Հրաչ Չիլինկիրեան – Darperag21

Շարունակ վերստեղծուելու արուեստը
Հրաչ Չիլինկիրեան

Կեանքը աւարտած նկար մը չէ, որ պատէն կախենք ու հեռուէն հիացումով դիտենք, թէ մենք ո՛վ կամ ի՛նչ ենք: Կեանքի «կտաւը» շրջանակի մէջ առնուած յայտարարութիւն մը չէ, ըսելու համար՝ «Ահա՛, այս է կեանքս»։ Այդպէս դիտել կեանքը՝ կը նշանակէ չգիտակցիլ անոր բուն էութեան։ Կեանքը հոսուն է, շարժուն, անդադար փոփոխութեան մէջ գտնուող գոյութիւն մը՝ ապրող արուեստի գործ մը, որ ամէն վայրկեան ուրիշ ձեւ կը ստանայ։ Նոյնն է նաեւ ասպարէզի ճամբան։

Կարելի է կեանքը երեւակայել որպէս կտաւ մը, որ տակաւին նկարակալին վրայ կը մնայ եւ երբեք ամբողջապէս չ’աւարտիր։ Ամէն օր անոր կը մօտենանք նոր աչքերով, վրձինը ձեռքին, որ գոյն մը աւելցնենք, մանրամասնութիւն մը սրբագրենք, կամ երբեմն ամբողջ բաժիններ ծածկենք՝ նոր բան մը ծնելու կամ ստեղծելու համար։ Այս պատկերացումը ինծի օգնած է կեանքը տեսնելու որպէս ընթացք մը՝ կտաւ մը, ուր շարունակ կը ստեղծենք եւ վերստեղծենք մենք զմեզ։

Անկատարութիւնը ընդունիլ

Կեանքի փորձառութիւնը, ինչպէս արուեստը, մեզի կը սորվեցնէ, թէ կատարելութիւնը նպատակ չէ։ Գլուխ գործոցները հազուադէպօրէն անթերի գործադրութեան արդիւնք կ՚ըլլան։ Անոնք կը ծնին արուեստագէտին համարձակութենէն՝ փորձելու, սխալելու, անակնկալը գրկաբաց ընդունելու։ Նոյնն է նաեւ ապրելու պարագան։ Ամէն սայթաքում, ամէն անորոշութիւն, ձախողութիւն չէ, այլ վրձինի հարուած մը՝ մեծ ամբողջին անհրաժեշտ մէկ մասը։

Երբ կեանքը դիտենք որպէս շարունակուող նկար, կը սորվինք անկատարութիւնը ընդունիլ իբրեւ ընթացքին մէկ մասը։ Կը հասկնանք, թէ այսօր սխալ թուացողը վաղը կրնայ դառնալ կերպարանափոխութեան հիմքը։ Գոյնի շերտերը՝ երբեմն պայծառ, երբեմն խամրած, երբեմն խռով, երբեմն գիտակից, կը պատմեն մեր ով ըլլալն ու մեր դառնալիքը։

Կտաւին դարձեալ մօտենալու համարձակութիւնը

Կեանքի նկարը նկարակալին վրայ պահելը քաջութիւն կը պահանջէ։ Կը նշանակէ յաճախ վերադառնալ կտաւին, նոյնիսկ երբ չենք գիտեր ինչ աւելցնել, կամ կը վախնանք տեսնելէ այն, ինչ որ մեզի կը սպասէ։ Ես ալ շատ անգամ վերադարձած եմ իմ կտաւիս՝ կանգ առած, յուսախաբ կամ շուարած պահերու մէջ, չգիտնալով պէտք է նոր գոյն մը աւելցնե՞մ, թէ՞ ջնջեմ այն, ինչ որ այլեւս ճշմարիտ չէր։

Մարդ պէտք է ինքնիրեն հարց տայ․

Ի՞նչ պէտք է փոխուի։

Ի՞նչ կրնամ աւելի լաւ ընել։

Ի՞նչ կ՚ուզեմ, որ այս նկարը իմ ով ըլլալս պատմէ։

Տարիներու ընթացքին, աճելով ու փոխուելով, նոր փորձառութիւններ, յարաբերութիւններ եւ յայտնութիւններ կը դառնան մեր ներկապնակին գոյները։ Երբեմն կեանքը մեզի կը պարգեւէ լուսաւոր երանգներ՝ սիրոյ, յաջողութեան եւ տօնախմբութեան պահեր, որոնք կտաւը կը պայծառացնեն։ Ուրիշ ժամանակներ՝ մութ գոյներ՝ կորստի, վիշտի ու պայքարի, որոնք խորութիւն եւ հակադրութիւն կու տան նկարին։ Երկուքն ալ անհրաժեշտ են։ Առանց խաւարի՝ լոյսը իմաստ չի ստանար։ Առանց հակադրութեան՝ նկարը խորք չի ստանար։

Անվերջ ընթացքի մէջ գործ մը

Ես կը գնահատեմ այն պահերը, երբ կանգ կ՚առնենք մեր «անաւարտ նկարին» դիմաց՝ նայելու, խորհելու, զգալու եւ նոր գոյն մը յայտնաբերելու համար։ Կեանքի գեղեցկութիւնը հոն է, որ ան երբեք ամբողջապէս չի վերջանար։ Մինչեւ վերջին շունչը կը շարունակենք բան մը աւելցնել մեր կտաւին։ Ու թերեւս կեանքի ամենէն քաղցր մղումներէն մէկը ուրիշներու համար ներշնչող գոյն ու հիւսուածք փոխանցելն է։

Եւ թերեւս մեծագոյն պարգեւը այն գիտակցութիւնն է, թէ մեր նկարը, որքան ալ անձնական ու եզակի ըլլայ, մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ պատկերասրահի մը՝ մարդկային ընդհանուր փորձառութեան, որ մեզ զիրար կը կապէ։

Ահա թէ ինչու սորված եմ հանգիստ զգալ կեանքիս նկարը պահելով նկարակալին վրայ եւ յաճախ վերադառնալով անոր։ Մօտեցէ՛ք ձեր սեփական անաւարտ գեղանկարին ամէնօրեայ կեանքէն քաղուած նոր ներշնչումով, քաջութեամբ եւ բաց սրտով։ Յիշեցէ՛ք, որ արուեստի ամենէն արտակարգ գործերը անոնք չեն, որ կատարելապէս անթերի են, այլ անոնք՝ որոնց մէջ ստեղծողին ոգին տակաւին կենդանի է։

(Լոնտոն / Լոս Անճելըս)

27 Մայիս 2026

Որո՞նք են Մայր Աթոռի Եպիսկոպոսները եւ ի՞նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Վերջին ամիսներուն, Հայաստանի մէջ զարգացող եկեղեցի–պետութիւն յարաբերութիւններու լարուածութեան եւ մրցակցութեան պատճառով, հայ հասարակութիւնը «Եպիսկոպոսաց Ժողով»ի մասին աւելի շատ բան լսեց, քան երբեւէ անցեալին։ Շատեր առաջին անգամ ըլլալով տեղեակ եղան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նման մարմնի մը գոյութեան:

Այս փոքր ուսումնասիրութիւնը կու տայ համառօտ ծանօթացում մը՝ թէ ի՛նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եպիսկոպոսներու քանակական պատկերն ու հաւաքական դիմագիծը (profile)։ (1)

Եպիսկոպոսաց Ժողովը

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը միայն վարչական ժողով մը չէ, այլ հոգեւոր համախոհութեան, վարդապետական հսկողութեան եւ եկեղեցական կարգապահութեան մարմին մը։

Եպիսկոպոսաց Ժողովը կոչուած է պահպանելու Եկեղեցւոյ հաւատքի ուղղափառութիւնը, Սուրբ Աւանդութիւնը եւ դարաւոր կանոնական հաւասարակշռութիւնը:  Կը գործէ ոչ թէ իբրեւ իշխանութեան կեդրոն, այլ իբրեւ համատեղ պատասխանատուութեան հարթակ։ (2) Ժողովը կը քննարկէ վարդապետական եւ բարոյական հարցեր, կը նպաստէ միասնական դիրքորոշման ձեւաւորման եւ կը գործէ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորհրդակցական մարմին մը, մինչեւ Ազգային Եկեղեցական Ժողովի վերջնական քննարկումն ու որոշումը։

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եպիսկոպոսներու դերը ունի իր պատմական եւ կանոնական արմատները։ Շահապիվանի ժողովի (5-րդ դար) կանոնները (3) կը վկայեն, թէ Եկեղեցին վաղ ժամանակներէն իսկ եպիսկոպոսութիւնը ընկալած է ոչ թէ իբրեւ պատուոյ տիտղոս, այլ իբրեւ լրջագոյն եւ ծանր պատասխանատուութիւն։ Դարերու ընթացքին կազմուած Եկեղեցւոյ կանոները խիստ պատիժներ կը սահմանեն եպիսկոպոսներու վարքագիծին համար՝ ինչպէս կաշառակերութիւն, սիմոնականութիւն (եկեղեցական պաշտօնի կամ շնորհքի առք ու վաճառք) եւ իշխանութեան չարաշահման պարագաներ։ Եպիսկոպոսներ կրնային զրկուիլ իրենց աթոռէն, իշխանութենէն եւ քահանայական ծառայութենէն, ենթարկուիլ նիւթական տուգանքներու եւ հոգեւոր բացառման։ Նոյնիսկ լռութիւնը անարդարութեան դիմաց կը նկատուէր մեղսակցութիւն, իսկ կաշառքով մեղքի քողարկումը՝ կանոնական ծանր յանցանք։

Կանոնները կարեւոր սկզբունք կը բացայայտեն. եպիսկոպոսական իշխանութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ երբեք չէ ընկալուած իբրեւ անձնական գերիշխանութիւն, այլ իբրեւ ծառայութիւն Եկեղեցւոյ, որ Քրիստոսի մարմինն է։ Եպիսկոպոսը կոչուած է ըլլալ ոչ միայն հովիւ եւ առաջնորդ, այլ նաեւ հաւատքի, բարոյականութեան եւ արդարութեան պատասխանատու պահապան։ (4)

Այս իմաստով, Եպիսկոպոսական Ժողովը, կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Եկեղեցւոյ միասնութեան երաշխաւորն է․ ան կը միաւորէ թեմերը, կը կանխէ ինքնագլուխ գործելակերպերը եւ կը պահէ Եկեղեցին իբրեւ մէկ կենդանի մարմին, ոչ թէ առանձնացած իշխանութիւններու գումար։ Ան չի փոխարիներ Կաթողիկոսի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կամ թեմական առաջնորդներու կանոնական իշխանութիւնը, այլ կը գործէ անոնց հետ համատեղ՝ հոգեւոր հաւասարակշռութեան մէջ։ (5)

Վիճակագրութիւն

Եպիսկոպոսաց դասի տարիքային բաշխումը

Եպիսկոպոսաց դասի տարիքային բաշխման տուեալները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ փորձառու եւ տարեց եպիսկոպոսները գերակշռող են։ Ամենամեծ խումբը, ընդհանուրին 30%-ը, կը կազմէ 60-ական տարիքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսները: Այս կը վկայէ, որ կազմին գրեթէ մէկ երրորդը կը մօտենայ հանգստեան տարիքի։

Միջին սերունդը կը գտնուի 40-ական եւ 50-ական տարիքի մէջ՝ ներկայացնելով հաւասար բաժիններ՝ իւրաքանչիւրը 23 տոկոս, եւ միասին կը կազմեն ամբողջ դասին 46%-ը, այսինքն եպիսկոպոսներուն գրեթէ կէսը կը գտնուի իր գործունէութեան բեղուն փուլին մէջ։

Միւս կողմէ, 70-էն վեր տարիք ունեցողները կը կազմեն զգալի բաժին մը՝ ընդհանուրին 25%-ը, ուր 16%-ը կը պատկանի 70-ականներուն, իսկ 9%-ը՝ 80-ականներուն, որ ցոյց կու տայ աւագ սերունդի կարեւոր ներկայութիւնը եւ անոնց կուտակուած փորձառութեան կարեւոր դերը։

Ընդհանուր վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնը՝ 55%-ը, 60 տարեկանէն վեր է, այսինքն դասը մեծ մասամբ կը բաղկանայ բազմամեայ փորձառութիւն եւ երկար ծառայութիւն ունեցող եպիսկոպոսներէ։

Եպիսկոպոսաց դասի ծննդավայրերու պատկերը

Աշխարհագրական ծագումի վիճակագրութեան պատկերը ցոյց կու տայ, որ Եպիսկոպոսներուն գրեթէ կէսը՝ 49%-ը, ծնած է Հայաստան, ուր Մայր Հայրենիքը կեդրոնական դեր կը խաղայ որպէս հոգեւորականութեան հիմնական աղբիւր։ Միեւնոյն ժամանակ, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ծնած եպիսկոպոսները կը կազմեն շատ մեծ բաժին մը՝ 40%, հաստատելով յատկապէս Միջին Արեւելքի աւանդական հայկական համայնքներուն երբեմնի կենսական դերը հոգեւորականներու պատրաստութեան կարեւոր գործին մէջ։

Նկատի ունենալով վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու նօսրացումը, Հայց. Եկեղեցւոյ առջեւ կանգնած մեծ հարցերէն մէկը այն է, թէ յառաջիկայ տասնամեակներուն սփիւռքի ո՞ր համայնքները հոգեւորականներ պիտի հայթայթեն:

Եպիսկոպոսաց դասի կրթական մակարդակը

Ըստ տուեալներու, 57 եպիսկոպոսներէն 30-ը ճեմարանական ուսումէն անդին բարձրագոյն ուսման տիտղոսներ ունի (Մագիստրոս կամ Դոկտորական): Մեծագոյն խումբը կը կազմեն մագիստրոսի աստիճան ունեցող եպիսկոպոսները, որոնք կը ներկայացնեն ընդհանուրին 32%-ը։ Դոկտորական աստիճան ունեցողները կը կազմեն 14%: Անոնց կը յաջորդեն գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան ունեցողները՝ 7%, որոնք կը լրացնեն ընդհանուր գիտական պատկերը։ Այս բաշխումը կը պարզէ, որ Եպիսկոպոսաց դասին 53%-ը ունի բարձրագոյն գիտական աստիճաններ (մագիստրոս, դոկտոր կամ թեկնածու), ինչ որ կը շեշտէ կազմին լուրջ գիտական ներուժը։ Բարձրագոյն տիտղոս ունեցողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր ուսումը ստացած է եւրոպական եւ ամերիկեան համալսարաններու մէջ:

Եպիսկոպոսական պաշտօններու բաշխումը

Եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցին մէջ եպիսկոպոսներուն պաշտօններու բաշխումը ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնը՝ 58%-ը, կը վարէ թեմակալ առաջնորդի պաշտօն։ Իսկ դասին 39%-ը ներգրաւուած է վարչական կամ եկեղեցական այլ պատասխանատուութիւններու մէջ: Եպիսկոպոսաց դասին մէջ կան երկու (4%) պատրիարքներ՝ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ։

Առանձնապէս ուշագրաւ է թեմակալ առաջնորդներու նշանակման ձեւը, որ կը բացայայտէ կառավարման որոշ ձեւաչափ մը։ Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ առաջնորդներու 64%-ը նշանակուած է ուղղակիօրէն Կաթողիկոսին կողմէ, մինչ միայն 36%-ը ընտրուած է թեմական մակարդակով: Պարզուած ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ եկեղեցւոյ կառոյցը կը բնորոշուի խիստ կեդրոնացումով:

Եպիսկոպոսական ծառայութեան ժամանակաշրջանը

Այս տուեալները կը ներկայացնեն եպիսկոպոսներու փորձառութեան մակարդակը՝ հիմնուած անոնց ձեռնադրութենէն ի վեր անցած տարիներուն վրայ, եւ կը բացայայտեն կայուն, երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող նուիրապետական կազմի մը պատկերը։ Ամենամեծ խումբը կը կազմեն այն եպիսկոպոսները, որոնք 10+ տարուան ծառայութիւն ունին, որոնք կը ներկայացնեն ընդհանուրին 32%-ը, այսինքն՝ գրեթէ մէկ երրորդը արդէն ունի աւելի քան տասնամեայ փորձառութիւն այս բարձրագոյն աստիճանին մէջ։ Անոնց կը յաջորդեն 20+ տարուան ծառայութիւն ունեցողները՝ 26%, որոնք կը ներկայացնեն աւելի տարիքոտ եւ փորձառու սերունդը՝ երկու տասնամեակէ աւելի ծառայութեան պատմութեամբ։ Նոր ձեռնադրուած եպիսկոպոսները, որոնք ընդամէնը 1-2 տարուան փորձառութիւն ունին, կը կազմեն 18%: Այս պատկերը կը լրացնեն ամենէն փորձառու աւագ ծառայողները, որոնց 16%-ը ունի երկարամեայ ծառայութեան վաստակ, ուր 11%-ը ունի 30+ տարուան, իսկ 5%-ը՝ 40+ տարուան եպիսկոպոսական ծառայութիւն։

