Վարուժան Փամպուխչեան – Darperag21

Ծանեա՛ հայրենին․ Շուշի (Բ.)
Լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող Վարուժան Փամպուխչեանի`մեր հանդէսին յղած յօդուածները չհասցուցինք հրատարակել իր կենդանութեան. ան մահացաւ 2022-ի Յունուար 15-ին:

Խմբագրութեանս ուղղած իր մէկ նամակին մէջ, Փամպուխչեան կը գրէր.

«Վերջին օրերին, հին թղթերս քրքրելիս, ձեռքս ընկաւ մի գրութիւն Շուշիի վերաբերեալ: Այդ գրութեանը տարիների ընթացքում անդրադարձել էի մի քանի անգամ, բայց այդպէս էլ թողել անաւարտ, մոռացել…  Երբ այն գտայ, ինձ խղճի վրայ ծանրացած բեռի պէս մի բան թուաց, որովհետեւ, մի քանի տարի լինելով Շուշի քաղաքի բնակիչ, ինքս ինձ ցմահ ներշնչել եմ, որ պարտք ունեմ վիրաւոր այդ ամրոց-քաղաքի հանդէպ: Իրականոմ, եթէ խորը նայենք, անկախ այն բանից, ոեւէ հայ մարդ, եղե՛լ է Շուշիի բնակիչ, թէ՛չի եղել, անտարակո՜յս, պարտք ունի այդ քաղաքի հանդէպ…

Թղթերիս միջից “գտածս” գրութիւնը, որն, ըստ էութեան, գիտական յօդուած էր, որոշեցի աւարտել եւ յանձնել ընթերցողի դատին: (…) Նկատի առնելով նիւթի ծաւալը, այն բաժանեցի Ա. եւ Բ. մասերի` յօդուածն ընթերցանութեան համար նպատակայարմար լինելու առումով առանձին-առանձին ներկայացնելու նպատակով»:

Հետեւեալը Բ. մասն է Վ. Փամպուխչեանի նշեալ յօդուածին, որ յայտնապէս գրուած է 2020-ի հայ-ատրպէճանական պատերազմէն առաջ, որուն հետեւանքով Շուշին ինկաւ ատրպէճանական բանակին ձեռքը:

Խմբ.

Անտարակոյս, երբ թուրք հեղինակները հայկական բռնագրաւուած տարածքները յաւերժօրէն սեփականացնելու նկրտումներով կը կեղծեն պատմութիւնը, այդ դեռ բացատրելի է,  բայց երբ մե՛նք կը սկսինք մոռնալ իրական պատմութեան հիմնական փաստերը, ատիկա ո՛չ հասկնալի է, ո՛չ ալ կարելի է ներել: Ուստի, պէտք է մէկընդմիշտ յիշել. մինչեւ Իպրահիմ խանին դաւաճանութիւնը՝ ռուսերուն եւ անոր սպանութիւնը հայ մելիքներու ձեռքով, այսինքն մինչեւ 1806 թուականը, ո՛չ Փանահը, ո՛չ Իպրահիմը,  ամրո’ց  չէ, անգամ սեփական դամբարանը կառուցելու համար թիզ մը հող չունէին Արցախի մէջ: Անոնց պատկանող հողերը կը գտնուէին Արցախէն արեւելք` Մուղանի տափաստանին մէջ: Այդ ռուսերն էին, որ մեղմելու համար մահմետականներուն վրդովմունքը Իպրահիմ Խալիլի սպանութեան համար,  եւ գլխաւորապէս յաջորդող ժամանակներուն համար զանոնք սիրաշահելու նպատակով, Խալիլի որդի Մեհտի Կուլի խանը նշանակեցին Ղարաբաղի խան եւ անոր իրաւունք տուին բաժնելու Արցախի մելիքներուն դարերով պատկանած հողերը, ինչ որ յանգեցուց երկրամասին մէջ թրքական գիւղերու յառաջացման, որոնք հետագային չարիք դարձան հայ բնակչութեան գլխուն: Ռուսերուն համար Պարսկաստանին սահմանակից Արցախի մէջ հայերը այլեւս անդաւաճան դաշնակիցներ պիտի ըլլային, որոնք, ըստ անոնց, այլընտրանք չունէին: Կը մնար սիրաշահիլ պարբերաբար  դէպի պարսիկները հակող, անոնց կրօնակից մահմետականները` անոնք ըլլային թուրք, քիւրտ, բեկ, աղալար, թէ ոչխար պահող հասարակ հովիւ` միեւնոյնն էր:

Այո՛, մենք կը շօշափենք Արցախի պատմութեան ամենաաղէտալի էջերը` 1747-1822 թուականներուն շրջանը, երբ Նատիր շահի սպանութենէն յետոյ, Արցախը դարձաւ Ղարաբաղի խանութեան մաս: Հէնց այդ շրջանին միայն, տափաստանաբնակ վաչկատունները յաջողեցան սողոսկիլ ու այս կամ այն չափով ամրապնդուիլ Արցախի մէջ, բան մը, որ չէին կրցած յաջողցնել մինչ այդ:

Շուշիի տարածքը 1747-ին եւ ատկէ ալ դեռ շատ առաջ ու ատկէ յետոյ ալ, ինչպէս ըսուեցաւ, կը պատկանէր Մելիք-Շահնազարեաններուն` Արցախի` Խամսայի ամենազօրեղ ու հարուստ մելիքներուն` Վարանդայի տէրերուն: Օգտուելով 1744  թուականին Խամսայի առաջին խան` Դիզակի մելիք Եգանի մահուան եւ 1747 թուականին պարսիկ շահ Նատիրի սպանութեան հանգամանքներէն, Մելիք-Շահնազարեաններու տան կրտսեր ներկայացուցիչ Շահնազար բեկը սպանեց աւագ եղբայրը` մելիք Յովսէփը եւ անոր կինը եւ, ըստ, իբր, աւատատիրական իրաւունքին, դարձաւ Վարանդայի մելիքը: Կը գրենք`  “իբր”,  որովհետեւ Մելիք-Շահնազարը մելիք Յովսէփի որդին՝ Վարանդայի օրինական ժառանգորդը սպանեց աւելի ուշ: Խամսայի մնացած չորս մելիքական տուները չընդունեցին  եղեռնագործութիւնը ու անոր արդիւնքը եւ ընդդիմացան Վարանդայի նոր “մելիքին”: Մինչ այդ, ներսէն ամուր ինքնավար հայկական պետական միաւորը`  Խամսան` Արցախի մելիքութիւններուն, կրկնենք` ամուր միաւորը պառակտուեցաւ: Այդ նոյն տարիներուն Մուղանի տափաստաններուն վաչկատուն թուրքական  “Օթիւզիքի” ցեղերուն պարագլուխ Փանահ Ալի խանը, որուն ծածկանունն էր “Ճառճի”՝մունետիկ,  կը փորձէր ամրապնդուիլ Արցախի մէջ, բնականաբար գլխաւոր մէկ նպատակով` օգտուելու համար երկրամասի լեռնային հարուստ արօտավայրերէն: Ատիկա կենսականօրէն կարեւոր էր “Օթիւզիքի”ի համար: Երկու անգամ Փանահը փորձած էր ամրոց կառուցել Արցախի նախալեռներուն մէջ, ներկայիս Տիգրանակերտ հնավայրի մերձակայքը, եւ չէր կրցած յաջողցնել, որովհետեւ, ինչպէս ըսուեցաւ, մինչ այդ Խամսայի մելիքութիւնները ներսէն պինդ էին եւ Փանահին թոյլ չէին տար ատիկա, կ՛աւերէին անոր կիսակառոյց ամրոցները:

Մելիք Յովսէփի սպանութիւնը բարենպաստ վիճակ ստեղծեց Փանահին համար: Մինակը չկրնալով դիմակայել Խամսայի մնացած չորս մելիքները, Մելիք-Շահնազարը դաշն կնքեց Փանահ խանին հետ: Փառամոլ ու նենգ Մելիք-Շահնազարի տրամադրութեան տակ կը դրուէին Փանահի մարտական ուժերը, Փանահը կը ստանար իրաւունք` օգտուելու Արցախի լեռնային արօտավայրերէն. ատիկա  զայն ու իր ոչխարի հօտերը ամառնային ամիսներուն  կը փրկէր տօթ տափաստանի քմահաճոյքներէն` կերի պակասէն : Դաշինքը կռելէն յետոյ, մելիքն ու խանը սկսան վերակառուցել ու աննախադէպ ամրացնել հայկական երբեմնի զօրակայանը` Փոքր սղնախը` Շուշին:

Որքան ալ տարօրինակ թուի այդ, թէ հայ, թէ թուրք-ատրպեճանցի հեղինակները գլխիվար կը ներկայացնեն ակնյայտ այս իրողութիւնը, ինչ որ, սակայն, չըլլալով գիտականօրէն ճշմարիտ,  ձեռնտու է միայն թուրքերուն: Ահա, օրինակ, Լէոն Շուշիի այդ օրերուն մասին կը գրէ.”Բնութիւնը երեք կողմից բարձրաբերձ, սեպացած ժայռերով շրջապատել էր այդ տեղը` դարձնելով միանգամայն անմատչելի: Միայն մի կողմից էր, որ բերդն ունէր մուտք, թէեւ դարձեալ շատ անմատչելի: Այդ չորորդ կողմը Փանահ խանն ամրացրեց արհեստական պատուարներով: Պաշտպանական շինարարութիւնը գլուխ բերելու համար Փանահը հրամայեց շրջակայ գիւղերից հաւաքել, Շուշի լցնել հազարաւոր շինարարաներ` նրանց ստիպելով քարը քարին դնել, ամրացնել բերդը` ընդդէմ իրենց այդ խաղաղ շինարար ղարաբաղցիների” (Տես Լէօ, Երկերու ժողովածու, 10 հատորով, հ. 3, 1973, էջ  271): Որքան յուզիչ ու բանաստեղծական, այնուհանդերձ, պատմական ճշմարտութեան տեսակէտէն այնքան ու առաւել սխալ են Լէոյի մտայօրինուածքները: Ինչպէս կը վկայէ անոր համաքաղաքացին` Ֆիրիտուն Շուշինսքին .”Շուշիի հարաւը գտնուող պարիսպը բարձրացուած է Մելիք-Շահնազարին կողմէ: Այդ պարիսպին մօտ կը գտնուի հսկայ բերդ մը, զոր տեղի բնակչութիւնը կ՛անուանէ “Մելիք-Շահնազարի քարայր” (Տես Ֆիրիտուն Շուշինսքի, Շուշա, էջ  7): Այս տողերը գրած ատեն Շուշինսքի, անկասկած, յենած է լուրջ աղբիւրներու վրայ: Բայց եթէ մէկ կողմ ձգենք պատմական այդ աղբիւրները, ապա Շուշինսքին դարձեալ իրաւացի կ՛ըլլայ: Հարցին նայինք քիչ մը աւելի մօտիկէն:  Ինչպէս տեսանք, ըստ Լէոյի, կը ստացուի, որ Մելիք-Շահնազարը Փանահին որպէս սեփականութիւն տուած էր տարածք մը,  մինչ նման եղանակով այդ տարածքը տնօրինելու իրաւունքը չունէր. այդ իրաւունքը ունէին միմիայն պարսիկ շահերը: Կը ստացուի նաեւ, որ Փանահը Մելիք-Շահնազարի ժողովուրդին հետ կը վարուէր ինչպէս կը կամենար, որովհետեւ Շուշիի քովի գիւղերը Մելիք-Շահնազարի սեփականութիւնն էին եւ առանց անոր հրամանին ոչ ոք կրնար մէկ շինական անգամ քշել աշխատանքի՝ բերդի կառուցման համար: Հայկական այդ գիւղերուն բնակիչները երկինքին մէջ զԱստծուած, իսկ երկիրին վրայ որպէս իրենց տէր կը ճանչնային միմիայն Մելիք-Շահնազարը:

Եթէ Լէոն հիմնովին կը սխալի իր մտայօրինումները ներկայացնելով, ապա Շուշինսքին ալ կը հակասէ ինքն իրեն, որովհետեւ Փանահ խանը կը համարէ  Շուշիի հիմնադիրը: Հարց կը ծագի․եթէ, ըստ այդ նոյն Շուշինսքիին, բերդին պարիսպը կառուցած է Մելիք-Շահնազարը, ապա ինչ հիմնադրած է ինքը՝ Փանահը:  Չէ՞ որ բերդը այլ բան չէ, քան որոշակի կառուցուածք ունեցող պարիսպ: Մելիք-Շահնազարը, ինչպէս նոյն Շուշինսքիէն իմացանք, բերդին ներսն ալ դղեակ-ամրոց մը կառուցած էր: Այդ պարագային այդ ի՞նչ էր, որ հիմնադրած էր  Փանահ խանը: Որպէսզի այս անհարթութիւնները  քողարկէ, Շուշինսքին Մելիք-Շահնազար-Փանահ խան յարաբերութիւններուն մասին նոր կեղծիք մը կը յօրինէ, որ որոշակի պատմական հիմքեր ունի: Իսկ  կեղծիքը կը յօրինուի ճշմարտութիւնն ու սուտը խառնելու եղանակով: Շուշինսքին կը գրէ. “Շուշիի հիմնադրութեան մէջ Փանահ խանին մեծ օգնութիւն ցոյց տուաւ Վարանդայի Մելիք-Շահնազարը: Ի տարբերութիւն այլ մելիքներու, ան Փանահ խանին դաշնակիցն էր ընդհանուր թշնամիին դէմ պայքարին մէջ: Աւելին, ան իր գեղեցկուհի Հուրիզատ դուստրը կնութեան տուաւ Փանահի որդի Իպրահիմ Խալիլին: Այդ երկու իշխողները մինչեւ իրենց մահը մնացին անկեղծ բարեկամներ”: (Տես Ֆիրիտուն Շուշինսքի, Շուշա, էջ 7) ։

Սակայն Փանահը սկիզբն ալ, հետագային ալ ոչ միայն Շուշիի հիմնադիրն ու տէրը չէր, ինչպէս տեսանք, այլեւ Մելիք-Շահնազարի դաշնակիցը չէր հաւասար հիմունքով, որովհետեւ ան իր գործած ինչ-ինչ յանցանքներուն համար երկար ժամանակ կը հետապնդուէր Պարսկաստանի շահական իշխանութիւններուն կողմէ եւ, փաստօրէն, իր ցեղակից զինական ուժերուն գլուխն անցած, ծառայութեան մտած էր եւ կը համագործակցէր նոյնպիսի եղեռնագործի հետ, ինչպիսին ինքն էր: Եղեռնագործ, որ Փանահին Շուշի բերաւ՝ հայ մելիքներէն սեփական մաշկը պաշտպանելու համար:

Շուշիի թրքական թաղերը կը գտնուին ամրոցին հարաւային պարիսպին մօտ, ամենադժուար պաշտպանելի մասին մէջ, ամրոցին հարաւ-արեւելքէն մօտենալու ճամբուն վրայ` համեմատաբար  ցած առաջին բլուրին վրայ: Մինչդեռ հայկական տասներկու թաղերը կը գտնուէին քաղաքին վերին` առաւել ապահով, կլիմայական առումով առողջարար ու բարձր բլուրին վրայ: Պատահական չէ, որ թուրքերը իրենք` քաղաքի վերին, հայկական մասը կ՛անուանէին “Շուշուա-Շուշի”:  Հասկնալի է, որ թուրքերու բնակութեան հատուածին վայրն անգամ Մելիք-Շահնազարը ընտրած էր, մեկնելով սեփական ապահովութեան նկատառումներէն. հայ մելիքներու զինական ուժերը եթէ մտնէին Շուշի, ապա նախ պէտք է թրքական թաղերը ոչնչացնէին, այնուհետեւ հասնէին հայկական թաղեր եւ, իհարկէ, նոր միայն պատժէին Մելիք-Շահնազարը:  Ամէն պարագայի, փաստերու համադրութիւնն ու վերլուծութիւնը  հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ իրական իշխանութիւնը հիմնականին մէջ գտնուած է տարածքին տիրոջ, Փանահէն շատ աւելի հարստութիւն ու մարդկային ներուժ  ունեցող Վարանդայի մելիքին ձեռքը, չնայած արտաքուստ կը թուի, որ Փանահը, ի տարբերութիւն մելիքին, ունենալով խանի տիտղոս, ինքը միահեծանօրէն կը կառավարէր Շուշին ու Ղարաբաղի խանութիւնը:

Այսպիսով, ըլլալով դաժան ու իշխանատենչ, Մելիք- Շահնազարը օժտուած էր մեծ իշխանութեամբ ու ազդեցութեամբ: Բայց իր հրաւիրած թրքական տոհմերուն վրայ վերահսկողութիւնը պահելով հանդերձ եւ տարիներու ընթացքին Փանահի ու Իպրահիմի օգնութեամբ ու ձեռքերով հաշուեյարդար տեսնելով իր հակառակորդ հայ մելիքներէն  շատերու հետ, Մելիք-Շահնազարը կատարած էր ամենասարսափելին` ազգային դաւաճանութիւն. ան հայահոծ Արցախ մտցուցած էր որոշակի զինական զօրութեանբ օժտուած այլացեղ ու այլակրօն տարր մը, որ հետագային, 240 տարի  շարունակ ներսէն պիտի քայքայէր երկրամասն ու բնիկ ժողովուրդը, ատով իսկ` շօշափելիօրէն տկարացնելով ողջ Հայաստանը:

Եթէ մինչ այդ` Դիզակի մելիք Եգանն ու իր շրջապատը, Խամսայի միւս մելիքներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած, կրցաւ խելամիտ կերպով օգտագործել դեռ Դաւիթ բեկի  շարժումներէն առաջ եւ այդ շարժումներուն ընթացքին Արցախի մէջ ձեւաւորուած զինուորական ուժերը եւ, Նատիր շահին հետ համագործակցելու շնորհիւ, ստեղծել Արցախեան ինքնավար պետականութիւնը շուրջ տասնհիգ հազար քառակուսի քլմ․ տարածքի վրայ` Խամսայի մելիքութիւներու դաշինքը, ապա Վարանդայի Մելիք-Շահնազարը սեփական փառատենչութեան եւ ընչաքաղցութեան համար քայքայեց այդ դաշինքն ու ջուրը նետեց Իսրայէլ Օրիի բոցավառած եւ քանի մը տասնամեակ տեւած ազգայի-ազատագրական շարժումին լուրջ ձեռքբերումը` ինքնավար պետականութիւնը Հայաստանի հողին մէկ շօշափելի հատուածին վրայ:

Ահա թէ ինչ աւերներ կրնայ գործել մէկ անհատը, որ կ՛առաջնորդուի ամենաստոր նկրտումներով` փառամոլութեամբ, ոճրամէտութեամբ, ընչաքաղցութեամբ, դաւաճանութեան յստակ հակումներով:

Ցաւօ՛ք, նման քաղաքական  նկարարիգրով օժտուած “ազգային” գործիչներուն թիւը մեր օրերուն այնքան ալ սակաւ չէ… ատիկա պէտք է նախ եւ առաջ  անհանգստացնէ բոլորս:

Ռուսերուն կողմէ Կիւլիստանի պայմանագիրով Ղարաբաղի խանութիւնը իրենց կայսրութեան վերջնականօրէն միացնելէն յետոյ, կը սկսի նոր շրջան մը Արցախի պատմութեան մէջ…

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Ծանեա՛ հայրենին. Շուշի (Ա)
Լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող Վարուժան Փամպուխչեանի`մեր հանդէսին յղած յօդուածները չհասցուցինք հրատարակել իր կենդանութեան. ան մահացաւ 2022-ի Յունուար 15-ին:

Խմբագրութեանս ուղղած իր մէկ նամակին մէջ, Փամպուխչեան կը գրէր.

«Վերջին օրերին, հին թղթերս քրքրելիս, ձեռքս ընկաւ մի գրութիւն Շուշիի վերաբերեալ: Այդ գրութեանը տարիների ընթացքում անդրադարձել էի մի քանի անգամ, բայց այդպէս էլ թողել անաւարտ, մոռացել…  Երբ այն գտայ, ինձ խղճի վրայ ծանրացած բեռի պէս մի բան թուաց, որովհետեւ, մի քանի տարի լինելով Շուշի քաղաքի բնակիչ, ինքս ինձ ցմահ ներշնչել եմ, որ պարտք ունեմ վիրաւոր այդ ամրոց-քաղաքի հանդէպ: Իրականոմ, եթէ խորը նայենք, անկախ այն բանից, ոեւէ հայ մարդ, եղե՛լ է Շուշիի բնակիչ, թէ՛չի եղել, անտարակո՜յս, պարտք ունի այդ քաղաքի հանդէպ…

Թղթերիս միջից “գտածս” գրութիւնը, որն, ըստ էութեան, գիտական յօդուած էր, որոշեցի աւարտել եւ յանձնել ընթերցողի դատին: (…) Նկատի առնելով նիւթի ծաւալը, այն բաժանեցի Ա. եւ Բ. մասերի` յօդուածն ընթերցանութեան համար նպատակայարմար լինելու առումով առանձին-առանձին ներկայացնելու նպատակով»:

Հետեւեալը Ա. մասն է Վ. Փամպուխչեանի նշեալ յօդուածին, որ յայտնապէս գրուած է 2020-ի հայ-ատրպէճանական պատերազմէն առաջ, որուն հետեւանքով Շուշին ինկաւ ատրպէճանական բանակին ձեռքը:

Խմբ.

Շուշիի պատմութեան բոլոր դարերը, որոնց մէկ տուտը կը մխրճուի անյիշելի անցեալին անյայտութեան մէջ, միւսը կը մոլորի ներկայիս փոքրիկ քաղաքի` պատերազմէն դեռ վիրաւոր փողոցներու լաւ օրերու սպասումներէն անշարժացած անկիւնադարձերերուն մէջ, կը թուի, որ պարուրուած են անթափանց թուխպի թաղիքներով, որոնց թաց շերտերուն տակ երբեմն կը համրանայ կրաքարէ թերակղզի մը, որուն իրար զօդուած զոյգ բլուրներուն վրայ դեռ կը հսկէ կանգնած Հայոց Արեւելից Կողմանց երբեմնի անառիկ բերդերէն մէկը:

Երբ կ՛ընթերցես Շուշիին վերաբերող էջեր զանազան ազգերու պատկանող հեղինակներու հրատարակած հարիւրաւոր գիրքերէն, հազարաւոր յօդուածներէն, վերը ըսուածը այլեւս քնարական խօսք չի թուիր, այլ` ճշմարտութիւն, որ յամառօրէն կը հաստատէ, թէ Շուշիի պատմութեան մէջ դեռ բազում հանելուկներ կան` կարօտ բացայայտման եւ իմաստաւորման:  Յիշատակենք միայն այն հիմնական հարցերը, որոնք դեռ բանավէճի առարկայ կը մնան` ա.բնակավայրի անուանումին ստուգաբանութիւնը, բ.հիմնադրութեան տարեթիւը, գ.հիմնադիրներուն ով ու ինչ ըլլալը: Կան նաեւ շարք մը  այլ հիմնախնդիրներ, որոնց այս յօդուածին մէջ պիտի չանդրադառնանք: Հետեւաբար, դիւրին չէ Շուշիի պատմութեան մասին որեւէ, անգամ` թռուցիկ, ակնարկ շարադրել, առանց այդ բանավէճերուն առնչուելու: Միաժամանակ յստակ է, որ մեզի համար այդ քաղաք-ամրոցին վերաբերեալ որեւէ նիւթ անհետաքրքրական չի կրնար ըլլալ. Շուշին միաժամանակ մեծ կորուստի ու վերագտած անգին գանձի, մորմոքի ու ազգային հպարտութեան խորհրդանիշ մըն է: 1920 թուականի Մարտին, թուրք սպաներու ղեկավարոթեամբ, այստեղ տեղի ունեցած է Հայկական բարձրաւանդակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերջին մեծ գործողութիւնը` քաղաքի հայ բնակչութեան կոտորածն ու վտարումը, իսկ 1992-ի Մայիսին այստեղ կատարուած է հայութենէն բռնագրաւուած պապենական տարածքներու ազատագրութեան առաջին մեծ գործողութիւնը…

Իսկ այժմ` նախ ամրոց-քաղաքի անուանումին մասին:

Թիւրք (ատրպեճանցի) հեղինակները “Շուշի” տեղանունը կը կապեն “շուշա” (“շիշը”)-ապակի բառին հետ, միաժամանակ պնդելով, որ բնակավայրը այդ անունը ստացած է 1750 թուականէն յետոյ: “Փանահ խանի պատուին (որ թուրք-ատրպեճանցի  հեղինակներու պնդումներուն համաձայն Շուշիի հիմնադիրն է-Վ.Փ.), բնակչութիւնը նոր քաղաքը անուանեց Փանահապատ: Հետագային, ըստ պատմաբաններու վկայութեան, Փանահապատ անուանումը կորսնցուց իր նշանակութիւնը եւ քաղաքը սկսան անուանել Շուշա կամ Շուշա ղալասի (Շուշի ամրոց) “, կը գրէ ատրպեճանցի- թուրք հեղինակ Ֆիրիտուն Շուշինսքի (Տես Ֆիրիտուն Շուշինսքի,  Շուշա, Պաքու, 1968,  էջ  7, ռուսերէն):

Այն փաստը, որ “Փանահապատ” անունը չդիմացաւ “Շուշի” տեղանուանումին հետ մրցակցութեան ու դուրս մղուեցաւ, բնական էր, քանզի նախ “Շուշի” այդ վայրին հնագոյն անունն էր, որուն մասին կը վկայէ նաեւ մերձակայ Շոշ գիւղին անուանումը (գիւղը գոյութիւն ունեցած է զանազան փանահներու յայտնուելէն շատ առաջ), եւ երկրորդ` մինչ այդ զուտ հայաբնակ Արցախի ժողովուրդին համար դեռ լիովին անընդունելի էին օտարահունչ, խորթ տեղանունները: Կայ նաեւ անտեսուած այլ հանգամանք մը. շուշա-ապակի բառը, ըստ երեւոյթին, պարսկական ծագում ունի. դժուար թէ վաչկատուն թուրքերը ապակի հալէին Ենիսէյի ափերուն, կամ Ալթայներուն մէջ: Այս բառին պարսկական կամ թուրքական ծագում ունենալու խնդրով, անկասկած, կրնան վերջնական խօսք ըսել հայ իրանագէտները: Մենք մեր ըսելիքը այդ մասին դեռ կը հասցնենք ըսել…

Հայ հեղինակները իրաւացիօրէն չընդունելով Շուշի անունին թուրքական մեկնաբանութիւնները` “Շոշ”  ու “Շուշի” տեղանունները կտրուկ կերպով չեն զատեր մէկը միւսէն: Սակայն անոնց մէկ մասին համաձայն Շուշին է որ իր անունը ստացած է Շոշ անուանումէն, այն պարագային` երբ միւս մասը հակառակ կարծիքին է: “Ասում են, թէ բերդն իր անունը ստացել է Շօշու գիւղից, որ գտնւում էր նրա արեւելեան կողմում: Անհաւանական է թւում, թէ բերդի տեղն ամայի ու անբնակ էր մինչեւ Փանահ խանի երեւան գալը: Ինչպէս գիտենք, այս կողմերում էր գտնւում հայոց Փոքր սղնախը` (զօրակայան), եւ հայ զինուորականութիւնն, անշուշտ, չէր կարող անուշադիր թողնել այդ ամուր բարձրութիւնը: Հետեւաբար, այժմեան Շօշու գիւղն աւելի շուտ իր անունը բերդից է ստացել, քան թէ անունն է տուել նրան”, կը գրէ Լէոն: (Տես Լէօ, Պատմութիւն Ղարաբաղի հայոց թեմական դպրոցի, Թիֆլիս, 1914, էջ  60):

Լէոն, թերեւս, իրաւացի է, որովհետեւ նախ “Շուշի” բառը զուտ լեզուաբանական առումով աւելի նախնական է, քան “Շոշ” անուանումը (հանրայայտ է, որ բառերը ժամանակի ընթացքին “հակուած են” կրճատուելու, կարճնալու. հմմտ.՝ գրաբարեան “ձուկն”, “մուկն” բառերը, որոնք ժամանակի ընթացքին վերածուած են “ձուկ”, “մուկ” բառերուն եւ այլն), այնուհետեւ` Լէոյի տեսակէտը կը հաստատեն աղբիւրագիտական ու հնագիտական տուեալները:  Մաշտոցի անուան Մատենադարանի ձեռագիրներուն մէջ յիշատակութիւններ կան Շուշիի մասին: “Իփոսայ նհանկ գաւառս Վարընթոյ, ի գիւղս , որ կոչի Շուշոյ ընդ Յովհանէաւ Ս. Ստեփանոս… ի թուականիս ՌԻԴ (1575թ.)”, գրուած է անոնցմէ մէկուն մէջ (Տես Շահէն Մկրտչեան, Լեռնային Ղարաբաղի պատմաճարտարապետական յուշարձանները, Երեւան, 1982, էջ 212): Նման յիշատակութիւններ ունի նաեւ Կիրակոս Գանձակեցին (Տես Կիրակոս Գանձակեցի,  Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 1982, էջ  258): Որոշ ոսումնասիրողներ, օրինակ՝ պատմաբան Սլաւա Սարգսեան, կը հիմնաւորեն այն միտքը, որ Գանձակեցիի մատնանշած  Կարկառը նոյնինքն Շուշին է: Ինչ կը վերաբերի հնագիտական տուեալներուն, ապա նշենք միայն, որ քաղաքի ազատագրութենէն յետոյ անոր մերձակայքին մէջ կատարուած պեղումները ցոյց կու տան, որ մարդը այս վայրին մէջ բնակութիւն հաստատած է շատոնց:

“Շուշի” տեղանուանումին մեր ստուգաբանութիւնը, հէնց ստուգաբանութեան եղանակի ընտրութեան առումով, աղերսներ չունի ո՛չ հայ եւ ո՛չ ալ թուրք-ատրպեճանցի հեղինակներու կողմէ պաշտպանուող տեսակէտներուն հետ: Ես հարցը քննած  եմ լեզուաբանութեան, բայց ո՛չ համեմատական քերականութեան, մօտեցումներու տուեալներու լոյսին տակ: Այդ եւ շարք մը այլ տեղանուններու ստուգաբանութեան իմ փորձերս 2000-2002 թուականներուն յանգեցուցին այն եզրակացութեան, որ լեզուաբանական գոյութիւն ունեցող ըմբռնումները, այսինքն` համեմատական լեզուաբանութեան մօտեցումները,  հնարաւորութիւն չեն տար գիտականօրէն սպառիչ կերպով ստուգաբանելու ոչ միայն “Շուշի”  տեղանունը, այլեւ տեղանուններուն ու ընդհանրապէս լեզուի բառերուն մեծ մասը: Արդի լեզուաբանութեան մէջ, պարզուեցաւ, մոլորութիւններու պակաս չ՛զգացուիր: Ատիկա զիս հարկադրեց մշակել բոլորովին նոր ըմբռնում մը, ըստ որուն լեզուի նուազագոյն նիւթական տարրերը առանձին հնչիւնները չեն, որովհետեւ վերջիններուս թիւը  կը համընկնի սոսկ ձայնաւորներու թիւին հետ, որոնք լեզուի ծագման շրջանին երբեք առանձին գործածութիւն չեն ունեցած, այլ` թէ՛ առանձնաբար, թէ՛ բառամէջին անխուսափելիօրէն միմիայն միասնաբար դրսեւորուող  երկու հնչիւններէ բաղկացած ու արտասանական առումով անտրոհելի  ձայնային միաւորները, որոնք հետագային յատուկ եզր մշակելով, անուանեցի “սիամակներ” բառով. անոնք, ի սկզբանէ, հանդէս եկած են որպէս բառեր: Արդի լեզուաբանութիւնը պատասխան չի տար նաեւ այն հարցին, թէ ինչպէս իմաստազուրկ ձայնային նուազագոյն միաւորները “իրարու քով գալով” եւ բառեր կազմելով, կը կազմաւորեն իմաստակիր ամբողջութիւններ: Իմ մշակած այս նոր լեզուաբանական ըմբռնումին նախնական արդիւնքներուն շարադրանքը`”Ցեղ եւ լեզու. Լեզուի նուազագոյն տարրերը” խորագրով  յօդուածը ընթերցողը կրնայ գտնել “Եզերք” հանդէսին մէջ (Տես “Եզերք”,  թիւ 2,  Հայրենադարձութեան եւ հիմնաւորման “Երկիր” կազմակերպութիւններու միութեան հանդէս, Օգստոս 2007, էջ 114-120): Իհարկէ, նոր տեսութիւնը հանգամանօրէն ստուգման կարիք ունէր, ուստի եւ սկսայ փորձել զանազան բառեր, նաեւ, իհարկէ՛, տեղանուններ, ստուգաբանել: Բազմաթիւ բառերու ստուգաբանութիւնը  ցոյց տուաւ, որ կ՛ընթանայի ճիշդ ուղիով: Բերեմ միայն մէկ օրինակ: Փորձեցի ստուգաբանել Քարվաճառի շրջանին մէջ գտնուող Զալխա լիճին անունը, որ, ըստ մեր առաջադրած նոր տեսութեան, բաղկացած է երեք իմաստակիր նուազագոյն միաւորներէ` սիամակներէ` “զա” “լի”, “խա” եւ որոնց արտայայտած իմաստը մեր այսօրուան ընկալումով կը նշանակէ   “ջուր (հեղուկ), լեցնող խորունկ անցք”: Ատիկա պարզապէս պէտք էր հասկնալ այն իմաստով, որ լիճէն պէտք է որ գետ մը սկիզբ առնէր: Բայց, խորհրդային շրջանին հրատարակուած բազմաթիւ քարտէսներու վրայ լիճը պատկերուած էր առանձին, այնտեղէն որեւէ գետ սկիզբ չէր առներ: Ամիսներու փնտռտուքէն յետոյ, ի վերջոյ, գտայ քարտէս մը, ըստ որուն Որոտան գետը սկիզբ կ՛առնէ Զալխա լիճէն: Նպատակասլաց  որոնումի շնորհիւ նման այլ քարտէսներ եւս երեւան եկան: Չբաւարարուելով անոնցմով, հարցուփորձ ըրի ականատեսներ` այո, Որոտանը սկիզբ կ՛առնէր Զալխա լիճէն: Պարզապէս խորհրդային քարտէսագիրները, յանուն “ժողովուրդներու եղբայրութեան”, յաճախ չէին նշած այն իրողութիւնը, որ Որոտան գետին  ոչ միայն ստորին աւազանը, այլեւ բուն ակունքը նոյնպէս ժամանակին թուրք-ատրպեճանցիներուն յանձնուած էին…: Ի վերջոյ,  համոզուելով նոր տեսութեան ճշմարտութեան մէջ, շարունակեցի զանազան տեղանուններու ու բառերու լայնածաւալ ստոգաբանութեամբ զբաղիլ:

Լեզուի նուազագոյն նիւթական տարրերու վերաբերեալ մեր տեսութեան լոյսով`  “Շուշի” տեղանունը բաղկացած է նոյն բովանդակութիւնը ունեցող  կրկնուող տարրէն`  կրկնուող սիամակէն (“Շու” եւ “շի” կրկնուող տարրերը մենք համազօր կը համարենք, նկատի առնելով այն պարագան, որ լեզուի զարգացման նախնական փուլին, ինչպէս սեմական լեզուներուն մէջ ատիկա առկայ է նաեւ այսօր, ձայնաւորները իմասատարբերիչ արժէք չեն ունեցած: Օրինակ, “նը”, “նէ”, “նօ”, “նի”, “նա”, “նու” սիամակներուն միջեւ նախապէս որեւէ իմաստային տարբերութիւնն գոյութիւն չէ ունեցած. այդ տարբերութիւնները երեւան եկած են հետագային: Այստեղէն կարելի է եզրակացնել, որ “Նանէ”, “Նունէ”, “Նանա”,  “Նոնա”, “Նենի”, “Նանի” եւ համանման անունները պարզապէս նոյն բանը նշանակած են, այն է` մանուկ խնամող կին: Չծաւալելով այս վերջին հարցին շուրջ, այստեղ ըսենք, որ սիամակները, ի սկզբանէ, որոշակի պատճառներով, ունին քանի մը  իմաստներ եւ միայն բառի ենթաթեքսթին  մէջ հնարաւոր է անոնց իմաստին վերջնական ճշգրտումը: “Շի” սիամակին իմաստներէն մէկն է “բլուր”, որն ալ մեզ կը մղէ այն եզրակացութեան, որ “շուշի” աղքատիկ, խղճուկ բառապաշարի տէր նախնադարու մարդուն կողմէ պարզապէս բնութեան որոշակի առարկայի մը պարզ նկարագրութիւնն է` երկու բլուր: Այս հաստատումէն միայն այն եզրակացութեան կարելի է գալ, որ անուանումը տրուած է անյիշելի ժամանակներուն եւ պահպանուած է  հազարամեակներով: Անուանումին այս ստուգաբանութենէն, սակայն, կարելի չէ եզրակացնել, որ այդ վայրին մէջ անպայման եղած է բնակավայր, որովհետեւ անուանումներ ունին ոչ միայն բնակավայրերը, այլեւ լեռները եւ բնական այլ առարկաներ: Մեր մատենագրութեան մէջ պահպանուած է “Շրեշ բլուր” տեղանունը, որ “Շուշի” բառէն կը տարբերի մէկ իմաստակիր տարրով`”րը”-”ռը”: Այս “ռը”-ն ունի “անցք”, այսինքն՝  “պարապ տարածութիւն” իմաստը: Յստակ է, որ “Շրեշ”  կը նշանակէ բլուր-անցք (պարապ տարածութիւն)-բլուր: Կարելի է հաստատել, որ Էջմիածին-Վաղարշապատը նախապէս կառուցուած է իրարմէ որոշակի հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու բլուրներու վրայ:

Մենք համեմատած ենք Իրանի երբեմնի “Շոշ”  մայրաքաղաքի տեղանքին լուսանկարները Շուշիի տեղանքին լուսանկարներուն հետ: Անհնար է չապշիլ անոնց բնական դիրքերու մեծ նմանութեամբ: “Շոշը” (գերմաներէն տարբերակը` Սուզա),  կասկած չունինք, որ  նոյնպէս պէտք է ստուգաբանել “բլուր-բլուր”, այսինքն` “երկու բլուր” իմաստով: Դատելով այս կերպ, կրնանք հաստատել, որ “Շուշի” անունը ծագած է տակաւին այն ժամանակներուն մէջ, երբ մարդը առարկաները կ՛անուանէր զանոնք նկարագրելով չափազանց աղքատիկ  բառապաշարի սակաւաթիւ տարրերուն միջոցով: Անուանումին հնութիւնը հաշուի առնելով, կարելի է հաստատել նաեւ, որ հէնց այդ ժամանակներուն մէջ ալ , եթէ ոչ Շուշիի մէջ, ապա անոր ստորոտը, առնուազն` Կարկառի կիրճին անառիկ մէկ  հատուածին մէջ` Հիւնոտի ձորի քարայրներուն մէջ (“Մեծ կարան”, “Ծրտեն կարան” եւ այլ քարանձաւներ), ապրած են Շուշին անուանակոչողները: Նման մօտեցումը լիովին թոյլ կու տայ, որոշակի վերապահութիւններով, այնուամենայնիւ ընդունիլ պատմաբան Սլաւա Սարգսեանի տեսակէտը այն մասին,  որ “Շուշին ամրոց բնակավայր էր ոչ թէ XVIII  դարից, ինչպէս կարծում են շատերը, եւ ոչ էլ XIII դարից` ըստ Գանձակեցու կամ  XV-XVI դարերից (համաձայն վիմական արձանագրութիւնների), այլ շատ աւելի վաղ, առնուազն` Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակաշրջանից”: (Տես Սլաւա Սարգսեան, Արցախ. Պատմաաշխարհագրական ճշգրտումներ, Երեւան, 1996, էջ 47):

Իհարկէ, արդէն ըսուածն ալ բաւարար է հերքելու համար թուրքական-ատրպեճանական պատմագութեան այն անհեթեթ կեղծիքը, ըստ որուն, իբր` Շուշի քաղաքին հիմնադիրը ղարաբաղցի Փանահ խանն է եւ որ հէնց անոր կողմէ “1750  թուականին Ղարաբաղի ամենագեղեցիկ անկիւնին մէջ` բարձր լեռան կատարին, դրուեցան նոր ամրոցին հիմքերը” (Տես Ֆիրիտուն Շուշինսքի, Շուշի, Պաքու, 1968, էջ  4-5, ռուսերէն): Այս տեսակէտին բուն անհեթեթութիւնը սոսկ այն բանին մէջ չէ, որ կ՛անտեսուին բոլոր հնագիտական, վիմագրական աղբիւրները, այլ նաեւ այն բանին մէջ, որ մոռացութեան կը մատնուի այն փաստը, որ 1750 թուականին եւ անորմէ առաջ ու յետոյ` տասնամեակներ անց ալ, ոչ ի՛նքը` Փանահ Ալին, ո՛չ անոր որդին` Իպրահիմ Խալիլը անգամ մէկ քառակուսի սանթիմեթր հող չունէին ո՛չ Արցախի, ո՛չ ալ` մանաւանդ` Շուշիի մէջ: Վարանդայի մելիքութեան տարածքը, որուն մէկ մասն էր Շուշին, ըստ պարսիկ շահերու հրովարտակներուն  (ֆարման, ֆիրման), զորս փոխելու իրաւունք չունէր ոչ մէկ խան կամ մելիք, Մելիք-Շահնազարեաններու բացառիկ սեփականութիւնն էր, իսկ Փանահը  Արցախի հողին վրայ գերեզմանատեղի անգամ չունէր, ուստի երբ  Շիրազի մէջ, շահական պալատին մէջ, սեփական տխմարութեան զոհը դարձաւ, անոր դիակը բերին ու թաղեցին Աղտամի մերձակայ Իմարէթ վայրին մէջ, որ Խամսայի մելիքութեան սահմաններէն դուրս կը գտնուէր (Ցաւօ՛ք, մինչեւ այժմ ալ հայագէտներու կողմէ հաւաքուած ու հրատարակուած  չեն Խամսայի եւ ընդհանրապէս` հայ մելիքներուն պարսիկ շահերուն կողմէ տրուած  հրովարտակները, որոնց գոնէ մէկ մասին պատճէնները, ըստ երեւոյթին, կարելի պիտի ըլլայ գտնել յատկապէս Իրանի արխիւներուն մէջ):

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Մեծ մայրցամաքն ու Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան 5/5
Այստեղ կ՛աւարտի լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի՝ հինգ մասերով հրատարակուած աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, ուր ան ներկայացուց տեսութիւն մը, համաձայն որուն,  Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:

Ե․ (վերջին) մաս

Ծանօթ է, որ «Եւրոպա», «Ասիա», «Ափրիկէ» անուանումները, անոնց միջեւ որոշակի սահմաններու հաստատման փորձերը կու գան հին փիւնիկեցիներէն, եգիպտացիներէն, հին յոյներէն, հռոմէացիներէն: Մենք կը կարծենք, որ հիմնական դերը, այնուամենայնիւ, կը պատկանի ո՛չ փիւնիկեցիներուն, ո՛չ եգիպտացիներուն, առաւել եւս` ո՛չ հռոմէացիներուն, այլ` նոյնիքն հին յոյներուն:

Փիւնիկեցիներուն հետ ըլլալով Միջերկրականի առաջին իսկական ծովագնացները,  բայց, ի տարբերութիւն փիւնիկեցիներուն, որոնք  Ափրիկէի հիւսիսային ափերով, Եգիպտոսի դռներուն մօտով, կը նաւարկէին գլխաւորաբար դէպի արեւմուտք, հին յոյները, ընդհակառակն, մեծ մասամբ  կ՛ուղեւորուէին դէպի արեւելք: Ատիկա պայմանաւորուած էր անով, որ առաջին փոքրիկ, անկատար նաւերով  ծով մտնելով, ամենասկիզբը  հնարաւոր էր դիւրին կերպով, մէկ կղզիէն դէպի միւսը նաւարկելով, յաղթահարել բազմաթիւ ու համեմատաբար իրար մօտ եղած կղզիներով հարուստ  Եգէականը, հասնիլ Անատոլիայի արեւմտեան ափերը, մտնել նեղուցներ ու Սեւ ծով, բայց անհնար էր կատարել շատ հեռաւոր նաւարկութիւններ: Պատահական չէ, որ հին յոյները լաւատեղեակ չէին Միջերկրականի արեւմտեան մասերուն, Սեւ ծով թափող գետերու աւազաններուն եւ այլն: Ատիկա իր արտացոլումը գտած է նաեւ անոնց վիպասքերուն եւ առասպէլներուն մէջ: Եասոնը, օրինակ, յափշտակելով Ոսկէ  գեղմը Կողքիսէն`  Էյթոս արքայի երկիրէն եւ հետապնդուելով սոյն արքայի նաւերուն կողմէ, իր «Արգօ» նաւը Սեւ ծովէն կ՛ուղղէ դէպի Տանուպ գետը, այնտեղէն Ատրիաթիք ծով դուրս գալու նպատակով: Վիպասքին մէջ ան կը յաջողի ատիկա ընել, մինչդեռ իրականին մէջ, ծանօթ է` ատիկա անհնար էր: Այս առնչութեամբ Ն. ԱՅ. Գունը կը նշէ․ «Յոյները լաւ ծանօթ չըլլալով Եւրոպայի աշխարհագրութեան, կը կարծէին, որ Իսթրոս գետը (այժմու Տանուպը) յատուկ գետաբազուկով մը կապուած է Ատրիաթիք ծովուն հետ» (Տե՛ս Ն. ԱՅ. Գուն, Հին Յունաստանի առասպելները, Երեւան, 1989, էջ 347): Յունաստանէն գլխաւորաբար դէպի արեւելք նաւարկելով, անցնելով կղզիէ կղզի, երբեմն ալ ափամերձ ջուրերով յառաջանալով, հին յոյները Եգէականի արեւելեան ափերուն, նեղուցներու շրջանին մէջ, Սեւ եւ Ազովի ծովերու ափերուն, նաւահանգիստներու համար յարմար վայրերու մէջ, նպաստաւոր պայմաններ կը գտնէին գաղութներ հիմնադրելու եւ ծովափնեայ բազմաթիւ «բարբարոս» ժողովուրդներու հետ ընդարձակ առեւտուր ծաւալելու համար: Եւ, ինքնաբերաբար ու, ինքնին հասկնալի կերպով, Եգէականի, Սեւ ծովի, Ազովի ծովի  արեւելեան ափերուն գտնուող երկիրները անոնք անուանեցին Ասիա` Արեւելք, իսկ իրենց հայրենիքէն արեւմուտք ու հիւսիս եղած երկիրները` Եւրոպա` Արեւմուտք: Դանայիսը (ներկայիս Ազով քաղաքը), Տոնի գետաբերանը գտնուող յունական գաղութը, անոնք կը համարէին Եւրոպայի վերջին կէտը արեւելքի մէջ, իսկ Տոնը` սահմանը:

Միջերկրականի հարաւը եղած երկիրներէն անոնք նախ շփուեցան Եգիպտոսի, իսկ հետագային միայն` Եգիպտոսէն արեւմուտք ինկած առափնեայ երկիրներուն հետ: Հին յոյները փարաւոններու աշխարհէն արեւմուտք ինկած այդ երկիրները հաւաքաբար կ՛անուանէին Լիպիա: Ափրիկէ անուանումը հռոմէական ծագում ունի եւ նախապէս անունն էր Միջերկրականի հարաւային ափին գտնուող հռոմէական երկրամասի մը: Անիկա հետագային միայն աւելի լայն իմաստով սկսաւ գործածուիլ:

Նկատի առնելով այն պարագան, որ հին յոյներուն աշխարհագրական տեղեկութիւնները խիստ սահմանափակ էին, կարելի է առանց տարակոյսի հաստատել, որ անոնք նախապէս որեւէ այլ իմաստ չեն ալ դրած նշուած անուանումներուն մէջ, բացի աշխարհի կողմերը մատնանշող իմաստներէն: Այս տեսակէտէն դիտելով, բնաւ ալ կարեւոր չէ, թէ Ասիա, Եւրոպա եւ համանման բազմաթիւ անուանումներ անոնք որոնցմէ փոխ առած են` փիւնիկեցիներէն, արամէացիներէն թէ եգիպտացիներէն…

Հետագային, իրենց շփումներուն ընդլայնումին զուգընթաց, հին յոյները աստիճանաբար փորձած են  ճշդել աշխարհի մեծ տարածաշրջաններուն բնական սահմանները:

Աւելի ուշ, շրջանի յոյն աշխարհագրագէտներու առաւել զարգացած պատկերացումները հիանալի ծանօթ էին մեր նախնիներուն: «Նոյնպէս եւ ողջ երկիրը կը բաժնուի երեք աշխարհամասի` Եւրոպա, Լիպիա եւ Ասիա: Եւրոպան կը գրաւէ արեւմտեան կողմը եւ հիւսիսը` մինչեւ Թանայիս գետը, որ սկիզբ կ՛առնէ Ռիբիա լեռէն եւ կու գայ-կը թափի Մէոթիս ծովը, որ Եւրոպայի մասն է: (Թանայիսը` Տոն գետն է, Մէոթիսը` Ազովի ծովը. -Վ.Փ.)», արդէն Ք.Ե. 6-րդ դարուն, հետեւելով հին յոյն աշխարհագրագէտներուն, կը գրէր մեր հանճարեղ գիտնական Շիրակացին (Տե՛ս Անանիա Շիրակացի, Երեւան, 1979, էջ 268): Ասիոյ մասին Շիրակացին կը գրէ․ «Իսկ արեւելեան կողմը` հարաւը, հիւսիսը եւ միջակայքը կը գրաւէ Ասիան՝ մինչեւ Անծանօթ երկիրը: Այդ պատճառով ան մեծագոյնն է միւս աշխարհամասերէն: Եւ այս առաջին աշխարհամասն է» (Տես՛ նոյն տեղը): Միւս երկու աշխարհամասերու մեծութեան մասին ալ Շիրակացին կը յիշատակէ․ «Եւ քանի որ Լիպիան իր սահմաններով աւելի մեծ է, քան Եւրոպան, ապա` երկրորդն է Ասիայէն յետոյ, իսկ երրորդը` Եւրոպան» (Տե՛ս նոյն տեղը): Պէտք է չմոռնալ, որ ոչ հին յոյները, ոչ Շիրակացին տակաւին չէին տարբերակեր մայրցամաքներն ու աշխարհամասերը:

Շիրակացին, «Աշխարհացոյց»ին մէջ, հետեւելով յոյն աշխարհագրագէտներուն, կը ներկայացնէ նաեւ Ասիոյ, Լիպիոյ ու Եւրոպայի առանձին երկիրները, մանրամասնօրէն` Հայաստանն ու անոր յարակից երկիրները, որոնց ինքը լաւ ծանօթ էր: Սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ անոր մօտ գրեթէ նոյնքան անճշդութիւններ կան, որքան յոյն աշխարհագրագէտներուն քով: Ան, օրինակ, հետեւելով յոյներուն եւ նշելով Լիպիոյ աշխարհամասի սահմանները, զանոնք կը հասցնէ մինչեւ Սեւ ծովի հիւսիսային ափերը…

Այսպիսով, աշխարհի մեծագոյն կղզին աշխարհամասերու բաժնելու ատեն, հին յոյները ունէին սահմանափակ գիտելիքներ աշխարհին մասին ընդհանրապէս եւ, մայրցամաքին մասին մասնաւորապէս, ուստի չէին ալ կրնար յստակօրէն սահմանազատել այդ աշխարհին մասերը, նշել այդ մասերուն բնական սահմանները, անգամ երբեմն կը կարծէին, որ աշխարհը ունի երեք կողմ եւ զանազան երկիրներն ու ծովերը կը տեղադրէին այդ երեք կողմերուն վրայ: Անոնց ըմբռնումները, սակայն, երկար գոյատեւեցին գիտութեան մէջ,  իսկ անոնցմէ ոմանք մինչ այժմ ալ կը թուին ճշմարտութիւն, չնայած այդ հարցերուն վերաբերեալ գիտական խորացած ըմբռնումներուն առկայութեան: Նման «ճշմարտութիւններէն» մէկն ալ, ինչպէս կարելի էր համոզուիլ, Ասիոյ ու Եւրոպայի միջեւ սահմաններուն հարցն է:

Այժմ, երբ ուրուագծային կերպով անդրադարձած ենք Եւրոպայի ու Ասիոյ միջեւ ինկած բաժանարար գիծի հարաւ-արեւելեան բնական սահմաններուն, փորձելով ինչ-ինչ ճշգրտումներ մտցնել ընդունուած մօտեցումներուն մէջ, հարց կը ծագի` արդեօ՞ք անհրաժեշտութիւն կար այս ձեւով վարուելու եւ ի՞նչ կը փոխուի մէկ այլ մօտեցման հրապարակ գալով: Հարցին պատասխանը գտնելու համար, պէտք է յիշել հանրայայտ ասոյթը, ըստ որուն, «աշխարհագրութիւնն է, որ կ՛որոշէ պատմութիւնը»․ այս ասոյթին վրայ կը յենի ամբողջ գիտութիւն մը` աշխարհաքաղաքականութիւնը: Անհրաժեշտ է խորապէս գիտակցիլ․ մեր պատմութեան շարք մը հարցեր այդպէս ալ կը մնան մինչեւ վերջ լիովին անըմբռնելի, կը մնան առեղծուած,  եթէ ճշգրիտ գիտելիքներ չունենանք աշխարհագրական ու աշխարհաքաղաքական այն ընդարձակ միջավայրին մասին, ուր ընթացած է հայոց պատմութիւնը: Օրինակ, անհնար է խորապէս հասկնալ Տիգրան Մեծին կողմէ արեւմտեան ուղղութեամբ կատարուող նուաճումներուն  քաղաքականութիւնը այն պարագաներուն, երբ Իրանը տկարացած էր եւ կարելի էր աւելի դիւրին կերպով նուաճումներ կատարել ա՛յդ ուղղութեամբ եւ չբաւարարուիլ «եօթանասուն հովիտները», Ատրպատականն ու արքայից արքայի տիտղոսը նուաճելով: Չնայած ատոր` Տիգրան Մեծը իր բանակները կ՛ուղղէր Կապադովկիոյ, Կիլիկիոյ, Պաղեստինի վրայ, այսինքն` դէպի Միջերկրական… Կամ ինչ կերպ հնարաւոր է բացատրել հայերուն կողմէ ահռելի Իրանի դէմ առճակատման տանող այն ձգտումը, որ հակադրուելով հզօր զրադաշտականութեան, զանոնք կը մղէր եւրոպական քաղաքակրթութեան ոլորտին մէջ երեւան եկած նոր կրօնքը` քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելուն: Միթէ՞ ատիկա կը բացատրուի սոսկ Պարթեւ Արշակունիներու եւ Սասանեաններու արքայատոհմերուն պայքարով: Իսկ ի՞նչ կերպ կարելի է բացատրել տակաւին վերջերս հայերու կողմէ  եւրոպական ընկերվարական գաղափարախօսութեան որդեգրումը այն պահուն, երբ թուրքերը իրենց հայեացքը ուղղած էին դէպի առասպելական Թուրան եւ համաթուրքականութիւնը վերածած էին իրենց ազգային նոր դաւանանքին: Եւ միթէ՞ հնարաւոր է ամբողջական պատկերացում կազմել Հայոց ցեղասպանութեան խորքային պատճառներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջացման ու կործանման բազմաթիւ առեղծուածներուն մասին, առանց համակողմանիօրէն ճշդորոշելու Հայաստանի ու յարակից տարածաշրաններուն դիրքն ու տեղը աշխարհագրական կարեւոր հանգուցակէտի մը մէջ, որ սովորաբար կ՛անուանեն Հիւսիս-արեւմտեան Ասիա, մինչդեռ մենք, ինչպէս կարելի է արդէն համոզուիլ, կը համարենք, որ այդ տարածքին զգալի մասը կը մտնէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Եւ վեջապէս, եւ թերեւս ամենագլխաւորը` ինչպէ՞ս հնարաւոր է քիչ թէ շատ հաւանականութեամբ կանխատեսել հայութեան ու Հայաստանի ապագան, առանց ճշմարիտ աշխարհագրական գիտելիքներու, այն պարագային, երբ աշխարհաքաղաքականութիւնը որպէս գիտութիւն մեր մէջ առայժմ միայն խանձարուրի մէջ կը գտնուի: Մինչդեռ, ինչպէս կը պնդէ Ն. Սփիքմեն՝ «Աշխարհագրութիւնը պետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամենահիմնական գործօնն է, որովհետեւ ամենամնայունն է: Նախարարները կու գան ու կ՛երթան, կը մեռնին անգամ բռնապետները, բայց լեռնաշղթաները կը մնան անփոփոխ»։

Եւ բան մըն ալ. ոմանց կրնայ թուիլ, որ մենք կատարելով աշխարհագրական վերոյիշեալ ճշգրտումները, կը ցանկանք հայերը անպայման եւրոպացիներ դարձնել: Քա՛ւ լիցի, մեզ` նման բաները քիչ կը հետաքրքրեն, քանզի մենք մտադիր չենք փաստերը յարմարցնել նախապէս մտայղացուած որոշակի մօտեցումներու, ինչպէս կը վարուէին ժամանակին  որոշ հայագէտներ, երբ փորձելով յենիլ մէկ կողմէն համեմատական լեզուաբանութեան տակաւին լիովին չճշգրտուած տուեալներու, իսկ միւս կողմէն մէկ-երկու առասպելական բնոյթի պատմական յիշատակութիւններու վրայ, հայերուս նախնիները «կը բերէին» Եւրոպայէն, կարծելով, թէ ատիկա մեծ առաւելութիւն մը ու արժէք մը կու տայ մեր ժողովուրդին: Ընդհակառան, անիկա լուրջ վնասներ հասցնող մօտեցում մըն էր եւ է՛: Նկատի ունենալով հայերու եկուորութեան վերաբերեալ այդ ոչ գիտական տեսակէտը, պատմաբան Արտակ Մովսիսեան արդարացիօրէն կը նշէ․ «Այս տեսակէտը, որ չի հիմնուիր փաստերու ամբողջութեան վրայ, ուստի եւ չի կրնար ճշմարտացի ըլլալ շարք մը պատճառներով, դարձաւ եւ մինչ օրս կը մնայ քաղաքական շահարկումներու առարկայ (յատկապէս պատմութեան թուրք կեղծարարներուն կողմէ): (Տե՛ս Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 2012, էջ 23):

Մենք  խորապէս համոզուած ենք, որ անյիշելի ժամանակներէն հայ էթնոսը ապրած է Հայաստանի մէջ, ձեւաւորուած ու ամրապնդուած է Հայաստանի մէջ եւ այստեղ ալ ստեղծած է սեփական բացառիկ եւ  ինքնատիպ քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը, կերտած է սեփական պատմութիւնը: Ատոր լաւագոյն ապացոյցը հայ ժողովուրդի բացառիկ յարմարուածութիւնն ու հազարամեակներ շարունակ անոր անխզելի կապուածութիւնն է Հայկական բարձրաբերձ լեռնակղզիին, որ չնայած յատկապէս վերջին հազարամեակի անվերջանալի թուացող համաղէտներուն, այդպէս ալ որեւէ այլ էթնոսի հայրենիքին չվերածուեցաւ․ առայժմ միայն հայերուն յաջողուած է Հայկական լեռնակղզիի մէկ հատուածին մէջ պետականութիւն ստեղծել: Եւ ատիկա իհարկէ պատահականութիւն չէ:

Այնուհանդերձ, եթէ Հայաստանը եւրոպական աշխարհամասին մէկ հատուածը կը կազմէ, եւ եթէ ատիկա առարկայական իրողութիւն մըն է, ապա այդ եւ անորմէ բխող հետեւութիւնները պէտք է պարզապէս ընդունիլ, ամենեւին չհամարելով ոչ առաւելութիւն եւ ոչ ալ թերութիւն: Այդ իրողութեան ճշգրտումը, անտարակոյս, հնարաւորութիւն կու տայ Հայոց պատմութեան ու Հայկական հարցին վերաբերեալ հետագայ ուսումնասիրութիւններուն ժամանակ յենիլ գիտական ճշմարիտ դրոյթներու վրայ եւ, կարեւորը՝ այդ է:

(Վերջ)

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3

Նախորդը՝ https://wp.me/pd909i-fJ3

Մեծ մայրցամաքն ու Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան 4/5
Կը հրատարակենք լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն,  Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:

Դ․ Մաս

Մեզի կը մնայ ճշդել Տաւրոսի արեւելեան ծայրէն մինչեւ Կասպիցի հարաւային ափը տարածուող Եւրոպայի բնական սահմանին գիծը, ինչ որ, թերեւս,  համեմատաբար դժուար է: Այստեղ, սակայն, չմտնելով հարցին նրբութիււներուն մէջ, մէկ անգամէն ըսենք, որ մեր խորին համոզումով, այդ գիծը կ՛անցնի Հայկական բարձրաւանդակին հարաւ- արեւելեան բնական սահմաններով: Ընդհանուր գիծերով ասոնք մատնանշելէն առաջ, կատարենք, սակայն, մէկ դիտողութիւն: Եթէ բնութեան կողմէն արարչագործուած չըլլար Կապուտան (Ուրմիոյ) լիճը, կարելի էր առանց երկմտելու Եւրոպայի արեւելեան բնական սահմանին առաջին հատուածը համարել Կոտուրի ու Զագրոսի լեռնաշղթային այն մասը, որ Տաւրոսին հետ հատման կէտէն կ՛երկարի մինչեւ դէպի արեւելք գացող  Նորշիրական լեռնաշղթան: Սակայն իրողութիւն է` Կոտուր-Զագրոսի արեւելեան լեռնափէշերը հանդարտ կը սուզուին Կապուտանի աղի ալիքներուն տակ, ուստի այդ հատուածին մէջ «սահմանագծողը» նոյնիքն Կապուտանն է` Կապուտանի հարաւային ափը:

Կապուտանի լիճը, իրօ՛ք, իրմով կը պայմանաւորէ մինչեւ Կասպից ծովու հարաւային ափը տարածուող բնական սահմանին ուղղութիւնը: Հարաւէն դէպի հիւսիս տարածուած ըլլալով Կոտուրի շղթային զուգահեռ, լիճը Եւրոպայի բնական սահմանը, կը թուի, ակնառու կերպով «կը տեղափոխէ» դէպի արեւելք:

Մեր կարծիքով այդ սահմանը Կապուտանի հարաւային ափով կ՛ուղղուի դէպի Կասպից ծով, անցնելով լիճին արեւելեան կողմէն աւազան լեցուող վտակներու ջրբաժան լեռներու հարաւային փէշերով, այնուհետեւ կ՛անցնի Հայկական բարձրաւանդակի արեւելեան լեռնաշղթաներուն հարաւային փէշերով, որոնք հարաւէն ջրբաժան կը հանդիսանան Արաքս գետի աջափնեայ վտակներուն համար:

Աշխարհագրաագէտ Հ. Գաբրիէլեան Հայկական բարձրաւանդակի եւ Իրանական սարահարթի  բաժանարար գիծին վերաբերեալ կը գրէ թէ, այդ բարձրաւանդակի «Հարաւ-արեւելեան սահմանը վիճելի է. տարբեր հեղինակներ  տարբեր կերպ կը գծեն զայն` հասցնելով մինչեւ Թալիշ եւ Կասպից ծով: Մեր կարծիքը այս է. Սաւալան (Սապալան) եւ Սոհունտ (Սեխենտ) հրաբուխները Իրանական սարահարթին խորթ են: Անոնք հիմքով կապուած են Հայկական հրաբխային օճախին հետ, թէ՛ ծագումով եւ թէ՛բարձրութեամբ ու ռելիեֆով նման են Հայկական հրաբխային բարձրաւանդակին, ուստի պէտք է մտցնել Հայկական լեռնաշխարհին մէջ: Ուրմիոյ լիճին աւազան-գոգաւորութիւնը եւս ծագումով ու լանտշաֆթներով նմանութիւն ունի Արաքսի աւազանի կիսաանապատներուն հետ, ուստի հարաւ-արեւելեան սահմանը մենք կ՛անցնենք Արցախի լեռներուն ստորոտով դէպի Արաքսի աջակողմեան Սեւ ջուր (Ղարասու) վտակին հովիտը` մինչեւ Սաւալան հրաբուխի հարաւային ստորոտը, այնտեղէն` Պոզկուշ  լեռնաշղթային հարաւային ստորոտով մինչեւ Ուրմիա (նախկին` Կապուտան) լիճին հարաւային ափերը` ընդգրկելով Սոհունտ (Սեխենտ) հրաբուխը: Այնուհետեւ` Ուրմիոյ հարաւային մասէն դէպի Զագրոսեան լեռնաշղթայի Շինական լեռնանցքը»: (Տե՛ս Հ. Կ. Գաբրիէլեան, Հայկական լեռնաշխարհ, էջ 13-14):

Մենք, եւ ատիկա նախապէս ալ արդէն ըսուեցաւ, որոշ հեղինակներու նման,  աւելի յակուած ենք կարծելու, որ Հայկական բարձրաւանդակին մէկ ծայրը կը հասնի Կասպից ծովին եւ բարձրաւանդակին մէկ «բեկորը» սեպի նման կը խրի Իրանական բարձրաւանդակին ու Կուր-արաքսեան դաշտին միջեւ: Այդ «բեկոր»ին մէջ կը միաձուլուին Արաքսի աջափնեայ լեռներուն եւ Փոքր Կովկասի վերջին հատուածին շղթաները: Կասպից ծովին հասնող այդ սեպն ալ կը կազմէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի բնական սահմանին վերջին հատուածը: Հիւսիս-արեւելքէն այդ բեկորին բնական սահմանը, որ կը զատէ Կովկասը Հայկական բարձրաւանդակէն կը համընկնի Կուր-արաքսեան իջուածքի սահմաններուն հետ:

Աւելցնենք, որ Հայկական բարձրաւանդակին ու Իրանական սարահարթի բնական սահմաններուն վերաբերեալ մեր տեսակէտը այս կամ այն չափով կը համընկնի աշխարհագրագէտ Թ. Յակոբեանի մօտեցումին հետ: «Արեւելքում Հայկական լեռնաշխարհը Իրանական սարահարթից անջատւում է Ուրմիա (Կապուտան ծով) ու Արաքսի (Երասխ) աւազանների ջրբաժան շղթայով եւ Ղարատաղի լեռներով», դեռ 1968-ին նշած է ան (Տե՛ս Թ. Խ. Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, Երեւան, 1968, էջ 7):

Բայց, ի տարբերութիւն Թ․ Յակոբեանի,  մենք կը խորհինք, որ Ահար (Ղարասու) գետին աւազանը եւ լեռները, որոնցմէ սկիզբ կ՛առնեն այդ գետն ու իր վտակները, նոյնպէս  Հայկական բարձրաւանդակին մասեր են: Հետեւաբար, Հայկական բարձրաւանդակին, ուստի եւ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի սահմանը այդ հատուածին մէջ կը համընկնի Ղարասու գետի ջրբաժան լեռներու հարաւային ստորոտներուն: Այդ կերպ նայելով, ընդհանուր առմամբ սահմանը կ՛անցնի  Թաւրիզ-Արտապիլ-Կասպից ծով եւ Մարաղա-Միանէ-Կասպից ծով գիծերուն մէջտեղէն․ դէպի հարաւ հոսող գետերը կը գտնուին Իրանական սարահարթին մէջ, դէպի հիւսիս` (Արաքս գետ), դէպի արեւմուտք` (Կապուտան լիճ) եւ դէպի արեւելք` Կասպից ծով հոսող գետերը կը մնան Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:

Այստեղ կ’արժէ յիշատակել մէկ այլ եւ շատ ուշագրաւ տեսակէտ Հայկական բարձրաւանդակին եւ Իրանական սարահարթին բնական սահմաններուն մասին: Այդ տեսակէտը արտայայտած է ռուս պատմաբան Օլեկ Պոլշաքովը Խալիֆաթի պատմութեան նուիրուած մենագրութեան մէջ: Ներկայացնելով Իրանի բաղկացուցիչ երկրամասերը, նշելով, որ Բարս նահանգի հիւսիսը ու Լուրիստանի արեւելքը կը գտնուի Իսպահանի բարեբեր հովիտը, Օ. Պոլշաքով կը շարունակէ. «Այնուհետեւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը սկսի Ազերպայկանը, հնագոյն Միդիան, որմէ անդին Իրանական բարձրաւանդակը առանց յստակ սահմաններու կ՛անցնի դէպի Հայկականը» (Տե՛ս Օ. Գ. Պոլշաքով, Խալիֆաթի պատմութիւնը, էջ 22): Այն, որ Իրանական սարահարթէն դէպի Հայկական բարձրաւանդակ սահուն անցումի մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ, ընթերցողը, կը կարծեմ, արդէն համոզուած պէտք է ըլլայ․ անոնց բարձրութիւններուն  տարբերութիւնը արդէն կը բացառէ այդ: Այդ կը վկայեն նաեւ Թ․Յակոբեանի ու Յ.Գաբրիէլեանի ներկայացուցած տեսակէտները: Սակայն Օ. Պոլշաքովի մօտեցման մէջ ալ պէտք է ճշմարտութեան հատիկներ տեսնել: Իրօ՛ք, Հայկական բարձրաւանդակի այս հատուածին բնական սահմանները այնքան «արտայայտիչ» չեն, ինչպէս, ըսենք Տաւրոսի հարաւային լեռնափէշերունը կամ Կասպիցին ափագիծը, ուստի այս հատուածին մէջ մենք գործ ունինք Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի բնական սահմաններու «թոյլ օղակին»  հետ: Պատահական չէ, որ ճիշդ այստեղէն` Թաւրիզի վրայով դէպի Նախիջեւան կ՛ընթանար Մետաքսի մեծ ճանապարհին հիմնական ճիւղը, որ Կարինի վրայով կը հասնէր մինչեւ Տրապիզոնի նաւահանգիստ․ պատահական չէ, որ հիմնականին մէջ այստեղէն է, որ գրեթէ միշտ  Հայաստան ու Եւրոպա կը ներխուժէին իրանցիները, արաբները, թուրքական ցեղերը, մոնկոլները, իսկ հռոմէացիները, բիւզանդացիները, օսմանցիները յաճախ դէպի արեւելք իրենց արշաւանքներուն համար կ՛ընտրէին այս ուղին…

Ամփոփելով Եւրոպա ու Ասիա աշխարհամասերուն միջեւ բնական սահմաններու որոշ հատուածներուն մասին մեր դիտարկումները, կրնանք հաստատել, որ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան Ատրիաթիք ու Կասպից ծովերուն միջեւ, արեւմուտքէն արեւելք տարածուող ընդարձակ երկրաշրջան մըն է, որու հարաւային ու արեւելեան  սահմաններուն մասին արդէն ըսուեցաւ, իսկ անոր հիւսիսային բնական սահմանները կ՛անցնին Տանուպ գետով, Սեւ ծովով, Կովկասեան լեռնահամակարգով եւ կը հասնին Կասպից ծովի արեւմտեան ափ: Խրիմի թերակղզին, որ սոսկ նեղլիկ պարանոցով մըն է միացած ցամաքին հետ եւ կը գտնուի երկու ծովերուն արանքը, պէտք է, թերեւս, խորհիլ, որ նոյնպէս կը մտնէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի, քան Հիւսիս-արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Այսպիսով, Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան իր մէջ կը ներառէ Պալքանեան, Անատոլիական թերակղզիները, Կիլիկիան,   Հայկական բարձրաւանդակը, Կովկասն ու Խրիմի թերակղզին, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ու Պաղեստինի լեռնաշղթաներով արաբական անապատներէն անջատուող Միջերկրականի արեւելեան առափնեակը:

Տանուպ-Սեւ ծով-Կովկաս գիծէն հիւսիս գտնուող տարածքները կը պատկանին Հիւսիս-արեւելեան Եւրոպային, որուն արեւելեան բնական սահմանները, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, նոյնպէս գիտական բանավէճերու առարկայ են, բանավէճեր, որոնք, սակայն, մեր խնդիրին սահմաններէն դուրս են: Այստեղ կը կամենայինք յիշատակել միայն, որ ռուսական աշխարհաքաղաքական դպրոցի` եւրասիականութեան ներկայացուցիչները, Ափրիկէն բոլորին նման համարելով մայրցամաք, Մեծ մայրցամաքի մնացած մասը կը բաժնեն երեք գերտարածաշրջաններու: «Եւրասիականներու ընկալման մէջ Եւրոպայի տարածութիւնը կը սպառի «Արեւմտեան Եւրոպայով», որուն աշխարհագրական պայմանները ովկիանոսային են, իսկ «Արեւելեան Եւրոպան», ըլլալով մայցամաքային, Եւրասիայի մաս է եւ ոչ Եւրոպայի: Կարելի չէ նոյնացնել Եւրասիան Ասիոյ հետ», կը նշէ, օրինակ, Ն. ԱՅ. Նարտով: (Տե՛ս Ն. ԱՅ. Նարտով, Աշխարհաքաղաքականութիւն, Մոսկուա, 2003, էջ 120, ռուս.): Իհարկէ, պրն․ Նարտով «կը մոռնայ», որ Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի գրեթէ բոլոր մեծ գետերը կը պատկանին Ատլանտեանի աւազանին եւ այնքան ալ դիւրին չէ, օրինակ, պնդելը, թէ Ռումանիան կամ Լեհաստանը զուտ մայրցամաքային երկիրներ են: Բայց սա արդէն այլ խօսակցութեան թեմա է: Անցողակի նշենք միայն, որ թերեւս ճիշդ կ՛ըլլար Եւրոպայի սահմանները հիւսիս-արեւելքին մէջ աշխարհագրագէտները փորձէին ճշդել աւազանային սկզբունքէն մեկնելով:

Աւարտելէն առաջ աւելորդ չենք համարեր անդրադառնալ նաեւ նախապէս ներկայացուած աշխարհագրական որոշակի ըմբռնումներուն մէջ շփոթ յառաջացուցած այն պատճառներուն, որոնք մենք կը համարենք հիմնական:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3

Նախորդը՝ https://wp.me/pd909i-fIV

Մեծ մայրցամաքն ու Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան 3/5
Կը հրատարակենք լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն,  Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:

Գ․ Մաս

Ինչպէս նախորդ մասին մէջ ըսուեցաւ, Անատոլիայի հարաւային բնական սահմանը Միջերկրականի ափագիծն է: Ափագիծին գրեթէ զուգահեռ, ցած բլուրներէն աստիճանաբար բարձրանալով, կ՛երկարին Տաւրոսի լեռնաշղթաները, որոնք զառիթափ կերպով կախուելով ծովուն մէջ, յաւելեալ կերպով կ՛ամրապնդեն այդ սահմանը եւ, որոնք, սակայն, չեն վերջանար Անատոլիական թերակղզիի շրջանին մէջ: Անոնք դէպի արեւելք խորանալով բուն ցամաքին մէջ, ի վերջոյ, կը հասնին մինչեւ Հայաստանի արեւելքը,Կապուտան լիճէն հարաւ, հիւսիսէն գրեթէ ուղիղ գիծով հարաւ ընթացող Զագրոսի լեռնաշղթային:

Աշխարհագրական միասնական առարկայ հանդիսացող, երկարաձիգ, կեդրոնական մասին ու արեւելեան հատուածին մէջ բարձրաբերձ, գրեթէ անանցանելի Տաւրոսը,  իր հսկայական զանգուածներով խորանալով ցամաքին խորքերը, կը գերիշխէ Սուրիա-միջագետքեան ցած տափարակին վրայ, կտրուկ կերպով զայն կը զատէ հիւսիսին մէջ գտնուող տարածաշրջաններէն: Բայց նախ Տաւրոսը Անատոլիական թերակղզիի մէկ հատուածին մէջ շրջան գծելով դէպի հիւսիս-արեւելք, իրմէ դէպի հարաւ-արեւելք կը գոյացնէ Կիլիկիոյ շրջանը, որ Սուրիա-միջագետքեան տարածաշրջանէն կ՛առանձնանայ Ամանոսի լեռներով, որոնք, ըստ էութեան, Տաւրոսի մէկ մասն են:

Տաւրոսի իրական արժէքը պատկերացնելու համար համառօտ վերյիշենք, թէ ինչ կը ներկայացնէ ազդեցիկ այդ լեռնաշղթան:

Տաւրոսի լեռնաղթան, երկարելով արեւմուտքէն դէպի արեւելք ուղղութեամբ, բաղկացած է երեք հատուածներէ` Արեւմտեան (Գարիա-լիկիական), Կիլիկեան (Կեդրոնական) եւ Հայկական (Արեւելեան) Տաւրոսներէն:

Արեւմտեան կամ Գարիա-լիկիկան Տաւրոսի լեռները առանձնապէս  բարձր չեն: Անոնք կտրուկ կերպով կը տարբերին լեռնաշղթային մնացած մասերէն: Անոնք կը գտնուին Փոքր Ասիոյ հարաւ-արեւմտեան անկիւնին մէջ: Այդ լեռներուն դէպի Միջերկրականը յակուած լանջերը արեւմուտքին ու հարաւին մէջ կ՛իջնեն դէպի ծով, որոշ հատուածներուն մէջ` կտրտուած են հովիտներով, ուրկէ կը հոսին լեռնային գետեր: Այդ գետերուն գետահովիտները գետաբերաններուն մօտ կ՛աւարտին բերուածքային ապարներով, որոնք կը գոյացնեն մեծ ու փոքր հովիտներ: Չնայած Լիկիական Տաւրոսը կը կազմէ ընդհանուր լեռնաշխարհին մէկ մասը, սակայն, անիկա կտրուկ կերպով կը տարբերի լեռնաշխարհին միւս հատուածներէն` առաջին հերթին իր զգալի ցածութեամբ, ծովափին գրեթէ զուգահեռ երկարելու յատկութեամբ, բազմաթիւ գետահովիտներով կտրտուածութեամբ եւ, վերջապէս, ընդհանուր լեռնաշխարհէն որոշակի առանձնացուածութեամբ եւ դէպի Անատոլիական սարահարթ անհերքելի «յակումով»: Անիկա, այո՛, շատ աւելի «մերուած» է Անատոլիային, կը կազմէ Անատոլիայի իսկական բաղադրիչը, ի տարբերութիւն Տաւրոսի մնացած հատուածներուն, որոնք ազդեցիկ կերպով կը սահմանագծեն այդ նոյն Անատոլիան հարաւէն ու հարաւ-արեւելքէն: Թերեւս սխալ պիտի չըլլար, եթէ, նկատի առնելով անոր այս առանձնայատկութիւնները, Լիկիական Տաւրոսը դիտարկուէր որպէս Տաւրոսէն առանձին աշխարհագրական առարկայ:

Կիլիկեան Տաւրոսը կը սկսի այսպէս կոչուած` թրքական Մեծ լիճերուն (Աքշահիր, Պէյշահիր, Աղրըտիր) ու Սուլթանտաղ լեռնաշղթային շրջանէն: Անիկա սկիզբին մէջ ունի հարաւ-արեւելեան ուղղութիւն, այնուհետեւ, խիստ մօտենալով Միջերկրականի ափերուն, Անամուռ հրուանդանէն, որ Անատոլիայի ամենահարաւային կէտն է, կտրուկ կերպով կը թեքի դէպի հիւսիս-արեւելք, շարունակելով կազմել ժայռային հզօր պատուար մը, այնուհետեւ անցում կը կատարէ դէպի Անդիտաւրոս (Նկատենք, որ այնտեղ, ուր Կիլիկեան Տաւրոսը ամենաշատ կը մօտենայ ծովափին փաստօրէն կ՛աւարտի բուն Անատոլիան: Անցողակի այս դիտողութեան մասին պիտի խօսիմ հետագային):

Եթէ Սուլթանտաղի շրջանին մէջ Տաւրոսի ամենաբարձր գագաթները հազիւ կը հասնին 2,5 քմ-ի, ապա արեւելեան հատուածին մէջ լեռնաշղթային առանձին կատարներուն բարձրութիւնը կը հասնի աւելի քան 4,5 քմ-ի: Կիլիկեան Տաւրոսը մեծ պարիսպի մը պէս կ՛առանձնանայ Կիլիկիան Անատոլիայի մնացած մասէն, ինքն իրեն կը վերածէ  ինքնուրոյն տարածաշրջանի եւ միան մէկ-երկու հատուածի մէջ նեղ, քիչ թէ շատ դիւրանցանելի փապարներով կը կապուի Անատոլիայի հետ: Այդ փապարներէն գլխաւորը Կիլիկեան դարպասներ անուանումը ունի: Արեւելեան մասին մէջ Կիլիկեան Տաւրոսը կը միանայ դէպի հիւսիս-արեւելք, դէպի Հայկական լեռնաշխարհի կեդրոնական մասը ընթացող Անդիտաւրոսին, ատով իսկ միաձուլուելով այդ լեռնաշխարհին հետ:

Անդիտաւրոսէն հարաւ, Մալաթիայի շրջանին մէջ,  գրեթէ Անդիտաւրոսին զուգահեռ, կը սկսի Հայկական Տաւրոսը, որ աւելի արեւելք, կիսաօղակ կազմելով կ՛եզերէ Հայկական բարձրաւանդակը: Հայկական Տաւրոսը  գագաթներու բարձրութեամբ կը զիջի Կիլիկեան Տաւրոսին (անոր ամենաբարձր գագաթը ունի 3650 մեթր բարձրութիւն), բայց կը մնայ բարձրաբերձ լեռնաշղթայ մը:  Հայկական  Տաւրոսը, ի տարբերութիւն Գարա-լիկիական Տաւրոսին, միայն մէկ տեղ շատ ցածնայ ու կը «պատռուի», անցք բանալով Եփրատ մեծ գետին համար եւ այլ տեղ մըն ալ` Պիթլիսի մերձակայքը, կը ցածնայ այնքան, որ քիչ թէ շատ յարմար ելք կը բանայ ճանապարհի ու երթեւեկութեան համար: Հայկական Տաւրոսի մէկ կողմէն միւսը տանող լեռնանցքները չափազանց անյարմար են:

Հայկական Տաւրոսին գրեթէ զուգահեռ հիւսիսին մէջ կ՛երկարին Ներքին Տաւրոսին լեռնաշղթաները:

Յայտնի է, որ այստեղ շատ ընդհանուր գիծերով  նկարագրուած Տաւրոսի լեռնային համակարգը յառաջացած է երբեմնի գոյութիւն ունեցած երկու` Կոնտուանա եւ Լաւրասիա մեծ մայրցամաքներէն առաջինէն երկրաբանական գործընթացներու հետեւանքով անջատուած եւ մայրցամաքներուն միջեւ գտնուող Թեդիս հնագոյն ոկիանոսը հատած Արաբա-սուրիական հսկայական սալին ու Լաւրասիոյ բախման հետեւանքով: Արաբա-սուրիական սալը հարաւէն ահարկու ուժով զարնուելով Լաւրասիային՝ ճզմած է արդի Իրանեան սարահարթին արեւմտեան, Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային,  հիւսիս-արեւմուտքը` Անատոլիայ թերակղզիի տարածքին հարաւային «եզրերը» եւ մտնելով անոնց տակ, բարձրացնելով զանոնք, վերջնականօրէն ձեւաւորած է Տաւրոսի ներկայիս լեռնային համակարգը, ինչպէս նաեւ Զագրոսի լեռնաշղթան արեւելքին մէջ:  Տաւրոսն ու Զագրոսը երկու ցամաքակտորներու բախման միեւնոյն պատճառով վերջնական կերպարանք ստացած խաչուող զօդուածքներ են: Յստակ է, ուրեմն, որ անգամ ծագումնաբանական առումով Հայկական բարձրաւանդակն ու Սուրիա-միջագետքեան տափարակը բոլորովին տարբեր են: Ամէն պարագայի, աշխարհագրական այս երկու առարկաները` Հայկական բարձրաւանդակն ու Սուրիա-միջագետքեան տափարակը, որոնք իրարմէ կը  տարբերին նաեւ ռելիեֆով, կլիմայով, ջրագրութեամբ եւ շարք մը էական այլ յատկանիշներով, իրարմէ կը զատուին բնական յստակ սահմանով: Նոյնքան հասկնալի է նաեւ, որ բնական այդ սահմանը կ՛անցնի Հայկական Տաւրոսի հարաւային լեռնազանգուածներուն փէշերով: Նոյն այդ սահմանն ալ կը կազմէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ծայրագոյն հարաւային բնական սահմանը, որ բազմապատիկ անգամ անմատչելի ու ամուր է քան Պոսֆոր-Տարտանէլեան ջրային «նուրբ» արգելքը:

Ժամանակն է յիշելու, որ Սուրիա-միջագետքեան տափարակին հիւսիսը ­վեր խոյացող հսկայական պատը` Տաւրոսը, առաջինը մենք չէ եւ միայն մենք չէ, որ կը համարենք Եւոպայի ու Ասիոյ բնական սահմաններուն մէկ մասը: Շատ աւելի կանուխ, 19-րդ դարու կէսերուն, գերմանացի զօրավար ֆոն Զիքթ այն կարծիքին էր, որ «Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակը Սուրիոյ եւ Միջագետքի դաշտէն բաժնող Տաւրոսի շղթան է որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի իրական սահմանը: Փոքր Ասիան Ասիա չէ»: (Տե՛ս Հրանդ Փաստրմաճեան, Հայոց պատմութիւն, Պէյրութ, 1980, էջ 16):

Ճիշդ է, ֆոն Զիքթ Հայկական բարձրաւանդակն ու Փոքր Ասիան թիւրիմացաբար կը դիտարկէ որպէս մէկ տարածաշրջան, բայց այս պարագային խնդրին էութիւնը չի փոխուիր: Ինքը` Հրանդ Փաստրմաճեան, որ, ի դէպ, որդին է Ամերիկայի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի, վկայակոչելով այս տեսակէտը կիսող այլ հեղինակներ եւս, նմանապէս չի տարակուսիր, որ «որքան ալ սովորաբար այս երկիրը (Հայաստանը) նկատուի ասիական ցամաքին մէկ մասը, իրականին մէջ կը պատկանի Եւրոպայի սահմաններուն»: (Տե՛ս նոյն տեղը):

Այսպիսով, ինչպէս Պալքանեան թերակղզին, այդպէս ալ Անատոլիական թերակղզին ու Հայկական բարձրաւանդակը կը կազմեն մէկ-միասնական`արեւմտեան աշխարհամասին միաձոյլ  եւ շարունակական մասեր, քանզի անոնց միջեւ եղած ջրային արգելքները նեղուցներու շրջանին մէջ, այն արգելքները չեն, որ կարելի ըլլար զանոնք դիտարկել որպէս Եւրոպայի ու Ասիոյ միջեւ ինկած այն բնական սահմանները, որոնք կտրուկ կերպով, որակապէս, կ՛առանձնացնեն, իրարմէ կը զատեն աշխարհագրական այնպիսի հսկայական առարկաներ ինչպիսիք են աշխարհամասերը:  Նման բնական սահմաններ կը հանդիսանան Տաւրոսեան լեռնային համակարգի Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան ափէն դէպի արեւելք շարունակուող եւ ցամաքին մէջ խորացող զանգուածեղ լեռնաշարերը` Կիլիկեան Տաւրոսն ու Հայկական Տաւրոսը, ի հարկէ նաեւ Ամանոսի լեռնաշղթան:

Ինչպէս արդէն կարելի էր նկատել, աշխարհագրական գիտութեան առարկայական չափանիշներէն մեկնելով եւ հաստատումներ կատարելով, այնուամենայնիւ, մենք հիմնահարցը չենք համարեր լիովին սպառած. տակաւին հարկ է անդրադառնալ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան բնական սահմաններու հարցին:

Մանրամասն կանգ չառնելով Միջերկրականէն դէպի հարաւ-արեւելք ինկած ափամերձ տարածաշրջանին վրայ, նշենք միայն, որ Ասիոյ ու Եւրոպայի բնական սահմանը այդ հատուածին մէջ կը կազմեն մօտաւորապէս Ալեքսանտրեթէն մինչեւ Սուէզի պարանոցը երկարող ծովեզերեայ լեռնաշղթաները: Չնայած այդ լեռնաշղթաները համեմատաբար ցած են, այնուհանդերձ,  փիւնիկեցիներու ժամանակներէն ի վեր, լեռներուն ու  ծովին միջեւ ապրող զանազան ազգերը շատ աւելի ներգրաւուած եղած են Միջերկրականի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, հոգեւոր շփումներուն մէջ, քան սերտաճած եղած ըլլան ասիական համանման միջավայրին: Այո՛, ատիկա եղած է աշխարհագրօրէն կանխորոշուած յակում մը եւ ոչ թէ պատահականութիւն մը, մանաւանդ, որ դէպի արեւելք ու հարաւ, ընդհուպ մինչեւ Եփրատ գետը, գոյութիւն ունին մեծամասամբ անապատային տարածութիւններ: Այս տարածաշրջանը ներկայիս բաժնուած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ երբեմնի Պաղեստինի (Իսրայէլի) միջեւ: «Այդ լեռնաշխարհի կեդրոնը կը գտնուին Լիբանանի ու Անդիլիբանանի լեռնաշղթաները, իսկ երկու թեւերն են Կեաւուր-տաղի եւ Պաղեստինի շղթաները»: (Տես Ռուբէն, Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ․ Մ․Արեւելքի ժողովուրդներ ու երկիրներ, Պէյրութ – 1984, էջ 307:): Ի միջի այլոց, նկատենք, որ նման ըմբռնումին պարագային արդի Իսրայէլը կը ներկայանայ որպէս երեք աշխարհամասերու միացման անկիւնին մէջ գտնուող եւրոպական տարածք մը: Կը մնայ աւելցնել, որ, ըստ երեւոյթին, նշուած լեռնաշղթաները նոյնպէս ծագած են Կոնտուանայի ու Լաւրասիոյ բախումէն, եւ ատոր հետեւանքով ձեւաւորուած է Միջերկրականի արեւելեան ափը:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ Տաւրոսի արեւելեան վերջին կէտէն, այսինքն` այն կէտէն ուր հզօր լեռնաշխարհը կը մխրճուի Զագրոսի զանգուածին մէջ, դէպի հիւսիս-արեւելք տարածուող շրջանին բնական սահմաններուն, ապա, առանց տատամսումի պէտք է հաստատել, որ հիւսիս-արեւելքին մէջ այդ սահմանը կը հասնի Կասպից ծովու արեւմտեան ափագիծին, չնայած որոշ հեղինակներ չեն ընդունիր ասիկա:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3

Նախորդը՝ https://wp.me/pd909i-fIj

Մեծ մայրցամաքն ու Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան 2/5
Կը հրատարակենք լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն,  Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:

Բ. Մաս

Ծանօթ է, որ ըստ հինէն ի վեր, դեռ հին յոյներու, թերեւս նաեւ փիւնիկեցիներու եւ հետագային բոլորին կողմէ ամենալայն ընդունելութեան արժանացած մօտեցման,  Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ աշխարհամասին միջեւ բնական սահմանները կ՛անցնին Միջերկրական (Եգիական) ծովով, Պոսֆոր, Տարտանէլ նեղուցներով եւ անոնց միջեւ ինկած Մարմարայի ծովով,  այնուհետեւ Սեւ ծովով:

Ի՞նչն է ոչ ճիշդը եւ անընդունելին նման մօտեցման մէջ եւ ի՞նչը մենք կը համարենք ճշգրտման ենթակայ:

Այս հարցերուն պատասխանելէն  առաջ, նախ վերյիշենք, որ թէ՛ Միջերկրականը, թէ՛ Մարմարան` նեղուցներով հանդերձ, թէ՛ Սեւ ծովն ու անոր լրացուցիչը` Ազովի ծովը, Ատլանտեանի աւազանին պատկանող ջրային տարածութիւններ են, ուստի, կարծես թէ, շատ աւելի տրամաբանական պէտք է ըլլար աշխարհամասերու բնական սահմանները նշելու ատեն այս իրողութիւնը մշտապէս ի մտի ունենալ ու լրջօրէն հաշուի առնել աւազանային սկզբունքը: (Անմիջապէս ալ նկատենք, սակայն, որ այս սկզբունքին խիստ ծայրայեղացումն ալ, իհարկէ,  ճիշդ չէ):

Բանը այն է, որ Միջերկրականը, իրարմէ անջատելով Ափրիկէն Եւրոպայէն, միաժամանակ կ՛երկարի մինչեւ Ալեքսանտրեթի (Հայոց) ծոցը,  աւելի հարաւ` մինչեւ հին փիւնիկեցիերու երկիրը եւ իրաւացի  կ՛ըլլանք, եթէ զայն լիովին եւրոպական ծով համարենք: Նմանապէս ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հիմնականին մէջ եւրոպական երկիրներով շրջապատուած Սեւ ծովը, Ազովի ծովին հետ, նոյնպէս դիտարկուի որպէս եւրոպական ջրաւազան: Արդ` հարց կը ծագի. Անատոլիական թերակղզին ի՞նչ  չափանիշներէ մեկնած պէտք է համարուի Ասիական աշխարհամասին մէկ կտորը, հատուածը, երբ անիկա  երեք կողմերէն շրջապատուած է եւրոպական ջուրերով եւ արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի մէջ միայն կը սահմանաւորուի աշխարհագրական այլ բնոյթի առարկայով մը` լեռնաշխարհով մը: Արդեօ՞ք միայն այն չափանիշէն մեկնելով, որ անոր արեւմուտքը գտնուող Տարտանէլը, Մարմարան ու Պոսֆորը, որոնցմէ վերջինին լայնութիւնը որոշ տեղեր չի  գերազանցեր նոյնիսկ քանի մը հարիւր մեթրը (Պոսֆորի նեղուցին լայնութիւնը 700-3000 մեթր է, 60 քլմ. երկարութիւն ունեցող Տարտանէլինը` 1,5-էն մինչեւ 5 քլմ., այսինքն շատ տեղեր`անոնք քանի մը անգամ աւելի նեղ են  աշխարհի բազմաթիւ գետերէն): Ամէն պարագայի,   եւրոպական երկու ծովերը իրար կապող ջրային այդ ուղին ինքն ալ, բնականաբար, կը պատկանի Ատլանտեանի աւազանին:  Ի դէպ` շատ հին ժամանակ այդ նեղուցները գոյութիւն ալ չեն ունեցած. անոնք արգասիքն են երկրակեղեւի խզման, ինչը կը նշանակէ, որ Պալքանեան եւ Անատոլիական թերակղզիները ծագումնաբանական առումով տարբեր չեն:

Անկասկա՛ծ,  միայն Անատոլիական թերակղզիին շրջապատուածութիւնը եւրոպական ջրային աւազաններով, լիովին բաւարար չէ զայն Եւոպա աշխարհամասին մէջ դասելու համար: Այդ կերպ վարուելու համար պէտք է առկայ ըլլան նաեւ առարկայական այլ չափորոշիչներ եւս:

Կան արդեօ՞ք նման չափանիշներ:

Լայնօրէն տարածուած կարծիքին համաձայն, Անատոլիայի արեւելեան սահմանը պայմանական գիծ է, որ կ՛անցնի Ալեքսանտրեթէն մինչեւ Տրապիզոն երկարող ուղիով: Բայց այս կարծիքը բոլորովին ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ  լիովին վերջին տեղ կը մղէ մէկ աշխարհագրական առարկան միւսէն տարազատող առարկայական չափանիշները եւ, յստակ գիծերով օժտուած բնական սահմանին փոխարէն, կամայականօրէն կը մատնանշուի լոկ ինչ-որ մօտաւոր սահման: “Ասիական Թուրքիան բաղկացած է Փոքր-ասիական կամ Անատոլիական թերակղզիէն, որ արեւելքին մէջ կը վերջանայ Իսքենտերուն (Ալեքսանտրեթ) միջերկրածովեան նաւահանգիստը Տրապիզոն սեւծովեան նաւահանգիստին հետ միացնող պայմանական գիծով,  Հայկական-քրտական լեռնաշխարհէն եւ Սուրիա-միջագետքեան տափարակէն”, յենելով յիշեալ ելակէտային դրոյթին վրայ կը նշեն, օրինակ, “Ժամանակակից Թուրքիան” տեղեկատուին հեղինակները: (Տե՛ս Ժամանակակից Թուրքիան, Երեւան, 1967, էջ 7): Կը թուի, որ այս տողերը գրած ատեն հեղինակները առաջնորդուած են մէկ-երկու նախադասութեան մէջ հնարաւորինս շատ սխալներ եւ բացթողումներ ընելու մղումով: Իհարկէ, դեռ կարելի է հասկնալ, անտարակոյս, ամենեւին չընդունելով ու չարդարացնելով այդ, որ ինչ-ինչ քաղաքական հաշիւներով առաջնորդուելով, անոնք գիտակցաբար Հայկական բարձրաւանդակը կ՛անուանեն  “Հայկական-քրտական լեռնաշխարհ”, ինչը բացարձակապէս անընդունելի է: Նոյնչափ անընդունելի է նաեւ Հայկական բարձրաւանդակէն աւելի քան 700-800 մեթր ցածութիւն ունեցող Անատոլիական թերակղզիին բնական սահմանները յստակօրէն չճշգրտելը, ինչպէս նաեւ Փոքր Ասիա թերակղզիին սահմաններուն մէջ Կիլիկիան  որպէս ինքնուրոյն տարածաշրջան չառանձնացնելը այն պարագային, երբ Կիլիկիան մնացած Անատոլիայէն անջրպետուած, որոշակիօրէն ինքնուրոյն տարածաշրջան է, որ առաւել սերտօրէն կը յարի Հայկական բարձրաւանդակին եւ, մեծ չափով կը հանդիսանայ  Հայկական  լեռնաշխարհին բնական շարունակութիւնը Անատոլիա թերակղզիին մէջ: Հայաստանն ու Կիլիկիան նոյն լէռնաշղթային` Տաւրոսի բնական շարունակութիւնն են թէ ծագումնաբանական եւ թէ աշխարահագոյացման իմաստով: Մեզ կրնան առարկել, որ մարդիկ գիրք գրած են արդի Թուրքիոյ մասին եւ նպատակ չեն ունեցած  ճշգրտելու աշխարհագրութեան մէջ շատոնց ընդունուած հասկացութիւններ: Այնուհանդերձ, համոզուած ըլլալով, որ կարելի չէ ձեռնամուխ ըլլալ լուրջ գիտական տեղեկատու մը կազմելու գործին, առաջնորդուելով միմիայն այնպիսի հիմնդրոյթներով, որոնց “առաւելութիւնը” սոսկ լայն տարածուածութեան մէջ է. կը կարծենք, որ տեղեկատուին հեղինակները էական սխալ մը ըրած են: Մանաւանդ` աշխատութիւնը լոյս տեսնելէն յետոյ վերահրատարակուած է բազմիցս եւ մեծ տպաքանակներով, ինչը կամայ թէ ակամայ նպաստած է թիւրըմբռնումներու տարածման ու ամրակայման:

Արդ, ինչպիսի՞ ճշգրտումներու կարօտ է Անատոլիայի արեւելեան բնական սահմանին մասին տարածում գտած այս ըմբռնումը: Այս հարցին պատասխանը գտնելու նպատակով պէտք է նախ դիմել այլ հեղինակի մը:

“Բնագաւառը, որ մենք կ՛անուանենք Անատոլիա կամ Փոքր Ասիա, Հիմալայաններէն մինչեւ Ֆրանսայի, Սպանիոյ ու Հիւսիսայի Ափրիկէի ատլանտեան ափերը երկարող հսկայական լեռնային համակարգի մաս մըն է եւ բարձրալեռնային սարահարթ մը,  որ ծովի մակերեւոյթէն կը բարձրանայ  3000  ոտնաչափ եւ հիւսիսի ու հարաւի մէջ կը սահմանաւորուի Պոնտական եւ Փոքր-ասիական Տաւրոսի առաւել երիտասարդ լեռնային գոյացութիւններով: Իսկ իր ամբողջութեան մէջ այդ բոլորը Սեւ եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ կը կազմաւորէ արեւելքէն դէպի արեւմուտք, Հայաստանի լեռներէն մինչեւ Եգիական ծովը աստիճանաբար ցածցող հսկայական թերակղզի մը, որուն մէջ կ՛անհետանան անոր  ժայռոտ հրուանդանները”, կը նշէ անգլիացի հնագէտ Ճ. Մաքքուինը, խէթերուն ու անոնց դրացի ցեղերուն նուիրուած իր արժէքաւոր աշխատութեան մէջ: (Տե՛ս Ճ.Հ. Մաքքուին, Խէթերն ու անոնց դրացիները, Մոսկուա, 1983, էջ 4, ռուս.):

Ինչպէս կը տեսնենք, Մաքքուին, ինչպէս վայել է իսկական գիտնականին ու պարկեշտ անձնաւորութեան, իրերը կը կոչէ իրենց անունով. մէկ կողմ դնելով «հայ-քրտկան լեռնաշխահ» յօրինովի տեղանունը, ան յստակօրէն կը զատէ Հայկական լեռնաշխարհը Անատոլիայէն, այդ լեռնաշխարհին արեւմտեան բնական  սահմանը համարելով Անատոլիայի արեւելեան բնական սահման, եւ ատով իսկ կը խուսափի Ալեքսանտրէթէն  Տրապիզոն կամայական “ ուղիղ գիծեր” քաշելէն:

Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ զանազան հնավայրերուն մէջ պեղումներ կատարած անգլիացի գիտնականին, յատկապէս սկսած 1923 թուականէն, այսինքն` յատկապէս Թրքական հանրապետութեան հռչակման պահէն, թուրք հեղինակները, իսկ անոնց հետեւելով նաեւ բազմաթիւ այլազգի հեղինակներ, միանշանակօրէն “Անատոլիա” կ՛անուանեն Փոքր Ասիա թերակղզին եւ Հայկական բարձրաւանդակը միասին: Ընդսմին, Հայկական բարձրաւանդակը համարելով Անատոլիայի մէկ մասը, անոնք աշխարհագրական ինքնուրոյն, հազարամեակներով Հայաստան կոչուած առարկան կ՛անուանեն “Արեւելեան Անատոլիա”, որ անտրամաբանական է, անգամ` ծիծաղելի, որովհետեւ “Անատոլիա” հին յունարէնով արդէն իսկ կը նշանակէ “արեւելք”, “արեւելեան”: Հայկական բարձրաւանդակը “արեւելքի արեւելք”, “արեւելեան արեւելք” վերամկրտող  թուրքերուն, զիրենք երկրորդողներուն, երրորդողներուն տրամաբանւթենէ զուրկ, հակագիտական այս ըմբռնումը, յատկապէս վերջին շրջանին, ցաւո՛ք, ամենալայն ընդունելութեան կ՛արժանանայ, անգամ մեր մէջ կը գտնուին հեղինակներ, մանաւանդ` լրագրողներ, որոնք կ՛օգտագործեն “Արեւելեան Անատոլիա”  շինծու տեղանունը:

Կարելի չէ՛, գիտական չէ՛ արուեստականօրէն նոյնացնել աշխարհագրական առարկաները տարազատող բնական սահմանները մարդու կողմէն գծուող պետական սահմաններուն, ինչպէս նաեւ էթնիկական սահմաններուն հետ: Վերջիններս  իւրաքանչիւր պահու այդ նոյն մարդ էակի կողմէն ենթակայ են փոփոխութիւններու, ի տարբերութիւն առաջիններուն, որոնք ի զօրու է փոփոխութեան ենթարկել միմիայն ինքը` ամենակարող բնութիւնը. Անատոլիան որեւէ, անգամ նուազագոյն չափով, Հայաստանի մէ՛ջ չէ եւ Հայաստանն ալ Անատոլիայի մէջ չէ՛:

Բայց մէկ կողմ ձգենք թուրքերու (եւ ոչ միայն թուրքերու) “աշխարհագրական մեծ յայտնագործութիւնը” եւ վերադառնալով մեր նիւթին, անգամ մըն ալ հաստատենք, որ Հայկական բարձրաւանդակի արեւմտեան լեռնաշարերուն փէշերով անցնող գիծը բոլոր պարագաներուն, նոյնիսկ մօտաւորապէս,  ուղիղ գիծ չեն յիշեցներ, մանաւանդ` Կիլիկիան Տաւրոսի շրջանին մէջ: Բայց լոկ այդ ոչ ուղիղ գիծը կը կազմէ այն բնական սահմանը, ուրկէ կը սկսի Անատոլիան: Այնուհետեւ անմիջապէս նշենք  նաեւ, որ, այնուամենայնիւ, այդ ծուռումուռ  գիծի վրայ չէ, որ ինկած է  Եւրոպայի ու Ասիոյ  բնական սահմանը: Անիկա կը գտնուի շատ աւելի արեւելքին ու հարաւին մէջ: Նախ տեսնենք, թէ հարաւին մէջ ուր կը վերջանայ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3

Մեծ մայրցամաքն ու Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան 1/5
Կը սկսինք հրատարակել լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն,  Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:

«Աշխարհագրութիւնը ճակատագիր է». Նափոլէոն Պոնափարթ

Ա. մաս

Մէկ ու միասնական է համաշխարհային ովկիանոսը:  Մինչդեռ մոլորակի ցամաքային մակերեւոյթը բաղկացած է միասնական ովկիանոսի ընդերքէն վեր խոյացող հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր մանր ու մեծ կղզիներէ,  քանզի հանրայայտ է` կղզիներ կ՛անուանուին ցամաքի այն «բեկորները» որոնք բոլոր կողմերէն օղակուած են ջուրով: Խիստ գիտական չափանիշներով եթէ մօտենալու ըլլանք հարցին, ապա պէտք է նշենք, որ աշխարհագրական այս կամ այն առարկան իրեն յարակից աշխարհագրական այլ առարկաներէ կը զատորոշեն բնական սահմանները, իսկ կղզիներու բնական սահմանները կը «գծէ ջուրը»` ովկիանոսը, ծովը, լիճը, գետը…

Երկրագունդի բազմահազար  կղզիներու մեծագոյններէն քանի մը հատը ընդունուած է անուանել մայրցամաքներ: Սակայն, մայրցամաքները մատնանշելու ատեն, կղզիներէն ամենամեծը սովորաբար կը բաժնեն երկու մայրցամաքի, ատով իսկ, կամայ թէ ակամայ, ընդունելով, որ կայ առնուազն մէկ կղզի որ  բաղկացած է …երկու կղզիներէ:

Խօսքը, այո՛, Եւրասիայի ու Ափրիկէի մասին է:

Աւելին` դեռ մինչեւ 1883 թուականը, այսինքն մինչեւ այն պահը, երբ գերմանացի աշխարհագէտ  Է․ Զիւս առաջարկեց «Եւրասիա» եզրը, աշխարհագէտները, հինէն եկած աւանդոյթին համաձայն, մոլորակի մեծագոյն կղզին կը բաժանէին երեք մայրցամաքներու`Եւրոպայի, Ասիայի, Ափրիկէի:

Զիւս, իհարկէ, իրաւացի էր, երբ  կը հիմնաւորէր, որ նման բաժանումը ճիշդ չէ, որովհետեւ Եւրոպան եւ Ասիան միասնական մայրցամաք կը կազմեն: Սակայն, Զիւս եւ անոր մօտեցումը ընդունողները, հետեւողական չեղան. Ափրիկէն, նախկինին նման, առ այսօր ալ  կը շարունակէ համարուիլ առանձին մայրցամաք, ինչը, անշուշտ, հիմնովին  սխալ է եւ տեղիք կու տայ խառնաշփոթութեան, որովհետեւ այդ կերպ վարուելով կը նոյնացուին մայրցամաքներու ու աշխարհամասերու բնական սահմաններու տարբերակման առարկայական չափանիշներըը:

Իրականին մէջ, Ափրիկէն Սուէզի պարանոցով կապուած ըլլալով Եւրասիային, անոր հետ  մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ, ուստի անիկա եւս անհրաժեշտ է դիտարկել ոչ որպէս առանձին մայրցամաք: Չէ՞ որ իրողութիւն է` Եւրոպան, Ասիան, Ափրիկէն ներկայացնելով միասնական ցամաքի բաղադրիչներ, ըստ էութեան, կրնան համարուիլ միմիայն նոյն մայրցամաքին անբաժանելի մասեր: Ճիշդ է,  Սուէզի ջրանցքով Ափրիկէն կը զատուի մայրցամաքի հիմնական հատուածէն, բայց այդ իրողութիւնը խնդրին էութիւնը չի փոխեր. Սուէզի ջրանցքը մարդու ստեղծածն է, իսկ անոր լայնութիւնը բազմիցս կը զիջի աշխարհի բազմաթիւ գետերու լայնութեան,  որոնք կը հոսին  աշխարհի գրեթէ բոլոր մայրցամաքներուն մէջ:  Բացի այդ, Սուէզի ջրանցքը այսօր կայ, վաղը կրնայ նաեւ չըլլալ: Այդպէս եղած է արդէն․ «Սուեզի ջրանցք» առաջին անգամ կառուցած են եգիպտական փարաւոնները: Ջրանցքը հետագային քանդուեցաւ, անհետացաւ: Նոյնը պատահեցաւ միջնադարուն  արաբներուն կողմէ կառուցուած ջրանցքին․․․

Մինչդեռ անհերքելի է` Սուէզի պարանոցը բնութեան արարչագործութեան արգասիք է եւ կը միաւորէ Ափրիկէն Եւրասիայի հետ: Եւ միթէ՞ Փանամայի ջրանցքին գոյութիւնը կը ջնջէ այն իրողութիւնը, որ Հարաւային ու Հիւսիսային Ամերիկաները մէկ մայրցամաք կը կազմեն:  Ուստի, դարձեալ ընդգծենք, որ, եթէ շատերը անտեսելով առարկայական իրողութիւնները, Եւրասիան ու Ափրիկէն կը դիտարկեն որպէս առանձին մայրցամաքներ, ապա ատոր պատճառով լիովին կը կորսուին մոլորակի ցամաքը մայրցամաքներու ու աշխարհամասերու բաժնելու առարկայական չափանիշներուն տարբերութիւնները, անոնք կը նոյնացուին, հետեւաբար, գիտականօրէն անարժէք կը դառնայ նման բաժանումը:

Եւրասիան ու Ափրիկէն ընդգրկող  մայրցամաքը` աշխարհի մեծագոյն կղզին, բնականաբար,  պէտք է իր անունը ունենայ, քանզի զայն «Եւրասիա»  անուանելը բնաւ այլեւս ճիշդ պիտի չըլլայ , եւ, ըստ իս, նպատակայարմար է զայն անուանել «Մեծ մայրցամաք»: Ինքնաբերաբար, մայրցամաքներու թիւը մէկով պէտք է նուազեցուի, իսկ Ափրիկէն պէտք է այլեւս դիտարկուի որպէս աշխարհամաս: Ինքնին հասկնալի է, որ այդ պարագային աշխարհամասերու թիւը մէկով կ’աւելնայ:

Ըսուածը առաւել հիմնաւորելու նպատակով, փորձենք պարզել, թէ արդեօ՞ք գոյութիւն ունին նման մօտեցումը արդարացնող ու հիմնաւորող  գիտական չափանիշներ, որոնցմէ մէկուն մասին վերը արդէն ակնարկուեցաւ:

Կը պարզուի, որ գիտութեան մէջ այդպիսիք գոյութիւն ունին. աշխարհագրագէտները շատոնց մշակած են աշխարհագրական առարկաները իրարմէ առանձնացնելու առարկայական համապատասխան չափանիշներ: «Բնութեան մէջ երկու տարբեր յատկանիշներ ունեցող տիրոյթներու անցման գիծը կամ գօտին կը բնորոշուի որպէս սահման: Յատկանիշներու կամ բնութագրիչներու քանակական կուտակումը այդ գիծէն այն կողմ կու տայ նոր որակ: Օրինակ, ափագիծը ցամաքին ու ծովուն սահմանն է, լեռնաշղթային ստորոտը լեռնաշխարհի սահմանն է եւ այլն», կը նշուի աշխարհագրագէտ`  Հրաչ Գաբրիէլեանի մենագրութեան մէջ (Տե՛ս Հ.Կ. Գաբրիէլեան, Հայկական լեռնաշխարհ, Երեւան, 2000, էջ 11):

Աշխարհագրական առարկաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բնական սահմաններուն մասին այս մօտեցումը, որ աշխարհագրագէտներուն քով տարակոյսներ չի յարուցեր, երբ կը կիրարենք մեր կողմէ արծարծուող հիմնահարցին քննարկման ժամանակ, ապա ակնյայտ կը դառնայ, որ համաշխարհային ովկիանոսի ջուրերէն վեր խոյացող որեւէ ցամաքաբեկորի բնական սահմանները կը սկսին  ու կ՛աւարտին ովկիանոսներու, ծովերու, ափագիծերու վրայ: Եւ ամենեւին ալ կարեւոր չէ, թէ տուեալ   ցամաքամասը մէկ քառակուսի քիլոմեթր է, թէ միլիոնաւոր քառակուսի քիլոմեթրեր կ՛ընդգրկէ. այսինքն`  էական չէ, թէ ովկիանոսի անծայրութիւններուն մէջ կորսուած կղզեակ է անիկա, թէ տասնեակ միլիոնաւոր քառակուսի քիլոմեթրեր ընդգրկող ահռելի տարածութիւն:

Ակնյայտ կը դառնայ նաեւ, որ ցամաքամասերու բաժանումը՝ կղզիներու ու մայրցամաքներու, աւելի ենթակայական բնոյթ ունի քան առարկայական, որովհետեւ մայրցամաքներու տարբերութիւնը մնացած կղզիներէն  կ՛որոշուի հիմնականին մէջ մարդկային «աչքի չափով»:

Իրօ՛ք, եթէ ցամաքամասի տարածքին մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը չի փոխեր այն իրողութիւնը, որ անոր բնական սահմանները կը ձեւաւորեն  համաշխարհային ովկիանոսին ջուրերը եւ ատով իսկ զայն կ՛առանձնացնեն աշխարհագրական այլ առարկաներէ որպէս այդպիսիք, ապա, ինքնին հասկնալի է, որ մայրցամաքներու թիւը կարելի է,  ըստ կամս, աւելցնել կամ պակսեցնել: Կրինլէնտը, օրինակ, որ ցամաքի հսկայական հատուած մը կը ներկայացնէ, նոյնքան «իրաւունք ունի» մայրցամաք կոչուելու, որքան, ըսենք, Աւստրալիան, որովհետեւ այս կամ այն կղզին մայրցամաք համարելու ատեն, եւ ատիկա ակնյայտ է, առաջին հերթին նկատի կ՛առնեն անոնց մակերեսներու համեմատական մեծութիւնը, չնայած, ինչպէս ըսուեցաւ, մայրցամաքներու մակերեսի մեծութեան որեւէ յստակ չափ չի մատնանշուիր եւ, փաստօրէն, կ՛որոշուի, կրկնենք` պարզ «աչքի չափով»: Նմանապէս Աւստրալիա մայրցամաքը կարելի է կղզի համարել առանց խախտելու գիտական առարկայական որեւէ  չափորոշիչ: Բայց, եթէ պահ մը մէկ կողմ ձգենք  նման քննարկումը ու  նշենք, որ մայրցամաքներու թիւը, այնուհանդերձ,  կը համարուի հինգը, Ափրիկէն մայրցամաքներու թիւէն բացառելով, այդ թիւը, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, պէտք է մէկով նուազեցուի:

Այսպիսով, կը ստացուի, որ առարկայական չափանիշներու կիրարման պարագային, մեկնելով միմիայն առարկայական իրողութիւններու հաշուառումէն, մայրցամաքներու ընդունուած թիւը մենք կը համարենք վիճարկելի եւ կը գտնենք, որ անոնք չորսն են: Իսկ քանի որ Ափրիկէն Մեծ մայրցամաքի մասն է  ու Եւրոպայէն շատ աւելի մեծ թերակղզի է, նաեւ՝ մայրցամաքէն «զատուած» ըլլալով աւելի ցայտուն՝ ցամաքի «բարալիկ» շերտով մը, եւ ըլլալով շատ աւելի մեծ, քան Եւրոպա աշխարհամասը, բնականաբար վերջինիս չափ  իրաւունք ունի աշխարհամաս կոչուելու: Չէ՞ որ իրականին մէջ անիկա առաւել արտայայտուած թերակղզի մըն է, քան  Եւրոպան:

Երբ կ՛անդրադառնանք մայրցամաքները աշխարհամասերու բաժնելու հիմնահարցին, ապա կը պարզուի, որ գիտութեան մէջ շատոնց ընդունուած է, որ աշխարհամասերուն միջեւ նոյնպէս պէտք ըլլան բնական սահմաններ` գետեր, լեռներ, նեղուցներ,  ծովեր:  Սակայն, ըլլալով առարկայական, այդ սահմանները միաժամանակ տարաբնոյթ են: Ըսել կ՛ուզուի, թէ աշխարհամասերը կազմելով նոյն մայրցամաքին  ամենամեծ հատուածները, մեծագոյն տարածաշրջանները, մայրցամաքներուն պէս չունինն բացարձակօրէն յստակ, բնութեան մէկ երեւոյթով`   «ընդգծուած» բաժանարարներ`  նման հսկայական  ովկիանոսի ու ծովերու ջուրերուն, եւ չունին նման գրեթէ անյաղթահարելի բնական սահմաններ:

Աշխարհամասերուն միջեւ գիտնականներուն կողմէ մինչ այժմ նշուող սահմանները, չնայած որ անոնք մեծ մասամբ անպայման կը յենին առարկայական իրողութիւններու վրայ, երբեմն, սակայն, շեշտուած կերպով արտայայտուած առարկայական արգելքներու գրեթէ բացակայութեան կամ եղածները ճիշդ չմատնանշելու պատճառով,  կը թուին պայմանական, ուստի` յաճախ վիճարկելի: «Եւրոպական եւ ասիական տափաստանները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Ուրալեան լեռնաշղթան այն անջրպետը չէ, որ կարողանայ զանոնք երկուքի բաժնել: Երկու ցամաքներու ինքնորոշումը աշխարհագրական չէ, այլ` մարդկային ովկիանոս մըն է 50 միլիոն քառ. քիլոմետր տարածութեամբ», 1946-ին նկատել տուած է Ռուբէն Տէր Մինասեան՝ հայկական աշխարհաքաղաքականութեան ռահվիրան (Տե՛ս Ռուբէն, Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ, հ. 8, Պեյրութ-1984, էջ 19):  Պատահական չէ, հետեւաբար, որ, օրինակ, Եւրոպա եւ Ասիա աշխարհամասերուն միջեւ եղած բնական սահմաններուն վերաբերեալ բանավէճերը առ այսօր ալ չեն դադարած:

Չանդրադառնալով այդ բանավէճերուն, ըսենք մէկ անգամէն, որ այդ երկու աշխարհամասերուն միջեւ  առարկայականօրէն  գոյութիւն ունեցող եւ մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած բնական սահմանները, կամ առնուազն անոնց մէկ մասը, մենք նոյնպէս կը համարենք վիճարկելի եւ, կը գտնենք, որ առարկայական աւելի խիստ չափանիշներու կիրարման պարագային, պէտք պիտի ըլլայ այդ աշխարհամասերու գոնէ որոշ հատուածներուն մէջ մատնանշել  բնական նոր, աւելի ազդեցիկ ու ընդգծուած սահմաններ, որոնք մնացած սահմաններուն հետ շատ աւելի օրկանապէս կը մերուին: Խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Ասիա աշխարհամասի բնական սահմաններուն:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան