոյատեւումը՝ առանց ամբողջովին վստահ ըլլալու, թէ ապագան տակաւին գոյութիւն ունի։
Եւ թերեւս մեր ժամանակներու ամենախոր վախը ո՛չ թէ բուն պատերազմն է, այլ այն վայրկեանը, երբ մարդը կամաց-կամաց կը սորվի ապրիլ՝ առանց ապագայի պատկերացում ունենալու։
Փարիզ, մոտեռնիզմ եւ Մոտիկլիանիի առասպելը
Տասնըվեց տարեկան դպրոցական աշակերտ էի, երբ առաջին անգամ դիտեցի «Modigliani» շարժապատկերը, որ իտալացի նկարիչ, քանդակագործ եւ արուեստագէտ Մոտիկլիանիի կենսագրական ֆիլմն է։ Յետդպրոցական ապագայ մը պատկերացնելու, ձեւակերպելու եւ կարեւոր որոշումներ կայացնելու ճնշումին տակ, բախտով՝ այս ֆիլմը գնեցի։ Կը յիշեմ, որ տասնըվեց տարեկանիս արուեստին նկատմամբ հետաքրքրութիւնս կիսավար վիճակի մէջ էր. տարուած էի դպրոցական վերջին տարիներու խեղկատակ դասարանային մթնոլորտով, չարաճճիութիւններ ծրագրելու բուռն կիրքով։ Այս ֆիլմի առաջին ակնդրումը, գեղանկարչական աշխարհի հանդէպ տարփանքս ու հետաքրքրութիւնս վառող մանր կայծի մը արձակումն էր:
«Մոտիկլիանի» ֆիլմին ազդագիրը
«Modigliani» ֆիլմը՝ ութ տարուան ընթացքին, ակնդրած եմ տասներկու անգամ։ Սկիզբը՝ կ’ուզէի մտնել բեմադրիչի` Mick Davis-ի ստեղծած աշխարհին մէջ, եւ միանալ ֆիլմի կերպարներուն, ընկերանալ, խենդութիւններ ընել անոնց հետ։ Վերջին տարիներուն, ֆիլմի աշխարհին մէջ ամբողջովին կորսուելու փոխարէն՝ քննադատական աչքով կը փորձեմ մօտենալ, եւ հարցման նշանի տակ դնել ֆիլմի բովանդակութեան ճշգրտութիւնը, պատգամը, քարոզչութիւնը։
Ֆիլմը կը ներկայացնէ Մոտիկլիանին՝ որպէս աղքատ, տառապող իտալացի հրեայ նկարիչ, «Les Années Folles»-ի տարիներու Փարիզին մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանը կը բնորոշուէր ազատ, խելայեղ եւ ստեղծագործ մթնոլորտով։ Եւրոպական քաղաքակրթութիւնը արագօրէն կը զարգանար ու կ’արդիականանար, իսկ Փարիզը դարձած էր տարբեր ազգութիւններու եւ սկզբունքներու պատկանող արուեստագէտներու հաւաքատեղին՝ նորարար գաղափարներով արգաւանդ ու բարգաւաճ քաղաք։
«Մոտիկլիանի» ֆիլմէն դրուագ մը
«Les Années Folles»-ի արուեստագէտները՝ Մոտիկլիանի, Փիքասօ եւ ուրիշներ, կը փորձէին արմատականօրէն խախտել արեւմտեան գեղանկարչութեան ակադեմական կանոնները, փոխել գործի ներկայացման դասական ձեւը (composition), եւ յեղափոխել մարմնի գեղեցկութեան ու զգայապաշտութեան վերաբերեալ ընդունուած չափանիշները։
Իտալական Վերածնունդի (մօտ 1400–1600) եւ հետագայ ակադեմական աւանդոյթին մէջ, կինը յաճախ կը ներկայացուէր որպէս սրբացուած կամ դիցաբանական էակ։ Անոր մարմինը քնքշութեան, բարեբերութեան կամ բարոյական կատարելութեան խորհրդանիշն էր։ Մոտիկլիանի, 1910–
Amedeo Modigliani, Young Woman of the People, 1918, Los Angeles County Museum of Art, Frances and Armand Hammer Purchase Fund
1920-ականներուն, այս աւանդոյթին նկատմամբ տարբեր մօտեցում մը կը զարգացնէ։ Ան մարմինը կը մերժէ պատկերել որպէս նուրբ զարդ կամ տղամարդու հրամանին անսացող գործիք, այլ որպէս մարդկեղէն՝ պինդ կանգնած իր մինակութեան, առանձնութեան եւ ներքին տագնապներուն մէջ։
Ան կ’ուսումնասիրէր ափրիկեան արուեստի պատմութիւնը, եւ կը ներշնչուէր անոր սիրունութենէն։ Կարգ մը արուեստի քննադատներ եւ պատմաբաններ կը գրեն, որ ան կը ձգտէր վերակենդանացնելու եւ վերիմաստաւորելու այն, ինչ Արեւմուտքի ազնուական դասակարգի կողմէ երկար ատենէ ի վեր անարգ կամ աննշան դարձած էր, թէ ափրիկեան մշակոյթը կ’ուզէր մոռցուած գանձարկղի մը պէս մէջտեղ հանել փոշիներու տակէն։ Ուրիշներ կը հակաճառեն` պնդելով, որ ան ափրիկեան արուեստի ոճը գաղտուկ կը փորձէր որդեգրել ու սեփականացնել:
Ափրիկեան երկարաձեւ դիմակներով շատ տպաւորուած էին Փիքասօն եւ Մոտիկլիանին։ Այդ դէմքերը ո՛չ արական են, ո՛չ ալ իգական։ Անոնց երեսներուն վրայ չկայ ողջութիւն կամ զգացմունքի արտայայտութիւն. կարծես ցեղային տուայտանքի ու իրաւազրկման վիշտի կոթողներ են։ Ափրիկեան դիմակը ունի պարզութեան, «արագ քանդակուած»-ի յատկութիւն․ դիմագիծը միամտօրէն կը ներկայացուի՝ անբնականոն կազմաբանական չափերով, առանց բարդութիւններու կամ խիստ մանրամասնութիւններու։
Մոտիկլիանին եւ Փիքասոն, ներշնչուելով ափրիկեան արուեստի պարզ ոճէն ու գեղագիտական արժէքներէն, այդ տարրերը ներառեցին մոտեռնիզմի հոսանքին մէջ: Դրամատիրական քաղաքատնտեսական նոր դասաւորումը, արագընթաց կեանքը, կը մղէ արուեստագէտներուն հրաժարիլ դանդաղ կերպով աշխատելու սովորութենէն եւ ակադեմական իրապաշտութենէն։ Մարմինը կը վերածուի մեքենաներու իշխանութեան, ժխորի ու արագութեան ստեղծած աճապարանքի ճնշումին տակ նեղութիւն կրած, ձեւազեղծուած կազմուածքի, ուրուագիծի եւ չմշակուած նիւթի։
Կ’արժէ նշել, որ մոտեռնիզմի ժամանակ սեռականութիւնը կը դառնայ կարգ մը մտաւորականներու (օրինակ` Sigmund Freud-ի եւ André Gide-ի) հիմնական վերլուծական նիւթ, որ կը ներշնչէր արուեստագէտները քննադատօրէն սերտելու ու նոր մօտեցումներով ըմբռնելու սեռայնութիւնը։
Խնդիրը այն է, որ ֆիլմը որեւէ ձեւով չի փոխանցեր այդ ժամանակաշրջանի արուեստագէտներու մտաւոր խորութիւնը։ Անոնք կը ներկայացուին անկանոն, հարբեցող եւ եսակեդրոն մղումներով տարուած կերպարներ, որոնք հետաքրքրուած են միայն «զուտ» արուեստագիտական կեանքով` թուղթին վրայ զգացումներ արտայայտելով, հաց ուտելու փոխարէն գինովնալով եւ «ապուշ» հարուստներու կենցաղը վարկազրկելով։
Montparnasse-ի սրճարանները, մասնաւորապէս Café de la Rotonde-ը, ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին պարզապէս որպէս խեղկատակութիւններ ու ծաղրաբանութիւններ ընելու տեղ, մինչդեռ իրականութեան մէջ անոնք մտաւորական քննարկումներու եւ գաղափարական բախումներու վայրեր էին։
Բեմադրիչը կ’որդեգրէ հակացեղապաշտ դիրքորոշում եւ կը լուսաբանէ այդ ժամանակաշրջանի Ֆրանսայի ընկերային իրականութիւնը, ուր հայրիշխանական մտածելակերպը, կրօնական եւ մշակութային լարումները, մասնաւորաբար քրիստոնէական գերիշխանութիւնը կը շարունակէին ազդեցութիւն ունենալ թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ արուեստագիտական միջավայրին մէջ։
Ֆիլմի ակնդրումը, ընդհանուր առմամբ, գեղարուեստական ներգրաւիչ փորձառութիւն մըն է, որ դիտողը կը տեղափոխէ Փարիզի ոգիին՝ փողոցներու, արուեստագիտական մրցակցութիւններու եւ ստեղծագործական լարուածութեան կենդանի մթնոլորտին մէջ։ Կը տեսնենք Մոտիկլիանիի եւ իր կնոջ՝ Ժանն Էպիւթէրնի ողբերգական սիրային կապը, ինչպէս նաեւ Մոտիկլիանիի եւ Փիքասոյի միջեւ գոյութիւն ունեցող թունդ մրցակցութիւնը։
Սակայն բեմադրիչը հետաքրքրուած չէր «Les Années Folles»-ի հետ կապուած առասպելները կամ ֆրանսական շուկայի սուտ պատմութիւնները հիմնայատակ ընելու գործով։ Ան, աւելի ճշգրիտ իրականութիւն մը ներկայացնելու համար, պէտք է «արուեստագէտ»-ի շինծու մտապատկերը ճղելու փորձ մը ընէր, լուսարձակի տակ առնելու համար ո՛չ միայն Մոտիկլիանիի ապրած հոգեկան տագնապները, այլեւ՝ այդ ժամանակի մտաւորականներու յեղափոխական կորովն ու տարած աշխատանքը՝ ակադեմական կատարելապաշտութեան եւ աւանդապաշտութիւն ջատագովողներուն դէմ։
Երբ պատերազմները կը վերածուին սովորական լրատուութեան, իսկ մահերը՝ վիճակագրութեան
Աշխարհը երբեմն կը թուի ճատրակի հսկայական տախտակ մը։
Մեր ժամանակներու աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնները դարձեալ կը յիշեցնեն այս պատկերացումը։ Ուր որ նայինք, ճատրակի տախտակը մեծցած ու ընդարձակուած կը թուի։ Ուքրանիոյ բերրի դաշտերէն մինչեւ Միջին Արեւելքի աւերակները, Հարաւային Կովկասի անորոշ սահմաններէն մինչեւ Ափրիկէի մոռցուած պատերազմները, նոյն տրամաբանութիւնը կը շարունակէ գործել։ Մեծ ուժերը իրենց քարերուն շարժումները կը նախագծեն, դաշինքները կը փոխուին, նոր մրցակցութիւններ կը ծագին, իսկ հասարակ մարդիկ կը փորձեն ապրիլ ու կրել այն որոշումներուն հետեւանքները, զորս իրենք չեն տուած։
Այսօրուան աշխարհը ողողուած է այս շախմատային տրամաբանութեան ցնցող օրինակներով։ Ուքրանիոյ պատերազմը վերածուած է գերտէրութիւններու միջեւ մաշեցման պայքարի, ուր հազարաւոր մարդիկ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն ոչ միայն տարածքներու, այլ նաեւ ազդեցութեան գօտիներու, ռազմավարական հաշուարկներու եւ աշխարհակարգի վերաձեւաւորման համար։ Մարդոց կեանքերը յաճախ կը շահագործուին ռազմավարական առաւելութիւններ ապահովելու, մինչ տախտակին շուրջ նստած ուժերը կը շարունակեն իրենց խաղը։
Նոյն տրամաբանութիւնը կը գործէ Միջին Արեւելքի մէջ։ Տասնամեակներէ ի վեր տարածաշրջանը կը մնայ մրցակից ուժերու բախման թատերաբեմ։ Լիբանանի տնտեսական կաթուածահար վիճակը, պատերազմներու պատճառած ահռելի աւերածութիւնները, վերակառուցման անվերջ սպասումը եւ ամբողջ հասարակութիւններու քայքայումը կը վկայեն, թէ ինչպէս պետութիւններ եւ ժողովուրդներ կրնան վերածուիլ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու զոհի։ Գինը միշտ ալ պարզ ժողովուրդը կը վճարէ, մինչ տարածաշրջանային եւ միջազգային դերակատարները կը հետապնդեն իրենց ազդեցութեան ու գերակայութեան նպատակները։
Ափրիկէն, իր կարգին, թերեւս այս համաշխարհային ճատրակի ամենէն երկարատեւ զոհերէն մէկն է։ Մալիի, Նիճերի եւ Պուրքինա Ֆասոյի նման երկիրներէն մինչեւ Քոնկոյի ընդերքի անսահման հարստութիւնները, ափրիկեան ցամաքամասը դարձած է մրցարշաւի նոր կեդրոն մը։ Ուրանիումը, լիթիումը, քոպալթը եւ ռազմավարական այլ հում նիւթեր կը գրաւեն ոչ միայն հին գաղութատիրական ուժերուն, այլ նաեւ միջազգային նոր դերակատարներուն ուշադրութիւնը։ Շատ յաճախ տեղական բախումները, յեղաշրջումները եւ անկայունութիւնը չեն կրնար հասկցուիլ առանց տեսնելու այն արտաքին շահերը, որոնք թաքնուած են անոնց ետին։ Ափրիկեան ժողովուրդներու հարստութիւնը դարձեալ կը վերածուի իրենց ծանր բեռին։
Փոքր ժողովուրդներու պարագային վտանգը աւելի տեսանելի է։ Հարաւային Կովկասը այսօր կը գտնուի տարբեր ուժերու շահերու խաչմերուկին վրայ։ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան կը շարունակեն հետապնդել իրենց տարածաշրջանային նպատակները, մինչ նոր դերակատարներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Հնդկաստան, կը փորձեն ամրապնդել իրենց ներկայութիւնը։ Այս միջավայրին մէջ փոքր պետութիւններու անվտանգութիւնը, սահմանները եւ երբեմն իսկ ազգային գոյութիւնը կրնան դառնալ մեծ ուժերու բանակցութիւններուն մէջ սակարկութեան առարկայ։
Այս բոլոր օրինակները տարբեր աշխարհագրութիւններու կը պատկանին, սակայն անոնց մէջ կայ ընդհանուր օրինաչափութիւն մը. երբ աշխարհը կը սկսի գործել միայն ուժի, շահու եւ ռազմավարական գերակայութեան լեզուով, մարդը կը դադրի նպատակ ըլլալէ եւ կը վերածուի միջոցի։ Այդ պահուն է, որ ժողովուրդները այլեւս չեն դիտուիր որպէս պատմութիւն, մշակոյթ եւ արժանապատուութիւն ունեցող հաւաքականութիւններ, այլ՝ որպէս խաղաքարեր ճատրակի մեծ խաղի մը մէջ։
Այս խաղին մէջ ամենէն ողբերգականը այն է, որ խաղացողները հազուադէպօրէն իրենք կը կրեն խաղին հետեւանքները։ Քաղաքական որոշումները սովորաբար կը ծնին հեռաւոր սենեակներու մէջ՝ ռազմավարական հաշիւներու, շահերու եւ ազդեցութեան գօտիներու տրամաբանութեամբ։ Բայց անոնց գինը կը վճարեն սովորական մարդիկ։ Երբ պատերազմ մը կը սկսի, վտանգուածը միայն զինուորը չէ։ Անոր հետ կը վտանգուին ընտանիքներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, քաղաքներ, մշակոյթներ եւ ամբողջ սերունդներ։ Պատերազմները երբեք միայն ռազմաճակատներու վրայ չեն մղուիր. անոնք կը մխրճուին նաեւ մարդկային յիշողութեան մէջ, կը խաթարեն հոգիներ, կը փոխեն կենսագրութիւններ եւ կը ձեւաւորեն ապագաներ։ Ահա թէ ինչու աշխարհաքաղաքականութիւնը միայն պետութիւններու եւ սահմաններու մասին չէ։ Ան նախ եւ առաջ մարդոց մասին է։ Եւ երբ մարդը կը մոռցուի, ճատրակի տախտակին վրայ կը մնան միայն խաղաքարեր, մինչ կեանքը՝ իր ամբողջ բարդութեամբ ու արժանապատուութեամբ, կը կորսուի մեծ խաղի աղմուկին մէջ։
Բայց հոս հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ։
Մարդկութիւնը դարեր շարունակ ստեղծած է գաղափարներ, քաղաքական կառոյցներ եւ արժէքային համակարգեր, որոնք կոչուած էին սահմանափակելու ուժի կամայականութիւնը եւ պաշտպանելու ճնշուածը։ Ո՞ւր մնացին այդ գաղափարները։ Հիւմանիզմը քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն վեր կը դասէր մարդ արարածը։ Ընկերվարութիւնը կը խոստանար պաշտպանել շահագործուողը։ Հակագաղութատիրութիւնն ու հակակայսերապաշտութիւնը կը դատապարտէին ուժեղին կողմէ տկարին ենթարկումը։ Ժողովրդավարութիւնը կոչուած էր իշխանութիւնը ծառայեցնելու ժողովուրդին, ոչ թէ ժողովուրդը՝ իշխանութեան։ Այս գաղափարները ծնած էին իրական անարդարութիւններու դիմաց։ Անոնք պատմութեան ընթացքին դարձան միլիոնաւոր մարդոց յոյսը։ Սակայն այսօրուան աշխարհին նայելով՝ դժուար է չնկատել այդ գաղափարներուն եւ իրականութեան միջեւ գոյացած խոր հակասութիւնները։
Ժողովրդավարութեան անունով պատերազմներ կը մղուին։ Հիւմանիզմի լեզուն յաճախ աշխարհաքաղաքական շահերու համար կ’օգտագործուի։ Հակակայսերապաշտութեան կարգախօսներուն ետին երբեմն նոր տիրապետութիւններ կը ծագին։ Ընկերվարական արդարութեան գաղափարը շատ երկիրներու մէջ տեղի տուած է անզուսպ սպառողականութեան։
Խնդիրը այն չէ, որ այս գաղափարները արժէք չունին։ Ընդհակառակը։ Խնդիրը այն է, որ անոնց խոստումները շատ անգամ կը բախին ուժի քաղաքականութեան իրականութեան։ Եւ թերեւս ճատրակի տախտակին ամենէն տխուր երեւոյթն ալ հոս կը գտնուի․ դրօշները կը փոխուին, գաղափարախօսութիւնները կը փոխուին, կարգախօսները կը նորոգուին, բայց շատ անգամ տուժողը նոյն մարդն է՝ զինուորը, գաղթականը, աղքատը, անպաշտպանը եւ լուռ մեծամասնութիւնը։
Սակայն գաղափարախօսութիւններու ճգնաժամը միայն պատմական երեւոյթ մը չէ։ Մեր դարուն, իշխանութիւնը ձեռք ձգած է նոր գործիքներ, որոնց ազդեցութիւնը երբեմն աւելի խորն է, քան բանակներունը։
Աշխարհը այսօր կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, ուր պատերազմները այլեւս միայն զէնքերով չեն մղուիր։ Տեղեկատուութիւնը դարձած է նոր ռազմաճակատ։ Ընկերային ցանցերը, լրատուական հոսքերը, ալկորիթմները եւ արուեստական իմացականութիւնը աստիճանաբար կը վերածուին ազդեցութեան նոր միջոցներու։ Մարդիկ ոչ միայն կրնան ռումբերու միջոցով վերահսկուիլ, այլեւ պատկերներու, տեղեկութիւններու եւ վախերու միջոցով։
Նախորդ դարերուն մարդիկ առնուազն կը գիտակցէին, թէ ո՛վ է իրենց թշնամին։ Այսօր այդ հարցումը շատ աւելի բարդացած է։ Տնտեսական պատժամիջոցները, տեղեկատուական պատերազմները, թուային վերահսկողութիւնը եւ արհեստագիտական մրցակցութիւնը նոյնքան ազդու կրնան ըլլալ, որքան դասական պատերազմները։ Աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը այլեւս միայն սահմաններու հարց չէ․ անիկա նաեւ գիտակցութեան, տեղեկատուութեան եւ տնտեսական կախեալութեան հարց է։
Ֆրանքֆորթեան դպրոցի քննական տեսութեան ընկերաբանները, ինչպէս Թէոտոր Ատորնօ, Մաքս Հորքհայմըր, Եուրկըն Հապերմաս եւ ուրիշներ շատոնց զգուշացուցած էին, որ իշխանութիւնը միայն զէնքով չի գործեր։ Անիկա կը գործէ նաեւ գաղափարներու միջոցով։ Ոչ մէկ գերտէրութիւն կ’ըսէ, թէ կը գործէ բացառապէս իր շահերուն համար։ Բոլորն ալ կը խօսին կայունութեան, խաղաղութեան, ազատութեան, ժողովրդավարութեան կամ անվտանգութեան անունով։ Սակայն շատ անգամ այդ բառերը կը ծառայեն որպէս քողարկում ուժի քաղաքականութեան։
Այս իրավիճակին մէջ ամենէն վտանգաւորը թերեւս այն է, որ մարդը կամաց-կամաց կը վարժուի անոր։
Պատերազմները կը վերածուին սովորական լրատուութեան։ Մահերը՝ վիճակագրութեան։ Տեղահանութիւնները՝ քաղաքական բանավէճերու։ Մարդկային ողբերգութիւնները արագօրէն կը խեղդուին տեղեկատուական յորձանուտին մէջ։ Մենք ամէն օր կը դիտենք նոր ճգնաժամեր, նոր բախումներ եւ նոր աղէտներ, մինչեւ որ անոնք սկսին բնական թուիլ։
Ահա հոս է ճատրակի փոխաբերութեան ամենէն մութ կողմը։
Երբ մարդիկ երկար ժամանակ կը դիտեն խաղը, երբեմն կը մոռնան, որ ճատրակի քարերը իրական մարդիկ են։ Անոնք ընտանիքներ ունին, երազներ, յիշողութիւններ եւ ապագայի սպասումներ։ Բայց մեծ ուժերու մրցակցութեան մէջ, անոնք յաճախ կը վերածուին պարզ թիւերու կամ ռազմավարական հաշիւներու։
Պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ կայսրութիւնները, գաղափարախօսութիւնները եւ գերտէրութիւնները կու գան ու կ’երթան։ Սակայն անոնց ետին մնացողը միշտ մարդն է՝ իր կորուստներով, իր յիշողութեամբ եւ իր գոյատեւման կամքով։
Թերեւս մեր ժամանակներու ամենէն կարեւոր հարցումը այն չէ, թէ ո՛վ պիտի շահի այս աշխարհաքաղաքական խաղը։
Աւելի կարեւոր հարցումը հետեւեալն է․ Կարելի՞ է արդեօք այնպիսի աշխարհ մը ստեղծել, ուր մարդը այլեւս չըլլայ ճատրակի քար մը։
Որովհետեւ պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ երբ մեծ ուժերը կը շարունակեն իրենց խաղը, շատ անգամ նոյնիսկ հանդիսատեսները ի վերջոյ կը յայտնուին ճատրակի տախտակին վրայ։
Վ. Թէնպէլեան
ՍԻՐԱՒԷՏ
Դու քո սիրոյ բոյրը տուր ինձ,
Որ ծաղկունքով լիանամ,
Ծոցիդ բոյրը անուշ, անբիծ,
Կեանքի սիրով արբենամ:
Որ վայելեմ սեր ու խնդում,
Աստուածային սուրբ պարգեւ․
Սիրահարի սրտի խոստում,
Նուիրական, անդեդեւ:
Քո նայուածքի հուրը տուր ինձ,
Որ իմ սիրով է այրւում․
Աչքերիդ ցոլքը շողալից
Հորիզոնում, աստղունքում:
Ճաճանչում է արեգակը,
Ծոցս լցնում քո ջերմով․
Երջանկութեան հրեշտակը
Պարգեւում է ինձ գորով:
Բախտ ու սիրոյ իմ հեքիաթը
Անուշ խաղով թրթռում,
Ու տանում է ինձ գագաթը
Քո սիրաւէտ վայելքում:
Գրիշ Դաւթեան
Անձնական շա՞հ, թէ՞ ազգային պետութիւն. ո՞ւր կը տանի մեզի սպառողական մշակոյթը
Սպառողականութեան եւ Homo Consumens-ի մասին սովորաբար կը խօսուի համաշխարհային մակարդակով: Սակայն ոչ պակաս կարեւոր է հասկնալ, թէ «սպառող Մարդը» ինչպէս կը դրսեւորուի առանձին հասարակութիւններու մէջ: Այս իմաստով յատկապէս հետաքրքրական է հայկական փորձը, որովհետեւ հայկական Homo Consumens-ը ծնունդ առած է պատմական այլ պայմաններու մէջ, քան իր արեւմտեան նախատիպը:
Ինչպէս նախորդ յօդուածներուս մէջ նշած եմ, սպառողը պարզապէս անորոշ կամ անձեւ երեւոյթ մը չէ։ Ան «ես» մըն է, որ կազմաւորուած է, եւ տակաւին կը շարունակէ կազմաւորուիլ, երկարատեւ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական գործընթացներու արդիւնքով։ Մեր ժամանակներուն այս երեւոյթը հասած է աննախադէպ խտութեան եւ բարդութեան աստիճանի, եւ Հայաստանի մէջ եւս ստացած է իւրայատուկ դրսեւորումներ։ Քանի որ նախորդ հրապարակումներուն մէջ արդէն անդրադարձ կատարուած է «սպառող» հասկացութեան եւ սպառողական մշակոյթին, այս յօդուածով փորձենք հասկնալ այս երեւոյթին հայկական տեսակը։
Առհասարակ այս եւ համանման այլ հարցեր հայկական հասարակութեան մէջ ի յայտ կու գան իւրաքանչիւր ճգնաժամային իրավիճակէ ետք։ Սակայն, քանի որ շատ յաճախ ժամանակ կամ հնարաւորութիւն չի ստեղծուիր այդ քննարկումները խմբային կամ մասնագիտական շրջանակներէն դուրս բերելու եւ զանոնք հանրային լայն քննարկման նիւթ դարձնելու, անոնք կը մնան կիսատ եւ անաւարտ՝ մինչեւ յաջորդ ճգնաժամը: Նման իրավիճակ մը ստեղծուեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն եւ 2023-ին Արցախի կորուստէն ետք, եւ մինչեւ այսօր նման քննարկումներ կը ծաւալին այս կամ այն անհատին կամ խմբակի կողմէ՝ փորձելով հասկնալ արդի հայ մարդու ներկայ դիմագիծը եւ անոր կազմաւորման հիմնական պատճառները։ Այսօր հայ հասարակութեան մէջ «սպառող մարդը» վերածուած է ամենէն տեսանելի ընկերային տիպերէն մէկուն եւ շարունակաբար կ’ընդարձակէ իր ազդեցութիւնը հասարակական վարքագիծին վրայ։
Պէտք է նշել, որ վերջին մօտաւորապէս 150 տարիներուն հայ ժողովուրդի ընկերային եւ արժէքային դաշտ մուտք գործած չափանիշներն ու պատկերացումները մեծ մասամբ ներմուծուած են դուրսէն։ Եւ նոյն այս հանգամանքն է, որ էական տարբերութիւն մը կը ստեղծէ արեւմտեան եւ հայկական «սպառող» տիպարներուն միջեւ։
Խնդիրը այն է, որ մինչ արեւմտեան աշխարհը իր ընկերային, քաղաքական, հանրային եւ այլ օրակարգերը ձեւաւորեց իր բնական զարգացման ընթացքին, ինքը զարգացուց զանոնք, յաջողեցաւ եւ ձախողեցաւ եւ իր իսկ գործնական փորձառութեամբ հաստատեց կամ մերժեց զանոնք, հայկական իրականութեան պարագային պատկերը բոլորովին տարբեր էր։ Հայկական իրականութիւնը ոչ միայն մեծապէս ներմուծուած գաղափարներու եւ մօտեցումներու ազդեցութեան տակ էր, այլեւ ինք կը գոյատեւէր առնուազն երկու տարբեր աշխարհներու մէջ՝ օսմանեան եւ ռուսական։ Այդ երկու աշխարհները իրարմէ էապէս տարբեր էին, իսկ անոնց վրայ աւելցաւ նաեւ ընկերվարական աշխարհի նորարարութիւններն ու պահանջները կիրարկելու փորձը։
Խնդիրը ինքնին ներմուծումը չէր։ Ոչ մէկ քաղաքակրթութիւն կը զարգանայ մեկուսացման մէջ։ Խնդիրը այն էր, որ ներմուծուած գաղափարներն ու հաստատութիւնները շատ յաճախ չէին տեղայնանար եւ չէին վերածուիր հասարակութեան ներքին պահանջին։ Անոնք յաճախ կը մնային մտաւորական կամ քաղաքական վերնախաւերու լեզուին մէջ՝ չդառնալով լայն զանգուածներու կենսափորձին մէկ մասը։ Սովորական մարդը իր առօրեային մէջ չէր զգար դուրսէն ներմուծուած պահանջներուն, փոփոխութիւններուն կամ անոնց հիմնարար անհրաժեշտութեան ազդեցութիւնը։
Բայց այդ մէկը 1850-ականներէն ետք էր։ Աւելի ուշ նոր խնդիրներ յառաջացան, երբ Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդը տարագրուեցաւ աշխարհի չորս կողմերը։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ միայն փոքրաթիւ հայեր մնացին, մինչ արեւելեան հատուածը պարտադրաբար մտաւ ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան համակարգին մէջ։ Մօտ եօթանասուն տարի կէս  ընկերվարական-կէս համայնավար իրականութեան յարմարելու փորձ ընելէ ետք, հայ ժողովուրդը 1991-ին արդէն գաղափարական շփոթի վիճակի մէջ մուտք գործեց ազատական դրամատիրութեան փուլ։ Գրեթէ 100 տարի ան տարբեր գաղափարներու, համակարգերու եւ խոստումներու հետ փորձարկումներ կատարած էր, որոնց մեծ մասը ձախողած դուրս եկան։ 1991-էն ետք Հայաստան մուտք գործեց ազատական դրամատիրութեան դաշտ՝ առանց անոր ձեւաւորման պատմական փորձը ունենալու։ Աւելին, խորհրդային համակարգի փլուզումով հասարակութիւնը կորսնցուց ոչ միայն իր տնտեսական կառուցուածքը, այլեւ ապագայի միասնական պատկերացումը։ Յառաջացած արժէքային դատարկութիւնը աստիճանաբար լեցուեցաւ շուկայով եւ սպառողական մշակոյթով։
Հայաստանը, ազատագրուելով խորհրդային կապանքներէն, շատ արագ սկսաւ մուտք գործել վաճառողի-սպառողի նոր կերպարին մէջ։ Հասարակութիւն մը, որ չէր անցած արդիւնաբերական յեղափոխութեան ամբողջական փորձառութենէն, շուկայական յարաբերութիւններու սահմանափակ փորձ ունէր եւ կը կրէր ծանր գաղափարական ժառանգութիւն, կարճ ժամանակի մէջ ներգրաւուեցաւ համաշխարհային սպառողական մշակոյթին մէջ։ Այն բոլորը, որ արգիլուած էր, յանկարծ հասանելի դարձաւ՝ սեռային կերպարներէն մինչեւ անվերջ վաճառելու եւ օգտուելու հեռանկարը։ Երբ գաղափարները չեն գործեր, երբ ամէն ինչ չափազանց մշուշոտ ու հեռաւոր կը թուի, մարդը կը սկսի հաւատալ միայն կարճաժամկէտ եւ շօշափելի հեռանկարի մը՝ իր անձնական շահին։ Հայկական հասարակութեան մէջ այդ անձնական շահը աստիճանաբար մարմնաւորուեցաւ «սպառող մարդ» տիպարին մէջ, որ այսօր գրեթէ ամէնուր կարելի է հանդիպիլ։ Քաղաքակրթական ճգնաժամ մը ծնաւ, իսկ ազգային մշակոյթն ու անոր բաղադրիչները շատ յաճախ սահմանափակուեցան առօրեայի, ուտելիքի, խմիչքի, զարդարանքի ձեւաչափով։
Հասարակական համընդհանուր որեւէ մտքի իրական բացակայութիւնը յանգեցաւ նաեւ շարք մը այլ ճիւղաւորումներու։ Տնտեսական անընդմէջ ճնշումները, ապա նաեւ պատերազմի պարտութիւնը, աւելի ամրապնդեցին «սպառող մարդու» հիմքերը։ Երբ մարդը այլեւս չի հաւատար որեւէ բանէ, կը փորձէ իր ինքնութիւնը հաստատել վաճառքի եւ սպառման միջոցով։ Այդ միակ դաշտն է, ուր ան կը զգայ, թէ կրնայ ինքզինք կայացնել։ Կրթութեան ցած մակարդակը այս ամբողջ ընթացքը կը փաթեթաւորէ պարզունակ եւ մակերեսային ձեւերով։ Այսօր հայերը շատ արագ կը դառնան պլոկագիրներ։ Իսկ պլոկագրութիւնը պարզապէս մասնագիտութիւն կամ զբաղում չէ. ան գրեթէ կը վերածուի քաղաքակրթական ինքնութեան արտայայտութեան։ Գլխաւոր արժոյթը ուշադրութիւնն է, գլխաւոր զբաղումը՝ վաճառքը։ Մարդիկ պատրաստ են ամէն ինչի՝ ուշադրութիւն գրաւելու համար։ Անոնք պատրաստ են վաճառելու իրենց ժամանակը եւ սպառելու գրեթէ ամէն ինչ, որ իրենց կը ներկայացուի, միայն թէ տեղաւորուին ընդունելի ինքնութեան մը սահմաններուն մէջ, որովհետեւ իրենց առջեւ ներկայացուած բազմաթիւ գաղափարներ ու երեւոյթներ, յատկապէս հայկական միջավայրին մէջ, չկրցան հասնիլ ընդունելի եւ համակրելի յաղթանակի։
Ժամանակակից հայկական հասարակութեան մէջ մարդը հետզհետէ աւելի քիչ կը սահմանէ ինքզինք իր աշխատանքով կամ համայնքային պատկանելիութեամբ։ Փոխարէնը, ան կը սկսի ինքզինք ընկալել սպառողական կարողութիւններու լեզուով՝ որպէս «միջին խաւի անդամ», «յաջողակ անձ» կամ «բարեկեցիկ քաղաքացի», որ ունի բազմաթիւ հետեւորդներ, հաւանումներ կամ դիտումներ ընկերային ցանցերու վրայ։ Այս կերպով ընկերային ինքնութիւնը աստիճանաբար կը տեղափոխուի արտադրութենէն դէպի սպառում։ Աւելին, խնդիրը միայն սպառումը չէ, այլ նաեւ սեփական անձը որպէս յաջողակ վաճառանիշ, որպէս արտադրանք ներկայացնելու մղումը։ Այս միտումը նոյնիսկ կը խրախուսուի։ «Ստեղծէ՛ ինքզինքդ», «դարձի՛ր սեփական վաճառանիշդ», «կերտէ՛ քու կերպարդ» եւ նման կարգախօսներ հետզհետէ աւելի տարածուին։
Հետեւաբար, այն միջանկեալ կառոյցները, որոնք պատմականօրէն մարդիկ իրարու կը կապէին՝ ընտանիքը, համայնքը, մասնագիտական միութիւնները կամ հաւաքական ինքնութեան այլ ձեւեր, կը սկսին տկարանալ։ Ասոր կը նպաստէ նաեւ եռասերունդ ընտանիքէն դէպի երկսերունդ ընտանիք կտրուկ անցումը, կամ ներընտանեկան արժէքներու զգալի փոփոխութիւնը (կենցաղային մակարդակի վրայ անոր օրինակներէն են հարս-սկեսուր սկզբունքային հակամարտութիւնը, անձնական տարածքի կառավարման եւ տիրապետման հարցերը, ինչպէս նաեւ աշխարհայեացքներու էական տարբերութիւնները)։
Պետական համակարգի տկարութիւնը, դրամատիրական աշխարհի աճող՝ գոնէ տեսանելի հզօրութիւնը, ձախողած համայնավարութիւնը, ինչպէս նաեւ շահագործուող ու նահանջող ազգայնականութիւնը աւելի լայն տարածք բացին վաճառքի եւ սպառման համար։ Եւ ի՞նչ կրնայ ընել այն մարդը, որ ո՛չ տնտեսական ներուժ կը տեսնէ, ո՛չ ալ հասարակական-ազգային համընդհանուր չափանիշ մը։ Ան չի գիտեր, թէ ո՛վ է, ի՛նչ ժառանգութիւն պիտի ձգէ ետին, կամ ի՛նչ նպատակի համար կ’ապրի։ Ան միայն կ’ուզէ վաճառել եւ սպառել։ Ան կը մասնագիտանայ վաճառքի մէջ, իսկ ինքզինք կը կայացնէ սպառելով:
Ինչպէս Ժան Պոտրիար իր «Խորհրդանշական փոխանակութիւն եւ մահ» գիրքին մէջ կը նկարագրէր մարդու մշակութային մահը՝ մարդը դիտարկելով որպէս վաճառանշաններու, պատկերներու եւ խորհրդանիշներու հաւաքածոյ, գրեթէ նմանատիպ պատկեր մը կարելի է նկատել նաեւ մեր իրականութեան մէջ։ Օրինակները բազմաթիւ են՝ համալսարանական վկայականէն մինչեւ ինքնաշարժ, թանկարժէք հեռաձայն, ընկերային ցանցի հաշիւ, կամ նոյնիսկ սանտրուածքը։ Այս բոլորը աստիճանաբար դարձած են հայկական «սպառող մարդու» ինքնութեան բաղադրիչները։ Եթէ ան չունի վկայական, iPhone, ինքնաշարժ, յարմար սանտրուածք, գեղագիտական վիրահատութիւններ կամ նման այլ արտաքին ցուցանիշներ, շատ յաճախ կը դիտուի որպէս թերի կամ ոչ ամբողջացած մարդ մը։ Հասարակութիւնը հետզհետէ կը լեցուի նման ճաշակներ, նմանատիպ սպառողական նախասիրութիւններով եւ միատեսակ մշակութային ծածկագրներ ունեցող մարդոցմով, որոնց անհատականութիւնը յաճախ կը սահմանուի շուկային կողմէ առաջարկուած ընտրանքներով։ Այս բոլորը կրնայ չափազանց մռայլ կամ նոյնիսկ անհամոզիչ հնչել։ Սակայն, երբ փորձենք ամբողջական կերպով դիտել հայկական հասարակութեան վերջին տասնամեակներու ձեռքբերումներն ու կորուստները, դժուար չէ այն տպաւորութիւնը ունենալ, որ այսօր ղեկին առջեւ կանգնած է «սպառող մարդը»։
Եւ ան ուրիշ ընելիք չունի։ Ան չի հաւատար որեւէ բանի։ Եթէ արեւմտեան աշխարհը անվերջ գաղափարներէ յոգնելէ ետք 1945-էն վերջ ընտրեց թուլացման ուղին, ապա Հայաստանի մէջ 1991-էն ետք վրայ հասաւ պարզապէս ընդօրինակելու եւ արձագանգելու միտումը։ Ան կ’օտարանայ իր ընտանիքէն, մշակոյթէն, նոյնիսկ ինքն իրմէ։ Ամէն ինչ կը դիտէ որպէս վաճառքի եւ սպառման առարկայ։ Շատ անգամ ինքն ալ պատրաստ է ինքզինք ներկայացնելու եւ այդ մտածողութիւնը քարոզելու։ Այլեւս երկար, բարդ եւ տեսական գիտելիքի կարիք չկայ․ բաւարար է էրոթիք, բովանդակութենէ զուրկ, բայց հասկնալի պար մը։ Զանգուածները միշտ դիւրամարս բովանդակութիւն կ’ընդունին, իսկ սրբութիւնները լաւագոյնը կը վաճառուին։ Երբ ժողովուրդը դադրի հաւատալէ ընդհանուր ապագայի մը, արդեօք ան անխուսափելիօրէն սպառողներու հասարակութի՞ւն կը դառնայ։
Եւ կրկին կը հնչէ անխուսափելի հարցումը․ հնարաւո՞ր էր նման պայմաններու մէջ կերտել ամուր ազգային պետութիւն մը, մանաւանդ երբ սեփական պետական աւանդութեան փորձառութիւնն ալ դարեր շարունակ բացակայ եղած էր։ Մենք այսօր ունինք հետեւանքները, սակայն տակաւին ամբողջութեամբ չենք հասկցած պատճառները։
Սպառող մարդը կ’ապրի եւ կը զարգանայ ամբողջ աշխարհի տարածքին, սակայն իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ ան ունի իրեն յատուկ տեղական խնդիրները։ Մեր պարագային խնդիրը պարզապէս մէկ կամ երկու հարց չէ, ոչ ալ միայն ազգային ինքնութեան ճգնաժամ մը։ Խնդիրը աւելի խոր է՝ ան ինքնընկալման խնդիր մըն է ընդհանրապէս։
Ինչո՞ւ «Fiddler on the Roof» ֆիլմը այդքան ծանօթ կը թուի հայերուն
Կան ֆիլմեր, որոնք իրենց ստեղծման ժամանակէն ու վայրերէն շատ աւելի հեռու կը հասնին։ Անոնք կը դադրին միայն պատմութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուին հայելիի մը, ուր տարբեր ժողովուրդներ կը տեսնեն իրենց սեփական փորձառութիւնը։ Այս տպաւորութիւնը կրկին անգամ ունեցանք, երբ տարիներ ետք վերստին դիտեցինք Fiddler on the Roof ֆիլմը։ Բեմադրիչ Նորման Ճուիսընի այս գլուխ-գործոցը, որ հիմնուած է Շոլոմ Ալէյխեմի հրէական պատմուածքներուն վրայ, մեզ կը տանի 1905 թուականի Ցարական Ռուսիոյ Անաթեւքա անունով հրէական փոքր գիւղը։
1964-ին առաջին անգամ բեմ բարձրացած եւ 1971-ին ֆիլմի վերածուած այս երաժշտախառն գործը աշխարհի ամենէն աւելի սիրուած ստեղծագործութիւններէն մէկը դարձած է։ Պատճառը միայն անոր երաժշտութիւնը կամ յիշարժան կերպարները չեն։ Շատեր կրնան այս մէկը հրէական քարոզչական մեքենային վերագրել, բայց պէտք է ընդունիլ, որ Ֆիլմը կը շօշափէ համամարդկային հարցեր՝ ընտանիք, աւանդութիւն, փոփոխութիւն, ինքնութիւն եւ տեղահանութիւն։
Ֆիլմին կեդրոնական կերպարը Թեւյէ անունով հրեայ կաթնավաճառ մըն է, որ կ’ապրի Անաթեւքայի մէջ՝ ցարական Ռուսիոյ վերջին տարիներուն։ Ան աղքատ, բայց խելացի, հոիւմորով եւ խորապէս հաւատացեալ մարդ մըն է, որ իր կնոջ եւ հինգ աղջիկներուն հետ կը փորձէ պահպանել իր ընտանիքին հաւատքը, աւանդութիւններն ու արժէքները՝ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ աշխարհը արագօրէն կը փոխուի։
Ֆիլմը մեծ մասամբ կը հետեւի Թեւյէի ներքին պայքարին։ Ան կը սիրէ իր աւանդութիւնները, բայց նաեւ կը սիրէ իր զաւակները։ Երբ իր աղջիկները կը սկսին սեփական ընտրութիւններ կատարել, սիրահարիլ եւ կասկածի տակ առնել համայնքի հին սովորութիւնները, Թեւյէ դէմ յանդիման կու գայ բարդ երկընտրանքի մը։ Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել աւանդութիւնը՝ առանց կորսնցնելու մարդը։ Ինչպէ՞ս կարելի է յարգել անցեալը՝ առանց փակելու ապագային դուռը։ Պատմութեան առանցքը կը դառնայ աւանդութեան եւ արդիականութեան բախումը, որ կ’արտայայտուի Թեւյէի աղջիկներուն ընտրութիւններով, երբ անոնք մէկ առ մէկ կը խզեն միջնորդութեամբ ամուսնութեան կանոնները։
Թերեւս հոս է, որ ֆիլմը կը սկսի խօսիլ հայերուն։ Թեւյէի աշխարհը շատ ծանօթ կը թուի ըլլալ մեզի։
Գիւղ մը, ուր բոլորը իրարու կը ճանչնան։ Ընտանիքներ, որոնք սերտ կապերով միացած են իրարու։ Կրօնական եւ մշակութային աւանդութիւններ, որոնք միայն հաւատքի հարց չեն, այլ ամբողջ կեանքի կազմակերպման ձեւ մը։ Մարդիկ, որոնք իրենց ինքնութիւնը կը գտնեն ոչ միայն իրենց անձերուն մէջ, այլեւ իրենց համայնքին մէջ։
Այս պատկերը օտար չէ հայերուն։
Մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը, արեւմտահայութեան մեծ մասը կ’ապրէր նման համայնքներու մէջ։ Գիւղեր, քաղաքներ ու թաղամասեր, ուր եկեղեցին, դպրոցը, ընտանիքը եւ համայնքը անբաժան ամբողջութիւն մը կը կազմէին։ Ցեղասպանութենէն ետք, տեղահանուած հայ ժողովուրդը ինքզինք կազմակերպեց նոյն տրամաբանութեամբ, նոյնիսկ այսօր, սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներ կը շարունակեն գոյատեւել նոյն ձեւով։
Սակայն ֆիլմին խորքը միայն անցեալը նկարագրելու մէջ չէ։
Ան կը խօսի նաեւ փոփոխութեան մասին։
Թեւյէի դուստրերը կը սկսին մերժել իրենց ծնողներուն ընտրած ամուսնութիւնները։ Անոնք կը փնտռեն սեփական ձայնը, սեփական ընտրութիւնը եւ սեփական ճամբան։ Այս հակամարտութիւնը միայն ընտանեկան հարց մը չէ։ Ան կը խորհրդանշէ ամբողջ հասարակութեան մը անցումը հին աշխարհէն դէպի նոր աշխարհ։
Ահաւասիկ ծանօթ այլ հարցադրում հայ իրականութեան մէջ։
Ինչպէ՞ս պահպանել լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը՝ առանց երիտասարդ սերունդները հեռացնելու։ Ինչպէ՞ս յարգել աւանդութիւնը՝ առանց զայն վերածելու բեռի։ Ո՞ւր կը գտնուի հաւասարակշռութիւնը հինին եւ նորին միջեւ։
Fiddler on the Roof-ը պատրաստի պատասխաններ չի տար։ Սակայն ան մեզ կը մղէ հարցադրելու: Ֆիլմին վերջին բաժինը այն մասն է, որ ամենէն աւելի կը դպչի հայկական զգացողութեան։
Անաթեւքայի հրեաները ստիպուած կը լքեն իրենց տուները։ Անոնք չեն հեռանար աւելի լաւ կեանք որոնելու համար։ Անոնք կը հեռանան, որովհետեւ այլեւս չեն կրնար մնալ։ Անոնք կը հաւաքեն իրենց գոյքերը, հրաժեշտ կու տան իրենց տուներուն եւ կ’ուղղուին դէպի անորոշ ապագայ մը։ Այս տեսարանները դժուար է դիտել առանց հայկական փորձառութիւնը յիշելու։
Թէեւ երկու ժողովուրդներու պատմական փորձառութիւնները նոյնը չեն, սակայն տեղահանութեան, արմատախիլ ըլլալու եւ հայրենիք կորսնցնելու զգացումը խորապէս ծանօթ է հայերուն։ Միլիոնաւոր հայեր իրենց ընտանեկան յիշողութիւններուն մէջ կը կրեն այդ պատմութիւնը։ Հետեւաբար, երբ Անաթեւքայի բնակիչները կը հեռանան իրենց գիւղէն, շատ հայեր ոչ միայն ֆիլմի հերոսներուն կը հետեւին, այլ նաեւ իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կը տեսնեն հոն։
Բայց ֆիլմը միայն կորուստի մասին չէ։ Ան նաեւ գոյատեւման մասին է։
Ֆիլմին վերջաւորութեան մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց տուները, սակայն կը փորձեն չկորսնցնել իրենց ինքնութիւնը։ Անոնք իրենց հետ կը տանին լեզուն, յիշողութիւնը, աւանդութիւնները, հաւատքը եւ մշակոյթը։ Թերեւս հոս է, որ «Fiddler on the Roof»-ը ամենէն աւելի կը մօտենայ հայկական փորձառութեան։ Որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը միայն կորուստներու պատմութիւն չէ։ Ան նաեւ վերապրումի, վերակառուցման եւ նոր համայնքներ ստեղծելու պատմութիւն է։ Սփիւռքը այդ իրականութեան ամենէն ցայտուն օրինակն է։
Ֆիլմին խորհրդանշական կերպարը՝ տանիքին վրայ կանգնած ջութակահարը, պատահական պատկեր մը չէ։ Ան կը խորհրդանշէ կեանքի փխրուն հաւասարակշռութիւնը։ Մարդը կը փորձէ չիյնալ եւ միաժամանակ շարունակել իր երաժշտութիւնը։ Արդեօք այս պատկերը ծանօթ չէ՞ մեզի։ Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդն ալ փորձած է նոյն բանը ընել։ Պահպանել հաւասարակշռութիւնը անցեալին եւ ապագային, աւանդութեան եւ նորարարութեան, հայրենիքին եւ սփիւռքին, յիշողութեան եւ գոյատեւման միջեւ։ Ահա թէ ինչու «Fiddler on the Roof»-ը միայն հրեաներու մասին ֆիլմ մը չէ։
Անիկա ֆիլմ մըն է բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք երբեւէ ստիպուած եղած են հարց տալու՝ ինչպէ՞ս շարունակել ապրիլ, երբ աշխարհը կը փոխուի շուրջդ։ Եւ թերեւս այդ է պատճառը, որ Թեւյէի ձայնը տակաւին կը հասնի մեզի։
Որովհետեւ անոր հարցումները տակաւին մեր հարցումներն են։
․ ․ ․ ԲԱԶՄԱԿԷՏ
Ես չէի՛ գիտեր,
որ բազմակէտի կէտերն առանձինն,
բանալիներ են դարպասին փակուած
մութ, անթիւ, գաղտնի լուռ խորհուրդներու․․․
Ես չէի՛ գիտեր,
որ կէտերն փոքրիկ,
անգիտակցութեան ուղիներուն մէջ,
խեղճ թափառական շրջիկի մը պէս
կը դեգերին լուռ․․․
Չե՛ն երգեր բարձր։
Չեն ալ յայտնուիր։
Չե՛ն իսկ փսփսար․․․
Ամօթխածութի՞ւն,
թէ՝ բարդ եսոյթ*ի
սրբագոյն խոհոյթ*․․․
Ես չէի՛ գիտեր․․․
Կէտերը շարուած,
աննշանութեան շապիկը հագած,
տիեզերքի մը արեւի նման,
կեանքի կը կոչեն չ՛երկնած պահերը
մարդ արարածի մոլորուածութեան․․․
Կէտերն այդ մենիկ,
փարոսի նման լուռ կը պլպլան,
կ՛ուղորդեն մարդուն շփոթած միտքը
դէպի կղզիներն անորոշ կեանքին,
ուր օրերն յոգնած,
լուռ առանձնութեան շապիկը հագած
միաձուլման մէջ երգեր կը հիւսեն․․․
Տարօրինա՛կ է ՄԱՐԴ արարածը…
Իր իսկ գոյոյթ*ի լարերովն անտես,
կախուած է անյոյս բազմակէտէն այս,
կը ճօճուի դանդաղ`
մութ, անթիւ, գաղտնի լուռ խորհուրդներու
որոնումներու ալքին յանձնուած․․․
Տարօրինա՛կ է պատկերն այս գոյի․․․
Ես-եր, դուն-եր եւ ան-եր,
մենք-եր, դուք-եր, անոնք-ներ՝
քով-քովի պպզած կէտերու կոյտ ենք․․․
անորոշութեան շապիկը հագած,
մշուշներու մէջ լռիկ թագնուած․․․
Բազմակէտերով ովկեան մըն ենք մեծ,
ուր փարոս չկայ․․․
Տարօրինա՜կ է է-ին էոյթը*
… շփոթը մռայլ մշուշը հագած
լուռ կը տանջէ զիս․․․
․․․ ի՞նչ է, ի՞նչ արդեօք առեղծուածն այս նուրբ․․․
Կէ՞տ է, կետո՞յթ* է, թէ՝ լուռ կէտութիւն*․․․
Մո՞ւթ է, մութո՞յթ* է, թէ՝ մութ մութութիւն*․․․
… Անլոյծ կառոյց է
մարդ-մարդոյթ*-մարդութիւն*
այս եռաբեւեռ մեծ հանելուկը․․․
․․․ ՄԱՐԴԸ ․․․ Բ Ա Զ Մ Ա Կ Է՜ Տ…
․․․ ՄԱՐԴԸ ․․․ Բ Ա Զ Մ Ա Կ Է՞ Տ…
Թէ՞՝
ԿԷՏԱԿԱԶՄՈՒԱԾ
ԽՈՀՈՅԹ* ԱՆՈՐՈՇ․․․
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
*Աստղանշուած բառերը, («Բառ-Խորհուրդ-Իմաստասիրութիւն» Մարգարեան Բառակազմական Համակարգ)էս են։
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 23, Ամիս՝ Մայիս, Ամ՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Ծմակ, Ամիս՝ Ահեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)
Ինչո՞ւ երիտասարդները այլեւս չեն հաւատար մեծ գաղափարներու
Կար ժամանակ, երբ երիտասարդութիւնը կը մեծնար «մեծ գաղափարներու» շուքին տակ։ Ազատութիւն, յեղափոխութիւն, ազգ, արդարութիւն, ընկերային հաւասարութիւն, յառաջդիմութիւն, նոյնիսկ՝ արուեստ կամ գրականութիւն. այս բոլորը պարզ բառեր չէին, այլ կեանք ձեւաւորող հաւատամքներ։ Անոնք երիտասարդը կը մղէին զոհողութեան, ընդվզումի, ստեղծագործութեան, երբեմն ալ՝ կործանումի։
Այսօր, սակայն, կարծես ուրիշ դարաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք։
Ժամանակակից երիտասարդը աւելի շատ վստահութիւն ունի ալկորիթմներու, քան գաղափարախօսութիւններու հանդէպ։ Ան աւելի արագ կը հետեւի «թրենտ»-ներու, քան քաղաքական շարժումներու։Ան կասկածով կը մօտենայ գրեթէ ամէն բանի՝ կուսակցութիւններու, կրօնի, պետութեան, համալսարաններու, նոյնիսկ մտաւորականութեան։ Այս կասկածամտութիւնը պատահական չէ, այլ՝ ծնունդն է երկար յուսախաբութիւններու։
Քսաներորդ դարը դրախտներ խոստացաւ մարդկութեան, բայց ընդհանրապէս զանոնք աղէտներու վերածեց։ Ազգայնականութիւնը վերածուեցաւ պատերազմներու, յեղափոխութիւնները՝ բռնապետութիւններու, տնտեսական համակարգերը՝ անհաւասարութեան նոր ձեւերու։ Իսկ մեր ժամանակներուն, համաշխարհայնացումն ու թուային աշխարհը ոչ միայն չեն միացներ մարդը, այլ, շատ անգամ, աւելի կ’առանձնացնեն զայն։
Երիտասարդը այսօր կը մեծնայ աշխարհի մը մէջ, ուր ապագան այլեւս վստահութիւն չի ներշնչեր։ Ան կը տեսնէ պատերազմներ, տնտեսական փլուզումներ, կենսոլորտային ճգնաժամեր, գաղթեր, հոգեկան առողջութեան խնդիրներ եւ յարատեւ անորոշութիւն։ Այս պայմաններուն մէջ, «մեծ գաղափարի» մը հաւատալը շատերու համար կա՛մ միամտութիւն կը թուի, կա՛մ վտանգաւոր ռոմանթիզմ։
Բայց մարտահրաւէրը միայն արտաքին չէ. մարդկային հոգեբանութիւնը նոյնպէս փոխուած է:
Թուային մշակոյթը աստիճանաբար քայքայեց եւ դեռ կը քայքայէ մեր խորաթափանց մտածողութիւնն ու երկարատեւ հաւատարմութիւն պահելու կարողութիւնը։ Ընկերային ցանցերը մարդը կը վարժեցնեն արագ հակազդեցութեան, անմիջական արձագանգներու եւ կարճատեւ ուշադրութեան։ Մինչ հին գաղափարները տարիներու նուիրում կը պահանջէին, այսօրուան մշակոյթը ակնթարթային տպաւորութիւնները կը խրախուսէ։
Հետեւանքը՝ սերունդ մը, որ ամէն ինչի մասին տեղեկութիւն ունի, բայց շատ քիչ բանի կը հաւատայ։
Այսուհանդերձ, սխալ պիտի ըլլար եզրակացնել, թէ երիտասարդութիւնը ամբողջովին պարպուած է իտէալներէ։ Պարզապէս «մեծ գաղափարներու» ձեւը փոխուած է։ Այսօրուան երիտասարդը թերեւս աւելի քիչ կը վստահի մեծ համակարգերու, բայց աւելի զգայուն է անհատի իրաւունքներու, ինքնութեան, հոգեկան առողջութեան, կենսոլորտի պահպանութեան եւ անձնական ազատութեան նկատմամբ։ Ան չի հաւատար համընդհանուր ճշմարտութիւններու, բայց կը փնտռէ աւելի մարդկային, աւելի անմիջական արժէքներ։
Հարցը, ուրեմն, այն չէ, թէ երիտասարդութիւնը այլեւս ոչնչի կը հաւատայ։ Հարցը այն է, թէ արդեօք մեր դարաշրջանը տակաւին կրնա՞յ ստեղծել այնպիսի գաղափարներ, որոնք վստահութիւն, խորք եւ ապագայի տեսլական կը ներշնչեն։
Որովհետեւ մարդը առանց գաղափարի երկար չի կրնար ապրիլ։ Երբ մեծ գաղափարները կը մեռնին, շատ անգամ զանոնք կը փոխարինեն աւելի վտանգաւոր միտումներ՝ դատարկութիւն, սինիզմ, կամ կոյր մոլեռանդութիւն։
Եւ թերեւս մեր ժամանակներու մեծագոյն տագնապը տնտեսականը կամ քաղաքականը չէ, այլ՝ հաւատալու կարողութեան կորուստը։ Որովհետեւ առանց հաւատքի՝ ո՛չ գաղափար կը ծնի, ո՛չ ալ ապագայ։
Երջանկութիւնը ալկորիթմներու մէջ չէ. World Happiness Report 2026
Տարին անգամ մը աշխարհի ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ «Երջանկութեան Համաշխարհային Տեղեկագրին (World Happiness Report) վրայ։ Շատերուն համար, անիկա պարզապէս երկիրներու դասակարգում մըն է՝ գիտնալու, թէ ո՞ր երկիրներու ժողովուրդները աշխարհի ամենէն երջանիկներն են։ Սակայն 2026-ի տեղեկագիրը կ’արծարծէ աւելի խոր հարց մը. արդեօք աւելի կապակցուած աշխարհ մը կառուցելով՝ մենք յաջողա՞ծ ենք աւելի երջանիկ դառնալ:
Այս տարուան տեղեկագիրը, որ պատրաստուած է Օքսֆորտ համալսարանի Wellbeing Research Centre-ին կողմէ՝ Gallup-ի եւ ՄԱԿ-ի Sustainable Development Solutions Network-ի գործակցութեամբ, ամբողջովին նուիրուած է երջանկութեան եւ ընկերային ցանցերու յարաբերութեան։ Անիկա կը փորձէ հասկնալ այն հարցը, զոր միլիոնաւոր ծնողներ, մանկավարժներ, հոգեբաններ եւ քաղաքական որոշում կայացնողներ այսօր կը քննարկեն. ընկերային ցանցերը ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունին մեր կեանքին եւ մասնաւորաբար երիտասարդներու բարօրութեան վրայ։
Տեղեկագրին առաջին հետաքրքրական եզրակացութիւնը այն է, որ աշխարհը ընդհանուր առմամբ երջանկութեան տագնապ չի դիմագրաւեր։ Ընդհակառակը, վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, 136 երկիրներէն 79-ը բարելաւած են իրենց երջանկութեան ցուցանիշները, մինչ միայն 41 երկիր նշանակալից անկում արձանագրած է։ Սակայն այս ընդհանուր պատկերին տակ կը թաքնուի մտահոգիչ իրողութիւն մը. աշխարհի ամենէն աւելի զարգացած կարգ մը երկիրներուն մէջ, երիտասարդները աւելի դժբախտ դարձած են։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս հիւսիսային Եւրոպայի երկիրները կը շարունակեն գրաւել ցանկին առաջին տեղերը.
Այս ցանկին մէջ, յատկապէս ուշագրաւ է Քոսթա Ռիքայի ներկայութիւնը։ Անիկա առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի այնպիսի դիրքի մը, որ Լատին Ամերիկայի պատմութեան մէջ երբեք արձանագրուած չէր։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ երջանկութիւնը միայն հարստութեան կամ տնտեսական իրագործումներու արդիւնք չէ։ Հասարակական վստահութիւնը, համայնքային կեանքը եւ մարդկային կապերը նոյնքա՛ն կարեւոր դեր կը խաղան։
Սակայն տեղեկագրին ամենէն մտահոգիչ բացայայտումը երիտասարդներուն կը վերաբերի։ Արեւմտեան աշխարհի երիտասարդները աւելի դժբախտ դարձած են։
Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան աշխարհի այն երկիրներուն շարքին են, ուր 25 տարեկանը չբոլորած երիտասարդներու բարօրութիւնը զգալի անկում արձանագրած է։ Նոյն երեւոյթը կը նկատուի Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Մինչ աշխարհի մեծ մասին մէջ երիտասարդները կա՛մ աւելի երջանիկ դարձած են, կա՛մ առնուազն պահպանած են իրենց նախկին մակարդակը, արեւմտեան երկիրներու երիտասարդութիւնը հակառակ ուղղութեամբ շարժած է։
Բնականաբար, հոս կը ծագի հարցումը որ արդեօք ընկերային ցանցե՞րն են այս երեւոյթին պատճառը։ Տեղեկագիրը զգուշաւոր պատասխան մը կու տայ։ Ան չի պնդեր, թէ ամբողջ մեղքը կարելի է բարդել Facebook-ի, Instagram-ի, TikTok-ի կամ այլ հարթակներու վրայ։ Անոնք միակ պատճառը չեն, սակայն անոնց ազդեցութիւնը անտեսել ալ կարելի չէ։ Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երկարաժամ օգտագործողները աւելի յաճախ սթրես կ’ունենան, նաեւ՝ ընկճախտի ախտանշաններ եւ դժգոհութիւն կեանքի նկատմամբ։ Այս ազդեցութիւնը յատկապէս նկատելի է աղջիկներու պարագային։
Բոլոր հարթակները միաժամանակ նոյն ազդեցութիւնը չունին։ Այն հարթակները, որոնք կը նպաստեն իրական հաղորդակցութեան, ուսման կամ ստեղծագործ աշխատանքի, օրինակ WhatsApp-ը աւելի դրական ազդեցութիւն ունին։ Իսկ անվերջ գլորումի (scrolling), ալկորիթմական կախեալութեան եւ ազդեցիկներու (influencer) մշակոյթին վրայ հիմնուած միջավայրերը աւելի յաճախ կապուած են հոգեբանական դժուարութիւններու։
Այս տարբերութիւնը կը բացատրէ, թէ ինչու ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը նոյնը չէ աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, օրինակ, ընկերային ցանցերու օգտագործումը շատ բարձր է, սակայն երիտասարդներու բարօրութիւնը կը մնայ համեմատաբար բարձր մակարդակի վրայ։ Տեղեկագրին համաձայն, հոն աւելի լայնօրէն կը գործածուին այն հարթակները, որոնք կը դիւրացնեն իրական հաղորդակցութիւնը եւ մարդկային կապերը։ Իսկ այն հարթակները, որոնց հիմնական նպատակն է օգտատէրերը հնարաւորինս երկար պահել պաստառին առջեւ՝ ալկորիթմներով ընտրուած բովանդակութեան միջոցով, աւելի բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան երջանկութեան վրայ։
Տեղեկագիրը ամբողջ գլուխ մը նուիրուած է նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի (MENA) երկիրներուն։ Առաջին հայեացքով արդիւնքները զարմանալի են։ Այս շրջանը աշխարհի այն վայրերէն մէկն է, ուր ընկերային ցանցերու օգտագործումը բարձրագոյնն է։ Որոշ երկիրներու մէջ, օգտատէրերուն 20-40 տոկոսը օրական հինգ ժամէ աւելի կը մնայ ընկերային ցանցերու վրայ։ Սակայն հակառակ այս բարձր ցուցանիշներուն, երիտասարդներու ընդհանուր բարօրութիւնը այնպիսի անկում չէ արձանագրած, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի կամ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ վտանգ գոյութիւն չունի։ Տեղեկագիրը դիտել կու տայ, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, երկարաժամ օգտագործողները աւելի յաճախ կը տառապին սթրեսէ, ընկճախտի ախտանշաններէ եւ իրենց ծնողներու սերունդէն աւելի վատ վիճակի մէջ գտնուելու զգացումներէ։
Տեղեկագրին մէջ առանձին բաժին կամ վերլուծում չկայ Հայաստանի (89-րդ) կամ Լիբանանի (141-րդ) մասին, ոչ ալ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը յատուկ կերպով կը քննարկուի այս երկու երկիրներուն մէջ: Սակայն երկուքն ալ կը գտնուին այն շրջաններուն մէջ, ուր ընտանիքը, համայնքը եւ մարդկային անմիջական յարաբերութիւնները տակաւին մեծ դեր կը խաղան առօրեայ կեանքին մէջ։ Ասիկա հետաքրքրական է, որովհետեւ տեղեկագիրը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ մարդկային իրական կապերը տակաւին կը մնան բարօրութեան ամենէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկը։
Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ շատ աւելի կարեւոր փաստ մը. մարդոց բարօրութիւնը միայն թուային վարքագիծէն կախեալ չէ։ Այսինքն հարցը միայն արհեստագիտական չէ, այլ նաեւ ինչպէ՞ս կ’օգտագործենք զայն:
Այս աղիւսակը թերեւս ամբողջ տեղեկագրին ամենէն կարեւոր պատգամը կը պարունակէ։
Զեկոյցին հեղինակները կը նշեն, որ դպրոցին նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումը երիտասարդներու գոհունակ կեանքին վրայ դրական աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի, քան ընկերային ցանցերու օգտագործման նուազեցումը, նոյնպէս՝ ընտանիքը, բարեկամութիւնը, վստահութիւնը եւ համայնքային կեանքը: Այլ խօսքով՝ մարդը չի դադրիր ընկերային արարած ըլլալէ միայն այն պատճառով, որ իր կեանքը աւելի թուայնացած է։
Թերեւս հոս է մեր ժամանակներու մեծ հակասութիւնը։ Մարդկութիւնը երբե՛ք այսքան կապակցուած չէ եղած։ Մենք կրնանք ակնթարթով մը հաղորդակցիլ աշխարհի միւս ծայրը գտնուող մարդոց հետ։ Կարելի է ունենալ հարիւրաւոր կամ հազարաւոր «ընկերներ», հետեւորդներ եւ կապեր։ Սակայն այդ բոլորը ինքնաբերաբար պատկանելիութիւն չեն ստեղծեր։
Ո՛չ ալ վստահութիւն։
Ո՛չ բարեկամութիւն։
Ո՛չ ալ երջանկութիւն։
World Happiness Report 2026-ը կը յիշեցնէ, որ մարդկային բարօրութիւնը տակաւին կը հիմնուի այն նոյն արժէքներուն վրայ, որոնք մարդոց կեանքին մաս կազմած են դարեր շարունակ՝ վստահութիւն, համայնք, ընկերութիւն եւ իմաստալից յարաբերութիւններ։
Թուային դարաշրջանին մէջ խնդիրը այլեւս այն չէ, թէ որքան արագ կրնանք կապուիլ իրարու։ Աւելի կարեւոր է այն, թէ կրնա՞նք արդեօք այդ կապերը վերածել մարդկային իրական յարաբերութիւններու։
Որովհետեւ երջանկութիւնը, ի վերջոյ, ալկորիթմներու մէջ չէ։
Ան տակաւին մարդոց միջեւ կը գտնուի։
«Տարբերակ21»