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններու ժամանակագրութիւնը

Այս տուեալները կը բացայայտեն, թէ ո՛ր տասնամեակներուն տեղի ունեցած են ներկայիս գործող եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւնները:  Առանցքային է 2010-ական տասնամ-եակը, երբ ձեռնադրուած են գործող եպիսկոպոսներու 39%-ը, որ կը վկայէ, թէ վերջին 10–15 տարիներուն, նոր սերունդի մը մուտքով, զգալիօրէն թարմացած է եկեղեցական վերնախաւը։ Անոր կը յաջորդեն 2000-ական թուականները, երբ ձեռնադրուած է դասին 23%-ը, այսինքն այն եպիսկոպոսները, որոնք այսօր ունին միջինէն բարձր փորձառութիւն՝ մօտաւորապէս 15–25 տարուան ծառայութեան ճանապարհ անցած։ Նաեւ զգալի բաժին մը՝ 21%-ը, ձեռնադրուած է 1990-ական թուականներուն, Հայաստանի անկախութեան առաջին տասնամեակին, որ պատմական կարեւոր շրջադարձ էր եկեղեցւոյ վերակազմակերպման համար։

Այս պատկերը կը լրացնէ աւագ սերունդը, որ կը ներկայացնէ 1980-ականներուն եւ աւելի կանուխ ժամանակաշրջաններուն ձեռնադրուած եպիսկոպոսները։ Ընդհանուրին 17%-ը կը պատկանի «Խորհրդային շրջանի» կազմին, ուր 12%-ը ձեռնադրուած է 1980-ականներուն, իսկ 5%-ը՝ 1970-ականներուն, եւ անոնք կը մարմնաւորեն նախորդող տասնամեակներու հոգեւոր աւանդութիւնը, յիշողութիւնը եւ պատմական փորձառութիւնը։

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան՝ հասարակաբան, սփիւռքագէտ եւ համալսարանական դասախօս (wwwhratch.info)։

Այս յօդուածին PDF տարբերակը կարելի է գտնել հետեւեալ յղումով :

Օգտագործուած աղբիւրներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ծիսական Օրացոյց 2025; Մայր Աթոռի կայքէջի վրայ զետեղուած եպիսկոպոսներու կենսագրութիւնները, տեսնուած 13 Յուլիս 2025-ին :

Ի դէպ՝ կաթողիկոսը կ’օծուի 12 (կամ առնուազն 3) եպիսկոպոսներու ձեռամբ, իսկ Կաթողիկոսը կ՛օծէ անհատ եպիսկոպոսներ։

Շահապիվանի Ժողովին կանոնները կը բաղկանան 20 յօդուածներէ: Եպիսկոպոսի հետ առնչուող կանոներուն համար, տե՛ս, օրինակ, Ա, ԺԶ, եւ Ի յօդուածները: Հմմտ. Հ. Ն. Ակինեան, «Շահապիվանի Ժողովին Կանոները». Հանդէս Ամսօրեայ, Թիւ 4-12, 1949, էջ 79-170.

Կանոնագիրք Հայոց. Ա. հատոր (1964), Բ. հատոր (1971). Աշխատասիրութեամբ Վազգեն Հակոբյանի. Հայկական ՍՍՌ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարակություն, Երեվան:

Յակոբ Ներսոյեան, Դիտողութիւններ. «Կանոնադրություն Հայաստանեայց Եկեղեցու» Նախագիծի Մասին. Երուսաղէմ, 2001. Աւելի լայն շրջագիծի մէջ, Ներսոյեան կը բացատրէ (էջ 37)՝

«Կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսապետը պարզապէս առաջինն է հաւասարներու մէջ: Սուրբգրական անտարակուսելի հիման վրայ եպիսկոպոսապետը եպիսկոպոսական ժողովի գործադիր պետն է: Իրաւասութիւններ իրեն կը տրուին կամ կը ստանայ իբր այդ: Այս իրաւաութիւնները կը պատկանին եպիսկոպոսական դասուն, իմաստով մը փոխ տրուած կաթողիկոսին, գործածելու համար եպիսկոպոսական ժողովի բացակայութեան՝ այդ ժողովի կամքին եւ տնօրինութեանց համաձայն: Կաթողիկոսը ունի իր իրաւասութիւնները որպէս ներկայացուցիչը եպիսկոպոսական դասու ամբողջութեան, եւ իբր ա՛յդ իր որոշումերը կ’առնեն ոյժ ուրիշ անհատ եպիսկոպոսի կամ որեւէ հաւատացեալի վրայ՝ այն իմաստով որ ամբողջութիւնը աւելի է քան իր մասերու կուտակումը: Եպիսկոպոսներէն մէկ աստիճան վեր կեցած ըլլալու սխալ համոզումին արմատը պէտք է փնտռել ֆէոդալական կարգավիճակին մէջ:»

Քաղաքական անորոշութեան եւ ռազմական վտանգներու միջեւ՝ Սուրիոյ մոռցուած հայերը
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Այսօր Սուրիա կը մնայ բաժնուած քաղաքական տարածք մը, որ կը բնորոշուի ոչ միայն աւերիչ քաղաքացիական պատերազմի ժառանգութեամբ, այլ նաեւ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գործող քրտական ուժերու միջեւ չլուծուած լարուածութիւններով։ Պարբերաբար ծագող բախումները, փոխուող դաշինքները եւ վիճարկուած կառավարման համակարգերը կը շարունակեն անկայունութիւն եւ անորոշութիւն ստեղծել, յատկապէս փոքրամասնութիւններու համար, որոնք կը գտնուին տարբեր ուժային կեդրոններու միջեւ։ Այս խոցելի պայմաններուն մէջ, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները՝ ներառեալ հայերը, ստիպուած են իրենց գոյատեւումն ու անվտանգութիւնը ապահովել առանց հաւասար քաղաքացիութեան իրական երաշխիքներու։

Պատմականօրէն Սուրիոյ հայերը կազմած են երկրի հասարակական եւ մշակութային հիւսուածքի անբաժան մասը։ Հալէպը տասնամեակներ շարունակ եղած է սփիւռքահայ կեանքի ամենէն կենսունակ կեդրոններէն մէկը՝ իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, մամուլով եւ մշակութային հաստատութիւններով։ Այս համայնքային հզօր ներկայութիւնը, սակայն, 2011-էն ի վեր կտրուկ կերպով նահանջեց՝ զանգուածային տեղահանութիւններու, տնտեսական փլուզման եւ անվտանգային անկայունութեան հետեւանքով։

Այսօր Սուրիոյ հայ համայնքը թիւով փոքրացած է, հաստատութիւնները թուլցած են, իսկ ապագան խորապէս անորոշ է։ Այն, ինչ որ երկար տարիներ ինքնաբաւ համայնք մը էր, վերածուած է խոցելի մնացորդի մը, որ կը գոյատեւէ հիմնականօրէն քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ սփիւռքեան աջակցութեան շնորհիւ։ Այս իրադրութիւնը Սուրիոյ մէջ հայ ներկայութեան պատմական ընթացքին մէջ խոր եւ վտանգաւոր խզում մը յառաջացուցած է։

Հայկական երեք կրօնական յարանուանութիւնները այս պայմաններուն մէջ կը շարունակեն խաղալ աւելի լայն դեր, քան զուտ հոգեւոր առաջնորդութիւնը։ Անոնք կը գործեն որպէս համայնքային կառավարման առանցք, մարդասիրական աջակցութեան կազմակերպիչներ եւ պետութեան հետ միջնորդներ։ Պատերազմի տարիներուն եկեղեցիները վերածուեցան նաեւ ապաստանի եւ պաշտպանութեան վայրերու՝ շարունակելով Արեւելեան քրիստոնէութեան մէջ արմատացած պատմական աւանդոյթ մը։

Հայերու եւ Սուրիոյ այլ կրօնական համայնքներուն յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ խաղաղ եղած են, սակայն միշտ ալ հիմնուած գործնական համակեցութեան, այլ ոչ թէ իրական հաւասարութեան վրայ։ Պատերազմը ի յայտ բերաւ այս համակեցութեան փխրուն բնոյթը եւ փոքրամասնութիւններու խոցելիութիւնը՝ պետական իշխանութեան կազմաքանդման պայմաններուն մէջ։

Սուրիոյ մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը կը մնայ խորապէս արմատացած, սակայն նաեւ լրջօրէն վտանգուած։ Տէր Զօրի նման վայրեր կը յիշեցնեն, որ այս ներկայութիւնը միայն մշակութային չէ, այլ նաեւ պատմական յիշողութեան եւ հաւաքական տառապանքի մաս է։

Այսօր հարցը այլեւս միայն վերակառուցում չէ, այլ գոյատեւման քաղաքական եւ իրաւական պայմաններու ապահովումը։ Առանց հաւասար քաղաքացիութեան, կայուն անվտանգութեան եւ իրական իրաւունքներու, Սուրիոյ հայ համայնքին ապագան մռայլ կը մնայ։ Նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ նաեւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու՝ անկախ այն բանէն, թէ որ ուժը կը վերահսկէ տուեալ տարածքը։

Ցաւօք, աշխարհաքաղաքական արագ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ ընթացող լուրջ ու շարունակական ճգնաժամային պայմաններուն տակ, Սուրիոյ հայ համայնքի վիճակը կարծէք այլեւս առաջնահերթութիւն չէ սփիւռքի մեծ մասին համար։ Միջազգային ուշադրութեան եւ սփիւռքեան ներուժի սահմանափակման այս մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ հայերը կը մնան լուսանցքի վրայ՝ իրենց գոյութենական խնդիրներով եւ անորոշ ապագայով։

Ստորեւ՝ թարգմանաբար կու տանք Հրաչ Չիլինկիրեանի 2023-ին գիրքի մը մէջ հրատարակուած «Միջին Արեւելքի հայ համայնքները. Ապագային՝ անցեալը պիտի կորսուի՞»  ամփոփ եզրակացութեան բաժինը:

Արդեօ՞ք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայկական համայնքներու ապագան վտանգուած է

Հրաչ Չիլինկիրեան

«Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած ցեղասպանութենէն ետք, վերապրած հայերը յաջողեցան վերակառուցելու համայնքներ: Անոնք նաեւ շինեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային ենթակառոյցներ եւ հաստատութիւններ հիմնականօրէն Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի այլ փոքր համայնքներուն մէջ: Այս բոլորը կարելի դարձան շնորհիւ եւրոպական հոգատարութեան տակ անցած արաբական պետութիւններու շնորհած կրօնական եւ քաղաքացիական որոշակի իրաւունքներուն, որոնք նման էին Օսմանեան կայսրութեան միլեթի համակարգին: Վերակառուցումը կարելի եղաւ նաեւ շնորհիւ [ցեղասպանութենէն] վերապրածներու եւ յաջորդող սերունդներու վճռականութեան՝ վերականգնելու հայկական համայնքային կորսուած կեանքը զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ: Աւելի քան մէկ դար հայերը միլիառաւոր տոլարներ, աշխատանք եւ հաւաքական ճիգ ներդրած են Միջին Արեւելքի մէջ իրենց մշակոյթը, լեզուն եւ աւանդոյթները հաստատելու եւ կենսականացնելու համար:

«1970-ականներէն սկսեալ, տարբեր ալիքներով, Միջին Արեւելքի հայերը սկսան մասնաւորաբար գաղթել դէպի Հիւսիսային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա՝ հիմնականօրէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան, Իրաքի պատերազմներուն եւ շարունակուող տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով: Եթէ արտագաղթի հակումը շարունակուի, այդ մէկը կրնայ նշանակել տարածաշրջանի քրիստոնէական հնագոյն համայնքներէն մէկուն ընկերամշակութային մահը:

«Աւելի քիչ տեսանելի են պետութեան, ընկերութեան եւ կրօնական հաստատութեան դերերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներու երկարատեւ կենսունակ ներկայութեան մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնեայ փոքրամասնութեան անդամ ըլլալը՝ «ուրիշ» կամ «այլ» ըլլալու բեռը ծանր է: «Այլականացումը» (‘othering’) կը յայտնուի տարբեր մակարդակներու վրայ. ա) կայ իմ բնորոշումով «փափուկ այլականացումը» պետութեան կողմէ՝ օրէնքներու, արգելքներու եւ բազմաթիւ պարագաներու ոչ-իսլամներու նկատմամբ խտրականութեան ճամբով. բ) Միջին Արեւելքի իսլամ մեծամասնութիւն ունեցող երկիրներու մէջ աւելի մեծ հասարակութեան կողմէ միտումնաւոր կամ ակամայ դրուած ընկերային սահմանափակումներով. եւ (գ) ընկերութեան իսլամիսթ հատուածներուն կողմէ դիտուած «կարծր այլականացումը», որ ոչ-իսլամները կը ներկայացնէ իբրեւ «անհաւատներ» (infidel), հետեւաբար, ըստ սահմանումին, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:

«Յիսուն տարի առաջ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեան նկատած է, որ հայերը եւ ոչ-իսլամ այլ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ «դէմ յանդիման կը գտնուին անբարենպաստ այնպիսի գործօններու, որ անոնց ապագան լաւագոյն պարագային անկայուն կը դարձնէ»: Այսօր իրավիճակը ոչ միայն անկայուն է, այլեւ՝ չափազանց ճգնաժամային: Միջին Արեւելքի հայերուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած իրողութիւնները կը պատկերեն անորոշ ապագայ մը, որովհետեւ յամեցող հակամարտութիւնները կրնան շարունակուիլ երկար տարիներ: Ինչպէս այս գլուխին ենթավերնագիրը կը նշէ, վտանգուած է եւ թերեւս ապագային կորսուելու է անցեալին մէջ արմատացած Միջին Արեւելքի ամէնէն հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւններէն մէկը»:

(Աշխատութեան անգլերէն բնագիրը այս յղումով)

Ի՞նչ է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը. Առաջարկ Եպիսկոպոսական Ժողովին
Դոկտ. Հրաչ Չիլինիկիրեանի գրչին պատկանող այս յօդուածը գրուած է 12 տարի առաջ, սակայն անոր բարձրացուցած հարցադրումները այսօր աւելի սուր, աւելի այժմէական եւ աւելի՛ հրատապ կը հնչեն, քան երբե՛ք։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, արժէքներու, առաջնորդութեան եւ հասարակութեան հետ յարաբերութեան առնչուած խնդիրները ոչ միայն չեն հինցած, այլ նոր իրավիճակներու մէջ՝ նոր խորք ստացած են։ Այս պատճառով ալ, այս վերատպումը պարզ յիշեցում մը չէ անցեալէն, այլ՝ կոչ ուղղուած ներկային եւ գալիք տարիներուն՝ վերանայելու, վերարժեւորելու եւ վերակենդանացնելու Հայց. եկեղեցւոյ էական առաքելութիւնը։

Վ.Թ.

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին այսօր աշխարհով մէկ մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, վարչական, բարոյական հարցերու խաչմերուկին վրայ է:  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանի բանաձեւումով՝ «Մեր ազգն փորձութիւններով է գնում: Մեր եկեղեցին էլ իր փորձութիւններով է գնում»: Ո՞ր ուղղութեամբ երթալ, ի՞նչ առաջնահերթութիւն տալ խնդիրներուն եւ անոնց վերաբերող լուծումներուն. նման բազմաթիւ հարցեր վստահաբար անքուն պիտի պահեն յառաջիկայ Եպիսկոպոսական ժողովին առնուազն կարգ մը անդամները:

Ինչպէս պատմութեան ընթացքին՝ սկսեալ 5րդ դարու Շահապիւանի ժողովէն, Հայց. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովներ գումարուած են եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դաւանական, վարդապետական եւ աստուածաբանական հարցեր քննարկելու, ինչպէս նաեւ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով: Եպիսկոպոսական ժողովի արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները կը ներկայացուին կաթողիկոսին՝ վաւերացման համար կամ ալ Ազգային եկեղեցական ժողովին՝ (եկեղեցւոյ բարձրագոյն օրէնսդիր եւ վարչական մարմինին) հաւանութեան համար: Անցնող հարիւր տարուան ընթացքին Եպիսկոպոսական ժողովը պաշտօնապէս միայն երեք անգամ գումարուած է: Վազգէն Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով 1956թ. Հոկտեմբերին գումարուած ժողովին որոշուած էր, որ «տարին գոնէ մէկ անգամ գումարել» Եպիսկոպոսական ժողովը, բայց ինչ-ինչ պատճառներով այդպէս չեղաւ: Յաջորդը 1969ին էր, ու անկէ ետք ո՛չ պաշտօնական ժողովներ գումարուեցան (միայն «խորհրդակցական»), ո՛չ ալ եկեղեցիին ու հաւատացեալները յուզող հրատապ հարցեր քննարկուեցան: Ուշագաւ երեւոյթ է, որ ներկայիս Հայց. եկեղեցւոյ (Էջմիածինը եւ Անթիլիասը գումարած) 76 եպիսկոպոսներէն հազիւ երկու-երեքը նախապէս մասնակից եղած են որեւէ պաշտօնական եւ լիարժէք Եպիսկոպոսական ժողովի:

Եկեղեցւոյ ներկայ վերիվայրումները յատուկ նորութիւն մը չեն: Եկեղեցին ընդհանրապէս եւ եկեղեցւոյ նուիրապետականութիւնը յատկապէս՝ անցնող առնուազն հարիւր տարուան ընթացքին բազմաթիւ խորունկ տագնապներ տեսած են՝ Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Էջմիածին, 1950ականերու Անթիլիաս-Էջմիածին «տագնապ»էն մինչեւ 1960ականերու եւ 1980ականերու Երուսաղէմի տագնապները: Բայց ի տարբերութիւն անցեալին, երբ արտաքին դրդապատճառները աւելի շեշտակի դեր եւ ներգործութիւն ունէին տագնապներու դրսեւորման վրայ, այսօր եկեղեցին անյաղթահարելի խնդիրներ չունի՛: Բոլոր ներքին հարցերը լուծելի են:  Հաստատութիւններու կեանքին մէջ որեւէ լուրջ «տագնապ» յետաձգուած կամ չլուծուած խնդիրներու կուտակումն է: Այսօր նման կուտակումներու «տոմարը» լուրջ եւ հետեւողական քննարկումներու եւ լուծումներու առաջարկներ կը պահանջէ:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կեանքին մէջ կան պահեր, երբ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել որդեգրուած արժէքներուն վրայ ու խորհիլ անոնց առաջադրած պահանջներուն մասին: Այսօր, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, որպէս կազմակերպութիւն, անյետաձգելիօրէն պէտք է յստակացնէ այժմէական հասարակական պայմաններու համահունչ իր առաքելութիւնն ու ուղենիշները, որպէսզի նորովի ծառայէ իրեն վստահուած ժողովուրդին:

Եպիսկոպոսական ժողովին ամենաանհրաժեշտ քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ  քննարկել, ճշդել եւ սահմանել եկեղեցւոյ «առաքելութեան առանցքը»՝ այս արագընթաց եւ համաշխարհայնացուած 21րդ դարու յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Անշուշտ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երկու հազար տարի առաջ ճշդուած էր առաքեալներու շրջանին՝ Քրիստոսի հիմնական պատգամներուն եւ Աւետարանին հիման վրայ (օրինակ՝ Ղուկ. 4:16-20, Մատթ. 28:19-20), բայց այսօր, մեծաւ մասամբ, ո՛չ եկեղեցականները, ոչ ալ աշխարհականները յստակ գաղափար կամ միահամուռ ըմբռնում ունին, թէ ինչպիսի՞ սկզբունքներ, ուղենիշներ, նպատակներ, արժէքներ եւ հեռանկարներ կը ներառէ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Անշուշտ, եկեղեցին դարերէն եկող յստակ առաքելութիւն ունի, բայց ինչպէ՞ս պէտք է իրականացնել այս առաքելութիւնը: Ինչպէ՞ս այդ առաքելութիւնը հաղորդական ու իմաստալից դարձնել Երեւանի, Գիւմրիի, կամ Շուշիի, կամ Պէյրութի, Ապու Տապիի, Փարիզի, Ամսթերտամի, կամ Լոս Անճելըսի, Թորոնթոյի, Գորտոպայի, Մելպուրնի կամ Հոնկ Քոնգի մէջ ապրող հայուն համար:

Ինչպէս որեւէ աշխարհիկ կամ կրօնական կազմակերպութեան կեանքին մէջ, առաքելութեան առանցքի յստակացումը արժէքներու ամփոփագիր մըն է (ինչպէս ուղղափառ հաւատքի պարագային Նիկիական հանգանակը): Այնտեղ կ՛ամրագրուին այնպիսի սկզբունքներ, որոնց ընդմէջէն տուեալ կազմակերպութիւնը իր հունաւորումը կը գտնէ եւ ուր կը սահմանուին այնպիսի չափանիշներ, որոնց համաձայն կը գնահատուի կազմակերպութիւնը իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն կողմէ: Նման յստակ առաքելութեան ուղեցոյց մը արդիւնաւէտ է, որովհետեւ կ՛օգնէ կազմակերպութեան անդամներուն, որպէսզի կեանքի կոչեն ամրագրուած արժէքները: Սա որեւէ կազմակերպութեան վարքագիծը պէտք է ըլլայ, անոր հիմնաքարը՝ բոլոր առումներով:

Հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից առաքելութեան կարեւորագոյն արժէքներու յստակացումը եկեղեցւոյ սպասաւորներուն պիտի տրամադրէ հիմնական ուղենիշ մը, նպատակաուղղուած աշխատանքի եւ հոգեւոր ասպարէզի «քարտէս» մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ իսկական նպատակներուն ծառայել եւ որուն շուրջ պիտի համախմբուին հոգեւորականներն ու աշխարհական սպասաւորները:  Առաքելութեան եւ արժէքներու յստակացումը կենսունակութիւն կ՛երաշխաւորէ՛ եւ կ՛ամրապնդէ՛ ժողովուրդի հարազատութիւնն ու վստահութիւնը իրենց «հոգիի ծննդավայրին» նկատմամբ:

Անիմաստ է խօսիլ Հայ եկեղեցւոյ «ազգային» կամ «ընկերամշակութային» ծառայութեան կարեւորութեան մասին, առանց առաջնորդուելու անոր հիմնական հոգեւոր եւ կրօնաբարոյական առաքելութեան սկզբունքներով: Որքան ալ ընդունինք, որ եկեղեցին նաեւ ունի «աշխարհիկ» կարեւորութիւն, կ՛արժէ՛ ընդգծել, որ ինչպէս դարեր շարունակ, եկեղեցւոյ առաջնային եւ գերագոյն նպատակը հոգեփրկութիւնը եղած է, պարտականութիւն մը, եթէ ոչ «քաղցր լուծ», զոր իւրաքանչիւր հոգեւորական կ՛ուխտէ իր ձեռնադրութեան որոշադրիչ խորհրդակատարութեան ընթացքին: (Ձեռնադրութեան Մաշտոցը բազմիցս այս կէտը կը շեշտէ):

Հաստատութիւններ, որոնք իրենց հիմնադրիչ եւ առաջնային առաքելութենէն կը շեղին, ժամանակի ընթացքին կը դառնան ինքնանպատակ, իրականութենէ եւ հասարական կեանքէն հեռացած թանգարանային կառոյցներ: Այսօր, եթէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցին ունի «ազգային» դեր եւ կարեւորութիւն, ապա այդ ինչո՞վ կը տարբերի կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու դերէն եւ ծառայութիւններէն: Ցայսօր, եկեղեցին նման հարց ոչ քննարկած է, ոչ ալ յստակ քաղաքականութիւն ճշդած է, թէ ինչ է իր «ազգային» դերը, չնայած որ հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունգ դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու մասին:

Կարելի չէ արժէքներու նկատմամբ յարգանք ներշնչել՝ առանց զանոնք կեանքի կոչելու. սէր արժեւորել, ըսել է՝ սիրել: Արժէքները նաեւ կը ստեղծեն չափանիշներ, որոնցմով նաեւ մենք մեր գործունէութիւնը կը չափենք: Յստակ եւ տարածելի արժէքներ պէտք է ուրուագծեն եկեղեցւոյ վարչական կազմակերպչական սկզբունքները՝ որպէս ուղեցոյց եկեղեցւոյ հաւաքական գործընթացին եւ անոր ղեկավար մտածողութեան:

Վերջապէս, իւրաքանչիւր եկեղեցիի կենսունակութիւնը առաջին հերթին կախուած է հաւատացեալներու ոգեւորութենէն, անոնց պատասխանատուութեան զգացումէն եւ մասնակցութիւնէն, ոչ թէ միայն եկեղեցականներու կամ աշխարհականներու փոքր խումբի մը «տնօրինումներէն»: Այսօր շատ յստակ է, որ կ՛ապրինք բողոքի եւ պահանջատիրական դարաշրջանի մը մէջ, ուր հասարակութիւնը այլեւս բացարձակ իշխանութեան ու բռնատիրութեան հանդէպ ոչ թէ միայն իր վախը թօթափած է, այլ նաեւ որդեգրած է վճռակամ եւ հետեւողական պայքար՝ ի նպաստ հաւաքական շահերու: Մեր պարագային, սա չի նշանակեր, որ մարդիկ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ դէմ պիտի «ապստամբին», բայց կ՛ընդգծէ այն իրականութիւնը, որ հասարակութեան սպասումներուն անտեսումը եկեղեցւոյ նուիրապետականութեան կղզիացումին կը տանի:

Այս առումով, եկեղեցին պէտք է պատրաստ ըլլայ Ապրեցնելու եւ ոչ թէ միայն քարոզելու Հայ քրիստոնեայ հաւատքը: Հայց. եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը սահմանելու համար Եպիսկոպոսական ժողովը կրնայ սկսիլ ամենապարզ հարցադրումներով, զորս այսօր որեւէ նման մեծ հաստատութիւն մը պիտի հարցնէր իր ներքին կեանքը դրսեւորելու եւ իր արտաքին յարաբերութիւնները ճշդելու համար:

Ի՞նչ է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նպատակը այսօր՝ 21րդ դարուն, այսինքն՝ ի՞նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր եւ գալիք տասնամեակներուն: Ի՞նչն է կարեւորը եկեղեցւոյ համար, այսինքն՝ արժէքներու ճշդում եւ առաջնահերթութիւն:  Ի՞նչ կ՛ուզենք ըլլալ, ի՞նչ է եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսիլքը: Ի՞նչ է եկեղեցւոյ ծրագիրը, մարտավարութիւնը: Եւ վերջապէս, ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս:

Նման հարցադրումներ, լուրջ մօտեցումներ եւ հետեւողական աշխատանքներ, մանաւանդ աշխարհականերու գործօն մասնակցութեամբ, արդէն կարգ մը համայնքներու մէջ արդիւնքներ տուած են եւ որոշ ծուխերու կենսունակութիւն եւ աշխուժութիւն բերած են:

Այսօր՝ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, Հայց. առաքելական եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով ու կառոյցներով, իր ուժերն ու «հարստութիւնը» պէտք է համատեղէ, որպէսզի իւրաքանչիւր ծուխ, թեմ կամ եկեղեցական համայնք վերածուի իսկական հոգեւոր «տուն»ի մը, ուր Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը համայնքային եւ հոգեւոր կեանքին հիմնաքարերն են:

Վարչական ու կազմակերպչական ծիրէն անդին ու աւելի կենսական՝ Հայց. եկեղեցին պէտք է մտաւորական շփում մշակէ հասարակութեան հետ մարդկութիւնը յուզող այժմէական ընկերաբարոյական ու այլ հարցերու մասին: Պաշտամունքային կամ ծիսական բարեփոխումներ ցանկալի են եւ թերեւս անհրաժեշտ, բայց իմաստազուրկ են, երբ հասարակութեան կամ բարեպաշտ ժողովուրդին առօրեային հետ ոչ առնչութիւն ունին, ոչ ալ ուղղակի ազդեցութիւն: Օրինակ՝ մկրտութեան ծէսի բարեփոխումը եւ կանոնաւորութիւնը շատ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ, եթէ նաեւ նոյնքան լուրջ ժամանակ, մտածողութիւն ու ջանք թափուի հայ մարդուն բացատրելու, թէ ի՞նչ է մկրտութեան իմաստը եւ ի՞նչ է ծէսին առնչութիւնը իր 21րդ դարու կեանքին մէջ: Այսինքն, ի՞նչ է մկրտուած հայ քրիստոնեայ ըլլալու իմաստը ներկայ բազմակարծիք եւ բազմահոսանք աշխարհին մէջ, ուր հայ մարդը, ի տարբերութիւն հեռաւոր անցեալին, մնայուն շփում ունի այլազան եւ ոչ աւանդական մտածողութիւններու եւ թեքումներու հետ:

Եկեղեցի մը, առանց յստակ քրիստոնէական առաքելութեան՝ աշխարհիկ կազմակերպութիւն մըն է, զուրկ իր հոգեւոր գործօնէն: Եկեղեցի մը, առանց հաւաքաբար կամ անհատապէս աղօթող հաւատացեալներու՝ լոկ կառոյց մըն է: Եկեղեցի մը, առանց ուրիշներու օգնելու պատրաստակամութեան եւ համայնքային ծառայութեան՝ պարզապէս անցեալի փառքերու պահեստանոց մըն է:

Սա է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այսօրուան հիմնախնդիրը. մնացեալը՝ թէկուզ կարեւոր, մանրամասնութիւններ են:

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Հրատարակուած՝ «Ազդակ»-ի (23 Սեպտեմբեր 2013), «Մասիս»-ի (Լոս Անճելըս,  21 Սեպտեմբեր 2013), «Հորիզոն»-ի (Մոնթրէալ, 23 Սեպտեմբեր 2013), «Ասպարէզ»-ի (Լոս Անճելըս, 23 Սեպտեմբեր 2013), «Նոր Յառաջ»-ի (Փարիզ, 14 Սեպտեմբեր 2013) եւ «168ԺԱՄ»-ի (Երեւան, 16 Սեպտեմբեր 2013) մէջ:

Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ կը ճանչնա՞ք զինք
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան շուրջ յառաջացած մարտահրաւէրները աւելի ու աւելի հրատապ դարձած են վերջին տասնամեակին։ Յատկապէս երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 2010-ին արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած» լեզուներու կարգին, սփիւռքի մէջ անոր ապագան դարձաւ գլխաւոր քննարկման նիւթ: Համայնքային առաջնորդներ, դաստիարակներ, մասնագէտներ եւ ակադեմականներ սկսան միջոցներ եւ ծրագիրներ որոնել  դիմագրաւելու լեզուի անկումը:

Անշուշտ, այս խնդիրը միայն լեզուի կորուստի մասին չէ․ ան մաս կը կազմէ աւելի խորքային առաջադրանքի մը՝ կապուած ինքնութեան պահպանման հրամայականին՝ համաշխարհայնացման, գաղթի եւ ձուլման ճնշումներուն տակ, որոնք շարունակ կը ձեւաւորեն Սփիւռքի հայ իրականութիւնը։

Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազող թիւէն բացի, քանի մը այլ գործօններ եւս կը նպաստեն անոր աստիճանական անկման։ Օրինակ՝ հայերէնը սկսած է դադրիլ վարչական գործունէութեան լեզուն ըլլալէ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու համար:  Նոյնիսկ՝ Լիբանանի մէջ, շատ անգամ ձեռնարկներու յայտարարութիւնը անգլերէն լեզուով կը սփռուի հանրութեան: Շատ տեղեր արեւմտահայերէնը խորհրդանշական դարձած է, որովհետեւ սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կը գործեն երկլեզու ձեւով։ Միեւնոյն ատեն, Արեւմտահայերէն թերթերն ու մամուլը՝ որոնք երկար ատեն սփիւռքի մէջ լեզուական կենսունակութեան հիմնասիւններէն եղած են, օրէ օր կը տկարանան։ Օրաթերթերը ընթերցողներ կը կորսնցնեն, կը տառապին ֆինանսական սահմանափակումներէ եւ բովանդակութիւն արտադրելու հսկայական մարտահրաւէրներէ։ Այսօր, ամբողջ Սփիւռքի մէջ միայն փոքր թիւով Արեւմտահայերէն օրաթերթ եւ շաբաթաթերթ կը շարունակեն հրատարակուիլ, մեծ մասամբ թուային եւ հազուագիւտ տպուած տարբերակով։

Արեւմտահայերէնի այժմու վիճակը եւ «լուծումներու» մօտեցումները պատկերացնելու համար, փորձենք երեւակայել Տիկին Արեւ Մուտեան մը՝ ժամանակին շողուն ու վառ կին մը, որուն զաւակները անվերջ կը վիճին, թէ ինչպէս կրնան խնամել զինք։ Կան տարբեր խումբեր, որոնք կը հոգան կամ մտահոգ են անոր ճակատագրով։

Մաքրակրօնները («Purist-ները»)

Առաջին խումբը կը կազմեն մաքրակրօնները՝ արեւմտահայերէնի ինքնակոչ պաշտպանները, մարտիկներն ու ոստիկանները: Այս մտաւորականները մեծ մասամբ Միջին Արեւելքի սփիւռքեան միջավայրին մէջ թրծուած են։ Անոնք կը տեսնեն իրենց առաքելութիւնը որպէս «սուրբ պարտաւորութիւն» մը՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու լեզուն «արեան մինչեւ վերջին կաթիլը»։

Այս խումբին համար Տիկին Արեւին վիճակը չափազանց ծանր է։ Ան կը գտնուի հիւանդանոցի յատուկ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, շնչառական խողովակի մը միացուած, գրեթէ հոգեվարքի մէջ։ Purist-ները կը գանգատին սփիւռքեան հաստատութիւններու անտարբերութենէն, որոնք, ըստ իրենց, ձախողած են զայն «փրկելու»։ Անոնցմէ շատեր կը հաւատան, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ ըլլալ վերջին յոյսը։

Բայց, գնահատելով հանդերձ անոնց մեծ նուիրումը, շատ գործնական լուծումներ չունին։ Դպրոցներու եւ ուսուցիչներու ֆինանսաւորումը — այսինքն՝ «հիւանդանոցն ու բուժքոյրերը» — անբաւարար է։ Անոնց պատասխանը հիմնականին մէջ պաշտպանողական է՝ պահել արեւմտահայերէնը այնպէս ինչպէս որ էր անցեալին, ըստ իրենց պատկերացումին։ Անոնց համար իսկական հայը ան է, որ ամբողջովին կը նմանի Տիկին Արեւին՝ այնպէս ինչպէս եղած էր ան անցեալին՝ անփոփոխ եւ զերծ օտար ազդեցութիւններէ։

«Մտաւորական խմբակը»

Ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը գտնուի աւելի ազատ եւ լայնախոհ մտաւորական խումբ մը՝ յառաջադէմ, աշխարհիկ, խորապէս կրթուած արեւմտահայերէնի գրական եւ փիլիսոփայական աւանդութեանց մէջ։ Անոնց մտածողութիւնը եւ ուշադրութիւնը յաճախ կը կեդրոնանայ մեր ժամանակներու երկու-երեք մեծ գրական եւ մտաւորական նշանաւոր դէմքերու շուրջ։

Այս խումբին համար Տիկին Արեւը մահամերձ չէ․ ան ուղղակի կը ծերանայ՝ ժամանակի եւ հանգամանքներու ազդեցութեամբ։ Ան հիւանդանոցի կարիք չունի, բայց պէտք ունի նուրբ, սիրառատ խնամքի՝ իր հասուն զաւակներուն ուշադրութեան, որոնք տակաւին տան մէջ կը խօսին իր հետ։

Այս խումբին հեռանկարը վերկենսաւորում է. մշակութային է, ոչ բժշկական։ Անոնք շեշտը կը դնեն գրականութեան, ինքնաքննութեան եւ փիլիսոփայական նորոգութեան վրայ։ Բայց անոնց ազդեցութիւնը կը մնայ նեղ շրջանակներու մէջ՝ հազուադէպօրէն շփուելով մաքրակրօններու կամ այլ յարակից մասնագէտներու հետ։

Նշուած երկու խումբերն ալ, ի վերջոյ, հակադիր խրամատներու մէջ կը գտնուին՝ իւրաքանչիւրը համոզուած թէ ինք միայն գիտէ Տիկին Արեւը փրկելու ձեւը։

Նոր Սերունդը

Այս երկու խումբերուն միջեւ կանգնած է նոր սերունդ մը՝ տարիքով քսանէն երեսուններու միջեւ հայ երիտասարդներ, որոնք կը փորձարկեն նոր ձեւեր՝ կենսունակ պահելու արեւմտահայերէնը։ Անոնք ոչ մաքրակրօն են, ոչ ալ աւանդապաշտ մտաւորականներ։ Անոնց նուիրումը Տիկին Արեւին անկեղծ է, բայց անոնց գործելակերպը՝ ստեղծագործական, երբեմն խաղով ու արդի։

Այս սերունդը իր սէրը լեզուին հանդէպ կը ցուցաբերէ թուային մշակոյթով՝ փոտքասթեր, YouTube ալիքներ, memes, առցանց հարթակներ եւ ընկերային ցանցեր։ Հաստատութենական իշխանութիւն չունին, բայց ունին տեսանելիութիւն, աշխուժութիւն եւ բնազդային գիտակցութիւն, թէ արեւմտահայերէնը պէտք է ապրի այնպէս ինչպէս որ ան է այսօր, ոչ թէ ինչպէս որ եղած էր։

Անոնց համար Տիկին Արեւը մեծ մայր է՝ գուցէ թոյլ, բայց սիրելի։ Ան կարօտ է մտերմութեան աւելի քան պաշտպանութեան, աւելի զրոյցի քան սուգի։ Թէ արդեօք այս սերունդը պիտի կարողանա՞յ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունենալ կրթական կամ համայնքային կեանքի մէջ՝ տակաւին յստակ չէ։ Բայց անոնց ներկայութիւնը անշուշտ նոր շունչ բերած է արեւմտահայերէնի ոդիսականին։

Ուսուցիչները

Եւ կան ուսուցիչները՝ լեզուի ամենօրեայ պահապանները սփիւռքեան դպրոցներուն մէջ։ Անոնք կը տարբերին բնաւորութեամբ՝ ոմանք խիստ պահպանողներ են, ուրիշներ՝ բաց նորարարութեան։ Շատեր յաճախ կը գտնուին երկմտանքի մէջ՝ մաքրակրօններու պաշտպանողական դիրքին եւ մտաւորականներու մշակութային մօտեցումին միջեւ, եւ միաժամանակ կը փորձեն կապ հաստատել նոր թուային սերունդին հետ։

Վերակենդանացման Քաղաքականութիւնը

Նկատի ունենալով Սփիւռքի աւանդական հաստատութիւններու կողմէ լուրջ ծրագիրներու եւ ֆինանսաւորման պակասը, վերջին տարիներուն Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը՝ արեւմտահայերէնի ծրագիրներու ամենէն կարեւոր հովանաւորներէն մէկն է եւ մեծ ազդեցութիւն ունի հիմնական հարցերու քննարկումներուն մէջ։ Կիւլպենկեանի տարբեր ծրագիրներու օժանդակութիւնը՝ գրական, թուային կամ մանկավարժական, ձեւաւորած է արեւմտահայերէնի գործնական ուղղութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս որեւէ միջամտութիւն՝ ոչ բոլորը համակարծիք են Կիւլպենկեանի տեսիլքին:  Երբ լեզու մը ճգնաժամի մէջ է, նոյնիսկ բարի մտադրութիւն ունեցող օգնութիւնը կրնայ դառնալ վէճի աղբիւր։

Արեւմտահայերէնի պայքարը միայն քերականութեան կամ բառապաշարի հարց չէ․ ան ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ գոյատեւման խնդիր է։ Տիկին Արեւը տարեց է, բայց ան կենդանի է։ Ան կը շարունակէ ապրիլ՝ թէ ICU-ի մէջ, թէ տունը խնամուող, թէ առցանց ընկերացած։ Ան կը շնչէ դասարաններու, գրականութեան եւ աւելի ու աւելի՝ նոր սերունդի թուային աշխարհին մէջ։

Անոր ապագան կախեալ է ոչ մէկ խումբի «յաղթանակէն», այլ բոլոր ժառանգորդներուն՝ մարտիկներու, մտածողներու եւ երազողներու միասնական ձայնէն, որոնք պէտք է վերագտնեն Տիկին Արեւ Մուտեանին միջոցով «խօսելու» եւ ստեղծագործելու կարողութիւնը։

TikTok-էն տաճար վերադառնալու ժամանակն է
Այս արագափոխոխ եւ աղմկալից ժամանակներուն, երբ մարդը կը խեղդուի իմաստի բացակայութեան մէջ, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իսկ հոգին կը մնայ կարօտ մխիթարութեան, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ սկսած է նկատուիլ անակնկալ երեւոյթ մը։ Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, նոր սերունդ մը՝ ժամանակակից աշխարհի դատարկութենէն յոգնած, սկսած է դառնալ դէպի այն, ինչ մոռցուած կը համարուէր՝ աւանդական եկեղեցին։ Աւանդութեան մէջ անոնք կը վերագտնեն կորուսեալ խաղաղութիւն մը եւ նորոգեալ մօտեցում կը ցուցաբերեն Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդին, հոգեւոր ներհայեցող եւ ինքնամփոփ կարգապահութեան ու սրբութեան։

Catholic Herald-ի մէջ հրապարակուած յօդուած մը կը նշէ. «Ոչ միայն գոթական տաճարներու կամ լատին պատարագի փակ շրջանակներու մէջ, այլեւ երիտասարդ ամերիկացիներու սրտերուն մէջ, որոնք, մշակութային բոլոր հոսանքներուն հակառակ, հոսանքն ի վեր կը թիավարեն դէպի Կաթողիկէութիւն։ Այս երեւոյթը տարակուսանքի կը մատնէ թէ՛ աշխարհիկ վերնախաւերը, եւ թէ՛ ազատամիտ բողոքականները։ Ինչպէ՞ս կարելի է, քայքայումի եւ թուային ոչնչապաշտութեան (nihilism) այս դարաշրջանին, կարգ ու կանոնի, ծէսի եւ խոստովանութեան Եկեղեցին ընկալել՝ իբրեւ «գրաւիչ» (cool)»։

Այս սերունդը, որ ժառանգած է ոչ թէ իմաստ, այլ ալկորիթմեր՝ նախատեսուած գուշակելու նոր սերունդին քայլերը` առանց ըմբռնելու անոր հոգիին խորութիւնը, այսօր կ’ապրի հոգեւոր սովի մէջ։ Ազնուութեան, աղօթքի եւ խորհրդաւոր լռութեան փոխարէն, անոնց տրուած է անզգայացնող «TikTok-բուժում» մը՝ աւելի բթացնող քան մխիթարող։ Եւ երբ հոգածութեան անունով կը վաճառուին «ինքնասիրութեան» մեթոտներ՝ փափուկ բառերով եւ մշուշոտ խոստումներով, շատերու մէջ ծնունդ կ’առնէ խոր եւ անբացատրելի պակաս մը, ներքին բաւարարութեան մը փնտռտուքը, զոր ո՛չ մէկ պայծառ էքրան կրնայ լեցնել։

Թուային աշխարհը այսօր վերածուած է միջոցի մը, որ անցած է մարդկային բարոյականութեան սահմանները, ուր ատելութիւն, բամբասանք, հայհոյանք, մակերեսայնութիւն եւ կեղծիք ոչ միայն նսեմացուցած են մարդուն բարոյական գիտակցութիւնը, այլ նաեւ աղաւաղած մարդկային էութիւնը: Այս աշխարհին շլացուցիչ գրաւչութիւնը մեզ սորվեցուցած է բաւարարուիլ մակերեսային գեղեցկութեամբ, արուեստական բաւարարուածութեամբ եւ անցողիկ զգացումներով, որոնք կու գան ու կ՚անհետանան կայծակնային արագութեամբ։ Բայց այս փայլքը ժամանակաւոր կրկներեւոյթ (mirage) մըն է։ Այսօրուայ մարդը՝ մանաւանդ երիտասարդը, զգայուն է այս դատարկութեան ճշմարտութեան նկատմամբ։ Ան կը զգայ, որ հոգին սոված է, արմատները՝ կտրուած։ Ու այսպէս, ի վերջոյ, ինչ որ կը փնտռէ՝ զուարճանք կամ վայրկենական հաճոյք չէ, այլ իմաստ մը, որ չի խամրիր։

Եւ ահա հոս կը սկսի բացուիլ ուղի մը՝ ոչ դէպի նորութիւն, այլ դէպի մոռցուած արմատները. դէպի աւանդութիւն, դէպի հաւատք, դէպի այն հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ տարիներ շարունակ լոյսը պահած էր լռութեան մէջ։ Թուային աշխարհը, որ ժամանակ մը հաւատքը փոխարինելու մեծխօսիկ յաւակնութիւնը ունէր, այսօր ինք կը բացայայտէ իր ամլութիւնը՝ փայլուն կեղեւ մը առանց հոգիի։ Թուային աշխարհը չի ճանչնար լռութեան խորութիւնը, եւ չի կրնար տալ այն մխիթարութիւնը, որ միայն հաւատքին խորքէն կը բխի։

Ժամանակն է, որ Եկեղեցին վերադառնայ իր իսկական կոչումին, ոչ որպէս կառոյց, այլ որպէս բաբախող սիրտ։

Ինչպէս Եղիշէ Արքեպս. Դուրեան, պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ (1909-1911) եւ ապա Երուսաղէմի (1921-1930), ըսած է՝ «[Եկեղեցին] զոր ո՛չ փայտակերտ աղօթարանի եւ ո՛չ քարաշէն տաճարի նիւթական նշանակութեամբ կ’իմանանք, այլ կ’ըմբռնենք մա՛նաւանդ այն եկեղեցին՝ որ «սեպհական ժողովուրդ» կը թարգմանուի:»

Մարդը որքա՜ն կարիքը ունի հոգեղէն մաքրումի, յոյսի եւ լոյսի՝ բաներ, որոնք այսօրուան քաղաքական ժխորին մէջ, աշխարհը չի կրնար տալ այլեւս։ Այս օրերուն, երբ կարծէք մեզի հասած աշխարհը կը կքի իր իսկ ստեղծած հիմքերուն տակ, Եկեղեցին կոչուած է վերազարթնելու՝ ոչ որպէս անցեալի շքեղ յուշարձան, այլ որպէս ներկայի կենդանի աղբիւր։ Աղբիւր մը, որուն ջուրերէն կը հոսին սէր եւ ճշմարտութիւն։ Աղբիւր, ուր Աստուած կը սպասէ հայրական հոգատարութեամբ։ Եւ երբ երիտասարդը կը տեսնէ, թէ այս լոյսը դեռ չէ մարած, չի մօտենար որպէս ճամբորդ ու զբօսաշրջիկ, այլ որպէս զաւակ, որ երկար թափառումէ ետք իր տունը կը վերադառնայ։

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Սփիւռքի կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ
Քանի մը ամիս առաջ, «Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն» վերնագրով յօդուածի մը մէջ անդրադարձած էի, թէ ինչպէս Սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են, թէ  սփիւռքեան ղեկավարութեան քանակական եւ որակական նօսրացումը հիմնական ու գոյութենական խնդիր է, եւ կառոյցները չեն յարմարած 21-րդ դարու իրականութիւններուն։ Առանց արմատական ինքնաքննադատութեան, երիտասարդներու եւ կանանց ներգրաւման, բաց երկխօսութեան եւ ժամանակակից աշխատելակերպի որդեգրման, կառոյցները դատապարտուած են աստիճանաբար կազմալուծուելու։ Միասնականութեան մասին դատարկ կարգախօսերը գործնական քայլերով պէտք է փոխարինուին՝ նոր տեսլականով ու նոր առաջնորդներով՝ հիմնուած վստահութեան, արդիական մեթոտներու եւ համադրուած ջանքերու վրայ։

Այս յօդուածին մէջ կը փափաքիմ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան վրայ եւ որոշ գործնական առաջարկներ ընել:

Անուրանալի է, որ տասնամեակներու ընթացքին, սփիւռքեան ազգային կամ համայնքային կառոյցները — եկեղեցին, միութիւններ, կուսակցութիւններ, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ —համայնքային կեանքի ողնաշարը եղած են։ Անոնք ջամբած են հայրենասիրական ոգի, փոխանցած են հոգեւոր դաստիարակութիւն, մշակոյթ ու լեզու, եւ ստեղծած են պատկանելիութեան մթնոլորտ մը աշխարհի տարբեր ծագերուն տարածուած հազարաւոր հայերու համար։ Սակայն, ժամանակները փոխուած են։ Նոր սերունդի մտածողութիւնը, աշխարհահայեացքը ու սպասումները այլ են։ Իսկ հարցումը, որ կը մնայ անպատասխան՝ սերունդներու այս կամուրջը ինչպէ՞ս պիտի կերտուի կամ ձեւաւորուի։

Կառոյցը միջոց Է, ոչ՝ նպատակ

Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըմբռնել պարզ բայց կարեւոր իրողութիւն մը՝ ազգային կառոյցները ինքնին նպատակ չեն։ Ակումբը, միութիւնը կամ կուսակցական կառոյցը միջոցներ են, ոչ թէ վերջին կայարան։ Այդ կառոյցները կը գործեն որպէս անցումային օղակներ, որոնք մարդը կը կապեն իր ինքնութեան, մշակոյթին ու արմատներուն։ Սակայն երբ կառոյցը դառնայ ինքնանպատակ՝ առանց հաշուի առնելու թէ ո՞վ ներգրաւուած է եւ ինչո՞ւ, ան կը դադրի կենսունակ ու իմաստալից ըլլալէ։

Շատ յաճախ հայկական կազմակերպութիւններու քննարկումներուն մէջ բացակայ է այս ճշմարտութիւնը։ Կարծրացած է այն ենթադրութիւնը, որ «ակումբ»ը կամ «համայնքային կեդրոնը» կամ նոյնիսկ եկեղեցին, բոլորին կողմէ նոյն կերպ կը մեկնաբանուի, կամ բոլոր «օգտատէրները» նոյն հետաքրքրութիւնը, ակնկալութիւնները ունին, նոյն գնահատականը կընեն: Որեւէ լուրջ կազմակերպութեան մը ղեկավարութիւն պէտք է ունենայ այն խոնարհութիւնն ու իրատես կամքը՝ հարց տալու, թէ «Ի՞նչ կ՛ուզեն մեր երիտասարդներն ու նորահաս սերունդները։ Ի՞նչ կ՛ակնկալեն տեսնել մեր կազմակերպութիւններուն մէջ»։

Փաստերը ի՞նչ կըսեն

Ըստ վերջին տարիներուն հայկական սփիւռքի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն (1), սփիւռքի կազմակերպութիւններու դերին մասին 16-35 տարեկան հայ երիտասարդներուն մօտ քանի մը կարեւոր մտածումներ կը նկատուին։ Շատեր յատկապէս անջատուած կը զգան համայնքային կազմակերպութիւններէն եւ անոնց առաջնորդներէն։ Օրինակ՝ Մոնթրէալի մէջ, Քեպէք ծնած երիտասարդուհի մը կըսէ, թէ հայկական վարժարանին մէջ չէր կրնար ընդունուած կառոյցի կարծիքէն տարբեր կարծիք յայտնել. թոյլատրելի չէր։ Ըստ 2019-ին Արժանթին, Մոնթրէալ եւ Լիբանան կատարուած ուսումնասիրութեան, 16-24 տարեկաններու 84 տոկոսը եւ 25-34 տարեկաններու 76 տոկոսը հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կապ չունէր։ Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Թորոնթոյի մէջ 2022-ին, ուր բոլոր տարիքի մասնակցողներու մեծ մասը՝ յատկապէս երիտասարդները, համայնքային կուսակցական կազմակերպութիւններուն մէջ գործուն մասնակցութիւն չունէին։

Երիտասարդներու մեծ մասին համար համայնքային կազմակերպութիւններու ծրագրերը չեն հետաքրքրեր զիրենք։ Ըստ 2019-ի ուսումնասիրութեան, 34 տոկոսը նշած էր, որ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն չհամապատասխանող ծրագրերու պակասը լուրջ խնդիր է։ Ըստ 2021-ի Եւրոպայի համայքներու արդիւնքներու, 16-24 տարեկաններու 56 տոկոսը առաջնահերթ կը նկատէր հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, հայկական խոհանոցի եւ պարի շուրջ դասախօսութիւններու եւ միջոցառումներու կազմակերպումը։ Նմանապէս, ըստ 2022-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Թորոնթոյի մէջ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներու, «երիտասարդներու համար հետաքրքրական միջոցառումներու բացակայութիւնը» հիմնական խնդիր էր 18-24 տարեկաններու (46%) եւ 25-34 տարեկաններու (34%) համար։

Կարճ ասած, այս տարիքային խումբերը կը զգան թէ չեն ներկայացուիր եւ հեռացած են աւանդական կառոյցներէն։ Որակական հարցազրոյցներու ընթացքին երիտասարդ մասնակիցներ նշած են, որ համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն եւ չեն արտայայտեր ամբողջ համայնքի կարծիքը։ Շատեր կը նշեն, որ կուսակցութիւնները եւ աւանդական կառոյցները չեն արդիականացած եւ չեն արտացոլեր նոր սերունդի մտածելակերպը։ Այդուհանդերձ, կրթական եւ մշակութային ծրագրերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ բարձր է. 2022-ին, Թորոնթոյի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ 18-24 եւ 25-34 տարեկան երիտասարդներու համար «համայնքի տարանջատումը» կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն։

Նոր սերունդը լսել, ոչ թէ ենթադրել

Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն որ եթէ իրենք որոշ ծրագրեր յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք։ Սակայն այս մօտեցումը չի համապատասխաներ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն։ Այսօրուան նոր սերունդը կը փնտռէ իմաստ, ինքնութիւն, տարածք, ուր իր ձայնը նշանակութիւն ունի։

Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է սկսիլ լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին համայնքէն, եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եւ ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութիւններէն։

Այս գործընթացը կրնայ շօշափելի կերպով իրագործել`ստեղծելով երիտասարդական խորհուրդներ, կազմակերպելով բաց ֆորումներ եւ քննարկումներ, ուր պատանիներու եւ երիտասարդութեան ձայնը ոչ միայն կը հնչէ եւ կ՚արձանագրուի, այլ կը դառնայ առաջնորդող ուղեցոյց։

Նոր մեթոտներ նոր սերունդին համար

Համայնքներու ապագան կախեալ է նոր սերունդէն, որ այսօր լուռ է, բայց ունի ձգտում եւ տեսլական։ Կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ, ուր երիտասարդները կը լսեն, այլ հարթակ՝ ուր անոնք կը խօսին։

Անհրաժեշտ է ստեղծել առցանց եւ արհեստագիտական հարթակներ՝ խթանելու կապեր եւ համագործակցութիւն։ Միայն ֆիզիքական ներկայութիւնը այլեւս բաւարար չէ՝ այսօրուան ժամանակակից երիտասարդին հասնելու համար։

Երիտասարդներուն համար պէտք է մշակել անձնական եւ մասնագիտական զարգացման ծրագրեր. Օրինակ՝ հիւր խօսողներու մասնակցութեամբ քննարկումներ, ձեռնարկատիրութեան ու ինքնարտայայտման աշխատանոցներ, որոնք կ՚ամրացնեն կապը ազգային պատկանելիութեան եւ անհատական կերտումին միջեւ։

Սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, «ազգային ծառայութիւն», «յանձնառութիւն» եւ «պարտականութիւն» քարոզելէ առաջ, նախ մարդ  կերտելով պէտք է զբաղին. Նկարագիր եւ ինքնութիւն ձեւաւորելու մասին մտածել: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք դեր ունի համայնքին մէջ, ոչ թէ միայն ունկնդիր է: Երիտասարդներուն ներշնչել, լիցքաւորել եւ ուղեկից ըլլալ անոնց որպէս գործակիցներ։ Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք համայնքի ձեւաւորման մասնակից է, ոչ միայն ստացող։

Ճկուն եւ երիտասարդակեդրոն մօտեցումները պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ ծրագրերու քանակով, այլ անոնց ազդեցութեամբ։ Հարցը այլեւս «ինչպէ՞ս անոնք կրնան մեզի միանալ» չէ, այլ՝ «ինչպէ՞ս մենք կրնանք իմաստալից ըլլալ անոնց աշխարհին մէջ»։

Վերջերս Վարագ Գեթսեմանեան (2) Լիբանանահայ համայնքի հիմնական խնդիրներու մասին դիպուկ յօդուածի մը մէջ մատը վէրքին վրայ դրած էր: Այսօր յստակ տեսանելի է, որ հաստատութենական համակարգը անկարող է նոր հայեցակարգեր ձեւաւորելու։ Ան «կը շարունակէ շարժիլ աւանդոյթի ուժով միայն, հանրային, համայնքային եւ ազգային կեանքը սահմանափակելով հետաքրքրութիւններու շատ նեղ եւ շատ յաճախ ժամանակավրէպ օրակարգերով», կընդգծէ Դոկտ. Գեթսեմանեան։ Շատեր, դժգոհ համակարգի մտաւորական պարապութենէն, կը ձգտին դուրս գալու անոր սահմաններէն՝ արարելու նոր տարածքներու մէջ։ Սակայն անոնք կը բախին կարծրացած ինքնութեան շրջանակներու, որոնք արգելք կը հանդիսանան նորարարութեան։

Եթէ եկեղեցին, կուսակցութիւնները եւ համայնքային մշակութային, ուսումնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները իսկապէս լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա անոնք պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդոյթներու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն այնպիսի ներառարական ու ստեղծագործ միջավայրեր, ուր երիտասարդութիւնը կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել իր կարողութիւնները։

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան (https://oxbridgepartners.com/hratch/) ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հայկական հաստատութենական նորարարութեան ծրագրային հեղինակ եւ գործադիր է:

(1) «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ», Armenian Diaspora Survey, 2019, 2021, 2022. www.armeniandiasporasurvey.com.

(2) «Ազդակ», 14 Ապրիլ 2025. https://www.aztagdaily.com/archives/646001. Տես նաեւ «Տարբերակ 21»ի խմբագրին հետ Գեթսեմանեանի զրոյցը,

(3 Մայիս 2025).

Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Վերջին տարիներուն, սփիւռքի կառոյցներու եւ ղեկավարութեան հարցը դարձած է աճող եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը։ Ապագան մշուշոտ է, իսկ ներկայ վիճակը՝ յուսախաբեցնող։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով՝ «Կը գտնուինք անդունդի եզրին: Համապատասխան դիրքորոշումներ պէտք է որդեգրենք՝ հեռու ամէն տեսակ անիրատես մօտեցումէ ու մակերեսային դատողութենէ:»(1)

Ժամանակն է կարկինը աւելի լայն բանալու եւ արմատական հարցերու մասին խօսելու։

Բացառութիւնները յարգելով, այսօր սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները կը նմանին լքուած շէնքերու, ուր անցեալի փառքը տակաւին յայտնապէս տեսանելի է, տէրերը, դեռ տեղ մը գոյութիւն ունին, բայց շատ քիչ բնակիչներ մնացած են: Ղեկավարները տեղ մը տակաւին ներկայ են, բայց անդամները, յատկապէս երիտասարդները, կա՛մ բացակայ են, կա՛մ ալ ներգրաւուած չեն: Ներկան ապրելու եւ ապագայ կերտելու ուժը զգալիօրէն թուլցած է: Ցեղասպանութենէն ետք, այս կազմակերպութիւնները կառուցուած էին ժամանակի պահանջներուն համապատասխան, երբ սփիւռքը նոր կը ձեւաւորուէր, երբ գաղթական հայութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն ունէր համախմբուելու, կեանք վերակերտելու եւ ինքնութիւն պահպանելու, կազմակերպուելու։ Սակայն ժամանակները փոխուած են, իսկ կառոյցները՝ ոչ։

Երբեմնի աշխուժ ու կենսունակ այս կառոյցները խորքային վերանորոգում եւ նոր շունչ կը պահանջեն, սակայն կը թուի, թէ անոնց ղեկավարները ո՛չ յստակ նպատակներ ունին, ո՛չ ալ բաւարար միջոցներ։ Փոխարէնը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, անոնք իրենց կազմակերպութիւնները վերածած են թանգարաններու, ուր իրենց ու անցորդներուն համար կը պահպանեն անցեալի վաստակի փայլքը՝ առանց ապագայի տեսիլքի, յոյսի կամ լուրջ ծրագիրներու։

Ղեկավարութեան խնդիրը միայն տեսական հարց չէ։ Վերջին տարիներուն, Սփիւռքի մէջ կատարուած հարցախոյզերը եւս պատկերացուցած են այս հարցը։ Սփիւռքահայ համայնքներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները զգալի մտահոգութիւններ կը բացայայտեն ղեկավարութեան մասին։ Տեսլական ունեցող եւ ուժեղ ղեկավարութեան պակասը կը նկատուի համայնքային կեանքի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը (2)։ Համայնքային ղեկավարներու եւ համայնքի անդամներու միջեւ կապը խզուած է, իսկ անդունդը՝ օրըստօրէ կը խորանայ։

Իրականութիւնը այն է, որ Սփիւռքը 21-րդ դարուն կտրուկ կերպարանափոխուած է, սակայն մեր կառոյցները չեն յարմարած այս փոփոխութիւններուն։ Այսօր սփիւռքը չունի իր պահանջներուն համաձայն ղեկավարներ, որոնք կրնան իսկապէս առաջնորդել եւ վերակազմակերպել զայն։ Եթէ նման ղեկավարներ գոյութիւն ունենային, այսօր այս խնդիրներուն մասին անընդհատ պիտի չխօսէինք։ Ղեկավարութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն գոյութիւն ունեցող իրավիճակը կառավարելով, այլ պէտք է գծէ ու կերտէ ապագան, ցանէ ու սերմանէ հունտերը եւ մշակէ հիմքերը, այլապէս ան պարզապէս կը վերածուի վարչական պաշտօնի՝ առանց որեւէ խորքային ազդեցութեան։

Ղեկավարութեան ամէնէն էական պարտականութիւններէն մէկը կառոյցին մշտական թարմացումին եւ կենսունակութեան ապահովումն է։ Այս հարցերը ղեկավարները նախ իրենք իրենց պէտք է ուղղեն եւ անկեղծութեամբ հայելիին նային: Ո՞րն է իմ կառոյցիս կամ կազմակերպութեանս առաքելութիւնը ԱՅՍՕՐ։ Ի՞նչ նպատակներ պէտք է իրականացնեմ, ի՞նչ ձեւերով, եւ ի՞նչ միջոցներով։ Ի՞նչ դերակատարութիւն ունի երիտասարդութիւնը եւ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը տրուին անոր։ Քանի՞ կին անդամներ ունին մեր որոշումներ կայացնող բարձրագոյն ղեկավար մարմինները։ Քանի՞ 25-35 տարեկան երիտասարդ մաս կը կազմէ ղեկավարութեան։

Այս եւ այլ հիմնական հարցերը լոկ ձեւական ուսումնասիրութեան համար չեն, այլ գոյութենական խնդիրներ են, որոնք եթէ չգտնեն իրենց լուծումը՝ կառոյցները դատապարտուած են աստիճանական փլուզումի։

Առանց անկեղծ ներհայեցողութեան, ինքնասրբագրումի եւ ներքին «յեղափոխութեան»  անհնար է «հետեւորդներու» կամ «շարքայիններու» ուղղութիւն եւ յոյս տալ, ու աւելի էականը՝ նախընտրելի ապագայի մը ճանապարահագարտէզը ուրուագծել :

Սփիւռքի միասնականութեան կոչեր կամ կենացներ

Ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկն այն է, որ երբ խօսքը «համասփիւռքային», «միասնական» կամ «միացեալ» նախաձեռնութիւններու մասին է, անոնք յաճախ կը մնան անհասցէ եւ դատարկ կարգախօսներ։ Ո՞րոնք են այդ յայտարարութիւններուն հասցէատէրերը.- ո՞ր կրօնական հաստատութիւնը, ո՞ր կուսակցութիւնը, ո՞ր կազմակերպութիւնը կամ կառոյցը: Շատ մը ղեկավարներ, որոնք նման կոչեր կ՛ուղղեն, իրականութեան մէջ կը ձգտին համայքային կազմակերպութիւնները համախմբելու իրենց ծրագիրներուն շուրջ՝ առանց իրական երկխօսութեան, փոխադարձ հասկացութեան կամ յարգանքի։ Այսինքն, անոնք չեն ձգտիր հարցերուն շուրջ բաց քննարկումներու եւ համախոհ լուծումներու, այլ պարզապէս կը փորձեն միւսները բերելու իրենց կողմը՝ առանց երկուստեք գաղափարական կամ մարտավարական զիջումներու կամ յարմարեցումներու։ Շատ անգամ, նման յայտարարութիւններ տկարութեան նշան են, այսինքն՝ ո՛չ մտածուած եւ մշակուած ծրագիր կայ ո՛չ ալ անհրաժեշտ միջոցները: Իսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնք արդէն իրենց տնային աշխատանքը կատարած են եւ միջոցներ ձեռք բերած, աշխատանքը կը տանին առանց սպասելու այլ կառոյցներու «միասնութեան» կամ «համագործակցութեան:»

Վերջերս, յօդուածի մը մէջ (3), սրտցաւ եւ մտահոգ կուսակցական մը կը մատնանշէր իր կառոյցին հիմնական հարցը՝

[Շարքայիններու] ըմբոստութիւնը առիթ մը պէտք է հանդիսանար եւ հանդիսանայ… որ վերանային եւ քննարկեն կուսակցութեան ընդհանուր կառուցուածքը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը։ Այստեղ կառուցուածք ըսելով պէտք է հասկնալ անոր պատմութիւնը, կազմակերպական կառոյցը, աշխարհընկալումը, քաղաքական դերակատարութիւնը, ծրագիրը, այլ խօսքով ամէն ինչ որ կ՚առընչուի կազմակերպութեան հետ, որպէս գաղափարներ եւ կազմակերպութիւն»:

Յօդուածագիրը ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կը մատնանշէ, թէ ինչպէս իր կուսակցութիւնը—եւ ես պիտի աւելցնէի սփիւռքեան «դասական» այլ կառոյցները— իրենց պատմութիւնը եւ դերակատարութիւնը «առասպելականացուցած» են եւ իբրեւ այդպիսին «անքննելի» են: «Այս սրբացումը, որ շեշտուած է մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի» կազմակերպութիւններու անդամներուն մէջ, «ժամանակի ընթացքին այլամերժութեան հոգեվիճակ ստեղծած է» կառոյցներուն մէջ:

Այստեղ մեր քննարկումին համար կարեւոր չէ ո՞ր կուսակցութեան մասին է խօսքը, ըսուածը բոլոր սփիւռքեան «դասական» կառոյցներուն կը վերաբերի:  Սփիւռքի ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ լոկ անցեալի ձեռքբերումներով, այլ ապագայի համարձակ եւ խորաթափանց տեսլականով։ Այժմ ժամանակն է ոչ թէ միայն խօսելու «համասփիւռքեան միասնականութեան» մասին, այլ իրական, գործնական քայլերու դիմելու՝ նոր տեսլականով, նոր մեթոտներով եւ նոր առաջնորդներով։

Սփիւռքի կազմակերպութիւնները վերակենդանացնելու համար անհրաժեշտ է ինքնաքննադատութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ աշխատելակերպի ու ոճի վերանայում: Սփիւռքեան կառոյցները պէտք է յստակեցնեն իրենց առաքելութիւնն ու նպատակները՝ ստեղծելով բաց երկխօսութեան հարթակներ ղեկավարներու եւ անդամներու միջեւ։ Երիտասարդներու ներգրաւումը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն՝ զիրենք ընդգրկելով որոշում կայացնող մարմիններուն մէջ եւ օգտագործելով թուային արհեստագիտութիւններ՝ զանոնք հասանելի դարձնելու նպատակով։ Կանանց ներգրաւումը եւ ղեկավարութեան մէջ անոնց ընդգրկումը, ցանցային եւ ճկուն կառավարման մեթոտներու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ՝ համայնքային կազմակերպութիւններու համար համագործակցային նոր ձեւաչափերու փորձարկումն ու գործադրութիւնը կրնան նպաստել աւելի ժամանակակից եւ կենսունակ կառոյցներու ստեղծումին։ Գաղափարախօսութիւնը գործնական ու կիրարելի պէտք է ըլլայ եւ ոչ միայն «դաւանանք»: Անցեալի սխալներու գիտակցութիւնը եւ քննական մօտեցում որդեգրելը, դասեր քաղելը եւ նոր մօտեցումներ ներմուծելը կրնան հնարաւորութիւն տալ կառոյցներուն ձերբազատելու անքննելի առասպելներէ եւ ականջալուր ըլլալու 21-րդ դարու պահանջներուն։ Վերջապէս, նոր ղեկավարներու պատրաստութիւնը,  սփիւռքի այլ կառոյցներու յաջողած օրինակներու որդեգրումն ու յարմարեցումը կրնան ապագայասլաց, կենսունակ ու արդիւնաւէտ ղեկավարութիւն ձեւաւորել:

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան (www.hratch.info) ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հայկական հաստատութենական նորարարութեան ծրագրային հեղինակ եւ գործադիր է:

Երեւանի մէջ ընթերցուած Արամ Վեհափառի ուղերձը, «Երկիր» 26 Փետրուար 2025. https://yerkir.am/hy/article/2025/02/26/287852:

Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ (2019, 2021, 2022), տես՝ www.armeniandiasporasurvey.com

«Նոր Յառաջ», 6 Փետրուար 2025, էջ 6:

Միջազգային նպաստաւոր դիմագիծ ստեղծելու Ազէպէյճանի ռազմավարութիւններն ու մարտահրաւէրները
Դոկտ Հրաչ Չիլինկիրեանի գրչին պատկանող սոյն յօդուածը անգլերէնով լոյս տեսած է EVN Report կայքէջին մէջ: Զայն կու տանք թարգմանաբար:

Հրաչ Չիլինկիրեան

Ազրպէյճանի պետութիւնը համակարգուած ջանքեր ի գործ կը դնէ բարելաւելու իր միջազգային դիմագիծը 2020-ին տեղի ունեցած Արցախի երկրորդ պատերազմէն, եւ մասնաւորաբար՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ հետագային կազմակերպուած հայերու էթնիք զտումէն ետք: Պաքու հարիւրաւոր միլիոններ կը ծախսէ եւ հսկայական միջոցներ կը սպառէ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդիական, կենսուանակ եւ ազդեցիկ պետութիւն մը, ինչպէս կ’արտացոլայ նախագահ Ալիեւի «Ազրպէյճան 2030. Ազգային առաջնահերթութիւններ ի խնդիր ընկերային-տնտեսական զարգացման»:

Ինչպէս Եորտի Սուքլա կը գրէ իր վերջերս հրատարակած յօդուածին մէջ.

«Կանաչ տնտեսութիւնը, վերանորոգուող ուժանիւթը, տարածաշրջանին մէջ մնացած հակահետեւակային ականներու մաքրագործումի միջազգային համագործակցութիւնը եւ գերարդիական գիւղերու կառուցումը կը հանդիսանան այն տարրերը, որոնց միջոցով կառավարութիւնը կը միտի Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային դիմագիծը ներկայացնելու: Ենթակառոյցներու շինութիւնը եւ հակահետեւակային ականներու մաքրագործումը հիմքը կը հանդիսանան հակամարտութեան հետեւանքով [ազրպէյճանցի] տեղահանուածներու «մեծ վերադարձի» իրականացման…Ազրպէյճան որոշուած էր իբրեւ 2024 թուականի Նոյեմբերին COP29-ի կազմակերպիչ երկիրը: Անիկա կը հետեւի Նորվեկիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կամ Սէուտական Արաբիոյ նման երկիրներու, որոնք իրենց դերը որպէս հանածոյ վառելանիւթի հիմնական արտադրողներ կը հաւասարակշռեն վերանորոգուող ուժանիւթի արտադրութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նախաձեռնութիւններու մէջ առաջնորդելու ջանքերով»:

Միջազգային դիմագիծ կերտելու Պաքուի ջանքերը, որոնք մեծապէս հիմնուած են Հայաստանի եւ հայերու հետեւողական սատանայականացման վրայ, կ’ընդգրկեն մշակութային դիւանագիտութիւնը, տնտեսական վաճառանիշի ստեղծումը (branding), մարզական նախաձեռնութիւններ եւ ռազմավարական բնոյթի հասարակական յարաբերութիւններ: Այս նախաձեռնութիւնները կը միտին ձեւաւորելու ընկալումներ եւ հաստատելու Ազրպէյճանի դերը թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ համաշխարհային գետնի վրայ: Թէեւ Ազրպէյճանի բազմաբեւեռ եւ բազմակողմանի քաղաքականութիւնը զգալի արդիւնքներ տուած է, սակայն անոնց արդիւնաւէտութիւնը հիմնական խոչընդոտներ եւ յամեցող մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն:

Մշակութային դիւանագիտութիւն

Ազրպէյճան իր մշակութային ժառանգութիւնը կ’օգտագործէ որպէս հիմնաքար իր փափուկ ուժին՝ ինքզինք ներկայացնելով որպէս քաղաքակրթութիւններու կամուրջ մը՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին վրայ: Այս ջանքերուն մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն մշակութային փառատօները եւ ձեռնարկները, որոնք կը նշեն «ազրպէյճանական աւանդոյթներ»: Ուշագրաւ օրինակներ են Պաքուի Ճազի եւ Մուղամի երաժշտութեան փառատօները, որոնք կը շեշտեն երկրին երաժշտական ժառանգութիւնը: Բաց աստի, գորգագործութեան նման աւանդական արհեստները եւ մուղամի երաժշտութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ ճանչցուած են համաշխարհային աննիւթեղէն մշակութային ժառանգութեան մէկ մասը:

Ազրպէյճանի մշակութային դիւանագիտութեան կեդրոնական թեման հիմնուած է «բազմամշակութայնութեան» շեշտադրումին վրայ։ Ան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ կրօնական եւ մշակութային հանդուրժողականութեան երկիր մը՝ ընդգծելով իսլամութեան, քրիստոնէութեան եւ մովսիսականութեան ենթադրեալ ներդաշնակ համակեցութիւնը։ Այս մօտեցումը կը միտի ներգրաւելու համաշխարհային շահագրգիռ կողմերը, որոնք ներդաշնակութեան օրինակներ կը փնտռեն բաժնուած այս աշխարհին մէջ։

Ազրպէյճանի մասին տեղեկագրի մը մէջ, «Forum 18»-ը՝ մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան նորվեկիական-դանիական-շուէտական հասարակական կազմակերպութիւնը, կ’ընդգծէ կրօնի շարունակուող շահագործումը պետական գործերուն մէջ.

«[Ազրպէյճանի] իշխանութիւնները, իրենց կողմէ ազդուած կամ կաշառուած օտար կողմնակիցներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջոցով, «հանդուրժողութեան», «երկխօսութեան», «բազմամշակութայնութեան» եւ նմանատիպ հասկացողութիւններու պնդումներով կը փորձեն հերքել վարչակարգին կողմէ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներու իրողութիւնը։ Օրինակ՝ կրօնական առաջնորդներու պատուիրակութիւնները կը գործածուին քարոզչական նպատակներով, երբ վարչակարգը միջազգային առեւտրական համաձայնագիրներու կը ձգտի»։

«Ղարաբաղի յաղթանակէն» ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը աշխուժացուց իր ջանքերը՝ երկիրը ներկայացնելու իբրեւ բազմամշակութայնութեան եւ կրօնական հանդուրժողութեան կեդրոն մը։ 25 Նոյեմբեր 2020-ին, ժողովրդին ուղղուած իր ճառին մէջ, նախագահ Ալիեւ հպարտութեամբ յայտարարեց. «Ազրպէյճանի բազմամշակութայնութեան եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը կը գովաբանեն ամբողջ աշխարհը եւ աշխարհի ղեկավարները»։ Սակայն, այս երկարատեւ եւ լայնածաւալ արշաւը զգալի վնաս կը հասցնէ նոյնիքն ազգային եւ կրօնական այն համայնքներուն, զորս կը յաւակնի աջակցիլ եւ պաշտպանել: Ազրպէյճանի Կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական յանձնաժողովը այժմ կը վերահսկէ իսլամական կրթական բոլոր հաստատութիւնները, կը գրաքննէ բոլոր դաւանանքներու կրօնական գիրքերը եւ կ՛որոշէ թույլատրել թէ ոչ պաշտամունքի վայրերու կառուցումը կամ վերանորոգութիւնը»։

Մարզական դիւանագիտութիւն

Ազրպէյճան զգալի ներդրումներ կատարած է սփորի մարզին մէջ՝ իր համաշխարհային ներկայութիւնը խթանելու համար։ Որպէս կեդրոնական ռազմավարութիւն, երկիրը որդեգրած է սփորի միջազգային մեծածաւալ իրադարձութիւներու հիւրընկալութիւնը։ 2015 թուականին՝ Եւրոպական խաղերը, 2016 էն ի վեր կազմակերպելով Պաքուի Formula 1-ի Ազրպէյճանի «կրան-փրի»ն եւ ըմբշամարտի ու ձիարշաւի աշխարհի ախոյեաննութիւններ կազմակերպդլով, Ազրպէյճան ապացուցած է, որ կրնայ բարձր մակարդակի մրցումներ կազմակերպել:

Բացի ատկէ, Ազրպէյճանցի մարզիկները մասնակցած են ըմբշամարտի, բռնցքամարտի եւ ձիարշաւի՝ մարզաձեւեր, որոնք վերածուած են ազգային հպարտութեան խորհրդանիշերու։ Մարզական արդիական հաստատութիւններու կառուցումը, ներառեալ՝ Պաքուի Օղիմպիական մարզադաշտը, որ ծանօթ է որպէս «ճարտարապետութեան խորհրդանիշ» մը, կը փաստէ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդի եւ մրցունակ երկիր մը։

Տնտեսական վաճառանիշի ստեղծումը (branding)

Ազրպէյճանի տնտեսական ինքնութեան ստեղծումը (branding) կեդրոնացած է իբրեւ ուժանիւթի գլխաւոր արտադրող երկիր մը իր դերին եւ տնտեսական այլազանութիւն յառաջացնելու ջանքերուն վրայ։ Երկիրը առնցքային դեր ունի Եւրոպայի ուժանիւթի ապահովութեան մէջ՝ ենթակառոյցներու մեծ ու կարեւոր ծրագիրներու, ինչպէս՝ Հարաւային կազատար միջանցքը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան (BTC) խողովակը, որոնք բնական կազ եւ նաւթ կը մատակարարեն համաշխարհային շուկաներու։

Ուժանիւթի մարզէն զատ, Ազրպէյճան կը ձգտի ինքզինք հաստատելու իբրեւ առեւտուրի, փոխադրութեան, պահեստավորում եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն մը։ Իր «ռազմավարական դիրքը» պատմական Մետաքսի ճամբուն վրայ կը ներկայացուի որպէս առեւտուրի դարպաս մը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ։ «Ազրպէյճան. անգամ մըն ալ տե՛ս» քարոզարշաւներուն միջոցով երկիրը լուսարձակի տակ կ’առնէ իր բնական գեղեցկութիւնը, պատմական վայրերը եւ ժամանակակից ճարտարապետութիւնը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով իբրեւ զբօսաշրջային ներուժին վրայ։

Դիւանագիտական յանձնառութիւն

Ազրպէյճանի դիւանագիտական ջանքերը ուղղուած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ երկրին ազդեցութեան ամրապնդման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման։ Որպէս անդամ Ոչ-յանձնառու երկիրներու շարժումին, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (OIC) եւ Ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման GUAM կազմակերպութեան (որուն նախագահութիւնը Պաքու ստանձնած է 2024-ին), Ազրպէյճան կը միտի հիմնական դեր խաղալու տարածաշրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութիւններուն մէջ՝ հետեւողականօրէն օգտագործելով հակահայ հռետորաբանութիւն եւ լոպիինկ կատարելով Հայաստանի դէմ։ 2023 Դեկտեմբերին, Ազրպէյճան ծաւալեց իր միջազգային ներկայութիւնը՝ միանալով Զարգացող ութնեակ (D-8) կազմակերպութեան որպէս իններորդ անդամը, Գահիրէի մէջ կայացած ժողովին ընթացքին։

Պաքու ինքզինք կը ներկայացնէ որպես «կայունացնող ուժ» մը Հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն յետոյ: Մինչ հակամարտութեան արդիւնքը ամրապնդեց ազգային հպարտութեան զգացումը Ազրպէյճանի մէջ, միջազգային հանրային կարծիքը կը մնայ կիսուած երկրին շրջանային դերակատարութեան նկատմամբ:

Ազգային վաճառանիշի ձեւաւորում խորհրդանշական կառոյցներով

Ազրպէյճան իր մայրաքաղաքը վերածած է «յառաջադիմութեան եւ արդիականութեան խորհրդանիշի»։ Պաքուի քաղաքային վերակառուցման մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն խորհրդանշական կառոյցներ, ինչպէս՝ Հայտար Ալիեւի անուան կեդրոնը, զոր նախագծած է համաշխարհային համբաւ վայելող իրաքաբրիտանացի ճարտարապետ Զահա Հատիտ, եւ «Բոցի աշտարակները», որոնք կը խորհրդանշեն Ազրպէյճանի ձգտումները։

Ճարտարապետական այս գերկառոյցները ռազմավարականօրէն կ’օգտագործուին համաշխարհային զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ իր իսլամական յատկանիշերը ընդգծելով հանդերձ, Ազրպէյճան «Հուրի երկիր» կարգախօսով կը կարեւորէ իր պատմական կապը զրադաշտականութեան հետ եւ իր բնութեան հրաշալիքները, ներառեալ՝ ցեխի հրաբուխները եւ Եանար Տաղի այրող լեռը։ Պետութեան պատկանող կայքէջ մը երկիրը կը նկարագրէ որպէս «հրաշագործ երկիր Ազրպէյճանը՝ իր բնական անսահման հարստութեամբ, դարաւոր մշակոյթով, պատմութեամբ եւ հին ժողովուրդով, որուն ապրելակերպը բացառիկ եւ ներդաշնակ համադրութիւն մըն է տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու աւանդոյթներուն եւ ծէսերուն»:

Հանրային կապեր եւ մամլոյ արշաւ

Վերջապէս, Ազրպէյճան գործնապէս կը համագործակցի միջազգային լրատուամիջոցներու եւ ազրպէյճանական ու թրքական սփիւռքի համայնքներուն հետ՝ նպաստաւոր լուրեր տարածելու նպատակով։ Միջազգային լրատուամիջոցներու ճամբով, ան կը ներկայացնէ երկիրին մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական նուաճումները՝ միաժամանակ զօրաշարժի ենթարկելով սփիւռքեան համայնքները՝ արտաքին աշխարհին մէջ ազգային շահերը պաշտպանելու միտումով։ Ինչպէս Պաքուի Պետական Համալսարանի շրջանաւարտներէն՝ Սերկէյ Ռումեանցեւ կը գրէ. «Ազրպէյճանի իշխող Ալիեւեան վարչակարգին համար, սփիւռքը հոմանիշ է արտերկրի քաղաքական լոպպիին»։

Վերջին տարիներուն, միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձած են մարդկային իրաւանց խախտումներուն, մամուլի սահմանափակումներուն, լրագրողներու ձերբակալութիւններուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կաշառակերութեան։ Օրինակ, The Guardian-ը խիստ յօդուած մը հրապարակեց 20 Դեկտեմբեր 2024-ին՝ անդրադառնալով Բրիտանական Լորտերու Պալատի անդամներուն։ Յօդուածը կը նշէ.

«Լորտերու կողմէ Ազրպէյճանի ուղղուած հանրային աջակցութեան դրսեւորումները այս տարի աւելի մեծ թափ ստացան՝ երկրին մէջ Cop29 գագաթաժողովին նախորդող ամիսներուն։ Քանի մը լորտեր վերջերս ընդունած են վճարովի ճամբորդութիւններ կատարել՝ ընտրութիւններուն ժամանակ դիտորդի դեր ստանձնելու վիճայարոյց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի մէջ՝ այն տարածքը, որուն կառավարութիւնը նախորդ տարի տապալեցաւ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակման ընթացքին»։ Լորտերէն մէկուն որդին՝ «իր հօրը համար Լորտերու Պալատին մէջ հետազօտողի դեր ստանձնելով, երեք ամիսով վճարովի աշխատանք ստանձնած է Socar-ի առեւտրական բաժնին մէջ, որպէս յարատեւականութեան փորձնակ, Ժընեւի մէջ՝ Յունուար-Մարտ 2023-ի միջեւ»:

Մարտահրաւէրներ՝ Ազրպէյճանի միջազգային դիմագիծին

Ի հեճուկս ծաւալուն եւ ծախսալից ջանքերուն, Ազրպէյճան դէմ յանդիման կը գտնուի յատկանշական մարտահրաւէրներու իր դիմագիծի ձեւաւորման արշաւին մէջ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ երկրին մենատիրական դրութեան նկատմամբ:

Միջազգային կազմակերպութիւններ մտահոգութիւն կը յայտնեն Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական այլախոհութեան, մամլոյ ազատութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան ճնշումներուն շուրջ։ Այս խնդիրները կը վնասեն երկրին հեղինակութեան, յատկապէս Արեւմուտքի ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 11 Դեկտեմբերին (2024) հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ. «Մենք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը հրաւիրենք ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք անարդարօրէն ձերբակալուած են՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու, դադրեցնելու քաղաքացիական հասարակութեան դէմ ճնշումները, յարգելու մարդկային բոլոր իրաւունքներն ու հիմնական ազատութիւնները եւ կատարելու բոլոր պարտաւորութիւնները, զորս ստանձնեց երբ անդամակցեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)»:

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին մէջ զինուորական յաղթանակը ամրապնդեց Ազրպէյճանի գերիշխանութեան պահանջները։ Սակայն տարածքային ոտնձգութիւնները եւ Հայաստանի հետ շարունակուող լարուածութիւնները՝ ռազմական հաւանական թշնամանքի զուգահեռ, կը շարունակեն բացասաբար ազդել անոր միջազգային հեղինակութեան վրայ:

Ալիեւի վարչակարգին խիստ վերահսկողութիւնը քաղաքականութեան վրայ եւ սահմանափակ ժողովրդավարական գործելաոճը քննադատութեան առարկան դարձած են միջազգային դիտորդներու՝ խզում մը ստեղծելով դիմագիծ բարելաւելու անոր նախաձեռնութիւններուն եւ երկրին նկատմամբ համաշխարհային ընկալումներուն միջեւ:

Վերջապէս, Ազրպէյճանի դիմագիծ եւ ինքնութիւն ստեղծելու ջանքերուն մէջ առկայ հայատեաց տարրերը կ’ընդգրկեն Ազրպէյճանի «ազգային» քրիստոնէական եկեղեցի մը ստեղծելու՝ այսպէս կոչուած «Աղուանական Առաքելական Եկեղեցի»ի ձեւաւորումը՝ Արցախի եւ շրջանին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնը մերժելու եւ ապօրինականացնելու նպատակով։ Իսլամական մեծամասնութիւն ունեցող պետութեան մը կողմէ, պետական մակարդակով քրիստոնէական եկեղեցի ստեղծելը աննախադէպ երեւոյթ է 21-րդ դարուն մէջ։ Սակայն, ինչպէս նախագահ Ալիեւ ինք կը նշէ, «քարոզչական դիտանկիւնէ» Ազրպէյճան անհրաժեշտ չի նկատեր պաշտպանելու կամ արդարացնելու իր նպատակները։

Ազրպէյճանի կողմէ հայերու դէմ կատարուած սատանայականացման արշաւը կը ներառէ փաստերու մերժում, պատմական եւ նիւթեղէն ապացոյցներու ջնջում եւ պատմութեան վերաշարադրում։ Այս մօտեցումը, որ մաս կը կազմէ աւելի լայն «քաղաքական յարձակման» ռազմավարութեան, նպատակ ունի ամրապնդելու ազրպէյճանական ազգային ինքնութիւնը եւ աջակցելու պետութեան ազգակերտման ջանքերուն։ Ինչպէս այլ տեղ նշած եմ, այս ռազմավարութիւնը կը գործադրուի երկու հիմնական ուղղութիւններով. նախ՝ յառաջ մղելով այն վարկածը, թէ Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը եւ անոր ժողովուրդը դարաւոր արմատներ ունին Կովկասի մէջ՝ պետական հովանաւորութեամբ «գիտական հետազօտութիւններու» եւ «մշակոյթի», «բազմամշակութայնութեան» ու «կրօնական հանդուրժողականութեան» նուիրուած հիմնարկներու ստեղծման միջոցով, երկրորդ՝ հայերը «թշնամի» ներկայացնելով՝ զանոնք պիտակելով որպէս «ֆաշիսթ», «ատելավառ» եւ «զզուելի» մարդիկ, որոնք դարեր շարունակ իբրեւ թէ գողցած են Ազրպէյճանի «ազգային ժառանգութիւնը»։

(Թարգմանեց՝ Վարուժ Թէնպէլեան)

Բնագիրը կարելի է կարդալ սոյն յղումով https://evnreport.com/opinion/azerbaijans-international-image-making/

Արցախահայութեան օժանդակութիւնը կրկին օրակարգի վրայ կը դնէ «Սփիւռքի կառոյցներու» խնդիրը
Արցախի աղէտը, ինչպէս Եղեռնի աղէտը, տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Սփիւռքը «հոգեկան կաթուած»ի մատնուեցաւ, ու այդ ողբերգութեան ծանրութեան տակ` վրայ հասաւ արցախահայութեան էթնիք զտումը եւ Արցախի հայաթափումը:

Բայց այսօր հոգեբանութեամբ զբաղելու ժամանակը չէ, այլ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ սփիւռքի երկարժամկէտ աջակցութեան ռազմավարութեան վրայ: Ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի՞ անմիջական եւ հետեւողական օժանդակութիւն տրամադրել արցախցիներուն, որոնք Հայաստան ապաստանած են:

Այս հարցումները գործնականի վերածելու համար նախ պէտք է հասկնանք թէ ի՞նչ նկատի ունինք երբ «սփիւռք» կ’ըսենք:

Յաճախ կ’ըսուի որ սփիւռքը «հարստութիւն» կամ «ուժ» մըն է Հայաստանի համար, սակայն այս հաստատումը ընդհանուր գաղափար մըն է, որ պէտք է գործնական տարազի մը մէջ դնել ու յստակացնել: Անշուշտ գործնական չէ կառուցային բնորոշում տալ սփիւռքին, որովհետեւ ոչ աշխարհագրական, ոչ քաղաքական, ոչ ընկերային եւ ոչ ալ տնտեսական մէկ ու ամբողջական միաւոր է ան: Իսկ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին բազմաշերտ, բազմազան եւ ոչ այնպայման ներդաշնակ վիճակ է:

Այս ըսել չէ որ սփիւռքի կառոյցները կարեւոր չեն: Ընդհակառակն, կառոյցները անհրաժեշտ են համայնք ստեղծելու եւ կենսունակ պահելու առաքելութեան մէջ: Յետցեղասպանութեան շրջանին, հայկական եղեկեցիները (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական), կուսակցութիւններն ու իրենց ուղեկից կառոյցները, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, տասնեակ տարիներով իրնեց հսկայական դերը եւ ներդրումը ունեցած են գաղթական ու սփռուած հայութեան կեանքը վերականգնելու գործընթացին մէջ: Կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային, մարզական, ընկերային ծրագիրներ, կեդրոններ եւ հաստատութիւններ: Այսօրուան սփիւռքի երկար կենսագրութիւն ունեցող համայքներու արմատներն ու հիմքերը այս «դասական» կառոյցներն ու  կազմակերպութիւնները դրած են: Անոնք դարէ մը աւելի սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կենսունակ պահելու ազդակ եւ վաստակ ունին: Բայց եւ այնպէս, ժամանակին բազմապտուղ այս կազմակերպութիւնները՝ ներկայ կեանքի, տեղական, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հսկայական վերափոխումներու պարունակին մէջ կարծէք կորսնցուցած են իրենց ստեղծագործական ատաղձը եւ հիմնարար նպատակներու իրագործումը:

Սփիւռքի կառոյցները  պետութիւն, երկիր պահելու համար չեն ստեղծուած, այդ կարողականութիւնը չունին եւ ոչ ալ կրնան յաւակնիլ: Կրնան էական եւ ազդու ներդրում ունենալ «հայրենաշինութեան» գործընթացին մէջ, որոշ ճեղքեր, բացեր գոցել այդ մեծ ծրագիրներուն մէջ:

Այսօր երբ սփիւռքի կառոյցներու մասին կը խօսինք, պէտք է յստակեցնենք, թէ ո՞ր կառոյցներուն մասին է խօսքը եւ ի՞նչ կարողականութիւն ունին անոնք: Կառոյցը կը նմանի շէնքին. շէնքը կայ, բայց պիտի նայինք թէ ո՞վ կ’ապրի այդ շէնքին մէջ եւ ի՞նչ կարողութիւն ունի: Հետեւաբար նպատակը եւ բովանդակութիւնը շատ կարեւոր են: Բաւարար չէ ըսել աշխատինք կառոյցներու հետ, պէտք է մանրամասնել, հասկնալ ո՞ր կառոյցին մասին է խօսքը եւ ո՞ր կառոյցը ի՞նչ խնդիր կրնայ լուծել, կամ ի՞նչ հարցի լուծման կրնայ նպաստել: Հայաստանէն դիտուած, ընդհանրապէս սփիւռքը կը պատկերացնեն իբրեւ հսկայ զանգուած մը խմբուած այդ կառոյցներուն շուրջ: Նման հասկացութիւն կամ դիտարկում իրականութեան արտացոլում չէ, ոչ ալ իրապաշտ է:

Ըստ մեր «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ուսումնասիրութեան (*), տասը երկիրներու մէջ ապրող սփիւռքահայերու 80 տոկոսը ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւն չունի սփիւռքի կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ: Դժբախտաբար, գոյութիւն ունեցող կառոյցներու գործունէութիւնը սահմանափակ է այսօր եւ ներկայ պահանջներու համահունչ չէ: Հետեւաբար, կա՛մ պէտք է վերանայուին անոնց գործունէութիւնը եւ հետապնդած նպատակները, կա՛մ նոր կառոյցներ պէտք է ստեղծել սփիւռքի մէջ: Արդէն իսկ առկայ են նոր կառոյցներ, բայց անոնք իւրայատուկ նպատակներ կ’իրագործեն Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ:

Այսօր, բազմաթիւ անհատներ (թէ՛ վերը նշուած 80 տոկոսէն եւ թէ՛ կազմակերպութիւններու առնչուած 20 տոկոսէն) ընդհանրապէս երիտասարդներ արդէն առանց այդ «դասական» կառոյցներու միջնորդութեան, Հայաստանի հետ ուղղակի կապի մէջ են, կ’օգնեն տարբեր ծրագիրներով:

Այս իրականութեան շրջագիծին մէջ, կարելի է հաստատել որ այսօր սփիւռքի հսկայ կարողականութիւնը անհատներու մօտ է թէ՛ անհատ բարերարներու, թէ՛ մասնագէտներու, գիտնականներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ ներգրուած արհեստավարժ հայերու միջոցով: Ուրեմն, ինչպէ՞ս օգտագործել այս անհատական ուժը եւ զայն դէպի Հայաստան եւ, իբրեւ այժմէկան խնդիր, օգտագործել Արցախի ժողովուրդին վերականգման հարցերը լուծելու համար: Անտարակոյս, սփիւռքի կարողութիւնները կազմակերպելու եւ այդ նպատակով գործուն կառոյց մը կամ կառոյցներ յառաջացնելու հրամայականը կը յամենայ իբրեւ առանցքային օրակարգ մը տագնապող բոլոր անհատներուն մօտ:

Առաջին հերթին՝ հրամայական է անցեալի սխալներէն խուսափիլ: Ինչպէս նշեցինք, պետութիւն կամ երկիր պահելը սփիւռքի կարողականոթենէն շատ վեր է: Այնսուհանդերձ, սփիւռքահայերը կրնան նպաստել Հայաստանի զարգացման տարբեր մարզերու օժանդակութեան եւ մասնաւորաբար՝ մարդասիրական ջանքերուն: Անցեալի սխալներու կրկնութիւնը կանխելու միտումով —, այսինք մտածել որ սփիւռքը լիարժէք իմաստով կրնայ իր ուժերով Հայաստանին կամ Արցախին նպաստել —,  սփիւռքահայերը պէտք է գործակցին իրենց ապրած երկիրներու համապատասխան իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն հետ՝ յորդորելով, որ կառավարութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները առաջնահերթութիւն տան արցախահութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու առաջադրանքին: Բացի մարդասիրական օժանդակութենէն, սփիւռքահայերը, իրենց երկրի համապատասխան կառավարութիւնները պէտք է խրախուսեն եւ իրենց ճիգերը ուղղեն նաեւ Արցախի ժողովուրդին երկարժամկէտ բարեկեցութեան եւ վերականգնումին, ինչ որ հսկայական միջոցներ կը պահանջէ: Պետութիւններ շատ աւելի մեծ նիւթական եւ այլ միջոցներ ունին քան սփիւռքեան համայնքները: Օրինակ՝ վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ, Համահայկական Հիմնադրամի թէլէթոնին ամերիկահայութիւնը հազիւ 8.5 միլիոն տոլար կրցաւ հանգանակել: Իսկ պետութիւն մը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա կամ Գերմանիա, կրնայ պետական մակարդակով տասնեակ միլիոններ տրամադրել:  Արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրուն լուծումները թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ միլիոններու կը կարօտին: Խօսքը կը վերաբերի աւելի քան հարիւր հազար հոգիի:

Այս բոլորը կ’ընդգծեն ծրագրումի կարեւորութիւնը: Իսկ ծրագրումի հրամայականը սեղանի վրայ կը դնէ սփիւռքի հնարաւորութիւններու («փափուկ ուժի») օգտագործման անհրաժեշտութիւնը: Այդ ուժերէն մէկը այն է, որ սփիւռքահայերը, որպէս տուեալ երկրի քաղաքացիներ (յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ) ունին իրաւունքներ եւ կրնան իրենց պահանջները ներկայացնել իշխանութիւններուն, կառավարութեան կամ խորհրդարանին: Այսինքն, քաղաքացիութեան իրաւունքի լծակները օգտագործել ամենալայն իմաստով:

Անշուշտ պէտք չէ բաւարարուիլ պետական կամ քաղաքական մակարդակով: Նոյնքան կարեւոր է համապատասխան երկիրներու հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը: Օրինակ, եկեղեցին, որ սփիւռքի հիմնական կառոյցներէն մէկն է, իր դերը ունի: Քրիստոնէական աւելի լայն աշխարհին մէջ, բազմաթիւ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներ մարդասիրական բազմատեսակ ծրագիրներ ունին: Կարելի է համագործակցիլ նաեւ այդ կազմակերպութիւններուն հետ եւ խթանել Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութիւնը: Թէեւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ հանգանակութիւնները կենսական են եւ կը կատարուին արդէն, անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մօտեցումներ, որ գործօն կերպով կը ներառնեն միջոցներու աւելի լայն շրջանակի օգտագործումը, յատկապէս՝ ոչ հայկական աղբիւրներու եւ կառոյցներու: Նման ներգրաւուածութիւնը էական է ոչ միայն օժանդակելու Արցախի ժողովուրդի վերականգնումին, այլեւ՝ աջակցելու Հայաստանի բարգաւաճաման յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Հասած է ժամանակը որ Հայաստանի բարգաւաճման գծով սփիւռքի դերակատարութիւնը տարբեր եւ արդիւնաւէտ հունի մէջ դրուի: Եթէ միայն կոչերով, միայն նպատակներու սահմանումով եւ հեռանկարներու ճշդումով պիտի խօսինք, արդէն ըրեր ենք 30 տարի եւ շատ տեղ չենք հասած: Ժամանակն է, որ այլեւս մոռնանք սեղաններու շուրջ կենացներով Հայաստանի բարգաւաճումը աւետել, եւ իսկական քաղաքական ուղեգիծ մը ճշդել (policy), որ ինչպէ՞ս Հայաստանը կրնայ զարգանալ թէ՛ իբրեւ երկիր եւ թէ՛ իբրեւ պետականութիւն: Այդ կենացներն ու մաղթանքները, նոյնիսկ եթէ հայրենասիրութիւն կ’արտայայտեն, կը մնան զգացական հարթակի վրայ եւ տեղ չեն հասցներ: Ինչպէս նշուեցաւ, պէտք չէ կրկնել անցեալի սխալները: Անհրաժեշտ է բոլոր հարցերը, հայութեան կարողականութիւնը եւ հեռանկարները դնել սեղանի վրայ, վերլուծել, քննարկել միասնաբար (ընդգծելով միասնաբարը) եւ քաղաքականութիւն ու ուղեգիծ ճշդել՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ աշխարհը շատ արագ եւ խորքային փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Կարեւոր է ունենալ եթէ ոչ ճշգրիտ, առնուազն առարկայական պատկերացում մը, թէ յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս պիտի կարենան գոյատեւել եւ իրականացնել իրենց բարգաւաճումի ծրագիրները:

Անշուշտ խօսքի սահմաններէն անցնելով, պէտք է գործնականացնել այս առաջադրանքները: Նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ Հայաստանէն, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, սփիւռքը միահամուռ «կառոյց» մը չէ, եւ ոչ միայն Հայաստանի պետութենէն, այլեւ՝ քաղաքացիական, մտաւորական, գիտական եւ տարբեր այլ շրջանակներէ: Աշխատանք պէտք է տարուի ներգրաւելու սփիւռքի արհեստավարժ եւ աքթիվիսթ մարդուժը եւ հնարաւորութիւնները, որոնք մասնագիտութիւններ ու փորձառութիւն ունին: Համագործակցութիւնը պէտք է սկսիլ հայեցակարգէն կամ հիմնական նպատակէն եւ ոչ թէ հարցերը որոշել, ծրագիրներ մշակել եւ յետոյ ըսել՝ ահաւասիկ ասոնք են ծրագիրները, եկէ՛ք աշխատեցէ՛ք: Այսինքն՝ միասնաբար կատարել այդ ամբողջ աշխատանքը՝ ներգրաւելով սփիւռքի ուժը: Եւ հոս դարձեալ պէտք է շեշտել, որ այսօր գործնականօրէն սփիւռքի ուժը անհատներու մէջ է, ոչ թէ կառոյցներու:

Ըստ մեր հաշուարկներուն, սփիւռքահայութեան շուրջ ութսուն տոկոսը այսօր կը գտնուի չորս երկիրներու մէջ: Թէեւ հարիւր երկիրներու մէջ հայեր կ’ապրին, բայց ջախջախիչ մեծամասութիւնը՝ Ռուսական Դաշնութիւն, Միացեալ Նահագներ, Ֆրանսա եւ Վրաստան, եթէ Վրաստանը սփիւռք նկատենք: Այսօր Ռուսիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս լուռ է եւ ազդու դերակատարութիւն չունի Հայաստանի կամ Արցախի նկատմամբ, թերեւս հասկնալի պատճառներով…: Կը մնան Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան որպէս կայացած մեծ համայնքներ, ուր հնարաւորութիւններ կան այս հեռանկարներն ու աշխատանքները իրագործելու, այսինքն՝ տեղական պետական եւ հասարակական կառոյցներու հետ համագործակցելով Հայաստանի ի նպաստ ներդրումներ ապահովելու:

Եւ վերջապէս, որքան որ Հայաստանը եւ արցախահայութիւնը պատմական դառն փորձառութեան  խաչմերուկին վրայ են, նոյնքան հայկական Սփիւռքը իր անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին վրայ է:

* https://www.armeniandiasporasurvey.com/

Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ
Յատուկ՝ Տարբերակ21-ին

Վերջերս հրապարակային քննարկման նիւթ կը դառնայ «փափուկ ուժ» (soft power) եզրը եւ անոր դերակատարութիւնը հայ իրականութեան մէջ: Փափուկ ուժի յղացքը հասկնալու համար բնականօրէն պէտք է դարձնել մետալը, ուր իշխող է «կարծր ուժ»ը (hard power). առանց մէկուն կարելի չէ հասկնալ միւսը:

«Փափուկ ուժ» եւ «կարծր ուժ» հասկացութիւններուն հեղինակը կը հանդիսանայ Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն քաղաքագէտ Ժոզֆ Նայ (Joseph Nye): Իր 1980-ական թուականներէն սկսեալ առաջադրած գաղափարները բիւրեղացած են, արդէն դասական դարձած «Փափուկ ուժ. համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն» (2004) գիրքին մէջ: Նայի այս աշխատութիւնը լայնօրէն և յաճախակի օգտագործուող աղբիւր եւ յղում է, քաղաքական առաջնորդներու եւ դերակատարներու, մամուլի գործիչներու, գիտաշխատողներու եւ բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու համար: Երբեմն նոյնիսկ իր հիմնական պարունակէն դուրս կամ սխալ ձեւով օգտագործուած են Նայի գաղափարները:

Ըստ Նայի սահմանումին, «փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն (լայն իմաստով), քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն:  Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտագործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Նայ կը պնդէ, որ ուժի կիրառութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով:

Փափուկ ու կարծր ուժերու կիրարկման աշխարհահայեացքի այս լայն շրջագիծէն անդին՝ եթէ աւելի նեղ դիտանկիւնէ նայինք հայկական կեանքի ներքին դրսեւորումներուն, մանաւանդ ինքնութեան վերաբերող մօտեցումներուն, կը տեսնենք որ «հայկական կարծր ուժ» կ’օգտագործուի յատկապէս «դասական» կառոյցներու կողմէ: Հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը կը դիտարկուին խիստ ազգայնական կամ պարտադրական (essentialist) մօտեցումով:

Տասնամեակներով, սփիւռքի «աւանդական» կառոյցները իրենց կանոնական մօտեցումները ունեցած են հայկական ինքնութեան մասին եւ ունին իրենց ձեւակերպումները եւ արդարացումները «հայու» սահմանումներուն նկատմամբ: Մէկ կողմէ կայ «կարծր ուժ»ի կիրարութիւն՝ ինքնութեան մասին ենթադրութիւններ եւ «քաղաքականապէս ճիշդ» սահմանումներ, ակնկալութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ թէ «ո՞վ է հայը»: Այս «կարծր» մօտեցումը ունի վճռորոշ չափանիշներ. օրինակ՝ հայերէն խօսիլ, հայ «արիւն» ունենալ, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ պարտաւորութիւններ ունենալ, եւալյն:

Միւս կողմէ, 21-րդ դարուն, ինքնութեան «փափուկ ուժ»ը տարբեր դրսեւորում ունի: Նոր ինքնորոշուած եւ հաստատուած «հայկական ինքնութիւնները» կը գերակշռեն աշխարհով մէկ սփռուած յետցեղասպանութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի հայկական շրջանակները: Անոնց շարքին են, օրինակ, ոչ միայն գծիկներով բաժնուած հայերը (ամերիկա-հայ, լիբանանա-հայ, ռուսա-հայ եւ այլն), այլեւ տոկոսային հայերը (կէս, քառորդ, 1/8 հայ եւ այլն) եւ վերջին տարիներուն քննարկուող «իսլամացած հայ» ինքնութեան իրականութիւնը:

Ասոր առընթեր կայ հայկական ինքնութեան պետականակեդրոն սահմանումը հայկական սփիւռքին: Օրինակ՝ Խորհրդային շրջանին, 1976-ին հրատարակուած արմատական արդի բառարանը սփիւռքը կը սահմանէ իբրեւ՝ «Սովետական Հայաստանէն դուրս գտնուող հայաբնակ վայրերու ամբողջութիւնը»: Սփիւռքի ինքնութեան սահմանումին մէջ մեծ դեր կը խաղայ հայկական պետութեան «քաղաքականութիւնը»: Խորհրդային ժամանակներէն սկսեալ եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, պետականակեդրոն հասկացութիւնն ու վերաբերումը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առանցքը եղած են: Թերեւս կան արդարացի պատճառներ նման քաղաքականութեան համար, սակայն անոր մէջ առկայ է «կարծր ուժի» մօտեցումը:

Իր կարգին, Սփիւռքը ունի իր սեփական ինքնաըմբռնումը կամ ընկալումը, ուր հայկական պետականութիւնը պարտադիր իր ինքնութեան առանցքը չի կազմեր: Հոս է որ հայկական ինքնութեան տարբեր տեսակէտներու բանաձեւումը պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ վէճերու դուռ կը բանայ:

Սփիւռքի դերը իբրեւ «փափուկ ուժ»

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց մէջ, «կարծր ուժը» կրնայ խնդրայարոյց ըլլայ, սակայն ի՞նչ է «հայկական փափուկ ուժը» ընդհանուր առմամբ: Աշխարհը այսօր հայութիւնը ընդհանրապէս կը ճանչնայ իր մշակոյթով, գիտական միտքով եւ ստեղծագործութեամբ, առեւտուրի մարզի յաջողութիւններով եւ դրական այլ յատկանիշներով: Միջազգային մակարդակի վրայ հայերը ծանօթ են, օրինակ՝ երաժշտութեան մէջ իրենց ներդրումով, Կոմիտասով, Արամ Խաչատուրեանով, Ազնաւուրով, Սերժ Թանքեանով: Նոյնքան ճանչցուած են արուեստի եւ մշակոյթի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ ստեղծագործող տասնեակ հազարաւոր հայերով: Այս մեր փափուկ ուժի կարեւոր մէկ մասն է: Գիտութեան մէջ ունեցած ենք գիտնականներ, որոնք բազմաթիւ յայտնաբերումներ կատարած են տարբեր երկիրներու մէջ: Վերջին այս քանի մը տարիներուն, օրինակ Covid-ի շրջանին, Նուպար Աֆէեանի Moderna-ն պատուաստ տրամադրեց մարդկութեան: Այս նաեւ հայկական փափուկ ուժ է: Նոյնն է business-ի աշխարհին մէջ. Ալեքս Մանուկեան, Գըրգ Գրիգորեան եւ բազմահազար ուրիշներ: Կարճ. սփիւռքի հայերը ընդհանրապէս ճանչցուած են իրենց փափուկ ուժով:

Սփիւռքի փափուկ ուժը սակայն, այսօր կը գտնուի աւելի անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, որեւէ տեղ կամ երկիր ապրող հայ անհատներ կրնան իրենց փափուկ ուժը օգտագործել կամ ուղղակի կապեր հաստատել Հայաստանի հետ ցանցային միջոցներով:  Անցնող տասնամեակներու ընթացքին աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը հետզհետէ նուազած է սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ: Բնականաբար, տակաւին կան լոպիիսթական խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, սակայն ազդեցութեան աւելի մեծ ներուժը կը գտնուի անհատ հայերու մօտ: Այսուհանդերձ, այսօր առկայ է այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը՝ զայն վերածելով մնայուն եւ համակարգուած կառոյցի, որ կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ եւ բովանդակալից փոփոխութիւններ ստեղծել, որովհետեւ առանց փոփոխութեան ներուժի՝ հաւաքական ուժը բաւարար չէ: Ներկայիս, հակառակ իր ունեցած միջոցներուն եւ կարողականութեան, սփիւռքը ամբողջովին չէ օգտագործած այս հաւաքական ուժը՝ մնայուն եւ հաստատութենական ազդու կառոյց մը ստեղծելու համար:

Թէեւ սփիւռքի հայկական փափուկ ուժը, այսօր կրնայ ուղղակի նպաստել Հայաստանին, սակայն, ինքնաբուխ ջանքերը կրնան երկարատեւ ազդեցութիւն չունենալ եւ յարատեւելու դժուարութիւն կրնան ունենալ առանց պատշաճ համակարգումի: Փաստօրէն, աւանդական կառոյցներները վերանայումի կը կարօտին: Ըստ մեր տասը երկիրներու մէջ կատարած Հայակական Սփիւռքի Հետազօտութեան (ADS), սփիւռքահայերուն երեք քարրորդը այսօր կապ չունի աւանդական հաստատութիւններու հետ: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է նաեւ ստեղծումը նոր հաստատութիւններու, որոնք կրնան կենսաւորել եւ երկարատեւ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչել: Թէեւ անհատները կրնան գալ, աշխատիլ ու երթալ, սակայն անհատները քով-քովի բերող համակարգուած եւ կայուն կառոյց մը կրնայ երաշխաւորել հայկական փափուկ ուժի յարատեւող ազդեցութիւնը:

Անշուշտ պէտք չէ թերագնահատել աւանդական կառոյցներու կարեւորութիւնը: Յետեղեռնեան շրջանին, սփիւռքի կառոյցները վճռորոշ դեր խաղցան հայկական ինքնութեան պահապանման մէջ՝ մշակոյթի, լեզուի եւ այլ միջոցներով: Սակայն, ապագայի հեռանկարով՝ տասնամեակներ առաջ ստեղծուած այս կառոյցները չեն համապատասխաներ 21-րդ դարու պահանջներուն: Այս պատճառով է որ ձեւով մը անոնք կամաց-կամաց կը կորսնցնեն իրենց գոյութեան իմաստը, կամ՝ մարդիկ կը հեռանան անոնցմէ: Այսօր իբրեւ կարեւոր նիւթ, սփիւռքեան օրակարգի վրայ կը գտնուի նոր կառոյցներու ստեղծումը կամ եղածներուն էական վերափոխումը՝ նոր շունչով եւ ծրագրային նոր մօտեցումներով: Սփիւռքի մէջ սկսած են ի յայտ գալ նոր կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, ուր անհատներ ցանցեր (networks) կը կազմեն ու կ’աշխատին միասին: Սակայն, կարեւոր է անցումային կապի մը ստեղծումը արդէն գոյութիւն ունեցող եւ նոր ստեղծուող կառոյցներուն միջեւ:

Սփիւռքը դէմ յանդիման կը գտնուի նաեւ ղեկավարութեան տագնապի: Վերը նշուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ ի յայտ կու գայ, որ տեսիլք ունեցող ղեկավարներու պակաս կայ սփիւռքեան կեանքին մէջ: Իր կարգին,փափուկ ուժը, իր անհատական հունաւորումով հանդերձ, կը դիմագրաւէ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս հեռաւորութիւնները եւ ժամանակը, նաեւ՝ հասարակական յարափոփոխ կեանքը: Ժամանակի սղութիւնը եւ հսկայ տարածքներով սփռուած ըլլալու իրականութիւնը նկատի առնելով, մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան որակաւոր եւ ազդեցիկ աշխատանքներու, միջոցառումներու կամ ձեռնարկութիւններու, որ բնականաբար կ’ազդէ աւանդական կառոյցներու հետ անոնց ներգրաւուածութեան վրայ: Տակաւին, համաշխարհային փոփոխութիւնները, ինչպէս արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ զուգահեռ զարգացող եսակեդրոնութիւնը, մեծ ազդեցութիւն ունին սփիւռքեան կեանքին վրայ: Այս բոլորը ազդեցութիւն ունին եւ պէտք է հաշուի առնուին նոր կառոյցներ ձեւաւորելու կամ գոյութիւն ունեցողները բարեփոխելու գործընթացին մէջ:

Կրնայ հարց տրուիլ, թէ այս փափուկ ուժը որքանո՞վ արդիւնաւէտ ու ազդու կրնայ ըլլալ, երբ օրինակ Հայաստան զինուորական յարձակումի մը կամ պատերազմի վտանգին տակ գտնուի: Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի փափուկ ուժը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկել: Պէտք է ի մտի ունենալ, որ փափուկ ուժը վիճակ մը չէ, որ կարելի է անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկել ճգնաժամի մը ժամանակ: Փափուկ ուժը կը պայմանաւորէ նախօրոք ծրագրում եւ հետեւողականութիւն, որովհետեւ կ’ընդգրկէ մշակութային, գիտական, առեւտրական եւ համոզիչ այլ լծակներու օգտագործումը ազդեցութիւն բանեցնելու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Փափուկ ուժը արդիւնաւէտ կերպով զօրաշարժի ենթարկելու համար պետութիւնն ու սփիւռքեան կառոյցները պէտք է ժամանակ եւ ջանք ի գործ դնեն մշակութային մեր ժառանգութիւնը, գիտական նուաճումները եւ առեւտրական ներդրումը միջազգային հանրութեան ցոյց տալու եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու համար: Փափուկ ուժի ամուր հիմերը կառուցելով՝ պետութիւն ու հաստատութիւններ դրական դիմագիծ մը կրնան ստեղծել, որ կ’արձագանգէ եւ կ’արդիւնաւորուի ճգնաժամի մը ստեղծումէն առաջ` ներգործելով հանրային կարծիքին վրայ եւ աջակցութիւն ակնկալելով: Արդիւնաւէտ գործի գետինը պէտք է պատրաստ ըլլայ ճգնաժամէն շատ առաջ: Մտածուած, լուրջ եւ ծրագրուած ջանքերը էական են փափուկ ուժի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ անհատական կապերէն դուրս, աւելի լայն ծաւալով ազդեցութիւն ունենալու համար:

Փափուկ ուժի կիրարութեան գործընթացը պէտք է ունենայ յստակ պատասխանատուութիւն, նպատակ ու գործունէութեան ծրագիր: Օրինակ` Խորհրդային Հայաստանի մշակութային կապերը սփիւռքի հետ: Խորհրդային Հայաստանէն Լիբանան, Սուրիա եւ սփիւռքեան այլ համայնքներ կ’այցելէին բազմաթիւ երգիչներ, պարախումբեր, թատերախումբեր, բանաստեղծներ, գրողներ ու մշակոյթային գործիչներ: Մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէին համայնքայքներու կեանքին մէջ: Նաեւ, Խորհրդային Հայաստանը կը հրատարակէր արեւմտահայերէն գիրքեր եւ զանոնք կ’ուղարկէր սփիւռքի դպրոցներ: Ուստի, երբ ունիս ծրագիր եւ քու արտաքին քաղաքականութեան կամ որեւէ քաղաքականութեան մէջ կը կարեւորես տուեալ գործօնը, ապա զայն պէտք է ընդգրկես քու քաղաքական կամ պետական օրակարգին վրայ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը զայն իրականացնելու միջոցներն ու յարմար մարդուժը գտնելն է, եւ փորձը ցոյց կու տայ, որ նման մօտեցումներն արդիւնք կու տան:

Այսօր, երբ կը քննարկենք հայկական փափուկ ուժի իրավիճակը կամ Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ, սկսելով մշակոյթէն, ակնյայտ կը դառնայ, որ վերջին երեսուն տարիներուն որեւէ լուրջ աշխատանք չէ կատարուած: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը չէ կրցած իր «փափուկ ուժ»ը դրսեւորել եւ կիրառել սփիւռքի մէջ: Սփիւռքն ալ իր հերթին չէ կրցած լրիւ իմաստով իր «փափուկ ուժ»ը օգտագործել իր իսկ հաւաքական կամ համայնքային կարիքներուն համար:

Նիւթական սահմանափակ միջոցներու իրողութիւնը եւ մեր «փոքր ազգ» ըլլալու հանգամանքը մատնանշողներու թիւը շատ է: Բիւր մարտահրաւէրներ վստահաբար կան, հարցը առաջնահերթութիւններու մասին է: Հայաստանի պետութեան համար, սփիւռքի փափուկ ուժի օգտագործումը որքանո՞վ կարեւոր է կամ ռազմավարական ի՞նչ արժէք ունի: Եթէ  ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է, ուրեմն պէտք է առաջնահերթութիւն տալ համապարփակ ծրագիրի մը մշակումին եւ ըստ այնմ անդրադառնալ միջոցներու ստեղծման հարցին: Ծրագրումէն առաջ նիւթականի մասին խօսիլը կը խափանէ փոփոխութեան որեւէ նախաձեռնութիւն: Հետեւաբար, կարեւոր է կեդրոնանալ հայեցակարգումին եւ ծրագրումին վրայ՝ իբրեւ նախապայման: